Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դհ20 թիւ 3 էջ 13
  • Օրհնութիւններ՝ կարիքաւորներու օգնողներուն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օրհնութիւններ՝ կարիքաւորներու օգնողներուն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ
  • Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐԻ ՄԸ ՕԳՆԵԼ
  • Եհովայի օգնութիւնը կ’ընդունի՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2005
  • Էթնիքական անհանդուրժողութեան լուծումը ի՞նչ է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • ‘Աստուծոյ աչքին կը հարստանա՞ս’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ոչխարներուն եւ այծերուն համար ի՞նչ ապագայ վերապահուած է
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (հանրամատչելի) 2020
դհ20 թիւ 3 էջ 13
Մարդ մը քարտէս մը գործածելով ցոյց կու տայ անհատի մը ուզած ուղղութիւնները։

Կրնա՞ս ուրիշներուն օգնել, առանց նկատի առնելու անոնց տարիքը, ազգութիւնը կամ կրօնքը

Օրհնութիւններ՝ կարիքաւորներու օգնողներուն

Աշխարհի տարածքին շատեր ուտելիքի եւ ապաստանարանի պէտք ունին։ Ուրիշներ ալ պարզապէս ապագային նկատմամբ յոյսի պէտք ունին։ Երբ ջանք ընենք այսպիսիներու օգնելու, Աստուծոյ հաւանութիւնը եւ օրհնութիւնը պիտի ունենանք։ Ինչպէ՞ս։

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ

«Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (ԱՌԱԿԱՑ 19։17)։

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐԻ ՄԸ ՕԳՆԵԼ

Յիսուս առակ մը պատմեց մարդու մը մասին, որուն վրայ աւազակներ յարձակեցան եւ զինք վիրաւորելով կիսամեռ ձգեցին–գացին (Ղուկաս 10։29-37)։ Բարեացակամ օտար մը անոր քով կանգ առաւ ու անոր հոգ տարաւ։ Ան ասիկա ըրաւ, թէեւ անոր ազգէն չէր։

Այս ազնիւ մարդը ոչ միայն վիրաւորին անմիջապէս բժշկական օգնութիւն տուաւ եւ նիւթական գետնի վրայ օգտակար դարձաւ, հապա նաեւ զինք մխիթարեց եւ նեղութիւնը թեթեւցուց։

Այս առակէն ի՞նչ կը սորվինք։ Յիսուս ցոյց տուաւ, որ կարիքաւորներուն պէտք է օգնենք որեւէ կերպով որ կրնանք (Առակաց 14։31)։ Սուրբ Գրութիւնները կը սորվեցնեն, թէ Աստուած շատ մօտ ատենէն աղքատութեան ու տառապանքին վերջ պիտի դնէ։ Բայց թերեւս հարց տանք, թէ ան ասիկա ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ պիտի ընէ։ Յաջորդ յօդուածը պիտի քննարկէ այն օրհնութիւնները, որ սիրառատ Ստեղծիչդ քեզի համար վերապահած է։

«ԱՍՏՈՒԱԾ ԲՆԱ՛Ւ ԶԻՍ ՉԷ ԼՔԱԾ»

Կը պատմէ Կամպիայէն գաղթող մը

«Երբ Եւրոպա հասայ, բա՛ն մը չունէի. ո՛չ գործ, ո՛չ դրամ, ոչ ալ տուն։ Սուրբ Գրութիւններուն ուսուցումները ինծի օգնած են, որ հնարամիտ ու աշխատասէր ըլլամ եւ փոխանակ պարզապէս օգնութիւն խնդրելու, ե՛ս ուրիշներուն օգնեմ։ Աստուած բնա՛ւ զիս չէ լքած, եւ անոր օրհնութիւնը շօշափած եմ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել