Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2012–ի փետրուար 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Քննարկուելիք իւրաքանչիւր կէտի թուականը նշուած է, այնպէս որ կարելի է պրպտում կատարել իւրաքանչիւր շաբաթ, դպրոցի յայտագիրը պատրաստելու ատեն։
1. Շիտա՞կ է ըսել թէ Եհովայի ողորմութիւնը իր արդարութիւնը կը մեղմացնէ (Եսա. 30։18)։ [Յնր. 9, դ07 10/1 էջ 11 պարբ. 13-14]։
2. Եզեկիայի խնամատարին՝ Սեբնայի պաշտօնազրկումէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ (Եսա. 36։2, 3, 22)։ [Յնր. 16, դ07 2/1 էջ 14 պարբ. 6]։
3. Նեղութեան հետ գլուխ ելլելու նկատմամբ, ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ Եսայի 37։1, 14-20–ի արձանագրութենէն։ [Յնր. 16, դ07 2/1 էջ 15 պարբ. 1-2]։
4. Եսայի 40։31–ի լուսաբանութիւնը, Եհովայի ծառաներուն ինչպէ՞ս քաջալերութիւն կու տայ։ [Յնր. 23, դ96 9/1 էջ 29-30]։
5. Ո՞ր մօտալուտ յարձակումին ի տես, Եսայի 41։14–ի մէջ արձանագրուած Եհովայի խօսքերը մասնաւորաբար քաջալերական են այսօր։ [Յնր. 23, ip-2 էջ 24 պարբ. 16]։
6. Ինչպէ՞ս Եհովայի ցոյց կու տանք, թէ «արդարութեան հետեւողներ» ենք (Եսա. 51։1)։ [Փետր. 6, ip-2 էջ 165 պարբ. 2]։
7. Եսայի 53։12–ին մէջ նշուած «մեծեր»ը կամ շատերը որո՞նք են, եւ անոնց հետ Եհովայի վարուելու կերպէն ի՞նչ սրտապնդիչ դաս կը սորվինք։ [Փետր. 13, ip-2 էջ 213 պարբ. 34]։
8. Եհովայի ժողովուրդը վերջին օրերուն ընթացքին ի՞նչ բանի փորձառութիւնը ունեցած է, որ Եսայի 60։17–ի մէջ այլաբանօրէն նկարագրուած է։ [Փետր. 20, դ06 3/1 էջ 14 պարբ. 3]։
9. Ի՞նչ նշանակութիւն ունի «Տէրոջը ընդունելի տարին», որուն մասին Յիսուսն ու իր հետեւորդները քարոզելու յանձնարարութիւն ունէին (Եսա. 61։2)։ [Փետր. 20, ip-2 էջ 324-325 պարբ. 7-8]։
10. Եսայի 63։9–ի մէջ, Եհովայի ո՞ր հիանալի յատկութիւնը ընդգծուած է։ [Փետր. 27, դ03 7/1 էջ 27-28 պարբ. 22-23]։