Գործնական ընտանեկան յայտագիր պատրաստէ
1 Լերան Քարոզին մէջ Յիսուս իր ունկնդիրները յորդորեց. «Առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը»։ (Մատթ. 6։33) Հոգեւոր բաներու նախապատուութիւն տալով ընտանիքին գործունէութիւնները ծրագրելու գործնական կերպն է՝ գրաւոր յայտագիր ունենալ։ Քանի մը վայրկեան տրամադրէ՝ ընտանիքիդ շաբաթական յայտագիրը պատրաստելու համար, գործածելով այս յաւելուածականին 6–րդ էջին վրայ գտնուող յայտագիրը։ Ընտանիքի անդամներէն ոմանք թերեւս փափաքին յայտագրին մէջ գրել գործունէութիւնները, իսկ ուրիշներ՝ փակցնել գործունէութիւնները նշող կտրօնները։
2 Ստորեւ դրուած յայտագրի նմոյշը կրնայ քեզի օգնել որ յայտագիրդ պատրաստես։ Պիտի նկատես թէ անիկա չորս հիմնական գործունէութիւններ կը պարփակէ. (1) ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ գտնուիլ, (2) ընտանեկան դաշտի ծառայութիւն, (3) ընտանեկան ուսումնասիրութիւն, եւ (4) օրուան համարը նկատի առնել։ Այս գործունէութիւնները յայտագրիդ մէջ մտցնելը կ’օգնէ որ «աւելի կարեւոր բաները» զատորոշես։ (Փիլ. 1։10, ՆԱ) Այս չորս երեսակներուն մասին յաւելեալ թելադրութիւններ կը գտնուին էջ 4-5–ի մէջ։
3 Ընտանեկան յայտագիրդ կրնայ այդ չորս գործունէութիւններէն աւելին պարփակել։ Եթէ ընտանեկան որոշ ժողով կը ծրագրես, նշէ զայն յայտագրիդ մէջ։ Եթէ միասնաբար Աստուածաշունչէն հատուած մը կը կարդաք, օրուան համարը նկատի առնելէ ետք կամ ուրիշ ատեն, նշէ զայն։ Եթէ սովորաբար որոշ ընտանեկան ժամանցի կը մասնակցիք, կրնաս զայն պարփակել յայտագրիդ մէջ։
4 Ընտանեկան յայտագիրդ յարմարցուր ընտանիքի բոլոր անդամներուն կարիքներուն ու պարագաներուն։ Պարբերաբար ստուգէ յայտագրիդ գործնական ըլլալը, եւ հարկ եղած ճշդումները ըրէ։
[Ցուցակ՝ էջ 3]
Ընտանեկան յայտագրի նմոյշ
Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ. Կիր.
[Նկար՝ էջ 3]
Առաւօտ
Յետմիջօրէ
Երեկոյ
Օրուան համարը
Ընտանեկան դաշտի ծառայութիւն (Պարբերաթերթի օր)
Հանրային Դասախօսութիւն եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւն
Ընտանեկան ուսումնասիրութիւն
Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութիւն
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոց եւ Ծառայութեան Ժողով