Դասախօսի եւ Ուսուցիչի Կարողութիւն Մշակելու Ծրագիր
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ըլլաք թէ տարեց, այր՝ թէ կին, այս դասընթացքը կրնայ օգնել ձեզի որ աւելի ազդեցիկ կերպով արտայայտուիք, եւ որպէս Աստուծոյ Խօսքը ուսուցանող մը՝ աւելի որակելի ըլլաք։
Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ արձանագրուողներուն նշանակումները պիտի ընէ դպրոցին տեսուչը։ Յաջորդ երեք էջերուն մէջ պիտի գտնէք ձեր խրատի թղթիկը։ Զանազան կէտերէն առաջ դրուած թիւերը կը համապատասխանեն հետագայ էջերուն վրայի ուսումնասիրութիւններուն։ Այդ ուսումնասիրութիւններուն մէջ բացատրութիւն մը պիտի գտնէք թէ խօսելու ու սորվեցնելու այս երեսակներուն տիրանալը ի՛նչ կը պարփակէ եւ ինչո՛ւ իւրաքանչիւրը կարեւոր է։ Նաեւ, օգտակար ուղղութիւն պիտի գտնէք յանձնարարուածը ինչպէս իրագործելու մասին։
Խրատի թղթիկին վրայի գոյնի դասաւորումը կը նշէ թէ ո՛ր կէտերը կը կիրարկուին այն նշանակումներուն, որոնք կը պարփակեն (1) ունկնդիրներու կարդալ, (2) երկու կամ աւելի անհատներու հետ ցուցադրութիւն մը, կամ՝ (3) ժողովքին տրուած դասախօսութիւն մը։ Դպրոցի տեսուչը ձեր աշխատելիք կէտը պիտի նշանակէ։ Նախընտրելի է իւրաքանչիւր անգամ մէկ կէտի վրայ աշխատիլ։ Նշանակուած ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան յանձնարարուած վարժութիւնները ընելով պիտի օգտուիք։ Եթէ ապացուցանէք որ յաջող կերպով կիրարկած էք նշեալ ուսումնասիրութեան խրատը, ձեր խրատատուն ուրիշ կէտ մը պիտի նշանակէ ձեզի։
Եթէ ձեր նշանակումը ցուցադրութեան կերպով պիտի տրուի, մատուցման կերպի մը պէտք պիտի ունենաք։ Էջ 82–ի վրայ, մատուցման կերպերու ցանկ մը կը գտնուի, բայց պայման չէ որ միայն անոնցմով գոհանաք։ Ձեր խրատատուն կրնայ մատուցման որոշ կերպ մը յանձնարարել ձեզի, որպէսզի փորձառութիւն ձեռք ձգէք, կամ կրնայ ընտրութիւնը ձեզի ձգել։
Այս գիրքը կարդալը եւ վարժութիւններուն վրայ աշխատիլը՝ նոյնիսկ երբ դպրոցի նշանակումներու պատրաստութիւն չէք ըներ, կրնայ մեծապէս նպաստել ձեր յառաջդիմութեան։ Թերեւս կրնաք գրեթէ ամէն շաբաթ տարբեր ուսումնասիրութիւն մը նկատի առնել։
Հոգ չէ թէ որքան ատենէ դպրոցին մէջ մասնակցութիւն կը բերէք կամ դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիք, տակաւին կրնաք բարւոքումներ ընել։ Աւելի լիարժէք կերպով օգտուեցէք Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մատակարարած կրթութենէն։