Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ10 12/1 էջ 3
  • Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Սորվա՞ծ ես’ գոհ ըլլալ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Ի՞նչպէս կրնաք դրամի հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ մը պահպանել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
  • Բարեկամներդ իմաստութեամբ ընտրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Ինչպէ՛ս պարբերաթերթերը առաջարկել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
դ10 12/1 էջ 3

Կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ

«Գոհունակութիւնը աղքատները հարուստ կ’ընէ. դժգոհութիւնը հարուստները աղքատ կ’ընէ» (Պէնճէմին Ֆրանքլին)։

ԱՅԴ առակին համաձայն, շատեր սորված են թէ գոհունակութիւնը ապրանքի մը պէս կարելի չէ գնել։ Զարմանալի չէ որ գոհունակութիւնը,– բաւարարութեան ներքին զգացում մը,– խաբուսիկ կը թուի աշխարհի մը մէջ, որ աւելի ստացուածքներ ձեռք ձգելու, աւելի մեծ բաներ իրագործելու կամ ուրիշներու վարած կեանքը վայելելու ցանկութիւն մը կը հրահրէ։ Հետեւեալ բաներէն մէկը քեզի ազդա՞ծ է։

• Ծանուցանողներ քեզ կ’ողողեն այն պատգամով, թէ միայն որոշ ապրանք մը գնելով կրնաս գոհունակ ըլլալ։

• Գործատեղիին կամ դպրոցին մէջ, մրցակցութիւնը քեզ կը քաջալերէ, որ ուրիշներուն իրագործումներուն համաձայն ինքզինքդ արժեւորես։

• Մարդիկ իրենց ի նպաստ ըրածներդ չեն գնահատեր։

• Բարեկամներ իրենց ունեցածով նախանձդ կը գրգռեն։

• Կեանքի մասին հիմնական հարցումներդ անպատասխան կը մնան։

Այսպիսի մարտահրաւէրներ դիմագրաւելով, իրապէս կարելի՞ է գոհունակ ըլլալ։ Պօղոս առաքեալ ակնարկեց «գոհունակ ըլլալու գաղտնիք»ին։ Երբեմն ան շատ բան ունենալով ապրեցաւ, իսկ ուրիշ ատեններ՝ քիչ բան ունենալով։ Իր բարեկամները իր վրայ կը հիանային, մինչ ուրիշներ զինք կը հեգնէին։ Այսուհանդերձ, ան ըսաւ թէ ‘սորված էր գոհունակ ըլլալ, ի՛նչ որ ալ ըլլային պարագաները’ (շեղագիրը մեզմէ. Փիլիպպեցիս 4։11, 12, New International Version)։

Գոհունակութիւնը գաղտնիք մըն է անոնց համար, որոնք երբեք քայլեր չեն առած զայն ունենալու համար։ Բայց ինչպէս Պօղոս ըսաւ, կարելի է զայն սորվիլ։ Այժմ քեզ կը հրաւիրենք որ նկատի առնես գոհունակութեան հինգ գաղտնիքներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ կը գտնուին։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել