Օգնութիւն ընտանիքներու համար
1. Շաբաթական Շաբաթը իսրայէլացի ընտանիքներուն ինչպէ՞ս օգտեց։
1 Շաբաթը պահելը՝ Եհովայի կողմէ սիրալիր կարգադրութիւն մըն էր, որ ընտանիքներու օգուտ բերաւ։ Իսրայէլացիները իրենց առօրեայ գործերէն կը հանգչէին ու ժամանակ կ’ունենային Եհովայի բարութեան եւ անոր հետ իրենց փոխյարաբերութեան մասին խոկալու։ Ծնողներ կրնային այս պատեհութիւնը օգտագործել՝ իրենց զաւակներու սրտին մէջ Օրէնքը քանդակելու (Բ. Օր. 6։6, 7)։ Շաբաթի կարգադրութիւնը Եհովայի ժողովուրդին իւրաքանչիւր շաբաթ ժամանակ տուաւ, որ իրենց հոգեւորութեան ուշադրութիւն ընծայեն։
2. Շաբաթը Եհովայի մասին ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։
2 Անշուշտ, Եհովա այլեւս ընտանիքներէ չի պահանջեր որ Շաբաթը պահեն։ Սակայն այդ օրէնքը մեզի բան մը կը սորվեցնէ մեր Աստուծոյն մասին։ Ան մի՛շտ իր ժողովուրդին հոգեւոր բարօրութեամբ խորապէս հետաքրքրուած է (Եսա. 48։17, 18)։ Ներկայիս, Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն կերպ մըն է, որով Եհովան այս սիրալիր հետաքրքրութիւնը կ’արտայայտէ։
3. Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին նպատակը ի՞նչ է։
3 Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին նպատակը ի՞նչ է։ Յունուար 2009–էն ի վեր, Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութիւնը սկսաւ տեղի ունենալ՝ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի եւ Ծառայութեան ժողովի միեւնոյն գիշերը։ Այս կարգադրութեան մէկ պատճառն էր՝ ընտանիքներուն պատեհութիւն տալ որ իրենց հոգեւորութիւնը զօրացնեն, ընտանեկան պաշտամունքի համար ամէն շաբաթ մասնայատուկ երեկոյ մը ծրագրելով։ Իւրաքանչիւր ընտանիքի քաջալերութիւն տրուեցաւ, որ՝ եթէ գործնական է՝ իր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը փոխադրէ ա՛յն գիշերը, երբ նախապէս տեղի կ’ունենար գիրքի ուսումնասիրութիւնը, եւ որ այս ժամանակը գործածեն ընտանիքին կարիքներուն յարմարցուած անհապճեպ աստուածաշնչական քննարկութեան եւ սերտողութեան համար։
4. Պէ՞տք է որ ընտանիքը իր քննարկութիւնը մէկ ժամի սահմանափակէ. բացատրէ՛։
4 Ժողովքի գիրքի ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուելու համար, ժամանակ կ’առնէր որ հագուէինք, ճամբայ ելլէինք, եւ այլն։ Մեզմէ շատերու համար, այս մէկ–ժամ–տեւող ժողովին ներկայ գտնուիլը երեկոյին մեծ մասը կը խլէր։ Մեր ժողովներու յայտագիրը փոխուելով, այժմ ունինք այս երեկոն Եհովան պաշտելու որպէս ընտանիք։ Հետեւաբար, հարկ չկայ որ մեր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն մէկ ժամի սահմանափակենք։ Փոխարէն, պէտք է մտածենք մեր ընտանիքի կարիքներուն ու սահմանափակումներուն մասին, եւ ըստ այնմ ժամանակ որոշենք։
5. Պէ՞տք է որ ամբողջ ժամանակը խմբային քննարկութեան յատկացուի. բացատրէ՛։
5 Պէ՞տք է որ ամբողջ ժամանակը խմբային քննարկութեան յատկացուի։ Երբ ամուսնացած զոյգեր ու զաւակի տէր ընտանիքներ միասնաբար աստուածաշնչական նիւթեր կը քննարկեն, զիրար կը քաջալերեն (Հռով. 1։12)։ Ընտանիքի անդամները իրարու աւելի կը մօտենան։ Ուստի աստուածաշնչական քննարկութիւնները Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին կարեւորագոյն մասը պէտք է ըլլան։ Սակայն, ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ նաեւ կրնայ ժամանակ յատկացնել անձնական ուսումնասիրութեան։ Օրինակ՝ խմբային քննարկութենէ ետք, ընտանիքը կրնայ միասին մնալ, մինչ իւրաքանչիւր անհատ առանձին կը շարունակէ ուսումնասիրել, թերեւս ժողովներուն նախապատրաստուիլը ամբողջացնելով կամ պարբերաթերթերը կարդալով։ Կարգ մը ընտանիքներ կը նախընտրեն հեռատեսիլը ամբողջ գիշերը մարած պահել։
6. Քննարկութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ վարուիլ։
6 Քննարկութիւնը ինչպէ՞ս կրնայ վարուիլ։ Հարկ չկայ որ քննարկութիւնը միշտ հարց–պատասխանի ձեւով ըլլայ։ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն հաճելի ու հետաքրքրական դարձնելու համար, շատ մը ընտանիքներ շաբթուան կիսուն եղող մեր ժողովին նման յայտագիր մը ունին։ Անոնք իրենց քննարկութիւնը քանի մը մասերու կը բաժնեն եւ զանոնք տարբեր ձեւերով կը վարեն։ Օրինակ՝ անոնք կրնան Աստուածաշունչը միասին կարդալ, ժողովներէն մաս մը նախապատրաստել ու ծառայութեան համար փորձի նիստեր ընել։ 6–րդ էջը կարգ մը թելադրութիւններ կու տայ։
7. Ծնողներ ինչպիսի՞ մթնոլորտ պէտք է ջանան ստեղծել։
7 Ծնողներ ինչպիսի՞ մթնոլորտ պէտք է ջանան ստեղծել։ Սիրալիր ու հանգիստ միջավայրի մը մէջ է, որ ձեր ընտանիքը լաւագոյնս պիտի սորվի։ Կրնաք երբեմն տունէն դուրս ուսումնասիրել, եթէ օդը նպաստաւոր է։ Երբ հարկ ըլլայ, ազատ զգացէք դադար առնելու։ Կարգ մը ընտանիքներ յայտագրէն ետք զովացուցիչներով կը թարմանան։ Մինչ ծնողներ պիտի խուսափին Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն յանդիմանելու կամ խրատելու համար գործածելէ, թերեւս հարկ զգան որոշ ժամանակ մը տրամադրելու, որ իրենց ուշադրութիւնը գրաւած որոշակի հոսանքի մը կամ խնդրի մը շուրջ խօսակցին։ Սակայն, նախընտրելի է որ զաւակին հետ զգայուն անձնական հարցերը առանձին քննարկէք, շաբթուան ուրիշ մէկ պահուն, որպէսզի խուսափիք իր քոյր–եղբօր առջեւ զինք ամչցնելէ։ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ձանձրացուցիչ ու չափազանց լուրջ առիթ մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մեր պաշտած երանելի Աստուածը պէտք է արտացոլացնէ (Ա. Տիմ. 1։11)։
8, 9. Ընտանիքի գլուխներէն ի՞նչ նախապատրաստութիւն պահանջուած է։
8 Ընտանիքի գլուխը ինչպէ՞ս կրնայ նախապատրաստուիլ։ Ընտանիքը լաւագոյնս պիտի օգտուի, եթէ ընտանիքին գլուխը՝ իւրաքանչիւր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն առաջուընէ պատրաստէ, որոշելով թէ ի՛նչ բաներ պիտի քննարկուին եւ թէ ի՛նչն է լաւագոյն կերպը զանոնք նկատի առնելու (Առ. 21։5)։ Լաւ կ’ընէ ամուսինը որ այս ուղղութեամբ իր կնոջ հետ խօսի (Առ. 15։22)։ Ո՛վ ընտանիքի գլուխներ, ինչո՞ւ ատեն–ատեն նաեւ ձեր զաւակներէն գաղափարներ չխնդրէք։ Եթէ խնդրէք, անոնց հետաքրքրութիւններուն ու մտահոգութիւններուն նկատմամբ արժէքաւոր խորատեսութիւն ձեռք պիտի ձգէք։
9 Ընտանիքի գլուխը ընդհանրապէս պիտի չստիպուի նախապատրաստուելու համար շա՜տ ժամանակ յատկացնել։ Հաւանաբար, ընտանիքը ամէն շաբաթ պիտի վայելէ որոշ կանոնաւոր բաժիններ, եւ ընտանիքին գլուխը պէտք պիտի չունենայ ամէն անգամ բոլորովին նոր յայտագիր մը կազմելու։ Թերեւս իրեն օգտաշատ ըլլայ նախապատրաստուիլ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութենէ ետք, մինչ ընտանիքին հոգեւոր կարիքները իր մտքին մէջ թարմ են։ Կարգ մը ընտանիքի գլուխներ հակիրճ ցանկ մը կը գրեն ու զայն տեսանելի տեղ մը կը դնեն, ինչպէս՝ սառնարանին վրայ։ Ասիկա հետաքրքրութիւն եւ ակնկալութիւն կը ստեղծէ, եւ ընտանիքին ժամանակ կու տայ որ նախապատրաստուին, եթէ հարկ կայ։
10. Առանձին ապրողները իրենց Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ինչպէ՞ս կրնան օգտագործել։
10 Իսկ եթէ ընտանիքիս մէջ միակն եմ. . . ։ Առանձին ապրողները կրնան Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն օգտագործել իրենց անձնական ուսումնասիրութեան համար։ Լաւ անձնական ուսումնասիրութեան հիմնական յայտագիր մը պէտք է պարփակէ՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն, ժողովներու նախապատրաստութիւն եւ Դիտարան–ի ու Զարթի՛ր–ի ընթերցանութիւն։ Հրատարակիչներէն ոմանք ասոնց վրայ կ’աւելցնեն անձնական ուսումնասիրութեան ծրագիր մը։ Երբեմն, անոնք թերեւս փափաքին ուրիշ հրատարակիչ մը կամ ընտանիք մը հրաւիրել, որպէսզի միասին շինիչ աստուածաշնչական քննարկութիւն մը ունենան։
11, 12. Կանոնաւոր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենալուն կարգ մը օգուտները ի՞նչ են։
11 Կանոնաւոր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենալուն օգուտները ի՞նչ են։ Անոնք որոնք ամբողջ սրտով ճշմարիտ պաշտամունքին միջամուխ կ’ըլլան, Եհովային աւելի կը մօտենան։ Աւելին, միասնաբար պաշտամունք կատարող ընտանիքի անդամներ ընտանեկան կապերը կը զօրացնեն։ Ամուսնացած զոյգ մը իրենց վայելած օրհնութիւններուն նկատմամբ գրեցին. «Անզաւակ ռահվիրայ զոյգ մը ըլլալով, մենք իրապէս անձկալից կը սպասենք մեր Ընտանեկան պաշտամունքի գիշերին։ Այնպէս կը զգանք, թէ իրարու եւ մեր երկնաւոր Հօր աւելի կը մօտենանք։ Այժմ, երբ կ’արթննանք այն օրը որ ծրագրած ենք միասին ուսումնասիրել, իրարու կ’ըսենք. ‘Գիտցիր թէ այս գիշեր ի՞նչ կայ. . . Ընտանեկան պաշտամո՛ւնք’»։
12 Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյ մը ունենալու կարգադրութիւնը նաեւ բազմազբաղ ընտանիքներուն կ’օգնէ։ Առանձին մայր մը, որ երկու որդի կը մեծցնէ եւ կանոնաւոր ռահվիրայութիւն կ’ընէ, գրեց. «Անցեալին, մեր ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը կը տուժէր։ Անիկա անկանոն եւ անկայուն էր, քանի որ ես յոգնած կ’ըլլայի։ Պարզապէս չէի կրնար զայն պարփակելու ձեւը գտնել։ Ուստի ձեզի կը գրեմ՝ խոր շնորհակալութիւնս յայտնելով Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին համար։ Յաջողակ կերպով կանոնաւոր ընտանեկան ուսումնասիրութիւն կ’ունենանք եւ օգուտները կը քաղենք»։
13. Ի՞նչ բան կ’որոշէ, թէ ընտանիքդ որքանով պիտի օգտուի այս կարգադրութենէն։
13 Շաբաթին նման, Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն մեր երկնաւոր Հօր կողմանէ պարգեւ մըն է, որ կրնայ ընտանիքներուն օգնել (Յակ. 1։17)։ Այն կերպը՝ որով իսրայէլացի ընտանիքները Շաբաթը գործածեցին, որոշեց թէ ո՛րքանով օգտուեցան հոգեւոր գետնի վրայ։ Նմանապէս, ընտանեկան պաշտամունքի համար տրուած երեկոն գործածելու մեր կե՛րպը կ’որոշէ, թէ ո՛րքանով պիտի օգտուի մեր ընտանիքը (Բ. Կոր. 9։6. Գաղ. 6։7, 8. Կող. 3։23, 24)։ Այս կարգադրութիւնը լաւ կերպով օգտագործելով, ընտանիքդ կրնայ բաժնել սաղմոսերգուին զգացումները. «Բայց Աստուծոյ մօտենալս բարի է ինծի։ Յոյսս դրեր եմ Տէր Եհովային վրայ» (Սաղ. 73։28)։
[Մէջբերում՝ էջ 5]
Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոն ձանձրացուցիչ ու չափազանց լուրջ առիթ մը պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ մեր պաշտած երանելի Աստուածը պէտք է արտացոլացնէ
[Շրջանակ՝ էջ 6]
ՊԱՀԷ՛
Կարգ մը գաղափարներ Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին համար
Աստուածաշունչ.
• Աստուածաշունչի շաբաթական ընթերցանութենէն մաս մը միասնաբար կարդացէք։ Եթէ հատուածը թոյլ կու տայ, մէկ հոգի կրնայ պատմութիւնը կարդալ, իսկ ուրիշներ կրնան տարբեր անձնաւորութիւններու խօսքերը կարդալ։
• Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հատուած մը խաղարկեցէք։
• Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամը նախապէս նշանակէ, որ Աստուածաշունչի որոշեալ գլուխները կարդայ, եւ նիւթին շուրջ մէկ կամ երկու հարցում գրի առնէ։ Ետքը, բոլորին հարցումները միասնաբար պրպտեցէք։
• Ամէն շաբաթ, քարտի մը վրայ Աստուածաշունչէն համար մը գրեցէք, եւ փորձեցէք զայն գոց սորվիլ ու բացատրել։ Քարտերու հաւաքածոյ մը պահեցէք, եւ իւրաքանչիւր շաբաթ զանոնք վերաքաղ ըրէք, որ տեսնէք թէ քանի՛ համար կը յիշէք։
• Աստուածաշունչի ընթերցանութեան ձայնագրութիւն մը մտիկ ըրէք, մինչ Աստուածաշունչէն անոր կը հետեւիք։
Ժողովներ.
• Ժողովներէն մաս մը միասին նախապատրաստեցէք։
• Յառաջիկայ շաբթուան համար ծրագրուած Թագաւորութեան երգերը փորձ ըրէք։
• Եթէ մէկը Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ բաժին մը ունի, կամ՝ Ծառայութեան ժողովին մէջ ցուցադրութիւն, զայն ներկայացնելու գաղափարներ քննարկեցէք կամ ընտանիքին առջեւ փորձ ըրէք։
Ընտանիքին կարիքները.
• Պատանիներ կամ Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքէն նիւթեր նկատի առէք։
• Փորձի նիստ մը ունեցէք, թէ ինչպէ՛ս ձեռք առնել կացութիւն մը, որ հաւանական է որ ծագի դպրոցին մէջ։
• Փորձի նիստ մը ունեցէք, ուր ծնողներն ու զաւակները իրենց դերերը կը փոխանակեն։ Զաւակները նիւթի մը շուրջ պրպտում կ’ընեն, եւ ապա իրենց ծնողքին հետ կը պատճառաբանեն։
Ծառայութիւն.
• Շաբաթավերջին համար ներկայացումներ պատրաստելու փորձի նիստեր ունեցէք։
• Իրապաշտ նպատակակէտեր քննարկեցէք, զորս ընտանիքի անդամները կրնան դնել, Յիշատակատօնի շրջանին կամ արձակուրդի ժամանակամիջոցին ծառայութեան մէջ իրենց բերած բաժինը աւելցնելու։
• Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին քանի մը վայրկեան առիթ տուէք, որ պրպտէ թէ ինչպէ՛ս պատասխանէ տարբեր հարցումներու, որոնք կրնան ծագիլ ծառայութեան մէջ. եւ ապա փորձի նիստեր ունեցէք։
Յաւելեալ թելադրութիւններ.
• Ընթացիկ պարբերաթերթերէն յօդուած մը միասնաբար կարդացէք։
• Խնդրէ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամէն, որ ընթացիկ պարբերաթերթերէն զինք հրապուրող յօդուած մը առաջուընէ կարդայ, եւ ապա ատոր մասին տեղեկագիր մը ներկայացնէ։
• Ատեն–ատեն, հրատարակիչ մը կամ զոյգ մը հրաւիրեցէք, որ ձեր Ընտանեկան պաշտամունքի երեկոյին մասնակցի, ու թերեւս հարցազրոյց ընէք անոնց հետ։
• Մեր տեսաերիզներէն մէկը դիտեցէք ու քննարկեցէք։
• Զարթի՛ր–էն միասնաբար նկատի առէք «Պատանիները կը հարցնեն» կամ «Ընտանեօք քննարկենք» յօդուածը։
• Դիտարան–էն միասնաբար քննարկեցէք «Զաւակներուդ սորվեցուր» կամ «Պատանիներու համար» յօդուածը։
• Ընթացիկ Տարեգիրք–էն կամ վերջին նահանգային համաժողովին լոյս տեսած մէկ հրատարակութենէն հատուած մը կարդացէք ու քննարկեցէք։
• Համաժողովի մը ներկայ գտնուելէն ետք, աչքառու կէտերը վերաքաղ ըրէք։
• Եհովայի ստեղծագործութիւնը անձամբ դիտեցէք ու քննարկեցէք, թէ անիկա մեզի ի՛նչ կը սորվեցնէ Եհովային մասին։
• Միասնաբար ծրագիրի մը վրայ աշխատեցէք, ինչպէս՝ ձեռային աշխատանք, քարտէս կամ ցուցակ։