Առասպել 3. Բոլոր բարի մարդիկը երկինք կ’երթան
Առասպելին ծագումը ի՞նչ է։ Յիսուսի առաքեալներուն մահէն ետք, մ.թ. երկրորդ դարուն սկիզբը, առաջին եկեղեցական հայրերը կարկառուն դարձան։ Անոնց ուսուցումները նկարագրելով, համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Ուսուցման տիրական հոսանքը այն էր, թէ մահէն ետք, որեւէ անհրաժեշտ մաքրութեան անմիջապէս կը յաջորդէ երկնային երանութիւն շնորհուիլ մարմնէն ձերբազատուած հոգիին» (New Catholic Encyclopedia [2003], հատոր 6, էջ 687)։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ։ «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթէոս 5։5)։
Թէեւ Յիսուս իր աշակերտներուն խոստացաւ, թէ երկնքի մէջ ‘տեղ պիտի պատրաստէր’ իրենց, սակայն նշեց թէ արդարները ինքնաբերաբար հոն չեն երթար (Յովհաննէս 3։13. 14։2, 3)։ Ան չաղօթե՞ց որ Աստուծոյ կամքը ըլլայ «ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Իրականութեան մէջ, արդարներուն երկու վիճակներ վերապահուած են,– փոքրամասնութիւն մը Քրիստոսի հետ երկնքի մէջ պիտի իշխէ, իսկ մեծամասնութիւնը երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրի (Յայտնութիւն 5։10)։
Ժամանակի ընթացքին, նախկին եկեղեցին՝ երկրի վրայ իր դերին նկատմամբ իր տեսակէտը փոխեց։ Հետեւանքը ի՞նչ եղաւ։ «Եկեղեցին հետզհետէ Աստուծոյ ակնկալուած Թագաւորութիւնը փոխարինեց», կ’ըսէ The New Encyclopædia Britannica։ Եկեղեցին սկսաւ քաղաքականութեան միջամուխ ըլլալով իր հեղինակութիւնը զօրացնելու, անտեսելով Յիսուսի բացայայտ խօսքերը, թէ իր հետեւորդները ‘աշխարհէն պէտք չէր ըլլային’ (Յովհաննէս 15։19. 17։14-16. 18։36)։ Հռոմայեցի Կոստանդին կայսրին ազդեցութեան ներքեւ, եկեղեցին փոխեց իր կարգ մը հաւատալիքները, որոնցմէ մէկը Աստուծոյ բնոյթին առնչուած էր։
Աստուածաշունչի հետեւեալ համարները համեմատէ. Սաղմոս 37։10, 11, 29. Յովհաննէս 17։3. Բ. Տիմոթէոս 2։11, 12
ԻՐՈՂՈՒԹԻՒՆ.
Բարի մարդոց մեծամասնութիւնը յաւիտեան պիտի ապրի երկրի վրայ, եւ ոչ թէ երկինքը
[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 6]
Art Resource, NY