Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 77-87
  • Օգոստոս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Օգոստոս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 1
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 2
  • Ուրբաթ, օգոստոս 3
  • Շաբաթ, օգոստոս 4
  • Կիրակի, օգոստոս 5
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 6
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 7
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 8
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 9
  • Ուրբաթ, օգոստոս 10
  • Շաբաթ, օգոստոս 11
  • Կիրակի, օգոստոս 12
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 13
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 14
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 15
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 16
  • Ուրբաթ, օգոստոս 17
  • Շաբաթ, օգոստոս 18
  • Կիրակի, օգոստոս 19
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 20
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 21
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 22
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 23
  • Ուրբաթ, օգոստոս 24
  • Շաբաթ, օգոստոս 25
  • Կիրակի, օգոստոս 26
  • Երկուշաբթի, օգոստոս 27
  • Երեքշաբթի, օգոստոս 28
  • Չորեքշաբթի, օգոստոս 29
  • Հինգշաբթի, օգոստոս 30
  • Ուրբաթ, օգոստոս 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 77-87

Օգոստոս

Չորեքշաբթի, օգոստոս 1

Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ, որպէս զի կատարեալ ու ամբողջ ըլլաք ու բանի մը պակասութիւն չունենաք (Յակ. 1։4)։

Պատերազմը շատ յոգնեցուցիչ էր։ Իսրայէլացի ռազմիկները Գեդէօն դատաւորի առաջնորդութեամբ կը պատերազմէին իրենց թշնամիներուն դէմ։ Ամբողջ գիշերը, շուրջ 32 քմ. Գեդէօն եւ իր մարդիկը հետապնդեցին մադիանացիները եւ անոնց դաշնակիցները։ Այս թշնամիները տարիներով ճնշած էին իսրայէլացիները, ուստի հիմա յանձնուելու ժամանակը չէր։ Հետեւաբար, անոնք «շարունակեցին հետապնդել» իրենց թշնամիները եւ վերջապէս յաղթեցին անոնց (Դատ. 7։22. 8։4, ՆԱ, 10, 28)։ Այսօր մենք ալ յոգնեցուցիչ պատերազմի մէջ ենք։ Մեր թշնամիներէն են՝ Սատանան, իր աշխարհը եւ մեր անձնական անկատարութիւնները։ Մեզմէ ոմանք տարիներով պատերազմած են, եւ Եհովային օգնութեամբ յաղթանակներ տարած ենք։ Բայց ատեններ կը յոգնինք մեր թշնամիներուն դէմ պայքարելէն եւ այս աշխարհի վերջին սպասելէն։ Տակաւին վերջնականապէս չենք յաղթած։ Յիսուս մեզ զգուշացուց որ վերջին օրերուն ընթացքին խիստ փորձութիւններու եւ անգութ հալածանքի առջեւ պիտի ըլլայինք։ Բայց ան նաեւ ըսաւ, որ եթէ համբերենք կրնանք յաղթել (Ղուկ. 21։19)։ դ16.04 2։1, 2

Հինգշաբթի, օգոստոս 2

Միշտ առաքեալներուն վարդապետութեան եւ միաբանութեան. . . ետեւէն էին (Գործք 2։42)։

Ժողովներուն մէջ, «Մեծ Ուսուցիչ»ը մեզ կ’առաջնորդէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ (Եսա. 30։20, 21, ՆԱ)։ Նոյնիսկ մեր ժողովներուն եկող անհաւատները կրնան անդրադառնալ, թէ «իրաւցնէ Աստուած [մեր] մէջ է» (Ա. Կոր. 14։23-25)։ Եհովան իր սուրբ հոգիով կ’օրհնէ ժողովները եւ հոն մեր ստացած գիտելիքները իրմէ կու գան։ Ուստի ժողովներուն մէջ Եհովային ձայնը մտիկ կ’ընենք եւ կը զգանք թէ սիրալիրօրէն մեզ կը հոգայ։ Այսպիսով իրեն կը մօտենանք։ Յիսուս ըսաւ. «Ուր երկու կամ երեք հոգի ժողվուած ըլլան իմ անունովս, հոն եմ ես անոնց մէջ» (Մատ. 18։20)։ Ան Աստուծոյ ժողովուրդի ժողովքներուն «միջեւ կը պտըտի», քանի որ ժողովքին Գլուխն է (Յայտ. 1։20–2։1)։ Պահ մը մտածէ. ժողովներուն մէջ, Եհովան եւ Յիսուսը մեզի հետ են եւ մեզ կը զօրացնեն։ Քու կարծիքովդ, Եհովան ի՞նչ կը զգայ երբ տեսնէ թէ ամէն կարելիդ կ’ընես, որպէսզի իրեն եւ իր Որդիին մօտենաս։ դ16.04 3։13, 14

Ուրբաթ, օգոստոս 3

Մի՛ արտորար հոգիովդ բարկանալու (Ժող. 7։9)։

Հաւաքոյթի մը ընթացքին քոյր մը բարեւ տուաւ երկու եղբայրներու։ Անոնցմէ մէկը նեղացաւ անոր բարեւ տուած կերպէն։ Երբ երկուքը առանձին էին, նեղացող եղբայրը սկսաւ քրոջը վրայ խօսիլ։ Սակայն միւս եղբայրը իրեն յիշեցուց, որ քոյրը 40 տարի հաւատարմօրէն Եհովային ծառայած է դժուար պարագաներու տակ. ան վստահ էր որ քրոջ նպատակը չէր զինք վիրաւորել։ Պահ մը ասոր վրայ մտածելէ ետք, առաջին եղբայրը ըսաւ. «Ճիշդ ես»։ Այսպիսով նիւթը գոցուեցաւ։ Այս փորձառութիւնը ի՞նչ կը սորվեցնէ մեզի։ Երբ մէկը մեզ նեղացնէ, մեր ձեռքն է թէ ինչպէ՛ս կը հակազդենք։ Սիրալիր անձը պզտիկ սխալները կը ծածկէ (Առ. 10։12. Ա. Պետ. 4։8)։ Եհովան կը սեպէ թէ մեզի ‘պարծանք է յանցանքը անտեսելը’ (Առ. 19։11, ԱԾ)։ Ուստի, հազիւ որ մէկը քեզի հետ վարուի կերպով մը, որ ազնիւ կամ յարգալից չես սեպեր, դուն քեզի հարցուր. ‘Կրնա՞մ անտեսել եղածը։ Իրապէս պէտք ունի՞մ հարցը մեծցնելու’։ դ16.05 1։8, 9

Շաբաթ, օգոստոս 4

Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ կամենալը ու ընելը (Փլպ. 2։13)։

Որո՞նք ներկայիս իրապէս կը քարոզեն Թագաւորութեան բարի լուրը։ Ամենայն վստահութեամբ կ’ըսենք. «Եհովայի վկաները»։ Ինչո՞ւ կրնանք այսքան վստահ ըլլալ։ Քանի որ Յիսուսի պատգամը կը քարոզենք՝ Թագաւորութեան բարի լուրը։ Նաեւ ճիշդ մեթոտները կը գործածենք, այսինքն՝ մարդոց կ’երթանք։ Ճիշդ շարժառիթով կը քարոզենք,– սէրը եւ ոչ թէ նիւթական շահը։ Մեր քարոզելու գործը ամէնէն մեծ տարողութիւնը ունի եւ կը հասնի բոլոր ազգերուն եւ լեզուներուն։ Եւ պիտի շարունակենք տարուէ տարի այս գործը ընել առանց տնտնալու, մինչեւ որ վերջը գայ։ Իրապէս կը հիանանք երբ կը տեսնենք թէ Աստուծոյ ժողովուրդը ինչե՜ր կ’իրագործէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Բայց ինչպէ՞ս կը յաջողինք այս բոլորը ընել։ Պօղոս առաքեալ պատասխանը կու տայ այս օրուան համարին մէջ։ Թող Եհովան շարունակէ մեզի զօրութիւն տալ, որպէսզի կարենանք մեր լաւագոյնը ընել ու մեր ծառայութիւնը ամբողջովին կատարել (Բ. Տիմ. 4։5)։ դ16.05 2։17, 18

Կիրակի, օգոստոս 5

Ատեցէ՛ք ինչ որ չար է եւ բարիին կառչած մնացէք (Հռով. 12։9, ՆԹ)։

Երբ ընտրենք Եհովային հնազանդիլ եւ շատ ջանք թափենք որ իր կամքը կատարենք, ցոյց կու տանք որ որքա՜ն զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք զինք ուրախացնել։ Սատանան կ’ըսէ թէ Աստուած իշխելու իրաւունք չունի, բայց երբ Աստուծոյ հնազանդինք՝ կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք որ Ան մեր վրայ իշխէ։ Եւ կրնանք վստահ ըլլալ որ մեր սիրալիր եւ գնահատող Հայրը կ’արժեւորէ մեր թափած ջանքերը (Յոբ 2։3-5. Առ. 27։11)։ Եթէ Եհովան թոյլ տար որ առանց որեւէ պայքար տանելու՝ մեր անկատար ցանկութիւնները զսպէինք, ո՛չ մէկ իմաստ պիտի ունենար ըսելը թէ իրեն հաւատարիմ ենք կամ կ’ուզենք որ մեր վրայ իշխէ։ Եհովան մեզի կ’ըսէ որ շատ ջանք թափենք որ իր յատկութիւնները ունենանք (Կող. 3։12. Բ. Պետ. 1։5-7)։ Ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ ծանր աշխատինք, որպէսզի մեր մտածումներն ու զգացումները կառավարենք (Հռով. 8։5)։ Երբոր շատ ջանք թափենք որ փոփոխութիւն մը ընենք եւ ատոր մէջ յաջողինք, ծայր աստիճան կ’ուրախանանք։ դ16.05 4։12, 13

Երկուշաբթի, օգոստոս 6

Ո՛վ Տէր, դուն մեր. . . Բրուտն ես (Եսա. 64։8)։

Եհովան գիտէ իր ձեռքերուն մէջ եղող «կաւ»ին տեսակն ու որակը, եւ զայն կը ձեւաւորէ ատոր համաձայն (Սաղ. 103։10-14)։ Ան անհատ առ անհատ կը վարուի մեզի հետ եւ նկատի կ’առնէ մեր տկարութիւնները, սահմանափակումները եւ թէ հոգեւորապէս որքա՛ն աճած ենք։ Յիսուս ցուցուց թէ Եհովան ի՛նչ կեցուածք ունի Իր անկատար ծառաներուն հանդէպ։ Նկատի առ թէ Յիսուս ինչպէ՛ս հակազդեց առաքեալներուն անկատարութիւններուն, մանաւանդ երբ կը վիճէին թէ ո՛վ է մեծը։ Եթէ հոն ըլլայիր եւ տեսնէիր անոնց վիճիլը, պիտի մտածէի՞ր որ անոնք հեզ ու դիւրաթեք են։ Բայց Յիսուս գէշ կարծիք չկազմեց իրենց մասին։ Ան գիտէր որ եթէ անոնք ազնուութեամբ եւ համբերութեամբ խրատ ստանան եւ իր հեզ օրինակին հետեւին, կրնա՛ն ձեւաւորուիլ (Մար. 9։32-36. 10։37, 41-45. Ղուկ. 22։24-27)։ Յիսուսի յարութենէն եւ սուրբ հոգիին թափուելէն ետք, առաքեալները այլեւս չկեդրոնացան դիրքի վրայ, հապա՝ Յիսուսին իրենց տուած գործին վրայ (Գործք 5։42)։ դ16.06 1։10

Երեքշաբթի, օգոստոս 7

Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է (Բ. Օր. 6։4, ՆԱ)։

Եհովայէն զատ ուրիշ ճշմարիտ Աստուած չկայ, եւ ո՛չ մէկ աստուած իրեն պէս է (Բ. Թագ. 7։22)։ Ուստի Մովսէս իսրայէլացիներուն կը յիշեցնէր, որ միայն Եհովան պէտք է պաշտեն։ Անոնք պիտի չհետեւէին իրենց շուրջը եղող ժողովուրդներուն, որոնք զանազան չաստուածներ ու չաստուածուհիներ ունէին, եւ կը հաւատային որ անոնցմէ ոմանք կրնային բնութեան որոշ մասերը ղեկավարել։ Օրինակ՝ եգիպտացիները կը պաշտէին արեւի աստուածը՝ Ռա, երկնքի աստուածուհին՝ Նութ, երկրի աստուածը՝ Կեպ, Նեղոսի աստուածը՝ Հափի եւ ուրիշ բազմաթիւ սուրբ անասուններ։ Երբ Եհովան Տասը պատուհասները բերաւ, ցուցուց թէ այս չաստուածներէն շատ աւելի բարձր էր։ Իսկ քանանացիներուն գլխաւոր չաստուածը Բահաղն էր։ Անոնք կը հաւատային որ ինքն էր որ կեանք կու տար, եւ երկնքի, անձրեւի ու փոթորիկի աստուածն էր։ Շատ մը շրջաններու մէջ, տեղական պաշտպան չաստուածը Բահաղն էր, ինչպէս՝ Փեգովրի Բահաղը (Թւ. 25։3, ԱԾ)։ Իսրայէլացիները պէտք էր որ յիշէին, թէ իրենց Աստուածը՝ ճշմարիտ Աստուածը, «մէկ Եհովա» էր (Բ. Օր. 4։35, 39)։ դ16.06 3։4, 5

Չորեքշաբթի, օգոստոս 8

Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի։ Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը (Մատ. 28։20)։

Յիսուսի օրինակը մեզի կը սորվեցնէ որ հաւատարիմ ըլլանք Եհովային ու իր ժողովուրդին, եւ ասոր համար շատ լաւ պատճառներ ունինք։ Կը հիանանք երբ կը տեսնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ծառաները կ’առաջնորդէ այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Եհովայի միացած ժողովքէն զատ չկան ուրիշ մարդիկ, որոնք ճշմարտութիւնը կը քարոզեն ամբողջ աշխարհին մէջ։ Եսայի 65։14–ը նշեց, թէ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր վիճակը ի՛նչ պիտի ըլլար. «Ահա իմ ծառաներս սրտի ուրախութեամբ պիտի ցնծան»։ Իսկապէս ուրախ ենք որ Եհովան մեզ կ’առաջնորդէ եւ կ’օգնէ որ շատ աղուոր բաներ ընենք։ Ասոր հակառակը, Սատանայի աշխարհին մէջ մարդիկ կարծես թէ սուգի մէջ են, քանի որ ամէն ինչ երթալէն աւելի գէշ կ’ըլլայ։ Պէտք է Եհովային հաւատարիմ մնանք եւ իր ուղղութեան հետեւինք։ դ16.06 4։10-12

Հինգշաբթի, օգոստոս 9

Արթուն կեցէք (Մատ. 25։13)։

Կրնանք դաս մը սորվիլ այն պահապաններէն, որոնք անցեալին քաղաքներուն պահակութիւն կ’ընէին։ Շատ մը քաղաքներ, ինչպէս՝ Երուսաղէմը, բարձր պարիսպներ կ’ունենային, որպէսզի թշնամին չկարենայ ներս մտնել։ Պահապանները պարիսպներուն վրայ կը կենային, ուրկէ կրնային հեռուները տեսնել։ Քաղաքին մուտքերուն ալ պահապաններ կ’ըլլային։ Անոնք պէտք էր գիշեր–ցերեկ հսկէին, եւ երբ թշնամիին գալը տեսնէին, պէտք էր քաղաքին մէջի մարդիկը զգուշացնէին (Եսա. 62։6)։ Կարեւոր էր որ անոնք արթուն մնային եւ աչքերնին տասը բանային, քանի որ մարդոց կեանքը իրենց ձեռքն էր (Եզեկ. 33։6)։ Հրեաներուն պատմութիւնը գրող Յովսեպոս բացատրեց, թէ հռոմայեցիները Ք.Ե. 70–ին ինչպէ՛ս կրցան Երուսաղէմ մտնել։ Քաղաքին մէկ մասը հսկող պահապանները քունի անցած էին, եւ հռոմայեցի զինուորները ասիկա օգտագործելով քաղաք մտան, տաճարը կրակի տուին եւ ամբողջ Երուսաղէմը կործանեցին։ Ասիկա հրեայ ազգին տեսած ամէնէն մեծ նեղութեան վերջին մասն էր։ դ16.07 2։2, 7, 8

Ուրբաթ, օգոստոս 10

Զգոյշ եղէ՛ք, որ չըլլայ թէ անօրէններուն խաբէութենէն բռնուած՝ ձեր հաստատութենէն իյնաք (Բ. Պետ. 3։17)։

Եհովայի շնորհքին շնորհիւ բազմաթիւ օրհնութիւններ կը վայելենք, բայց պէտք չէ շահագործենք իր շնորհքը։ Առաջին քրիստոնեաներուն մէջ ոմանք փորձեցին ‘Աստուծոյն շնորհքը անառակութեան դարձնել’ (Յդ. 4)։ Ըստ երեւոյթին, այս անհաւատարիմ քրիստոնեաները կարծեցին որ կրնան մեղք գործել եւ Եհովան մի՛շտ իրենց պիտի ներէ։ Ասկէ աւելի գէշ, անոնք փորձեցին եղբայրներուն մեղք գործել տալ։ Այսօր ալ, ո՛վ որ ասիկա կ’ընէ, ‘շնորհներու Հոգին կը նախատէ’ (Եբ. 10։29)։ Սատանան խաբած է կարգ մը քրիստոնեաներ, որ կարծեն թէ կրնան Աստուծոյ ողորմութիւնը թեթեւի առնել եւ մեղք գործել։ Ճիշդ է որ Եհովան կը ներէ զղջացող մեղաւորներուն, բայց ան մեզմէ կ’ակնկալէ որ վերջին ծայր պայքարինք մեր մեղաւոր ցանկութիւններուն դէմ։ դ16.07 3։16, 17

Շաբաթ, օգոստոս 11

Ով որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը արձակէ եւ ուրիշ մը առնէ, շնութիւն կ’ընէ (Մատ. 19։9)։

Եթէ մէկը օրինապէս ամուսնալուծուի, առանց սեռային անբարոյութեան պատճառի, նորէն ամուսնանալու ազատ չէ։ Անշուշտ, մէկը կրնայ ներել իր կողակիցին որ շնութիւն ըրաւ բայց զղջաց։ Ասիկա պատահեցաւ Ովսէէ մարգարէին, որ իր անբարոյ կնոջ՝ Գոմերին ներեց։ Նմանապէս, Եհովան զղջացող իսրայէլին ներեց, երբ հոգեւոր շնութիւն գործեցին (Ով. 3։1-5)։ Ասկէ զատ, եթէ մէկը գիտնայ որ իր կողակիցը սեռային անբարոյութիւն գործեց, բայց հակառակ ասոր շարունակէ սեռային յարաբերութիւն ունենալ իրեն հետ, ասիկա կը նշանակէ որ ներած է անոր։ Ան այլեւս ամուսնալուծուելու աստուածաշնչական պատճառ չունի։ Այս օրուան համարին խօսքերը ըսելէ ետք, Յիսուս խօսեցաւ անոնց մասին, «որոնք ունին այդ պարգեւը»՝ ամուրի մնալու պարգեւը։ Ան աւելցուց. «Ով որ կրնայ տանիլ՝ թող տանի» (Մատ. 19։10-12, ՆԱ)։ Շատեր որոշած են ամուրի մնալ, քանի որ կ’ուզեն Աստուծոյ ծառայել առանց տարուելու, եւ անոնք գովելի են իրենց որոշումին համար։ դ16.08 1։15, 16

Կիրակի, օգոստոս 12

Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք թէ Տէրը բարի է։ Երանի՜ այն մարդուն որ անոր կը յուսայ։ . . .Անկէ վախցողներուն բան մը պակաս չ’ըլլար (Սաղ. 34։8, 9)։

Երիտասարդները շատ բան կրնան ընել Եհովայի ծառայութեան մէջ, քանի որ ոյժ եւ առողջութիւն ունին (Առ. 20։29)։ Բեթէլի մէջ կարգ մը երիտասարդներ կ’օգնեն Աստուածաշունչեր ու հրատարակութիւններ տպելու եւ կազմելու։ Բազմաթիւ երիտասարդ եղբայրներ եւ քոյրեր կ’օգնեն Թագաւորութեան սրահներ շինելու եւ նորոգելու։ Շատեր ձեռք կու տան երբ բնական աղէտներ պատահին։ Իսկ բազմաթիւ երիտասարդ ռահվիրաներ նոր լեզու կը սորվին կամ ուրիշ տեղ կը ճամբորդեն, որպէսզի բարի լուրը քարոզեն։ Սաղմոսերգուն երգեց. «Տէրը փնտռողներուն բարութիւն մը պակաս պիտի չըլլայ» (Սաղ. 34։10)։ Եհովան բնա՛ւ յուսախաբ չ’ըներ ով որ նախանձախնդրութեամբ իրեն կը ծառայէ։ Մինչ իր ծառայութեան մէջ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, անձնապէս ‘կը ճաշակենք ու կը տեսնենք թէ Տէրը բարի է’։ Եւ երբ մեր լաւագոյնը տանք Աստուծոյ, վերջին ծայր ուրախ կ’ըլլանք։ դ16.08 3։5, 8

Երկուշաբթի, օգոստոս 13

Ձեզ պիտի ազատեմ ու օրհնութիւն պիտի ըլլաք։ Մի՛ վախնաք, ձեր ձեռքերը թող ուժովնան (Զաք. 8։13)։

Եհովան կրնա՛յ եւ կ’ուզէ մեզի զօրութիւն տալ իր սուրբ հոգիին միջոցաւ (Ա. Մն. 29։12)։ Շատ կարեւոր է որ Աստուծոյ հոգին խնդրենք, որպէսզի կարենանք դէմ դնել Սատանային եւ իր չար աշխարհին (Սաղ. 18։39. Ա. Կոր. 10։13)։ Մենք շնորհակալ ենք Եհովայէն որ իր Խօսքը ունինք։ Նաեւ պահ մը մտածէ բոլոր այն բաներուն մասին որ մեր հրատարակութիւններէն կը սորվինք ամէն ամիս։ Զաքարիա 8։9, 13–ի խօսքերը ըսուած են, երբ Երուսաղէմի տաճարը կը վերաշինուէր, եւ ատոնք շատ օգտակար են մեզի այսօր։ Եհովան նաեւ մեզ կը զօրացնէ ցուցմունքներ տալով ժողովներուն, համաժողովներուն եւ աստուածպետական դպրոցներուն միջոցաւ։ Այդ ցուցմունքները մեզի կ’օգնեն որ ճիշդ շարժառիթներով ծառայենք Աստուծոյ, հոգեւոր նպատակակէտեր դնենք եւ մեր քրիստոնէական պատասխանատուութիւններուն հոգ տանինք (Սաղ. 119։32)։ Ամբողջ սրտով կը փափաքի՞ս Եհովային ցուցմունքներուն միջոցաւ զօրութիւն առնել։ դ16.09 1։10, 11

Երեքշաբթի, օգոստոս 14

Քննեցէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է (Հռով. 12։2)։

Մովսիսական օրէնքը ցուցուց թէ Եհովան որքա՛ն կ’ատէ այն հագուստները, որոնք յայտնի չէ թէ տղո՛ւ են, թէ ոչ՝ աղջիկի (Բ. Օր. 22։5)։ Օրէնքէն կը գիտնանք որ Եհովային քով ընդունելի չեն այն հագուստները, որոնք տղամարդուն կու տան աղջիկի տեսք, իսկ աղջիկին՝ տղու տեսք, կամ կը ձգեն որ տղամարդիկն ու կիները իրարու նմանին։ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները մեզի կ’օգնեն որ հագուելակերպի նկատմամբ լաւ որոշումներ առնենք, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրինք, ի՛նչ մշակոյթ ունինք կամ կլիման ինչպէ՛ս է։ Պէտք չունինք երկար–բարակ ցանկի մը, թէ ո՛ր հագուստները ընդունելի են եւ որոնք ո՛չ։ Սուրբ Գիրքի սկզբունքները մեզ կ’առաջնորդեն, եւ միեւնոյն ատեն թոյլ կու տան որ մեր սիրածը հագուինք։ դ16.09 3։3, 4

Չորեքշաբթի, օգոստոս 15

Բոլոր աշակերտները թողուցին զանիկա ու փախան (Մար. 14։50)։

Մտածէ Սուրբ Գիրքը գրողներուն անկեղծութեան մասին։ Անոնք միշտ ճշմարտութիւնը կ’ըսէին առանց վախնալու, մինչդեռ այդ ժամանակուան գրողները ընդհանրապէս միայն լաւ բաներ կը գրէին իրենց երկրին եւ առաջնորդներուն մասին։ Բայց Եհովայի մարգարէները միայն լաւ բաները չգրեցին. անոնք իսրայէլացիներուն եւ իրենց թագաւորներուն ըրած գէշ բաներն ալ գրեցին (Բ. Մն. 16։9, 10. 24։18-22)։ Անոնք նոյնիսկ իրե՛նց ըրած եւ Աստուծոյ ուրիշ ծառաներուն ըրած սխալներն ալ նշեցին (Բ. Թագ. 12։1-14)։ Շատեր Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն հետեւելով կը համոզուին որ ատիկա Աստուծոյ կողմէ է (Սաղ. 19։7-11)։ Սուրբ Գիրքը շատերու օգնած է որ անդրադառնան, թէ իրենց հաւատացած կարգ մը բաները ճիշդ չեն (Սաղ. 115։3-8)։ Աստուծոյ չհաւատացողներէն ոմանք կ’ըսեն թէ մեր ապագան լման մեր ձեռքն է։ Բայց անոնց ըրածները ո՛չ մէկ յոյս կու տան ապագային նկատմամբ (Սաղ. 146։3, 4)։ Ուրիշներ որ բարեշրջութեան կը հաւատան, բնութիւնը Աստուծոյ տեղ կը դնեն եւ կ’ըսեն թէ ատիկա ունի շատ զօրաւոր ուժեր, մինչ իրականութեան մէջ այդ ուժերը միայն Եհովային կը պատկանին։ դ16.09 4։10, 11

Հինգշաբթի, օգոստոս 16

Թող որաներուն մէջէն ալ հաւաքէ ու զանիկա մի՛ ամչցնէք (Հթ. 2։15)։

Բոոս հետաքրքրուած էր Հռութով, քանի որ որպէս օտար անոր պարագան դժուար էր։ Ան Հռութին ըսաւ որ իր քովի աղջիկներուն հետ կենայ, որպէսզի արտին մէջ աշխատող տղամարդիկը նեղութիւն չտան իրեն։ Ան նաեւ ուտելիք եւ ջուր ապահովեց Հռութին, ճիշդ ինչպէս որ իր քով աշխատողներուն կ’ընէ։ Ասկէ զատ, ան յարգանքով խօսեցաւ այս աղքատ օտար կնոջ հետ եւ զինք քաջալերեց (Հթ. 2։8-10, 13, 14)։ Բոոս Հռութին հետ ազնուօրէն վարուեցաւ ոչ միայն քանի որ Հռութ հաւատարիմ սէր ցուցուցած էր իր կեսուրին հանդէպ, հապա նաեւ քանի որ ան սկսած էր Եհովան պաշտել։ Բոոսին ազնուութիւնը կը ցուցնէր Եհովային հաւատարիմ սէրը այս կնոջ հանդէպ, որ եկած էր ‘Իր թեւերուն տակ ապաստանարան մը գտնելու’ (Հթ. 2։12, 20. Առ. 19։17)։ Նմանապէս այսօր, երբ ազնիւ ըլլանք, կրնանք ամէն տեսակ մարդոց օգնել որ ճշմարտութիւնը գիտնան եւ զգան թէ Եհովան որքա՜ն կը սիրէ զիրենք (Ա. Տիմ. 2։3, 4)։ դ16.10 1։10-12

Ուրբաթ, օգոստոս 17

Տէրը փնտռեցի ու ինծի պատասխան տուաւ եւ իմ ամէն երկիւղներէս զիս փրկեց (Սաղ. 34։4)։

Մենք ալ կրնանք մեր մտահոգութիւնները պատմել Եհովային, գիտնալով որ մեզ պիտի լսէ եւ ոյժ տայ որ ուրախութեամբ տոկանք։ Եւ երբ մեր աղօթքները կը պատասխանուին, մեր հաւատքը կը զօրանայ (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ Նաեւ պէտք է միշտ սուրբ հոգին ‘խնդրենք’, քանի որ հաւատքը անոր պտուղին մէկ երեսակն է (Ղուկ. 11։9, 13)։ Երբ Եհովային աղօթենք, միայն պէտք չէ խնդրենք որ մեզի օգնէ։ Ամէն օր կրնանք իրեն շնորհակալութիւն յայտնել եւ զինք փառաբանել իր «սքանչելիքներ»ուն համար, որոնք «համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Նաեւ կ’աղօթենք աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներուն համար։ Օրինակ՝ ‘մտքերնիս կ’ըլլան կապուածները’, այսինքն՝ բանտարկեալները, եւ կ’աղօթենք ‘մեր մէջ առաջնորդութիւն առնողներուն’ համար։ Իսկ երբ տեսնենք թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը պատասխանէ մեր աղօթքներուն, մեր հաւատքը կը զօրանայ եւ իրեն աւելի կը մօտենանք (Եբ. 13։3, 7)։ դ16.10 3։8, 9

Շաբաթ, օգոստոս 18

Փրկուած էք դուք հաւատքի միջոցով եւ այս՝ ո՛չ թէ ձեզմէ է, հապա Աստուծոյ պարգեւն է (Եփ. 2։8)։

Մեր օրերուն, Եհովայի ժողովուրդը կը հաւատայ Թագաւորութեան եւ ատոր թիկունք կը կանգնի։ Անոնք իրար կը սիրեն եւ թոյլ կու տան որ սուրբ հոգին իրենց կեանքը առաջնորդէ (Գաղ. 5։22, 23)։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։ Աշխարհի տարածքին աւելի քան ութ միլիոն եղբայրներ ու քոյրեր խաղաղութիւն ու միութիւն կը վայելեն իրենց ժողովքներուն մէջ։ Յստակ է որ հաւատքն ու սէրը հզօր յատկութիւններ են։ Ասիկա կարելի դարձած է Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ոչ թէ մեր կարողութեամբ։ Ասոր ի տես, ան փառաբանութեան արժանի է (Եսա. 55։13)։ Եհովան պիտի շարունակէ բազմաթիւ մարդոց օգնել որ իրեն հաւատան։ Եւ ի վերջոյ ամբողջ երկիրը պիտի լեցուի կատարեալ, արդար եւ ուրախ մարդոցմով, որոնք Եհովային անունը պիտի փառաւորեն յաւիտեան։ դ16.10 4։18, 19

Կիրակի, օգոստոս 19

Ձեր մէջէն ոմանք ծուլութեամբ կը վարուին (Բ. Թես. 3։11)։

Երէցները Սուրբ Գիրքէն ուղղութիւններ կու տան մեզի։ Պէտք է իրենց ականջ տանք, քանի որ տրուած ուղղութիւնը մեր օգտին համար է։ Առաջին դարուն, կարգ մը անհատներ անկարգութեամբ կը վարուէին։ Անոնք ‘չէին գործեր, հապա ծոյլ ծոյլ կը պտըտէին’։ Յստակ է որ երէցները զանոնք խրատած էին, բայց անոնք մտիկ չէին ըրած։ Պօղոս ժողովքին ցոյց տուաւ որ այսպիսի անհատի մը հետ ինչպէ՛ս պէտք է վարուին, ըսելով. «Դուք նշանակեցէք զանիկա ու անոր հետ մի՛ խառնուիք»։ Անոնք պէտք էր զինք թշնամի չսեպէին եւ շարունակէին հոգեւոր ընկերակցութիւնը, բայց պէտք չէր ուրիշ կերպերով ընկերակցէին անոր հետ (Բ. Թես. 3։11-15)։ Ներկայիս, երէցները թերեւս զգուշացումի դասախօսութիւն մը տան անհատի մը մասին, որ կը շարունակէ ընել բան մը որ ժողովքին գէշ կ’ազդէ, ինչպէս՝ անհաւատի մը հետ ժամադրուիլ (Ա. Կոր. 7։39)։ Ի՞նչ կ’ընես երբ երէցները այսպիսի դասախօսութիւն մը տան։ Եթէ գիտես անձը ով է, կը կենա՞ս իրեն հետ ընկերակցելէ, բացի հոգեւոր ընկերակցութենէն։ Թերեւս այս ձեւով իրեն օգնես որ անդրադառնայ, թէ իր ըրածը իրեն վնաս կը հասցնէ եւ Եհովան կը տխրեցնէ, եւ թերեւս ան իր ընթացքը փոխէ։ դ16.11 2։13

Երկուշաբթի, օգոստոս 20

Ձեզմէ ալ այնպիսի՛ մարդիկ պիտի ելլեն, որոնք ծուռ բաներ պիտի խօսին՝ աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար (Գործք 20։30)։

Ք.Ե. 33–ի Պէնտէկոստէին, հազարաւոր նոր քրիստոնեաներ սուրբ հոգիով օծուեցան։ Անոնք եղան ‘ընտիր ցեղ մը, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը’ (Ա. Պետ. 2։9, 10)։ Առաքեալները ուշադրութեամբ հսկեցին Աստուծոյ ժողովուրդին ժողովքները, այնքան ատեն որ ողջ էին։ Բայց մանաւանդ անոնց մահէն ետք, կարգ մը մարդիկ ելան եւ «ծուռ բաներ» խօսեցան, «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար»։ Անոնք կը սիրէին Արիստոտէլին եւ Պղատոնին փիլիսոփայութիւնները եւ սկսան սորվեցնել իրե՛նց անձնական գաղափարները, քան Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը (Բ. Թես. 2։6-8)։ Անոնցմէ շատեր ժողովքին մէջ պատասխանատու դիրքեր ունէին եւ կը ծառայէին որպէս տեսուչ, իսկ ետքը՝ որպէս «եպիսկոպոս»։ Այսպիսով, կղերական դասակարգ մը սկսաւ կազմուիլ, հակառակ որ Յիսուս իր հետեւորդներուն ըսած էր. «Դուք ամէնքդ եղբայր էք» (Մատ. 23։9)։ դ16.11 4։8

Երեքշաբթի, օգոստոս 21

Ա՛լ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմնին վրայ (Հռով. 6։12)։

Թերեւս անցեալին շատ սխալներ ըրած ենք, առանց գիտնալու որ մեր ըրածները որքա՜ն Աստուծոյ աչքին գէշ են։ «Պղծութեան եւ անօրէնութեան ծառաներ» էինք, այսինքն՝ «մեղքի ծառաներ» կամ ստրուկներ (Հռով. 6։19, 20)։ Բայց երբ Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ճանչցանք, մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ ըրինք, Աստուծոյ նուիրուեցանք եւ մկրտուեցանք։ Ատկէ ի վեր, փափաքած ենք Եհովային ‘սրտանց հնազանդիլ’ եւ իր ուզած կերպով ապրիլ։ Մենք ‘մեղքէ ազատուեցանք’ եւ ‘արդարութեան ծառայ եղանք’ (Հռով. 6։17, 18)։ Բայց տակաւին ընտրութիւն մը ունինք մեր առջեւ. կա՛մ մեր մեղաւոր մտածումներուն եւ ցանկութիւններուն տեղի կու տանք, կամ ալ զանոնք կը զսպենք։ Մեր սրտին մէջ իրապէս ի՞նչ կ’ուզենք։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Կը ձգե՞մ որ անպատշաճ ցանկութիւններս այնքան զօրանան որ սխալը ընեմ, թէ ոչ անմիջապէս կը մերժեմ զանոնք’։ Եթէ Աստուծոյ շնորհքը շատ կ’արժեւորենք, մեր լաւագոյնը պիտի ընենք որ զինք ուրախացնենք։ դ16.12 1։11, 12

Չորեքշաբթի, օգոստոս 22

Հոգեւոր խորհուրդը. . . խաղաղութիւն է (Հռով. 8։6)։

Մենք իսկական մտքի խաղաղութիւն ունինք, քանի որ կը ջանանք մեր ընտանիքի անդամներուն եւ ժողովքի անդամներուն հետ խաղաղութիւն ունենալ։ Որովհետեւ անկատար ենք, ատեններ խնդիրներ պիտի ունենանք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ։ Այդ պարագային, կը հետեւինք Յիսուսի խրատին. «Եղբօրդ հետ հաշտուէ» (Մատ. 5։24)։ Մի՛ մոռնար որ եղբայրդ կամ քոյրդ ալ կը ծառայէ Եհովային՝ ‘խաղաղութեան Աստուծոյն’ (Հռով. 15։32. 16։20)։ Երբ հոգիին համաձայն մտածենք, նաեւ Աստուծոյ հետ խաղաղութիւն պիտի ունենանք։ Եսայի մարգարէն Աստուծոյ լիովին ապաւինողին մասին ըսաւ. «[Զինք] կատարեալ խաղաղութեան մէջ կը պահես, վասն զի քեզի կը յուսայ» (Եսա. 26։3. Հռով. 5։1)։ դ16.12 2։5, 18, 19

Հինգշաբթի, օգոստոս 23

Ուրախ եղէք Տէրոջմով ամէն ատեն (Փլպ. 4։4)։

Եհովան կ’օրհնէ իր ժողովուրդը նոյնիսկ Սատանայի աշխարհին այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ան վստահ կ’ըլլայ որ հոգեւորապէս ծաղկինք որեւէ ժամանակէ աւելի (Եսա. 54։13)։ Ինչպէս որ Յիսուս խոստացաւ, Եհովան մեզ հիմա կը վարձատրէ՝ մեզի տալով սիրալիր ընտանիք մը, որ աշխարհի չորս կողմը եղող եղբայրներէ եւ քոյրերէ կազմուած է (Մար. 10։29, 30)։ Ասկէ զատ, անոնք որ սրտանց կը փնտռեն Աստուած, կը ստանան ներքին խաղաղութիւն, գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն (Փլպ. 4։5-7)։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ «Աստուծոյ կամքը» ընելէ ետք, ‘խոստումը պիտի վայելես’ (Եբ. 10։35, 36)։ Ուրեմն, շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել եւ սրտանց Եհովային ծառայել, վստահ ըլլալով որ ան պիտի վարձատրէ մեզ (Կող. 3։23, 24)։ դ16.12 4։17, 20

Ուրբաթ, օգոստոս 24

Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ (Բ. Կոր. 3։17)։

Սահման ունեցող ազատութիւնը իսկական ազատութիւն կրնա՞յ ըլլալ։ Այո՛ կրնայ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ սահմանը կրնայ մեզ պաշտպանել։ Օրինակ՝ թերեւս որոշենք ինքնաշարժով հեռու շրջան մը երթալ։ Բայց ապահով կը զգա՞նք եթէ երթեւեկութեան օրէնքներ չըլլան եւ ամէն մարդ ինք որոշէ որքա՛ն արագ երթալ եւ ճամբուն ո՛ր կողմը քշել։ Անշուշտ ո՛չ։ Որպէսզի բոլոր մարդիկը վայելեն ազատութեան օրհնութիւնները, սահման ունենալը կարեւոր է։ Նկատի առ Ադամի պարագան, որ կը ցուցնէ թէ Եհովային դրած սահմանները մեր օգտին համար են։ Ադամ որոշեց արգիլուած պտուղէն ուտել, եւ այսպիսով չյարգեց այն սահմանը որ Եհովան դրած էր։ Որովհետեւ ան սխալ կերպով գործածեց իր ազատ կամքը, մարդիկ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը չարչարուին (Հռով. 5։12)։ Ադամի որոշումին լուրջ հետեւանքները մտքերնիս պահելով, պիտի մղուինք մեր ազատութիւնը լաւ կերպով գործածելու եւ Եհովային դրած սահմանները յարգելու։ դ17.01 2։6, 8

Շաբաթ, օգոստոս 25

Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ (Հռով. 12։3)։

Համեստ անձը առաջ որ որոշ նշանակում մը ընդունի, կը նայի թէ իրմէ ճիշդ ինչ պիտի ակնկալուի։ Ետքը, ան կ’աղօթէ եւ անկեղծօրէն նկատի կ’առնէ թէ արդեօք իր պայմանները կը ներե՞ն։ Ասոր մասին մտածելէ ետք, թերեւս անձը որոշէ որ չի կրնար այս նոր նշանակումին հոգ տանիլ։ Այս կերպով մտածելը մեզի կ’օգնէ որ մեր կարողութիւնները ե՛ւ սահմանափակումները նկատի առնենք, եւ թերեւս հարկ ըլլայ որ ո՛չ ըսենք։ Եհովան կ’ուզէ որ ‘համեստութեամբ իրեն հետ քալենք’ (Միք. 6։8, ՆԱ)։ Ուրեմն, երբ նոր նշանակում մը ստանանք, Եհովայէն ուղղութիւն եւ օգնութիւն կը խնդրենք, ճիշդ ինչպէս որ Գեդէօն ըրաւ։ Պէտք է խոկանք այն բաներուն վրայ որ Եհովան մեզի կ’ըսէ Սուրբ Գիրքին եւ իր կազմակերպութեան միջոցով։ Միշտ յիշենք որ Եհովային «խոնարհութիւն»ն է որ մեզի կ’օգնէ ընելու ինչ որ իր ծառայութեան մէջ կ’ընենք, եւ ոչ թէ մեր կարողութիւնները (Սաղ. 18։35, ՆԱ)։ Համեստութիւնը մեզի կ’օգնէ որ մենք մեզ բան մը չկարծենք, ոչ ալ մեր անձը թեթեւի առնենք։ դ17.01 3։17, 18

Կիրակի, օգոստոս 26

Ձեր աշխատութիւնը պարապ չէ Տէրոջմով (Ա. Կոր. 15։58)։

Յիսուս գիտէր թէ իր երկրային ծառայութիւնը պիտի վերջանար, եւ պէտք պիտի ըլլար որ ուրիշներ իր գործը շարունակէին։ Թէեւ իր աշակերտները անկատար էին, բայց ան անոնց հանդէպ վստահութիւն ունէր, եւ անոնց ըսաւ որ իր գործերէն աւելի մեծ գործեր պիտի ընէին (Յովհ. 14։12)։ Ան աշակերտները լաւ մարզեց եւ անոնք բարի լուրը տարածեցին այդ ժամանակուան աշխարհի չորս կողմը (Կող. 1։23)։ Յիսուս իր մահուընէ ետք յարութիւն առնելով երկինք ելաւ։ Ան ստացաւ յաւելեալ գործեր եւ հեղինակութիւն՝ ‘ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր’ (Եփ. 1։19-21)։ Գալով մեզի, նոյնիսկ եթէ մեռնինք Արմագեդոնէն առաջ որպէս Եհովայի հաւատարիմ ծառայ, յարութիւն պիտի առնենք եւ շատ ընելիքներ պիտի ունենանք արդար նոր աշխարհին մէջ։ Իսկ հիմա բոլորս ունինք բարի լուրը քարոզելու եւ աշակերտելու գործը, որ շա՜տ կարեւոր է։ Ըլլանք երիտասարդ թէ տարիքով մեծ, թող որ բոլորս «ամէն ատեն [աւելնանք] Տէրոջը գործին մէջ»։ դ17.01 5։17, 18

Երկուշաբթի, օգոստոս 27

Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր (Մաղ. 3։6)։

Փրկագինը մնայուն կերպով վճարուած է (Եբ. 9։24-26)։ Ատիկա լման մէջտեղէն պիտի վերցնէ Ադամէն ժառանգուած մահը։ Փրկանքը կրնայ մեզ ազատել Սատանայի աշխարհէն եւ մահուան վախէն (Եբ. 2։14, 15)։ Աստուծոյ խոստումները վերջին ծայր վստահելի են։ Ճիշդ ինչպէս որ բնութեան մէջ իր դրած օրէնքները չեն փոխուիր, Եհովան չի փոխուիր։ Ան մեզ բնա՛ւ յուսախաբ պիտի չընէ։ Եհովան միայն կեանք չի տար մեզի. ան իր սէրն ալ կու տայ։ «Մենք ճանչցանք ու հաւատացինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Աստուած սէր է» (Ա. Յովհ. 4։16)։ Ամբողջ երկիրը պիտի վերածուի գեղեցիկ դրախտի մը, եւ բոլոր մարդիկը իրար պիտի սիրեն։ Ետքը, թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ Աստուծոյ բոլոր ծառաները պիտի ըսեն. «Օրհնութիւն ու փառք եւ իմաստութիւն ու գոհութիւն եւ պատիւ ու զօրութիւն եւ կարողութիւն մեր Աստուծոյն՝ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն» (Յայտ. 7։12)։ դ17.02 2։16, 17

Երեքշաբթի, օգոստոս 28

Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք (Բ. Կոր. 7։1)։

Դիտարան–ի 1 յունիս 1973 թիւը (անգլերէն) հարցուց այս հարցումը. «Այն անհատները որոնք ծխախոտի իրենց մոլութիւնը չեն ձգած, մկրտուելու որակեա՞լ են»։ Պատասխանը ո՛չ էր, եւ հիմնուած էր Սուրբ Գիրքի սկզբունքներու վրայ։ Դիտարան–ը քանի մը համարներ մէջբերեց եւ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ այն անձը որ ծխախոտը պիտի չձգէ՝ պէտք է վտարուի (Ա. Կոր. 5։7)։ Ատիկա ըսաւ որ մարդիկ չեն որ այս խիստ չափանիշը կը դնեն, հապա՝ «Աստուած, որ իր գրաւոր Խօսքին միջոցաւ կը խօսի»։ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, կրօնքի մասին նոր հրատարակուած գիրք մը կ’ըսէ. «Քրիստոնեայ առաջնորդները միշտ իրենց ուսուցումները վերանայած են այն նպատակով, որ ատոնք համապատասխան ըլլան այն հաւատալիքներուն եւ կարծիքներուն, որոնց թիկունք կը կանգնին իրենց անդամները եւ ընդհանուր ընկերութիւնը»։ Եհովայի վկաներէն զատ, կա՞յ կրօնական կազմակերպութիւն մը որ լման քալած է Աստուծոյ Խօսքին հիման վրայ, նոյնիսկ երբ ասիկա դժուար ըլլայ իր կարգ մը անդամներուն համար։ դ17.02 4։15

Չորեքշաբթի, օգոստոս 29

Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ (Մատ. 23։12)։

Երէցները խոնարհ ըլլալով՝ չեն ուզեր նշանաւոր անձերու տեղ դրուիլ։ Այսպիսով, անոնք տարբեր են այս դարու շատ մը կրօնական առաջնորդներէ եւ Յիսուսի ժամանակուան կրօնական առաջնորդներէն, որոնց մասին ան ըսաւ. «Ընթրիքներու մէջ առաջին բազմոցները կը սիրեն եւ ժողովարաններուն մէջ առաջին աթոռները ու շուկաներուն մէջ բարեւները» (Մատ. 23։6, 7)։ Քրիստոնեայ երէցները խոնարհութեամբ կը հնազանդին Յիսուսի ըսածին. «Դուք ոեւէ մէկը ‘վարդապետ’ մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք բոլորդ եղբայրներ էք եւ մէկ ուսուցիչ ունիք։ Երկրի վրայ ոեւէ մէկը ‘հայր’ մի՛ կոչէք, որովհետեւ դուք մէկ Հայր ունիք, որ երկինքի մէջ է։ ‘Առաջնորդ’ մի՛ կոչուիք, որովհետեւ ձեր միակ առաջնորդը Քրիստոսն է։ Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ» (Մատ. 23։8-11, ՆԹ)։ Ուրեմն կը հասկնաս թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչո՛ւ կը սիրեն, կը յարգեն եւ կը պատուեն ժողովքի երէցները։ դ17.03 1։14, 15

Հինգշաբթի, օգոստոս 30

Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ (Գաղ. 6։5)։

Ամէն մէկս իր որոշումը պէտք է առնէ, եւ եթէ կ’ուզենք իմաստուն որոշումներ առնել, պէտք է Աստուծոյ Խօսքը գործածենք։ Ուրիշին պէտք չէ տանք մեր տեղը որոշումներ առնելու պատասխանատուութիւնը։ Ընդհակառակը, անձնապէս պէտք է սորվինք թէ Աստուծոյ աչքին ի՛նչը ճիշդ է, եւ որոշենք ատիկա ընել։ Ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ որ ուրիշներուն թոյլ տանք, որ մեր տեղը որոշումներ առնեն։ Օրինակի համար, ե՛րբ անոնց ճնշումին տեղի տալով սխալ որոշում մը կ’առնենք (Առ. 1։10, 15)։ Ասիկա վտանգաւոր է։ Մեր պատասխանատուութիւնն է որ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ մարզուած մեր խիղճին հետեւինք։ Եթէ ուրիշներուն ձգենք որ մեր տեղը որոշումներ առնեն, ուրեմն որոշած ենք անոնց հետեւիլ։ Ճիշդ է որ ասիկա ալ որոշում մըն է, բայց հետեւանքը շատ գէշ է։ Պօղոս առաքեալ գաղատացիներուն զգուշացում տուաւ, որ թոյլ չտան որ ուրիշները իրենց տեղը որոշումներ առնեն (Գաղ. 4։17)։ Ժողովքին մէջ ոմանք կը փորձէին ուրիշներուն տեղը որոշումներ առնել, որպէսզի անոնք առաքեալներուն տեղ՝ իրենց հետեւին։ դ17.03 2։8-10

Ուրբաթ, օգոստոս 31

[Յովսիա] երբ դեռ պատանի էր, իր հօրը Դաւիթին Աստուածը փնտռել սկսաւ ու տասներկրորդ տարին՝ Յուդան ու Երուսաղէմը բարձր տեղերէն եւ Աստարովթի կուռքերէն մաքրեց (Բ. Մն. 34։3)։

Յովսիան շատ ջանք թափեց որ Եհովան հաճեցնէ։ Մանուկներն ալ կրնան իրեն պէս պզտիկ տարիքէն Եհովան ճանչնալ։ Կրնայ ըլլալ որ Յովսիան իր մեծ հօրմէն Մանասէէն սորվեցաւ թէ Եհովան պատրաստ է ներելու։ Ո՛վ պատանիներ, դուք ալ կրնաք ձեր ընտանիքին կամ ժողովքին մէջ եղող տարիքով մեծ անհատներէն սորվիլ։ Անոնք կրնան ձեզի պատմել, թէ Եհովան որքա՜ն լաւ բաներ ըրած է իրենց համար։ Նաեւ յիշեցէք թէ երբ Յովսիան Սուրբ Գրութիւնները կարդաց, ազդուեցաւ եւ անմիջապէս փոփոխութիւններ ըրաւ։ Երբ դուք ալ Սուրբ Գիրքը կարդաք, հաւանաբար աւելի ուզէք Եհովային հնազանդիլ։ Այսպիսով, իրեն հետ ձեր բարեկամութիւնը պիտի զօրանայ եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլաք։ Ետքը, պիտի ուզէք որ ուրիշներուն ալ խօսիք Եհովային մասին (Բ. Մն. 34։18, 19)։ Նաեւ երբ Սուրբ Գիրքը սերտէք, թերեւս անդրադառնաք որ ձեր ծառայութիւնը կրնաք աւելի լաւ դարձնել կարգ մը մարզերու մէջ։ Այս պարագային, ձեր լաւագոյնը ըրէք որ Յովսիային պէս փոփոխութիւններ ընէք։ դ17.03 3։18, 19

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել