Ետ մի՛ քաշուիր. խճողուած յայտագրի մը հետ գլուխ ելիր
1. Ոմանք ինչո՞ւ կը վարանին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու։
1 Ոմանք խճողուած յայտագիր մը ունենալնուն պատճառով, թերեւս վարանին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու։ Աստուածաշունչի աշակերտի մը հոգ տանիլը ժամանակ կը պահանջէ, ինչպէս՝ ուսումնասիրութիւնը նախապատրաստել, վարել եւ անոր օգնել որ իր անձնական դժուարութիւնները յաղթահարէ։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, թէ իր անձը տուաւ, որպէսզի Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներուն օգնէր Եհովան ճանչնալու (Ա. Թես. 2։7, 8)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, նոյնիսկ եթէ մեր յայտագիրը լեցուն է։
2. Եհովայի հանդէպ մեր սէրը ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ՝ մեր ժամանակը գործածելու կերպին վրայ։
2 Պաշտամունքը ժամանակ կը պահանջէ։ Իրականութիւնն այն է, թէ պաշտամունքը ժամանակի կը կարօտի։ Օրինակի համար, մենք կանոնաւորաբար ժամանակ կը տրամադրենք՝ ժողովներուն յաճախելու, ծառայութեան մասնակցելու, Աստուածաշունչը կարդալու եւ աղօթելու համար։ Ամուսնացած անհատ մը, խճողուած յայտագիր մը ունենալով հանդերձ, ուրախութեամբ ժամանակ կը ստեղծէ իր կողակիցին տրամադրելու համար։ Որքա՜ն աւելի ուրախութեամբ ժամանակը ‘ծախու պէտք է առնենք’ Եհովան պաշտելու, քանի որ կը սիրենք զինք (Եփ. 5։15-17. Ա. Յովհ. 5։3)։ Ըստ Յիսուսի, աշակերտելու գործը մեր պաշտամունքին կենսական մէկ մասն է (Մատ. 28։19, 20)։ Ասոր վրայ խոկալը մեզի պիտի օգնէ, որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու պատասխանատուութիւնը կրելէ ետ չկենանք։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը հոգ տանիլ, նո՛յնիսկ եթէ պարագաները խանգարեն մեր ծառայութեան յայտագիրը։
3 Բայց ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ գործի, երկարատեւ հիւանդութեան կամ աստուածպետական նշանակումներու պատճառով մեր յայտագիրը խանգարուի։ Հրատարակիչներէն ոմանք, որոնք ժամանակաւորապէս կը ստիպուին հեռու ըլլալ, իրենց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը կը վարեն հեռաձայնի կամ համակարգիչի միջոցով։ Իսկ անոնք, որոնց յայտագիրը կը խանգարուի երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով, կարգադրութիւն ըրած են որ ուսումնասիրութեան համար աշակե՛րտը իրենց տունը գայ։ Ոմանք կարգադրութիւն ըրած են, որ իրենց բացակայած միջոցին, վստահելի հրատարակիչ մը իրենց տեղը վարէ ուսումնասիրութիւնը։
4. Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մասնակցիլը ի՞նչ օրհնութիւններ կը բերէ։
4 Պօղոս մեծապէս կ’ուրախանար, երբ իր ժամանակն ու կորովը կը տրամադրէր ուրիշներուն օգնելու, որ ճշմարտութիւնը սորվին (Գործք 20։35)։ Երբ Թեսաղոնիկէի մէջ իր աշխատանքին բերած արդիւնքին վրայ խորհրդածեց, ան մղուեցաւ Եհովային շնորհակալութիւն յայտնելու (Ա. Թես. 1։2բ)։ Ծառայութեան մէջ ա՛լ աւելի կրնանք ուրախանալ եւ գոհունակ զգալ, եթէ թոյլ չտանք որ խճողուած յայտագիր մը պատճառ դառնայ, որ ետ քաշուինք մեր բաժինը բերելէ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մէջ։