-
Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞Դիտարան 2014 | Օգոստոս 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞
«Թէեւ ես դժբախտ եւ աղքատ եմ, Տէրը կը մտածէ իմ մասիս» (ՍԱՂՄՈՍ 40։17, ԱԾ. ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ, Ք.Ա. 11–ՐԴ ԴԱՐ)։
«Ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են» (ԵՍԱՅԻ 40։15)
Տրամաբանակա՞ն էր որ Դաւիթ Աստուծմէ ակնկալէր իրեն ուշադրութիւն ընծայել։ Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞։ Շատեր դժուար կը գտնեն հաւատալ, թէ Ամենակալ Աստուած իրենցմով հետաքրքրուած է։ Ինչո՞ւ։
Մէկ պատճառը այն է թէ Աստուած շա՜տ աւելի գերադաս էակ է քան մարդ արարածը։ Իր վեհ դիրքէն դիտուած, բոլոր ազգերը «դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին» (Եսայի 40։15)։ Արդի սկեպտիկ գրող մը հեռուները գնաց՝ եզրակացնելով թէ «ծայրայեղ ինքնահաւանութիւն է հաւատալ, թէ կայ աստուածային էակ մը, որ ըրածներուդ հանդէպ անձնական ու անմիջական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ»։
Միւս կողմէ, ոմանք կը խորհին թէ իրենց վարքին պատճառաւ արժանի չեն որ Աստուած իրենց ուշադրութիւն ընծայէ։ Օրինակ, Ճիմ անունով միջին տարիքի մարդ մը կը պատմէ. «Անդադար աղօթքով խաղաղութիւն եւ ժուժկալութիւն կը խնդրէի, բայց ուշ թէ կանուխ՝ դարձեալ կը բարկանայի։ Ի վերջոյ եզրակացուցի թէ ամբողջովին վատ անհատ մըն էի եւ թէ Աստուած չէր կրնար ինծի օգնել»։
Արդեօք Աստուած այնքա՞ն հեռու է մարդ արարածէն որ մեզ չի նկատեր։ Ան իր անկատար արարածներուն նկատմամբ իսկապէս ի՞նչ կը զգայ։ Առանց աստուածային յայտնութեան, ո՛չ մէկ անհատ արդարացիօրէն կրնայ Աստուծոյ անունով խօսիլ եւ այս հարցումներուն պատասխանել։ Սակայն, մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ ներշնչեալ պատգամը,– Աստուածաշունչը,– մեզ կը վստահեցնէ թէ Ան անհատներով չհետաքրքրուող Աստուած մը չէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Յաջորդ չորս յօդուածներուն մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ Աստուած ի՛նչ կ’ըսէ անհատներու հանդէպ իր հետաքրքրութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս այսպիսի հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է քեզի նման մարդոց։
-
-
Աստուած վրադ կը հսկէԴիտարան 2014 | Օգոստոս 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած վրադ կը հսկէ
«[Աստուծոյ] աչքերը մարդուն ճամբաներուն վրայ են ու մարդուն բոլոր քայլերը կը տեսնեն» (ՅՈԲ 34։21)։
Երեխան որքա՛ն պզտիկ ըլլայ, այնքան աւելի կարիքը կ’ունենայ ծնողքին ուշադրութեան
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Ըստ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութեան մը, մեր աստղախումբը առնուազն 100 միլիառ մոլորակ ունի։ Տիեզերքին հսկայ տարածութեան տեղեակ ըլլալով, շատեր հարց կու տան. «Ամենակալ Ստեղծիչը ինչո՞ւ պիտի նայի թէ փոքր մոլորակի մը վրայ պարզ մարդիկ ի՛նչ կ’ընեն»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Աստուած ոչ թէ պարզապէս Աստուածաշունչը մեզի տուաւ եւ ապա մեզի հանդէպ իր հետաքրքրութիւնը կորսնցուց։ Ան մեզ կը հաւաստիացնէ. «Քեզ պիտի խրատեմ, իմ աչքս քու վրադ պիտի ըլլայ» (Սաղմոս 32։8)։
Նկատի առ Հագարը, եգիպտացի կին մը Ք.Ա. 20–րդ դարէն։ Ան իր տիկնոջ՝ Սարայի հանդէպ անարգալից էր, ուստի Սարա զինք նեղեց եւ ան դէպի անապատ փախաւ։ Հիմա որ Հագար սխալ գործած էր, Աստուած իրեն հանդէպ հետաքրքրութիւնը կորսնցո՞ւց։ Աստուածաշունչը կը տեղեկագրէ. «Տէրոջը հրեշտակը գտաւ զանիկա»։ Հրեշտակը զինք հաւաստիացուց. «Տէրը քու տառապանքդ տեսաւ»։ Ապա Հագար Եհովային ըսաւ. «Դուն զիս տեսնող Աստուածն ես» (ԱԾ, ստորանիշ) (Ծննդոց 16։4-13)։
«Տեսնող Աստուած»ը քեզ ալ կը դիտէ։ Լուսաբանենք. սիրալիր մայր մը մասնաւորապէս իր երեխաներուն վրայ կը հսկէ, քանի որ երեխան որքա՛ն պզտիկ ըլլայ, այնքան աւելի կարիքը կ’ունենայ ծնողքին ուշադրութեան։ Նմանապէս, Աստուած մասնաւորապէս մեր վրայ կը հսկէ, երբ աննշան ու անպաշտպան ըլլանք։ «Ես բարձր ու սուրբ տեղը կը բնակիմ», կ’ըսէ Եհովան, «բայց կոտրած ու խոնարհ հոգի ունեցողին հետ եմ, որպէս զի խոնարհներուն հոգին կենդանացնեմ եւ կոտրած սրտերը ապրեցնեմ» (Եսայի 57։15)։
Այսուհանդերձ, թերեւս հարց տաս. «Աստուած ինչպէ՞ս վրաս կը հսկէ։ Արդեօք իմ երեւոյթիս համեմա՞տ զիս կը դատէ, թէ ոչ երեւցածէն անդին կը նայի եւ իսկապէս զիս կը հասկնայ»։
-
-
Աստուած քեզ կը հասկնայԴիտարան 2014 | Օգոստոս 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած քեզ կը հասկնայ
«Ո՛վ Տէր, զիս քննեցիր ու ճանչցար» (ՍԱՂՄՈՍ 139։1)։
«Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան» (ՍԱՂՄՈՍ 139։16, ԱԾ)
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Շատեր կը խորհին թէ Աստուծոյ աչքին մարդ արարածը պարզապէս մեղաւոր մըն է,– անմաքուր եւ իր նկատառութեան անարժան։ Քէնտրա, որ ընկճուածութենէ կը տառապէր, յանցաւոր կը զգար, քանի որ չէր կրնար Աստուծոյ պահանջներուն լիովին գոհացում տալ։ Առ ի արդիւնք, ան ըսաւ. «Աղօթելէ դադրեցայ»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Եհովան թերութիւններէդ անդին կը տեսնէ եւ իսկական ինքնութիւնդ կը հասկնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք»։ Ասկէ աւելին, ան «մեր մեղքերուն համեմատ» չի վարուիր մեզի հետ, այլ ողորմութեամբ մեզի կը ներէ, երբ կը զղջանք (Սաղմոս 103։10, 14)։
Նկատի առ Դաւիթը, այս յօդուածաշարքին առաջին յօդուածին մէջ նշուած իսրայէլացի թագաւորը։ Աստուծոյ աղօթելով, ան ըսաւ. «Քու աչքերդ իմ սաղմս տեսան. բոլոր անդամներս քու գիրքիդ մէջ արձանագրուած էին. . . Հետազօտէ՛ զիս, ո՛վ Աստուած, ու ճանչցի՛ր իմ սիրտս» (Սաղմոս 139։16, 23, ԱԾ)։ Այո՛, Դաւիթ համոզուած էր որ թէեւ մեղքեր գործեց,– երբեմն լուրջ մեղքեր,– Եհովան կրնար իր զղջացող սիրտը զատորոշել։
Եհովան ոեւէ մարդէ աւելի քեզ կը հասկնայ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մարդը երեւցածին կը նայի, բայց Տէրը սրտին կը նայի» (Ա. Թագաւորաց 16։7)։ Աստուած գիտէ վարուելակերպիդ պատճառը,– ինչպէ՛ս քեզ կը կաղապարեն ժառանգութիւնը, առած կրթութիւնդ, միջավայրդ եւ անձնաւորութիւնդ։ Ան կը տեսնէ եւ կ’արժեւորէ այն անձը, որ կը ջանաս ըլլալ, թէեւ սխալներ կ’ընես։
Սակայն, Աստուած «իսկական անձիդ» նկատմամբ իր խոր հասկացողութիւնը ինչպէ՞ս կը գործածէ քեզ մխիթարելու։
-
-
Աստուած կրնայ քեզ մխիթարելԴիտարան 2014 | Օգոստոս 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած կրնայ քեզ մխիթարել
«Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց» (Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 7։6)։
«Աստուծոյ Որդին. . . զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 2։20)
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Ոմանք, նոյնիսկ երբ մխիթարութեան մեծ կարիք կ’ունենան, կը խորհին թէ անձնասիրութիւն է Աստուծմէ խնդրել որ միջամտէ եւ օգնէ, իրենց խնդիրներուն հետ գլուխ ելլելու։ Ռաքէլ անունով կին մը կ’ըսէ. «Երբ կը նայիմ երկրագունդին անհամար բնակչութեան, եւ կը մտածեմ անոնց դիմագրաւած լուրջ խնդիրներուն մասին, մտահոգութիւններս ինծի այնքան աննշան կը թուին, որ Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելու կը վարանիմ»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Աստուած արդէն իսկ հիանալի կերպով միջամտած է, մարդոց օգնելու եւ մխիթարելու համար։ Երկրագունդին վրայ ամէն մարդ ժառանգած է մեղքը,– Աստուծոյ պահանջներուն կատարելապէս գոհացում տալու մնայուն ձախողութիւն։ Սակայն, Աստուած «մեզ սիրեց ու իր Որդին [Յիսուս Քրիստոսը] ղրկեց մեր մեղքերուն քաւութիւն ըլլալու» (Ա. Յովհաննէս 4։10)։ Յիսուսի զոհաբերական մահուան միջոցաւ, Աստուած կարելի կը դարձնէ որ ունենանք՝ մեղքերու ներում, մաքուր խղճմտանք, եւ խաղաղ նոր աշխարհի մէջ յաւիտենական կեանքի յոյսa։ Բայց արդեօք այդ զոհը պարզապէս որպէս ամբողջութիւն մարդկային ցեղի՞ն համար է, թէ ոչ անձնապէս քեզի՛ հանդէպ Աստուծոյ հետաքրքրութիւնը ցոյց կու տայ։
Նկատի առ Պօղոս առաքեալը։ Ան Յիսուսի զոհաբերութենէն այնքա՛ն ազդուած էր, որ գրեց. «Աստուծոյ Որդիին հաւատքովը կ’ապրիմ, որ զիս սիրեց ու իր անձը ինծի համար մատնեց» (Գաղատացիս 2։20)։ Ճիշդ է որ երբ Յիսուս մեռաւ, Պօղոս դեռ քրիստոնեայ մը չէր, սակայն ան Յիսուսի զոհը նկատեց որպէս Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած անձնական նուէր մը։
Քեզի ալ Աստուծոյ անձնական նուէրն է Յիսուսի զոհաբերական մահը։ Այս պարգեւը կը փաստէ թէ Աստուծոյ աչքին որքա՜ն թանկագին ես։ Անիկա կրնայ քեզի «յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս» շնորհել, ‘քեզ հաստատելով ամէն բարի խօսքերու եւ գործերու մէջ’ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 2։15, 16)։
Յիսուս իր կեանքը զոհեց գրեթէ 2000 տարի առաջ։ Ուստի ի՞նչ ապացոյց կայ թէ Աստուած ներկայիս կ’ուզէ որ դուն իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենաս։
a Յիսուսի զոհին մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
-
-
Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենասԴիտարան 2014 | Օգոստոս 1
-
-
ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է
Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենաս
«Մէկը չի կրնար ինծի գալ, եթէ զիս ղրկող Հայրը զանիկա չքաշէ» (Յովհաննէս 6։44)։
ՈՄԱՆՔ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԸ ԿԱՍԿԱԾԻՆ։ Աստուծոյ հաւատացողներէն շատեր իրեն շատ մօտ չեն զգար։ «Ինծի համար ան պարզապէս ամէն բանի Ստեղծիչն էր», կ’ըսէ Քրիսթինա՝ Իրլանտայէն կին մը, որ ամէն շաբաթ եկեղեցի կը յաճախէր։ «Բայց զինք չէի ճանչնար։ Ո՛չ մէկ անգամ զգացի թէ իրեն մօտիկ եմ»։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՍՈՐՎԵՑՈՒՑԱԾԸ։ Երբ կորսուած կը զգանք, Աստուած մեզի օգնելէ չի դադրիր։ Յիսուս մեզի հանդէպ Աստուծոյ հոգածութիւնը սա կերպով լուսաբանեց. «Եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը մոլորի, իննսունինը ոչխարը լեռները չի՞ ձգեր ու երթար մոլորածը փնտռեր»։ Դասը ի՞նչ է։ «Այսպէս, ձեր երկնաւոր Հայրը չի հաճիր որ այս պզտիկներէն մէկը կորսուի» (Մատթէոս 18։12-14)։
«Այս պզտիկներէն» իւրաքանչիւրը Աստուծոյ աչքին թանկագին է։ Ան ինչպէ՞ս ‘մոլորածը կը փնտռէ’։ Սկիզբը նշուած համարին համաձայն, Եհովան մարդիկը իրեն կը քաշէ։
Որո՞նք այսօր կ’ուղղուին մարդոց տուները եւ հանրային տեղեր, Աստուծոյ մասին Աստուածաշունչի պատգամը հաղորդելու համար
Նկատի առ օրինակներ թէ Աստուած ինչպէ՛ս նախաքայլը առաւ անկեղծ անհատներ իրեն քաշելու։ Ք.Ե. առաջին դարուն, ան քրիստոնեայ աշակերտը՝ Փիլիպպոսը ղրկեց որ եթովպիացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը հանդիպի եւ անոր կարդացած աստուածաշնչական մարգարէութիւնը բացատրէ (Գործք 8։26-39)։ Յետագային, Աստուած Պետրոս առաքեալը ուղղեց որ երթայ Կոռնելիոս անունով հռոմայեցի հարիւրապետի մը տունը, որ կ’աղօթէր եւ կ’ուզէր Աստուած պաշտել (Գործք 10։1-48)։ Աստուած նաեւ Պօղոս առաքեալը եւ իր ընկերակիցները առաջնորդեց դէպի Փիլիպպէ քաղաքէն դուրս գտնուող գետ մը։ Հոն, անոնք ծանօթացան Լիդիա անունով «աստուածավախ» կնոջ մը, «որուն սիրտը Տէրը բացաւ որ Պօղոսին ըսածներուն ուշադրութիւն ընէ» (Գործք 16։9-15)։
Իւրաքանչիւր պարագայի, Աստուած վստահ եղաւ որ զինք փնտռողները, զինք ճանչնալու պատեհութիւն ունենային։ Որո՞նք այսօր կ’ուղղուին մարդոց տուները եւ հանրային տեղեր, Աստուծոյ մասին Աստուածաշունչի պատգամը հաղորդելու համար։ Շատեր պիտի պատասխանեն. «Եհովայի վկաները»։ Դուն քեզի հարց տուր. «Կրնա՞յ ըլլալ որ Աստուած զիրենք կը գործածէ, որպէսզի կարենամ իրեն հետ փոխյարաբերութիւն ունենալ»։ Կը քաջալերենք որ աղօթքով Աստուծմէ օգնութիւն խնդրես, որ քեզ իրեն մօտեցնելու իր ջանքերուն ընդառաջեսa։
a Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիտէ Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել տեսաերիզը, www.pr418.com/hy-latn կայքը այցելելով։
-