Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • կօ էջ 74-էջ 77 պարբ. 2
  • Յառաջդիմեցէ՛ք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յառաջդիմեցէ՛ք
  • Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Գիտութիւն եւ Փոխակերպութիւն
  • Ձեր Պարգեւը Գործածեցէք
  • Փորձառութեան Խաղցած Դերը
  • Շարունակեցէք Դէպի Առաջ Ընթանալ
  • Պատանինե՛ր, ձեր յառաջդիմութիւնը յայտնի ըրէք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Յառաջդիմութիւնդ Յայտնի Ըրէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Քու յառաջդիմութիւնդ յայտնի ըրէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2001
Տես աւելին
Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի կրթութենէն օգտուեցէք
կօ էջ 74-էջ 77 պարբ. 2

Յառաջդիմեցէ՛ք

ԵՐԲ սկսաք Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել, ձեր մէջ խորապէս արմատացած մտածելաձեւի, խօսակցութեան եւ վարքի կարգ մը կերպեր սկսան աստիճանաբար փոխուիլ։ Ասոնց մեծ մասը տեղի ունեցաւ նոյնիսկ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուելէ առաջ։ Այժմ թերեւս ա՛յն աստիճան յառաջդիմած էք, որ ձեր կեանքը Եհովայի նուիրած էք։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ այլեւս ձեր յառաջդիմութիւնը վերջ գտած է։ Բնա՛ւ երբեք։ Ձեր մկրտութիւնը պարզապէս սկիզբ մըն է։

Տիմոթէոս աշակերտ արդէն որպէս Քրիստոնեայ երէց կը ծառայէր, երբ Պօղոս իրեն ըսաւ որ իրեն տրուած խրատին եւ վստահուած ծառայութեան առանձնաշնորհումներուն մասին ‘խորհէր՝ ատոնցմով պարապէր, որպէս զի իր յառաջդիմութիւնը ամենուն յայտնի ըլլար’։ (Ա. Տիմ. 4։12-15) Ըլլաք ճշմարտութեան ճամբուն նոր հետեւողներ թէ քրիստոնէական ապրելակերպի վարժ եղող անհատներ, պէտք է հետաքրքրուած ըլլաք յառաջդիմութեամբ։

Գիտութիւն եւ Փոխակերպութիւն

Եփեսացիս 3։14-19–ի մէջ կը կարդանք Պօղոս առաքեալի աղօթքը, որպէսզի իր հաւատակիցները կարենային ճշմարտութեան «լայնութիւնը ու երկայնութիւնը եւ խորութիւնը ու բարձրութիւնը» հասկնալ։ Այս նպատակաւ Յիսուս տղամարդիկ որպէս պարգեւներ տուաւ, որպէսզի սորվեցնեն, սրբագրեն եւ կերտեն ժողովքը։ Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքին վրայ կանոնաւորաբար խոկալը եւ վարժ ուսուցիչներու կողմէ առաջնորդութիւն ստանալը կրնան օգնել որ հոգեւորապէս ‘աճինք’։—Եփ. 4։11-15

Այդ աճումը կը պարփակէ «միտքը դրդող ոյժով նորոգուիլ»։ Ասիկա կ’ընդգրկէ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի հետ ներդաշնակ եղող զօրաւոր տրամադրութիւն մը հաստատել։ Անիկա կը պահանջէ յարատեւաբար շփման մէջ գալ անոնց մտածելակերպին հետ, ‘նոր անձնաւորութիւնը հագնելու’ համար։ (Եփ. 4։23, 24, ՆԱ) Երբ Աւետարանները կ’ուսումնասիրէք, Քրիստոսի կեանքին այս պատմութիւնները որպէս հետեւելու արժանի օրինակ կը նկատէ՞ք։ Կը ջանա՞ք Յիսուսի ցոյց տուած նկարագրի գծերը բնորոշել, ապա ձեր կեանքին մէջ անոնց հետեւելու համար իսկական ջանք թափել։—Ա. Պետ. 2։21

Ձեր խօսակցութեան նիւթերը կրնան նշել թէ ո՛ր տարողութեամբ այսպիսի յառաջդիմութիւն ըրած էք։ Նոր անձնաւորութիւնը հագնողները, անպարկեշտ, գռեհիկ, աղտոտ կամ ժխտական խօսակցութեան անձնատուր չեն ըլլար։ Հապա՝ անոնց խօսակցութիւնը «շինութեանը համար [է], . . . որպէս զի լսողներուն շնորհք տայ»։ (Եփ. 4։25, 26, 29, 31. 5։3, 4. Յուդա 16) Իրենց անձնական կեանքին մէջ թէ ժողովքին մէջ, անոնց դիտողութիւններն ու արտայայտութիւնները կը յայտնեն թէ ճշմարտութիւնը իրենց կեանքը կը փոխակերպէ։

Եթէ այլեւս «երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած» չէք, ասիկա ալ յառաջդիմութեան ապացոյց է։ (Եփ. 4։14) Ի՞նչպէս կը հակազդէք, զոր օրինակ, երբ աշխարհ իր նոր գաղափարները, սկզբունքները կամ ժամանցի ձեւերը ձեր վրայ տեղացնէ։ Կը փորձուի՞ք հոգեւոր պարտականութիւններէն ժամանակ գողնալ այս բաներուն հետեւելու համար։ Ասիկա ընելը կրնայ խափանել ձեր հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Որքա՜ն աւելի իմաստութիւն է հոգեւո՛ր հետապնդումներու համար ժամանակ ծախու առնել։—Եփ. 5։15, 16

Ուրիշներու հետ ձեր վարուած կերպն ալ կրնայ հոգեւոր յառաջդիմութիւն նշել։ Սորվա՞ծ էք ձեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ ‘գթած եւ ներող’ ըլլալ։—Եփ. 4։32

Եհովայի ուզած կերպով վարուելու մէջ ձեր յառաջդիմութիւնը պէտք է բացայայտ ըլլայ թէ՛ ժողովքին մէջ եւ թէ տան մէջ։ Անիկա բացայայտ պէտք է ըլլայ նաեւ դպրոցը, հանրային վայրերու եւ ձեր աշխատավայրին մէջ։ (Եփ. 5։21–6։9) Եթէ այս բոլոր առիթներով աւելի մեծ չափով բարեպաշտ յատկութիւններ կը ցուցաբերէք, ուրեմն ձեր յառաջդիմութիւնը բացորոշ է։

Ձեր Պարգեւը Գործածեցէք

Եհովա իւրաքանչիւրիս կարողութիւններ ու տաղանդներ տուած է։ Ան կ’ակնկալէ որ զանոնք ուրիշներու ի նպաստ ա՛յնպէս մը գործածենք, որ մեր միջոցաւ Իր ողորմութիւնը կարենայ արտայայտել։ Այս մասին Պետրոս առաքեալ գրեց. «Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս»։ (Ա. Պետ. 4։10) Ձեր տնտեսութիւնը ի՞նչպէս կը կատարէք։

Պետրոս կը շարունակէ. «Եթէ մէկը խօսի, Աստուծոյ պատգամներուն պէս թող խօսի»։ (Ա. Պետ. 4։11) Այս համարը շեշտ կը դնէ Աստուծոյ Խօսքին հետ ամբողջովին համաձայն խօսելու պատասխանատուութեան վրայ, որպէսզի Աստուած փառաւորուի։ Այսպիսի խօսակցութեան կերպն ալ պէտք է Եհովան փառաբանէ։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին միջոցաւ տրուած մարզումն ալ կրնայ օգնել որ ձեր պարգեւը այս կերպով գործածէք՝ ուրիշներուն օգնելու ձեր կերպով Աստուած փառաբանելով։ Ասիկա նպատակակէտ ունենալով, դպրոցին մէջ ձեր յառաջդիմութիւնը ի՞նչպէս պէտք է չափէք։

Փոխանակ մտածելու թէ խրատական քանի՛ կէտի վրայ աշխատած էք, կամ ի՛նչպիսի նշանակում ստացած էք, մտածեցէք թէ ձեր մարզումը ո՛րքանով բարելաւած է ձեր փառաբանութեան զոհերուն որակը։ Դպրոցը մեզ կը պատրաստէ որ դաշտի ծառայութեան մէջ աւելի ազդու ըլլանք։ Ուստի, դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Դաշտի ծառայութեան մէջ ըսելիքս իրապէս կը պատրաստե՞մ։ Սորվա՞ծ եմ անձնական հետաքրքրութիւն ցոյց տալ անոնց հանդէպ, որոնց կը վկայեմ։ Վերայցելութիւններու համար հիմ մը կը ձգե՞մ, յաջորդ անգամ նկատի առնուելիք հարցում մը յարուցանելով։ Եթէ մէկու մը հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեմ, ջանք կը թափե՞մ որ սրտին հասնող ուսուցիչ մը ըլլամ’։

Յառաջդիմութիւնը ձեզի շնորհուած ծառայութեան առանձնաշնորհումներով մի՛ չափէք։ Ձեր յառաջդիմութիւնը կը տեսնուի ո՛չ թէ ձեր ունեցած նշանակումով, հապա անով ձեր ի՛նչ ըրածով։ Եթէ ձեզի նշանակում մը տրուած է որ իր մէջ ուսուցում կը պարունակէ, դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Սորվեցնելու արուեստը իրապէս կը գործածե՞մ։ Նիւթը այնպիսի կերպով մը կը ներկայացնե՞մ, որ զայն լսողներուն կեանքին ազդէ’։

Ձեր ունեցած պարգեւը գործածելու յորդորը կը պարփակէ նախաձեռնութիւն գործածել։ Դաշտի ծառայութեան մէջ ուրիշներուն հետ աշխատելու նախաքայլը կ’առնէ՞ք։ Ձեր ժողովքին նորեկ, երիտասարդ կամ հաշմանդամ անդամներուն օգնելու առիթներ կը փնտռէ՞ք։ Թագաւորութեան Սրահը մաքրելու կամ համաժողովներուն տարբեր կերպերով ձեռք մը տալու պատրաստակամութիւն ցոյց կու տա՞ք։ Պարբերաբար օժանդակ ռահվիրայութեան կրնա՞ք մասնակցիլ։ Կարելիութիւն ունի՞ք ծառայելու որպէս կանոնաւոր ռահվիրայ, կամ օգնելու՝ կարիքը ունեցող ժողովքի մը։ Եթէ եղբայր մըն էք, օգնական ծառաներու եւ երէցներու համար սուրբ գրային որակումները լեցնելու կը ձգտի՞ք։ Օգնութեան ձեռք երկարելու եւ պատասխանատուութիւն ընդունելու ձեր պատրաստակամութիւնը յառաջդիմութեան նշան մըն է։—Սաղմ. 110։3

Փորձառութեան Խաղցած Դերը

Եթէ քրիստոնէական կեանքի մէջ փորձառութեան պակասը ունիք, մի՛ յուսահատիք։ Աստուծոյ Խօսքը՝ «տգէտը իմաստուն կ’ընէ»։ (Սաղմ. 19։7. 119։130. Առ. 1։1-4) Աստուածաշունչի խրատները կիրարկելը առիթ կու տայ որ Եհովայի կատարեալ իմաստութենէն օգտուինք, որ շա՛տ աւելի արժէքաւոր է՝ քան փորձառութեամբ ձեռք ձգուած որեւէ գիտելիք։ Սակայն, մինչ Եհովայի մատուցած մեր ծառայութեան մէջ յառաջդիմութիւն կ’արձանագրենք, արժէքաւոր փորձառութիւն կը շահինք։ Ի՞նչպէս կրնանք զայն գործածել օգտակար կերպով։

Կեանքի մէջ այլազան պարագաներու ենթարկուած ըլլալով, անհատ մը թերեւս մղուի ըսելու. ‘Ես նախապէս այս կացութիւնը դիմագրաւած եմ։ Գիտե՛մ ինչ պէտք է ընեմ’։ Ասիկա իմաստուն ընթացք մը պիտի ըլլա՞ր։ Առակաց 3։7–ն կը զգուշացնէ. «Դուն քու աչքիդ առջեւ իմաստուն մի՛ ըլլար»։ Անշուշտ, փորձառութիւնը պէտք է օգնէ որ աւելի ընդարձակ կերպով քննենք ազդակները, երբ կեանքի մէջ որոշ կացութիւններ ձեռք կ’առնենք։ Բայց եթէ հոգեւորապէս կը յառաջդիմենք, մեր փորձառութիւնը նաեւ մեր մտքին ու սրտին մէջ պէտք է դրոշմէ այն իրողութիւնը, թէ յաջողելու համար Եհովայի օրհնութեան կարիքը ունինք։ Ուրեմն, մեր յառաջդիմութիւնը յայտնի կ’ըլլայ ո՛չ թէ ինքնավստահութեամբ կացութիւնները դիմագրաւելով, այլ՝ մեր կեանքին մէջ առաջնորդութեան համար իսկոյն Եհովայի դառնալով։ Անիկա յայտնի կ’ըլլայ վստահութիւն ունենալով թէ ո՛չ մէկ բան կրնայ պատահիլ առանց իր արտօնութեան, եւ՝ մեր երկնաւոր Հօրը հետ վստահելի եւ գորովալի յարաբերութիւն մը պահելով։

Շարունակեցէք Դէպի Առաջ Ընթանալ

Պօղոս առաքեալ հոգեւորապէս հասուն եւ օծեալ Քրիստոնեայ մը ըլլալով հանդերձ, ընդունեց որ կեանքի նպատակակէտին հասնելու համար, կարիքը ունէր «առջեւի եղածներուն դիմելու»։ (Փիլ. 3։13-16) Դուք ալ այս տեսակէտը ունի՞ք։

Որքա՞ն յառաջդիմած էք։ Ձեր աճը չափեցէք նկատի առնելով թէ նոր անձնաւորութիւնը ո՛րքան լիովին հագած էք, ո՛րքան լիարժէք կերպով ենթարկուած էք Եհովայի գերիշխանութեան եւ ձեր պարգեւները ո՛րքան ջանադրութեամբ կը գործածէք Եհովան պատուելու համար։ Մինչ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի կրթութենէն կ’օգտուիք, Աստուծոյ Խօսքին մէջ ընդգծուած յատկութիւնները աստիճանաբար պէտք է տեսնուին ձեր խօսելու եւ սորվեցնելու կերպին մէջ։ Ձեր աճման այս երեսակները աչքի առջեւ պահեցէք։ Այո, անոնցմով ուրախացէք եւ ձեր յառաջդիմութիւնը նկատելի պիտի ըլլայ։

ՁԵՐ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՆՊԱՏԱԿԱԿԷՏԵՐԸ Ի՞ՆՉ ԵՆ

Ի՞նչ իրապաշտ նպատակակէտեր դրած էք, որոնց պէտք է հասնիք յաջորդ տարուան ընթացքին։

  1. ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

  2. ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

Ի՞նչ նպատակակէտեր ունիք, որոնց հասնիլը ժամանակի կը կարօտի, սակայն ա՛յնքան թանկագին են ձեզի համար, որ վճռած էք աշխատիլ մինչեւ որ զանոնք իրագործէք։

  1. ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

  2. ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

  3. ․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել