Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, 2015–ի հոկտեմբեր 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Դ. Թագաւորաց 13։18, 19–ի արձանագրութիւնը ինչպէ՞ս կը լուսաբանէ Եհովայի ծառայութեան մէջ նախանձախնդիր ըլլալու եւ ամբողջ սրտով իրեն ծառայելու կարեւորութիւնը։ [Սեպտ. 7, դ10 4/1 էջ 29 պարբ. 11]
2. Յովնան որպէս մարգարէ ծառայած ատեն Իսրայէլի մէջ ո՞վ կ’իշխէր, եւ Դ. Թագաւորաց 14։23-25–ը նկատի ունենալով Յովնանի ծառայութիւնը ինչո՞ւ պէտք է գնահատենք։ [Սեպտ. 7, w09 1/1 էջ 25 պարբ. 4]
3. Աքազ ինչպէ՞ս Եսայիին միջոցաւ Աստուծոյ տուած ուղղութեան նկատմամբ վստահութեան պակաս ցուցաբերեց, եւ ի՞նչ հարցում կրնանք մենք մեզի հարցնել երբ կարեւոր որոշումներ պիտի կայացնենք (Դ. Թագ. 16։7)։ [Սեպտ. 14, դ13 11/15 էջ 17 պարբ. 5]
4. Ռափսակին գործածած ո՞ր մեթոտը այժմ Աստուծոյ ժողովուրդին հակառակորդները կը գործածեն, եւ ի՞նչ յատկութիւն մեզի կրնայ օգնել որ հակառակորդներուն սխալ մտածելակերպը մերժենք (Դ. Թագ. 18։22, 25)։ [Սեպտ. 14, դ10 7/1 էջ 13 պարբ. 3, 4]
5. Խոնարհութեան նկատմամբ Յովսիայի օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել որ լիովին օգտուինք Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութենէն եւ սերտողութենէն (Դ. Թագ. 22։19, 20)։ [Սեպտ. 21, դ00 3/1 էջ 30 պարբ. 2]
6. Հնագիտութիւնը ինչպէ՞ս հաստատած է Դ. Թագաւորաց 25։27-30–ի մէջ նշուած երկու թագաւորներուն գոյութիւնը։ [Սեպտ. 28, դ12 7/1 էջ 5 պարբ. 2, 3]
7. Գաբէս ի՞նչ երեք խնդրանքներ ներկայացուց Եհովային, եւ ասիկա աղօթքի մասին մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ (Ա. Մն. 4։9, 10)։ [Հոկտ. 5, w10 10/1 էջ 23]
8. Ա. Մնացորդաց 5։18-22–ի մէջ նկարագրուած պատերազմին արդիւնքը ինչպէ՞ս կրնայ մեզ զօրացնել մեր հոգեւոր պատերազմը քաջութեամբ շարունակելու։ [Հոկտ. 12, դ05 10/1 էջ 9 պարբ. 7]
9. Դաւիթ ինչո՞ւ կրցաւ հասկնալ ու յարգել Եհովայի օրէնքին ետին գտնուող սկզբունքները արեան սրբութեան շուրջ, եւ Դաւիթի օրինակը մեզ պէտք է մղէ ի՞նչ ընելու (Ա. Մնացորդաց 11։17-19)։ [Հոկտ. 19, դ12 11/1 էջ 13, 14 պարբ. 12-14]
10. Երբ Դաւիթ ջանաց ուխտին տապանակը Երուսաղէմ փոխադրել ան ի՞նչ բան անտեսեց, եւ այս արձանագրութենէն ի՞նչ կարեւոր դաս կը սորվինք (Ա. Մն. 15։13)։ [Հոկտ. 26, դ03 5/1 էջ 19 պարբ. 11-13]