ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկէն կ’օգտուի՞ս
Հոգեւոր ռութինիդ մէջ կա՞յ Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին օրուան համարն ու մեկնաբանութիւնը կարդալ։ Եթէ ո՛չ, կրնա՞ս ատիկա սովորութիւն դարձնել։ Շատեր օրուան սկի՛զբը նկատի կ’առնեն օրուան համարը, որ կարենան այդ գաղափարներուն մասին մտածել, մինչ օրուան ընթացքին իրենց առօրեայ գործերը կ’ընեն (Յես. 1։8. Սաղ. 119։97)։ Ինչպէ՞ս կրնաս օրուան համարէն աւելի օգտուիլ։ Ատոր շուրջի համարները կարդա, որպէսզի ընդհանուր նիւթը հասկնաս։ Փորձէ միտքդ բերել Սուրբ Գիրքէն պատմութիւն մը, որ կապ ունի օրուան համարին սկզբունքին հետ։ Ետքը սկզբունքը գործադրէ կեանքիդ մէջ։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը ազդէ որոշումներուդ, կեանքդ պիտի ուղղէ եւ իրապէս պիտի օգտէ քեզի (Սաղ. 119։105)։
Աշխարհի չորս կողմը գտնուող Բեթէլի ընտանիքները օրուան համարը նկատի կ’առնեն իրենց նշանակներուն սկսելէ առաջ։ Վերջերս, Բեթէլի առաւօտեան պաշտամունքի շատ մը յայտագիրներ դրուեցան JW Broadcasting® կայանին մէջ։ Իսկ հիմա ատոնք կրնաս գտնել jw.org կայքին PROGRAMS AND EVENTS բաժինին մէջ։ Վերջին անգամ ե՞րբ դիտեցիր ատոնցմէ մէկը։ Թերեւս ատոնցմէ ոմանք կը խօսին նիւթի մը մասին, որուն շատ պէտք ունիս։ Օրինակ, Ղովտին օրինակը ինչպէ՞ս կրնայ ազդել որոշումներուդ։
ԴԻՏԷ ՄԻ՛ ՍԻՐԵՐ ԱՇԽԱՐՀԸ (Ա. ՅՈՎՀ. 2։15) ՎԻՏԷՈՆ, ԵՒ ԵՏՔԸ ՊԱՏԱՍԽԱՆԷ ԱՅՍ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ.
Սուրբ Գիրքին ո՞ր սկզբունքին վրայ հիմնուած էր այս առաւօտեան պաշտամունքը։
Ղովտին պատմութիւնը ինչպէ՞ս կը ցուցնէ, որ աշխարհը կամ ատոր մէջի բաները սիրելը վտանգաւոր է (Ծն. 13։12. 14։12. 19։3, 12, 13, 24-26)։
Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել որ կը սիրենք Եհովա՛ն եւ ոչ թէ աշխարհը կամ ինչ որ ատոր մէջ է։
Օրուան ընթացքին ինչպէ՞ս կրնամ ցուցնել, որ Եհովային Խօսքը կ’արժեւորեմ։