Աստուծոյ Խօսքէն սորվէ՛
Աստուած ինչո՞ւ կազմակերպութիւն ունի
Այս յօդուածը կ’ուղղէ հարցումներ, որոնք թերեւս միտքէդ անցած են, եւ ցոյց կու տայ թէ Աստուածաշունչիդ մէջ ո՛ւր կրնաս պատասխանները կարդալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան այս պատասխանները քեզի հետ քննարկելու։
1. Աստուած ինչո՞ւ իսրայէլացիները կազմակերպեց։
Աստուած Աբրահամի զարմը որպէս ազգ կազմակերպեց եւ անոնց շարք մը օրէնքներ տուաւ։ Ան ազգը իսրայէլ կոչեց եւ անոր տուաւ՝ ճշմարիտ պաշտամունքն ու Սուրբ Գրութիւնները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը (Սաղմոս 147։19, 20)։ Այսպէս, բոլոր ազգերէն մարդիկ օգտուած են (կարդա՛ Ծննդոց 22։18)։
Աստուած ընտրեց իսրայէլացիները, որպէսզի իր վկաները ըլլան։ Երբ անոնք հնազանդ էին, Աստուծոյ օրէնքներէն կ’օգտուէին (Բ. Օրինաց 4։6)։ Իսրայէլացիներուն պատմութիւնը ուսումնասիրելով, կրնանք ճշմարիտ Աստուծոյ մասին աւելին գիտնալ (կարդա՛ Եսայի 43։10, 12)։
2. Ճշմարիտ քրիստոնեաները ինչո՞ւ կազմակերպուած են։
Ժամանակի ընթացքին, իսրայէլ Աստուծոյ հաճութիւնը կորսնցուց, եւ Եհովա զայն քրիստոնէական ժողովքով փոխարինեց (Մատթէոս 21։43. 23։37, 38)։ Նախապէս, իսրայէլացիները Աստուծոյ վկաներն էին։ Այժմ, ճշմարիտ քրիստոնեաները կը ծառայեն որպէս Եհովայի վկաներ (կարդա՛ Գործք 15։14, 17)։
Յիսուս իր հետեւորդները կազմակերպեց, որպէսզի Եհովայի մասին վկայեն եւ բոլոր ազգերուն մէջ աշակերտեն (Մատթէոս 10։7, 11. 24։14. 28։19, 20)։ Այս գործը իր բարձրակէտին կը հասնի։ Առաջին անգամ ըլլալով, Եհովա բոլոր ազգերէն միլիոնաւորներ ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացուցած է (Յայտնութիւն 7։9, 10)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները նաեւ կազմակերպուած են, որպէսզի կարենան զիրար քաջալերել եւ օգնել։ Համայն աշխարհի մէջ, անոնք իրենց ժողովներուն մէջ Աստուածաշունչի ցուցմունքներու նոյն յայտագիրը ունին (կարդա՛ Եբրայեցիս 10։24, 25)։
3. Արդի ժամանակներուն, Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս սկսան։
Եհովայի վկաներու արդի կազմակերպութիւնը սկսաւ 1870–ական թուականներուն։ Աստուածաշունչի աշակերտներու պզտիկ խումբ մը սկսաւ դարձեալ երեւան հանել երկար ժամանակ կորսուած աստուածաշնչական ճշմարտութիւններ։ Անոնք գիտէին թէ Յիսուս քրիստոնէական ժողովքը քարոզելու համար կազմակերպեց։ Ուստի, անոնք Թագաւորութեան քարոզչութեան միջազգային արշաւի մը ձեռնարկեցին։ 1931–ին անոնք Եհովայի վկաներ անունը որդեգրեցին (կարդա՛ Գործք 1։8. 2։1, 4. 5։42)։
4. Եհովայի վկաները ներկայիս ինչպէ՞ս կազմակերպուած են։
Առաջին դարուն, տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող քրիստոնէական ժողովքները օգտուեցան կեդրոնական կառավարիչ մարմինէ մը, որ կ’ընդունէր Յիսուսը որպէս ժողովքին Գլուխը (Գործք 16։4, 5)։ Նմանապէս այսօր, Եհովայի վկաները կ’ընդունին Յիսուսը որպէս իրենց Առաջնորդը (Մատթէոս 23։9, 10)։ Անոնք նաեւ կ’օգտուին փորձառու երէցներէ բաղկացած Կառավարիչ մարմինէ, որ աստուածաշնչական քաջալերութիւն եւ ուղղութիւն կու տայ աւելի քան 100,000 ժողովքներու։ Իւրաքանչիւր ժողովքի մէջ, որակեալ տղամարդիկ կը ծառայեն որպէս երէցներ կամ տեսուչներ։ Այս տղամարդիկը սիրալիրօրէն Աստուծոյ հօտին հոգ կը տանին (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։2, 3)։
Եհովայի վկաները կազմակերպուած են բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու։ Որպէսզի ամէնուրեք մարդոց օգնեն, անոնք աւելի քան 500 լեզուներով աստուածաշնչական նիւթեր կը թարգմանեն, կը տպեն եւ կը բաշխեն։ Առաքեալներուն նման, անոնք տունէ տուն կը քարոզեն (Գործք 20։20)։ Անոնք կ’առաջարկեն ճշմարտութիւնը անկեղծօրէն սիրողներուն հետ Աստուածաշունչը անձամբ ուսումնասիրել։ Քանի որ Եհովայի ժողովուրդը կը կեդրոնանայ զինք հաճեցնելու եւ ուրիշներուն օգնելու վրայ, անոնք ուրախ մարդոցմէ բաղկացած կազմակերպութիւն մըն են (կարդա՛ Սաղմոս 33։12. Գործք 20։35)։
Յաւելեալ տեղեկութեան համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ գիրքին 19–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։