Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ա. Տիմոթէոս 5
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ա. Տիմոթէոս 5։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2018, էջ 11

Ա. Տիմոթէոս 5։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր,

    7/2021, էջ 11

Ա. Տիմոթէոս 5։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2001, էջ 6

Ա. Տիմոթէոս 5։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2001, էջ 5-6

    12/1/1997, էջ 4

    Ընտանիք, էջ 149, 173-174

Ա. Տիմոթէոս 5։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 49

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2018, էջ 24

    Դիտարան,

    4/15/2014, էջ 24-25

    2/1/2012, էջ 17

    5/1/2011, էջ 12

    5/1/2007, էջ 24

    7/1/2005, էջ 11-13

    12/1/1997, էջ 4-5

    11/1/1997, էջ 25

    2/1/1997, էջ 29-30

    2/1/1993, էջ 16-17

    Աստուծոյ սէրը, էջ 116

    Ընտանիք, էջ 160

    Գիտութիւն, էջ 145-146

Ա. Տիմոթէոս 5։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2011, էջ 18

Ա. Տիմոթէոս 5։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    7/1/2011, էջ 18-19

Ա. Տիմոթէոս 5։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/1998, էջ 17

Ա. Տիմոթէոս 5։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/1/2015, էջ 15

Ա. Տիմոթէոս 5։23

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 43

    Դիտարան,

    12/15/2015, էջ 25-26

    11/1/2015, էջ 15

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ա. Տիմոթէոս 5։1-25

Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ

ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ

5 Ծերը սաստիկ մի՛ յանդիմաներ, հապա հօր մը պէս յորդորէ զանիկա. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս, 2 Պառաւները՝ մայրերու պէս, դեռահասակ կիները՝ քոյրերու պէս ամէն կերպ մաքրութիւնով։ 3 Որբեւայրիները պատուէ՝ անոնք որ ճշմարտապէս որբեւայրի են։ 4 Իսկ եթէ որբեւայրի մը զաւակներ կամ թոռներ ունի, թող անոնք առաջ սորվին իրենց տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել ու փոխարէն հատուցանել իրենց ծնողներուն. վասն զի ա՛յն է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ։ 5 Ան որ ճշմարտապէս որբեւայրի է ու մինակ մնացած եւ իր յոյսը Աստուծոյ վրայ դրած է, թող գիշեր ցորեկ աղօթքով ու աղաչանքով պարապի։ 6 Բայց փափկասէր որբեւայրին թէեւ կենդանի՝ բայց մեռած է։ 7 Որբեւայրիներուն պատուիրէ որպէս զի անարատ ըլլան։ 8 Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։ 9 Որբեւայրին որբեւայրիներու կարգը թող սեպուի, եթէ վաթսուն տարեկանէն պակաս չէ, մէկ էրկան կին եղած, 10 Բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած ըլլայ, եթէ հիւրեր ընդունած ըլլայ, եթէ սուրբերուն ոտքերը լուացած ըլլայ, եթէ նեղեալներուն օգնութիւն ըրած ըլլայ, եթէ ամէն տեսակ բարեգործութեան մէջ յարատեւած ըլլայ։ 11 Բայց դեռահասակ որբեւայրիները մերժէ. քանզի երբ Քրիստոսին դէմ յանդգնելով հեշտասիրութեան անձնատուր ըլլան, ամուսնանալ կ’ուզեն 12 Եւ դատապարտութիւն կ’ընդունին, վասն զի նախկին հաւատքնին մէկդի ձգելով կը ծուլանան։ 13 Տունէ տուն կը պտըտին եւ ո՛չ միայն ծոյլ, հապա շատախօս ու հետաքրքիր կ’ըլլան եւ անպատեհ բաներ կը խօսին։ 14 Ուստի կ’ուզեմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, տնաշէն ըլլան ու նախատինքի առիթ չտան հակառակորդին 15 Քանզի արդէն ոմանք խոտորեցան եւ Սատանային ետեւէն գացին։ 16 Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը որբեւայրիներ ունենայ, թող օգնէ անոնց եւ եկեղեցին չծանրաբեռնէ, որպէս զի ճշմարտապէս որբեւայրիներուն օգնէ։

17 Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով։ 18 Վասն զի գիրքը կ’ըսէ. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր» եւ «Մշակը իր վարձքին արժանի է»։ 19 Երէցի վրայով ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, եթէ երկու կամ երեք վկայ չըլլայ։ 20 Անոնք որ մեղք կը գործեն, ամենուն առջեւ յանդիմանէ, որպէս զի ուրիշներ ալ վախնան։ 21 Կ’երդմնցնեմ Աստուծոյ առջեւ եւ Յիսուս Քրիստոսին ու ընտրեալ հրեշտակներուն որպէս զի այս բաները պահես առանց նախապաշարումի, բան մը աչառութեամբ չընես։ 22 Շուտով մէկուն վրայ ձեռք մի՛ դներ եւ ուրիշներուն մեղքերուն հաղորդակից չըլլաս։ Դուն քեզ մաքո՛ւր պահէ։

23 Ասկէ յետոյ միայն ջուր չխմես, հապա քիչ մըն ալ գինի խառնէ ստամոքսիդ եւ յաճախակի հիւանդութիւններուդ համար։

24 Կան մարդիկ՝ որոնց մեղքերը յայտնի են ու առաջուընէ դատաստանի հասած են եւ կան՝ որոնց մեղքերը յետոյ յայտնի կ’ըլլան։ 25 Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են եւ այն գործերը որ յայտնի չեն, չեն կրնար ծածկուած մնալ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել