Հոկտեմբեր
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 1
Անիկա իրմէ վախցողներուն փափաքը կը լեցնէ եւ անոնց աղաղակը կը լսէ ու կը փրկէ զանոնք (Սաղ. 145։19)։
Եհովան «համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուած»ն է (Հռով. 15։5)։ Միայն ինքն է որ լման կը հասկնայ մեր խնդիրները, եւ թէ ինչպէ՛ս մեզի կ’ազդեն մեր միջավայրը, զգացումները եւ նոյնիսկ մեր ժառանգական գիծերը։ Ուստի ան գիտէ, թէ ճիշդ ինչի՛ պէտք ունինք որ համբերենք։ Բայց երբ աղօթքով Աստուծմէ խնդրենք որ մեզ զօրացնէ ու դժուարութիւններուն մէջ օգնէ, ան ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէ։ Ան «ազատութեան միջոց մը» պիտի տայ մեզի (Ա. Կոր. 10։13)։ Ինչպէ՞ս։ Ատեններ ան դժուարութիւնը կը վերցնէ։ Սակայն ընդհանրապէս մեզի զօրութիւն կու տայ, որպէսզի փորձութեան ատեն «ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար» ըլլանք (Կող. 1։11, ԱԾ)։ Եւ քանի որ ան շատ լաւ գիտէ մեր ֆիզիքական, մտային եւ զգացական սահմանափակումները, բնա՛ւ թոյլ պիտի չտայ որ պարագան այն աստիճան գէշ ըլլայ որ չկարենանք հաւատարիմ մնալ։ դ16.04 2։5, 6
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 2
Զայն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ զայն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք (Մատ. 22։21)։
Աստուծոյ Խօսքը մեզի կ’ըսէ որ մարդկային կառավարութիւններուն հնազանդինք, բայց նաեւ կը սորվեցնէ, որ միշտ պէտք է Աստուծոյ հնազանդինք (Գործք 5։29. Տիտ. 3։1)։ Ասիկա կարելի՞ է։ Այս օրուան համարին խօսքով, Յիսուս բացատրեց սկզբունք մը, որ մեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ որո՛ւն պէտք է հնազանդինք։ ‘Կայսրինը՝ Կայսրին կու տանք’՝ կառավարութեան օրէնքներուն հնազանդելով, կառավարական պաշտօնեաները յարգելով եւ տուրքերը վճարելով (Հռով. 13։7)։ Սակայն, եթէ կառավարութիւնը մեզի ըսէ որ Աստուծոյ անհնազանդ ըլլանք, յարգանքով կը մերժենք ասիկա ընել։ Աշխարհի քաղաքական հարցերուն մէջ չէզոք կը մնանք (Եսա. 2։4)։ Մինչեւ այն ատեն որ Եհովան կառավարութիւններուն թոյլ տուած է որ իշխեն, ատոնց դէմ չենք ելլեր։ Նաեւ չենք մասնակցիր որեւէ հայրենասիրական կամ ազգայնական գործունէութեան (Հռով. 13։1, 2)։ Չենք փորձեր կառավարութիւնները փոխել կամ կառավարիչներուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնել։ Չենք մասնակցիր քաղաքական քուէարկութիւններու, ոչ ալ քաղաքագէտներ կ’ըլլանք։ դ16.04 4։1, 2
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 3
Հեթանոսի պէս թող ըլլայ քեզի (Մատ. 18։17)։
Քրիստոնեաներուն միջեւ եղած բախումներուն մեծամասնութիւնը կրնայ առանձնաբար լուծուիլ, եւ ասիկա կարեւոր է, բայց միշտ կարելի չէ, քանի որ կարգ մը պարագաներու մէջ ուրիշներու օգնութեան պէտք կ’ըլլայ (Մատ. 18։15-17)։ Յիսուս ‘մեղանչել’ ըսելով չէր խօսեր պզտիկ անհամաձայնութեան մը մասին։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Ան ըսաւ որ եթէ մեղանչողը մտիկ չընէ իր եղբօր, վկաներուն եւ պատասխանատու եղբայրներուն, այն ատեն «հեթանոսի ու մաքսաւորի պէս» պէտք է սեպուի։ Ներկայիս ասոր կ’ըսենք վտարուիլ։ Կատարուած մեղքը 1) երկու անձերու միջեւ կրնայ լուծուիլ, բայց նաեւ 2) վտարումի հասցնելու չափ լուրջ է, եթէ չլուծուի։ Այսպիսի մեղքերու մէջ կրնայ ըլլալ՝ խարդախութիւն կամ զրպարտութեամբ մէկու մը անունը աւրել։ Միայն այսպիսի պարագաներու մէջ է որ Մատթէոս 18։15-17–ի նշած երեք քայլերը կ’առնուին։ դ16.05 1։14
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 4
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Շատ մը պարագաներ կան, որոնց մասին Աստուածաշունչին մէջ մասնայատուկ պատուէր չկայ։ Օրինակ՝ Սուրբ Գիրքին մէջ մանրամասն կանոններ չենք գտներ, թէ ո՛ր հագուստները պատշաճ են քրիստոնեային համար։ Ասիկա ինչպէ՞ս մէջտեղ կը հանէ Եհովայի իմաստութիւնը։ Հագուելաձեւերը եւ սովորութիւնները ոչ միայն կը տարբերին տեղէ տեղ, այլեւ՝ տարուէ տարի։ Եթէ Սուրբ Գիրքը ցանկ մը տուած ըլլար, թէ ո՛ր հագուելաձեւերը եւ արդուզարդերը ընդունելի են, հիմա ատիկա ժամանակայարմար պիտի չըլլար։ Այսպիսի պատճառներով, Աստուծոյ Խօսքը շատ կանոններ չի տար, թէ ի՛նչ գործ կամ ժամանց պէտք է զատենք, կամ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի առողջ մնանք։ Ինչպէ՞ս կրնանք լաւ որոշումներ առնել, եթէ Սուրբ Գիրքը ուղղակի չ’ըսեր թէ ի՛նչ պէտք է ընենք։ Այսպիսի պարագաներու, մեր անձնական պատասխանատուութիւնն է որ հարցին մանրամասնութիւնները նկատի առնենք, եւ փոխանակ պարզապէս մեր նախընտրած բանը ընելու՝ որոշում մը կայացնենք, որ Եհովան պիտի հաճեցնէ (Սաղ. 37։5)։ դ16.05 3։2, 6
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 5
Աստուծոյ խօսքը լսելով ընդունեցիք, ո՛չ թէ իբրեւ մարդոց խօսք, հապա, ինչպէս ճշմարիտ է, որպէս Աստուծոյ խօսք (Ա. Թես. 2։13)։
Անկասկած Աստուածաշունչին մէջ մասեր կան որ շատ կը սիրենք։ Ոմանք մեծ հաճոյքով կը կարդան Աւետարանները, որոնք ցոյց կու տան Եհովայի գեղեցիկ անձնաւորութիւնը Յիսուսի միջոցաւ (Յովհ. 14։9)։ Ուրիշներ կը նախընտրեն մարգարէական գիրքերը, ինչպէս՝ Յայտնութիւն գիրքը, որ կը ցուցնէ «ինչ որ շուտով պիտի ըլլայ» (Յայտ. 1։1)։ Եւ ո՞վ չի մխիթարուիր երբ կարդայ Սաղմոսաց գիրքը, կամ ո՞վ գործնական դասեր չ’առներ կարդալով Առակաց գիրքը։ Սուրբ Գիրքը իրապէս բոլորի՛ն համար է։ Սուրբ Գիրքը կը սիրենք, ուստի մեր հրատարակութիւններն ալ կը սիրենք, քանի որ անոր վրայ հիմնուած են։ Օրինակ՝ կ’արժեւորենք այն հոգեւոր սնունդը որ կը ստանանք գիրքերու, գրքոյկներու, պարբերաթերթերու եւ ուրիշ հրատարակութիւններու միջոցաւ։ Գիտենք որ Եհովային կողմէ եղող այս կարգադրութիւնները մեզի կ’օգնեն, որ հոգեւորապէս արթուն մնանք, իրեն մօտիկ ըլլանք եւ մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք (Տիտ. 2։2)։ դ16.05 5։1-3
Շաբաթ, հոկտեմբեր 6
Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ (Գաղ. 5։22, 23)։
Սուրբ հոգին շատ մը կերպերով կրնայ մեզ ձեւաւորել։ Օրինակ՝ ատիկա կրնայ մեզի օգնել որ Յիսուսի անձնաւորութիւնը ընդօրինակենք, որուն մէջ կայ Աստուծոյ հոգիին պտուղը։ Սէրը այդ պտուղին մէկ երեսակն է։ Մենք Աստուած կը սիրենք եւ կ’ուզենք իրեն հնազանդիլ ու իր ձեռքերուն մէջ ձեւաւորուիլ, քանի որ իր պատուիրանները ծանր չեն։ Սուրբ հոգին նաեւ կրնայ մեզի զօրութիւն տալ, որպէսզի թոյլ չտանք որ այս աշխարհը մեզ ձեւաւորէ (Եփ. 2։2)։ Երբ Պօղոս առաքեալ երիտասարդ էր, հպարտ հրեայ կրօնական առաջնորդներէն ազդուած էր։ Բայց ան սուրբ հոգիին օգնութեամբ փոխուեցաւ։ Յետագային ան գրեց. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց» (Փլպ. 4։13)։ Ուրեմն մենք ալ Պօղոսին պէս շարունակենք սուրբ հոգին խնդրել, գիտնալով որ Եհովան մեր անկեղծ աղօթքներուն պիտի պատասխանէ (Սաղ. 10։17)։ դ16.06 1։12
Կիրակի, հոկտեմբեր 7
Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու (Յայտ. 4։10)։
Եհովան մեր միակ Աստուածն է։ Ասոր համար, պէտք է բացարձակապէս իրեն նուիրուած ըլլանք։ Չենք կրնար ուրիշ որեւէ աստուած պաշտել, ոչ ալ կրնանք սուտ գաղափարներ կամ սովորութիւններ մտցնել մեր պաշտամունքին մէջ։ Պէտք է մտքերնիս պահենք, որ միայն Եհովան պէտք է պաշտուի, եւ պէտք չէ սեպենք որ իրմէ զատ ուրիշ աստուածներ կան եւ թէ ինք անոնցմէ մէկն է եւ պարզապէս անոնց մէջ ամէնէն բարձրը կամ զօրաւորն է։ Եհովային բացարձակապէս նուիրուած ըլլալով, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ իր տեղը բան մը չգրաւէ։ Ինչպիսի՞ բաներ օրինակ։ Եհովան Տասը պատուիրաններուն մէջ յստակացուց որ իր ժողովուրդը պէտք չէ իրմէ զատ ուրիշ աստուածներ ունենայ եւ որեւէ կուռք պաշտէ (Բ. Օր. 5։6-10)։ Ներկայիս կռապաշտութիւնը տեսակ–տեսակ է, եւ թերեւս դժուար է որ ատոնցմէ ոմանք գիտցուին թէ կռապաշտութիւն են։ Բայց Եհովային պահանջները դեռ նոյնն են,– ան տակաւին «մէկ Եհովա» է (Մար. 12։29)։ դ16.06 3։10, 12
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 8
Եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ ձեզի պիտի ներէ (Մատ. 6։14)։
Երբ Պետրոս Յիսուսի հարցուց, թէ «մինչեւ եօ՞թը անգամ» պէտք է ներենք, Յիսուս պատասխանեց. «Քեզի չեմ ըսեր թէ մինչեւ եօթը անգամ, հապա մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը»։ Յստակ է թէ ան ըսել ուզեց, որ պէտք է մի՛շտ յօժար ըլլանք ներելու (Մատ. 6։15. 18։21, 22)։ Լաւ է որ յիշես թէ քանի որ բոլորս կը սխալինք, կրնայ ըլլալ որ դո՛ւն ալ մէկը նեղացնես։ Եթէ ասիկա պատահի, Սուրբ Գիրքին ըսածը ըրէ։ Գնա՛ եւ փորձէ եղբօրդ հետ հարցը լուծել (Մատ. 5։23, 24)։ Ինչպէս որ կ’ուզենք որ ուրիշը մեր սխալները մեր երեսին չտայ, մենք ալ նոյնը պէտք է ընենք (Ա. Կոր. 13։5. Կող. 3։13)։ Եթէ ուրիշներուն ներենք, Եհովան ալ մեզի պիտի ներէ։ Ուրեմն, երբ ուրիշները սխալին, անոնց ողորմինք ճիշդ ինչպէս որ մեր Հայրը՝ Եհովան մեզի կ’ողորմի (Սաղ. 103։12-14)։ դ16.06 4։15, 17
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 9
Ես ամօթ չեմ սեպեր աւետարանը քանզի Աստուծոյ զօրութիւնն է ան՝ բոլոր հաւատացեալներուն փրկութեան համար (Հռով. 1։16)։
Եհովայի ժողովուրդը այս վերջին օրերուն մէջ պարտականութիւն ունի, որ քարոզէ «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ. . . բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու» (Մատ. 24։14)։ Թագաւորութեան այս բարի լուրը նաեւ Աստուծոյ շնորհքին բարի լուրն է։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Աստուծոյ շնորհքին շնորհիւ է որ պիտի ստանանք բոլոր այն օրհնութիւնները որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը պիտի տայ (Գործք 20։24. Եփ. 1։3)։ Մենք ալ Պօղոսին պէս նախանձախնդրութեամբ քարոզելով կը ցուցնե՞նք թէ երախտապարտ ենք Եհովայի շնորհքին համար (Հռով. 1։14, 15)։ Որպէս մեղաւորներ, մենք զանազան կերպերով Եհովայի շնորհքէն կ’օգտուինք։ Արդ, մարդոց պարտական ենք որ իրենց սորվեցնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը յայտնէ իր սէրը եւ թէ ինչպէ՛ս կրնան ատկէ օգտուիլ։ դ16.07 4։4, 5
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 10
Պատրաստ կեցէք, քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը՝ որ դուք չէք կարծեր (Ղուկ. 12։40)։
Յիսուս իր մահէն քիչ առաջ, երեք անգամ իր աշակերտներուն յիշեցուց որ Սատանան «այս աշխարհին իշխան»ն է (Յովհ. 12։31. 14։30. 16։11)։ Ան սուտ կրօնքը գործածած է որպէսզի մարդիկը խաբէ։ Ասոր համար, ներկայիս շատեր ականջ չեն կախեր Սուրբ Գիրքի մարգարէութիւններուն, որոնք յստակօրէն կը ցուցնեն թէ աշխարհի վերջը շատ մօտ է (Սոփ. 1։14)։ Յայտնի է որ Սատանան ‘անհաւատներուն մտքերը կուրցուցած է’ (Բ. Կոր. 4։3-6)։ Այս պատճառով, երբ մարդոց ըսենք թէ այս աշխարհին վերջը մօտ է եւ թէ Քրիստոս հիմա կ’իշխէ, շատեր չեն ուզեր մտիկ ընել։ Պէտք չէ ձգենք որ անոնց կեցուածքը մեր վրայ ազդէ։ Գիտե՛նք թէ ինչու կարեւոր է որ արթուն մնանք։ դ16.07 2։11, 12
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 11
Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի (Եփ. 5։33)։
Երբ հարսն ու փեսան իրենց ամուսնութեան օրը առաջին անգամ աչք աչքի կու գան, իրենց աչքերը ուրախութենէն կը փայլին։ Եհովան, որ ամուսնութիւնը հիմնած է, իր Խօսքին մէջ իմաստուն խրատներ տուած է բոլոր անոնց որոնք կ’ամուսնանան, որպէսզի յաջող եւ ուրախ ամուսնութիւն մը ունենան (Առ. 18։22)։ Բայց միեւնոյն ատեն, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ ամուսնացողները «մարմնի նեղութիւն պիտի ունենան», այսինքն՝ խնդիրներ, քանի որ անկատար են (Ա. Կոր. 7։28)։ Լաւ, զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան կարելի եղածին չափ հեռու մնալ այս նեղութիւններէն։ Եւ քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը յաջող դարձնել։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ թէ սէրը կարեւոր է։ Ամուսնութեան մէջ պէտք կայ գորովի (յունարէնով՝ ֆի·լիա)։ Ռոմանթիկ սէրը հաճոյք կը պատճառէ, իսկ ընտանիքին հանդէպ սէրը (սթոր·կէ) աւելի կարեւոր կը դառնայ երբ պզտիկներ մէջտեղ գան։ Բայց սկզբունքի վրայ հիմնուած սէրն է (ա·կաբէ) որ ամուսնութիւնը յաջող կը դարձնէ։ դ16.08 2։1, 2
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 12
Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ (Ա. Տիմ. 4։16)։
Տիմոթէոս արդէն փորձառու քարոզիչ մըն էր, բայց իր ծառայութիւնը ազդու պիտի ըլլար միայն եթէ ‘զգուշութիւն ընէր իր վարդապետութեան’։ Ան գիտէր որ մարդիկ եւ իրենց պայմանները կը փոխուին։ Լաւ, որպէսզի շարունակէր անոնց սրտին հասնիլ, ան պէտք էր իր սորվեցուցած կերպը յարմարցնէր իրենց կարիքներուն։ Մենք ալ այսօր պէտք է նոյնը ընենք քարոզելու ատեն։ Յաճախ, երբ դռնէ դուռ կը ծառայենք, տունը մարդ չենք գտներ։ Կարգ մը տեղեր, որոշ շէնքեր չենք կրնար մտնել։ Եթէ թաղամասդ ալ այդպէս է, կրնա՞ս ուրիշ կերպեր գործածել որ բարի լուրը քարոզես։ Հանրային վկայութիւնը հոյակապ կերպ մըն է բարի լուրը տարածելու։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր կը սիրեն հանրապէս վկայել։ Օրինակ՝ անոնք կ’երթան շոգեկառքի եւ հանրակառքի կայաններ, շուկաներ եւ զբօսավայրեր։ դ16.08 3։14-16
Շաբաթ, հոկտեմբեր 13
Թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք (Եբ. 12։12)։
Համայն աշխարհի մէջ, Եհովան մեզի կու տայ եղբայրներ ու քոյրեր, որոնք կրնան մեզ քաջալերել (Եբ. 12։12, 13)։ Առաջին քրիստոնեաներէն շատեր այս հոգեւոր քաջալերութիւնը ստացան։ Ներկայիս ալ նոյն պարագան կայ։ Ի՞նչ կրնանք ընել։ Ահարոն եւ Ովր բառացիօրէն ուժովցուցին Մովսէսի ձեռքերը պատերազմին ընթացքին (Ել. 17։8-13)։ Մենք ալ մեր կարգին կրնանք նայիլ թէ ինչպէ՛ս գործնական կերպով օգնենք ուրիշներուն։ Բայց որո՞նց։ Անոնց որոնք տարիքոտ են, առողջապահական խնդիրներ ունին, ընտանիքը իրենց կը հակառակի, միայնակ կը զգան կամ սիրելի մը կորսնցուցած են։ Նաեւ կրնանք զօրացնել պատանիները, որոնք ճնշումի տակ են որ սխալ ընեն կամ այս դրութեան մէջ «յաջողութեան» ետեւէ ըլլան (Ա. Թես. 3։1-3. 5։11, 14)։ Նայէ թէ ի՛նչ կերպերով կրնաս անկեղծօրէն հետաքրքրուիլ ուրիշներով Թագաւորութեան սրահին մէջ, ծառայութեան մէջ, միասին ուտելու ատեն կամ հեռաձայնով խօսելու ժամանակ։ դ16.09 1։13, 14
Կիրակի, հոկտեմբեր 14
Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք (Ա. Կոր. 10։31)։
Մենք պարտական ենք մեր սուրբ Աստուծոյն, մեր հոգեւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն եւ թաղամասի մարդոց, որ հագուինք այնպիսի կերպով մը որ փառք կը բերէ Եհովային եւ կը պատուէ մեր քարոզած պատգամը (Հռով. 13։8-10)։ Մեր հագուածքը շատ կարեւոր է մանաւանդ երբ ժողովներու կ’երթանք կամ կը քարոզենք։ Պէտք է հագուինք այնպէս՝ «ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած [անձերուն]» (Ա. Տիմ. 2։10)։ Անշուշտ, կան հագուստներ որ տեղ մը պատշաճ կ’ըլլան եւ տեղ մը ո՛չ։ Այս պատճառով, ամբողջ աշխարհին մէջ Եհովայի ժողովուրդը հաշուի կ’առնէ տեղական սովորութիւնները, որպէսզի ուրիշները չգայթակղեցնէ։ Երբ համաժողովի երթանք, մեր հագուստը պէտք է պատշաճ ըլլայ։ Ատիկա պէտք չէ նմանի աշխարհի մէջ սովորական եղող ծայրայեղ ոճերուն։ Այսպիսով հպարտութեամբ պիտի ըսենք թէ Եհովայի վկայ ենք, եւ պատրաստ պիտի զգանք որ որեւէ առիթով վկայենք։ դ16.09 3։7, 8
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 15
Ամէն տուն՝ շինող մը ունի. բայց ան որ բոլոր բաները շինեց՝ Աստուած է (Եբ. 3։4)։
Տրամաբանական է որ մէկը շինէ տունը։ Ուրեմն ապրող էակները, որ շատ աւելի բարդ են, պէտք է որ մէկու մը կողմէ շինուած ըլլան։ Եթէ կը խօսիս անձի մը հետ որ կասկածներ ունի Սուրբ Գիրքին նկատմամբ, նախ գիտցիր թէ ինչի՛ կը հաւատայ եւ ի՛նչ նիւթերով հետաքրքրուած է (Առ. 18։13)։ Եթէ ան գիտութիւնով հետաքրքրուած է, Սուրբ Գիրքէն օրինակներ տուր, որոնք կը ցուցնեն թէ ի՛նչ որ գիտական բաներու մասին կ’ըսէ՝ մի՛շտ ճիշդ է։ Ոմանք կը տպաւորուին տեսնելով ինչպէ՛ս Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները եւ պատմութիւնները ճշգրիտ են։ Իսկ ուրիշներ քեզի մտիկ կ’ընեն, եթէ իրենց ցուցնես Սուրբ Գիրքին մէջ սկզբունք մը, որ իրենց կեանքը կը լաւացնէ, ինչպէս՝ Լերան քարոզին սկզբունքները։ Մի՛ մոռնար. նպատակդ պէտք է ըլլայ սրտերը շահիլ, եւ ոչ թէ՝ վիճաբանութիւնները։ Ուրեմն, լաւ մտիկ ըրէ, անկեղծ հարցումներ հարցուր եւ մեղմութեամբ ու յարգանքով արտայայտէ կարծիքդ, մանաւանդ երբ քեզմէ մեծի հետ կը խօսիս։ Այսպիսով, աւելի հաւանական է որ կարծիքդ յարգեն։ դ16.09 4։14-16
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 16
Մէկզմէկ ընդունեցէք (Հռով. 15։7)։
Որպէսզի օտարներուն օգնես որ ժողովքին մէջ հանգիստ զգան, դուն քեզի անկեղծօրէն հարցուր. «Եթէ օտար երկրի մը մէջ ըլլայի, ինչպէ՞ս պիտի ուզէի որ մարդիկ հետս վարուին» (Մատ. 7։12)։ Երկար շունչ ունեցիր այն անհատներուն հետ որ կը փորձեն նոր երկրի մը վարժուիլ։ Սկիզբը, թերեւս լման չհասկնանք իրենց մտածելակերպը կամ հակազդած կերպը։ Լաւ կ’ըլլայ որ զիրենք ընդունինք ինչպէս որ են, փոխանակ իրենցմէ ակնկալելու որ մեր մշակոյթին յարմարին։ Եթէ անոնց երկրին եւ մշակոյթին մասին տեղեկութիւններ առնենք, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ իրենց մօտէն ծանօթանալը։ Կրնանք մեր ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին պրպտում ընել այն ազգերուն մասին, որ մեր ժողովքին կամ թաղամասին մէջ կան։ Նաեւ կրնանք գաղթականներուն աւելի մօտենալ, զիրենք հրաւիրելով որ մեզի հետ ճաշեն։ Եհովան «հեթանոսներուն հաւատքի դուռ բացեր է»։ Չե՞նք կրնար իրեն նմանիլ եւ մեր դուռը բանալ այն օտարներուն, որ մեր «հաւատքի ընտանիներ»էն են (Գործք 14։26. Գաղ. 6։10. Յոբ 31։32)։ դ16.10 1։15, 16
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 17
Միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն (Եբ. 12։3)։
Յիսուս Քրիստոս ամէնէն դժուար փորձութեան տոկաց եւ Եհովային հաւատարիմ մնաց։ Ի՞նչը իրեն օգնեց որ տոկայ։ Պօղոս ըսաւ. «Իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ» (Եբ. 12։2)։ Ետքը, Պօղոս քրիստոնեաները քաջալերեց որ Յիսուսին օրինակը ‘միտք բերեն’ կամ լրջօրէն մտածեն ատոր մասին։ Առաջին դարուն, շատ մը քրիստոնեաներ ալ մահացան, քանի որ Եհովային հաւատարիմ մնացին։ Անթիպաս անոնցմէ մէկն էր (Յայտ. 2։13)։ Այսպիսի քրիստոնեաներ արդէն իսկ յարութիւն առած են որ երկնքի մէջ ապրին, մինչ իրենցմէ առաջ եղող հաւատարիմ ծառաներուն յոյսն էր որ երկրի վրայ ապրին (Եբ. 11։35)։ Յիսուս 1914–ին Թագաւոր ըլլալէն ժամանակ մը ետք, մահացած բոլոր հաւատարիմ օծեալները յարութիւն առնելով երկինք գացին, որպէսզի Յիսուսին հետ իշխեն մարդկութեան վրայ (Յայտ. 20։4)։ դ16.10 3։12
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 18
Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք (Եբ. 3։13)։
Կարգ մը ծնողներ իրենց պզտիկները չեն գովեր, քանի որ իրենց ծնողներն ալ բնա՛ւ չեն քաջալերած զիրենք։ Շատ մը գործաւորներ գովասանք չեն ստանար, եւ այս պատճառով անոնք կը գանգատին որ գործին տեղը քաջալերութիւն ըսուած բան մը չկայ։ Կրնանք ուրիշը քաջալերել, զինք գովելով իր ըրած լաւ բանին համար, կամ ըսելով որ լաւ յատկութիւններ ունի, կամ ալ զինք մխիթարելով երբ վհատած ըլլայ (Ա. Թես. 5։14)։ Այն յունարէն բառը որ ընդհանրապէս «քաջալերութիւն» կը թարգմանուի, բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «հրաւէր՝ իր կողքին ըլլալու»։ Մինչ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ կը ծառայենք, վստահաբար առիթ կ’ունենանք որ քաջալերական խօսք մը ըսենք (Ժող. 4։9, 10)։ Յարմար ժամանակին կը գիտցնե՞նք ուրիշներուն թէ ինչո՛ւ կը սիրենք եւ կը գնահատենք զիրենք։ Միտքդ պահէ այս առակը. «Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է» (Առ. 15։23)։ դ16.11 1։3-5
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 19
Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին (Սաղ. 133։1)։
Աստուած իր ժողովուրդին նկատմամբ մարգարէացաւ. «Իրենց փարախին մէջ եղող հօտերուն պէս, մէկտեղ պիտի բերեմ» (Միք. 2։12)։ Ան նաեւ Սոփոնիա մարգարէին միջոցաւ մարգարէացաւ. «Ժողովուրդներուն լեզուն [սուրբգրային ճշմարտութեան] մաքուր լեզուի մը պիտի դարձնեմ, որպէսզի բոլորը Եհովայի անունը կանչեն, ուս–ուսի անոր ծառայեն [կամ, «միութեամբ զինք պաշտեն», ստորանիշ]» (Սոփ. 3։9, ՆԱ)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ կրնանք միութեամբ պաշտել Եհովան։ Յստակ է որ երբ առաջին դարու քրիստոնեաները հետեւեցան Աստուածաշունչին խրատներուն, իրենց ժողովքները մաքուր, խաղաղ եւ միացած մնացին (Ա. Կոր. 1։10. Եփ. 4։11-13. Ա. Պետ. 3։8)։ Այսօր ալ Եհովայի ժողովուրդը միացած եւ կազմակերպուած է, եւ անոնք բարի լուրը կը քարոզեն ամբողջ աշխարհին մէջ։ դ16.11 2։16, 18
Շաբաթ, հոկտեմբեր 20
Դուք ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները, որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց (Ա. Պետ. 2։9)։
Քրիստոսէ ետք առաջին քանի մը հարիւր տարուան ընթացքին, շատեր տակաւին կրնային Սուրբ Գիրքը կարդալ յունարէնով կամ լատիներէնով։ Այսպիսով, անոնք կրնային Աստուծոյ Խօսքին ուսուցումները բաղդատել եկեղեցիին ուսուցումներուն հետ։ Երբ ոմանք գիտցան թէ եկեղեցիին ուսուցումները սխալ են, մերժեցին զանոնք։ Բայց վտանգաւոր էր ուրիշներուն ըսել իրենց կարծիքը, եւ ասիկա կրնար նոյնիսկ մահուան տանիլ։ Ժամանակի ընթացքին, մարդիկ սկսան աւելի քիչ գործածել յունարէնն ու լատիներէնը, եւ եկեղեցական առաջնորդները չէին ձգեր որ Աստուծոյ Խօսքը թարգմանուի սովորական լեզուներու։ Ո՛վ որ եկեղեցիին սորվեցուցածին չհամաձայնէր, ծանր պատիժ կը կրէր։ Հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաները ստիպուած՝ պզտիկ խումբերով զգուշօրէն կը հաւաքուէին,– ասիկա եթէ կարենային հաւաքուիլ։ Օծեալ «թագաւորական քահանայութիւնը» չէր կրնար կազմակերպուած կերպով գործել, քանի որ Մեծ Բաբելոնը զօրաւոր կերպով կ’իշխէր ժողովուրդին վրայ։ դ16.11 4։8, 10, 11
Կիրակի, հոկտեմբեր 21
Անիրաւները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն (Ա. Կոր. 6։9)։
Անշուշտ, պէտք չէ սովորութիւն դարձնենք գործել այն լուրջ մեղքերը, որ կարգ մը կորնթացիներ գործած էին։ Չենք կրնար շարունակել այսպիսի բաներ ընել եւ միեւնոյն ատեն ակնկալել որ Աստուած իր շնորհքը մեզի ցոյց տայ եւ մեզի ներէ։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն մեղքերուն մասին, որ ոմանց քով այդքան ալ լուրջ չեն։ Որոշա՞ծ ենք Եհովային հնազանդիլ ամէն բանի մէջ (Հռով. 6։14, 17)։ Մտածէ Պօղոս առաքեալին մասին։ Ան գրեց. «Ես մարմնաւոր եմ՝ մեղքի տակ ծախուած։ Քանզի ինչ որ կ’ընեմ՝ չեմ ճանչնար։ Չէ թէ ինչ որ կ’ուզեմ զայն կ’ընեմ, հապա ինչ որ կ’ատեմ՝ զայն կ’ընեմ» (Հռով. 7։14, 15)։ Թէեւ Պօղոս չէր ըներ այն բաները որ Ա. Կորնթացիս 6։9-11–ին մէջ նշուած են, բայց ան խոստովանեցաւ թէ տակաւին մեղք կը գործէր։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ կային ուրիշ բաներ որ Պօղոս մեղք կը սեպէր, եւ թէ ան այդ սխալներուն դէմ ալ կը պայքարէր (Հռով. 7։21-23)։ Թող որ իրեն նմանինք ու ջանանք ‘սրտանց հնազանդիլ’ Եհովային։ դ16.12 1։15, 16
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 22
Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ (Սաղ. 55։22)։
Երբ նեղութիւններ, վախեր կամ մտահոգութիւններ ունենաս, սիրտդ բաց սիրալիր երկնաւոր Հօրդ։ Խնդիր մը լուծելու համար ձեռքէդ եկածը ընելէն ետք, սրտանց աղօթելը աւելի պիտի օգնէ քեզի, քան՝ հոգ ընելը (Սաղ. 94։18, 19)։ Ըստ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ին, Եհովան ի՞նչ կ’ընէ երբ յարատեւաբար եւ սրտանց աղօթենք։ Ան մեզի կու տայ ներքին հանգստութիւն, որ կրնայ գէշ մտածումներն ու զգացումները հեռացնել մեզմէ։ Շատեր այս հանգստութիւնը վայելած են։ Աստուած օգնած է որ մտահոգութեան տեղ անոնք ունենան ներքին խոր խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն։ Դուն ալ կրնաս նոյնը զգալ։ «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» կրնայ քեզի օգնել որ որեւէ դժուարութեան հետ գլուխ ելլես։ Կրնաս լման վստահիլ Եհովայի խոստումին. «Մի՛ զարհուրիր, վասն զի ես քու Աստուածդ եմ. քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսա. 41։10)։ դ16.12 3։3, 4
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 23
Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ (Եբ. 11։24)։
Մովսէս իր կռնակը դարձուց Եգիպտոսի գանձերուն, եւ «աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել» (Եբ. 11։25, 26)։ Թող որ վաղեմի հաւատարիմ մարդոց հաւատքը ունենանք, ինչպէս՝ Մովսէս, արժեւորելով մեր ազատ կամքը եւ զայն գործածելով Աստուծոյ կամքը կատարելու։ Թերեւս աւելի դիւրին է որ մէկը մեր տեղը որոշում առնէ, բայց ասիկա չի ձգեր որ վայելենք ազատ կամք ունենալուն մեծագոյն օրհնութիւններէն մէկը։ Բ. Օրինաց 30։19, 20–ը կը յայտնէ այդ օրհնութիւնը։ 19–րդ համարին մէջ գրուած է թէ Աստուած ընտրութիւն մը դրաւ իսրայէլացիներուն առջեւ։ 20–րդ համարին մէջ կը տեսնենք թէ Աստուած իրենց տուաւ առիթ մը, որ ցուցնեն թէ որքա՛ն կը սիրեն զինք։ Մենք ալ կրնանք որոշել Եհովան պաշտել։ Այսպիսով, առիթ կ’ունենանք որ մեր ազատ կամքը գործածելով իրեն փառք բերենք եւ ցուցնենք թէ որքա՛ն կը սիրենք զինք։ դ17.01 2։10, 11
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 24
Եհովայի՛ն վստահէ եւ բարի՛ք ըրէ. . . ու հաւատարմութեա՛մբ գործէ (Սաղ. 37։3, ՆԱ)։
Եհովան մեզմէ կ’ակնկալէ որ մեր կարողութիւնները լաւ կերպով գործածենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ան մեզ կը սիրէ եւ գիտէ, թէ ուրախ պիտի ըլլանք երբ իրեն տուած պարգեւները գործածենք։ Միեւնոյն ատեն, Եհովան գիտէ թէ սահմանափակումներ ունինք։ Օրինակ՝ մենք չենք կրնար անկատարութիւնը, մեղքն ու մահը վերցնել։ Նաեւ չենք կրնար մեր ուզածը ընել տալ ուրիշին, քանի որ ամէն մարդ ազատ կամք ունի (Գ. Թագ. 8։46)։ Եւ չնայած թէ որքա՛ն գիտութիւն կամ փորձառութիւն ունինք, բնա՛ւ պիտի չհասնինք Եհովային ունեցածին (Եսա. 55։9)։ Պէտք է միշտ Եհովային թոյլ տանք որ մեզ առաջնորդէ, վստահ ըլլալով որ ան մեզի պիտի օգնէ եւ ընէ ինչ որ չենք կրնար առանձին ընել։ Միեւնոյն ատեն, պէտք է մեր ձեռքէն եկածը ընենք որ խնդիրները լուծենք եւ ուրիշներուն օգնենք։ Մէկ խօսքով, պէտք է թէ՛ ‘Եհովային վստահինք’ եւ թէ ‘բարիք ընենք’ ու ‘հաւատարմութեամբ գործենք’։ դ17.01 1։2-4
Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 25
Ինծի հետ անցիր եւ քեզ իմ քովս Երուսաղէմի մէջ կերակրեմ (Բ. Թագ. 19։33)։
Բերզելին իր մեծ տարիքին պատճառով մերժեց թագաւորին հրաւէրը եւ չուզեց անոր վրայ բեռ ըլլալ։ Ան ըսաւ թէ աւելի լաւ է որ այս նշանակումը Քամաամ առնէ, որ հաւանաբար իր տղան է (Բ. Թագ. 19։31-37)։ Համեստութիւնը Բերզելիին օգնեց որ այդ տրամաբանական որոշումը առնէ։ Ան հրաւէրը մերժեց ոչ թէ որպէսզի պատասխանատուութենէն փախչի կամ դիւրին կեանք մը ունենայ, հապա՝ պարզապէս քանի որ գիտէր թէ իր պարագաները փոխուած են եւ ընդունեց իր սահմանափակումները։ Ան չուզեց իր կարողութենէն աւելի շալկել (Գաղ. 6։4, 5)։ Եթէ մեր խելքը–միտքն է որ որոշ դիրքի մը կամ նշանակումի մը հասնինք կամ մեր անունը մարդոց լեզուին վրայ ըլլայ, պիտի սկսինք մենք մեզ չափէ դուրս գովել եւ ուրիշներու հետ մրցակցիլ։ Ի վերջոյ յուսախաբ պիտի ըլլանք (Գաղ. 5։26)։ Բայց եթէ համեստ ենք, ամէն ջանք պիտի ընենք որ Աստուծոյ փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգնենք (Ա. Կոր. 10։31)։ դ17.01 4։5, 6
Ուրբաթ, հոկտեմբեր 26
Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր (Ծն. 1։31)։
Եհովան հոյակապ Ստեղծիչ է։ Ան ի՛նչ որ ստեղծէ՝ ամէնէն բարձր չափանիշով կ’ընէ (Եր. 10։12)։ Եհովան սէրէ մղուած՝ սահմաններ դրած է ստեղծագործութեան մէջ։ Ան սահմանած է թէ՛ բնական օրէնքներ եւ թէ բարոյական օրէնքներ, որպէսզի ամէն բան ներդաշնակօրէն գործէ (Սաղ. 19։7-9)։ Ասոր համար, տիեզերքին մէջ ամէ՛ն բան ունի իր դերը եւ պաշտօնը։ Օրինակի համար, ձգողական ուժը կը ձգէ որ մթնոլորտը երկրին շուրջ մնայ, եւ կը ղեկավարէ ովկիանոսներու ջուրերուն բարձրանալն ու իջնելը։ Առանց ատոր, երկրին վրայ կեանք չ’ըլլար։ Բնութեան մէջ Եհովային դրած սահմանները կը ձգեն որ տիեզերքին մէջ կարգուկանոն ըլլայ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ ան նպատակ մը ունի երկրին եւ մարդոց նկատմամբ։ Ծառայութեան մէջ կրնա՞նք ուրիշներուն օգնել որ ճանչնան այս հոյակապ տիեզերքին Ստեղծիչը (Յայտ. 4։10բ)։ դ17.02 1։4, 5
Շաբաթ, հոկտեմբեր 27
Աստուած Մովսէսը իշխան եւ փրկիչ ղրկեց հրեշտակին ձեռքով (Գործք 7։35)։
Մովսէսէն ետք, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ «Տէրոջը զօրավարը» օգնեց Յեսուին որ քանանացիներուն յաղթէ (Յես. 5։13-15. 6։2, 21)։ Յետագային, երբ Եզեկիա թագաւորը կ’առաջնորդէր Աստուծոյ ժողովուրդը, Երուսաղէմը վտանգի մէջ էր որ կործանի ասորեստանցիներուն հզօր բանակին կողմէ։ Բայց մէկ գիշերուան մէջ՝ «Տէրոջը հրեշտակը ելաւ եւ Ասորեստանի բանակին մէջ հարիւր ութսունհինգ հազար մարդ զարկաւ» (Դ. Թագ. 19։35)։ Անշուշտ, հրեշտակները կատարեալ են, բայց իրենց օգնած մարդիկը՝ ո՛չ։ Օրինակ, անգամ մը Մովսէս Եհովան չպատուեց (Թուոց 20։12)։ Յեսուն Աստուծոյ կարծիքը չառաւ առաջ որ գաբաւոնացիներուն հետ համաձայնութիւն ընէ (Յես. 9։14, 15)։ Որոշ ժամանակ մը, Եզեկիային «սիրտը հպարտացաւ» (Բ. Մն. 32։25, 26)։ Բայց թէեւ այս մարդիկը անկատար էին, Եհովան իսրայէլացիներէն կ’ակնկալէր որ անոնց առաջնորդութեան հետեւին։ Իսրայէլացիները կրնային տեսնել թէ Եհովան հրեշտակները կը գործածէր որ այդ տղամարդոց կռնակ կենար։ Յստակ էր որ Եհովա՛ն իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէր։ դ17.02 3։7-9
Կիրակի, հոկտեմբեր 28
Աթոռին վրայ նստողին եւ Գառնուկին օրհնութիւն ու պատիւ եւ փառք ու զօրութիւն յաւիտեանս յաւիտենից (Յայտ. 5։13)։
Մէկը պատուել կը նշանակէ՝ յատուկ կերպով վարուիլ իրեն հետ եւ զինք յարգել։ Ընդհանրապէս, կը պատուենք անոնք որոնք պատուուելու արժանի բան մը ըրած են, կամ ալ յատուկ նշանակում մը կամ դիրք մը ունին։ Յայտնութիւն 5։13–ը կ’ըսէ թէ «աթոռին վրայ նստողը» եւ «Գառնուկը» արժանի են պատուուելու։ «Աթոռին վրայ նստողը» Եհովան է։ Յայտնութիւն 4–րդ գլուխին մէջ կը գտնենք պատճառ մը, թէ Եհովան՝ «որ կենդանի է յաւիտեանս յաւիտենից», ինչո՛ւ արժանի է պատուուելու։ Հոն կ’ըսուի. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան» (Յայտ. 4։9, 10բ)։ դ17.03 1։1, 2
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 29
Իր սրտին ապաւինողը անմիտ է (Առ. 28։26)։
Այս օրերուն, մարդիկ սովորաբար կ’ըսեն՝ «Սիրտիդ հետեւէ»։ Բայց ասիկա կրնայ վտանգաւոր ըլլալ։ Սուրբ Գիրքը մեզի զգուշացում կու տայ, որ մեր որոշումները չառնենք մեր անկատար սրտին կամ զգացումներուն հիման վրայ։ Մեր սիրտին չենք կրնար վստահիլ, քանի որ «սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է» (Եր. 17։9)։ Սուրբ Գիրքին մէջ շատ մը օրինակներ կան որ կը ցուցնեն, թէ մեր անկատար սրտին հետեւիլը ի՛նչ ցաւալի արդիւնքներու կրնայ հասցնել (Գ. Թագ. 11։9. Եր. 3։17. 13։10)։ Լաւ, ի՞նչ կրնայ պատահիլ մեզի եթէ պարզապէս մեր սրտին հետեւինք եւ թոյլ տանք որ մեր զգացումները իշխեն մեր մտածելակերպին եւ արարքներուն վրայ։ Օրինակ, ի՞նչ կը պատահի երբ որոշումներ առնենք ջղային վիճակի մէջ։ Թերեւս մեր անձնական փորձառութիւնով ասոր պատասխանը գիտենք (Առ. 14։17. 29։22)։ Կամ, որքանո՞վ իմաստուն որոշումներ կ’առնենք երբ վհատած ենք (Թւ. 32։6-12. Առ. 24։10)։ Յստակ է թէ մեր զգացումները կրնան մեզ խաբել, երբ թոյլ տանք որ իշխեն մեր կարեւոր որոշումներուն վրայ։ դ17.03 2։12, 13
Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 30
Քու առջեւդ ճշմարտութեամբ ու կատարեալ սրտով քալեցի (Դ. Թագ. 20։3)։
Բոլորս անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Բայց փառք Եհովային որ փրկանքը կարգադրած է եւ պատրաստ է մեզի ներելու։ Ուրեմն եթէ խոնարհ ըլլանք եւ զղջանք, կրնանք իրմէ ներում խնդրել եւ վստահ ըլլալ որ «մեր մեղքերուն համեմատ» պիտի չվարուի մեզի հետ (Սաղ. 103։10)։ Սակայն պէտք է ‘կատարեալ սրտով ու յօժար կամքով ծառայութիւն ընենք’ Եհովային (Ա. Մն. 28։9)։ Սուրբ Գիրքին մէջ, «սիրտ» բառը ընդհանրապէս կ’ակնարկէ մէկու մը ներքին անձին, մէջը ըլլալով իր ցանկութիւնները, մտածելակերպը, հակումը, կեցուածքները, կարողութիւնները, շարժառիթները եւ նպատակակէտերը։ Ուրեմն այն անձը որ լման սրտով Եհովային կը ծառայէ, ո՛չ կեղծաւորութեամբ կը ծառայէ ոչ ալ քանի որ ստիպուած է կամ իրեն համար սովորութիւն դարձած է։ Ան Եհովան շատ կը սիրէ եւ կ’ուզէ յաւիտեան պաշտել զինք։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Հակառակ որ անկատար ենք, կրնա՛նք կատարեալ սրտով Եհովային ծառայել, եթէ շարունակենք առանց կեղծաւորութեան զինք պաշտել (Բ. Մն. 19։9)։ դ17.03 3։1, 3
Չորեքշաբթի, հոկտեմբեր 31
Տէրը. . . խոնարհը կը տեսնէ ու բարձրամիտը հեռուէն կը ճանչնայ (Սաղ. 138։6)։
Եթէ շատ լաւ բան մը իրագործենք, կրնա՞յ ըլլալ որ Եհովան մեզ ‘թողու որպէսզի փորձէ’ եւ մեր սրտին մէջ եղածը դուրս հանէ։ Օրինակ, եղբայր մը շատ ջանք թափած է որ դասախօսութիւն մը պատրաստէ, եւ զայն մեծ խումբի մը առջեւ տալէ ետք՝ շատեր զինք կը գովեն։ Լաւ, ան ինչպէ՞ս պիտի հակազդէ գովասանքին։ Երբ մէկը մեզ գովէ, լաւ կ’ըլլայ որ Յիսուսին այս խօսքը գործադրենք. «Երբ բոլոր ձեզի հրամայուած բաները ընէք, ըսէք, թէ՝ ‘Մենք անպիտան ծառաներ ենք, քանզի ինչ որ պարտական էինք ընելու՝ ըրինք’» (Ղուկ. 17։10)։ Յիշէ թէ երբ Եզեկիան հպարտացաւ, չգնահատեց Եհովային ըրածը իրեն (Բ. Մն. 32։24-27, 31)։ Երբ խոկանք Եհովային բոլոր ըրածներուն վրայ եւ ատոնց մասին խօսինք ուրիշներուն, ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ չհպարտանանք։ Ի վերջոյ, Եհովան է որ Աստուածաշունչը եւ սուրբ հոգին տուած է, որպէսզի իր ժողովուրդին օգնեն։ դ17.03 4։12-14