Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ15 10/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աղքատութեան վերջ դնելու ջանքեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Բարի լուր աղքատներու համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
  • Աղքատութեան մնայուն լուծումը գտնել
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
դ15 10/1 էջ 16

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Առանց աղքատութեան աշխարհ մը պիտի տեսնե՞նք։

Կին մը աղջնակի մը փաթթուած է ու պարապ աման մը բռնած է

Աստուած աշխարհէն աղքատութիւնը ինչպէ՞ս պիտի վերցնէ (Մատթէոս 6։9, 10)։

Ծայրայեղ աղքատութիւնը սննդառութեան պակաս եւ հիւանդութիւններ կը պատճառէ եւ ամէն տարի միլիոնաւորներ կը մեռցնէ։ Թէեւ կան երկիրներ, որոնք հարուստ են, սակայն տակաւին բազմաթիւ մարդիկ չափազանց աղքատ են։ Սուրբ Գիրքը ցոյց կու տայ, թէ մարդոց մէջ միշտ աղքատութիւն եղած է (կարդա՛ Յովհաննէս 12։8)։

Որպէսզի աղքատութեան վերջ դրուի, պէտք է համաշխարհային կառավարութիւն մը ըլլայ։ Եւ այսպիսի կառավարութիւն մը հարկ եղած կարողութեան պէտք պիտի ունենայ, որ երկրագունդին բնական հարստութիւնները արդարութեամբ բաժնէ եւ դադրեցնէ պատերազմները, որոնք աղքատութեան բուն պատճառներէն են։ Աստուած այսպիսի կառավարութիւն մը խոստացած է (կարդա՛ Դանիէլ 2։44)։

Ո՞վ կրնայ աղքատութիւնը վերցնել։

Աստուած իր Որդին՝ Յիսուսը նշանակած է, որ մարդկութեան վրայ իշխէ (Սաղմոս 2։4-8)։ Յիսուս աղքատները պիտի փրկէ եւ անարդարութեան ու բռնութեան վերջ պիտի դնէ (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12-14)։

«Խաղաղութեան Իշխան» ըլլալով, Յիսուս ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն պիտի բերէ։ Այդ ժամանակ, ամէն մարդ իր անձնական տունը պիտի ունենայ, գոհացուցիչ գործ պիտի վայելէ եւ լեցուն ուտելիք պիտի ունենայ (կարդա՛ Եսայի 9։6, 7. 65։21-23)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org/hy-latn

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել