Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ13 12/1 էջ 16
  • Աստուածաշունչին պատասխանները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչին պատասխանները
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
  • Աստուածաշունչին պատասխանները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
  • Աստուած համաշխարհային կառավարութիւն մը պիտի հայթայթէ՞
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
դ13 12/1 էջ 16
[Նկար՝ էջ 16]

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ

Քրիստոսի վերադարձին նպատակը ի՞նչ է։

Ք.Ե. 33–ին երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ վերադառնալ։ Ան ինքզինք նմանցուց ազնուականի մը, որ երկար ժամանակ հեռու երկիր գնաց եւ ապա որպէս թագաւոր վերադարձաւ։ Յիսուսի վերադարձին նպատակն է՝ մարդկութեան լաւ կառավարութիւն մը հայթայթել (կարդա՛ Ղուկաս 19։11, 12)։

Յիսուս մարդկութեան լաւ կառավարութիւն պիտի բերէ

Քրիստոս ի՞նչ կերպով կը վերադառնայ։ Ան յարութիւն առաւ որպէս անտեսանելի հոգեղէն արարած (Ա. Պետ. 3։18)։ Ապա երկինք գնաց եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ (Սաղմոս 110։1)։ Շատ ժամանակ ետք, Եհովա Աստուած՝ «Հինաւուրց»ը՝ Յիսուսին հեղինակութիւն տուաւ որ մարդկութեան վրայ իշխէ։ Ուստի, Յիսուս կը վերադառնայ ոչ թէ որպէս մարդ, այլ որպէս անտեսանելի Թագաւոր (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14)։

Երբ Յիսուս գայ, ի՞նչ պիտի ընէ։

[Նկար՝ էջ 16]

Երբ իր հրեշտակներուն հետ անտեսանելիօրէն գայ, Յիսուս մարդկութիւնը պիտի դատէ։ Ան չարերը պիտի բնաջնջէ, բայց յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէ անոնց՝ որոնք զինք որպէս Թագաւոր կ’ընդունին (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-33. Առակաց 2։22)։

Որպէս Թագաւոր իշխելով, Յիսուս երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։ Ան մեռելները պիտի յարուցանէ, որպէսզի կարենան կեանք վայելել դրախտային երկրի վրայ (կարդա՛ Սաղմոս 37։29. Յովհաննէս 11։25)։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին էջ 73-85–ը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ

Կրնաս զայն բեռնել մեր կայքէն՝ www.jw.org

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել