Դեկտեմբեր
Շաբաթ, դեկտեմբեր 1
Անոր դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած, գիտնալով որ ձեր եղբայրներն ալ աշխարհի մէջ նոյն չարչարանքները կը կրեն (Ա. Պետ. 5։9)։
Պետրոս առաքեալ այս խօսքերը գրեց, որպէսզի քրիստոնեաները քաջալերէ որ Սատանային փորձութիւններուն համբերեն։ «Համբերողներուն» փորձառութիւնները մեզի կը սորվեցնեն հաւատարիմ մնալ, մեզ կը վստահեցնեն որ կրնա՛նք յաջողիլ եւ մեզի կը յիշեցնեն որ հաւատարիմ մնալով պիտի վարձատրուինք (Յակ. 5։11)։ Խիստ հակառակութեան կամ նոյնիսկ հալածանքի տա՞կ ես։ Ժողովքի երէց կամ շրջանային տեսուչ ըլլալով ծանր պատասխանատուութիւններուդ համար ճնշուած կը զգա՞ս։ Պօղոսին օրինակին վրայ խոկա՛։ Ան շատ մը «արտաքին նեղութիւններ» քաշեց եւ միշտ եղբայրներուն վրայ մտահոգուած էր (Բ. Կոր. 11։23-29)։ Բայց ան բնա՛ւ չյանձնուեցաւ եւ իր օրինակը ուրիշները զօրացուց (Բ. Կոր. 1։6)։ Երբ նեղութեան ատեն համբերես, յիշէ թէ քու օրինակդ շատ հաւանաբար ուրիշները կը քաջալերէ որ համբերեն։ դ16.04 2։11, 14
Կիրակի, դեկտեմբեր 2
Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք. . . սորվեցուցէք անոնց (Մատ. 28։19, 20)։
Որպէս խումբ, Եհովայի վկաները իրենց քարոզչութեամբ ճանչցուած են, եւ գրեթէ բոլորը ասիկա կ’ընդունին, ըլլան մեզի ականջ տուողները կամ բիրտ հալածողները։ Թերեւս քարոզչութեան մէջ հանդիպած ես մարդոց, որոնք ըսած են թէ մեր ըրած գործին համար մեզ կը յարգեն, հակառակ որ մեր հաւատալիքներուն հետ համաձայն չեն։ Ինչպէս որ գիտենք, Յիսուս մարգարէացաւ որ Թագաւորութեան բարի լուրը ամբողջ աշխարհին մէջ պիտի քարոզուէր (Մատ. 24։14)։ Կրօնական շատ մը խումբեր կ’ըսեն թէ աւետարանը կամ բարի լուրը կը քարոզեն։ Սակայն, իրենց քարոզչութիւնը պարզապէս քարոզ տալ է՝ ըլլայ եկեղեցիին, հեռատեսիլին կամ համացանցին մէջ, կամ թերեւս անհատապէս ուրիշներուն կը խօսին թէ ինչպէ՛ս Յիսուսը ճանչցան։ Ուրիշներ կը զգան թէ աղքատներուն օգնելով եւ կամ որպէս բժիշկ կամ ուսուցիչ ծառայելով, ձեւով մը քարոզչութեան մասնակցած կ’ըլլան։ Բայց ասո՞նք են այն գործունէութիւնը, որուն մասին Յիսուս խօսեցաւ։ դ16.05 2։1, 2
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 3
Կայսրին կը բողոքեմ (Գործք 25։11)։
Կառավարութիւնները թշնամի դարձած են Աստուծոյ Թագաւորութեան, որ 1914–ին սկսաւ իշխել։ Շատ մօտ ատենէն, ատիկա բոլոր կառավարութիւնները պիտի կործանէ (Սաղ. 2։2, 7-9)։ Աստուած թոյլ կու տայ որ կառավարութիւնները մնան, քանի որ որոշ չափով կը պահպանեն խաղաղութիւնը եւ կարգուկանոնը։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք (Հռով. 13։3, 4)։ Աստուած նոյնիսկ մեզմէ կ’ուզէ որ հեղինակութիւն ունեցողներուն համար աղօթենք, մանաւանդ երբ անոնց որոշումները կրնան մեր պաշտամունքին ազդել (Ա. Տիմ. 2։1, 2)։ Երբ անարդարութեան հանդիպինք, իշխանութիւններուն օգնութիւնը կը խնդրենք, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս ըրաւ։ Թէեւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ, թէ կառավարութիւնները Սատանային ձեռքին տակն են, սակայն չ’ըսեր թէ իւրաքանչի՛ւր կառավարիչ իր ձեռքին տակն է (Ղուկ. 4։5, 6)։ Ուստի պէտք չէ ուրիշին հասկցնենք որ կառավարական որոշ պաշտօնեայ մը Սատանային կողմէ կը ղեկավարուի։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ պէտք չէ մէկը անարգենք (Տիտ. 3։1, 2)։ դ16.04 4։5, 6
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 4
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Թերեւս հարցնես. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ գիտնալ թէ ի՛նչը Եհովան պիտի հաճեցնէ, եթէ իր Խօսքին մէջ ուղղակի պատուէր մը չկայ հարցին շուրջ’։ Երբ Սուրբ Գիրքը ուղղակի օրէնք մը չի տար, ինչպէ՞ս կրնանք իմանալ թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը։ Իրեն աղօթելով եւ ընդունելով իր առաջնորդութիւնը սուրբ հոգիին միջոցաւ։ Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս իմացաւ որ իր Հայրը ի՛նչ կ’ուզէր որ ինք ընէր։ Օրինակ՝ երկու առիթով ան նախ աղօթեց, եւ յետոյ հրաշքով կերակրեց մեծ թիւով մարդիկ (Մատ. 14։17-20. 15։34-37)։ Սակայն երբ ան անօթի էր եւ անապատին մէջ Սատանային կողմէ կը փորձուէր, չուզեց քարերը հացի վերածել (Մատ. 4։2-4)։ Յիսուս գիտէր թէ պէտք չէր որ քարերը հացի վերածէր, քանի որ ըմբռնած էր իր Հօր միտքը։ Ան հասկցաւ որ Աստուծոյ կամքը չէր որ այսպիսի զօրութիւն մը գործածէր իր անձնական շահին համար։ Այսպէս ան ցուցուց թէ վստահ էր որ իր Հայրը զինք պիտի առաջնորդէր եւ կերակրէր։ դ16.05 3։7, 8
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 5
Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է (Բ. Տիմ. 3։16)։
Սուրբ Գիրքին կարգ մը մասերը ուղղուած էին անհատի մը կամ որոշ խումբի մը, ուստի առաջ որ զայն կարդանք, աղօթքով խնդրենք Եհովայէն որ մեզի բաց միտք եւ իմաստութիւն տայ, որպէսզի ըմբռնենք այն դասերը որ կ’ուզէ սորվինք (Եզր. 7։10. Յակ. 1։5)։ Երբ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս, պահ մը կեցիր եւ դուն քեզի այսպիսի հարցումներ ուղղէ. ‘Ասիկա ինծի ի՞նչ կ’ըսէ Եհովային մասին։ Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը կիրարկել կեանքիս մէջ։ Ինչպէ՞ս կրնամ կարդացածս գործածել ուրիշներուն օգնելու համար’։ Երբ այսպիսի հարցումներու վրայ կը խոկանք, աւելի կ’օգտուինք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութենէն։ Նկատի առնենք օրինակ մը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ քրիստոնեայ երէցները կարգ մը որակումներ պէտք է ունենան (Ա. Տիմ. 3։2-7)։ Բայց մեր մեծամասնութիւնը երէց չըլլալով, թերեւս սկիզբը մտածենք որ այս հատուածը շատ չի կիրարկուիր մեզի։ Սակայն այս որակումներու շարքը կրնա՛յ շատ մը ձեւերով մեր բոլորին օգտակար ըլլալ։ դ16.05 5։7, 8
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 6
Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք (Եր. 18։6)։
Երբ հրեաները Բաբելոն գերի տարուեցան, տեսան թէ քաղաքը լեցուն էր կուռքերով եւ չար ոգիներ պաշտող մարդոցմով։ Բայց Դանիէլի եւ իր երեք ընկերակիցներուն պէս հաւատարիմ հրեաներ թոյլ չտուին, որ Բաբելոնը զիրենք ձեւաւորէ (Դան. 1։6, 8, 12. 3։16-18)։ Դանիէլին եւ իր ընկերակիցներուն համար Եհովա՛ն էր իրենց Բրուտը եւ անոնք շարունակեցին միայն զինք պաշտել։ Թէեւ Դանիէլ գրեթէ իր ամբողջ կեանքը գէշ միջավայրի մը մէջ անցուց, բայց Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ որ ան «սիրելի մարդ» մըն էր, կամ շատ թանկագին մարդ մը (Դան. 10։11, 19)։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն, թերեւս բրուտը կաւը ճնշէր կաղապարի մը մէջ, որպէսզի իր ուզած ձեւը տար ատոր։ Մենք գիտենք թէ Եհովան է տիեզերքի Գերիշխանը եւ հեղինակութիւն ունի որ ժողովուրդներ ու ազգեր ձեւաւորէ (Եր. 18։6)։ Ան նաեւ հեղինակութիւն ունի որ ամէն մէկս ձեւաւորէ։ Բայց ան կը յարգէ մեր ազատ կամքը, եւ կը փափաքի որ մեր ուզելովը մեզ ձեւաւորէ։ դ16.06 2։1, 2
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 7
Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ (Եբ. 13։5)։
Սատանան կ’ուզէ որ հաւատանք, թէ կեանքէն հաճոյք առնելու համար չի բաւեր որ մեզի պէտք եղած բաները ունենանք, հապա նաեւ պէտք է ուրիշ շատ մը նիւթական բաներ ձեռք ձգենք։ Ան այս աշխարհը եւ «աչքերու ցանկութիւնը» կը գործածէ, որպէսզի իր այս նպատակին հասնի (Ա. Յովհ. 2։15-17. Ծն. 3։6. Առ. 27։20)։ Աշխարհը ամէն տեսակի նիւթական բաներ կը դնէ մեր առջեւ, ամենալաւէն բռնէ մինչեւ ամէնէն անիմաստը, եւ ատոնցմէ ոմանք իսկապէս ուշադրութիւն կը գրաւեն։ Երբեք եղա՞ծ է որ գնած ես բան մը, որ պէտք չունէիր՝ բայց գնեցիր, քանի որ ծանուցումի մը մէջ կամ խանութի մը մէջ աչքիդ զարկաւ։ Լաւ, ետքը անդրադարձա՞ր որ առանց ատոր ալ կրնայիր ապրիլ։ Այսպիսի կարեւոր չեղող բաներ մեր կեանքը աւելի խրթին կը դարձնեն եւ աւելորդ բեռ կը դնեն մեր վրայ։ Ատոնք կրնան մեր հոգեւոր յայտագիրները խանգարել, ինչպէս՝ Սուրբ Գիրքը սերտել, ժողովներու պատրաստուիլ ու երթալ, եւ քարոզչութեան կանոնաւորաբար ելլել։ Մի՛ մոռնար որ Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ»։ դ16.07 1։3, 4
Շաբաթ, դեկտեմբեր 8
Կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր, բայց մենք մէկ Աստուած ունինք (Ա. Կոր. 8։5, 6)։
Առաջին դարու ժողովքին մէջ կային հրեաներ, յոյներ, հռոմայեցիներ եւ ուրիշ ազգերէ մարդիկ։ Անոնք տարբեր–տարբեր կրօնքներէ եկած էին, զանազան սովորութիւններ եւ նախընտրութիւններ ունէին։ Ուստի ոմանց համար դժուար էր պաշտամունքի նոր ձեւը ընդունիլ կամ առաջուան սովորութիւնները ձգել։ Պօղոս առաքեալ յարմար տեսաւ որ իրենց յիշեցնէ, թէ քրիստոնեաները մէ՛կ Աստուած ունին՝ Եհովան։ Ներկայիս քրիստոնէական ժողովքին պարագան ի՞նչ է։ Եսայի մարգարէն ըսաւ որ «վերջին օրերը», բոլոր ազգերէն մարդիկ մէկտեղ պիտի գային Եհովան պաշտելու։ Անոնք պիտի ըսէին. «Մեզի իր ճամբաները [պիտի] սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ [պիտի] քալենք» (Եսա. 2։2, 3)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ այս մարգարէութիւնը մեր աչքերուն առջեւ կը կատարուի։ Այս պատճառով, շատ մը ժողովքներու մէջ կան տարբեր–տարբեր տեղերէ, լեզուներէ եւ մշակոյթներէ եկող անհատներ, որոնք միութեամբ Եհովան կը պաշտեն։ դ16.06 3։15, 16
Կիրակի, դեկտեմբեր 9
Մեզ յարուցանեց ու անոր հետ նստեցուց երկնաւորներուն մէջ Քրիստոս Յիսուսով (Եփ. 2։6)։
Մենք չենք կրնար երեւակայել, թէ Եհովան ի՜նչ հոյակապ բաներ պատրաստած է օծեալներուն համար, երբ երկնքի մէջ Յիսուս Քրիստոսին հետ իշխեն (Ղուկ. 22։28-30. Փլպ. 3։20, 21. Ա. Յովհ. 3։2)։ Անոնք պիտի ըլլան «նոր Երուսաղէմը»՝ Քրիստոսին հարսը (Յայտ. 3։12. 17։14. 21։2, 9, 10)։ Յիսուսին հետ «հեթանոսներուն բժշկութիւն» պիտի ընեն, մարդոց պիտի օգնեն որ մեղքէն եւ մահէն ազատին ու կատարեալ դառնան (Յայտ. 22։1, 2, 17)։ Եհովան մարդիկը «գերեզման»էն պիտի յարուցանէ, մեծապէս ցուցնելով իր շնորհքը (Յոբ 14։13-15. Յովհ. 5։28, 29)։ Յարութիւն պիտի առնեն հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ, որոնք Քրիստոսի մահուընէ առաջ մեռան, ինչպէս նաեւ՝ «ուրիշ ոչխարներ»ուն պատկանող այն անհատները, որոնք վերջին օրերուն ընթացքին հաւատարիմ կը մեռնին (Յովհ. 10։16)։ Ասոնք յարուցանուելով պիտի շարունակեն Եհովային ծառայել։ դ16.07 4։13-15
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 10
Այսպիսի՛ ժամանակի մէջ կը քնանաք ու կը հանգչիք (Մար. 14։41, ՆԱ)։
Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ ‘արթուն մնանք’ եւ Եհովայի օրուան համար պատրաստ ըլլանք։ Պէտք է զօրաւոր փափաք ունենանք որ մի՛շտ ճիշդը ընենք։ Բայց ասիկա չի բաւեր։ Յիսուս իր մահուընէ քանի մը օր առաջ այս նոյն աշակերտներուն ըսաւ, որ ամէն ատեն աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրեն (Ղուկ. 21։36)։ Ուրեմն, որպէսզի հոգեւորապէս արթուն մնանք, մենք ալ պէտք է յարատեւաբար Եհովային աղօթենք (Ա. Պետ. 4։7)։ Յիսուս ըսաւ որ վերջը պիտի գայ «այնպիսի ժամու մը որ [մենք չենք] կարծեր» (Մատ. 24։44)։ Ուստի հիմա ժամանակը չէ որ հոգեւորապէս քնանանք կամ փորձենք ապրիլ այնպիսի կեանք մը, որուն մասին Սատանայի աշխարհը կ’ըսէ թէ երջանկութիւն կը բերէ. ատիկա միայն երազ է։ Եհովան եւ Յիսուս Սուրբ Գիրքին մէջ կ’ըսեն որ մօտ ապագային ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ թէ ինչպէ՛ս կրնանք արթուն մնալ։ Պէտք է Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւններուն ուշադրութիւն տանք եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կը կատարուին։ Նաեւ պէտք է ա՛լ աւելի մօտենանք Եհովային, եւ իր Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք։ Եթէ ասոնք ընենք, պատրաստ պիտի ըլլանք երբ վերջը գայ (Յայտ. 22։20)։ Մեր կեա՛նքը ասկէ կախեալ է։ դ16.07 2։15-17
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 11
Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու (Կող. 3։13, ՆԹ)։
Ամուսնութիւն մը զօրաւոր կ’ըլլայ, եթէ ամուսինն ու կինը մէկը միւսին սխալներուն աչք կը խփեն։ Անոնք կը շարունակեն իրարու համբերել եւ իրարու ներել։ Երկուքն ալ սխալներ պիտի ընեն, բայց կրնան իրենց սխալներէն սորվիլ, իրարու ներել եւ սէր ցուցնել։ Այս սէրը «միասնութեան կատարեալ կապն է» (Կող. 3։14, ՆԱ)։ Ասկէ զատ, «սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է» եւ «վիրաւորանքները չի հաշուեր» (Ա. Կոր. 13։4, 5, ՆԱ)։ Անհամաձայնութիւնները պէտք է շուտով լուծուին. որքա՛ն կանուխ այնքան լաւ։ Ուրեմն, քրիստոնեայ կողակիցները պէտք է փորձեն իրարու միջեւ եղած հարցը լուծել, առաջ որ օրը վերջանայ (Եփ. 4։26, 27)։ Անոնք խոնարհ եւ քաջ ըլլալով կրնան ըսել՝ «Սորի որ քեզ նեղացուցի»։ Եւ ասիկա ըսելը կ’օգնէ որ խնդիրները լուծուին եւ կողակիցները իրարու աւելի մօտենան։ դ16.08 2։6
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 12
Ձեզի աղէկ կրթութիւն կու տամ (Առ. 4։2)։
Յիսուսին գլխաւոր նշանակումն էր՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել։ Բայց ան նաեւ ժամանակ տրամադրեց, որ ուրիշները մարզէ հովիւներ եւ ուսուցիչներ ըլլալու (Մատ. 10։5-7)։ Փիլիպպոս ալ քարոզչութեամբ զբաղած էր, բայց ան անկասկած իր չորս աղջիկներուն օգնեց նոյն գործը ընելու (Գործք 21։8, 9)։ Այսօր այսպիսի մարզում մը որքա՞ն կարեւոր է։ Աշխարհի չորս կողմը, երթալէն աւելի մարդիկ կ’ընդունին բարի լուրը։ Չմկրտուած նորեկները պէտք է անդրադառնան, որ Սուրբ Գիրքի անձնական ուսումնասիրութիւնը կարեւոր է։ Անոնք նաեւ պէտք է սորվին բարի լուրը քարոզել ուրիշներուն եւ ճշմարտութեան մասին սորվեցնել։ Մեր ժողովքներուն մէջ, եղբայրները պէտք է մարզուին, որպէսզի ժամանակի ընթացքին կարենան ծառայել որպէս օգնական ծառայ եւ երէց։ Իսկ հասուն քրիստոնեաները կրնան նորեկներուն «աղէկ կրթութիւն» կամ օգտակար հրահանգներ տալ, եւ այսպիսով անոնց օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ դ16.08 4։1, 2
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 13
Թուլցած ձեռքերը ուժովցուցէ՛ք ու դողդոջուն ծունկերը զօրացուցէ՛ք (Եսա. 35։3)։
Երբ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ ուս–ուսի ծառայենք, մեր միութիւնը կը զօրանայ, մնայուն բարեկամութիւններ կը հաստատենք եւ աւելի վստահութիւն կ’ունենանք Աստուծոյ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններուն վրայ։ Երբ ուրիշներուն ձեռքը կ’ուժովցնենք, անոնց կ’օգնենք որ դժուար պարագաներուն հետ գլուխ ելլեն եւ ապագային նկատմամբ դրական ըլլան (Եսա. 35։4)։ Ասկէ զատ, ուրիշներուն օգնելը մե՛ր ձեռքը կ’ուժովցնէ եւ կ’օգնէ որ կեդրոնացած մնանք Աստուծոյ բերելիք ապագային վրայ։ Եհովային հանդէպ մեր հաւատքն ու վստահութիւնը կ’աւելնայ, երբ նկատի կ’առնենք թէ ան անցեալին ինչպէ՛ս օգնեց եւ պաշտպանեց իր հաւատարիմ ծառաները։ Ուրեմն, երբ խնդիրներ ունենաս եւ ճնշումի տակ ըլլաս, «ձեռքերդ թող չթուլնան» (Սոփ. 3։16)։ Փոխարէն, աղօթքով Եհովայէն օգնութիւն խնդրէ, եւ պիտի տեսնես որ իր հզօր ձեռքով քեզ պիտի զօրացնէ եւ առաջնորդէ Թագաւորութեան օրհնութիւններուն (Սաղ. 73։23, 24)։ դ16.09 1։16-18
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 14
Ամէն դիտաւորութիւն ու ամէն գործ իր ժամանակը ունի (Ժող. 3։17)։
Երբ Աստուծոյ ծառաները պիտի որոշեն ի՛նչ հագուին, մտքերնին կը պահեն վերոնշեալ խօսքը։ Կը հասկնանք թէ մեր հագուածքը կը փոխուի ըստ կլիմային, եղանակին, ապրելու պայմաններուն եւ պարագաներուն, բայց Եհովայի չափանիշները չեն փոխուիր (Մաղ. 3։6)։ Տաք օդին աւելի դժուար է վստահ ըլլալ որ մեր հագուստը յարգալից ու պատշաճ է։ Ասոր համար, եղբայրներն ու քոյրերը ուրախ կ’ըլլան եթէ չհագնինք հագուստներ, որոնք շատ նեղ կամ թոյլ են եւ մարմնին շրջագիծերը մէջտեղ կը հանեն (Յոբ 31։1)։ Նաեւ երբ ծով կամ լողաւազան երթանք, մեր լողազգեստը պէտք է պատշաճ ըլլայ (Առ. 11։2, 20)։ Թէեւ ուրիշներ կը հագնին անպատշաճ լողազգեստներ, բայց մենք պէտք է վստահ ըլլանք թէ մեր որոշումը փառք կը բերէ Եհովային՝ մեր սուրբ Աստուծոյն։ դ16.09 3։11, 12
Շաբաթ, դեկտեմբեր 15
Ինծի համար ո՞վ կ’ըսէք թէ եմ (Մատ. 16։15)։
Յիսուս չէր վախնար իր աշակերտներուն հարցնելու, թէ ինչի՛ կը հաւատան։ Յիսուսին օրինակին հետեւէ։ Հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ, պզտիկներէդ խնդրէ որ իրենց զգացումները արտայայտեն։ Եթէ զաւակդ որոշ ուսուցումի մը շուրջ շատ համոզուած չէ, փորձէ զօրաւոր կերպով չհակազդել։ Համբերութեամբ իրեն օգնէ, որ հարցին շուրջ տրամաբանէ։ Երբ պզտիկները անկեղծ հարցումներ հարցնեն, ասիկա լաւ նշան է եւ ըսել է, թէ հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն հասկնալ։ Յիսուս նոյնիսկ 12 տարեկանին լուրջ հարցումներ ուղղեց (Ղուկ. 2։46)։ Զաւակներդ լաւ ճանչցիր։ Գիտցիր անոնց զգացումները, մտածելակերպը եւ մտահոգութիւնները։ Բնաւ մի՛ հաշուեր որ անոնք հաւատք ունին՝ պարզապէս քանի որ ժողովի կ’երթան եւ ծառայութեան կ’ելլեն։ Հոգեւոր բաներու մասին խօսէ, մինչ օրուան մէջ իրարու հետ բաներ կ’ընէք։ Անոնց հետ աղօթէ։ Անոնց համար ալ առանձին աղօթէ։ Նայէ թէ անոնք ի՛նչ փորձութեան առջեւ են, եւ անոնց օգնէ որ ատոր հետ գլուխ ելլեն։ դ16.09 5։3-5
Կիրակի, դեկտեմբեր 16
Երանի՜ հոգիով աղքատներուն (Մատ. 5։3)։
Ներկայիս, հազարաւոր Եհովայի վկաներ կ’օգնեն որ «բոլոր ազգերուն ու ցեղերուն եւ լեզուներուն ու ժողովուրդներուն» քարոզուի բարի լուրը (Յայտ. 14։6)։ Անոնցմէ՞ ես որ ուրիշ լեզու մը կը սորվին։ Կամ թերեւս օտար երկրի մը մէջ միսիոնար ես կամ կը ծառայես ուր որ հրատարակիչներու աւելի պէտք կայ։ Կամ ալ թերեւս երկրիդ մէջ օտար լեզու գործածող ժողովքի մը ժողովներուն սկսած ես երթալ։ Աստուծոյ բոլոր ծառաները պէտք է առաջին տեղը դնեն իրենց եւ իրենց ընտանիքին հոգեւոր առողջութիւնը։ Սակայն, ատեններ դժուար կ’ըլլայ որ իմաստալից անձնական ուսումնասիրութիւն ընենք, քանի որ զբաղած կ’ըլլանք։ Բայց ան որ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայէ, ուրիշ դժուարութիւններ ալ կ’ունենայ։ Անոնք որ օտար դաշտի մը մէջ կը ծառայեն պէտք է նոր լեզու սորվին, բայց նաեւ ջանք թափեն որ կանոնաւորաբար սերտեն հոգեւոր խորունկ բաները (Ա. Կոր. 2։10)։ դ16.10 2։1-3
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 17
Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին (Մատ. 26։52)։
Ներկայիս մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր ուրախութեամբ կը ծառայեն Եհովային, հակառակ որ ծանր հալածանք կը կրեն։ Հարիւրաւորներ բանտարկուած են Էրիթրիոյ, Հարաւային Քորէայի եւ Սինկափուրի մէջ, քանի որ չեն ուզեր ‘սուր առնել’։ Եհովայի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը ծանր հալածանք չէ կրած։ Անոնք ուրիշ տեսակի փորձութիւններ ունեցած են։ Շատեր անցած են աղքատութենէ, բնական աղէտէ կամ քաղաքացիական պատերազմէ։ Ուրիշներ Աբրահամին, Իսահակին, Յակոբին եւ Մովսէսին պէս վազ անցած են հարստութենէն ու համբաւէն։ Անոնք շատ կը պայքարին որ իրենց կեանքը չկեդրոնանայ նիւթական բաներու կամ անձնական հանգիստին վրայ։ Ի՞նչը իրենց կ’օգնէ ասոր մէջ։ Եհովայի հանդէպ իրենց սէրը եւ իր խոստումներուն հանդէպ իրենց հաւատքը։ Անոնք գիտեն որ ան իր հաւատարիմ ծառաները պիտի վարձատրէ, թոյլ տալով որ յաւիտեան ապրին արդար նոր աշխարհի մը մէջ (Սաղ. 37։5, 7, 9, 29)։ դ16.10 3։15, 16
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 18
Տէրը մօտ է անոնց, որոնց սիրտը կոտրած է ու հոգիով խոնարհածները կ’ապրեցնէ (Սաղ. 34։18)։
Երբ Երեմիա մարգարէն կը վախնար եւ վհատած էր, Եհովան անոր ինքնավստահութիւնը աւելցուց (Եր. 1։6-10)։ Եւ պահ մը երեւակայէ որ տարեց Դանիէլ մարգարէն որքա՛ն քաջալերուեցաւ, երբ Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց որ զինք զօրացնէ։ Այդ հրեշտակը Դանիէլը կոչեց «սիրելի՛ մարդ» (Դան. 10։8, 11, 18, 19)։ Դուն ալ նոյն կերպով կրնա՞ս քաջալերել հրատարակիչները, ռահվիրաները եւ տարեց եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք երթալէն ֆիզիքապէս կը տկարանան։ Թէեւ Եհովան եւ Յիսուս երկա՜ր տարիներ միասին աշխատած էին, բայց Եհովան չմտածեց որ պէտք չունի Յիսուսը գովելու եւ քաջալերելու երբ երկրի վրայ էր։ Ընդհակառակը, Յիսուս երկու առիթներով լսեց որ իր Հայրը երկինքէն կ’ըսէ. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ» (Մատ. 3։17. 17։5)։ Այսպիսով Աստուած գովեց Յիսուսը եւ զինք վստահեցուց որ իրմով հպարտ էր։ Իսկ Յիսուսի մահուան նախորդող գիշերը, Եհովան հրեշտակ մը ղրկեց որ զինք զօրացնէ իր նեղութեան մէջ (Ղուկ. 22։43)։ դ16.11 1։7, 8
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 19
Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու (Ժող. 7։9)։
Դիւրին չէ մեր զգացումները զսպել։ Թերեւս շատ նեղուինք կամ ջղայնանանք երբ մէկը գէշ կերպով կամ անարդարօրէն վարուի մեզի հետ, պարզապէս մեր մշակոյթին, մորթի գոյնին կամ երեւոյթին պատճառով։ Եւ որքա՜ն աւելի կը վիրաւորուինք երբ այդ անձը հաւատակից մը ըլլայ։ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ մեզ կը խրատէ որ մեր ջղայնութիւնը զսպենք եւ շուտով չառնուինք (Առ. 16։32)։ Անկասկած, բոլորս պէտք է ջանք թափենք որ շատ զգայուն չըլլանք եւ ներենք ուրիշներուն։ Եհովային եւ Յիսուսին քով ներելը շատ կարեւոր է (Մատ. 6։14, 15)։ Պէտք ունի՞ս աւելի ներող ըլլալու եւ զգացումներդ զսպելու։ Եթէ մեր զգացումները չզսպենք, մեր բարկութիւնը կրնայ մեր մէջ մնալ եւ նոյնիսկ ատելութեան փոխուիլ։ Կամ թերեւս ուրիշն ալ մեր պատճառով սկսի նոյնպէս զգալ (Ղեւ. 19։17, 18)։ դ16.11 3։4-6
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 20
Ի՞նչ մասնակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ եւ ի՞նչ հաղորդակցութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ (Բ. Կոր. 6։14)։
Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ քանի մը ընկերակիցներ սուրբգրային ճշմարտութիւնը փնտռելով, սկսան խորապէս սերտել Սուրբ Գիրքը, 1800–ականներուն վերջերը։ Սկիզբը, եղբայր Ռասըլին նպատակն էր գիտնալ, թէ ո՛ր կրօնքը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր։ Ան Սուրբ Գիրքին ըսածներուն հետ բաղդատեց շատ մը կրօնքներու ուսուցումները, նոյնիսկ ոչ–քրիստոնէական կրօնքներու ուսուցումները։ Շատ չանցած, ան անդրադարձաւ որ չկար կրօնք մը որ լման կը հետեւէր Աստուծոյ Խօսքին։ Ան ժողվուեցաւ քանի մը տեղական եկեղեցիներու առաջնորդներու հետ, յուսալով որ անոնք պիտի ընդունէին իր եւ իր ընկերակիցներուն գտած աստուածաշնչական ճշմարտութիւնները, եւ զանոնք պիտի սորվեցնէին իրենց ժողովքներուն։ Բայց կղերականները հետաքրքրուած չէին։ Շատ չանցած, Աստուածաշունչի Աշակերտները գիտցան, թէ չեն կրնար Աստուած պաշտել անոնց հետ՝ որոնք սուտ կրօնքին մաս կը կազմեն։ դ16.11 4։14
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 21
Ձեր անդամները սրբութեան ընծայեցէք՝ արդարութեան ծառաներ ըլլալու (Հռով. 6։19)։
Անշուշտ, մենք հեռու կը մնանք շնութենէն, գինովութենէն եւ ուրիշ լուրջ մեղքերէ։ Բայց ասկէ աւելին, մենք կ’ուզենք հեռու մնալ որեւէ բանէ որ Աստուած կը նեղացնէ (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Օրինակ՝ մենք ոչ միայն սեռային անբարոյութիւն չենք գործեր, այլեւ՝ կը մերժենք անբարոյ ժամանցները։ Մենք ոչ միայն չենք գինովնար, այլեւ՝ չենք խմեր այն աստիճան որ գինովնալու սահմանին կը մօտենանք։ Թերեւս պէտք ունենանք որ շատ ջանք թափենք որ այսպիսի փորձութիւններու դէմ դնենք, բայց կրնա՛նք յաջողիլ։ Մեր նպատակակէտը պէտք է ըլլայ որ մերժենք թէ՛ մեծ մեղքերը թէ ալ աւելի թեթեւ մեղքերը։ Անշուշտ, ասիկա կատարեալ կերպով չենք կրնար ընել, բայց ամէն ջանքերնիս պէտք է թափենք ասոր մէջ, ինչպէս որ Պօղոս ըրաւ։ Ան եղբայրները քաջալերեց. «Ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ, որ անոր ցանկութիւններուն հնազանդիք» (Հռով. 6։12. 7։18-20)։ դ16.12 1։16, 19-21
Շաբաթ, դեկտեմբեր 22
Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն (Գաղ. 5։22, 23)։
Յիսուս խոստացաւ որ երբ մեր երկնաւոր Հօրմէն սուրբ հոգին խնդրենք, Ան պիտի տայ մեզի (Ղուկ. 11։10-13)։ Սուրբ հոգին, կամ Աստուծոյ գործօն ուժը, քեզի կ’օգնէ որ ամենակարող Աստուծոյ ունեցած յատկութիւնները զարգացնես մէջդ (Կող. 3։10)։ Երբ այս լաւ յատկութիւնները զարգացնես, ուրիշներուն հետ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենաս, եւ պիտի չիյնաս շատ մը պարագաներու մէջ՝ որոնք մտահոգութիւն կը պատճառեն։ Խոնարհութիւն պէտք է ունենաս, որպէսզի «Աստուծոյ հզօր ձեռքին» վստահիս եւ ‘ամէն հոգդ անոր վրայ ձգես’ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Խոնարհ անձը գիտէ ի՛նչ կրնայ ընել եւ ի՛նչ չի կրնար ընել։ Խոնարհ ըլլալով՝ Աստուծոյ պիտի վստահիս, փոխանակ դուն քեզի վստահելու (Միք. 6։8)։ Իսկ երբ Աստուծոյ սէրն ու օգնութիւնը տեսնես, մտահոգութիւնները պիտի չկրնան քեզ խեղդել։ դ16.12 3։7, 12
Կիրակի, դեկտեմբեր 23
Նոյ. . . արդարութեան քարոզիչը (Բ. Պետ. 2։5)։
Նոյ հաւատարմօրէն քարոզեց Եհովայի ազդարարական պատգամը։ Ասիկա անկասկած իրեն օգնեց որ իր հաւատքը զօրաւոր պահէ։ Քարոզելէ զատ, ան Աստուծոյ ցուցմունքներուն հետեւելով տապանը շինեց (Եբ. 11։7)։ Նոյին պէս, մենք ալ շատ ընելիք ունինք «Տէրոջը գործին մէջ» (Ա. Կոր. 15։58)։ Օրինակ՝ թերեւս կ’օգնենք համաժողովներու ընթացքին կամ մեր Թագաւորութեան սրահները եւ համաժողովի սրահները շինելու եւ նորոգելու, կամ ալ կը ծառայենք մասնաճիւղի մը կամ թարգմանութեան հեռաւոր գրասենեակի մը մէջ։ Ամէնէն կարեւորը, միշտ կը մասնակցինք քարոզչութեան, ինչ որ ապագայի նկատմամբ մեր յոյսը կը զօրացնէ։ Իսկապէս, քարոզչութիւնը կը զօրացնէ մեր հաստատամտութիւնը, որ կեանքի մրցավազքին մէջ չյանձնուինք (Ա. Կոր. 9։24)։ դ17.01 1։8, 9
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 24
Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։
Պէտք է յարգենք ուրիշին իրաւունքը որոշումներ առնելու։ Ինչո՞ւ։ Չի կրնար ըլլալ որ երկու անձեր միշտ ճիշդ նոյն որոշումը առնեն, քանի որ բոլորս ազատ կամք ունինք։ Վարքի եւ պաշտամունքի վերաբերեալ որոշումներուն պարագան ալ նոյնն է։ Երբ ըմբռնենք որ ամէն քրիստոնեայ ինք պատասխանատու է իր որոշումներուն համար, պիտի յարգենք ուրիշին ազատութիւնը որ իր ազատ կամքի պարգեւը գործածէ, ինչպէս նաեւ՝ իր իրաւունքը որ անձամբ որոշում առնէ նոյնիսկ աւելի պզտիկ հարցերու մէջ (Ա. Կոր. 10։32, 33)։ Եհովան մեզի տուած է ազատ կամքի պարգեւը, ինչ որ մեզի իսկական ազատութիւն կու տայ (Բ. Կոր. 3։17)։ Մենք այս պարգեւը կ’արժեւորենք, քանի որ մեզի թոյլ կու տայ որ ցուցնենք թէ որքա՛ն կը սիրենք Եհովան։ Ուրեմն, թող որ շարունակենք Եհովային փառք բերող որոշումներ առնել, եւ յարգենք ուրիշներուն իրաւունքը որ իրենց ուզածին պէս գործածեն իրենց ազատ կամքը։ դ17.01 2։15, 17, 18
Երեքշաբթի, դեկտեմբեր 25
Ինքնիրմէս բան մը չեմ ըներ, հապա Հայրս ինչպէս ինծի սորվեցուց՝ այնպէս կը խօսիմ (Յովհ. 8։28)։
«Հեզ ու հանդարտ» ըլլալով է որ մարդոց սիրտը կը շահինք, եւ ոչ թէ ինքզինքնիս տեսնելով կամ մեր անձին վրայ անտեղի ուշադրութիւն հրաւիրելով (Ա. Պետ. 3։3, 4. Եր. 9։23, 24)։ Մեր ըսածները կամ ըրածները կը ցուցնեն թէ մեր սրտին մէջ ճիշդ ի՛նչ կը զգանք։ Օրինակ՝ թերեւս ձգենք որ ուրիշները մտածեն թէ մենք յատուկ ենք, քանի որ առանձնաշնորհումներ ունինք, մասնաւոր տեղեկութիւններ ունինք կամ պատասխանատու անձերու հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունինք։ Կամ, թերեւս հարցերը անանկ մէկ բացատրենք որ երեւի, թէ մենք առանձին ըրինք կարեւոր բան մը, մինչդեռ ուրիշներ ալ բաժին բերած են։ Բայց միտքդ բեր Յիսուսը։ Ան կրնար իր իմաստութեամբ տպաւորել մարդիկը։ Բայց ան յաճախ Աստուծոյ Խօսքէն կը մէջբերէր, քանի որ չէր ուզեր որ փառքը իրեն գայ, այլ՝ Եհովային։ դ17.01 4։12
Չորեքշաբթի, դեկտեմբեր 26
Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր (Ծն. 2։17)։
Դժուար չէր որ Ադամ ու Եւան այս օրէնքը հասկնային եւ ատոր հնազանդէին, քանի որ պարտէզին մէջ լեցուն ուրիշ ուտելիքներ կային։ Բանսարկու Սատանան օձ մը գործածելով Եւան խաբեց որ իր Հօր՝ Եհովային չհնազանդի (Ծն. 3։1-5. Յայտ. 12։9)։ Սատանան մեծցուց այն հարցը, որ չէին կրնար ուտել պարտէզին ամէն մէկ ծառէն։ Ան կարծես թէ կ’ըսէր. «Այսինքն՝ ձեր ուզածը չէ՞ք կրնար ընել»։ Ետքը, ան սուտ խօսեցաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք»։ Ապա, ան փորձեց Եւան համոզել որ պէտք չունի Աստուծոյ մտիկ ընելու, ըսելով. «Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին»։ Ան հասկցուց որ Աստուած չէր ուզեր որ անոնք պտուղէն ուտեն, որպէսզի յատուկ գիտութիւն մը չստանան։ Ասկէ աւելին, Սատանան սուտ խոստում մը տուաւ. «Աստուածներու [«Աստուծոյ», ՆԱ] պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։ դ17.02 1։8, 9
Հինգշաբթի, դեկտեմբեր 27
Քու Տէր Աստուածդ քու եղբայրներուդ մէջէն ինծի պէս մարգարէ մը պիտի հանէ քեզի։ Անոր մտիկ ըրէք (Բ. Օր. 18։15)։
Եսային անոր մասին ըսաւ որ «առաջնորդ ու հրամանատար» պիտի ըլլար (Եսա. 55։4)։ Իսկ Դանիէլ գրեց թէ Մեսիան «իշխան» պիտի ըլլար (Դան. 9։25)։ Վերջապէս, Յիսուս Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց որպէս Աստուծոյ ժողովուրդին «Առաջնորդը» (ՆԱ) (Մատ. 23։10)։ Յիսուսին աշակերտները սրտանց հետեւեցան իրեն եւ հաւատացին որ Եհովան զինք ընտրած էր (Յովհ. 6։69, 70)։ Լաւ, անոնք ինչպէ՞ս համոզուեցան։ Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, Յովհաննէս Մկրտիչ «երկինքը բացուած տեսաւ եւ Հոգին աղաւնիի պէս՝ որ իր վրայ կ’իջնէր» (Մար. 1։10-12)։ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, սուրբ հոգին իրեն ոյժ տուաւ որ հրաշքներ ընէ եւ սորվեցնէ (Գործք 10։38)։ Ասկէ զատ, սուրբ հոգին Յիսուսին օգնեց որ սէր, ուրախութիւն եւ զօրաւոր հաւատք ցուցնէ (Յովհ. 15։9. Եբ. 12։2)։ Ուրիշ ո՛չ մէկ առաջնորդ այսքան զօրաւոր փաստ ունէր որ սուրբ հոգին ունի։ Յստակօրէն, Եհովան Յիսուսը զատած էր որպէս Առաջնորդ։ դ17.02 3։15, 16
Ուրբաթ, դեկտեմբեր 28
Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները (Եբ. 13։7)։
Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, առաքեալները սկսան առաջնորդութիւն առնել քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Պետրոս ելաւ տասնմէկին հետ մէկտեղ» եւ շատ կարեւոր ճշմարտութիւններ ըսաւ հաւաքուող հրեաներուն եւ նորահաւատներուն (Գործք 2։14, 15)։ Անոնցմէ շատեր քրիստոնեայ դարձան։ Ատկէ սկսեալ, այս նոր քրիստոնեաները շարունակեցին առաքեալներուն սորվեցուցածներուն հետեւիլ (Գործք 2։42)։ Առաքեալները պատասխանատու էին ժողովքին դրամական հարցերուն (Գործք 4։34, 35)։ Անոնք նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր պէտքերը կը հոգային, ըսելով. «Մենք աղօթքի ու Աստուծոյ խօսքին պաշտօնով պարապինք» (Գործք 6։4)։ Եւ անոնք փորձառու քրիստոնեաներ ղրկեցին նոր թաղամասեր (Գործք 8։14, 15)։ Ժամանակի ընթացքին, ուրիշ օծեալ քրիստոնեաներ միացան առաքեալներուն, որպէսզի ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Որպէս կառավարիչ մարմին, անոնք բոլոր ժողովքներուն ուղղութիւններ կու տային (Գործք 15։2)։ դ17.02 4։4
Շաբաթ, դեկտեմբեր 29
Հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց. . . որո՛ւ որ պատիւ տրուելու է՝ պատիւը (Հռով. 13։7)։
Անկատար մարդոց մեծամասնութիւնը շատ ազդուած է Սատանայի աշխարհին հոգիէն։ Շատեր կ’աստուածացնեն որոշ տղամարդիկ կամ կիներ, փոխանակ պատշաճ կերպով զանոնք պատուելու եւ յարգելու։ Անոնք չափէ դուրս կը պատուեն եւ աստուածներու տեղ կը դնեն կրօնական եւ քաղաքական առաջնորդները, մարզիկները, դերասանները եւ ուրիշ հռչակաւոր մարդիկ։ Անոնք թերեւս անոնց շարժուձեւերը կ’ընեն եւ անոնց պէս կը հագուին ու կը վարուին։ Այսպիսով, թէ՛ մեծերը եւ թէ պզտիկները զանոնք որպէս օրինակ կ’առնեն։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները գիտեն թէ մէկը այս աստիճան պատուելը սխալ է։ Մարդկային պատմութեան մէջ, Յիսուս միակ անձն է որ կրնանք որպէս կատարեալ օրինակ առնել (Ա. Պետ. 2։21)։ Աստուած չ’ուզեր որ պէտք եղածէն աւելի պատուենք մարդիկը։ Պէտք է մտքերնիս պահենք, թէ «ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» (Հռով. 3։23)։ Ո՛չ մէկ մարդ պաշտուելու արժանի է։ դ17.03 1։6-8
Կիրակի, դեկտեմբեր 30
Ասային սիրտը իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Տէրոջը հետ կատարեալ էր (Գ. Թագ. 15։14)։
Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ լման նուիրուած ենք Եհովային։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Եհովային պիտի հնազանդի՞մ նոյնիսկ երբ դժուար ըլլայ։ Լման մտքով կ’ուզե՞մ իր ժողովքը մաքուր պահել’։ Օրինակ՝ ի՞նչ կ’ընես եթէ ընտանիքիդ մէկ անդամը կամ մտերիմ բարեկամդ վտարուի։ Միտքդ կը դնե՞ս որ անոր հետ պիտի չընկերակցիս։ Սիրտդ քեզ պիտի մղէ ի՞նչ ընելու։ Ատեններ, Ասային պէս կը զգանք որ բոլորը մեզի դէմ են։ Թերեւս դասընկերներդ կամ ուսուցիչներդ քեզ ծաղր ընեն, քանի որ Եհովայի վկայ ես։ Կամ թերեւս գործակիցներդ մտածեն որ անխելք ես, քանի որ յաւելեալ ժամեր չես աշխատիր կամ քանի որ արձակուրդ կ’առնես հոգեւոր բաներու համար։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, Ասային պէս Եհովային աղօթէ (Բ. Մն. 14։11)։ Շարունակէ ճիշդը ընել։ Միտքդ պահէ թէ Եհովան զօրացուց եւ օգնեց Ասային, եւ Ան քեզ ալ պիտի զօրացնէ։ դ17.03 3։6-8
Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 31
Ամէն արտորացող՝ միայն կարօտութիւն կը բերէ (Առ. 21։5)։
Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ պէտք չէ աճապարենք երբ կարեւոր որոշումներ կ’առնենք։ Երբ ժամանակ տրամադրենք որ հարցը բոլոր կողմերէն քննենք, շատ հաւանաբար աւելի իմաստուն որոշում մը առնենք (Ա. Թես. 5։21)։ Ընտանիքին գլուխը պէտք է պրպտում ընէ Սուրբ Գիրքին եւ մեր հրատարակութիւններուն մէջ, առաջ որ որոշում մը առնէ, ինչպէս նաեւ նկատի առնէ ընտանիքին միւս անդամներուն կարծիքը։ Միտքդ բեր թէ Աստուած Աբրահամէն խնդրեց որ իր կնոջ մտիկ ընէ (Ծն. 21։9-12)։ Երէցներն ալ պէտք է ժամանակ տրամադրեն որ պրպտում ընեն։ Տրամաբանական եւ համեստ երէցները չեն վախնար որ ուրիշներուն յարգանքը կորսնցնեն, երբ իրենց գտած նոր տեղեկութիւնները ցուցնեն թէ յարմար է որ իրենց մտածելակերպը եւ որոշումը փոխեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ բոլորս իրենց պէս վարուինք, քանի որ ասիկա կ’օգնէ որ ժողովքին մէջ խաղաղութիւն եւ միութիւն ըլլայ (Գործք 6։1-4)։ դ17.03 2։16