Որո՞նք երկինք կ’երթան
Աստուածաշունչին պատասխանը
Աստուած կ’ընտրէ սահմանափակ թիւով հաւատարիմ քրիստոնեաներ, որոնք մեռնելէ ետք, յարութիւն կ’առնեն երկինքի մէջ ապրելու համար (Ա. Պետրոս 1։3, 4)։ Այս վարձատրութիւնը ստանալու համար, անոնք պէտք է շարունակեն Աստուծոյ հնազանդիլ եւ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահել (Եփեսացիս 5։5. Փիլիպպեցիս 3։12-14)։
Երկինք գացողները ի՞նչ պիտի ընեն հոն
Անոնք 1000 տարի Յիսուսին հետ պիտի ծառայեն որպէս թագաւորներ եւ քահանաներ (Յայտնութիւն 5։9, 10. 20։6)։ Անոնք պիտի կազմեն «նոր երկինք»ը, կամ երկնային կառավարութիւնը, որ պիտի իշխէ «նոր երկրի» վրայ, այսինքն՝ արդար մարդոց վրայ։ Երկինքէն՝ այս կառավարիչները պիտի օգնեն որ մարդիկ ապրին այնպէս ինչպէս սկիզբէն Աստուծոյ նպատակն էր իրենց համար (Եսայի 65։17. Բ. Պետրոս 3։13)։
Քանի՞ հոգի յարութիւն պիտի առնէ՝ երկինքի մէջ ապրելու համար
Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ 144,000 անհատներ յարութիւն պիտի առնեն՝ երկինքի մէջ ապրելու համար (Յայտնութիւն 7։4)։ Յայտնութիւն 14։1-3–ի մէջ անցած տեսիլքին մէջ, Յովհաննէս առաքեալ տեսաւ «Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը»։ Տեսիլքին մէջ, «Գառնուկը» կը ներկայացնէ յարութիւն առած Յիսուսը (Յովհաննէս 1։29. Ա. Պետրոս 1։19)։ ‘Սիօն լեռը’ կը ներկայացնէ Յիսուսին եւ անոր հետ երկինքին մէջ իշխող 144,000 անհատներուն կարեւոր դիրքը (Սաղմոս 2։6. Եբրայեցիս 12։22)։
Թագաւորութեան մէջ, Քրիստոսին հետ իշխելու «կանչուած ու ընտրուած»ները կը կոչուին «պզտիկ հօտ» (Յայտնութիւն 17։14. Ղուկաս 12։32)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ անոնց թիւը, Յիսուսի ոչխարներուն ընդհանուր թիւին հետ բաղդատելով, քիչ է (Յովհաննէս 10։16)։
Երկինք գացողներուն մասին սխալ կարծիքներ
Սխալ կարծիք։ Բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան։
Իրողութիւն։ Աստուած բարի մարդոց մեծամասնութեան կը խոստանայ յաւիտենական կեանք՝ երկրի վրայ (Սաղմոս 37։11, 29, 34)։
Յիսուս ըսաւ. «Մէ՛կը երկինք չելաւ» (Յովհաննէս 3։13)։ Այսպիսով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ իրմէ առաջ մեռած մարդիկը,– օրինակ՝ Աբրահամը, Մովսէսը, Յոբը եւ Դաւիթը,– երկինք չգացին (Գործք 2։29, 34)։ Ընդհակառա՛կը, անոնք յոյս ունէին որ յարութիւն առնեն՝ երկրի՛ վրայ ապրելու համար (Յոբ 14։13-15)։
Երկնային յարութիւնը կը կոչուի նաեւ «առաջին յարութիւն» (Յայտնութիւն 20։6)։ Ասիկա ցոյց կու տայ որ ուրիշ յարութիւն ալ պիտի ըլլայ. յարութիւն՝ հոս երկրի՛ վրայ։
Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ երբ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իշխէ՝ «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ» (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Այս խոստումը կը յարմարի երկրին, քանի որ երկինքին մէջ բնա՛ւ մահ չէ եղած։
Սխալ կարծիք։ Մե՛նք կ’որոշենք եթէ պիտի ապրինք երկինքի մէջ կամ երկրի վրայ։
Իրողութիւն։ Աստուա՛ծ կ’որոշէ որոնց տալ «վերին կոչումին մրցանակ»ը, այսինքն՝ երկինքի մէջ ապրելու յոյսը (Փիլիպպեցիս 3։14)։ Մենք չենք կրնար որոշել եթէ Աստուծոյ պիտի ծառայենք երկինքի մէջ կամ հոս՝ երկրի վրայ (Մատթէոս 20։20-23)։
Սխալ կարծիք։ Աւելի լաւ է երկինքի մէջ ապրիլ քան՝ երկրի վրայ։ Եւ հոն կ’երթան միայն լաւերը։
Իրողութիւն։ Աստուած՝ երկրի վրայ յաւիտենական կեանք ստացողները կը կոչէ ‘իմ ժողովուրդս’, «իմ ընտրածներս», «Տէրոջը օրհնածներ» (Եսայի 65։21-23)։ Անոնք յաւիտեան պիտի ապրին եւ պիտի ուրախանան երկիրը դրախտի վերածելով. ինչ որ սկիզբէն իսկ Աստուծոյ նպատակն էր մարդոց համար (Ծննդոց 1։28. Սաղմոս 115։16. Եսայի 45։18)։
Սխալ կարծիք։ «Յայտնութիւն» գիրքին մէջ անցած 144,000 թիւը բառացի թիւ չէ։
Իրողութիւն։ «Յայտնութիւն» գիրքին մէջ անցած կարգ մը թիւերը բառացի թիւեր են։ Օրինակ, «Յայտնութիւն»ը կը խօսի «Գառնուկին տասներկու առաքեալներուն տասներկու անուններ»ուն մասին (Յայտնութիւն 21։14)։ Ուրկէ՞ գիտենք որ 144,000 թիւը բառացի թիւ է։ Տեսնենք։
Յայտնութիւն 7։4–ը կը խօսի 144,000 անհատներու մասին, որոնք ընտրուած են երկնքի մէջ ապրելու համար։ Այս համարը կը գտնուի գլուխի մը մէջ, որ նաեւ կը խօսի ուրիշ խումբի մը մասին. «մեծ բազմութիւն մը, որ մէ՛կը չէր կրնար համրել»։ Աստուած «մեծ բազմութիւն»ն ալ կը փրկէ (Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Եթէ 144,000 թիւը բառացի թիւ չէ եւ ատիկա բոլոր փրկուածներուն թիւն է, տրամաբանական չէ խօսիլ ուրիշ խումբի մը մասին «որ մէ՛կը չէր կրնար համրել»a։
Ասկէ զատ, 144,000–ին համար կ’ըսուի որ «մարդոց մէջէն գնուեցան... երախայրի ըլլալու» (Յայտնութիւն 14։4)։ «Երախայրի», այսինքն՝ առաջին պտուղներ՝ բառով կը հասկնանք մեծ խումբի մը մէջէն ընտրուած պզտիկ մէկ մաս։ Ասիկա ճիշդ կերպով կը նկարագրէ անոնք՝ որոնք Քրիստոսին հետ կ’իշխեն երկրի վրայ ապրող մարդոց վրայ, որոնց թիւը անորոշ է (Յայտնութիւն 5։10)։
a Փրոֆէսոր Ռապըրթ Լ. Թոմաս Յայտնութիւն 7։4–ին մէջ անցած 144,000–ին մասին կ’ըսէ որ ատիկա որոշ թիւ է, իսկ Յայտնութիւն 7։9–ին մէջ անցած մեծ բազմութեան համար կ’ըսէ որ ատիկա անորոշ թիւ է։ Եւ կը շարունակէ ըսելով որ եթէ ատիկա խորհրդանշական թիւ սեպենք, ուրեմն այդ գիրքին մէջի ոչ մէկ թիւ պէտք է բառացի թիւ սեպենք (Revelation 1-7: An Exegetical Commentary, էջ 474)։