Եզրափակիչ քննարկութիւն՝ մկրտութեան թեկնածուներուն հետ
Մկրտութիւնները սովորաբար տեղի կ’ունենան Եհովայի վկաներու համաժողովներուն ընթացքին։ Մկրտութեան դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը մկրտութեան թեկնածուներէն պիտի խնդրէ, որ ոտքի կենան եւ բարձրաձայն պատասխանեն հետեւեալ երկու հարցումներուն.
1. Մեղքերուդ համար զղջացա՞ծ ես, դուն քեզ Եհովային նուիրա՞ծ ես, եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ իր ըրած փրկութեան կերպը ընդունա՞ծ ես։
2. Կ’ըմբռնե՞ս թէ մկրտութիւնդ ցոյց կու տայ, որ դուն Եհովայի կազմակերպութեան ընկերակցող Եհովայի վկաներէն մէկն ես։
Այս հարցումներուն տրուած դրական պատասխաններով, մկրտութեան թեկնածուները ‘հրապարակաւ կը հռչակեն’, թէ կը հաւատան փրկանքին եւ թէ անձերնին անվերապահօրէն նուիրած են Եհովային (Հռով. 10։9, 10, ՆԱ)։ Մկրտութեան թեկնածուները պիտի փափաքին կանխաւ աղօթքով լա՛ւ խորհիլ այս հարցումներուն շուրջ, որպէսզի կարենան պատասխանել իրենց անձնական համոզումներուն հիման վրայ։
Աղօթքով Եհովային նուիրուա՞ծ ես, իրեն խոստանալով որ միմիայն զինք պիտի պաշտես եւ իր կամքը ընելը առաջին տեղը պիտի դնես կեանքիդ մէջ։
Հիմա լման համոզուա՞ծ ես, որ առաջին առիթով պէտք է մկրտուիս։
Ո՞ր հագուստը պատշաճ է մկրտութեան համար (Ա. Տիմ. 2։9, 10. Յովհ. 15։19. Փլպ. 1։10)։
Մենք միշտ պէտք է «ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ» հագնինք, որպէսզի Աստուծոյ հանդէպ մեր «աստուածպաշտութիւնը» ցուցնենք։ Ասոր համար, մկրտուողները պէտք չէ հագուին անպատշաճ լողազգեստ, ոչ ալ հագուստներ, որոնց վրայ խօսքեր կամ նշանաբաններ կան։ Անոնք պէտք է կոկիկ, մաքուր, ճաշակաւոր եւ առիթին յարմար հագուստներ հագնին։
Մկրտուելու ատեն, անհատը ինչպէ՞ս պէտք է վարուի (Ղուկ. 3։21, 22)։
Յիսուսի մկրտութիւնը որպէս օրինակ կը ծառայէ այժմու քրիստոնեաներու մկրտութիւններուն։ Յիսուս գիտակցեցաւ թէ մկրտութիւնը լուրջ քայլ մըն է, եւ այս բանը յայտնի եղաւ իր վերաբերմունքէն եւ արարքներէն։ Արդ, մկրտութեան վայրը պէտք չէ անտեղի կատակներ ընել, խաղալ, լողալ կամ ընել այնպիսի բաներ, որոնք կը պակսեցնեն առիթին լրջութիւնը։ Նորեկ քրիստոնեան պէտք չէ վարուի այնպիսի կերպով մը, որ կարծես թէ մեծ յաղթանակ մը տարած է։ Թէեւ մկրտութիւնը ուրախալի առիթ է, սակայն այդ ուրախութիւնը պէտք է արտայայտել արժանավայել կերպով։
Ժողովքին հետ կանոնաւորաբար ժողովի ներկայ գտնուիլն ու ընկերակցիլը քեզի ինչպէ՞ս պիտի օգնէ, որ նուիրումիդ համաձայն ապրիս։
Մկրտուելէ ետք, ինչո՞ւ կարեւոր է որ անձնական ուսումնասիրութեան լաւ յայտագիր մը պահպանես եւ կանոնաւորաբար ծառայութեան մասնակցիս։
ՑՈՒՑՄՈՒՆՔՆԵՐ՝ ԺՈՂՈՎՔԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Երբ չմկրտուած հրատարակիչ մը մկրտուելու իր փափաքը յայտնէ, պէտք է իրեն քաջալերութիւն տրուի, որ ուշադրութեամբ քննէ «Հարցումներ՝ մկրտուիլ փափաքողներու համար» բաժինը, որ կը գտնուի 12-49–րդ էջերուն վրայ։ Իր ուշադրութեան պէտք է յանձնել «Պատգամ՝ չմկրտուած հրատարակիչին» յօդուածը, որ 7–րդ էջէն սկսելով կը բացատրէ, թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ նախապատրաստուիլ երէցներուն հետ քննարկութիւններ ունենալու համար։ Ինչպէս հոն նշուած է, մկրտութեան թեկնածուն քննարկութիւններու ընթացքին կրնայ օգտուիլ իր անձնական նշումներէն եւ այս գրքոյկը բաց ձգել։ Սակայն հարկ չկայ որ նախքան երէցներուն հետ հանդիպիլը, ուրիշ անհատ մը այդ հարցումները քննարկէ մկրտութեան թեկնածուին հետ։
Ան որ կը փափաքի մկրտուիլ, պէտք է երէցներու մարմինի համակարգողը տեղեակ պահէ։ Երբ մկրտուիլ փափաքող անձը կարդայ «Հարցումներ՝ մկրտուիլ փափաքողներու համար» բաժինը, երէցներու մարմինի համակարգողը իրեն պիտի հարցնէ, որ աղօթքով Եհովային նուիրուա՞ծ է Իր կամքը ընելու։ Եթէ անհատը նուիրուած է, երէցներու մարմինի համակարգողը պիտի կարգադրէ, որ երկու երէցներ անհատին հետ քննարկեն «Հարցումներ՝ մկրտուիլ փափաքողներու համար» բաժինը։ Ամէն մէկ բաժին պէտք է տարբեր երէցի մը կողմէ նկատի առնուի։ Այս քննարկութիւնները ունենալու համար, պայման չէ սպասել մինչեւ որ համաժողովի մը նկատմամբ յայտարարութիւն ըլլայ։
Երկու մասերը սովորաբար կարելի է քննարկել գրեթէ մէկ ժամ տեւող երկու առանձին նիստերով, թէեւ աւելի շատ ժամանակ տրամադրելը կարելի է, եթէ հարկ ըլլայ։ Ամէն մէկ նիստ պէտք է սկսիլ եւ վերջացնել աղօթքով։ Ո՛չ մկրտութեան թեկնածուն, ոչ ալ երէցները պէտք է շտապեն հարցումները արագ–արագ քննարկելու։ Նշանակուած երէցները այս քննարկութեան նախապատուութիւն պէտք է տան իրենց յայտագրին մէջ։
Սովորաբար, լաւ կ’ըլլայ որ իւրաքանչիւր թեկնածուի հետ հարցումները քննարկուին անհատապէս եւ ոչ թէ խմբովին։ Երբ թեկնածուն իւրաքանչիւր հարցումին պատասխանէ, երէցները աւելի լաւ պիտի հասկնան, թէ ան որքա՛ն լաւ գիտէ Սուրբ Գիրքին ճշմարտութիւնը, եւ վստահ պիտի ըլլան որ ան պատրաստ է մկրտութեան։ Եւ մկրտուիլ փափաքող անձը թերեւս աւելի հակամէտ ըլլայ ինքզինք արտայայտելու, երբ առանձին է։ Իսկ ամուսինն ու կինը կրնան միասին մասնակցիլ այս նիստերուն։
Եթէ մկրտութեան թեկնածուն քոյր է, քննարկութիւնները պէտք է ըլլան տեղ մը, ուր ուրիշներ կրնան տեսնել երէցն ու քոյրը, բայց՝ չեն կրնար լսել անոնց խօսակցութիւնը։ Իսկ եթէ երրորդ անհատի մը ներկայութիւնը անհրաժեշտ է, այդ անձը պէտք է կա՛մ երէց, կամ ալ օգնական ծառայ ըլլայ, նայած թէ գրքոյկին ո՛ր մասը կը քննարկուի, ինչպէս որ յաջորդ պարբերութիւնը կը բացատրէ։
Շատ քիչ երէց ունեցող ժողովքներու մէջ, լաւ դատողութիւն եւ խորատեսութիւն ցոյց տուող որակեալ օգնական ծառաներ կրնան թեկնածուներուն հետ քննարկել մկրտութեան այն հարցումները, որոնք կը գտնուին Մաս 1–ին (Քրիստոնէական հաւատալիքներ) մէջ։ Իսկ Մաս 2–ը (Քրիստոնէական ապրելակերպ) միմիայն երէցներու կողմէ պէտք է քննարկուի։ Եթէ ժողովքի որակեալ եղբայրներուն թիւը բաւարար չէ, կարելի է շրջանային տեսուչին հետ կապ պահել գիտնալու համար, եթէ մօտակայ ժողովքի մը երէցները կրնան օգտակար դառնալ։
Եթէ մկրտութեան թեկնածուն չափահաս չէ, Եհովան պաշտող ծնող(ներ)ը պէտք է ներկայ ըլլան նիստերուն։ Եթէ ծնող(ներ)ը չեն կրնար ներկայ ըլլալ, պէտք է երկու երէցներ (կամ ալ մէկ երէց եւ մէկ օգնական ծառայ [կախեալ ըլլալով քննարկուած մասէն]) ներկայ ըլլան ամէն մէկ նիստին։
Երէցները պէտք է վստահ ըլլան, որ մկրտուիլ փափաքող անհատը բաւարար չափով կը հասկնայ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները։ Անոնք նաեւ պէտք է վստահ ըլլան, որ ան խորապէս կը գնահատէ ճշմարտութիւնը եւ պատշաճ յարգանք կը դրսեւորէ Եհովայի կազմակերպութեան հանդէպ։ Իսկ եթէ անհատը չի հասկնար Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները, երէցները հոգ պիտի տանին որ օգնութիւն ստանայ, որպէսզի յետագային որակեալ ըլլայ մկրտուելու։ Ոմանք թերեւս աւելի ժամանակի պէտք ունենան, որ ցոյց տան թէ աւելի կը գնահատեն դաշտի ծառայութիւնը կամ աւելի կը հպատակին կազմակերպչական կարգադրութիւններուն։ Երէցները խորատեսութեա՛մբ պէտք է որոշեն ինչպէ՛ս դասաւորել իւրաքանչիւր նիստին տրամադրուած ժամանակը,– ըլլայ ատիկա մէկ ժամ թէ աւելի,– որպէսզի լիովին վստահ ըլլան, որ անհատը պատրաստ է մկրտութեան։ Թերեւս որոշ հարցումներու համար աւելի ժամանակ յատկացուի քան՝ ուրիշներու, սակայն բոլոր հարցումներն ալ պէտք է քննարկուին։
Այն երէցները, որոնք նշանակուած են այս հարցումները քննարկելու, երկրորդ նիստէն ետք պիտի ժողվուին եւ որոշեն, թէ արդեօք անհատը կրնա՛յ մկրտուիլ կամ ոչ։ Երէցները հաշուի պիտի առնեն իւրաքանչիւր անհատի ենթահողը, կարողութիւնները եւ ա՛յլ պարագաներ։ Մենք հետաքրքրուած ենք անոնցմով, որոնք իրենց սիրտը Եհովային դարձուցած են եւ հասկցած են Աստուածաշունչի հիմնական ճշմարտութիւնները։ Ձեր սիրալիր օգնութեամբ, մկրտուողները բաւարար չափով պատրաստուած պիտի ըլլան իրենց կարեւոր նշանակումը իրագործելու որպէս բարի լուրի քարոզիչներ։
Անկէ ետք, նշանակուած երէցներէն մէկը կամ երկուքը պէտք է հանդիպում մը ունենան անհատին հետ եւ տեղեկացնեն, թէ մկրտութեան համար որակեա՛լ է կամ ոչ։ Եթէ անհատը որակեալ է, երէցները անոր հետ պէտք է քննարկեն «Եզրափակիչ քննարկութիւն՝ մկրտութեան թեկնածուներուն հետ» բաժինը, որ կը գտնուի 51-53–րդ էջերուն վրայ։ Եթէ թեկնածուն տակաւին չէ ամբողջացուցած Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ուսումնասիրութիւնը, երէցները պէտք է զինք քաջալերեն, որ զայն ամբողջացնէ մկրտութենէն ետք։ Թեկնածուին տեղեկացուցէք, որ իրեն վերաբերող Ժողովքի հրատարակիչի արձանագրութեան մէջ պիտի աւելցուի իր մկրտութեան թուականը։ Իրեն յիշեցուցէք որ երէցները այս անձնական տեղեկութիւնը կ’արձանագրեն, որպէսզի կազմակերպութիւնը կարենայ շարունակել հոգ տանիլ Եհովայի վկաներուն կրօնական համաշխարհային գործունէութիւններուն, եւ որպէսզի ինք կարենայ հոգեւոր գործունէութիւններու մասնակցիլ, ինչպէս նաեւ քաջալերութիւն եւ ուղղութիւն ստանայ երէցներէն։ Ասկէ զատ, երէցները կրնան նոր հրատարակիչներուն յիշեցնել, թէ որեւէ անձնական տեղեկութիւն կը գործածուի «Եհովայի վկաներու՝ տուեալներու համաշխարհային պաշտպանութեան քաղաքականութեան» համաձայն, որ կը գտնուի www.pr418.com/hyw կայքին վրայ։ Այս քննարկութիւնը ընդհանրապէս պէտք է տեւէ միայն տասը վայրկեան, կամ անկէ պակաս։
Հրատարակիչին մկրտութենէն մէկ տարի ետք, երկու երէցներ պէտք է իրեն հետ նստին ու քաջալերական խօսքեր ըսեն եւ օգտակար թելադրութիւններ տան իրեն։ Երէցներէն մէկը պէտք է անհատին խումբի տեսուչը ըլլայ։ Եթէ անհատը չափահաս չէ, իր հաւատացեալ ծնող(ներ)ը պէտք է ներկայ ըլլան։ Նիստը պէտք է ջերմեռանդ եւ քաջալերական ըլլայ։ Երէցները անհատին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը պիտի քննարկեն եւ գործնական թելադրութիւններ տան, թէ ինչպէ՛ս կրնայ շարունակել իր լաւ սովորամոլութիւնը՝ անձնական ուսումնասիրութիւն ընելու, Աստուածաշունչը ամէն օր կարդալու, ամէն շաբաթ ընտանեկան պաշտամունք ունենալու, ժողովներուն հաւատարմօրէն ներկայ գտնուելու ու մասնակցելու, եւ դաշտի ծառայութեան մէջ ամէն շաբաթ բաժին բերելու (Եփ. 5։15, 16)։ Եթէ ան տակաւին չէ վերջացուցած Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքին ուսումնասիրութիւնը, երէցները պէտք է կարգադրութիւն ընեն, որ որոշ անձ մը իրեն օգնէ։ Երէցները առատաձեռնօրէն պէտք է գովասանքի սիրալիր խօսքեր ըսեն։ Սովորաբար, մէկ կամ երկու կէտի նկատմամբ խրատ եւ թելադրութիւն տալը բաւարար է։