Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 108-118
  • Նոյեմբեր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Նոյեմբեր
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 1
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 2
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 3
  • Կիրակի, նոյեմբեր 4
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 5
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 6
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 7
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 8
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 9
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 10
  • Կիրակի, նոյեմբեր 11
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 12
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 13
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 14
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 15
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 16
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 17
  • Կիրակի, նոյեմբեր 18
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 19
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 20
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 21
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 22
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 23
  • Շաբաթ, նոյեմբեր 24
  • Կիրակի, նոյեմբեր 25
  • Երկուշաբթի, նոյեմբեր 26
  • Երեքշաբթի, նոյեմբեր 27
  • Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 28
  • Հինգշաբթի, նոյեմբեր 29
  • Ուրբաթ, նոյեմբեր 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 108-118

Նոյեմբեր

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 1

Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր, որպէս զի անարգողին պատասխան տամ (Առ. 27։11)։

Ըստ Սատանային, ամէն մարդ Եհովային կը ծառայէ իր անձնական շահերուն համար (Յոբ 2։4, 5)։ Ան ասիկա ըսելէն ի վեր փոխուա՞ծ է։ Բնա՛ւ երբեք։ Երբ ան երկնքէն վար նետուեցաւ, տակաւին կը կոչուէր՝ «մեր եղբայրներուն դէմ չար խօսողը. . . որ անոնց դէմ չարախօսութիւն կ’ընէր մեր Աստուծոյն առջեւ՝ ցորեկ ու գիշեր» (Յայտ. 12։10)։ Ներկայիս, ան դեռ կ’ըսէ թէ մարդիկ անձնասէր նպատակներով Աստուած կը պաշտեն։ Ան անհամբեր կ’ուզէ տեսնել, թէ մենք Աստուծոյ գերիշխանութիւնը կը մերժենք եւ այլեւս Իրեն չենք ծառայեր։ Ուստի երբ նեղութեան ենթարկուած ես, այս տեսարանը երեւակայէ։ Երկու կողմ կայ. մէկ կողմը կան՝ Սատանան եւ իր դեւերը, իսկ միւս կողմը կան՝ Եհովան, մեր Թագաւորը՝ Յիսուս, յարուցեալ օծեալները եւ բիւրաւոր հրեշտակներ։ Սատանային կողմինները կը դիտեն թէ ի՛նչ պիտի ընես եւ կ’ըսեն, թէ ճնշումին չդիմանալով պիտի յանձնուիս։ Իսկ Եհովային կողմինները քեզ կը քաջալերեն եւ կ’ուրախանան որ կը համբերես եւ Եհովային հաւատարիմ կը մնաս։ Ետքը, կը լսես որ Եհովան քեզի կ’ըսէ այս օրուան համարին խօսքերը։ դ16.04 2։8, 9

Ուրբաթ, նոյեմբեր 2

Քեզի հետ ուրիշ մը կամ երկուք ալ առ (Մատ. 18։16)։

Եթէ անոնց օգնութեամբ կրցար հարցը լուծել, «շահեցար քու եղբայրդ»։ Հարցը երէցներուն պէտք է հասնի միայն երբ քանի մը անգամներ փորձեցիր եղբօրդ հետ խաղաղութիւն ընել բայց չյաջողեցար։ Ընդհանրապէս պէտք չըլլար որ Մատթէոս 18։15-17–ի նշած երեք քայլերն ալ առնուին։ Ասիկա քաջալերական է, քանի որ կը ցուցնէ թէ ընդհանրապէս հարցին լուծում մը կը գտնուի, եւ պէտք չըլլար որ մեղանչողը վտարուի։ Շատ անգամներ, յանցագործը իր սխալը կ’ընդունի եւ եղածը կը ճշդէ, իսկ եղբայրը թերեւս տեսնէ թէ այլեւս պէտք չկայ որ հարցը երկնցնէ, եւ անոր կը ներէ։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուսի խօսքը կը ցուցնէ թէ պէտք չէ ժամանակէն առաջ երէցները հարցին մէջ մտցնել։ Անոնց լուր կու տանք միայն երբ առաջին երկու քայլերը առած ենք եւ իսկական փաստ կայ որ սխալ մը գործուած է։ դ16.05 1։15, 16

Շաբաթ, նոյեմբեր 3

Անոնք աշխարհէն չեն (Յովհ. 17։16)։

Պէտք է չէզոք մնանք, որպէսզի հաւատարիմ ըլլանք Աստուծոյ Թագաւորութեան, թէ ոչ՝ չենք կրնար մաքուր խղճով բարի լուրը քարոզել, ըսելով որ միա՛յն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կրնայ մարդկութեան խնդիրները լուծել։ Ասկէ զատ, քանի որ չէզոք ենք, աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ միութեան մէջ ենք։ Ասիկա տարբեր է սուտ կրօնքներէն, որոնք քաղաքականութեան մասնակցելով՝ մարդիկը իրարմէ կը բաժնեն (Ա. Պետ. 2։17)։ Սակայն Սատանայի աշխարհին վերջը որքա՛ն աւելի մօտենայ, այնքան աւելի դժուար պիտի ըլլայ որ չէզոք մնանք։ Աշխարհը լեցուն է «անհաշտ» եւ «յանդուգն» մարդոցմով, ուստի անիկա երթալէն աւելի պիտի բաժնուի (Բ. Տիմ. 3։3, 4)։ Կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր եղբայրները արդէն իսկ դժուարութիւններ ունեցած են չէզոքութիւն պահելու, քանի որ յանկարծ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։ Կը տեսնե՞ս թէ ինչու կարեւոր է, որ հիմակուընէ՛ պատրաստուինք չէզոք մնալու։ Եթէ սպասենք մինչեւ որ դժուար պարագայի մը առջեւ ըլլանք, կրնայ ըլլալ որ տեղի տանք եւ չէզոք չմնանք։ դ16.04 4։3, 4

Կիրակի, նոյեմբեր 4

Ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ (Գաղ. 6։8)։

Կարգ մը մարդիկ կը զգան, որ տարբերութիւն չ’ըներ թէ ի՛նչ կ’որոշեն ընել։ Բայց որպէսզի Եհովան հաճեցնող որոշումներ առնենք, պէտք է իր Խօսքին օրէնքներն ու սկզբունքները նկատի առնենք եւ ատոնց ենթարկուինք։ Օրինակ՝ Աստուած հաճեցնելու համար, պէտք է արեան նկատմամբ իր օրէնքին համաձայն գործենք (Ծն. 9։4. Գործք 15։28, 29)։ Աղօթքը մեզի պիտի օգնէ, որ առնենք այնպիսի որոշումներ, որոնք Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն դէմ չեն։ Անձնական ծանր որոշումները կրնան շատ ազդել մեր հոգեւորութեան վրայ։ Շատ հաւանաբար, ի՛նչ որոշում որ առնենք, Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան վրայ պիտի ազդէ, կա՛մ լաւ եւ կամ գէշ կերպով։ Լաւ որոշում մը՝ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը պիտի զօրացնէ, իսկ գէշ որոշում մը՝ պիտի վնասէ։ Աւելին, տկար որոշում մը կրնայ ուրիշներուն հոգեւորապէս վնասել, զիրենք նեղացնելով կամ գայթակղեցնելով, կամ ալ ժողովքի միութիւնը խանգարելով։ Իսկապէս, տարբերութիւն կ’ընէ թէ ի՛նչ անձնական որոշում կ’առնենք (Հռով. 14։19)։ դ16.05 3։4, 5

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 5

Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ (Եսա. 48։17)։

Եհովան կը գնահատէ մեր ջանքերը, երբ ‘ժամանակը ծախու կ’առնենք’ ու կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը կը կարդանք եւ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընենք (Եփ. 5։15, 16)։ Իրականութիւնը այն է, որ միշտ չենք կրնար նո՛յնքան ժամանակ տրամադրել բոլոր հրատարակութիւններուն։ Բայց պէտք է որոշ վտանգէ մը զգուշանանք։ Ո՞ր վտանգը։ Եթէ կարծենք որ կարգ մը հոգեւոր նիւթեր մեզի չեն կիրարկուիր, վտանգ կայ որ կարգ մը օգուտներ մեր վրայէն երթան։ Օրինակ՝ եթէ թուի թէ Սուրբ Գիրքի կարգ մը համարներ մեր պարագային գործնական չեն, կամ հրատարակութիւն մը ուղղակի մեզի չէ ուղղուած, ի՞նչ կ’ընենք։ Տեղեկութիւններուն վրայ աչք մը նետելով կ’անցնինք կամ նոյնիսկ անոնց վրայէն կը ցատկե՞նք։ Եթէ ասանկ ընենք, թերեւս մենք մեզ զրկենք այն տեղեկութիւններէն, որ մեզի կրնան շատ օգտակար ըլլալ։ Ամէն մէկս պէտք է յիշէ թէ բոլոր հոգեւոր կարգադրութիւններուն Աղբիւրը Եհովա՛ն է։ դ16.05 5։5, 6

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 6

Եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք (Գաղ. 6։1)։

Եհովան ժողովքը եւ երէցները կը գործածէ, որպէսզի ամէն մէկս ձեւաւորէ։ Օրինակ՝ եթէ երէցները նկատեն թէ հոգեւոր խնդիրներ ունինք, կը փորձեն մեզի օգնել, առանց իրենց իմաստութեան վստահելու։ Անոնք խոնարհութեամբ Աստուծմէ խորատեսութիւն եւ իմաստութիւն կը խնդրեն։ Ետքը, մեր պարագան իրենց մտքին մէջ պահելով պրպտում կ’ընեն Աստուծոյ Խօսքին եւ հրատարակութիւններուն մէջ։ Այսպիսով, անոնք կրնան մեր կարիքներուն համաձայն օգնութիւն տալ մեզի։ Երբ հասկնանք որ Եհովան ինչպէ՛ս կը ձեւաւորէ մեզ, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ թաղամասի մարդոց հանդէպ դրական կեցուածք ունենանք, մէջը ըլլալով մեր աշակերտները։ Աստուած չի ստիպեր որ անհատները փոփոխութիւններ ընեն։ Փոխարէն, ան իր արդար չափանիշները կը յայտնէ, որպէսզի անոնք կամովին կարենան իրենց կեանքը մաքրել կամ ճշդումներ ընել։ դ16.06 1։13, 14

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 7

Դուն քեզի մեծ բանե՞ր կը փնտռես։ Մի՛ փնտռեր (Եր. 45։5)։

Յովհաննէս առաքեալ զգուշացուց որ եթէ մէկը կը սիրէ ի՛նչ որ աշխարհին մէջ է, այսինքն՝ «մարմնի ցանկութիւնը ու աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը», ուրեմն իր մէջ «Հօրը սէրը չկայ» (Ա. Յովհ. 2։15, 16)։ Ասոր համար, պէտք է միշտ մեր սիրտը քննենք, որպէսզի տեսնենք թէ արդեօք աշխարհային ժամանցը, ընկերակցութիւնները, հագուելաձեւի եւ արդուզարդի ոճերը մեզ մագնիսի պէս կը քաշե՞ն։ Կամ, թերեւս «մեծ բաներ» կը փնտռենք, օրինակ՝ բարձրագոյն ուսումի միջոցաւ։ Շատ կարեւոր է որ Մովսէսի ազդու խօսքերը մտքերնիս պահենք, քանի որ նոր աշխարհը շատ մօտ է (Բ. Օր. 6։4, ՆԱ.)։ Եթէ յստակօրէն կը հասկնանք եւ իսկապէս կը հաւատանք որ «մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է», մեր ամէն կարելին պիտի ընենք որ բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլանք եւ իր ուզած կերպով իրեն ծառայենք (Եբ. 12։28, 29)։ դ16.06 3։14

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 8

Աստուծոյ թագաւորութիւնը խնդրեցէք եւ այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին (Ղուկ. 12։31)։

Կ’ըսուի թէ մարդ արարածին պէտքերը քիչ են, բայց ուզածները՝ շատ։ Այնպէս կ’երեւի թէ շատեր չեն գիտեր տարբերութիւնը՝ իրենց նիւթական պէտքերուն եւ իրենց ուզածներուն միջեւ։ Ի՞նչ է տարբերութիւնը։ «Պէտք»ը բան մըն է որ ապրելու համար շատ կարեւոր է, ինչպէս՝ ուտելիք, հագուելիք եւ պատսպարան։ Իսկ մեր «ուզած»ը բան մըն է որ կը փափաքինք ունենալ, բայց ատոր պէտք չունինք որպէսզի ապրինք։ Մարդիկ զանազան բաներ կ’ուզեն ձեռք ձգել, կախում ունենալով իրենց ապրած տեղէն։ Հարուստ չեղող երկիրներու մէջ, շատեր թերեւս պարզապէս ուզեն բաւարար դրամ ունենալ, որպէսզի գնեն բջիջային հեռաձայն մը, շարժանիւ մը կամ պզտիկ արտ մը։ Իսկ հարուստ երկիրներու մէջ, մարդիկ թերեւս ուզեն ունենալ սուղնոց հագուստներ, աւելի մեծ տուն մը կամ ամենավերջին նորոյթ ինքնաշարժը։ Ինչ ալ ըլլայ պարագան, վտանգը այն է որ կրնանք ծակաչք դառնալ եւ ուզել ա՛լ աւելի բաներ ունենալ, նոյնիսկ եթէ ատոնց պէտք չունինք կամ կարողութիւն չունինք գնելու (Եբ. 13։5)։ դ16.07 1։1-3

Ուրբաթ, նոյեմբեր 9

Մի՛ մտադրէք մարմինին ցանկութիւնները գոհացնել (Հռով. 13։14, ԱԾ)։

Շատեր այնքա՛ն զբաղած են աշխարհային բաներով, որ կը կարծեն թէ պէտք չունին հոգեւոր բաներու (Մատ. 5։3)։ Անոնք գրեթէ իրենց ամբողջ ժամանակը եւ ուժը կը գործածեն, որ աշխարհին հրամցուցած բաները ունենան (Ա. Յովհ. 2։16)։ Կ’ուզենք որ Աստուծո՛յ հոգին մեր մտածելակերպին ազդէ, եւ ոչ թէ՝ աշխարհի հոգին։ Եհովան իր հոգիին միջոցաւ մեզի օգնած է որ յստակօրէն հասկնանք թէ ի՛նչ պիտի պատահի մօտ ապագային (Ա. Կոր. 2։12)։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլանք, քանի որ նոյնիսկ սովորական բաները կրնան արգելք ըլլալ որ Եհովային ծառայենք (Ղուկ. 21։34, 35)։ Ուրիշներ թերեւս մեզ ծաղրեն, քանի որ կը հաւատանք որ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Պետ. 3։3-7)։ Բայց պէտք չէ յուսահատինք, որովհետեւ փաստ ունինք որ վերջը մօտ ատենէն պիտի գայ։ Եթէ կ’ուզենք որ Աստուծոյ հոգին մեզի ազդէ, պէտք է կանոնաւորաբար ժողովներուն երթանք։ դ16.07 2։13, 14

Շաբաթ, նոյեմբեր 10

Ո՛վ աղօթքի լսող, քեզի պիտի գայ ամէն մարմին. . . Մեր մեղքերը դուն պիտի քաւես (Սաղ. 65։2, 3)։

Շատեր կ’աղօթեն քանի որ աղօթելով հանգիստ կը զգան, բայց չեն հաւատար որ Աստուած զիրենք կը լսէ։ Անոնք պէտք է գիտնան թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Եթէ իմ անունովս բան մը խնդրէք, զանիկա պիտի կատարեմ» (Յովհ. 14։14)։ «Բան մը» կը նշանակէ՝ որեւէ բան որ Եհովայի կամքին համաձայն է։ Յովհաննէս գրեց. «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի» (Ա. Յովհ. 5։14)։ Ի՜նչ լաւ է որ ուրիշներուն սորվեցնենք, թէ աղօթքը հոգեկան հանգստութենէն աւելին է. ատիկա հոյակապ կերպ մըն է որ Եհովայի «շնորհաց աթոռ»ին մօտենանք (Եբ. 4։16)։ Երբ մարդոց կը սորվեցնենք աղօթել՝ ճի՛շդ կերպով, ճի՛շդ Անձին եւ ճի՛շդ բաներու մասին, անոնց կ’օգնենք որ Աստուծոյ մօտենան եւ նեղութեան ատեն մխիթարուին (Սաղ. 4։1. 145։18)։ դ16.07 4։11, 12

Կիրակի, նոյեմբեր 11

Քու սուրբերդ քեզ պիտի օրհնեն։ Քու թագաւորութեանդ փառքը պիտի յայտնեն ու քու զօրութիւնդ պիտի պատմեն. որպէս զի [թագաւորութեանդ] փառաւոր մեծութիւնը մարդոց որդիներուն գիտցնեն (Սաղ. 145։10-12)։

Այս խօսքերը անկասկած կ’արտայայտեն Եհովայի բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն զգացումները։ Բայց ի՞նչ կրնաս ընել եթէ ծառայութեան շատ չես կրնար ելլել, քանի որ հիւանդ ես կամ տարիքդ առած ես։ Միշտ յիշէ՛ թէ ամէն անգամ որ Եհովայի մասին խօսիս քեզի հոգ տանողներուն եւ ուրիշներու հետ, զինք կը փառաւորես։ Եթէ հաւատքիդ համար բանտարկուած ես, տակաւին կրնաս ճշմարտութեան մասին խօսիլ ուրիշներուն, եւ ասիկա Եհովային սիրտը կ’ուրախացնէ (Առ. 27։11)։ Ան նաեւ կ’ուրախանայ երբ շարունակես հոգեւոր բաներուն մասնակցիլ, հակառակ որ ընտանիքդ Եհովան չի պաշտեր (Ա. Պետ. 3։1-4)։ Նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ կրնա՛ս Եհովան փառաւորել եւ հոգեւորապէս յառաջդիմել։ Ան վստահաբար քեզ պիտի օրհնէ, մինչ ուրիշներու կ’օգնես, որ իր գեղեցիկ խոստումներուն մասին գիտնան։ դ16.08 3։19, 20

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 12

Կիները իրենց այրերուն հնազանդ ըլլան՝ որպէս թէ Տէրոջը. վասն զի այրը կնոջ գլուխն է, ինչպէս Քրիստոս ալ եկեղեցիին գլուխն է (Եփ. 5։22, 23)։

Այս կարգադրութիւնը չի նշանակեր որ կինը ամուսինէն աւելի ցած է, հապա՝ կնոջ կ’օգնէ որ իր աստուածատուր դերը կատարէ։ Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» (Ծն. 2։18)։ Ճիշդ ինչպէս որ «եկեղեցիին գլուխ»ը՝ Քրիստոս, սէր կը ցուցնէ, ամուսինն ալ պէտք է սիրալիր ըլլայ որպէս ընտանիքին գլուխը։ Երբ ամուսինը այսպէս վարուի, կինը ապահով կը զգայ եւ աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ զինք յարգէ եւ իրեն կռնակ կենայ։ Այսօր, քրիստոնեաները Յիսուսի օրինակին հետեւելով՝ իրար կը սիրեն ճիշդ ինչպէս որ ան իր աշակերտները սիրեց (Յովհ. 13։34, 35. 15։12, 13. Եփ. 5։25)։ Ամուսինն ու կինը իրար այնքա՛ն պէտք է սիրեն, որ պատրաստ ըլլան իրարու համար մեռնելու, եթէ պէտք ըլլայ։ դ16.08 2։3, 4

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 13

Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է (Առ. 15։23)։

Դրական խօսքերդ կրնան շատ ազդել ուրիշներուն եւ անոնց օգնել որ շարունակեն Եհովային ծառայել։ Եւ բնաւ թեթեւի մի՛ առներ թէ ինչ զօրաւոր ազդեցութիւն կրնաս ունենալ ուրիշներուն վրայ, երբ ժողովներուն ընթացքին ձեռքդ բարձրացնես եւ քաջալերական պատասխաններ տաս։ Եհովային օգնութեամբ, Նէեմիան եւ հրեաները իրենց ձեռքերը ուժովցուցին։ Անոնք 52 օրուան մէջ ամբողջացուցին Երուսաղէմի պարիսպները (Նէ. 2։18. 6։15, 16)։ Նէեմիան ձեռքը ծալելով չնստաւ. ան անձամբ օգնեց պարիսպները վերաշինելու (Նէ. 5։16)։ Շատ մը երէցներ Նէեմիային պէս կը մասնակցին աստուածպետական շինարարական ծրագիրներու կամ կը մաքրեն ու կը նորոգեն իրենց սրահները։ Անոնք նաեւ կը զօրացնեն մտահոգ եղբայրներն ու քոյրերը, անոնց այցելելով եւ անոնց հետ ծառայութեան ելլելով (Եսա. 35։3, 4)։ դ16.09 1։15, 16

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 14

Սէրը. . . անվայել վարմունք չ’ունենար, իրենը չի փնտռեր (Ա. Կոր. 13։4, 5)։

Ինչո՞ւ պէտք է հաշուի առնենք, թէ մեր հագուածքը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Պատճառներէն մէկը այն է՝ թէ չենք ուզեր որ իրենց համար աւելի դժուար ըլլայ այս խրատը կիրարկել. «Ձեր երկրաւոր անդամները սպաննեցէք. պոռնկութիւնը, պղծութիւնը, անսանձ կիրքը» (Կող. 3։2, 5)։ Օրինակ՝ ոմանք ձգած են իրենց անբարոյ ապրելակերպը, բայց տակաւին կը պայքարին սխալ ցանկութիւններու դէմ (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Չենք ուզեր անոնց պայքարը աւելի դժուարացնել, չէ՞։ Երբ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ ըլլանք, մեր հագուածքը պէտք է օգնէ որ ժողովքը բարոյապէս մաքուր միջավայր մը ըլլայ։ Ճիշդ է որ ազատ ենք մեր ուզածը հագնելու, բայց բոլորս պատասխանատուութիւն ունինք որ հագնինք այնպիսի հագուստներ, որոնք ուրիշներուն կը դիւրացնեն որ իրենց մտածումները, խօսքերը եւ վարքը անարատ պահեն Աստուծոյ աչքին (Ա. Պետ. 1։15, 16)։ դ16.09 3։9, 10

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 15

Երիտասարդներ եւ կոյս աղջիկներ. . . թող Տէրոջը անունը օրհնեն (Սաղ. 148։12, 13)։

«Մենք կը հաւատանք Եհովային, բայց ասիկա ըսել չէ որ մեր պզտիկներն ալ պիտի հաւատան իրեն», ըսին Ֆրանսայի մէջ ամուսնացած զոյգ մը։ Անոնք շարունակեցին. «Հաւատքը բան մը չէ որ կը ժառանգուի. պզտիկները քիչ–քիչ զայն ձեռք կը ձգեն»։ Աւստրալիացի եղբայր մը գրեց. «Թերեւս զաւակիդ սրտին մէջ հաւատք ցանելը՝ կեանքիդ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը ըլլայ։ . . .Թերեւս կարծես որ պզտիկիդ հարցումին պատասխանը կրցար տալ, բայց կը տեսնես որ ան ուրիշ անգամ ալ նոյն հարցումը կը հարցնէ։ Կրնայ ըլլալ որ տուած պատասխաններդ պզտիկիդ հետաքրքրութիւնը գոհացնեն ա՛յսօր, բայց վաղը՝ ո՛չ։ Թերեւս պէտք ունենաս կարգ մը նիւթերու մասին կրկին անգամ խօսելու»։ Եթէ ծնող մըն ես, ատեններ կը զգա՞ս որ կարողութիւն չունիս որ պզտիկներուդ սորվեցնես եւ օգնես որ հաւատք ունեցող անձեր դառնան ապագային։ Իրականութեան մէջ, մեզմէ ո՛չ մէկը կրնայ իր իմաստութիւնով ասոր մէջ յաջողիլ (Եր. 10։23)։ Բայց Եհովայի՛ն օգնութեամբ կրնանք յաջողիլ։ դ16.09 5։1, 2

Ուրբաթ, նոյեմբեր 16

Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա (Առ. 3։27)։

Գաղթականները նոր երկրին մշակոյթին վարժուելու մարտահրաւէրը կը դիմագրաւեն։ Հռութ այս առնչութեամբ լաւ օրինակ ձգեց։ Առաջին՝ ան հրաման առաւ որ հասկ հաւաքէ, եւ այսպիսով յարգեց իր նոր երկրին սովորութիւնները (Հթ. 2։7)։ Ան չօգտագործեց այս իրաւունքը, ոչ ալ հաշուեց որ ուրիշներ իրեն պարտական էին օգնելու։ Երկրորդ, ան շուտով իր շնորհակալութիւնը յայտնեց երբ Բոոս ազնիւ գտնուեցաւ իրեն հանդէպ (Հթ. 2։13)։ Երբ գաղթականները այսպէս վարուին, եղբայրներն ու քոյրերը եւ ուրիշ տեղացի մարդիկ աւելի պիտի յարգեն զիրենք։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ Եհովան իր շնորհքին միջոցաւ թոյլ տուած է որ տեսակաւոր մարդիկ լսեն բարի լուրը։ Թերեւս ոմանք առիթը չեն ունեցած որ իրենց երկրին մէջ Սուրբ Գիրքը սերտեն կամ ժողովի երթան։ Բայց հիմա որ առիթը ունին մեզի հետ հաւաքուելու, պէտք չէ՞ իրենց օգնենք որ օտար չզգան։ դ16.10 1։17-19

Շաբաթ, նոյեմբեր 17

Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար [«տանջանքի ցիցը», ՆԱ] յանձն առաւ (Եբ. 12։2)։

Աստուծոյ միլիոնաւոր ծառաներ Յիսուսի օրինակին կը հետեւին։ Անոնք Աստուծոյ խոստումներուն վրայ կը խոկան եւ չեն ձգեր որ փորձութիւնները տկարացնեն իրենց հաւատքը։ Անոնցմէ մէկն է Ռուտոլֆ Կրայխըն, որ Գերմանիա ծնած է 1925–ին։ Ան պատմեց որ իրենց տան պատերուն վրայ կային սուրբգրային տեսարաններ։ Ան գրեց. «Պատկերի մը մէջ կային գայլն ու գառը, ուլն ու ինձը, հորթն ու առիւծը, որոնք բոլորն ալ խաղաղութեան մէջ էին եւ պզտիկ տղայ մը կը քշէր զանոնք. . . Այսպիսի պատկերներ շատ տպաւորած էին զիս» (Եսա. 11։6-9)։ Ասիկա Ռուտոլֆին հաւատքը զօրացուց եւ օգնեց որ միշտ մտածէ դրախտին մասին։ Այս պատճառով, ան Եհովային հաւատարիմ մնաց, հակառակ որ երկար տարիներ շատ ծանր հալածանք կրեց նացի Կեսթափոյին կողմէ, եւ ետքը՝ Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար Շթազի–ին կողմէ։ Ռուտոլֆ ուրիշ շատ մը փորձութիւններ ունեցաւ։ Իր մայրը բծատենդի պատճառով մահացաւ Ռավընսպրիւք համակեդրոնացման ճամբարին մէջ։ Իսկ իր հայրը թուղթ մը ստորագրեց, ուր ըսաւ որ այլեւս Եհովայի վկայ մը չէ։ դ16.10 3։12-14

Կիրակի, նոյեմբեր 18

Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք (Ա. Թես. 2։13)։

Եհովայի ծառաները մեծապէս կը գնահատեն Աստուածաշունչը։ Ատոր մէջ կան խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ խնդիրներէ հեռու մնանք, եւ մեզ կը սրբագրեն երբ սխալներ ընենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդենք այդ խրատներուն։ Նկատի առ առաջին դարու երկու քրիստոնեաներ՝ Եւոդիա եւ Սիւնտիք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ այս երկու օծեալ կիներուն միջեւ լուրջ խնդիրներ ծագեցան, որոնք կրնային խանգարել ժողովքին խաղաղութիւնը։ Սուրբ Գիրքը չ’ըսեր թէ ի վերջոյ ի՛նչ պատահեցաւ, բայց կրնայ ըլլալ որ այս քոյրերը մտիկ ըրին Պօղոս առաքեալի խրատը (Փլպ. 4։2, 3)։ Ներկայիս մեր ժողովքներուն մէջ ալ կրնան խնդիրներ ծագիլ։ Բայց եթէ հետեւինք Սուրբ Գիրքի խրատներուն, այսպիսի խնդիրներ կրնան լուծուիլ կամ նոյնիսկ կրնանք ատոնցմէ հեռու մնալ։ Եւ երբ Սուրբ Գիրքի ըսածին հնազանդինք, կը ցուցնենք թէ իրապէս կը գնահատենք Աստուծոյ Խօսքը (Սաղ. 27։11)։ դ16.11 3։1-3

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 19

Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է (Առ. 24։10)։

Բոլորս քաջալերութեան պէտք ունինք, մանաւանդ պզտիկները։ Թիմըթի Էվընզ անունով ուսուցիչ մը կ’ըսէ. «Պզտիկները. . . պէտք ունին քաջալերուելու, ինչպէս որ բոյսը ջուրի պէտք ունի։ Երբ քաջալերես, պզտիկը արժէքաւոր եւ գնահատուած կը զգայ»։ Բայց մենք չար ժամանակներու մէջ կ’ապրինք, ուր մարդիկ անձնասէր են, գուրգուրանք չունին եւ գրեթէ չեն քաջալերեր ուրիշները (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Բանսարկու Սատանան կ’ուզէ մեզ վհատեցնել, քանի որ գիտէ թէ երբ վհատինք՝ կրնանք հոգեւորապէս տկարանալ։ Ան շատ մը նեղութիւններ գործածելով փորձեց արդար Յոբը վհատեցնել, բայց չյաջողեցաւ (Յոբ 2։3. 22։3. 27։5)։ Մենք ալ կրնանք Սատանային դէմ դնել, քաջալերելով մեր ընտանիքին անդամները եւ ժողովքի եղբայրներն ու քոյրերը։ Այսպիսով մեր տունին եւ Թագաւորութեան սրահին մէջ ուրախ եւ ապահով մթնոլորտ մը պիտի ստեղծենք։ դ16.11 1։4, 6

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 20

[Աստուած] ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց (Ա. Պետ. 2։9)։

16–րդ դարու սկիզբը Սուրբ Գիրքը սկսաւ թարգմանուիլ։ Քանի մը քաջ տղամարդիկ Աստուծոյ Խօսքը թարգմանեցին այն լեզուներուն, որ սովորական ժողովուրդը կը խօսէր։ Երբ մարդիկ սկսան կարդալ Սուրբ Գիրքը, սկսան այսպիսի հարցումներ հարցնել. ‘Անոր մէջ ո՞ւր կը խօսուի քաւարանին մասին։ Ո՞ւր կ’ըսուի որ մէկը պէտք է քահանային դրամ վճարէ, որպէսզի ան մեռնողին համար պատարագ ընէ։ Ո՞ւր գրուած է պապերու եւ կարդինալներու մասին’։ Եկեղեցական առաջնորդները կը բարկանային երբ մարդիկ իրենց կասկածները կը յայտնէին։ Անոնք որոնք եկեղեցական ուսուցումները կը մերժէին, կը սպաննուէին։ Կղերականները կ’ուզէին որ մարդիկ Սուրբ Գիրքը չկարդան եւ հարցումներ չուղղեն։ Մեծաւ մասամբ, անոնք յաջողեցան ժողովուրդը վախցնել։ Բայց քիչ թիւով քաջ անհատներ չընդունեցին որ Մեծ Բաբելոնը լռեցնէ զիրենք։ Անոնք համտեսած էին Աստուծոյ Խօսքը եւ կ’ուզէին ա՛լ աւելի համտեսել։ դ16.11 4։13

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 21

Ճշմարտութեան վկան սուտ չի խօսիր (Առ. 14։5)։

Պէտք է պարկեշտ ըլլանք որպէսզի կարենանք Եհովային ծառայել (Եփ. 4։25)։ Չենք ուզեր Սատանային պէս ըլլալ, որ ‘ստութեան հայրն է’։ Եւ կը յիշենք որ Անանիան եւ իր կինը մեռան քանի որ սուտ խօսեցան։ Ասոր համար, սուտ չենք խօսիր (Յովհ. 8։44. Գործք 5։1-11)։ Բայց պարկեշտ ըլլալը չի նշանակեր միայն սուտ չխօսիլ։ Եթէ իրապէս երախտապարտ ենք Եհովային շնորհքին համար, ուրիշ բաներու մէջ ալ պարկեշտ պիտի ըլլանք։ Մէկը կրնայ անպարկեշտ ըլլալ առանց սուտ խօսելու։ Օրինակ՝ Եհովան իսրայէլացիներուն ըսաւ. «Գողութիւն մի՛ ընէք. . . իրար մի՛ խաբէք»։ Ինչո՞ւ։ Ան ըսաւ. «Դուք սուրբ եղէք, քանզի ես, ձեր Եհովա Աստուածը, սուրբ եմ» (Ղեւ. 19։2, 11)։ Եթէ ուրիշը խաբենք՝ անպարկեշտ կ’ըլլանք, նոյնիսկ երբ սուտ չխօսինք։ դ16.12 1։17, 18

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 22

Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ (Փլպ. 4։7)։

Աստուծոյ Խօսքին մէջ կը գտնենք Յիսուսի հանգստացուցիչ խօսքերը։ Անոր ըսածներն ու սորվեցուցածները կը թարմացնէին մարդիկը։ Ամբոխներ իրեն մտիկ կ’ընէին, քանի որ նեղութիւն ունեցողները կը հանգչեցնէր, տկարները կը զօրացնէր եւ ընկճուածները կը մխիթարէր (Մատ. 11։28-30)։ Ան ուրիշին հոգեւոր, զգացական եւ ֆիզիքական պէտքերով սիրալիրօրէն կը հետաքրքրուէր (Մար. 6։30-32)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ իրեն հետ ճամբորդող առաքեալներուն օգնել, ան մեզի ալ պիտի օգնէ։ Պէտք չունիս իրեն հետ ըլլալու որպէսզի օգտուիս։ Յիսուս մեր երկնաւոր Թագաւորը ըլլալով՝ տակաւին կը շարունակէ մեզի հետ զգալ։ Այս պատճառով, երբ մտահոգ ըլլաս, ան քու կողքիդ պիտի ըլլայ եւ ճիշդ ատենին քեզի օգնէ։ Յիսուս յոյս եւ քաջութիւն կու տայ, ինչ որ մեզի կ’օգնէ որ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլենք (Եբ. 2։17, 18. 4։16)։ դ16.12 3։4, 6

Ուրբաթ, նոյեմբեր 23

Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս (Ծն. 6։13)։

Նոյ կ’ապրէր աշխարհի մը մէջ, որ անբարոյութեամբ եւ ‘բռնութեամբ լեցուած էր’ (Ծն. 6։4, 9-12, ԱԾ)։ Թէեւ ան հաւատարմօրէն քարոզեց Եհովային ազդարարական պատգամը, բայց չէր կրնար մարդիկը ստիպել որ զայն ընդունին, ոչ ալ կրնար բան մը ընել որ Ջրհեղեղը աւելի կանուխ գայ։ Նոյ պէտք էր Եհովային վստահէր որ Իր խօսքին տէրը ելլելով չարութեան վերջ պիտի դնէր, եւ թէ ասիկա յարմար ժամանակին պիտի ընէր (Ծն. 6։17)։ Մենք ալ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ չարութեամբ լեցուն է, եւ գիտենք թէ Եհովան խոստացած է որ զայն կործանէ (Ա. Յովհ. 2։17)։ Մինչ այդ, չենք կրնար մարդիկը ստիպել որ Թագաւորութեան բարի լուրը ընդունին, ոչ ալ կրնանք բան մը ընել որ «մեծ նեղութիւն»ը աւելի կանուխ սկսի (Մատ. 24։14, 21)։ Պէտք է Նոյին պէս զօրաւոր հաւատք ունենանք, վստահ ըլլալով որ Աստուած մօտ ատենէն ամէն չարութիւն պիտի վերցնէ (Սաղ. 37։10, 11)։ Համոզուած ենք որ Եհովան պիտի չձգէ որ այս չար աշխարհը շարունակուի պէտք եղածէն նոյնիսկ մէկ օր աւելի (Ամբ. 2։3)։ դ17.01 1։5-7

Շաբաթ, նոյեմբեր 24

Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ, քալելու ճամբուդ մէջ քեզի կ’առաջնորդեմ (Եսա. 48։17)։

Այսօր, բազմաթիւ մարդիկ իրենց ազատ կամքը սխալ կերպով գործածելով գէշ որոշումներ կ’առնեն, եւ նոյնիսկ ուրիշներուն կը վնասեն։ Սուրբ Գիրքը ըսաւ որ «վերջին օրերը» մարդիկ «ապերախտ» պիտի ըլլային (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Թող որ Եհովային տուած այս արժէքաւոր պարգեւը բնա՛ւ սխալ կերպով չգործածենք կամ զայն թեթեւի չառնենք։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք սխալ կերպով չգործածել զայն։ Բոլորս ազատութիւն ունինք որ զատենք մեր բարեկամները, մեր հագուստներն ու յարդարանքը եւ ժամանցը։ Բայց կրնայ ըլլալ որ մեր ազատութիւնը չարաչար գործածելով Աստուծոյ չսիրած բաները ընենք, կամ աշխարհին գէշ սովորութիւններուն հետեւինք (Ա. Պետ. 2։16)։ Փոխանակ մեր ազատութիւնը սխալ բաներու համար գործածելու, պէտք է զայն գործածենք որ «ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար» ընենք (Ա. Կոր. 10։31. Գաղ. 5։13)։ դ17.01 2։12-14

Կիրակի, նոյեմբեր 25

Երբ այս խօսքերը լսեցի. . . ծոմ պահելով երկնքի Աստուծոյն աղօթք ըրի (Նէ. 1։4)։

Նէեմիային պէս, երբ աւելի պատասխանատուութիւն ստանանք կամ մեր նշանակումը փոխուի, պէտք է ամէն ջանք թափենք որ համեստ մնանք։ Չենք ուզեր միայն մեր կարողութիւններուն կամ փորձառութեան վստահիլ։ Մէկը ինչպէ՞ս կը սկսի իր անձին վստահիլ։ Օրինակ՝ թերեւս երէց մը սկսի ժողովքային հարցերուն հոգ տանիլ առաջ որ աղօթէ։ Կամ, թերեւս եղբայր մը կամ քոյր մը որոշում մը առնէ եւ ետքը Եհովային աղօթէ որ իր առած որոշումը օրհնէ։ Բայց համեստ անհատը իր անձին չի վստահիր, նոյնիսկ երբ գտնուի պարագայի մը կամ խնդիրի մը մէջ, որ նախապէս իր գլուխէն անցած է։ Ան միշտ կը յիշէ որ իր կարողութիւնները բա՛ն մը չեն՝ Եհովային հետ բաղդատած (Առ. 3։5, 6)։ Մենք Աստուծոյ ընտանիքին մէկ անդամն ենք եւ կը սորվինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ միութեամբ աշխատիլ։ Մենք չենք կարծեր որ քանի որ պատասխանատուութիւններ ունինք՝ մեր ընտանիքի կամ ժողովքի անդամներէն աւելի լաւ ենք (Ա. Տիմ. 3։15)։ դ17.01 4։7, 8

Երկուշաբթի, նոյեմբեր 26

Երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ (Սաղ. 115։16)։

Եհովային նպատակն էր որ մարդիկ երկրի վրայ յաւիտեան ապրին (Ծն. 1։28. Սաղ. 37։29)։ Ան Ադամին ու Եւային առատաձեռնօրէն տուաւ զանազան պարգեւներ, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնեն (Յակ. 1։17)։ Ան իրենց տուաւ ազատ կամք ու տրամաբանելու, սիրելու եւ բարեկամութիւններ վայելելու կարողութիւն։ Ան խօսեցաւ Ադամին հետ եւ ըսաւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ իրեն հնազանդ ըլլալ։ Ադամ նաեւ սորվեցաւ թէ ինչպէ՛ս կրնայ հոգ տանիլ իր անձին, անասուններուն եւ երկրին (Ծն. 2։15-17, 19, 20)։ Եհովան նաեւ Ադամին ու Եւային տուաւ համտեսելու, շօշափելու, տեսնելու, լսելու եւ հոտոտալու կարողութիւնը։ Այսպիսով, անոնք կրնային հաճոյք առնել իրենց դրախտային բնակավայրէն։ Անոնք զանազան հետաքրքրական գործեր ունէին ընելիք եւ կրնային յաւիտեան սորվիլ ու նոր բաներ գիտնալ։ Աստուած Ադամն ու Եւան ստեղծեց կատարեալ զաւակներ ունենալու կարողութեամբ, եւ երկիրը իր մէջի բոլոր գեղեցիկ բաներով պիտի դառնար անոնց մնայուն տունը։ դ17.02 1։6, 7

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 27

Այս օրէնքներու գրքին մէկ օրինակը. . . թող գրքի մը մէջ գրէ։ . . .Եւ օրէնքին բոլոր խօսքերն ու կանոնները զգուշութեամբ գործադրէ (Բ. Օր. 17։18, 19)։

Աստուծոյ Խօսքը ինչպէ՞ս առաջնորդեց այն տղամարդիկը որ առաջնորդութիւն առին։ Նկատի առ Յովսիա թագաւորը։ Երբ Մովսէսին օրէնքներու գիրքը գտնուեցաւ, Յովսիային դպիրը զայն կարդաց իրեն։ Աստուծոյ Խօսքը Յովսիան մղեց որ երկրին բոլոր կուռքերը քանդէ, եւ Պասեքի այնպիսի տօնակատարութիւն մը ընէ որ ատկէ առաջ չէր կատարուած (Դ. Թագ. 22։11. 23։1-23)։ Քանի որ Յովսիան եւ ուրիշ հաւատարիմ առաջնորդներ կը հետեւէին Աստուծոյ Խօսքին, անոնք պատրաստ էին փոխելու այն ցուցմունքները որ Աստուծոյ ժողովուրդին կու տային։ Այդ փոփոխութիւնները օգնեցին Աստուծոյ ժողովուրդին որ Իրեն հնազանդի։ Սակայն Աստուծոյ ժողովուրդին կարգ մը թագաւորները չհետեւեցան իր ցուցմունքներուն։ Որոշ պարագաներու մէջ, Եհովան պատժեց զանոնք կամ անոնց տեղ ուրիշ մէկը նշանակեց (Ա. Թագ. 13։13, 14)։ Յետագային, ան նշանակեց մէկը որ կատարեալ առաջնորդ պիտի ըլլար։ դ17.02 3։11, 12, 14

Չորեքշաբթի, նոյեմբեր 28

Քիչ մը վար ըրիր [մարդը] հրեշտակներէն, փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա (Սաղ. 8։5)։

Մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով (Ծն. 1։27)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ մարդոց մեծամասնութեան մէջ կրնանք գտնել Աստուծոյ յատկութիւններէն ոմանք, ինչպէս՝ սիրալիր, ազնիւ եւ կարեկից ըլլալ։ Մարդ արարածը նաեւ ստեղծուած է խղճմտանքով, ինչ որ ներքին զգացում մըն է զանազանելու ճիշդը սխալէն, պարկեշտը՝ անպարկեշտէն եւ պատշաճը՝ պատշաճ չեղողէն (Հռով. 2։14, 15)։ Մարդիկ ընդհանրապէս կը սիրեն մաքուր եւ գեղեցիկ բաները, եւ կ’ուզեն ուրիշներու հետ խաղաղութիւն ունենալ։ Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Եհովան կը սիրէ կարգուկանոնը եւ խաղաղութիւնը։ Յստակօրէն, բոլոր մարդիկը ստեղծուած են այն կարողութեամբ որ ձեւով մը Եհովային նմանին։ Այս պատճառով, անոնք որոշ չափով արժանի են պատիւի եւ յարգանքի։ Սակայն ուրիշները պատուելու մէջ պէտք է հաւասարակշռուած ըլլանք, գիտնալով թէ ի՛նչ տեսակ պատիւ տանք եւ ո՛ր աստիճան։ դ17.03 1։5, 6

Հինգշաբթի, նոյեմբեր 29

Աստուած գթաց ու այն չարիքը, որ անոնց վրայ պիտի բերէր, չբերաւ (Յովն. 3։10)։

Նոյնիսկ երբ Եհովան բարկացած է՝ ափեղցփեղ որոշումներ չ’առներ, ինչպէս որ շատեր կ’ընեն։ Ան տեսնելէ ետք թէ նինուէցիները զղջացին ու սկսան չարիք չգործել, իր որոշումը փոխեց։ Ասիկա ցուցուց թէ ան տրամաբանական, խոնարհ եւ կարեկից է։ Նմանապէս, ատեններ լաւ կ’ըլլայ որ դարձեալ նկատի առնենք մեր որոշումը, օրինակ երբ պարագաները փոխուին։ Յիշէ թէ Եհովան ատեններ իր որոշումը փոխեց երբ պարագան փոխուեցաւ (Գ. Թագ. 21։20, 21, 27-29. Դ. Թագ. 20։1-5)։ Կամ ալ թերեւս նոր տեղեկութիւններ ստանանք եւ յարմար ըլլայ որ մեր որոշումը փոխենք։ Օրինակ, երբ Դաւիթ թագաւոր սխալ տեղեկութիւններ լսեց Սաւուղին թոռնիկին՝ Մեմփիբոսթէին մասին, որոշում մը առաւ։ Բայց ետքը՝ երբ ճիշդ տեղեկութիւններ ստացաւ, իր որոշումը փոխեց (Բ. Թագ. 16։3, 4. 19։24-29)։ դ17.03 2։14, 15

Ուրբաթ, նոյեմբեր 30

Ձեր բանաւորութիւնը ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ (Փլպ. 4։5, ՆԱ)։

Երբ որոշումի մը առջեւ ըլլանք, նախ պէտք է մտածենք թէ Սուրբ Գիրքին ո՛ր սկզբունքները կրնան մեզի օգնել եւ ինչպէ՛ս կրնանք զանոնք գործադրել։ Օրինակ, երեւակայէ թէ քոյր մը ամուսնացած է մէկու մը հետ, որ Վկայ չէ։ Ան գիտէ թէ բարի լուրը քարոզելու պատասխանատուութիւնը ունի (Գործք 4։20)։ Օր մը, ան կ’որոշէ ծառայութեան ելլել, բայց ամուսինը կ’ուզէ որ ան տունը մնայ։ Ամուսինը կ’ըսէ որ վերջերս իրարու հետ շատ ժամանակ չեն անցուցած եւ թէ կ’ուզէ որ միասին բան մը ընեն։ Քոյրը միտքէն կ’անցընէ համարներ, որոնք կրնան իրեն օգնել որ իմաստուն որոշում մը առնէ։ Ան գիտէ թէ պէտք է Աստուծոյ հնազանդի եւ աշակերտելու գործին մասնակցի (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։29)։ Բայց ան նաեւ պէտք է յիշէ որ իր ամուսինին պէտք է ենթարկուի եւ տրամաբանական ըլլայ (Եփ. 5։22-24)։ Արդեօք ամուսինը կը փորձէ իրեն արգե՞լք ըլլալ որ բնաւ չքարոզէ, թէ՞ պարզապէս կ’ուզէ ա՛յդ օրը իրեն հետ ժամանակ անցընել։ Որպէս Եհովայի ծառաներ, կ’ուզենք որոշումներ առնել որ թէ՛ տրամաբանական են եւ թէ Եհովան կը հաճեցնեն։ դ17.03 4։17

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել