Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Առակաց 19
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Առակաց 19։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Զարթի՛ր,

    թիւ 3 2020 էջ 4-5

Առակաց 19։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/15/2013, էջ 10-14

    8/1/2003, էջ 31

    8/1/1998, էջ 32

    3/1/1993, էջ 14-16

Առակաց 19։6

Ստորանիշներ

  • *

    19։6 Կամ, իշխանին

  • *

    19։6 Եբր., երեսը

Առակաց 19։7

Ստորանիշներ

  • *

    19։7 Կամ, անոնց ետեւէն կ’իյնայ խօսքերով, բայց անոնք չեն գտնուիր

Առակաց 19։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Աստուծոյ սէրը, էջ 108-109

    Դիտարան,

    7/1/1999, էջ 28-29

Առակաց 19։11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 56

    Դիտարան,

    12/1/2014, էջ 12-13

    Գիրք մը, էջ 26

    Գիտութիւն, էջ 166

Առակաց 19։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2017, էջ 29

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2016, էջ 27

    Դիտարան,

    10/1/2010, էջ 27

Առակաց 19։18

Ստորանիշներ

  • *

    19։18 Կամ, անոր աղաղակին ականջ մի՛ դներ

Առակաց 19։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Պաշտամունք, էջ 125-126

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Առակաց 19։1-29

ԱՌԱԿԱՑ

19 Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատը

Նենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։

 2 Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէ

Ու ոտքերովը արտորացողը կը սահի։

 3 Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէ

Եւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։

 4 Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէ

Բայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։

 5 Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ

Ու ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։

 6 Շատերը առատաձեռն մարդուն* հաճութիւնը* կը փնտռեն

Ու ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։

 7 Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին.

Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանան

Ու անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէն կ’իյնայ*։

 8 Խելք վաստկողը իր հոգին կը սիրէ,

Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։

 9 Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայ

Ու ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։

10 Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր,

Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։

11 Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէ

Եւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։

12 Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի,

Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։

13 Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն է

Ու կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։

14 Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են,

Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։

15 Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէ

Եւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։

16 Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ,

Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։

17 Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ

Ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։

18 Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէ

Եւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար*։

19 Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ,

Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։

20 Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛,

Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։

21 Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան,

Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։

22 Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն է

Ու աղքատը ստախօսէն աղէկ է։

23 Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է,

Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։

24 Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ

Ու զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։

25 Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։

Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։

26 Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝

Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։

27 Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն,

Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։

28 Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէ

Ու ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։

29 Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններ

Եւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել