Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • զ20 թիւ 3 էջ 14-15
  • Վերջնական ճարը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Վերջնական ճարը
  • Զարթի՛ր 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Կատարեալ կառավարութիւն մը
  • 1. Ամենալաւ ուսումը
  • 2. Բուժում
  • 3. Լաւագոյն առաջնորդութիւնը
  • 4. Միութիւն
  • Նախապաշարումով վարակուա՞ծ ես
    Զարթի՛ր 2020
  • Բոլորս մէկ ըլլանք՝ ինչպէս Եհովան եւ Յիսուսը մէկ են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2018
  • Ե՞րբ կանխադատութիւնը վերջ պիտի գտնէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Զարթի՛ր 2020
զ20 թիւ 3 էջ 14-15
Տարբեր տարիքներու եւ ցեղային տարբեր խումբերու պատկանող մարդիկ կը ժպտան։

Վերջնական ճարը

Միլիոնաւոր մարդիկ գործադրած են Աստուածաշունչի այն սկզբունքները, որոնք նշուած են նախորդ յօդուածներուն մէջ, եւ բաւական յաջողած են նախապաշարումը իրենց սրտէն արմատախիլ ընելու մէջ։ Սակայն իրականութիւնը այն է, որ մեր ուժերով կարող չենք նախապաշարումը ամբողջովին վերացնել։ Արդեօք պարագան անյո՞յս է։

Կատարեալ կառավարութիւն մը

Մարդկային կառավարութիւնները չեն կրցած վերացնել նախապաշարումը։ Բայց ատիկա կը նշանակէ՞, որ ո՛չ մէկ կառավարութիւն կրնայ նախապաշարումին վերջ դնել։

Որպէսզի կառավարութիւն մը նախապաշարումին ճարը գտնէ, պէտք է որ՝

  1. 1. Մարդիկը մղէ, որ ուզեն ուրիշներու նկատմամբ իրենց մտածումներն ու զգացումները փոխել։

  2. 2. Բուժէ այն վէրքերը, որոնք դժուար կը դարձնեն ուրիշներուն հետ արդարօրէն վարուիլը։

  3. 3. Ունենայ ուղղամիտ առաջնորդներ, որոնք ամէն մէկ քաղաքացին հաւասարապէս կ’արժեւորեն։

  4. 4. Միացնէ բոլոր ազգերու մարդիկը։

Սուրբ Գիրքը մեզ կը վստահեցնէ, որ Աստուած հաստատած է այսպիսի կառավարութիւն մը։ Անիկա կը կոչուի «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Ղուկաս 4։44)։

Նկատի առ թէ այդ կառավարութիւնը ի՛նչ պիտի ապահովէ։

1. Ամենալաւ ուսումը

«Աշխարհի բնակիչները արդարութիւն [պիտի] սորվին» (ԵՍԱՅԻ 26։9)։

«Արդարութեան գործը՝ խաղաղութիւն ու արդարութեան արդիւնքը հանգիստ ու ապահովութիւն պիտի ըլլայ յաւիտեան» (ԵՍԱՅԻ 32։17)։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց պիտի սորվեցնէ ճիշդը ընել։ Երբ մարդիկ կը սորվին զանազանել ճիշդը սխալէն,– արդարութիւնը անարդարութենէն,– իրարու հանդէպ իրենց վերաբերմունքը կը փոխուի։ Բոլորը պիտի անդրադառնան, որ ամենաճիշդ բանն է՝ ամէն տեսակի մարդիկը սիրել։

2. Բուժում

Աստուած «անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։4)։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի ջնջէ անարդարութեան պատճառած ամբողջ ցաւը։ Այլեւս պատճառ պիտի չըլլայ, որ անարդարութեան նախկին զոհերը թշնամական զգացումներ ունենան։

3. Լաւագոյն առաջնորդութիւնը

Ան «իր աչքերուն տեսածին համեմատ պիտի չդատէ ու իր ականջներուն լսածին համեմատ պիտի չյանդիմանէ. հապա աղքատին դատը արդարութեամբ պիտի տեսնէ ու երկրին զրկուածներուն համար իրաւամբ պիտի յանդիմանէ» (ԵՍԱՅԻ 11։3, 4)։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը, երկրի վրայ պիտի իշխէ արդարութեամբ եւ անաչառութեամբ։ Յիսուս մէկ ազգը միւսէն աւելի չի նախընտրեր եւ կարող է այնպէս ընել, որ իր արդար օրէնքները գործադրուին ամբողջ աշխարհի մէջ։

4. Միութիւն

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդոց կը սորվեցնէ, որ միաբան ըլլան, «նոյն սէրը ունենալով իրարու հանդէպ, եւ համերաշխ ու համախորհուրդ ըլլալով» (ՓԻԼԻՊՊԵՑԻՍ 2։2, ՆԹ)։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներուն միութիւնը պարզապէս ձեւակերպութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնք միաբան պիտի ըլլան, քանի որ իրապէս իրար պիտի սիրեն։

Տրամաբանակա՞ն է որ մէկը մտածէ, թէ այդպիսի կառավարութիւն կարելի է։

Այո՛, միայն եթէ նախ փաստերը քննէ։ Կ’առաջարկենք որ ատիկա երեք կերպերով ընես.

  • Խնդրէ որ Եհովայի վկաներէն մէկը ցոյց տայ, թէ ինչո՛ւ կրնաս վստահ ըլլալ, որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մօտ ատենէն Սուրբ Գիրքի մէջ նկարագրուած խոստումները պիտի կատարէ։

  • Դիտէ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վիտէոն, jw.org կայքին վրայ։

  • Եհովայի վկաներուն ժողովներէն մէկուն ներկայ գտնուէ եւ տես թէ ինչպիսի սէր ու միութիւն կը վայելեն։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել