Սեպտեմբեր
Շաբաթ, սեպտեմբեր 1
Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ (Յակ. 1։4)։
Աստուածաշունչին մէջ, համբերելը՝ փորձութիւններու կամ դժուար պարագաներու դիմանալէն աւելի է։ Ատիկա կը պարփակէ մեր միտքն ու սիրտը, այսինքն՝ ինչպէ՛ս կը հակազդենք դժուարութիւններու։ Համբերող անձը քաջ եւ հաստատ կ’ըլլայ։ Համբերութիւնը «այն հոգին է որ կրնայ խնդիրներու տոկալ, ոչ թէ պարզապէս համակերպելով, այլ, բոցակէզ յոյսով», կ’ըսէ աշխատասիրութիւն մը։ «Անիկա այն յատկութիւնն է, որ մարդը ոտքի կը կեցնէ, իր երեսը ընդդէմ հովին։ Անիկա այն առաքինութիւնն է, որ ամենադժուար փորձութիւնը՝ փառքի կը փոխէ, քանի որ ցաւերէն անդին կը տեսնէ նպատակը»։ Սէրը մեզ կը մղէ որ համբերենք (Ա. Կոր. 13։4, 7)։ Եհովային հանդէպ մեր սէրը կը մղէ, որ համբերենք բոլոր այն բաներուն որ ինք թոյլ կու տայ (Ղուկ. 22։41, 42)։ Եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը կ’օգնէ որ համբերենք իրենց անկատարութեան (Ա. Պետ. 4։8)։ Մեր կողակիցին հանդէպ մեր սէրը կ’օգնէ որ համբերենք այն «նեղութեան», որ նոյնիսկ ուրախ ամուսնութիւն ունեցողները կ’ունենան, եւ զօրացնենք մեր ամուսնութիւնը (Ա. Կոր. 7։28)։ դ16.04 2։3, 4
Կիրակի, սեպտեմբեր 2
Միշտ. . . միաբանութեան ետեւէն էին (Գործք 2։42)։
Նախկին քրիստոնեաները կանոնաւորաբար իրարու հետ ժողվուեցան, որպէսզի Եհովան պաշտեն։ Երբ հռոմէական կառավարութիւնը եւ հրեայ կրօնական առաջնորդները հալածեցին զիրենք, անոնք շարունակեցին ժողովներու երթալ, հակառակ որ ասիկա դիւրին չէր։ Ներկայիս ալ Եհովայի ծառաները շատ կը գնահատեն ժողովները եւ հաճոյքով ներկայ կ’ըլլան։ Ճորճ Կանկըս, որ աւելի քան 22 տարի Կառավարիչ մարմինին մէկ անդամն էր, ըսաւ. «Ինծի համար, եղբայրներուն հետ հաւաքուիլը կեանքիս մեծագոյն հաճոյքներէն մէկն է եւ քաջալերութեան աղբիւր մըն է»։ Ան աւելցուց. «Իմ ներքին մտածումս եւ փափաքս է որ ժողովներու երթամ»։ Ժողովներուն հանդէպ նոյն բանը կը զգա՞ս։ Եթէ այո՛, շարունակէ ամէն կարելիդ ընել, որպէսզի ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուիս։ Այսպիսով կը ցուցնես, թէ Դաւիթ թագաւորին պէս կը զգաս, որ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, սիրեցի քու տանդ բնակութիւնը» (Սաղ. 26։8)։ դ16.04 3։16-18
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 3
Գնա առաջ եղբօրդ հետ հաշտուէ (Մատ. 5։24)։
Հաշուէ թէ ըսած կամ ըրած մէկ բանդ եղբայր մը նեղացուց։ Այս պարագային ի՞նչ պէտք է ընես։ Եղբօրդ հետ խօսէ։ Նկատէ թէ նպատակդ պէտք է ըլլայ յանցանքդ ընդունիլ եւ խաղաղութիւն ընել եղբօրդ հետ, եւ ոչ թէ՝ յանցանքին մէկ մասը իր վրայ նետել։ Ամէնէն կարեւոր բանն է, որ եղբայրներուն հետ խաղաղութիւն ունենանք։ Նկատի առ Աբրահամն ու Ղովտը։ Անոնք շատ անասուններ ունէին, եւ իրենց հովիւները սկսան իրարու հետ վիճիլ, քանի որ երկիրը բաւարար չէր որ նոյն տեղը բնակէին։ Որովհետեւ Աբրահամ կ’ուզէր խաղաղութիւն ընել, Ղովտէն խնդրեց որ ի՛նք նախ զատէր ուր որ կ’ուզէր բնակիլ (Ծն. 13։1, 2, 5-9)։ Ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը։ Աբրահամ իր շահը չէր փնտռեր, հապա խաղաղութեան ետեւէ էր։ Լաւ, Աբրահամ մնայուն վնասով ելա՞ւ իր առատաձեռնութեան պատճառաւ։ Բնա՛ւ։ Այս դէպքէն անմիջապէս ետք, Աստուած Աբրահամին շատ օրհնութիւններ խոստացաւ (Ծն. 13։14-17)։ Ուրեմն, երբ անհամաձայնութիւնները սիրով լուծենք, Եհովան մեզ պիտի օրհնէ, նոյնիսկ եթէ որոշ չափով վնաս կրենք։ դ16.05 1։11, 12
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 4
Իմացէք թէ ի՞նչ է Տէրոջը կամքը (Եփ. 5։17)։
Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ շատ մը մասնայատուկ պատուէրներ տուած է։ Օրինակ՝ ան կ’արգիլէ սեռային անբարոյութիւնը, կռապաշտութիւնը, գողութիւնը եւ գինովութիւնը (Ա. Կոր. 6։9, 10)։ Ասկէ զատ, Յիսուս Քրիստոս հետեւեալ մասնայատուկ պատուէրը տուաւ իր հետեւորդներուն. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։19, 20)։ Աստուծմէ եւ Յիսուսէն եկած օրէնքներն ու պատուիրանները որքա՜ն պաշտպանած են մեզ։ Ատոնց մտիկ ընելով մեր ինքնայարգանքը աւելցած է, մեր առողջութիւնը լաւացած է եւ մեր ընտանեկան կեանքը աւելի ուրախ դարձած է։ Աւելի կարեւորը, Եհովայի պատուէրներուն հնազանդելով, մէջը ըլլալով քարոզելու պատուէրը, իր հաճութիւնը եւ օրհնութիւնը շահած ենք։ դ16.05 3։1
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 5
Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք (Հռով. 12։2)։
Եհովան իր Խօսքին եւ սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի կ’օգնէ որ իր կամքը գիտնանք եւ կատարենք, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ մեր կեանքը փոխենք, որպէսզի իրեն հաճելի եղող կերպով ապրինք (Ղուկ. 11։13. Գաղ. 5։22, 23)։ Այսպիսով, մեր մտածումները, ըսածները եւ ըրածները իրեն աւելի հաճելի կ’ըլլան։ Բայց նոյնիսկ այս պարագային, պէտք է զգոյշ մնանք որ մեր տկարութիւններուն տեղի չտանք (Առ. 4։23)։ Եթէ հոգեւոր գետնի վրայ ուզածիդ չափ արագ չես յառաջդիմեր, միտքդ պահէ որ հոգեւոր յատկութիւններ ձեռք ձգելը ժամանակ կ’առնէ։ Պէտք է համբերութիւն ունենաս, մինչ թոյլ կու տաս որ Սուրբ Գիրքը կեանքիդ մէջ լաւ փոփոխութիւններ մտցնէ։ Սկիզբը, թերեւս պէտք ունենաս դուն քեզ ստիպելու որ Սուրբ Գիրքին ըսածը ընես։ Բայց որքա՛ն աւելի մտածես եւ գործես Աստուծոյ ուզած կերպով, այնքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ որ Աստուծոյ մտածելակերպը ունենաս եւ ճիշդը ընես (Սաղ. 37։31. Առ. 23։12. Գաղ. 5։16, 17)։ դ16.05 4։14, 16
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 6
Անոր հաճութիւնը Աստուծոյ օրէնքին մէջ է, եւ ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։2)։
Ներկայիս Եհովան իր ծառաները կը ձեւաւորէ գլխաւորաբար իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ ժողովքին միջոցաւ։ Աստուծոյ Խօսքը կրնայ մեզ ձեւաւորել, երբ զայն կարդանք, ատոր վրայ խոկանք եւ Եհովայէն խնդրենք որ մեզի օգնէ զայն կիրարկելու։ Դաւիթ գրեց. «Անկողնիս վրայ քեզ կը յիշեմ, գիշերուան պահերուն մէջ քու վրայովդ կը մտածեմ» (Սաղ. 63։6)։ Ան նաեւ գրեց. «Պիտի օրհնեմ Տէրը որ զիս խրատեց. նաեւ իմ երիկամունքներս [կամ՝ խորին մտածումներս] գիշերուան մէջ ինծի կը սորվեցնեն» (Սաղ. 16։7)։ Դաւիթ Եհովայի խրատին վրայ խոկաց եւ թոյլ տուաւ որ իր խորին մտածումներն ու զգացումները ձեւաւորէ, նոյնիսկ երբ խրատը խիստ էր (Բ. Թագ. 12։1-13)։ Ան խոնարհութեան եւ հնազանդութեան ի՜նչ գեղեցիկ օրինակ մը ձգեց մեզի։ Դուն ալ կը խոկա՞ս Աստուծոյ Խօսքին վրայ եւ թոյլ կու տա՞ս որ խորին մտածումներուդ ու զգացումներուդ դպնայ։ Կրնա՞ս այս կէտին մէջ աւելի ջանք թափել (Սաղ. 1։3)։ դ16.06 1։11
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 7
Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու (Ժող. 7։9)։
Բոլորս անկատար ենք եւ սխալներ կ’ընենք։ Ասոր համար, չենք կրնար ակնկալել որ եղբայրները մի՛շտ ճիշդը ըսեն կամ ընեն. ոչ ալ պէտք է իրենց սխալներուն պատճառաւ մեր ուրախութիւնը կորսնցնենք Եհովայի ծառայութեան մէջ։ Իսկ ասկէ աւելի մեծ սխալ մը կ’ընենք, երբ գայթակղինք եւ Եհովայի կազմակերպութիւնը ձգենք։ Այս պարագային, կը կորսնցնենք Եհովային ծառայելու առանձնաշնորհումը եւ իր նոր աշխարհին մէջ ապրելու յոյսը։ Որպէսզի միշտ ուրախ ըլլանք Եհովայի ծառայութեան մէջ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր միտքը պահենք իր մխիթարիչ խօսքը. «Ահա ես նոր երկինք ու նոր երկիր պիտի ստեղծեմ եւ առաջինները պիտի չյիշուին ու մարդուս միտքը պիտի չգան» (Եսա. 65։17. Բ. Պետ. 3։13)։ Մի՛ ձգեր որ ուրիշներուն սխալները այսպիսի օրհնութիւններէ զրկեն քեզ։ դ16.06 4։13, 14
Շաբաթ, սեպտեմբեր 8
Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է (Բ. Օր. 6։4, ՆԱ)։
«Մէկ» բառը կը նշանակէ միութիւն եւ կու տայ այն գաղափարը, թէ անձին նպատակը եւ ըրածները մէկ են։ Եհովա Աստուած երկմիտ չէ, ոչ ալ փոփոխամիտ է։ Ընդհակառակը՝ ան միշտ հաստատ, հաւատարիմ ու ճշմարիտ է։ Ան Աբրահամին խոստացաւ որ իր սերունդը պիտի ապրէր Աւետեաց երկրին մէջ, եւ որպէսզի այս խոստումին տէրը ելլէ՝ մեծ հրաշքներ ըրաւ։ Հակառակ որ խոստումին վրայ 430 տարի անցաւ, բայց Եհովային նպատակը չփոխուեցաւ (Ծն. 12։1, 2, 7. Ել. 12։40, 41)։ Դարեր ետք, Եհովան իսրայէլացիները իր վկաները կոչեց, եւ անոնց ըսաւ. «Ես եմ. ինձմէ առաջ Աստուած չեղաւ ու ինձմէ ետքն ալ պիտի չըլլայ»։ Եհովան նաեւ յստակացուց թէ իր նպատակը չի փոխուիր, երբ աւելցուց. «Ես նոյնն եմ» (Եսա. 43։10, 13. 44։6. 48։12)։ Իսրայէլացիներուն համար ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում մըն էր, որ ծառայէին Աստուծոյ մը, որ չի փոխուիր եւ միշտ հաւատարիմ է։ Մենք ալ այսօր նոյն առանձնաշնորհումը ունինք (Մաղ. 3։6. Յակ. 1։17)։ դ16.06 3։6, 7
Կիրակի, սեպտեմբեր 9
Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք. . . վասն զի չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է (Մար. 13։33)։
Ներկայիս գրեթէ բոլոր երկիրները իրենց սահմանները հսկելու համար զինուորներ կը դնեն եւ ամենանոր արուեստագիտութիւնը կը գործածեն։ Այս պահապանները զգոյշ կ’ըլլան որ մէկը կամ բան մը իրենց երկրին ապահովութիւնը վտանգի տակ չդնէ։ Բայց այս երկիրները միայն մարդոցմէ եկող վտանգները կրնան տեսնել։ Անոնք լուր չունին թէ աւելի մեծ կառավարութիւն մը կայ երկնքին մէջ, եւ Կառավարիչը Քրիստոսն է, ոչ ալ գիտեն թէ մօտ ատենէն այս կառավարութիւնը բոլոր կառավարութիւններուն դէմ պիտի պատերազմի (Եսա. 9։6, 7. 56։10. Դան. 2։44)։ Բայց անդին, մենք այդ օրուան համար պատրաստ կրնանք ըլլալ, եթէ մարգարէութիւններուն ականջ տանք եւ Եհովային հաւատարմօրէն ծառայենք (Սաղ. 130։6)։ Բայց որքա՛ն մօտենանք այս աշխարհի վերջին, այնքան աւելի դժուար կ’ըլլայ արթուն մնալը։ Ի՜նչ ցաւալի պիտի ըլլայ մեր վիճակը, եթէ արթուն չմնանք։ դ16.07 2։2, 9, 10
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 10
Աստուծոյ. . . շնորհքը որ իմ վրաս է, պարապ բան մը չեղաւ (Ա. Կոր. 15։10)։
Պօղոս նախապէս քրիստոնեաները կը հալածէր։ Ասոր համար, ան շատ լաւ գիտէր թէ ինք արժանի չէր Աստուծոյ մեծ ողորմութեան, ոչ ալ բան մը ըրած էր որ զայն շահէր։ Ան իր կեանքին վերջաւորութեան Տիմոթէոսին գրեց. «Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ» (Ա. Տիմ. 1։12-14)։ Ի՞նչ էր այդ սպասաւորութիւնը կամ ծառայութիւնը։ Ան Եփեսոսի ժողովքի երէցներուն ըսաւ. «Իմ անձս պատուական չեմ սեպեր, միայն թէ իմ ընթացքս ուրախութեամբ կատարեմ եւ այն պաշտօնը՝ զոր Տէր Յիսուսէն առի Աստուծոյ շնորհքներու աւետարանին վկայ ըլլալու» (Գործք 20։24)։ Պօղոս նախանձախնդրութեամբ քարոզեց եւ լաւ օրինակ ձգեց հիմակուան քրիստոնեաներուն։ Ան փաստեց թէ Եհովայէն «պարապ» տեղ շնորհք չստացաւ։ դ16.07 4։1-3
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 11
Ես Տէրոջը պիտի սպասեմ (Միք. 7։7)։
Եհովան միշտ իր հաւատարիմ ծառաներուն կողքին է, նոյնիսկ եթէ թոյլ տայ որ երկար ժամանակ սպասենք որ առանձնաշնորհում առնենք կամ մեր պայմանները փոխուին։ Աբրահամին օրինակէն կրնանք սորվիլ։ Եհովան անոր խոստացաւ որ որդի մը պիտի ունենայ, բայց ան պէտք էր երկար տարիներ սպասէր մինչեւ որ Իսահակ ծնէր։ Մինչ այդ, Աբրահամ չվհատեցաւ, իսկ Եհովան ալ զինք յուսախաբ չըրաւ (Ծն. 15։3, 4. 21։5. Եբ. 6։12-15)։ Սպասելը դիւրին չէ (Առ. 13։12)։ Բայց եթէ մեր յուսախաբութիւնները առնենք նստինք, շատ պիտի վհատինք։ Փոխարէն, լաւ կ’ըլլայ որ մեր ժամանակը գործածենք մեր հոգեւոր յատկութիւնները զարգացնելու համար։ Սուրբ Գիրքը կարդալով եւ ատոր վրայ խոկալով կ’ունենանք զանազանելու կարողութիւն եւ կը սորվինք իմաստուն ու խորատես ըլլալ, յստակօրէն մտածել, տրամաբանել եւ լաւ որոշումներ առնել։ Ետքը, կրնանք միշտ մեր սորվածը գործածել, որպէսզի առնենք այնպիսի որոշումներ որ Եհովան կը հաճեցնեն։ Օրինակ՝ պիտի գիտնանք ինչպէ՛ս ուրիշներուն հետ վարուիլ, ինչպէ՛ս դրամը գործածել եւ ինչպիսի ժամանց ու հագուստ զատել։ դ16.08 3։9-11
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 12
Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը (Փլպ. 2։13)։
Եհովան իսրայէլացիներուն օգնեց որ ամաղեկացիներուն ու եթովպիացիներուն յաղթեն, եւ Նէեմիային ու հրեաներուն զօրութիւն տուաւ որ Երուսաղէմի պարիսպները վերաշինելը լմնցնեն։ Աստուած մեզի ալ զօրութիւն պիտի տայ որ շարունակենք քարոզել, հակառակ մեր մտահոգութիւններուն եւ մարդոց հակառակութիւններուն ու հետաքրքրուած չըլլալուն (Ա. Պետ. 5։10)։ Չենք ակնկալեր որ Եհովան մեզի համար հրաշքներ ընէ։ Փոխարէն, մեզի ինկածը պէտք է ընենք։ Ինչպէ՞ս։ Պէտք է Աստուծոյ Խօսքը կարդանք ամէն օր, պատրաստենք ժողովի նիւթերը եւ ներկայ ըլլանք ամէն շաբաթ, շարունակենք անձնական ուսումնասիրութիւն եւ ընտանեկան պաշտամունք ընել ու միշտ աղօթենք։ Բնա՛ւ թոյլ չտանք որ որեւէ բան հեռու պահէ մեզ այն բաներէն, որ Եհովան կը գործածէ մեզ քաջալերելու եւ զօրացնելու համար։ Եթէ կը զգաս թէ ձեռքդ թուլցած է այս մարզերէն մէկուն մէջ, Աստուծմէ օգնութիւն խնդրէ։ Ետքը պիտի տեսնես որ ան քեզի կու տայ «կամենալը ու ընելը»։ դ16.09 1։12
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 13
Պոռնկութենէն խուսափելու համար՝ իւրաքանչիւրը թող ունենայ իր կինը, եւ ամէն կին թող ունենայ իր ամուսինը (Ա. Կոր. 7։2, ԱԾ)։
Պօղոս առաքեալ ամուրիութիւնը քաջալերեց, բայց նաեւ ըսաւ վերոնշեալ խօսքերը։ Ան աւելցուց. «Եթէ ժուժկալութիւն չունին՝ թող ամուսնանան, վասն զի աղէկ է ամուսնանալ, քան թէ կրքով բորբոքիլ»։ Ամուսնանալը անհատին կ’օգնէ որ սեռային զօրաւոր ցանկութիւններուն պատճառով գիջութիւն կամ սեռային անբարոյութիւն չընէ։ Նաեւ, մէկը պէտք է նկատի առնէ որ բաւարար մե՞ծ է որ ամուսնանայ։ Պօղոս ըսաւ. «Եթէ մէկը կը մտածէ թէ սխալ կը վարուի իր ամուրիութեան հանդէպ, եւ ճիշդը ամուսնանալն է, ապա եթէ անցած է իր երիտասարդութեան ծաղկուն շրջանը, թող իր ուզածը ընէ. ան մեղք չի գործեր։ Թող անոնք ամուսնանան» (Ա. Կոր. 7։9, 36, ՆԱ. Ա. Տիմ. 4։1-3)։ Պէտք չէ քաջալերութիւն տրուի մէկու մը որ ամուսնանայ, պարզապէս քանի որ ունի այն զօրաւոր սեռային ցանկութիւնները, որ շատեր կ’ունենան պատանեկութեան ատեն։ Ան թերեւս բաւարար հասուն չըլլայ որ ամուսնութեան պատասխանատուութիւնները վերցնէ։ դ16.08 1։17
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 14
Ամէն բանի մէջ մեր անձը կ’ընծայենք՝ Աստուծոյ սպասաւորներու պէս (Բ. Կոր. 6։4)։
Շատեր «երեւցածին» հիման վրայ կը կազմեն իրենց կարծիքը մեր մասին (Ա. Թագ. 16։7)։ Մեզի համար հագուիլը՝ հանգիստ կամ աղուոր բան մը հագուելէն աւելի է,– մենք Աստուծոյ ծառաներն ենք։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները պէտք է մեզի օգնեն որ չհագնինք այնպիսի հագուստներ, որոնք շատ նեղ են, մարմնին շրջագիծերը մէջտեղ կը հանեն կամ սեռային գետնի վրայ կը գրգռեն։ Երբ մէկը տեսնէ մեր հագուածքը, պէտք չէ անհանգիստ զգայ կամ ստիպուի ուրիշ կողմ նայիլ։ Երբ ըլլանք կոկիկ, մաքուր, պատշաճ կերպով հագուած եւ լաւ յարդարուած, աւելի հաւանական է որ մարդիկ մեզ յարգեն, աւելի հետաքրքրուին մեր պաշտած Աստուծմով, լաւ տպաւորուին մեր կազմակերպութեամբ եւ աւելի մտիկ ընեն մեր տուած փրկարար պատգամը։ դ16.09 3։5, 6
Շաբաթ, սեպտեմբեր 15
Ըլլան. . . ազնիւ, բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու (Տիտ. 3։2, ԱԾ)։
Երբ կը խօսիս ուրիշներու հետ, նախ գիտցիր թէ ճիշդ ինչի՛ կը հաւատան։ Մի՛ մոռնար որ բարեշրջութեան հաւատացողներէն ոմանք նաեւ կը հաւատան որ Աստուած կայ։ Անոնք կը կարծեն որ Աստուած բարեշրջութիւնը գործածեց, որ բոլոր ապրող էակները ստեղծէ։ Ուրիշներ բարեշրջութեան կը հաւատան քանի որ կը կարծեն թէ եթէ ատիկա իրողութիւն մը չըլլար, դպրոցին մէջ չէին սորվեցներ ատոր մասին։ Իսկ ոմանք կրօնքներէն յուսախաբ ըլլալով, այլեւս Աստուծոյ չեն հաւատար։ Ուրեմն, նախ անհատին հարցուր թէ ինչի՛ կը հաւատայ, եւ ինչո՛ւ կը հաւատայ ատոր։ Եթէ տրամաբանական ըլլաս եւ լաւ մտիկ ընես, թերեւս ան ալ պատրաստ ըլլայ քեզի մտիկ ընելու։ Միւս կողմէ, եթէ մէկը ըսէ թէ դուն անմիտ ես որ Աստուծոյ կը հաւատաս, իրեն հարցուր թէ ըստ իրեն՝ կեանքը ինչպէ՛ս սկսաւ։ Կրնաս նշել թէ եթէ կեանքը բարեշրջուած է, առաջին ապրող էակը պէտք էր բազմանալու եւ իրմէ օրինակներ մէջտեղ բերելու կարողութիւն ունենար։ Քիմիագիտութեան փրոֆէսոր մը ըսաւ. «Նոյնիսկ ամէնէն պարզ ապրող էակի մը բարդութիւնը շատ զարմանալի է»։ դ16.09 4։12, 13
Կիրակի, սեպտեմբեր 16
Ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին (Եբ. 11։35)։
Շատեր փորձութիւններու տոկացին եւ Եհովային հաւատարիմ մնացին, քանի որ զօրաւոր հաւատք ունէին որ յարութիւն պիտի առնեն, ինչպէս որ Աստուած խոստացած է։ Անոնք գիտէին որ Եհովան դարձեալ պիտի կենդանացնէ զիրենք եւ երկրի վրայ յաւիտեան պիտի ապրին։ Միտքդ բեր Նաբովթը եւ Զաքարիան, որոնք քարկոծուելով մահացան քանի որ Աստուծոյ հնազանդ մնացին (Գ. Թագ. 21։3, 15. Բ. Մն. 24։20, 21)։ Դանիէլ դրուեցաւ անօթի առիւծներու գուբին մէջ, իսկ իր ընկերները՝ բորբոքած կրակի հնոցին մէջ։ Անոնք նախընտրեցին մեռնիլ, քան թէ չաստուածներ պաշտել։ Անոնք Աստուծոյ զօրութեան հաւատալով կրցան «առիւծներու բերաններ գոց[ել], կրակի զօրութիւն մար[ել]» (Եբ. 11։33, 34. Դան. 3։16-18, 20, 28. 6։13, 16, 21-23)։ Շատ մը մարգարէներ ծաղրուեցան կամ բանտ դրուեցան, ինչպէս՝ Միքիան եւ Երեմիան։ Ուրիշներ, ինչպէս՝ Եղիան, «անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ» թափառեցան։ Բոլորն ալ տոկացին, քանի որ «յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը» ունէին (Եբ. 11։1, 36-38. Գ. Թագ. 18։13. 22։24-27. Եր. 20։1, 2. 28։10, 11. 32։2)։ դ16.10 3։10, 11
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 17
Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։
Օտարներուն հանդէպ ազնիւ կ’ըլլանք, սրտանց զիրենք բարեւելով Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Թերեւս նկատած ենք որ նոր գաղթականները ատեններ ամչկոտ կ’ըլլան եւ կը քաշուին։ Անոնք թերեւս ուրիշ ազգէ կամ երկրէ եղողներէն աւելի ցած զգան, քանի որ տարբեր մշակոյթի կամ շրջանակի մէջ մեծցած են։ Ասոր համար, պէտք է առաջին քայլը մե՛նք առնենք եւ ցուցնենք թէ սրտանց եւ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ենք իրենցմով։ JW Language էփը կրնայ քեզի օգնել որ սորվիս ինչպէս նորեկները բարեւել իրենց լեզուով (Փլպ. 2։4)։ Թերեւս կ’ամչնաս կամ չես գիտեր ինչպէս մօտենաս ուրիշ մշակոյթէ եղող անհատի մը։ Որպէսզի այս զգացումներէն ազատիս, կրնաս քու մասիդ բան մը ըսել անոր, եւ պիտի տեսնես թէ կարծածէդ աւելի նմանութիւններ կան քու եւ իր մշակոյթներուն միջեւ։ Յիշէ թէ ամէն մէկ մշակոյթ ունի իր զօրաւոր կէտերը եւ տկար կէտերը։ դ16.10 1։13, 14
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 18
Առ հասարակ կը լսուի թէ ձեր մէջ պոռնկութիւն կայ եւ այնպիսի պոռնկութիւն՝ որ հեթանոսներուն մէջ ալ չկայ (Ա. Կոր. 5։1)։
Երբ Աստուծոյ Խօսքին ուղղութեան հետեւինք, ժողովքը հոգեւորապէս մաքուր կը մնայ։ Նկատի առ թէ Կորնթոսի մէջ ի՛նչ պատահեցաւ։ Պօղոս կը սիրէր այդտեղի եղբայրներն ու քոյրերը։ Ան անոնցմէ շատերուն օգնած էր որ ճշմարտութիւնը սորվին (Ա. Կոր. 1։1, 2)։ Երեւակայէ թէ ան ինչ զգացած ըլլալու էր երբ գիտցաւ թէ անոնցմէ մէկը սեռային անբարոյութիւն կ’ընէր եւ եղբայրները թոյլ կու տային որ ան ժողովքին մէջ մնայ։ Պօղոս երէցներուն ըսաւ. ‘Այնպիսին Սատանային մատնեցէք’։ Անոնք պէտք էր այդ անհատը ժողովքէն դուրս դնէին, այսինքն՝ զինք վտարէին (Ա. Կոր. 5։5-7, 12)։ Այսօր ալ, թերեւս երէցները որոշեն որ մէկը պէտք է վտարուի քանի որ չէ զղջացած։ Այս պարագային, Սուրբ Գիրքին ըսածին պէս պիտի վարուի՞նք վտարուողին հետ։ Եթէ այո՛, կ’օգնենք որ ժողովքը մաքուր մնայ եւ թերեւս անհատը մղենք որ զղջայ եւ Եհովայէն ներում խնդրէ։ դ16.11 2։14
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 19
Եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք (Գործք 13։15)։
Որքա՜ն կրնանք ուրիշներուն օգնել երբ զիրենք քաջալերենք։ Ռուպէն կ’ըսէ. «Տարիներով պայքարած եմ անարժէք ըլլալու զգացումին դէմ։ Բայց անգամ մը երբ երէցի մը հետ կը ծառայէի, ան զգաց թէ անտրամադիր եմ։ Զգացումներս իրեն արտայայտեցի եւ ան կարեկցելով ինծի մտիկ ըրաւ։ Ետքը, ան ինծի յիշեցուց թէ ինչ լաւ բաներ կը յաջողիմ ընել։ Ան նաեւ միտքս բերաւ Յիսուսի խօսքը, թէ իւրաքանչիւրս շատ ճնճղուկներէ աւելի արժէքաւոր ենք։ Շատ անգամներ կը յիշեմ այդ համարը եւ ամէն անգամ սրտիս կը դպչի։ Երէցին խօսքերը շատ մեծ փոփոխութիւն ըրին կեանքիս մէջ» (Մատ. 10։31)։ Տեղին է Սուրբ Գիրքին ըսածը, որ պէտք է կանոնաւորաբար իրար քաջալերենք։ Պօղոս եբրայեցի քրիստոնեաներուն գրեց. «Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք. . . որ չըլլայ թէ ձեզմէ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութիւնովը» (Եբ. 3։13)։ Երբ միտքդ բերես թէ ինչպէ՛ս օր մը մէկու մը քաջալերութիւնը տրամադրութիւնդ բարձրացուց, պիտի գիտնաս թէ որքա՜ն կարեւոր է որ իրար քաջալերենք։ դ16.11 1։2, 3
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 20
Այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար (Գործք 20։30)։
Ք.Ե. 313–ին, հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը օրինական կրօնք դարձաւ հռոմայեցի հեթանոս կայսրին՝ Կոստանդինին միջոցաւ։ Կոստանդին կրօնական առաջնորդներու հետ ժողով մը գումարեց, ինչ որ ետքը ճանչցուեցաւ որպէս Նիկիոյ խորհրդաժողով։ Այդ ժողովէն ետք, կայսրը Արիոս անունով քահանայ մը աքսորեց, քանի որ չէր ընդուներ որ Յիսուս Աստուած է։ Ետքը, Թէոտոսիոս Ա. (Ք.Ե. 379-395) եղաւ Հռոմի կայսրը եւ կաթողիկէ եկեղեցին դարձաւ Հռոմէական կայսրութեան պաշտօնական կրօնքը։ Պատմաբաններ կ’ըսեն որ հեթանոս Հռոմը «քրիստոնեայ» դարձաւ չորրորդ դարուն։ Իրականութիւնը այն է որ այդ ժամանակ՝ հաւատուրաց քրիստոնէութիւնը արդէն իսկ ընդունած էր հեթանոսական հաւատալիքներ եւ Մեծ Բաբելոնին մէկ մասը դարձած էր։ Սակայն, տակաւին կային քիչ թիւով հաւատարիմ օծեալ քրիստոնեաներ, որոնք Յիսուսին ըսած ցորենին պէս էին։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին որ Աստուած պաշտեն (Մատ. 13։24, 25, 37-39)։ դ16.11 4։8, 9
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 21
Ձեր ամէն հոգը [Եհովային] վրայ ձգեցէ՛ք, վասն զի անիկա ձեզի համար կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։7)։
Ներկայիս մեր կեանքը չափէ դուրս ճնշուած է։ Բանսարկու Սատանան շատ բարկացած է եւ «մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ» (Ա. Պետ. 5։8. Յայտ. 12։17)։ Ասոր համար, չենք զարմանար որ Աստուծոյ ծառաներն ալ ատեններ կը մտահոգուին։ Օրինակ՝ Դաւիթ թագաւորը որոշ առիթներով մտահոգ էր (Սաղ. 13։2)։ Նաեւ Պօղոս առաքեալ «բոլոր եկեղեցիներուն հոգը» ունէր (Բ. Կոր. 11։28)։ Բայց ի՞նչ կրնանք ընել երբ մտահոգութիւնները մեզ կը խեղդեն։ Անցեալին, մեր սիրալիր երկնաւոր Հայրը իր ծառաներուն օգնեց որ մտահոգութիւններէն հանգստանան, եւ ան կ’ուզէ որ ներկայիս ալ օգնէ մեզի։ Հետեւեալ կերպերով կրնաս մտահոգութիւնդ իրեն վրայ ձգել. 1) սրտանց աղօթել, 2) Աստուածաշունչը կարդալ եւ ատոր վրայ խոկալ, 3) սուրբ հոգին խնդրել եւ 4) վստահելի անհատի մը պատմել քու զգացումներդ։ դ16.12 3։1, 2
Շաբաթ, սեպտեմբեր 22
Անոնց վերջը մահ է (Հռով. 6։21)։
Առաջին դարուն, Կորնթոսի մէջ ոմանք գող էին, միասեռական էին, կռապաշտ էին կամ կը գինովնային։ Բայց երբ անոնք Եհովան ճանչցան ու սիրեցին, փոխուեցան եւ իրենց ըրածներուն վրայ ամչցան (Հռով. 6։21. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Հռոմի քրիստոնեաներն ալ նոյնանման փոփոխութիւններ պէտք էր ընէին։ Պօղոս անոնց ըսաւ. «Ձեր անդամները մեղքի մի՛ ընծայէք, անիրաւութեան գործիք ըլլալու, հապա ձեր անձերը Աստուծոյ ընծայեցէք որպէս թէ մեռելներէն ողջնցած եւ ձեր անդամները արդարութեան գործիքներ՝ Աստուծոյ» (Հռով. 6։13)։ Պօղոս վստահ էր որ անոնք կրնային հոգեւորապէս մաքուր մնալ եւ շարունակել օգուտ քաղել Աստուծոյ շնորհքէն։ դ16.12 1։13
Կիրակի, սեպտեմբեր 23
Եհովայի՛ն վստահէ (Սաղ. 37։3, ՆԱ)։
Եհովան հոյակապ կարողութիւններով ստեղծեց մարդը։ Ան մտածելու կարողութիւն տուաւ մեզի, որպէսզի կարենանք խնդիրներ լուծել եւ ապագային նկատմամբ ծրագրել (Առ. 2։11)։ Ան ոյժ տուաւ մեզի, որպէսզի մեր ծրագիրները կատարենք եւ մեր նպատակակէտերուն հասնինք (Փլպ. 2։13)։ Ան նաեւ խիղճ տուաւ մեզի, որ ճիշդի եւ սխալի ներքին զգացում է։ Խիղճը մեզի կ’օգնէ որ մեղք չգործենք եւ մեր սխալները շտկենք (Հռով. 2։15)։ Եհովան իր Խօսքին միջոցաւ կրկին անգամ մեզ կը յորդորէ, որ մեր կարողութիւնները բարիքի համար գործածենք։ Օրինակ՝ Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ գրուած է. «Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն» եւ «ձեռքդ ինչ որ գտնէ ընելու, բոլոր ուժովդ ըրէ» (Առ. 21։5. Ժող. 9։10)։ Իսկ Յունարէն Գրութիւններուն մէջ գրուած է. «Քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն» եւ «ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք» (Գաղ. 6։10. Ա. Պետ. 4։10)։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ մեր ձեռքէն եկածը ընենք՝ մեր եւ ուրիշներուն լաւութեան համար։ դ17.01 1։1, 2
Երկուշաբթի, սեպտեմբեր 24
Այս բոլոր բաները իբրեւ օրինակ կը պատահէին անոնց. իսկ մեզի՝ քանի որ դարերուն վերջը հասաւ՝ խրատ ըլլալու համար գրուեցան (Ա. Կոր. 10։11)։
Բոլորս անկատարութիւն եւ մահ ժառանգած ենք Ադամէն ու Եւայէն։ Բայց տակաւին իրաւունք ունինք որ ազատ կամքի պարգեւը գործածենք։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ երբ նկատի կ’առնենք թէ Աստուած ինչպէ՛ս վարուեցաւ իսրայէլ ազգին հետ։ Եհովան անոնց տուաւ այն իրաւունքը որ ընտրեն Իր «սեպհական ժողովուրդ»ը ըլլալ կամ ոչ (Ել. 19։3-6)։ Ազգը ընտրեց Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալ եւ ընդունեց Աստուծոյ դրած սահմանները։ Անոնք ըսին. «Տէրոջը բոլոր ըսածները պիտի ընենք» (Ել. 19։8)։ Ցաւօք սրտի, յետագային ժողովուրդը սխալ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը եւ այդ խոստումը չյարգեց։ Կրնանք կարեւոր դաս մը սորվիլ անոնցմէ։ Թող որ միշտ արժեւորենք ազատ կամքի մեր պարգեւը ու շարունակենք Եհովային մօտիկ մնալ եւ իր օրէնքներուն հնազանդիլ։ դ17.01 2։9
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 25
Համեստութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալէ (Միք. 6։8, ՆԱ)։
Իսրայէլի Յերոբովամ թագաւորը սուտ կրօնքի զոհասեղան մը շինած էր Բեթէլի մէջ։ Եհովան Յուդայէն մարգարէ մը ղրկեց, որպէսզի դատապարտութեան պատգամ տայ անոր։ Խոնարհ մարգարէն պատգամը հաւատարմութեամբ տուաւ, եւ Եհովան զինք պաշտպանեց Յերոբովամին բարկութենէն (Գ. Թագ. 13։1-10)։ Եհովան մարգարէին ըսած էր որ Իսրայէլի մէջ ‘հաց չուտէ, ջուր ալ չխմէ’ եւ ‘գացած ճամբայէն չդառնայ’։ Մինչ մարգարէն կը վերադառնար, ծեր մարդու մը հանդիպեցաւ որ սուտ խօսելով ըսաւ, թէ ինքն ալ Եհովայի մարգարէ է։ Ծեր մարդը իր տունը հրաւիրեց մարգարէն որպէսզի ուտեն ու խմեն։ Մարգարէն Եհովային անհնազանդ գտնուեցաւ եւ ծեր մարդուն հետ գնաց։ Եհովան ուրախ չմնաց իրմէ։ Ետքը, մինչ մարգարէն տուն կը վերադառնար, առիւծ մը յարձակեցաւ վրան եւ զինք մեռցուց (Գ. Թագ. 13։11-24)։ Չենք գիտեր թէ մարգարէն ինչո՛ւ անհամեստօրէն գնաց ծեր մարդուն հետ։ Բայց թերեւս ան լման մոռցաւ որ պէտք է ‘համեստութեամբ Աստուծոյ հետ քալէ’։ դ17.01 4։1-3
Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 26
Ես խօսեցայ ու ես պիտի կատարեմ։ Ես խորհեցայ ու ես պիտի գործադրեմ (Եսա. 46։11)։
Սուրբ Գիրքին առաջին տողին մէջ գրուած է այս պարզ եւ խորունկ նախադասութիւնը. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծն. 1։1)։ Տիեզերքին միայն չնչին մէկ մասը տեսած ենք եւ շատ քիչ գիտենք ատոր մէջ եղած բաներուն մասին, ինչպէս՝ անջրպետը, լոյսը եւ ձգողական ուժը (Ժող. 3։11)։ Բայց Աստուած մեզի ըսած է թէ ի՛նչ է իր նպատակը երկրին եւ մարդոց նկատմամբ։ Ան մարդ արարածը ստեղծեց իր պատկերով եւ ուզեց որ ան ուրախութեամբ ապրի երկրին վրայ (Ծն. 1։26)։ Անոնք իր զաւակները պիտի ըլլային, իսկ ինք՝ անոնց Հայրը։ Ծննդոց 3–րդ գլուխին մէջ կը տեսնենք, որ Եհովայի նպատակին առջեւ դժուարութիւն մը ծագեցաւ (Ծն. 3։1-7)։ Բայց չկայ խնդիր մը որ Եհովան չի կրնար լուծել, եւ ո՛չ մէկը կրնայ իրեն արգելք դառնալ (Եսա. 46։10. 55։11)։ Ուրեմն, կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովայի սկզբնական նպատակը ճի՛շդ ժամանակին պիտի կատարուի։ դ17.02 1։1, 2
Հինգշաբթի, սեպտեմբեր 27
Ո՞ւր է անիկա, որ [Մովսէսին] մէջ իր Սուրբ Հոգին դրաւ (Եսա. 63։11)։
Սուրբ հոգին անտեսանելի ոյժ մըն է։ Լաւ, իսրայէլացիները ինչպէ՞ս կրնային ըմբռնել, թէ Մովսէս սուրբ հոգին ունէր։ Եհովայի սուրբ հոգին կարողութիւն տուաւ Մովսէսին, որ հրաշքներ ընէ եւ Աստուծոյ անունը ճանչցնէ փարաւոնին (Ել. 7։1-3)։ Սուրբ հոգին նաեւ օգնեց Մովսէսին որ սիրալիր, հեզ եւ համբերող առաջնորդ մը ըլլայ։ Փաստը յստակ էր. Եհովան Մովսէսը զատած էր որ Իր ժողովուրդին առաջնորդը ըլլար։ Եհովան ուրիշ որո՞նց սուրբ հոգին տուաւ, որպէսզի իր ժողովուրդը առաջնորդեն։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Նաւէին որդին Յեսու իմաստութեան հոգիով լեցուեցաւ» (Բ. Օր. 34։9)։ «Տէրոջը Հոգին Գեդէօնին վրայ հանգչեցաւ» (Դատ. 6։34)։ «Տէրոջը Հոգին Դաւիթին վրայ եկաւ» (Ա. Թագ. 16։13)։ Բոլոր այս տղամարդիկը սուրբ հոգիին ուժին վստահեցան, որպէսզի ընեն բաներ որ իրենց ուժով չէին կրնար ընել (Յես. 11։16, 17. Դատ. 7։7, 22. Ա. Թագ. 17։37, 50)։ դ17.02 3։3-5
Ուրբաթ, սեպտեմբեր 28
Ոչ թէ ձեր հաւատքին վրայ կը տիրապետենք, հապա գործակից ենք ձեր ուրախութեանը. վասն զի դուք հաւատքով կը կենաք (Բ. Կոր. 1։23)։
Բոլորս կրնանք Պօղոսէն սորվիլ։ Ան յարգեց իր եղբայրներուն իրաւունքը, որ անձամբ որոշումներ առնեն։ Այսօր, երէցները Պօղոսին պէս կը վարուին, երբ մէկու մը խրատ տալով կ’օգնեն որ անձնական որոշում մը առնէ։ Անոնք ամենայն սիրով Սուրբ Գիրքէն տեղեկութիւններ կու տան եղբայրներուն եւ քոյրերուն, բայց միեւնոյն ատեն ուշադիր կ’ըլլան որ անոնց թոյլ տան, որ անձամբ որոշումներ առնեն, քանի որ անոնք են որ իրենց որոշումին հետեւանքները պիտի կրեն։ Ուրեմն կը սորվինք որ կրնանք ուրիշներուն օգնել հասկնալու որ Սուրբ Գիրքը իրենց պարագային նկատմամբ ի՛նչ խրատներ կու տայ, բայց պէտք չէ մոռնանք որ անոնք իրենց անձնական որոշումները առնելու իրաւունքը եւ պատասխանատուութիւնը ունին։ Երբ անոնք իմաստուն որոշումներ առնեն, կ’օգտուին։ Յստակօրէն, բնա՛ւ պէտք չէ մտածենք որ կրնա՛նք եղբայրներուն եւ քոյրերուն տեղը որոշումներ առնել։ դ17.03 2։11
Շաբաթ, սեպտեմբեր 29
Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք (Եբ. 13։17)։
Հաւատարիմ ծառան մեծ հաւատք ցուցուցած է, բարի լուրը նախանձախնդրօրէն քարոզելով եւ յառաջ տանելով։ Լաւ, մենք օծեալներուն թիկունք կը կանգնի՞նք այս կարեւոր գործին մէջ։ Եթէ այո՛, որքա՜ն պիտի ուրախանանք երբ Յիսուս ըսէ. «Քանի որ իմ այս եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մատ. 25։34-40)։ Երբ Յիսուս երկինք վերադարձաւ, իր հետեւորդները երեսի վրայ չձգեց (Մատ. 28։20)։ Ան գիտէր թէ սուրբ հոգին, հրեշտակները եւ Աստուծոյ Խօսքը որքա՜ն օգնեցին իրեն, որ առաջնորդութիւն առնէր երբ երկրի վրայ էր։ Ան ներկայիս նոյն օգնութիւնը կու տայ հաւատարիմ ծառային։ Կառավարիչ մարմինը կը շարունակէ ‘Գառնուկին ետեւէն երթալ՝ ուր որ ան երթայ’ (Յայտ. 14։4)։ Ուրեմն, երբ հետեւինք Կառավարիչ մարմինին ուղղութեան, հետեւած կ’ըլլանք մեր Առաջնորդին՝ Յիսուսին։ Մօտ ատենէն, Յիսուս մեզ պիտի առաջնորդէ դէպի յաւիտենական կեանք (Յայտ. 7։14-17)։ Ո՛չ մէկ մարդկային առաջնորդ կրնայ այս մէկը ընել։ դ17.02 4։17-19
Կիրակի, սեպտեմբեր 30
Տէրոջը յանձնէ քու ճամբադ ու անոր յուսա եւ անիկա պիտի կատարէ (Սաղ. 37։5)։
Բոլո՛ր պարագաներուն մէջ պէտք է Եհովային վստահինք։ Թերեւս դիւրին է Եհովային վստահիլ երբ մեծ խնդիրներ ունենանք։ Բայց ի՞նչ կ’ընենք ամէնօրեայ պզտիկ հարցերուն մէջ։ Մեր անձի՞ն կը վստահինք, փորձելով մե՛ր կերպով լուծել հարցը. թէ ոչ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները նկատի կ’առնենք եւ կը ջանանք զանոնք կիրարկել, եւ այսպիսով կը ցուցնենք թէ Եհովային կը վստահինք։ Օրինակ, սեպէ թէ ընտանիքդ քեզի կը հակառակի որ ժողովներու կամ համաժողովի չերթաս։ Եհովայէն կը խնդրե՞ս որ քեզի օգնէ գիտնալու թէ ի՛նչ պէտք է ընես։ Կամ, եթէ գործդ կորսնցնես եւ երկար ժամանակ անգործ մնալէ ետք, վերջապէս մէկը գտնես որ քեզ գործի պիտի առնէ։ Իրեն կ’ըսե՞ս որ շաբթուան ընթացքին ժողովներ ունիս, որոնց կանոնաւորաբար պէտք է ներկայ ըլլաս։ Ի՛նչ ալ ըլլայ խնդիրը, պէտք է այս օրուան համարին խրատը յիշենք։ դ17.03 4։6