Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ14 4/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
դ14 4/1 էջ 16
Յիսուս երկիրը կը մաքրէ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Յիսուս ապագային ի՞նչ պիտի ընէ։

Ք.Ե. 33–ին, Յիսուս մահացաւ, յարուցանուեցաւ եւ երկինք համբարձաւ։ Յետագային, Յիսուսի հեղինակութիւն տրուեցաւ թագաւորելու (Դանիէլ 7։13, 14)։ Ապագային, Յիսուս որպէս Թագաւոր գործի պիտի լծուի, որպէսզի համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատէ եւ աղքատութիւնը չքացնէ (կարդա՛ Սաղմոս 72։7, 8, 13)։

Որպէս Թագաւոր, Յիսուս երկրագունդը անարդարութենէ պիտի մաքրագործէ

Որպէս մարդկութեան Կառավարիչ, Յիսուս հոյակապ բաներ պիտի ընէ։ Ան իր Հօրմէն ստացած զօրութիւնը պիտի գործածէ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելու համար։ Մարդիկ երկրի վրայ կեանքը պիտի վայելեն, առանց ծերանալու ու մահանալու (կարդա՛ Յովհաննէս 5։26-29. Ա. Կորնթացիս 15։25, 26)։

Այժմ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։

Այժմ Յիսուս իր ճշմարիտ հետեւորդներուն աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ։ Անոնք մարդոց կ’այցելեն ցոյց տալու համար, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Յիսուս ըսաւ, թէ պիտի շարունակէր իր աշակերտներուն գործին աջակցիլ, մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւնները վերացնէ (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. 28։19, 20)։

Ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ, Յիսուս մարդոց կ’ուղղէ որ աւելի լաւ կեանք մը վարեն։ Ան պիտի շարունակէ զանոնք առաջնորդել՝ ներկայ աշխարհի կործանումէն մինչեւ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին հաստատուիլը (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։7, 13. Յայտնութիւն 7։17)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 8–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Նաեւ մատչելի է մեր կայքին մէջ՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել