ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 30
ԵՐԳ 115 Մեր ճամբան յաջողցնենք
Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներէն նոր դասեր կրնա՞ս սորվիլ
«Երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ» (Բ. ՊԵՏ. 1։12)։
ՆԻՒԹ
Ինչպէ՞ս կրնաս տակաւին օգտուիլ Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներէն, որոնք սորվեցար երբ նոր սերտելու սկսար։
1. Երբ առաջին անգամ ճշմարտութիւնը գիտցար, Սուրբ Գիրքին ուսուցումները քեզի ինչպէ՞ս ազդեցին։
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ հիմնական ուսուցումները մեր կեանքը փոխած են։ Օրինակ, երբ առաջին անգամ գիտցանք որ Աստուծոյ անունը Եհովա է, սկսանք իրեն աւելի մօտիկ զգալ (Եսա. 42։8)։ Երբ սորվեցանք թէ մեռնելէն ետք մեր սիրելիներուն ի՛նչ կը պատահի, գիտցանք որ անոնք չեն չարչարուիր (Ժող. 9։10)։ Եւ երբ սորվեցանք, որ Աստուած խոստացած է թէ երկիրը Դրախտ պիտի ընէ, այլեւս ապագային նկատմամբ չմտահոգուեցանք, քանի որ գիտցանք թէ կրնանք ապրիլ ո՛չ թէ միայն 70 կամ 80 տարի, հապա՝ յաւիտեան (Սաղ. 37։29. 90։10)։
2. Բ. Պետրոս 1։12, 13–ը ինչպէ՞ս ցոյց կու տայ, թէ նոյնիսկ հասուն քրիստոնեաները կրնան Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներէն օգտուիլ։
2 Բնաւ պէտք չէ թեթեւի առնենք Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումները։ Պետրոս առաքեալ իր երկրորդ նամակին մէջ գրեց այն քրիստոնեաներուն, որոնք արդէն ‘հաստատուած էին ճշմարտութեան վրայ’ (կարդա՛ Բ. Պետրոս 1։12, 13)։ Բայց չար մարդիկ կային ժողովքին մէջ, որոնք կ’ուզէին եղբայրները հեռացնել ճշմարտութենէն (Բ. Պետ. 2։1-3)։ Պետրոս ուզեց եղբայրներն ու քոյրերը զօրացնել, որպէսզի այդ վտանգներուն դէմ դնեն։ Ինչպէ՞ս։ Անոնց յիշեցուց կարգ մը հիմնական ուսուցումներ որ արդէն գիտէին։ Այս ուսուցումները իրենց պիտի օգնէին, որ մինչեւ վերջ հաւատարիմ մնան Եհովային։
3. Օրինակով մը բացատրէ որ ինչո՛ւ բոլոր քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն խոկալ Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներուն վրայ։
3 Մինչ հոգեւորապէս կը հասուննանք, կրնանք Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներէն նոր դասեր սորվիլ։ Օրինակով մը բացատրենք։ Վարպետ խոհարար մը եւ սկսնակ խոհարար մը թերեւս նոյն բաղադրութիւնները գործածեն՝ ճաշ մը եփելու համար։ Բայց վարպետ խոհարարը փորձառութեամբ սորված է նոր եւ հետաքրքրական ճաշեր եփել՝ նոյն բաղադրութիւններով։ Նմանապէս, տարիներէ ի վեր Եհովային ծառայողները կրնան նորեկներէն տարբեր անկիւնէ մը դիտել Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումները։ Շատ հաւանաբար, մեր մկրտութենէն ետք մեր պարագաները եւ ծառայութեան առանձնաշնորհումները փոխուած են, եւ ասոր համար՝ երբ անցեալին մեր սորված ուսուցումներուն մասին մտածենք, կրնանք նոր ու գործնական դասեր գտնել, որոնք կը կիրարկուին մեր հիմակուան պարագաներուն։ Հիմա տեսնենք որ հասուն քրիստոնեաները ի՛նչ կրնան սորվիլ Սուրբ Գիրքի երեք հիմնական ուսուցումներէ։
ԵՀՈՎԱՆ ՍՏԵՂԾԻՉՆ Է
4. Մեր կեանքը ինչպէ՞ս ազդուած է, գիտնալով որ Եհովան է Ստեղծիչը։
4 Մենք գիտենք որ շատ իմաստուն եւ ամենակարող Ստեղծիչը ստեղծեց մեր մոլորակը եւ ատոր վրայի կեանքը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է» (Եբ. 3։4)։ Բայց ուրիշ դասեր ալ կը սորվինք այս ճշմարտութենէն։ Որովհետեւ ինքն է մեզ ստեղծողը, ան ոչ միայն մեզ գոց գիտէ, այլեւ մեզմով հետաքրքրուած է եւ գիտէ որ մեզի համար լաւագոյնը ի՛նչ է։ Այս պարզ ճշմարտութիւնը գիտնալը մեզի շատ ազդած է եւ մեր կեանքին իմաստ տուած է։
5. Ո՞ր ճշմարտութիւնը կրնայ մեզի օգնել որ խոնարհ ըլլանք (Եսայի 45։9-12)։
5 Այն ճշմարտութիւնը թէ Եհովան Ստեղծիչն է, կրնայ նաեւ մեզի սորվեցնել որ խոնարհ պէտք է ըլլանք։ Օրինակ, ատեն մը Յոբ ինքն իր վրայ շատ կեդրոնացաւ եւ ուզեց փաստել թէ ի՛նք ճիշդ է։ Բայց Եհովան իրեն յիշեցուց թէ ինք ամենակարող Ստեղծիչն է (Յոբ 38։1-4)։ Ասիկա Յոբին օգնեց, որ անդրադառնայ թէ մարդուն հակառակը, ամէն ինչ որ Եհովան կ’ընէ՝ մի՛շտ ճիշդ է։ Եսայի մարգարէն ասոր նման գաղափար մը ըսաւ. «Միթէ կաւը զինք ձեւացնողին կրնա՞յ ըսել թէ ‘Ի՞նչ կը շինես’» (կարդա՛ Եսայի 45։9-12)։
6. Ե՞րբ շատ կարեւոր է որ մեր Ստեղծիչին իմաստութեան եւ զօրութեան մասին մտածենք (տե՛ս նաեւ նկարները)։
6 Մինչ քրիստոնեան աւելի փորձառութիւն ձեռք կը ձգէ, կրնայ սկսիլ չափէ դուրս վստահիլ ինքն իր կարծիքներուն, փոխանակ Եհովային եւ անոր Խօսքին ուղղութիւններուն կարեւորութիւն տալու (Յոբ 37։23, 24)։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս կ’օգտուի, երբ խոկայ իր Ստեղծիչին՝ Եհովային անսահման իմաստութեան եւ զօրութեան վրայ (Եսա. 40։22. 55։8, 9)։ Այս հիմնական ճշմարտութիւնը պիտի ձգէ, որ ինք անդրադառնայ թէ Եհովային մտածումները շատ աւելի ճիշդ են, քան՝ իր գաղափարները, եւ ասիկա իրեն պիտի օգնէ որ խոնարհ ըլլայ։
Ի՞նչը կրնայ մեզի օգնել յիշելու թէ մեր կարծիքը Եհովային կարծիքէն աւելի լաւ չէ (տե՛ս պարբերութիւն 6)d
7. Ռահելան ի՞նչ ըրաւ որ կարենայ նոր ուղղութիւն մը ընդունիլ։
7 Սլովենիա ապրող Ռահելա անունով քոյր մը, նկատեց որ իր Ստեղծիչին մասին խոկալը իրեն օգնած է, որ կազմակերպութեան կողմէ եկած նոր ուղղութիւն մը ընդունի։ Ան կ’ըսէ. «Երբեմն, ինծի համար դժուար եղած է ընդունիլ առաջնորդութիւնը առնողներուն կողմէ տրուած որոշումները։ Օրինակ, 2023–ի Կառավարիչ մարմինի կողմէ տեղեկագրութիւն (թիւ 8) վիտէոն դիտելէս ետքն իսկ, ցնցուեցայ երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ մօրուքով եղբայր մը դասախօսութիւն կու տայ։ Ասոր համար Եհովային աղօթեցի, որ ինծի օգնէ այս փոփոխութիւնը ընդունելու»։ Ռահելան անդրադարձաւ որ, որովհետեւ Եհովան երկինքի ու երկիրի Ստեղծիչն է, ան մի՛շտ գիտէ իր կազմակերպութիւնը առաջնորդելու լաւագոյն կերպը։ Եթէ դուն ալ նոր հասկացողութիւն մը կամ նոր ուղղութիւն մը ընդունիլը դժուար կը գտնես, խոնարհաբար խոկա՛ թէ մեր Ստեղծիչը ո՛րքան իմաստուն ու զօրաւոր է (Հռով. 11։33-36)։
ԱՍՏՈՒԱԾ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՁԳԷ ՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ՉԱՐՉԱՐՈՒԻՆ
8. Ինչպէ՞ս օգտուած ենք գիտնալով որ Աստուած ինչո՛ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին։
8 Աստուած ինչո՞ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին։ Այս հարցումին պատասխանը չգիտցողներէն ոմանք Աստուծմէ բարկացած են կամ եզրակացուցած են, որ Աստուած գոյութիւն չունի (Առ. 19։3)։ Բայց դուն սորված ես, թէ ժառանգուած մեղքին ու անկատարութեան պատճառաւ է, որ մարդիկ կը չարչարուին ու կը մեռնին, եւ ոչ թէ՝ Եհովային։ Նաեւ սորված ես, որ Եհովային համբերութիւնը առիթ տուած է, որ միլիոնաւորներ զինք ճանչնան ու գիտնան թէ Եհովան վերջնականապէս պիտի վերցնէ չարչարանքը (Բ. Պետ. 3։9, 15)։ Այս ճշմարտութիւնները քեզ մխիթարած են եւ աւելի մօտեցուցած են Եհովային։
9. Ե՞րբ է որ մեր միտքը պէտք է բերենք թէ Եհովան ի՛նչ պատճառներով կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին։
9 Մինչ կը սպասենք որ Եհովան չարչարանքին վերջ դնէ, պէտք է որ համբերենք։ Բայց երբ մենք կամ մեր սիրելիները նեղութիւններ ունենան, անարդարութեան զոհ երթան, կամ սիրելի մը կորսնցնեն, կրնանք մտածել թէ արդեօք Եհովան ինչո՛ւ աւելի արագ չի շարժիր (Ամբ. 1։2, 3)։ Ասանկ ատեններ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը բերենք, թէ Եհովան ի՛նչ պատճառներով կը ձգէ որ լաւ մարդիկը չարչարուին (Սաղ. 34։19)a։ Նաեւ կրնանք մտածել իր նպատակին մասին, որ է՝ վերջնականապէս չարչարանքին վերջ դնել։
10. Էնը ինչպէ՞ս կրցաւ իր մօրը կորուստին տոկալ։
10 Գիտնալը թէ Աստուած ինչո՛ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին, մեզի կ’օգնէ որ նեղութիւններու տոկանք։ Հնդկական ովկիանոսին մէջ, Մայոթա կղզիին վրայ ապրող Էն անունով քոյր մը, կ’ըսէ. «Քանի մը տարի առաջ մայրս մահացաւ եւ ասիկա զիս շատ տխրեցուց։ Ես ինծի միշտ կը յիշեցնեմ թէ Եհովան չէ որ կը պատճառէ չարչարանքը։ Ան իրապէս կ’ուզէ վերջ դնել ամէն տեսակ չարչարանքի եւ մեր սիրելիներուն յարութիւն տալ։ Այս ճշմարտութիւններուն մասին խոկալը մտքի խաղաղութիւն կու տայ ինծի, հակառակ որ մօրս կորուստը շատ մեծ հարուած մըն էր ինծի համար»։
11. Գիտնալը թէ Եհովան ինչո՛ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին, ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք քարոզել։
11 Գիտնալը թէ Աստուած ինչո՛ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին, նաեւ մեզ կը մղէ որ շարունակենք քարոզել։ Պետրոս, իր նամակին մէջ բացատրելէ ետք, թէ Եհովան կը համբերէ որովհետեւ կ’ուզէ որ մարդիկ զղջան ու փրկուին, գրեց. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ՝ սուրբ վարմունքով ու բարեպաշտութեամբ» (Բ. Պետ. 3։11)։ ‘Բարեպաշտութեան’ մէջ կ’իյնայ նաեւ մեր քարոզչութիւնը։ Մեր Հօրը նման, մենք ալ մարդիկը կը սիրենք եւ կ’ուզենք որ անոնք Աստուծոյ արդար նոր աշխարհին մէջ ապրին։ Եհովան համբերութեամբ մեր շրջանին մէջ ապրող մարդոց առիթը կու տայ որ զինք պաշտեն։ Դուն հոյակա՛պ առիթ մը ունիս, որ Աստուծոյ հետ աշխատիս եւ կարելի եղածին չափ շատերու օգնես որ իր մասին սորվին՝ վերջը գալէն առաջ (Ա. Կոր. 3։9)։
«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ»ՈՒՆ ՄԷՋ Կ’ԱՊՐԻՆՔ
12. Ինչպէ՞ս օգտուած ենք, գիտնալով որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։
12 Սուրբ Գիրքը ճշգրտօրէն ըսած է, որ մարդիկ ինչպէ՛ս պիտի ըլլային «վերջին օրեր»ուն (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Եթէ մէկ հատ մեր շուրջը նայինք, շատ յստակօրէն կը տեսնենք, որ այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս կը կատարուի։ Որքա՛ն աւելի տեսնենք որ մարդոց բնաւորութիւնները երթալէն գէշ կ’ըլլան, այնքա՛ն աւելի կը համոզուինք որ Աստուծոյ Խօսքը վստահելի է (Բ. Տիմ. 3։13-15)։
13. Ղուկաս 12։15-21–ին մէջ յիշուած առակը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ։
13 Գիտնալը թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք նաեւ մեզի կ’օգնէ, որ մեր ժամանակը լաւագոյն կերպով գործածենք։ Տե՛ս թէ ասիկա ինչո՛ւ կարեւոր է, նկատի առնելով Ղուկաս 12։15-21–ին մէջ (կարդա՛) յիշուած առակը։ Հարուստ մարդը ինչո՞ւ «ա՛նմիտ» կոչուեցաւ։ Ոչ թէ քանի որ հարուստ էր, հապա քանի որ ամէնէն կարեւոր բանը առաջին տեղը չէր դներ իր կեանքին մէջ։ Ան ‘իր անձին համար գանձ կը դիզէր, բայց Աստուծոյ չէր հարստանար’։ Մարդը իր ժամանակը լաւագոյն կերպով չէր գործածեր եւ ասիկա սխալ էր, քանի որ իր կեանքը երկար չէր։ Աստուած անոր ըսաւ. «Այս գիշեր հոգիդ քեզմէ պիտի պահանջուի»։ Մինչ այս աշխարհին վերջը կը մօտենայ, մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Նպատակներս կը ցուցնե՞ն որ ամէնէն կարեւոր բանին վրայ կը կեդրոնանամ մնացած կարճ ժամանակին մէջ։ Ինչպիսի՞ նպատակներ կը քաջալերեմ որ զաւակներս դնեն։ Ուժս, ժամանակս եւ նիւթականս գլխաւորաբար ինչի՞ համար կը գործածեմ. երկրի՞ վրայ գանձեր դիզելու, թէ ոչ՝ երկինքին մէջ’։
14. Ինչպէս որ Միքիին փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, ինչո՞ւ լաւ է որ խոկանք այն փաստերուն վրայ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։
14 Երբ խոկանք այն փաստերուն վրայ թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք, ատիկա մեզի կրնայ օգնել որ մեր կեանքը լաւագոյն կերպով գործածենք։ Ասիկա է որ պատահեցաւ Միքի անունով քրոջ մը հետ։ Ան կ’ըսէ. «Երբ դպրոցը աւարտեցի, ուզեցի ուսման այնպիսի ճիւղ մը ընտրել, որ ինծի առիթ կու տայ անասունները ուսումնասիրելու։ Միեւնոյն ատեն, նպատակ ունէի կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու եւ ծառայելու հոն՝ ուր աւելի պէտք կայ։ Հասուն բարեկամներ ինծի խրատ տուին որ լաւ մտածեմ, թէ արդեօք կարելի՞ է որ կարենամ աշխարհային նպատակիս հասնիլ եւ միեւնոյն ատեն ռահվիրայ ըլլամ եւ ծառայեմ հոն՝ ուր աւելի պէտք կայ։ Անոնք ինծի յիշեցուցին թէ այս աշխարհը շուտով վերջ պիտի գտնէ, բայց նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ժամանակ պիտի ունենամ, որ բոլոր անասունները ուսումնասիրեմ։ Ասոր վրայ, որոշեցի կարճատեւ դասընթացքներ առնել, որոնք ինծի գործնական բաներ կը սորվեցնեն։ Ասիկա առիթ տուաւ որ գտնեմ այնպիսի գործ մը, որ օգնեց ապրուստս ճարելու, ռահվիրայութիւն ընելու, եւ ետքը՝ Էքուատոր փոխադրուելու, ուր քարոզիչներու աւելի պէտք կայ»։ Ներկայիս, Միքին ու իր ամուսինը, որ շրջանային տեսուչ է, կը ծառայեն այդ երկրին մէջ։
15. Յակոբոսին օրինակը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ չյուսահատինք, երբ մարդիկ սկիզբը մերժեն բարի լուրը (տե՛ս նաեւ նկարները)։
15 Մենք պէտք չէ յուսահատինք, երբ մարդիկ սկիզբը մերժեն բարի լուրը։ Ժամանակի ընթացքին մարդիկ կրնան փոխուիլ։ Նկատի առ Յիսուսին խորթ եղբայրը՝ Յակոբոսը։ Ան տեսաւ Յիսուսին մեծնալը, Մեսիա ըլլալը եւ այնպիսի կերպով մը սորվեցնելը, որուն նմանը չէր եղած։ Բայց ան տարիներո՜վ Յիսուսին չհետեւեցաւ։ Յիսուսին յարութիւն առնելէն ետքն է որ ան Յիսուսին նախանձախնդիր աշակերտը դարձաւ (Յովհ. 7։5. Գաղ. 2։9)b։ Ուրեմն, շատ կարեւոր է որ յոյսդ չկտրես այն ազգականներէդ, որոնք տակաւին չեն հետաքրքրուած ճշմարտութիւնով, եւ նորէն քարոզես անոնց, որոնք նախապէս մտիկ չեն ըրած քեզի։ Յիշէ որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք. անոր համար, շա՛տ կարեւոր է որ քարոզենք։ Ինչ որ այսօ՛ր իրենց կ’ըսես, կրնայ վա՛ղը իրենց ազդել, թերեւս նոյնիսկ մեծ նեղութիւնը սկսելէն ետքc։
Ի՞նչը կրնայ մեզ մղել որ մեր անհաւատ ազգականներէն մեր յոյսը չկտրենք (տե՛ս պարբերութիւն 15)e
ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՅԻՇԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՂԻՐ
16. Եհովային յիշեցումներէն ինչպէ՞ս օգտուած ես (տե՛ս նաեւ «Ասոնք գործածէ ուրիշներուն օգնելու համար» տուփը)։
16 Մեր ստացած հոգեւոր սնունդէն մաս մը պատրաստուած է անոնց համար, որոնք երբե՛ք չեն լսած Սուրբ Գիրքի հիմնական ճշմարտութիւնները։ Օրինակ, մեր շաբաթական հանրային դասախօսութիւնները, jw.org–ի վրայ գտնուող որոշ յօդուածներ ու վիտէօներ, նաեւ մեր հանրային պարբերաթերթերը, պատրաստուած են գլխաւորաբար Վկայ չեղողներուն համար։ Ասով հանդերձ, մենք այդ յիշեցումներէն կ’օգտուինք։ Անոնք Եհովային հանդէպ մեր սէրը կը խորացնեն, իր Խօսքին հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնեն, եւ մեզի կ’օգնեն որ Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումները աւելի լաւ կերպով ուրիշներուն սորվեցնենք (Սաղ. 19։7)։
17. Ո՞ր պարագաներուն կրնաս Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումներուն վրայ խոկալ։
17 Մենք, որ ժամանակէ մը ի վեր Եհովային կը ծառայենք, շատ կ’ոգեւորուինք երբ որոշ ճշմարտութեան մը շուրջ մեր հասկացողութիւնը աւելի յստականայ։ Բայց նաեւ շատ կը գնահատենք Սուրբ Գիրքի հիմնական ուսուցումները, որոնք սկիզբը մեզի օգնեցին Եհովային մօտենալու։ Ինչպէս որ տեսանք, այս ճշմարտութիւնները տակաւի՛ն կրնան մեզի օգնել։ Երբ կազմակերպութենէն ուղղութիւն մը կը ստանանք, բայց կը զգանք որ մեր կարծիքը կամ բան մը ընելու մեր կերպը աւելի լաւ է, խոնարհաբար կը յիշենք որ մեր իմաստուն ու զօրաւոր Ստեղծիչը՝ Եհովան է որ կազմակերպութիւնը կ’առաջնորդէ։ Երբ մենք կամ մեր սիրելիներէն մէկը նեղութենէ մը կ’անցնի, կրնանք համբերութիւն ցոյց տալ եւ խոկալ թէ Եհովան ինչո՛ւ կը ձգէ որ մարդիկ չարչարուին։ Եւ երբ կ’որոշենք թէ մեր ժամանակն ու նիւթականը ինչպէս պիտի գործածենք, կրնանք յիշել թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք եւ մնացած ժամանակը կարճ է։ Թող որ Եհովային յիշեցումները շարունակեն մեզ զօրացնել, մղել եւ իմաստուն ընել։
ԵՐԳ 116 Լոյսը կը պայծառանայ
a Տե՛ս «Տառապանքին վախճանը ինչո՛ւ մօտ է» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 յունիս 2007 թիւին մէջ, էջ 12-16։
b Տե՛ս Մարդիկը սիրէ եւ աշակերտէ գրքոյկին 8–րդ դասը։
c Տե՛ս «Եհովային ապագայ դատաստաններուն մասին ի՞նչ գիտենք» յօդուածը, Դիտարան–ի մայիս 2024 թիւին մէջ, էջ 8-13։
d ՆԿԱՐ. Երէցներու մարմինը երէցի մը թելադրութեան չեն համաձայնիր։ Ետքը, աստղազարդ երկինքը դիտելով, երէցը կը խոկայ թէ Ստեղծիչը որքա՛ն իմաստուն ու զօրաւոր է, եւ կ’անդրադառնայ որ Եհովային կարծիքը իրենինէն աւելի կարեւոր է։
e ՆԿԱՐ. Վկայ մը, իր անձնական ուսումնասիրութեան ընթացքին կը սերտէ այն փաստերը, որոնք ցոյց կու տան թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Ասիկա զինք կը մղէ որ իր քրոջ հեռաձայնէ եւ անոր քարոզէ։