Ընթերցողները կը հարցնեն
Երկրագունդը վերջ պիտի գտնէ՞
▪ Ոմանք խորհեցան թէ 21 հոկտեմբեր 2011–ին երկրագունդը վերջ պիտի գտնէր։ Բայց կը տեսնենք թէ այդպէս չեղաւ։ Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու ձայնասփիւռի հաղորդավար՝ Հէրոլտ Գէմբինկի մարգարէութիւնը չկատարուեցաւ։ Ան նախագուշակեց, թէ Դատաստանի օրը 21 մայիս 2011–ին պիտի գար,– հսկայ երկրաշարժ մը համայն երկրագունդը պիտի հարուածէր եւ հինգ ամիս ետք՝ հոկտեմբեր 21–ին երկրագունդը պիտի բնաջնջուէր։
Սակայն, երկրագունդը բնա՛ւ վերջ պիտի չգտնէ։ Անոր Ստեղծիչը թոյլ պիտի չտայ որ այդ մէկը տեղի ունենայ։ Իր Խօսքը կը նշէ. «Դուն հաստատեցիր երկիրը ու կը կենայ» (Սաղմոս 119։90)։
Աստուածաշունչը կարդացողներէն ոմանք թերեւս առարկեն, թէ երկրագունդը կրակով պիտի կործանուի, եւ առ ի փաստ նշեն Բ. Պետրոս 3։7, 10–ի խօսքերը. «Երկինք ու երկիր պահուած են նոյն խօսքով կրակի համար, մինչեւ դատաստանին ու ամբարիշտ մարդոց կորստեան օրը։ Սակայն Տէրոջը օրը գողի պէս պիտի գայ, այն ատեն երկինք սաստիկ շառաչիւնով պիտի անցնի ու տարերքները բռնկած պիտի լուծուին. երկիրն ալ ու ինչ որ անոր մէջ կը գտնուի, պիտի այրուին»։ Պետրոս առաքեալի խօսքերը բառացիօրէ՞ն պէտք է հասկցուին։
Ո՛չ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այս համարներուն մեկնաբանութիւնը պէտք է ներդաշնակ ըլլայ Պետրոսի նամակին բովանդակութեան եւ Աստուածաշունչի մնացեալ հատուածներուն հետ։ Այս համարները բառացի կերպով առնելը պիտի նշանակէ թէ երկինքը կամ տիեզերքը,– միլիառաւոր աստղեր եւ այլ նիւթեր,– կրակով պիտի սպառի, քանի որ իր անհունութեան մէջ միայն մէկ մասնիկ ամբարիշտ մարդիկ կը պարունակէ։ Արդեօք աւազուտ ծովեզերք մը պիտի քանդէի՞ր, քանի որ աւազի հատիկ մը քեզի հաճելի չէ։ Ատիկա անտրամաբանական պիտի ըլլար։ Ուստի, ոչ ալ Եհովան իր ստեղծած ամբողջ տիեզերքը պիտի քանդէ, պարզ այն պատճառով որ իր արարչական գործերէն մէկուն մէջ ըմբոստութիւն ծագեցաւ։
Ասկէ զատ, այսպիսի տեսակէտ մը ուղղակի կը հակասէ Յիսուս Քրիստոսի սա խօսքին. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթէոս 5։5. Սաղմոս 37։29)։ Արդեօք սիրալիր հայր մը իր ընտանիքին համար հանգստաւէտ տուն մը պիտի շինէ՞ր միայն զայն այրելու համար (Սաղմոս 115։16)։ Այս մէկը աներեւակայելի է։ Եհովա ոչ միայն Ստեղծիչն է, այլ նաեւ սիրառատ Հայր մըն է (Սաղմոս 103։13. Ա. Յովհաննէս 4։8)։
Պետրոս «երկիր» բառը այլաբանական կերպով կը գործածէ, մարդկային ընկերութեան ակնարկելով,– այս պարագային՝ ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնը։ Նշմարէ թէ Պետրոս այս դէպքը Նոյի օրուան Ջրհեղեղին հետ կը համեմատէ (Բ. Պետրոս 3։5, 6)։ Այդ ատեն միայն ամբարիշտ մարդիկը բնաջնջուեցան. երկրագունդը ե՛ւ արդար Նոյն ու իր ընտանիքը վերապրեցան։ Նմանապէս, Պետրոսի գործածած «երկինք» բառն ալ այլաբանական է։ Այս պարագային, «երկինք»ը կ’ակնարկէ անբարեպաշտներու վրայ եղող մարդկային իշխանութեան։ Այսպէս, անսրբագրելի չարերը պիտի կորսուին, ինչպէս նաեւ բոլոր ամբարիշտ կառավարութիւնները, որոնք պիտի լուծուին եւ Աստուծոյ երկնային իշխանութեամբ կամ Թագաւորութիւնով պիտի փոխարինուին (Դանիէլ 2։44)։
Ուրեմն, երկիր մոլորակը վերջ պիտի չգտնէ. այլաբանական երկրագունդը կամ ամբարիշտ մարդկային ընկերութիւնն է որ վերջ պիտի գտնէ։ Երկրագունդը եւ ապագայ բարեպաշտ մարդկային ընկերութիւնը յաւիտեան պիտի մնան (Առակաց 2։21, 22)։