Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 5/1 էջ 10-11
  • Շօշափեցի թէ Եհովան ողորմած ու ներող է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Շօշափեցի թէ Եհովան ողորմած ու ներող է
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
  • Դառնասիրտ ու վայրագ էի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2016
  • Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
    Դիտարան. Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 5/1 էջ 10-11
Նորմանտ Փելլեթիէր եւ իր կինը ներկայիս

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Շօշափեցի թէ Եհովան ողորմած ու ներող է

Կը պատմէ Նորմանտ Փելլեթիէր

  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1954

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՔԱՆԱՏԱ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԴՐԱՄԱՇՈՐԹ ԵՒ ԽԱՂԱՄՈԼ

Նորմանտ Փելլեթիէր անցեալին

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Մեծցայ Մոնրէալ քաղաքին աղքատ շրջանի մը մէջ։ Երբ վեց ամսու էի, հայրս մահացաւ, պատճառ դառնալով որ մայրս ինք ընտանեկան բոլոր պատասխանատուութիւնները շալկէր եւ ութ զաւակներու հոգ տանէր։

Մինչ հասակ կը նետէի, առօրեայ կեանքս կը դառնար թմրեցուցիչներու, բախտախաղի, բռնութեան եւ ոճրագործներու շուրջ։ Տասը տարեկանիս, սկսայ պոռնիկներու եւ բարձր տոկոսով փոխ տուողներու ի նպաստ յանձնարարութիւններ կատարել։ Յաճախ կը ստէի եւ մարդիկը խաբելով դրամ շորթելէն հաճոյք կ’առնէի։ Անիկա ինծի համար թմրեցուցիչի մը պէս էր։

Երբ 14 տարեկան եղայ, մարդիկը խաբելու կերպեր հնարելու մէջ արդէն շատ ճարպիկ եղած էի։ Օրինակ՝ կը գնէի մեծ քանակով ոսկեզօծ ժամացոյցներ, ապարանջաններ ու մատանիներ, եւ անոնց վրայ կը կնքէի թէ 14 կարատ են, ապա զանոնք կը ծախէի փողոցները եւ մեծ վաճառատուներու կառատուները։ Դիւրաւ դրամ ձեռք ձգելը զիս կը հրապուրէր։ Անգամ մը, մէկ օրուան մէջ քսակս մտցուցի 10,000 տոլար։

15 տարեկանիս բարեկարգիչ դպրոցէն վռնտուելէ ետք, անտուն մնացի։ Սկսայ քնանալ փողոցները, զբօսայգիները եւ պատահական բարեկամներու տուները։

Որովհետեւ դրամաշորթութեամբ կը զբաղէի, ոստիկանութիւնը յաճախ զիս կը հարցաքննէր։ Բնաւ չբանտարկուեցայ, քանի որ գողցուած ապրանքներ չէի ծախեր։ Սակայն կրկին անգամ մեծ տուգանք վճարեցի, դրամաշորթութեան, կեղծ անձնաւորութեամբ ներկայանալուն եւ առանց արտօնագրի վաճառելուն համար։ Ոեւէ անհատէ չվախնալով, նոյնիսկ բարձր տոկոսով փոխ տուողներուն դրամները կը գանձէի։ Բայց այս գործը վտանգաւոր էր, եւ երբեմն ատրճանակ կը կրէի։ Որոշ առիթներով, կազմակերպուած ոճիրին հետ գործ ունեցայ։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Առաջին անգամ Աստուածաշունչին հետ շփման մէջ եկայ երբ 17 տարեկան էի։ Սիրուհիիս հետ կը բնակէի, երբ ան սկսաւ Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Սակայն Աստուածաշունչի բարոյական սահմանափակումներուն առարկեցի, ուստի զինք լքեցի ու փոխադրուեցայ ուրիշ աղջիկի մը քով, որուն հետ արդէն կը ժամադրուէի։

Կեանքիս ուղղութիւնը փոխուեցաւ, երբ երկրորդ սիրուհիս ալ սկսաւ Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը սերտել։ Ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուց, եւ աւելի հեզ ու համբերող դառնալը զիս տպաւորեց։ Ընդունեցի Եհովայի վկաներու Թագաւորութեան սրահին մէջ ժողովի մը ներկայ գտնուիլ։ Իմ գիտցած աշխարհիս հակապատկերը տեսայ։ Կոկիկ ու ազնիւ անհատներ ինծի բարի գալուստ մաղթեցին։ Ընտանիքիս կողմէ բնաւ ընդունուած չէի զգացած. մանկութեանս ընթացքին խանդաղատանք ու գուրգուրանք չէի ստացած։ Եհովայի վկաներուն մէջ ըլլալով այն ջերմութիւնը որ զգացի, ճիշդ այն բանն էր, որուն կը տենչայի։ Ուստի սիրով յօժարեցայ որ Վկաները ինծի հետ Աստուածաշունչը սերտեն։

Աստուածաշունչէն սորվածներս հաւանաբար կեանքս փրկեցին։ Երկու անհատներու հետ ծրագրած էի գողութիւն մը ընել, որպէսզի ձերբազատուէի բախտախաղի պարտքերէս,– աւելի քան 50,000 տոլար։ Որքա՜ն ուրախ եմ որ այդ գործողութենէն վազ անցայ։ Երբ միւս երկուքը ուզեցին գողութիւնը կատարել, մէկը ձերբակալուեցաւ եւ միւսը սպաննուեցաւ։

Մինչ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնս շարունակեցի, ի յայտ եկան կատարելիք բազմաթիւ փոփոխութիւններս։ Օրինակ՝ երբ կարդացի Ա. Կորնթացիս 6։10–ը,– «Ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ գինովները, ո՛չ նախատողները ո՛ւ ոչ յափշտակողները Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»,– կացութեանս լրջութիւնը զիս լացուց։ Անդրադարձայ որ կեանքս ամբողջովին պէտք է փոխակերպեմ (Հռովմայեցիս 12։2)։ Վայրագ ու յարձակողական էի, եւ ամէն կեանքս սուտերու վրայ հիմնուած էր։

Սակայն Աստուածաշունչէն նաեւ սորվեցայ թէ Եհովան ողորմած ու ներող է (Եսայի 1։18)։ Ջերմեռանդօրէն աղօթեցի, Եհովայի աղաչելով որ ինծի օգնէ նախկին ապրելակերպէս ձերբազատուելու։ Իր աջակցութեամբ աստիճանաբար կրցայ անձնաւորութիւնս բարեփոխել։ Գլխաւոր քայլ մըն էր, երբ ես ու սիրուհիս օրինաւոր կերպով ամուսնացանք։

Ես այսօր ողջ եմ, սուրբգրային սկզբունքները կիրարկելուն շնորհիւ

Այդ ատեն 24 տարեկան եւ երեք երեխաներու տէր էի։ Հարկ էր որ օրինաւոր գործ գտնէի, թէեւ քիչ ուսում առած էի եւ որեւէ վկայագիր չունէի։ Ուստի սրտանց Եհովայի աղօթեցի, ապա սկսայ գործ փնտռել։ Հաւանական գործատէրերուն ըսի թէ կ’ուզեմ կեանքս փոխել ու պարկեշտութեամբ աշխատիլ։ Երբեմն բացատրեցի որ Աստուածաշունչը կը սերտեմ եւ փափաքս է՝ աւելի լաւ քաղաքացի ըլլալ։ Բազմաթիւ գործատէրեր զիս մերժեցին։ Ի վերջոյ, տեսակցութեան մը ընթացքին խեղճ անցեալս բացէ ի բաց պատմելէ ետք, տեսակցութիւն վարողը ըսաւ. «Իսկապէս չեմ գիտեր պատճառը, բայց բան մը ինծի կ’ըսէ որ պէտք է քեզ աշխատցնեմ»։ Համոզումս է որ ասիկա աղօթքներուս պատասխանն էր։ Ժամանակի ընթացքին, ես ու կինս մկրտուեցանք որպէս Եհովայի վկաներ։

Նորմանտ Փելլեթիէր ներկայիս

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Ես այսօր ողջ եմ, սուրբգրային սկզբունքները կիրարկելուն ու քրիստոնէական ապրելակերպը որդեգրելուն շնորհիւ։ Հոյակապ ընտանիքի տէր եմ։ Համոզուած ըլլալով որ Եհովան ինծի ներած է, մաքուր խղճմտանք ունիմ։

Վերջին 14 տարիներուն, ամիսը միջին հաշուով 70 ժամ տրամադրած եմ քարոզչութեան, մարդոց օգնելով որ Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվին, եւ մօտերս՝ կինս ալ այս գործունէութեան կը մասնակցի։ Շատ ուրախ եմ որ անցեալ 30 տարուան ընթացքին, 22 աշխատակիցներու օգնած եմ որ սկսին Եհովան պաշտել։ Մեծ վաճառատուներէն ոտքս չեմ կտրած, բայց չեմ երթար մարդիկը խաբելու համար։ Հոն, յաճախ ուրիշներու հետ հաւատքս բաժնելով՝ կ’ուզեմ անոնց բան մը հաղորդել. դրամաշորթներէ զերծ եղող ապագայ նոր աշխարհի մը մէջ ապրելու յոյսը (Սաղմոս 37։10, 11)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել