Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ24 Նոյեմբեր էջ 31
  • Ի՞նչ բաներ քեզի կ’օգնեն որ սերտողութիւնդ կանոնաւոր ըլլայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ի՞նչ բաներ քեզի կ’օգնեն որ սերտողութիւնդ կանոնաւոր ըլլայ
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանեկան յայտագիր՝ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ետ մի՛ քաշուիր. խճողուած յայտագրի մը հետ գլուխ ելիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Աստուածաշունչը սերտելու ծրագիր մը բոլորին համար
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Անձնական Ուսումնասիրութիւնը—Լուրջի Առնուելիք Հարց Մը
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2024
դ24 Նոյեմբեր էջ 31
Քոյր մը կը գործածէ լեփթոփ մը, Սուրբ Գիրք մը եւ տետրակ մը, որպէսզի անձնական սերտողութիւն ընէ։ Ան կը գործածէ Աստուծոյ Խօսքը սերտելու ուղեցոյց գրքոյկին «Դանիէլին մարգարէացած աշխարհակալ ուժերը» ցանկը։

Ի՞նչ բաներ քեզի կ’օգնեն որ սերտողութիւնդ կանոնաւոր ըլլայ

ԱՄԷՆ շաբաթ Աստուածաշունչը սերտելը աչքիդ դժուար կ’երեւնա՞յ։ Երբեմն կը զգա՞ս որ ատիկա ձանձրացուցիչ է։ Բոլորս ալ ատեններ այդպէս կը զգանք։ Բայց մտածէ ուրիշ բաներու մասին որ կանոնաւորաբար կ’ընես, օրինակի համար՝ լոգնալը։ Լոգնալը ժամանակ եւ ջանք կը պահանջէ, բայց ատկէ ետք որքա՜ն թարմացած կը զգաս։ Աստուածաշունչը սերտելն ալ կրնայ մեզ նոյնքա՛ն թարմացնել (Եփ. 5։26)։ Նկատի առ կարգ մը թելադրութիւններ, որոնք կրնան օգնել.

  • Յայտագիր դի՛ր։ Աստուածաշունչը անձնապէս սերտելը «աւելի կարեւոր» բաներէն մէկն է որ քրիստոնեան պէտք չէ անտեսէ (Փլպ. 1։10, ՆԱ)։ Սերտողութեանդ ժամանակը չմոռնալու համար, թուղթի մը վրայ գրէ օրն ու ժամը եւ ատիկա տեղ մը դիր, որ դիւրաւ կրնաս տեսնել, օրինակ՝ սառնարանին վրայ։ Կամ ալ կրնաս հեռաձայնիդ վրայ յիշեցում մը դնել։

  • Լաւագոյն ժամանակը եւ մեթոտը ընտրէ՛։ Ո՞ր մէկը քեզի համար աւելի դիւրին է։ Միայն մէ՞կ ժամ սերտելը, թէ ոչ աւելի կարճ բայց շաբաթը քանի մը անգամ սերտելը։ Դուն գիտես ի՛նչն է լաւագոյնը քեզի համար, եւ ատոր համաձայն ալ ծրագրէ։ Երբ սերտողութեանդ ժամանակը գայ եւ զգաս որ ախորժակ չունիս սերտելու, կրնա՞ս միա՛յն տասը վայրկեան մը սերտել։ Եթէ նոյնիսկ միայն տասը վայրկեան սերտես, շատ բաներ կը սորվիս։ Եւ անգամ մը որ սկսար, թերեւս ուզես շարունակել (Փլպ. 2։13)։

  • Նախապէս որոշէ թէ ի՛նչ պիտի սերտես։ Եթէ սպասես մինչեւ որ սերտողութեանդ ժամանակը գայ, որոշելու համար թէ ի՛նչ պիտի սերտես, ‘ժամանակդ օգտագործած’ պիտի չըլլաս (Եփ. 5։16, ՆԹ)։ Փորձէ յօդուածներու կամ նիւթերու ցանկ մը պատրաստել, որոնք կ’ուզես սերտել։ Երբ միտքդ հարցում մը գայ, անմիջապէս այդ ցանկին վրայ աւելցուր։ Եւ սերտողութեան ամէն մէկ նիստին վերջաւորութեան, թերեւս այդ ցանկին վրայ ուրիշ նիւթեր աւելցնես, որոնք կը փափաքիս ապագային սերտել։

  • Ճկուն եղի՛ր։ Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ամէ՛ն շաբաթ սերտես։ Ասիկա ընելու համար, թերեւս ատեններ պէտք ըլլայ որ փոխես՝ սերտողութեանդ օրն ու ժամը, սերտելու համար յատկացուցած ժամանակդ, կամ սերտելիք նիւթերդ։

Եթէ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար սերտենք, մեծապէս պիտի օգտուինք։ Ինչպէ՞ս։ Եհովային աւելի պիտի մօտենանք, մեր կեանքին մէջ իմաստուն որոշումներ պիտի առնենք եւ թարմացած պիտի զգանք (Յես. 1։8)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել