Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մաս 1. Քրիստոնէական հաւատալիքներ
    ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք’
    • ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԿՐՏՈՒԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

      Մաս 1. Քրիստոնէական հաւատալիքներ

      Եհովայի վկաներու հետ Աստուածաշունչ ուսումնասիրելով ծանօթացած ես ճշմարտութեան։ Սորվածներդ անկասկած քեզի օգնած են, որ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենաս, եւ քեզի տուած են ապագայ յոյսը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ դրախտային երկրի մը վրայ ապրելու եւ օրհնութիւններ վայելելու։ Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ հաւատքդ զօրացած է, եւ քրիստոնէական ժողովքին հետ ընկերակցելով՝ արդէն իսկ բազմաթիւ օրհնութիւններ վայելած ես։ Սկսած ես ըմբռնել, թէ ներկայիս Եհովան ինչպէ՛ս կը վարուի իր ժողովուրդին հետ (Զաք. 8։23)։

      Մինչ այժմ մկրտութեան կը պատրաստուիս, օգուտներ պիտի քաղես ժողովքի երէցներուն հետ վերաքաղ ընելով քրիստոնէական հիմնական հաւատալիքներ (Եբ. 6։1-3)։ Թող որ Եհովան շարունակէ օրհնել քու բոլոր ջանքերդ զինք ճանչնալու եւ քեզի շնորհէ խոստացուած պարգեւը (Յովհ. 17։3)։

      1. Ինչո՞ւ կ’ուզես մկրտուիլ։

      2. Եհովան ո՞վ է։

        • «Վերը երկնքի մէջ ու վարը երկրի վրայ Եհովան՝ ինք միայն Աստուած է, ուրիշ մը չկայ» (Բ. Օր. 4։39)։

        • «Միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղ. 83։18)։

      3. Աստուծոյ անունը գործածելը ինչո՞ւ կարեւոր է քեզի համար։

        • «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Մատ. 6։9)։

        • «Ով որ Տէրոջը անունը կը կանչէ՝ պիտի փրկուի» (Հռով. 10։13)։

      4. Սուրբ Գիրքին մէջ ի՞նչ արտայայտութիւններ կան, որոնք Եհովան կը նկարագրեն։

        • «Յաւիտենական Աստուածը՝ Եհովան, երկրի ծայրերուն Ստեղծիչը, չի յոգնիր» (Եսա. 40։28)։

        • «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատ. 6։9)։

        • «Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։8)։

      5. Ի՞նչ կրնաս տալ Եհովա Աստուծոյ։

        • «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (Մար. 12։30)։

        • «Քու Տէր Աստուծոյդ երկրպագութիւն ընես ու միայն զանիկա պաշտես» (Ղուկ. 4։8)։

      6. Ինչո՞ւ կ’ուզես Եհովային հաւատարիմ մնալ։

        • «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի զիս անարգողին պատասխան տամ» (Առ. 27։11)։

      7. Որո՞ւ կ’աղօթես եւ որո՞ւ անունով կ’աղօթես։

        • «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի, թէ իմ անունովս ի՛նչ որ խնդրէք Հօրմէն, պիտի տայ ձեզի» (Յովհ. 16։23)։

      8. Ի՞նչ կարգ մը բաներու մասին կրնաս աղօթել։

        • «Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. ‘Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ. քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ. մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր, մեզի ներէ մեր պարտքերը ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտականներուն. ու մեզ փորձութեան մի՛ տանիր, հապա չարէն մեզ ազատէ» (Մատ. 6։9-13)։

        • «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։

      9. Եհովան թերեւս ի՞նչ պատճառով մտիկ չընէ անհատի մը աղօթքին։

        • «Այն ատեն Տէրոջը պիտի աղաղակեն, բայց անոնց պատասխան պիտի չտայ. . . վասն զի անոնք չար գործեր ըրին» (Միք. 3։4)։

        • «Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է» (Ա. Պետ. 3։12)։

      10. Յիսուս Քրիստոս ո՞վ է։

        • «Սիմոն Պետրոս պատասխան տուաւ ու ըսաւ. ‘Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին’» (Մատ. 16։16)։

      11. Յիսուս ինչո՞ւ երկիր եկաւ։

        • «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու» (Մատ. 20։28)։

        • «Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ, քանզի այս բանին համար ղրկուած եմ» (Ղուկ. 4։44)։

      12. Ինչպէ՞ս կրնաս գնահատանքդ ցուցնել Յիսուսի զոհին հանդէպ։

        • «Ան ամենուն համար մեռաւ, որպէս զի կենդանի եղողներն ալ միայն իրենց անձերուն համար կենդանի չըլլան, հապա անոր՝ որ իրենց համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կոր. 5։15)։

      13. Յիսուս ի՞նչ հեղինակութիւն ունի։

        • «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ» (Մատ. 28։18)։

        • «Աստուած ալ զանիկա խիստ բարձրացուց ու անոր անուն մը տուաւ՝ որ ամէն անունէ վեր է» (Փլպ. 2։9)։

      14. Կը հաւատա՞ս որ Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինը «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» է, որ Յիսուսին կողմէ նշանակուած է։

        • «Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան՝ որ իր տէրը իր ծառաներուն վրայ դրաւ, որպէս զի ատենին անոնց կերակուր տայ» (Մատ. 24։45)։

      15. Սուրբ հոգին ա՞նձ է։

        • «Հրեշտակը պատասխանեց անոր. ‘Սուրբ Հոգին պիտի գայ վրադ, ու Ամենաբարձրին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի. ուստի այն սուրբը որ քեզմէ պիտի ծնի՝ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի’» (Ղուկ. 1։35, ԱԾ)։

        • «Եթէ դուք որ չար էք՝ ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, որչա՜փ աւելի ձեր Հայրը երկնքէն Սուրբ Հոգին պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Ղուկ. 11։13)։

      16. Եհովան ինչպէ՞ս գործածած է իր սուրբ հոգին։

        • «Տէրոջը խօսքովը երկինք ստեղծուեցաւ ու իր բերնին հոգիովը՝ անոր բոլոր զօրքը» (Սաղ. 33։6)։

        • «Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք. . . մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։8)։

        • «Գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։ Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան» (Բ. Պետ. 1։20, 21)։

      17. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ է։

        • «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դան. 2։44)։

      18. Աստուծոյ Թագաւորութենէն ինչպէ՞ս պիտի օգտուիս։

        • «Ինք անոնց աչքերէն բոլոր արցունքները պիտի սրբէ եւ ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ, վասն զի առաջուան բաները անցան» (Յայտ. 21։4)։

      19. Ինչպէ՞ս գիտես որ մօտ ատենէն պիտի վայելենք Թագաւորութեան օրհնութիւնները։

        • «Աշակերտները իրեն գացին առանձին ու ըսին. ‘Ըսէ մեզի, ե՞րբ պիտի ըլլան այդ բաները եւ քու գալուստիդ ու աշխարհիս վերջին նշանը ի՞նչ պիտի ըլլայ’։ Յիսուս պատասխանեց. ‘ . . .Ազգ ազգի վրայ պիտի ելլէ ու թագաւորութիւն թագաւորութեան վրայ եւ տեղ տեղ սովեր ու մահտարաժամներ ու երկրաշարժներ պիտի ըլլան։ Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ’» (Մատ. 24։3, 4, 7, 14)։

        • «Վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան. վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ, հայհոյիչ, ծնողներու անհնազանդ, ապերախտ, անսուրբ, անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր. որոնք աստուածպաշտութեան կերպարանքը ունին, բայց անոր զօրութիւնը ուրացած են» (Բ. Տիմ. 3։1-5)։

      20. Ինչպէ՞ս ցոյց կու տաս, որ Թագաւորութիւնը կարեւոր է քեզի համար։

        • «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը» (Մատ. 6։33)։

        • «Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. ‘Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ’» (Մատ. 16։24)։

      21. Սատանան եւ դեւերը որո՞նք են։

        • «Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք. . . Անիկա սկիզբէն մարդասպան էր» (Յովհ. 8։44)։

        • «Վար ձգուեցաւ մեծ վիշապը, այն առաջուան օձը, որ Բանսարկու ու Սատանայ կը կոչուի, որ բոլոր աշխարհ մոլորեցուց։ Իր հրեշտակներն ալ իրեն հետ վար ձգուեցան երկրի վրայ» (Յայտ. 12։9)։

      22. Սատանան ի՞նչ ամբաստանութիւն ըրած է Եհովային եւ անոր երկրպագուներուն մասին։

        • «Կինը օձին ըսաւ. ‘Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել, բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. «Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք»’։ Օձը կնոջ ըսաւ. ‘Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք. քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով’» (Ծն. 3։2-5)։

        • «Սատանան պատասխան տուաւ ու Տէրոջը ըսաւ. ‘Մորթի տեղ՝ մորթ, նաեւ մարդս իր բոլոր ստացուածքը իր կեանքին տեղը կու տայ’» (Յոբ 2։4)։

      23. Ինչպէ՞ս կրնաս փաստել, որ Սատանային ամբաստանութիւնները սխալ են։

        • ‘Աստուծոյ կատարեալ սրտով ծառայութիւն ըրէ՛’ (Ա. Մն. 28։9)։

        • «Մինչեւ մեռնիլս իմ ուղղութիւնս ձեռքէ պիտի չձգեմ» (Յոբ 27։5)։

      24. Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։

        • «Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին» (Հռով. 5։12)։

      25. Մեռելներուն վիճակը ի՞նչ է։

        • «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժող. 9։5)։

      26. Մեռելներուն համար ի՞նչ յոյս կայ։

        • «Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն» (Գործք 24։15)։

      27. Քանի՞ հոգի երկինք կ’երթան Յիսուսին հետ իշխելու համար։

        • «Գառնուկը կայներ էր Սիօն լերանը վրայ ու անոր հետ հարիւր քառասունըչորս հազարը, որոնք ունէին անոր անունը եւ անոր Հօրը անունը իրենց ճակատներուն վրայ գրուած» (Յայտ. 14։1)։

  • Մաս 2. Քրիստոնէական ապրելակերպ
    ‘Գացէ՛ք, աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք’
    • ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ՝ ՄԿՐՏՈՒԻԼ ՓԱՓԱՔՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

      Մաս 2. Քրիստոնէական ապրելակերպ

      Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան միջոցով գիտցար, թէ Եհովան քեզմէ ի՛նչ կը խնդրէ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս իր արդար չափանիշներուն հետեւիլ։ Առ ի ընդառաջում սորվածներուդ, թերեւս զգալի փոփոխութիւններ կատարեցիր վարքիդ մէջ եւ կեանքի հանդէպ քու կեցուածքիդ մէջ։ Իսկ հիմա որ վճռած ես ապրիլ Եհովայի արդար չափանիշներուն համաձայն, ի վիճակի ես բարի լուրին ծառայ ըլլալու։

      Հետեւեալ հարցումները նկատի առնելը քեզի պիտի օգնէ, որ մտքիդ մէջ դրոշմես Եհովայի արդար պահանջները, եւ պիտի յիշեցնէ այն կարգ մը բաները, որ կրնաս ընել իր հաւանութեան արժանացած ծառաներէն մէկը դառնալու համար։ Անիկա նաեւ քեզի պիտի օգնէ հասկնալու, թէ որքա՜ն կարեւոր է մաքուր խղճմտանքո՛վ եւ Եհովային փառքի՛ն համար ընել ամէն բան (Բ. Կոր. 1։12. Ա. Տիմ. 1։19. Ա. Պետ. 3։16, 21)։

      Ուսումնասիրութեանդ մէջ այս հանգրուանին հասնելով, անկասկած շատ կը փափաքիս Եհովայի իշխանութեան ենթարկուիլ եւ իր կազմակերպութեան մէկ մասը դառնալ։ Հետեւեալ հարցումները եւ համարները քեզի պիտի օգնեն, որ քննես թէ քեզի համար ի՛նչ ըսել է ենթարկուիլ Եհովայի կարգադրութեան, ըլլա՛յ ժողովքին մէջ, ընտանիքին մէջ կամ այս աշխարհի քաղաքական կազմակերպութիւններուն առնչութեամբ։ Անկասկած պիտի սկսիս աւելի գնահատել Եհովային այն կարգադրութիւնները, որ ըրած է իր ծառաներուն սորվեցնելու եւ անոնց հաւատքը զօրացնելու։ Ատոնք կը պարփակեն ժողովները, որոնց պիտի ուզես ներկայ ըլլալ եւ որոնց ընթացքին պիտի ուզես պատասխանել, որքան որ պարագաներդ կը ներեն։

      Ասկէ զատ, այս մասը նկատի պիտի առնէ, թէ որքա՜ն կարեւոր է կանոնաւորաբար քարոզչութեան մասնակցիլը, մարդոց օգնելով որ Եհովան ճանչնան եւ գիտնան թէ ի՛նչ կ’ընէ մարդկութեան համար (Մատ. 24։14. 28։19, 20)։ Այս մասը նաեւ քեզի ցոյց պիտի տայ, թէ Եհովային նուիրուիլդ ու մկրտուիլդ որքա՜ն կարեւոր են։ Կրնաս վստահ ըլլալ, որ Եհովան կ’արժեւորէ այն քայլը որ կ’առնես ցոյց տալու համար, թէ կը գնահատես քեզի հանդէպ իր ցուցաբերած շնորհքը։

      1. Ամուսնութեան վերաբերեալ քրիստոնէական չափանիշը ի՞նչ է։ Ամուսնալուծման միակ աստուածաշնչական հիմը ի՞նչ է։

        • «‘Չէ՞ք կարդացեր թէ ան որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք’, ու աւելցուց. ‘Ասոր համար մարդ իր հայրը ու մայրը պիտի ձգէ եւ իր կնոջ պիտի յարի ու երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Ուստի ա՛լ երկուք չեն, հապա մէկ մարմին. ուրեմն զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ։ . . .Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ’» (Մատ. 19։4-6, 9)։

      2. Որպէս այր ու կին իրարու հետ ապրող զոյգը ինչո՞ւ պէտք է օրինապէս ամուսնացած ըլլայ։ Եթէ ամուսնացած ես, վստա՞հ ես որ ամուսնութիւնդ օրինաւոր է եւ կառավարութեան կողմէ ընդունուած է։

        • «Յորդորէ՛, որ իշխանութիւններուն եւ պետութիւններուն հնազանդին ու հպատակին» (Տիտ. 3։1)։

        • «Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները» (Եբ. 13։4)։

      3. Դերդ ի՞նչ է ընտանիքիդ մէջ։

        • «Որդեա՛կ իմ, քու հօրդ խրատին մտի՛կ ըրէ ու քու մօրդ օրէնքը մի՛ մերժեր» (Առ. 1։8)։

        • «Այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է. . . Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին» (Եփ. 5։23, 25)։

        • «Հայրե՛ր, ձեր որդիները մի՛ բարկացնէք, հապա զանոնք մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։

        • «Ո՛րդիներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր ծնողներուն, վասն զի այն է Տէրոջը առջեւ հաճելի» (Կող. 3։20)։

        • «Կիները հնազանդ պէտք է ըլլան իրենց այրերուն» (Ա. Պետ. 3։1)։

      4. Կեանքի պարգեւը ինչո՞ւ պէտք է յարգենք։

        • «[Աստուած] կու տայ ամենուն կեանք ու շունչ եւ ամէն բան։ . . .Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք» (Գործք 17։25, 28)։

      5. Ինչո՞ւ պէտք չէ մէկը սպաննենք, մէջը ըլլալով չծնած մանուկ մը։

        • «Եթէ մարդիկ կռուին ու յղի կնոջ մը զարնուելով. . . վնաս մը ըլլայ, անձի տեղ անձ պիտի տաս» (Ել. 21։22, 23)։

        • «Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար» (Սաղ. 139։16)։

        • ‘Տէրը կը զզուի անմեղ արիւն թափող ձեռքերէ’ (Առ. 6։16, 17)։

      6. Արեան նկատմամբ Աստուծոյ պատուէրը ի՞նչ է։

        • ‘Ետ կեցէք արիւնէ ու խեղդուածէ’ (Գործք 15։29)։

      7. Ինչո՞ւ պէտք է մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք։

        • «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։ Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։34, 35)։

      8. Փոխանցիկ եւ մահացու հիւանդութեամբ ուրիշները չվարակելու համար, վարակուած անհատը ինչո՞ւ պէտք չէ՝ ա) գուրգուրանք ցուցաբերէ, ինչպէս՝ փաթթուկ ընել եւ համբուրել, բ) ժխտականօրէն հակազդէ, երբ ոմանք զինք իրենց տունը չհրաւիրեն։ գ) Այն անհատը, որ թերեւս վարակիչ հիւանդութեան մը ենթարկուած է, ինչո՞ւ պէտք է կամովին արեան քննութիւն ընէ՝ նախքան հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ ժամադրուելու սկսիլը։ դ) Նախքան մկրտուիլը, վարակիչ հիւանդութիւն ունեցող անհատը ինչո՞ւ այդ մասին պէտք է տեղեկացնէ երէցներու մարմինի համակարգողին։

        • «Բնա՛ւ մէկուն պարտական մի՛ գտնուիք, միայն մէկզմէկ սիրելու. . . ‘Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս’։ Սէրը ընկերին գէշութիւն չ’ըներ» (Հռով. 13։8-10)։

        • «Միայն ձեր անձերուն շահը մի՛ փնտռէք, հապա ամէն մէկը իր ընկերինն ալ» (Փլպ. 2։4)։

      9. Եհովան ինչո՞ւ կ’ակնկալէ որ ուրիշներուն ներենք։

        • «Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Քրիստոս ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք» (Կող. 3։13)։

      10. Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ եղբայր մը քեզ զրպարտէ կամ քեզի հետ խարդախութեամբ վարուի։

        • «Եթէ քու եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա՛ յանդիմանէ զանիկա երբ դուն եւ ան մինակ էք. եթէ քեզի մտիկ ընէ, շահեցար քու եղբայրդ։ Բայց եթէ մտիկ չընէ քեզի, քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ, որպէս զի երկու կամ երեք վկաներու բերնով ամէն բան հաստատուի։ Եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ, եկեղեցիին ըսէ. իսկ եթէ եկեղեցիին ալ մտիկ չընէ, հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս թող ըլլայ քեզի» (Մատ. 18։15-17)։

      11. Եհովան ի՞նչ աչքով կը նայի հետեւեալ մեղքերուն։

        • ▪ Սեռային անբարոյութիւնը

        • ▪ Պաշտամունքի մէջ պատկերներու գործածութիւնը

        • ▪ Միասեռականութիւնը

        • ▪ Գողութիւնը

        • ▪ Բախտախաղը

        • ▪ Գինովութիւնը

        • «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն» (Ա. Կոր. 6։9, 10)։

      12. Ի՞նչ վճռած ես ընել սեռային անբարոյութեան նկատմամբ, որ կը պարփակէ՝ ամուսնութենէ դուրս շատ մը սեռային արարքներ։

        • «Պոռնկութենէն փախէք» (Ա. Կոր. 6։18)։

      13. Ինչո՞ւ պէտք է խուսափինք մոլի դարձնող կամ ուղեղին ազդող թմրեցուցիչներու ոչ–բժշկական գործածութենէն։

        • «Ձեր մարմինները ընծայէք կենդանի զոհ մը՝ սուրբ, Աստուծոյ հաճելի, որ է ձեր բանաւոր պաշտօնը։ Եւ մի՛ կերպարանիք այս աշխարհին կերպարանքովը, հապա ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է» (Հռով. 12։1, 2)։

      14. Ի՞նչ կարգ մը դիւային սովորութիւններ կան, որ Աստուած կ’արգիլէ։

        • «Ձեր մէջ թող չգտնուի այնպիսի մարդ մը, որ. . . բաղդ նայի կամ գուշակութիւն կամ հմայութիւն եւ կամ դիւթութիւն ընէ. նաեւ կախարդ կամ վհուկ կամ նշանագէտ կամ մեռելահմայ թող չգտնուի» (Բ. Օր. 18։10, 11)։

      15. Եթէ անհատ մը լուրջ մեղք մը գործէ, բայց ուզէ Եհովային հաճութիւնը դարձեալ ունենալ, անմիջապէս ի՞նչ պէտք է ընէ։

        • «Իմ մեղքս քեզի յայտնեցի ու իմ անօրէնութիւնս չծածկեցի։ Ըսի թէ՝ ‘Տէրոջը պիտի խոստովանիմ յանցանքներս’» (Սաղ. 32։5)։

        • «Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին երէցները թող կանչէ, որպէս զի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը անունով թող իւղով օծեն զինք։ Հաւատքով եղած աղօթքը պիտի փրկէ հիւանդը ու Տէրը զանիկա ոտքի պիտի հանէ։ Եւ եթէ մեղք ալ գործեր է, պիտի ներուի անոր» (Յակ. 5։14, 15)։

      16. Եթէ գիտես որ հաւատակից մը լուրջ մեղք մը գործած է, ի՞նչ պէտք է ընես։

        • «Եթէ մէկը հանրային դատարան կոչուի վկայութիւն տալու բանի մը համար որ տեսած ըլլայ կամ իմացած եւ չյայտնէ իր գիտցածը, կը մեղանչէ եւ իր յանցանքը պիտի կրէ» (Ղեւ. 5։1)։

      17. Եթէ յայտարարուի որ անհատ մը այլեւս Եհովայի վկայ չէ, ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք անոր հետ։

        • «Հիմա ձեզի գրեցի չխառնուիլ, այսինքն եթէ եղբայր մը՝ կա՛մ պոռնիկ ըլլայ, կա՛մ ագահ, կա՛մ կռապաշտ, կա՛մ նախատող, կա՛մ գինով, կա՛մ յափշտակող, անոր հետ հաց ալ մի՛ ուտէք» (Ա. Կոր. 5։11)։

        • «Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք» (Բ. Յովհ. 10)։

      18. Ինչո՞ւ պէտք է մտերիմ բարեկամներդ՝ Եհովան սիրող անհատներ ըլլան։

        • «Իմաստուններուն հետ քալողը իմաստուն կ’ըլլայ, բայց անմիտներուն ընկերացողը չարիքի կը հանդիպի» (Առ. 13։20, ստորանիշ)։

        • «Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն» (Ա. Կոր. 15։33)։

      19. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ քաղաքական գետնի վրայ չէզոք են։

        • «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես [այսինքն՝ Յիսուս] աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։16)։

      20. Ինչո՞ւ պէտք է կառավարութեան հնազանդիս։

        • «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են» (Հռով. 13։1)։

      21. Եթէ մարդկային օրէնք մը հակասէ Աստուծոյ օրէնքին, ի՞նչ կ’ընես։

        • «Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։

      22. Ո՞ր համարները կրնան քեզի օգնել, որ աշխարհէն անջատ մնաս երբ գործ կ’ընտրես։

        • «Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» (Միք. 4։3)։

        • «Ելէ՛ք ատոր [Մեծ Բաբելոնին] մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէս զի ատոր մեղքերուն հաղորդակից չըլլաք ու ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք» (Յայտ. 18։4)։

      23. Ո՞ր ժամանցները պիտի ընտրես եւ ո՞ր ժամանցները պիտի մերժես։

        • ‘Տէրը կ’ատէ բռնութիւն սիրողը’ (Սաղ. 11։5)։

        • ‘Չարէն զզուէ, բարիին յարէ’ (Հռով. 12։9)։

        • «Ինչ որ ճշմարտութիւնով է, ինչ որ պարկեշտութիւնով, ինչ որ արդարութիւնով, ինչ որ մաքրութիւնով, ինչ որ սիրով, ինչ որ բարի համբաւով, ինչ առաքինութիւն եւ ինչ գովութիւն որ կայ, անոնց մասին խորհեցէք» (Փլպ. 4։8)։

      24. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ ուրիշ կրօնական խումբերու պաշտամունքին չեն մասնակցիր։

        • «Չէք կրնար վայելել Տէրոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն» (Ա. Կոր. 10։21)։

        • «‘Զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը, ‘պիղծ բանի մի՛ դպչիք’. ‘ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ’» (Բ. Կոր. 6։17, 18)։

      25. Ո՞ր սկզբունքները քեզի պիտի օգնեն որոշելու որոշ տօնակատարութեան մը մասնակցիլ կամ ոչ։

        • «Հեթանոսներուն հետ խառնուեցան ու անոնց գործերը սորվեցան եւ անոնց կուռքերուն ծառայեցին ու անոնք իրենց որոգայթ եղան» (Սաղ. 106։35, 36)։

        • «Մեռելները բան մը չեն գիտեր» (Ժող. 9։5)։

        • «Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ» (Յովհ. 17։16)։

        • «Հերի՛ք է մեզի կեանքի անցեալ ժամանակը, որուն մէջ հեթանոսներուն կամքը կատարեցինք ու գիջութիւններով, ցանկութիւններով, գինեմոլութիւններով, անառակութիւններով եւ արբեցութիւններով ու անօրէն կռապաշտութիւններով վարուեցանք» (Ա. Պետ. 4։3)։

      26. Սուրբ Գիրքը քեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որոշելու, թէ ծննդեան տարեդարձ կրնա՛ս տօնել կամ ոչ։

        • «Երրորդ օրը Փարաւոնին ծննդեան օրն էր, ուստի իր բոլոր ծառաներուն խնճոյք ըրաւ եւ իր ծառաներուն մէջ գլխաւոր մատռուակն ու գլխաւոր հացագործը բանտէն հանեց ու դարձուց մատռուակապետը իր պաշտօնին. . . բայց հացագործը կախել տուաւ» (Ծն. 40։20-22)։

        • «Երբ Հերովդէսին ծննդեան օրը եկաւ, Հերովդիային աղջիկը խաղաց հանդէսի սրահին մէջ ու Հերովդէսին հաճելի եղաւ։ Ուստի երդումով խոստացաւ որ տայ անոր ի՛նչ որ ուզելու ըլլայ։ Անիկա առաջ իր մօրմէն խրատուելով՝ ըսաւ. ‘Տուր ինծի Յովհաննէս Մկրտչին գլուխը՝ սկուտեղի մը վրայ’։ Եւ մարդ ղրկելով՝ բանտին մէջ Յովհաննէսը գլխատեց» (Մատ. 14։6-8, 10)։

      27. Ինչո՞ւ կ’ուզես երէցներուն ուղղութիւններուն հետեւիլ։

        • «Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ» (Եբ. 13։17)։

      28. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ դուն եւ ընտանիքդ ժամանակ տրամադրէք կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կարդալու եւ սերտելու։

        • «Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ։ Անիկա ջուրի ճամբաները տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, որ իր ժամանակին իր պտուղը պիտի տայ. ու անոր տերեւը պիտի չթափի, եւ ինչ բան որ ընէ՝ պիտի յաջողի» (Սաղ. 1։2, 3)։

      29. Ինչո՞ւ կը սիրես ժողովներու ներկայ գտնուիլ եւ ատոնց ընթացքին պատասխան տալ։

        • «Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ, ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ» (Սաղ. 22։22)։

        • «Իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով եւ մէկտեղ հաւաքուիլը չթողունք, ինչպէս ոմանք սովորութիւն ունին. հապա մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք» (Եբ. 10։24, 25)։

      30. Ամէնէն կարեւոր գործը ի՞նչ է, որ Յիսուս մեզի պատուիրած է որ ընենք։

        • «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք. . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատ. 28։19, 20)։

      31. Երբ նուիրատուութիւններ կ’ընենք Թագաւորութեան գործին կամ երբ եղբայրներուն ու քոյրերուն կ’օգնենք, մեր կեցուածքը ի՞նչ պէտք է ըլլայ, որ Եհովան մեզի հաճի։

        • «Տէրը պատուէ քու ստացուածքովդ» (Առ. 3։9)։

        • «Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ» (Բ. Կոր. 9։7)։

      32. Քրիստոնեաները ի՞նչ դժուարութիւններ կ’ակնկալեն որ ունենան։

        • «Երանի՜ անոնց որ հալածուած են արդարութեան համար, վասն զի երկնքի թագաւորութիւնը անոնցն է։ Երանի՜ է ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն եւ սուտ տեղը ամէն կերպ գէշ խօսքեր կը խօսին ձեր վրայ ինծի համար։ Ցնծացէք եւ ուրախ եղէք, վասն զի ձեր վարձքը շատ է երկինքը. քանզի այս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները» (Մատ. 5։10-12)։

      33. Ինչո՞ւ համար որպէս Եհովայի վկայ մկրտուիլը յատուկ առանձնաշնորհում է։

        • «Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած» (Եր. 15։16)։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել