Ընտանեկան յայտագիր՝ օրուան համարը
1 Սիրալիր ծնողներ ամէն օր շատ ջանք կը թափեն որ իրենց զաւակներուն սննդարար ուտելիք հայթայթեն։ Աստուծոյ Խօսքով զանոնք հոգեւորապէս սնուցանելը ա՛լ աւելի կարեւոր է։ (Մատթ. 4։4) Ամէն օր օրուան համարն ու անոր մեկնաբանութիւնը ընտանեօք նկատի առնելու համար ժամանակ տրամադրելը կերպ մըն է, որով կրնաս զաւակներուդ օգնել հոգեւոր սնունդի հանդէպ լաւ ախորժակ մշակելու եւ ‘մեծնալու մինչեւ փրկութիւնը’։ (Ա. Պետ. 2։2) Ընտանեկան յայտագրիդ մէջ ո՞ւր կրնաս զայն պարփակել։
2 Ճաշի ժամանակ. Օրուան համարի քննարկութեամբ օրը սկսիլը կրնայ ընտանիքիդ օգնել որ ամբողջ օրը Եհովան յիշեն։ (Սաղմ. 16։8) Մայր մը որոշեց օրուան համարն ու անոր մեկնաբանութիւնը իր տղուն հետ կարդալ նախաճաշի ընթացքին, ապա միասնաբար աղօթել, դպրոց մեկնելէ առաջ։ Ասիկա զինք զօրացուց որ ազգայնականութեան դէմ անզիջող դիրք բռնէ, անբարոյ առաջարկներ մերժէ եւ աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն խիզախօրէն վկայէ։ Թէեւ ան դպրոցին մէջ միակ Վկան էր, բայց երբեք առանձին չզգաց։
3 Եթէ օրուան համարը առաւօտուն քննարկելը գործնական չէ, կրնաք ուրիշ ատեն զայն նկատի առնել, թերեւս ընթրիքի ընթացքին։ Ոմանք նաեւ կը խօսակցին դաշտի ծառայութեան մէջ պատահած փորձառութիւններուն կամ Աստուածաշունչի անձնական ընթերցանութենէն իրենց քաղած կէտերուն մասին։ Շատեր կաթոգին կը մտաբերեն այս առիթները սեղանին շուրջ, զանոնք նկատելով ընտանեօք անցուցած երջանիկ պահեր։
4 Գիշերը. Կարգ մը ընտանիքներու համար, օրուան համարը նկատի առնելու լաւագոյն ժամանակը՝ անկողին երթալէ քիչ առաջ է։ Ասիկա նաեւ միասնաբար աղօթելու լաւ առիթ է։ Երբ զաւակներդ ամէն օր կը լսեն ինչ որ Եհովայի մասին կը խօսիս եւ իրեն կ’աղօթես, ան իրենց համար իրական անձ մը կ’ըլլայ։
5 Թող Եհովա օրհնէ ջանքերդ որ զաւակներուդ մէջ ճշմարտութիւնը քանդակես, օգտագործելով Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկը։