Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/07 էջ 4
  • Ետ մի՛ կենար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ետ մի՛ կենար
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուծոյ Խօսքը համարձակութեամբ խօսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2004
  • Օրինա՛կ առէք մարգարէներէն. Ամովս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Յովէլի եւ Ամովսի գիրքերէն աչքառու կէտեր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Ետ մի՛ քաշուիր. խճողուած յայտագրի մը հետ գլուխ ելիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 11/07 էջ 4

Ետ մի՛ կենար

1. Ի՞նչ կերպով ‘աղէկութիւն ընելէ ետ չենք կենար’։

1 Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը աշխուժօրէն ծանուցանելով, մեր թաղամասերուն մէջ գտնուող մարդոց ‘աղէկութիւն ընելէ ետ չենք կենար’։ (Առ. 3։27, ՆԱ) Աստուծոյ իշխանութեան ներքեւ տեղի ունենալիք լաւ ժամանակներուն վերաբերեալ պատգամը, մարդկութեան փոխանցուելիք լաւագոյն պատգամն է։ Թէեւ կրնայ ըլլալ որ Թագաւորութեան յոյսը առատաձեռնօրէն կը բաժնես՝ անպաշտօն կերպով վկայելով կամ հրատարակութիւններ տեղաւորելով, բայց ինչո՞ւ նպատակակէտ չդնես Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարել, եթէ տակաւին ասիկա չես ըրած։

2. Ի՞նչ բան կրնայ մեզ ետ պահել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելէ։

2 Երբեմն, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու մեծագոյն մէկ խոչընդոտն է՝ հարցին հանդէպ մեր զգացումը։ Ոմանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելէ ետ կը կենան, քանի որ անատակ կը զգան կամ խճողուած յայտագիր մը ունին։ Հետեւեալ թելադրութիւնները թերեւս քեզի օգնեն որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործին մասնակցելէ ետ չկենաս։—Մատթ. 28։19. Գործք 20։20

3. Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը ուսուցանելու որակեալ ենք։

3 Վստահութեան պակաս. Թերեւս սահմանափակ աշխարհիկ ուսում ստացած ես կամ այլեւայլ պատճառներով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելու կարողութեանդ չես վստահիր։ Առաջին դարու Քրիստոնեայ ատակ ուսուցիչներէն ոմանք «տգէտ ու առանց ուսման» մարդիկ էին։ Ի՞նչ բան զիրենք կարող դարձուց որ ճշմարտութիւնը ուրիշներուն ուսուցանեն։ «Անոնք Յիսուսին հետ էին»։ (Գործք 4։13) Անոնք Մեծ Ուսուցիչէն՝ Յիսուսէ սորվեցան, որուն ուսուցումներն ու մեթոտները Սուրբ Գրութիւններուն մէջ մեզի համար պահպանուած են։ Նոյնիսկ եթէ սահմանափակ աշխարհիկ ուսում ունիս, դուն կը ստանաս հոգեւոր ուսում մը որ անգերազանցելի է։—Եսա. 50։4. Բ. Կորն. 3։5

4. Ամովսի օրինակէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

4 Եհովա երբեմն մարգարէներ գործածեց, յանցագործ կառավարիչներ կամ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ յանդիմանելու համար։ Այս մարգարէներէն ոմանք, ինչպէս՝ Ամովս, համեստ ենթահող ունէին։ Ամովս խոստովանեցաւ. «Ես ո՛չ մարգարէ էի, ո՛չ ալ մարգարէի որդի, հապա ես արջառներու հովիւ ու մոլաթուզ քաղող էի»։ (Ամովս 7։14) Այսուհանդերձ, Ամովս Եհովայի դատաստանական պատգամը հորթապաշտ Ամասիա քահանային հաղորդելէ ետ չկեցաւ։ (Ամովս 7։16, 17) Պէտք է միշտ յիշենք թէ Աստուծո՛յ գործը կը կատարենք, եւ ան մեզ իր այս գործին համար բաւականապէս որակեալ պիտի ընէ։—Բ. Տիմ. 3։17

5. Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ, նոյնիսկ եթէ խճողուած յայտագիր ունինք։

5 Խճողուած յայտագիր. Նոյնիսկ եթէ խճողուած յայտագիր մը ունիս, հաւանաբար ծառայութեան կանոնաւորաբար մասնակցելու համար ժամանակ յատկացուցած ըլլաս։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը վարելը ծառայութեան ամենէն հաճելի երեսակներէն մէկն է։ Առանձնաշնորհում է տեսնել Եհովայի Խօսքը անհատի մը կեանքին մէջ կը ներգործէ։ (Եբր. 4։12) Եհովա կը հաճի երբ զոհողութիւններ կ’ընենք, օգնելու համար անհատի մը որ ‘ճշմարտութիւնը ճանչնայ’։ (Ա. Տիմ. 2։4) Նոյնիսկ հրեշտակները կ’ուրախանան, երբ անհատ մը իր նախկին ընթացքին համար զղջայ եւ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։—Ղուկ. 15։10

6. Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

6 «Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ի՜նչ առանձնաշնորհեալ դեր մը ունինք, որ Աստուծոյ կամքին հետ ներդաշնակ գործենք՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելէ ետ չկենալով։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել