ՕՐԱԿԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՍՆՈՒՆԴԸ—ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
1 ‘‘Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ’’։ (Մատթ. 4։4) Ո՜րքան ճշմարիտ են այս խօսքերը։ Ինչպէս որ ամէն օր պէտք ունինք ֆիզիքական կերակուրին, նոյնպէս օրական պէտք ունինք հոգեւոր կերակուրով սնուցանուելու։ Մեզի օգնելու որ Աստուծոյ Խօսքով կանոնաւորաբար սնուցանուինք, Ընկերութիւնը հրատարակած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր գրքոյկը։ Որպէս Քրիստոնէական ընտանիք մը, ամէն օր ժամանակ կը յատկացնէ՞ք օրուան համարը նկատի առնելու։
2 Ծնողները Օրինակ Պէտք Է Հանդիսանան. Խճողուած առօրեայ յայտագիր մը ունենալով, դիւրին բան մըն է համարին նկատի առնելը յետաձգել, մտածելով թէ զանիկա կարելի է ընել ուրիշ ատեն մը։ Բայց եթէ ծնողները գիտակից են իրենց ընտանիքի հոգեւոր կարիքին, ժամանակ պիտի գտնեն, այո, ժամանակ պիտի տրամադրեն, ամէն օր այնպէս ընելու երբ ընտանիքի անդամները միասնաբար են։ (Մատթ. 5։3) Անոնք նախաքայլը պիտի առնեն ոչ թէ միայն օրուան համարը իրենց զաւակներուն հետ կարդալով, այլ նաեւ Դիտարանի մեկնաբանութիւններէն կէտեր աչքառու դարձնելով եւ բացատրելով թէ տեղեկութիւններուն ու խրատին ի՛նչ գործնական կիրարկում կարելի է ընել։ Ճիշդ է որ այս սովորութիւնը ձեռք ձգելը ջանք ու գործադրութիւն կը պահանջէ, բայց կ’արժէ այդ ընել օգուտներուն համար։ (Բաղդատել Գործք 17։11, 12)։ Արդ, ո՛վ ծնողներ, ճիգ թափեցէք ընտիր օրինակ մը հանդիսանալու։
3 Յարմար Ժամանակ մը Գտէք. Ե՞րբ է լաւագոյն ժամանակը ամբողջ ընտանիքի անդամներուն համար որ հաւաքուին համարը նկատի առնելու, առանց թոյլ տալու որ անիկա անկանոն բան մը ըլլայ։ Աստուածաշունչի համար մը նկատի առնելով օրը սկսիլը առաւելութիւն մը ունի։ Համայն աշխարհի մէջ Պէթէլի ու միսիոնարական տուներուն մէջ օրը կը սկսի առաւօտեան պաշտամունքով, որ կը պարփակէ հակիրճ բացատրութիւն մը օրուան համարին։ Ասիկա եղբայրներուն կ’օգնէ որ իրենց օրը լաւ կերպով սկսին, օրական խոկալով Եհովայի վերյիշեցումներուն վրայ։—Սաղմ. 1։1, 2. Փիլպ. 4։8
4 Քրիստոնէական ընտանիքներն ալ նոյնպէս կրնան օգտուիլ Աստուածաշունչի առաւօտեան խօսակցութիւններէն։ Զաւակներուն կարելի է օգնել որ գլուխ ելլեն դպրոցին մէջ իրենց հոգեւորականութեան դէմ եղած սպառնալիքներուն հետ։ Եթէ ժամանակի մը համար անկարելի է որ ամբողջ ընտանիքը հաւաքուի օրուան համարը նկատի առնելու, ծնողներ կրնան մտածել փոխընտրական կարգադրութիւններու մասին, այնպէս որ այս կարեւոր հոգեւոր սնուցանումը կատարուի։ Զոր օրինակ, երբ հայր մը պէտք է գործի երթայ զաւակները առաւօտուն չարթնցած, թերեւս մայրը կարենայ քիչ մը ժամանակ յատկացնել զաւակներուն հետ համարը նկատի առնելու։ Իսկ միւս կողմէն, կարգ մը ընտանիքներ կը կարգադրեն իրիկունը համարը նկատի առնել, քանի որ այն ատեն միասին կ’ըլլան։ Իւրաքանչիւր ընտանիք կրնայ յայտագիր մը ծրագրել որ լաւագոյնս կը յարմարի իր պարագաներուն։
5 Օրական հոգեւոր սնունդը անհրաժեշտ է Քրիստոնէական ընտանիքին համար։ Նախապատուութիւն տուէք օրուան համարը նկատի առնելուն։ (Փիլպ. 1։10) Ամէն օր Աստուածաշունչի համար մը նկատի առնելը պիտի օգնէ մեզի որ կառչած մնանք Եհովայի արդար սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն։ Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի կողմէ եղած համագործակցութիւնը պիտի դարձնէ այս կարգադրութիւնը մեծապէս օգտաշատ բոլորին համար։