Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Յայտնութիւն 1
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Յայտնութիւն 1։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները (2019), 3/2019, էջ 13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 15-17

    Դիտարան,

    12/1/1999, էջ 15, 19

    11/1/1999, էջ 6

Յայտնութիւն 1։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 16-17

Յայտնութիւն 1։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 9

    12/1/1999, էջ 14-19

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 6, 17

Յայտնութիւն 1։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 8

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 18

Յայտնութիւն 1։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 18-19

    Դիտարան,

    12/1/1999, էջ 10

Յայտնութիւն 1։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 19

Յայտնութիւն 1։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Թագաւորութիւնը կ’իշխէ, էջ 255

    1/1/1993, էջ 12-13

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 19-20

Յայտնութիւն 1։8

Ստորանիշներ

  • *

    1։8 Ոմանք կ’աւելցնեն, Առաջինը ու Վերջինը

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 8

    12/1/1999, էջ 10

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 20

Յայտնութիւն 1։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 20-21

    Դիտարան,

    12/1/1999, էջ 14-15

Յայտնութիւն 1։10

Ստորանիշներ

  • *

    1։10 Այսինքն, տէրունական

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 10/2020, էջ 13-15

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 22-24

    Դիտարան,

    6/1/2003, էջ 8

    1/1/1998, էջ 6

    6/1/1991, էջ 22-23

Յայտնութիւն 1։11

Ստորանիշներ

  • *

    1։11 Ոմանք, Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան, Առաջինը եւ Վերջինը եւ ինչ

  • *

    1։11 Ոմանք, Ասիա եղած եօթը

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 8

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 23-24

Յայտնութիւն 1։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 25, 28-29

Յայտնութիւն 1։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 25

Յայտնութիւն 1։14

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 25

Յայտնութիւն 1։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 25-26

Յայտնութիւն 1։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    10/1/2012, էջ 20

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 26-27, 28-29

Յայտնութիւն 1։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2009, էջ 8

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 26-28

Յայտնութիւն 1։18

Ստորանիշներ

  • *

    1։18 Ոմանք կ’աւելցնեն, Ամէն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 27-28

    Պաշտամունք, էջ 73-74

Յայտնութիւն 1։19

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 24

Յայտնութիւն 1։20

Ստորանիշներ

  • *

    1։20 Ոմանք կ’աւելցնեն, որոնք տեսար

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր,

    11/2019, էջ 5

    Դիտարան,

    10/1/2012, էջ 20

    9/1/2010, էջ 30

    1/1/2009, էջ 8

    4/1/2007, էջ 28

    6/1/2003, էջ 8-9

    4/1/2002, էջ 16

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 28-29, 136-137

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Յայտնութիւն 1։1-20

ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

1 Յիսուս Քրիստոսին յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ իր ծառաներուն ցուցնելու ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ եւ իր հրեշտակին ձեռքով ղրկելով՝ իր Յովհաննէս ծառային իմացուց, 2 Որ Աստուծոյ խօսքին վկայութիւնը ըրաւ ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութիւնը՝ ինչ որ տեսաւ։ 3 Երանի՜ անոր որ կը կարդայ ու անոնց որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. վասն զի ժամանակը մօտ է։

ԲԱՐԵՒ ԵՕԹԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

4 Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիոյ մէջ են, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Անկէ որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր աթոռին առջեւ են, 5 Եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներէն յարութիւն առնողներէն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը։ Անոր որ մեզ սիրեց ու մեզ իր արիւնովը մեր մեղքերէն լուաց 6 Եւ մեզ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ Աստուծոյ ու իր Հօրը քով, անոր փառք եւ զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։

7 Ահա ամպերով կու գայ ու ամէն աչք պիտի տեսնէ զանիկա եւ անոնք որ զանիկա խոցեցին։ Անոր վրայ կոծ պիտի ընեն երկրին բոլոր ազգերը։ Այո՛, Ամէն։ 8 «Ես եմ Ալֆան եւ Օմէղան*», կ’ըսէ Տէր Աստուած, «որ է եւ որ էր եւ որ պիտի գայ, Ամենակալը»։

ՏԵՍԻԼՔ ՄԸ

9 Ես Յովհաննէս ձեր եղբայրը եւ Յիսուս Քրիստոսին նեղութեանը ու արքայութեանը եւ համբերութեանը մէջ ընկերակիցը, Պատմոս ըսուած կղզին էի՝ Աստուծոյ խօսքին համար ու Յիսուս Քրիստոսին վկայութեանը համար։ 10 Եւ կիրակի* օրը Հոգին իմ վրաս եկաւ ու ետեւէս մեծ ձայն մը լսեցի փողի ձայնի պէս, որ կ’ըսէր. 11 «Ինչ* որ կը տեսնես, գրքի մը մէջ գրէ ու ղրկէ եօթը* եկեղեցիներուն, որոնք Եփեսոսի, Զմիւռնիայի, Պերգամոնի, Թիւատիրի, Սարդիկէի, Փիղադեղփիայի եւ Լաւոդիկիայի մէջ են»։ 12 Եւ դարձայ այն ձայնին կողմը, տեսնելու թէ ո՞վ է ինծի խօսողը։ Երբ դարձայ՝ եօթը ոսկեղէն աշտանակներ տեսայ 13 Եւ եօթը աշտանակներուն միջեւ՝ մէկը Որդի Մարդոյ նման՝ պճղնաւոր պատմուճան մը հագած ու կուրծքին վրայ ոսկի գօտի մը կապած։ 14 Իր գլուխը եւ մազերը բուրդի ու ձիւնի պէս ճերմակ էին եւ իր աչքերը՝ կրակի բոցի պէս։ 15 Իր ոտքերը՝ ոսկեպղինձի նման, որպէս թէ հնոցի մէջ կրակ դարձած ու իր ձայնը՝ շատ ջուրերու ձայնի պէս 16 Եւ իր աջ ձեռքին մէջ եօթը աստղ ունէր ու իր բերնէն սրած երկբերան սուր մը կ’ելլէր եւ իր երեսը արեւու պէս էր՝ որ իր զօրութիւնովը կը փայլի։ 17 Երբ տեսայ զանիկա, իր ոտքը ինկայ մեռելի պէս ու իր աջ ձեռքը իմ վրաս դրաւ ու ըսաւ ինծի. «Մի՛ վախնար. ես եմ Առաջինը ու Վերջինը։ 18 Ես կենդանի եմ ու ես ա՛ն եմ որ մեռայ եւ ահա կենդանի եմ յաւիտեանս յաւիտենից* եւ ես ունիմ մահուան ու դժոխքին բանալիները։ 19 Ուստի գրէ ինչ որ կը տեսնես, զայն որ կայ ու զայն որ ետքը պիտի ըլլայ. 20 Եօթը աստղերուն խորհուրդը՝ որ իմ աջ ձեռքիս մէջ տեսար եւ եօթը ոսկեղէն աշտանակները. այն եօթը աստղերը եօթը եկեղեցիներուն հրեշտակներն են եւ եօթը աշտանակները* եօթը եկեղեցիներն են»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել