Սէրը մեզ կը մղէ, որ ուրիշներուն շահերը մեր շահերէն առաջ դնենք
Ինչպէ՞ս սէր ցոյց տանք մարդոց հանդէպ
Առաջին մարդուն՝ Ադամին, սերունդը ըլլալով, մենք բոլորս մէկ ընտանիք ենք։ Թէեւ ընտանիքի անդամներէն կ’ակնկալուի իրար սիրել ու յարգել, բայց ներկայիս այսպիսի սէր հազուագիւտ է։ Մեր սիրալիր Աստուծոյ ուզածը ասիկա չէ։
ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ
«Քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛» (ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ 19։18)։
«Սիրեցէք ձեր թշնամիները» (ՄԱՏԹԷՈՍ 5։44)։
Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ՄԱՐԴԻԿԸ ՍԻՐԵԼ
Նկատէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս կը նկարագրէ սէրը իր Խօսքին մէջ՝ Ա. Կորնթացիս 13։4-7.
«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է»։
Նկատի առ. Ի՞նչ կը զգաս, երբ ուրիշներ քեզի հետ համբերութեամբ ու ազնուութեամբ կը վարուին, եւ սխալներուդ բարկութեամբ չեն հակազդեր։
«Սէրը չի նախանձիր»։
Նկատի առ. Ի՞նչ կը զգաս, երբ ուրիշներ քեզի հանդէպ չափազանց կասկածամիտ են կամ քեզի կը նախանձին։
Սէրը «իրենը չի փնտռեր»։
Նկատի առ. Ի՞նչ կը զգաս, երբ ուրիշներ պատրաստ են տեսակէտներդ յարգելու եւ միշտ չեն պնդեր իրենց կարծիքին վրայ։
Սէրը «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (ՆԱ)։
Նկատի առ. Աստուած կը ներէ անոնց, որոնք իրեն դէմ մեղանչած են բայց զղջացած են։ «Անիկա մինչեւ վերջը չի հակառակիր եւ յաւիտեանս ոխ չի պահեր» (Սաղմոս 103։9)։ Մենք կը գնահատենք երբ մեզի ներէ մէկը, որ վիրաւորած ենք։ Ուստի պէտք է պատրաստ ըլլանք ուրիշներու ներելու, երբ մեզ վիրաւորեն (Սաղմոս 86։5)։
Սէրը «անիրաւութեան վրայ չի խնդար»։
Նկատի առ. Երբ մեզի գէշ բան մը պատահի, չենք ուզեր որ ուրիշներ մեր տառապանքին համար ուրախանան։ Ուստի չենք ուրախանար, երբ ուրիշներ տառապին, նոյնիսկ եթէ մեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ունեցած են։
Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելու համար, պէտք է այս կերպերով ուրիշները սիրենք, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց տարիքը, ազգութիւնը կամ կրօնքը։ Ասիկա ընելու գործնական կերպ մըն է՝ կարիքաւորներուն օգնել։