Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 8/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել ճշմարիտ պաշտամունքը
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Կրօնքի մասին ի՞նչ ուրախ լուրեր կան
    Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր
  • Ճշմարիտ պաշտամունքը ինչպէ՞ս կրնաս զատորոշել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աստուած հաճեցնող պաշտամունք
    Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 8/1 էջ 16
Էթնիկ խումբերէ եկող Եհովայի վկաներ Թագաւորութեան սրահի մը մէջ իրարու կ’ընկերակցին

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Արդեօք բոլո՞ր կրօնքները Աստուած կը պատուեն։

Աշխարհի լուրերը մտիկ ընելով, հաւանաբար նկատած ես թէ երբեմն կրօնքին անունով վատ արարքներ կը գործուին։ Ո՛չ ամէն կրօնք ճշմարիտ Աստուծմէ ծագում կ’առնէ (Մատթէոս 7։15)։ Իրականութեան մէջ, մարդկութեան մեծամասնութիւնը մոլորած է (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։19)։

Այսուհանդերձ, Աստուած կը նկատէ անկեղծ մարդիկը, որոնք կը սիրեն ինչ որ բարի ու ճշմարիտ է (Յովհաննէս 4։23)։ Ան այսպիսի մարդիկ կը հրաւիրէ, որ իր Խօսքէն՝ Աստուածաշունչէն ճշմարտութիւնը սորվին (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 2։3-5)։

Ինչպէ՞ս կրնաս ճշմարիտ կրօնքը բնորոշել։

Եհովա Աստուած բազմաթիւ կրօնական ենթահողերէ մարդիկ կը միացնէ, անոնց սորվեցնելով ճշմարտութիւնը եւ զիրար սիրել (Միքիա 4։2, 3)։ Ուստի, կրնաս ճշմարիտ կրօնքին հետեւողները ճանչնալ այն կերպէն, որով իրարու հոգ կը տանին (կարդա՛ Յովհաննէս 13։35)։

Եհովա Աստուած ճշմարիտ պաշտամունքին միջոցաւ ամէն տեսակ մարդիկ կը միացնէ (Սաղմոս 133։1)

Ճշմարիտ երկրպագուները իրենց հաւատքն ու ապրելակերպը կը հիմնեն Աստուածաշունչին վրայ (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Անոնք Աստուծոյ անունը կը պատուեն (Սաղմոս 83։18)։ Անոնք Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կը ջատագովեն որպէս մարդկութեան միակ յոյսը (Դանիէլ 2։44)։ Եւ անոնք Յիսուսը կ’ընդօրինակեն՝ թոյլ տալով որ իրենց ‘լոյսը լուսաւորուի’, իրենց դրացիներուն բարիք ընելով (Մատթէոս 5։16)։ Արդ, ճշմարիտ քրիստոնեաները կրնան ճանչցուիլ, քանի որ մարդոց տուները կ’այցելեն՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը հաղորդելու համար (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. Գործք 5։42. 20։20)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 15–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել