Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ25 Յուլիս էջ 31
  • Գիտէի՞ր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Գիտէի՞ր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աղօթքի տուն՝ բոլոր ազգերուն համար’
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
  • Եհովայի հոգեւոր տաճարին մէջ պաշտելու առանձնաշնորհումդ գնահատէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2025
դ25 Յուլիս էջ 31
Քահանաները անասուններ կը զոհեն տաճարին զոհասեղանին վրայ։

ԳԻՏԷԻ՞Ր

Առաջին դարուն, Երուսաղէմի տաճարին քահանաները զոհասեղանին վրայ մորթուած անասուններուն արիւնները ի՞նչ կ’ընէին

ԱՄԷՆ տարի, քահանաները հազարաւոր անասուններ կը զոհէին տաճարին զոհասեղանին վրայ։ Առաջին դարու հրեայ պատմաբան՝ Յովսեպոսը կ’ըսէ, որ Պասեքին՝ աւելի քան 250,000 ոչխար կը զոհուէր։ Ասոր համար, մեծ քանակով արիւն կը թափուէր (Ղեւ. 1։10, 11. Թւ. 28։16, 19)։ Լաւ, քահանաները ի՞նչ կ’ընէին այդ արիւնները։

Հնագէտները Հերովդէսին շինած տաճարին շուրջը փորելէ ետք՝ հոն գտած են շատ մը անցքեր, որոնք կը գործածուէին արիւնները տաճարէն դուրս հանելու համար։

Նկատի առ երկու բաներ, որոնք զոհասեղանը մաքուր կը պահէին.

  • Զոհասեղանին տակը փոսեր կային. Զոհասեղանին տակի անցքերը նկարագրուած են Միշնային մէջ, որ հրէական բերանացի օրէնքներու հաւաքածոյ մըն է, հաւաքուած՝ Ք.Ե. երրորդ դարու սկիզբները։ Այդ գիրքը կը բացատրէ թէ զոհասեղանին մէկ անկիւնը երկու ծակեր կային։ Զոհերուն արիւնները եւ զոհասեղանը մաքրելու համար թափուած ջուրերը այդ երկու ծակերէն վար կ’իջնէին եւ անցքի մը մէջէն կ’երթային մինչեւ Կեդրոն հեղեղատը։

    Մեր օրերուն, հնագէտները կը համաձայնին այս հին գիրքին մէջ գրուածին։ Օրինակ, հրեաներուն պատմութեան մասին գիրք մը կը բացատրէ, որ հնագէտները տաճարին մօտ շատ մը անցքեր գտած են։ Ատիկա կ’ըսէ. «Ատոնք հաւանաբար կը գործածուէին, որպէսզի տաճարի զոհասեղանէն եկող արիւնով խառնուած ջուրը տաճարէն դուրս հանէին» (The Cambridge History of Judaism)։

  • Առատ ջուր. Զոհասեղանին գետինը եւ ջրանցքը մաքուր պահելու համար, քահանաները մեծ քանակով ջուրի պէտք ունէին։ Քահանաներուն այս կարեւոր պարտականութեան համար պէտք եղած ջուրը քաղաքէն կը հասնէր։ Ջուրը տաճար կը հասնէր անցնելով՝ ջրանցքներէ, ջրուղիներէ, ջրամբարներէ եւ աւազաններէ։ Ճազըֆ Փաթրիք անունով գիտնական մը կ’ըսէ, որ այնպէս կ’երեւի թէ այդ ժամանակ չկար ասանկ տաճար մը, որ ա՛յսքան աղուոր սերտուած էր, որպէսզի ջուր բերէ տաճարի մը եւ անոր աղտոտ ջուրերը տանի։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել