Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2014–ի հոկտեմբեր 27–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Ինչպէս որ արձանագրուած է Թուոց 21։5–ին մէջ, իսրայէլացիները ինչո՞ւ Աստուծոյ եւ Մովսէսին դէմ տրտնջացին, եւ այս պատմութիւնը մեզի ի՞նչ բանէ կը զգուշացնէ։ [Սեպտ. 1, w99 8/15 էջ 26, 27]։
2. Եհովայի բարկութիւնը ինչո՞ւ բորբոքեցաւ Բաղաամի դէմ (Թուոց 22։20-22)։ [Սեպտ. 8, դ04 8/1 էջ 21 պարբ. 2]
3. Թուոց 25։11–ը ի՞նչ կ’ըսէ Փենէհէսի կեցուածքին մասին, եւ ինչպէ՞ս կրնանք զինք ընդօրինակել։ [Սեպտ 8, դ04 8/1 էջ 21 պարբ. 4]
4. Ի՞նչ կերպերով Մովսէս խոնարհութեան մէջ մեզի հոյակապ օրինակ կը հանդիսանայ (Թուոց 27։5, 15-18)։ [Սեպտ. 15, դ13 2/1 էջ 5]
5. Յեսուն եւ Քաղէբը ինչպէ՞ս զօրաւոր ապացոյց տուին, թէ հակառակութեան դիմաց անկատար մարդիկ կրնա՛ն Աստուծոյ ճամբաներուն մէջ յաջողութեամբ քալել (Թուոց 32։12)։ [Սեպտ. 22, դ94 3/1 էջ 24 պարբ. 13]
6. Սալպաադի աղջիկներուն հնազանդութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ ամուսնութեան նկատմամբ ամուրի քրիստոնեայի մը տեսակէտին ազդել (Թուոց 36։10-12)։ [Սեպտ. 29, դ08 2/1 էջ 14 պարբ. 10]
7. Իսրայէլացիները ի՞նչ հետեւանք կրեցին իրենց տրտնջող կեցուածքին ու բացասական խօսակցութեան համար, եւ այս պատմութենէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել (Բ. Օր. 1։26-28, 34, 35)։ [Հոկտ. 6, դ13 8/15 էջ 11 պարբ. 7]
8. Եհովային օրհնութիւնը վայելելու եւ Աւետեաց երկրին մէջ բարգաւաճելու համար, իսրայէլացիները ի՞նչ երկպատիկ պատասխանատուութիւն մը պէտք էր կատարէին (Բ. Օր. 4։9)։ [Հոկտ. 13, դ06 6/1 էջ 30 պարբ. 15]
9. Անապատին մէջ թափառելու ընթացքին, ի՞նչ կերպով իսրայէլացիներուն հանդերձները չմաշեցան ու անոնց ոտքերը չուռեցան (Բ. Օր. 8։3, 4)։ [Հոկտ. 20, դ04 10/1 էջ 19 պարբ. 9]
10. Ինչպէ՞ս կրնանք կիրարկել իսրայէլացիներուն տրուած այն յորդորը, որ Եհովային ‘յարին’ (Բ. Օր. 13։4, 6-9)։ [Հոկտ. 27, դ02 11/1 էջ 16 պարբ. 14]