Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 3 էջ 11
  • Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ հնազանդողներուն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ հնազանդողներուն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • 1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԻՄԱՍՏՈՒՆ Կ’ԸԼԼԱՆՔ
  • 2. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԵՐՋԱՆԻԿ Կ’ԸԼԼԱՆՔ
  • «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը»
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Պատրա՞ստ ես հնազանդելու
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2014
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 3 էջ 11
Ընտանիք մը միասին ուրախ ժամանակ կ’անցընէ։ Խոհանոցը, մայրը աղջիկներէն մէկուն հետ ուտելիք կը պատրաստէ։ Նստասենեակին մէջ, հայրը միւս աղջիկին հետ նկարներ կը դիտէ։

Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդելով՝ կրնանք իսկապէս երջանիկ ըլլալ

Օրհնութիւններ՝ Աստուծոյ հնազանդողներուն

Մովսէս մարգարէն ըսաւ, որ եթէ Աստուծոյ պատուէրներուն հնազանդինք, Իր օրհնութիւնը պիտի ստանանք (Բ. Օրինաց 10։13. 11։27)։ Պատիժէ վախնալով չէ որ Աստուծոյ կը հնազանդինք։ Անոր գեղեցիկ յատկութիւնները մեզ կը մղեն իրեն հնազանդելու, քանի որ զինք կը սիրենք ու չենք ուզեր ընել բան մը, որ զինք կրնայ տխրեցնել։ «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք» (Ա. Յովհաննէս 5։3)։

Բայց Աստուծոյ հնազանդիլը ինչպէ՞ս օրհնութիւններ կը բերէ։ Նկատի առ երկու կերպ։

1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԻՄԱՍՏՈՒՆ Կ’ԸԼԼԱՆՔ

«Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ» (ԵՍԱՅԻ 48։17)։

Եհովա Աստուած, մեր Ստեղծիչը, մեզ կը ճանչնայ եւ պէտք եղած առաջնորդութիւնը կու տայ։ Եթէ կ’ուզենք որ իր ուսուցումները մեզի օգնեն իմաստուն որոշումներ առնելու, պէտք է Սուրբ Գրութիւններէն սորվինք, թէ Աստուած ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք, եւ ապա մեր սորվածը գործադրենք։

2. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀՆԱԶԱՆԴԵԼՈՎ ԵՐՋԱՆԻԿ Կ’ԸԼԼԱՆՔ

«Երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (ՂՈՒԿԱՍ 11։28)։

Ներկայիս միլիոնաւորներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքին կը հնազանդին, իսկական ուրախութիւն կը վայելեն։ Օրինակ, նկատի առ Սպանիոյ մէջ ապրող տղամարդ մը, որ դիւրաւ կը բարկանար եւ կոշտ կերպով կը վարուէր ուրիշներուն հետ, մէջը ըլլալով իր կինը։ Օր մը, երբ Մովսէս մարգարէին գրութիւններէն կը կարդար, նկատեց Յակոբի տղուն՝ Յովսէփին, հեզ անձնաւորութիւնը։ Յովսէփ որպէս ստրուկ ծախուեցաւ եւ անարդարօրէն բանտարկուեցաւ. սակայն մնաց ազնիւ, խաղաղարար ու ներող (Ծննդոց, գլուխ 37-45)։ Տղամարդը ընդունեց. «Յովսէփի մասին մտածելը զիս մղեց, որ հեզութիւն, քաղցրութիւն ու ինքնազսպում մշակեմ։ Առ ի արդիւնք, այժմ երջանիկ կեանք մը կը վայելեմ»։

Սուրբ Գրութիւնները յաւելեալ ուղղութիւններ կու տան, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուինք ուրիշներու հետ։ Յաջորդ յօդուածը ասոր մասին մանրամասնօրէն կը խօսի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել