Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ22 Դեկտեմբեր էջ 14
  • Հարցումներ ընթերցողներէն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումներ ընթերցողներէն
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա. «Ազատարար»՝ Աստուածաշունչի ժամանակներուն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2008
  • Աստուծոյ հոգիին ապաւինեցէք՝ երբ կեանքի պարագաները փոխուին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • «Սորվեցո՛ւր ինծի որ քու կամքդ ընեմ»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2012
  • Եհովայի անունը միասի՛ն բարձրացնենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
դ22 Դեկտեմբեր էջ 14

Հարցումներ ընթերցողներէն

Երբ Դաւիթ գրեց Սաղմոս 61։8–ին խօսքերը, ան ըսաւ որ Աստուծոյ անունը պիտի փառաբանէր «յաւիտեան»։ Արդեօք ան կը մտածէր որ բնաւ պիտի չմեռնէ՞ր

Դաւիթ թագաւոր քնար կը նուագէ եւ կ’երգէ։

Ո՛չ։ Ան ինչ որ գրեց չափազանցութիւն չէր եւ իրողութեան համաձայն էր։

Նկատի առ թէ ան ի՛նչ գրեց այդ համարին եւ նոյնանման համարներու մէջ. «Սաղմոս պիտի երգեմ քու անուանդ յաւիտեան, որպէս զի ամէն օր ուխտերս կատարեմ»։ «Իմ բոլոր սրտովս քեզ պիտի գովեմ, ո՛վ Տէր, իմ Աստուածս, ու յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ»։ «Քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ» (Սաղ. 61։8. 86։12. 145։1, 2)։

Այս խօսքերը գրելով, Դաւիթ չէր մտածեր թէ բնաւ պիտի չմեռնէր։ Ան գիտէր թէ Եհովայի որոշումին համաձայն՝ մարդկային մեղքը մահ կը պատճառէ, եւ Դաւիթ գիտակից էր, որ ինք մեղաւոր էր (Ծն. 3։3, 17-19. Սաղ. 51։4, 5)։ Ան գիտէր որ նոյնիսկ այնպիսի անհատներ, որոնք Աստուծոյ հաճութիւնը ունէին, ինչպէս՝ Աբրահամ, Իսահակ եւ Յակոբ, մեռան։ Նաեւ գիտէր որ ինքն ալ ի վերջոյ պիտի մեռնէր (Սաղ. 37։25. 39։4)։ Բայց Սաղմոս 61։8–ին մէջ գրուած իր խօսքերը ցոյց տուին իր փափաքը եւ վճռականութիւնը Աստուած փառաբանելու յաւիտեան, այսինքն՝ այնքան ատեն որ ողջ էր (Բ. Թագ. 7։12)։

Ատեններ, Դաւիթ գրեց իր կեանքին մասին, ինչ որ յայտնի կ’ըլլայ Սաղմոս 18, 51 եւ 52–ի մակագրութիւններէն։ Սաղմոս 23–ին մէջ, Դաւիթ Եհովան կը նկարագրէ որպէս հովիւ մը, որ կ’առաջնորդէ, կը թարմացնէ եւ կը պաշտպանէ։ Դաւիթ ինք այդպիսի հովիւ մըն էր։ Եւ ան կ’ուզէր Աստուծոյ ծառայել ‘իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ’ (Սաղ. 23։6)։

Չմոռնանք նաեւ որ Եհովան էր որ Դաւիթը ներշնչեց գրելու։ Դաւիթ նաեւ գրեց մարգարէութիւններ, որոնք պիտի կատարուէին շատ ժամանակ ետք։ Օրինակ, Սաղմոս 110–ին մէջ Դաւիթ խօսեցաւ ժամանակի մը մասին, երբ իր Տէրը ‘պիտի նստէր [Աստուծոյ] աջ կողմը’՝ երկինքին մէջ, եւ մեծ զօրութիւն պիտի ստանար։ Ի՞նչ ընելու։ Աստուծոյ թշնամիներուն մէջ տիրելու եւ ‘հեթանոսներուն մէջ դատաստան ընելու’։ Դաւիթ նախահայրն էր Մեսիային, որ երկինքէն պիտի իշխէր եւ ‘յաւիտեան քահանայ’ պիտի ըլլար (Սաղ. 110։1-6)։ Յիսուս հաստատեց որ Սաղմոս 110–ին մէջ գրուած մարգարէութիւնը իր մասին էր եւ որ ապագային պիտի կատարուէր (Մատ. 22։41-45)։

Այո, Դաւիթ ներշնչուեցաւ գրելու թէ՛ իր ժամանակուան մասին եւ թէ ապագային մասին, երբ յարութիւն պիտի առնէ եւ Եհովան փառաբանէ յաւիտեան։ Սաղմոս 37։10, 11 եւ 29 կրնան կիրարկուիլ թէ՛ այն ժամանակուան, երբ գրուեցան, եւ թէ ապագային։ Այդ համարները կատարուեցան անցեալին՝ Իսրայէլի մէջ եւ պիտի կատարուին ապագային՝ երբ Աստուած իր խոստումները կատարէ (տե՛ս «Դուն ինծի հետ դրախտին մէջ պիտի ըլլաս» յօդուածին 8–րդ պարբերութիւնը, այս թիւին մէջ)։

Ուրեմն, Սաղմոս 61։8–ը եւ նման համարներ ցոյց կու տան որ Դաւիթ կ’ուզէր Եհովան փառաբանել մինչեւ իր մահը։ Եւ անոնք իրապաշտօրէն ցոյց կու տան, թէ Դաւիթ ի՛նչ բան պիտի կարենայ ընել ապագային՝ երբ Եհովան զինք ետ կեանքի բերէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել