Ո՛վ Ընտանիքի Գլուխներ, Հոգեւոր Լաւ Սովորութիւն մը Պահպանեցէք
1 Տասնեակ տարիներ կռապաշտ ու ապականած Բաբելոնի մէջ ապրելով հանդերձ, Դանիէլ ճանչցուած էր որպէս «անդադար» Եհովան պաշտող անհատ մը։ (Դան. 6։16, 20) Ան ի՞նչպէս կրցաւ իր հոգեւորականութիւնը պահպանել։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ թէ ան ճշմարիտ պաշտամունքին հետ առնչուած գործունէութիւնները կատարելու համար հաստատ սովորութիւն մը ունէր։ Օրինակ, ան սովորութիւն ունէր օրը երեք անգամ աղօթելու իր սենեակին մէջ։ (Դան. 6։10) Անկասկած, ան հոգեւոր այլ գործունէութիւններու համար ալ հաստատ սովորութիւն մը ունէր, ինչպէս՝ Օրէնքը կարդալու։ Ուստի, երբ կեանքի սպառնացող փորձութիւն մը դիմագրաւեց, Դանիէլ Եհովայի հանդէպ անխախտ նուիրում ցուցաբերեց, եւ հրաշալի կերպով ազատուեցաւ։—Դան. 6։4-22
2 Նմանապէս այսօր, պէտք է ջանանք ‘արթուն հսկել, կատարեալ յարատեւութեամբ’։ (Եփ. 6։18, Անթիլիաս) Մեր ապրած աշխարհը «չարին զօրութեան ներքեւ է»։ (Ա. Յովհ. 5։19, ՆԱ) Հակառակութիւններ կամ փորձութիւններ կրնան յանկարծ ծագիլ եւ մեր հաւատքը փորձի ենթարկել։ Մեծ նեղութեան ընթացքին, Աստուծոյ ծառաները Մագոգի Գոգին վճռական յարձակումին թիրախը պիտի դառնան, որմէ խոյս տալը պիտի թուի թէ անկարելի է։ Ասիկա Եհովայի վրայ կատարեալ վստահութիւն պիտի պահանջէ։—Եզեկ. 38։14-16
3 «Հիմնական բանալիներէն մէկն է ազդու կերպով Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնը, ուսումնասիրութիւնը եւ խօսակցութիւնը ընտանիքին ապրելակերպը դարձնել»։ Այսպէս ըսաւ 1998–ի նահանգային համաժողովի «Ո՛վ Ընտանիքներ, Աստուածաշունչի Առօրեայ Ընթերցանութիւնը Ձեր Ապրելակերպը Դարձուցէ՛ք» խորագրով թատերախաղին նախաբանը։ Ապա շարունակեց. «Երբ ընտանիքներ կանոնաւորաբար այսպիսի յայտագրի մը հետեւին եւ Աստուածաշունչը կենդանի դարձնեն, այս սուրբ գրային սովորութիւնը կրնայ շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ ընտանիքին վրայ։ Անիկա մեր գիտութիւնը կ’աւելցնէ, մեր հաւատքը կը զօրացնէ, ինչպէս նաեւ վաղեմի հաւատարիմ այրերու ու կիներու տիպար օրինակներ կու տայ, որոնք կրնան մեզ ներշնչել ու քաջալերել որ ճշմարտութիւնը պաշտպանենք»։ Մինչ հոգեւոր լաւ սովորութեան մը զանազան երեսակները նկատի կ’առնենք, ընտանիքի գլուխներ իրենց ընտանիքին հոգեւոր յայտագիրը բարելաւելու մէկ կամ երկու կերպեր պէտք է փնտռեն։
4 Աստուծոյ Խօսքը Ամէն Օր Նկատի Առէք. «Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը անարգել տիրէ եւ իր կամքը ըլլայ երկրի վրայ՝ ինչպէս երկինքը, այն ատեն վայրագ մարդիկ, նոյնիսկ անասունները, ‘պիտի չվնասեն ու չապականեն’։ (Եսայ. 11։9. Մատթ. 6։9, 10)»։ Այս խօսքերը յիշուած էին 2001–ի Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկին, Սեպտեմբեր 11–ի օրուան համարին մեկնաբանութեան մէջ։ Այս վերյիշեցումը փաստօրէն որքա՜ն մխիթարական էր։ Որպէս ընտանիքի գլուխ, Աստուածաշունչէն օրուան համարն ու անոր մեկնաբանութիւնը ընտանիքիդ հետ նկատի առնելու առօրեայ սովորութիւնը ունի՞ս։ Ասիկա շատ օգտակար է։ Եթէ առաւօտուն ընտանեօք հաւաքուիլը կարելի չէ, թերեւս կրնաք օրուան ուրիշ մէկ պահուն հաւաքուիլ։ Հայր մը ըսաւ. «Մեզի համար ընթրիքի պահը յարմար ժամանակ մըն է Աստուածաշունչէն օրուան համարը նկատի առնելու»։
5 Եթէ արդէն իսկ ընտանեօք օրուան համարը նկատի առնելու լաւ սովորութիւնը ունիք, գովելի էք։ Թերեւս այս սովորութենէն կրնաք աւելի օգտուիլ, Աստուածաշունչէն հատուած մը կարդալով։ Ոմանք սովորութիւն դարձուցած են կարդալ այն լման գլուխը, որմէ առնուած է օրուան համարը։ Ուրիշներ յաջորդաբար կը կարդան Աստուածաշունչէն իրենց ընտրած որոշ մէկ գիրքը։ Աստուածաշունչի առօրեայ ընթերցանութիւնը ձեր ընտանիքին պիտի օգնէ Եհովան տհաճեցնելու առողջ վախ մը մշակելու եւ իր կամքը ընելու իրենց փափաքը պիտի խորացնէ։—Բ. Օր. 17։18-20
6 Ձեր ընտանիքին Աստուածաշունչի ընթերցանութեան յայտագրէն եւ օրուան համարին քննարկութենէն ա՛լ աւելի օգուտ պիտի քաղէք, եթէ տեղեկութեան գործնական արժէքը նկատի առնելու համար քանի մը վայրկեան տրամադրէք։ Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 60–րդ էջը, հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Կրնաք, . . . այդ շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն քանի մը համարներ ընտրել, անոնց նշանակութիւնը բացատրել, ապա հետեւեալին նման հարցումներ հարցնել. ‘Ասիկա ի՞նչպէս մեզի ուղղութիւն կը հայթայթէ։ Այս համարները ի՞նչպէս կրնանք ծառայութեան մէջ գործածել։ Ասոնք ի՞նչ կը յայտնեն Եհովայի եւ իր գործառնութեանց մասին, եւ ի՞նչպէս իրեն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կը կերտեն’»։ Այսպիսի հոգեւոր խօսակցութիւններ ձեր ընտանիքի բոլոր անդամներուն պիտի օգնեն որ շարունակեն ‘իմանալ թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը’։—Եփ. 5։17
7 Ընտանեկան Ուսումնասիրութիւն. Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ամէն շաբաթ կանոնաւորաբար վարելը լաւ կերպ մըն է, որ ընտանիքի գլուխներ իրենց զաւակներուն ցոյց տան թէ հոգեւոր բաները առաջին տեղը կը գրաւեն։ Երիտասարդ մը կը մտաբերէ. «Երբեմն հայրս գործէն ա՛յնքան յոգնած կու գար, որ չէր կրնար արթուն մնալ, բայց եւ այնպէս ուսումնասիրութիւնը կ’ունենայինք, եւ ասիկա մեզի օգնեց որ անոր լրջութիւնը ըմբռնենք»։ Երախաներն ալ այս կարգադրութեան յաջողութեան կրնան նպաստել։ Ինը զաւակներէ բաղկացած ընտանիք մը, կանոնաւորաբար ժամը 5–ին կ’արթննային իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ընելու համար, քանի որ ուրիշ յարմար ժամանակ չունէին։
8 Ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ազդու ըլլալու համար, ընտանիքին գլուխը պէտք է ‘ուշադիր ըլլայ իր ուսուցումին’։ (Ա. Տիմ. 4։16, ՆԱ) Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքը, էջ 32–ի վրայ, կ’ըսէ. «Իրապէս կրնայ ըսուիլ թէ ազդեցիկ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն մը կը սկսի ուղղակի ձեր ընտանիքի անդամներուն վիճակը ուսումնասիրելով։ Ձեր ընտանիքի անդամներուն հոգեւոր յառաջդիմութիւնը ի՞նչպէս է։ . . . Երբ ձեր զաւակներուն հետ դաշտի ծառայութեան մէջ էք, իրենց նմաններուն դիմաց հանգստօրէն իրենք զիրենք կը ճանչցնե՞ն որպէս Եհովայի Վկաներ։ Աստուածաշունչի ընտանեկան ընթերցանութեան եւ ուսումնասիրութեան ձեր յայտագրէն հաճոյք կ’առնե՞ն։ Եհովայի ճամբան իրապէս իրենց ապրելակերպը կը դարձնե՞ն։ Այս բաներուն լաւ կերպով ուշադրութիւն ընծայելը պիտի յայտնէ թէ որպէս տան գլուխ ի՛նչ պէտք է ընէք, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին մէջ հոգեւոր յատկութիւններ կերտելու համար»։
9 Ժողովքային Հանդիպումներ. Ժողովքային հանդիպումներուն պատրաստուիլը եւ ներկայ գտնուիլը ձեր շաբաթական սովորութեան կարեւոր մէկ մասը պէտք է ըլլայ։ (Եբր. 10։24, 25) Երբեմն, թերեւս կարենաք կարգ մը ժողովներ ընտանեօք պատրաստել։ Փոխանակ վերջին վայրկեանին ընելու, կրնա՞ք կարգադրել որ կանխաւ պատրաստէք։ Այս ուղղութեամբ հաստատ սովորութիւն մը ունենալը պիտի բարելաւէ թէ՛ ձեր պատրաստութեան որակը եւ թէ ժողովներէն քաղած ձեր օգուտները։—Առ. 21։5
10 Որակն ու յարատեւութիւնը հոգեւոր ազդու սովորութեան մը յատկանիշներն են։ Ի՞նչ կրնաք ընել եթէ պարագաները չեն ներեր որ բոլոր ժողովները պատրաստէք։ Ծառայութեան Դպրոց դասագրքին 31–րդ էջը հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Նիւթերը նկատի առնելու սիրոյն, հապճեպով անոնց վրայէն անցնելու, կամ քանի որ բոլորը չէք կրնար ուսումնասիրել, ո՛չ մէկը ուսումնասիրելու որոգայթէն խուսափեցէք։ Ընդհակառակը, նայեցէք թէ ո՛րքան կրնաք ուսումնասիրել եւ անիկա լաւ կերպով ըրէք։ Ասիկա ամէն շաբաթ ըրէք։ Ժամանակի ընթացքին, ուրիշ ժողովներ ալ պարփակեցէք անոր մէջ»։
11 Եբր ընտանիքներ կանուխ ժողովի գան, ասիկա անոնց կ’օգնէ որ Եհովան փառաբանելու եւ իր հայթայթած ցուցմունքներէն օգտուելու համար պատշաճ մտավիճակը ունենան։ Ձեր ընտանիքը այս սովորութիւնը ունի՞։ Ասիկա տան բոլոր անդամներուն կողմէ լաւ ծրագրում եւ համագործակցութիւն կը պահանջէ։ Եթէ յաճախ կը նկատէք որ ժողովի երեկոները ձեր ընտանիքը վազվզուքի մէջ եւ ճնշուած է, ձեր սովորութեան մէջ փոփոխութիւններ կարելի՞ է մտցնել։ Կարելի՞ է կարգ մը բաներու նախապէս հոգ տանիլ։ Եթէ ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկը ընելիք շատ բաներով ծանրաբեռնուած է, միւսները կրնա՞ն օգնել։ Ճնշուածութիւնը կրնա՞յ թեթեւնալ, եթէ ամէն ոք քանի մը վայրկեան առաջ պատրաստ ըլլայ ժողովի մեկնելու։ Լաւ կազմակերպուած ըլլալը խաղաղ մթնոլորտի մը կը նպաստէ, թէ՛ ընտանիքին եւ թէ ժողովքին մէջ։—Ա. Կորն. 14։33, 40
12 Դաշտի Ծառայութիւն. Ծառայութեան մասնակցելու համար որոշ ժամանակներ հաստատելը, հոգեւոր լաւ սովորութեան մը ուրիշ մէկ մասն է։ Ճէյսըն անունով երիտասարդ մը կը մտաբերէ. «Մեր ընտանիքին մէջ, Շաբաթ առաւօտները միշտ դաշտի ծառայութեան յատկացուած էին։ Ասիկա ինծի համար լաւ էր, քանի որ ո՛րքան աւելի ծառայութեան կ’երթայի, ա՛յնքան աւելի կը նկատէի անոր օգուտները եւ ա՛յնքան աւելի հաճոյք կ’առնէի անկէ»։ Վկայ ընտանիքներու մէջ մեծցած բազմաթիւ երիտասարդներ նոյնպէս նկատած են, թէ ամէն շաբաթ ծառայութեան համար որոշուած ժամանակ մը ունենալը, իրենց օգնած է որ յառաջդիմեն որպէս Քրիստոնեայ քարոզիչներ։
13 Հաստատ սովորութիւն մը նաեւ կրնայ օգնել որ դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր ընտանիքին տրամադրած ժամանակը աւելի հաճելի եւ արդիւնաբեր ըլլայ։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնայ իրագործուիլ։ Դիտարան 1 Յուլիս 1999, էջ 31, հետեւեալ թելադրութիւնը տուաւ. «Ձեր ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին երբեմն ժամանակ կը յատկացնէ՞ք ձեր տան անդամներուն օգնելու, որ այդ շաբթուան դաշտի ծառայութեան համար պատրաստուին։ Ասիկա շա՛տ օգտաշատ կրնայ ըլլալ։ (Բ. Տիմոթէոս 2։15) Անիկա կրնայ օգնել որ իրենց ծառայութիւնը իմաստալից եւ արդիւնաբեր ըլլայ։ Պարբերաբար, կրնաք ամբողջ ուսումնասիրութեան պահ մը յատկացնել այսպիսի պատրաստութեան համար։ Շատ յաճախ, կրնաք դաշտի ծառայութեան կարգ մը երեսակներուն մասին հակիրճ կերպով խօսիլ ընտանեկան ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան, կամ շաբթուան մէջ ուրիշ ժամանակ մը»։ Ձեր ընտանիքը ասիկա փորձա՞ծ է։
14 Շարունակեցէք Յառաջդիմել. Այս քննարկման մէջ նկատեցի՞ք կարգ մը մարզեր, որոնց մէջ ձեր ընտանիքը լաւ օրինակ կը հանդիսանայ։ Գովեցէք զանոնք, եւ ջանացէք բարելաւումներ մտցնել։ Եթէ տեսնէք քանի մը մարզեր, որոնք բարեփոխումներու կարիքը ունին, նախ ընտրեցէք մէկ կամ երկու հատ եւ անոնց վրայ աշխատեցէք։ Երբ անոնք ձեր հոգեւոր սովորութեան մէկ մասը դառնան, ուրիշ մէկ կամ երկու հատի վրայ աշխատեցէք։ Դրական ու բանաւոր եղէք։ (Փիլ. 4։4, 5) Ձեր ընտանիքին համար հոգեւոր լաւ սովորութիւն հաստատելը իսկական ջանք կը պահանջէ, սակայն ասիկա ընելը կ’արժէ, քանի որ Եհովա կը վստահեցնէ մեզ. «Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողին պիտի ցուցնեմ Աստուծոյ փրկութիւնը»։—Սաղմ. 50։23