Յուլիս
Կիրակի, յուլիս 1
Բերնէդ ելածը ըրէ ինծի (Դատ. 11։36)։
Յեփթայէի աղջիկը Եհովային ծառայելու համար զոհեց ամուսնանալու եւ զաւակ ունենալու իր փափաքները։ Ինչպէ՞ս կրնանք իր անձնազոհ ոգին ընդօրինակել։ Հազարաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ յօժարութեամբ կը զոհեն ամուսնութիւնը եւ պզտիկ ունենալը, առնուազն հիմակուհիմա, որպէսզի կեդրոնանան Եհովային աւելի ծառայելուն վրայ։ Տարիքով աւելի մեծերէն շատեր ալ կը զոհեն այն ժամանակը, որ կրնան իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն հետ անցընել, որպէսզի աշխատին շինարարական գործերու մէջ կամ Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը երթան եւ ծառայեն հոն՝ ուր քարոզիչներու աւելի կարիք կայ։ Ուրիշներ իրենց անձնական բաները մէկ կողմ կը դնեն, որպէսզի քարոզելու արշաւներուն մասնակցին։ Եհովան մեծապէս կ’ուրախանայ այսպիսի սրտանց ծառայութեամբ, եւ ան բնա՛ւ չի մոռնար անոնց ըրածը եւ սէրը (Եբ. 6։10-12)։ Դուն ալ կրնա՞ս զոհողութիւններ ընել, որպէսզի Եհովային աւելի ծառայես։ դ16.04 1։16, 17
Երկուշաբթի, յուլիս 2
Պիտի ըլլան մէկ հօտ ու մէկ հովիւ (Յովհ. 10։16)։
Յիսուս ինքզինք հովիւի նմանցուց, եւ իր հետեւորդները՝ ոչխարներու հօտի։ Պահ մը մտածէ. եթէ երկու ոչխարներ բլուրի մը վրայ են, երկու ոչխարներ ձորի մը մէջ են, եւ ոչխար մը դաշտը կը պտըտի, կրնա՞նք այս հինգ ոչխարները մէկ հօտ նկատել։ Ընդհանրապէս, հօտին ոչխարները միասին կը մնան եւ հովիւին կը հետեւին։ Նմանապէս, չենք կրնար մեր Հովիւին հետեւիլ, եթէ դիտմամբ ժողովներու չգանք եւ եղբայրներէն հեռու մնանք։ Պէտք է հաւատակիցներուն հետ մէկտեղ հաւաքուինք, որպէսզի ըլլանք «մէկ հօտ» եւ հետեւինք «մէկ հովիւ»ի։ Ժողովները մեզի կ’օգնեն որ սիրալիր ընտանիքի մը պէս միացած ըլլանք (Սաղ. 133։1)։ Ժողովքին մէջ ոմանք իրենց ընտանիքի անդամներուն կողմէ մերժուած են։ Բայց Յիսուս խոստացաւ որ այսպիսի անհատներու պիտի տայ հոգեւոր ընտանիք մը, որ զիրենք պիտի սիրէ եւ հոգ տանի (Մար. 10։29, 30)։ Եթէ կանոնաւորաբար գաս ժողովներուն, կրնաս այսպիսի անհատներու համար ըլլալ հայր մը, մայր մը, եղբայր մը կամ քոյր մը։ Ասիկա մեզ չի՞ մղեր, որ մեր լաւագոյնը ընենք՝ բոլոր ժողովներուն ներկայ ըլլալու համար։ դ16.04 3։9, 10
Երեքշաբթի, յուլիս 3
Երբ աղօթքի կը կայնիք, ներեցէ՛ք եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէս զի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները (Մար. 11։25)։
Եթէ ուրիշներուն հետ խաղաղութիւն չընենք, Աստուծոյ ծառայելու համար ինչ ջանք ալ թափենք՝ պարապ է,– ըլլան աղօթքները, ժողովներու երթալը, քարոզչութիւնը եւ ուրիշ բաներ։ Եհովային բարեկամը կ’ըլլանք միայն եթէ պատրաստ ենք ուրիշներուն սխալները ներելու (Ղուկ. 11։4. Եփ. 4։32)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ իր բոլոր ծառաները ներողամիտ ըլլան եւ իրարու հետ խաղաղութեան մէջ ըլլան։ Մենք մեզի կրնանք հարցնել. ‘Եղբայրներուն շուտով կը ներե՞մ։ Իրենց հետ ըլլալով ուրա՞խ եմ’։ Եթէ անդրադառնաս որ պէտք է աւելի ներող ըլլաս, աղօթքով Եհովային օգնութիւնը խնդրէ, որ այս կէտին վրայ աշխատիս։ Մեր երկնաւոր Հայրը այսպիսի խոնարհ աղօթքներ պիտի լսէ եւ պատասխանէ (Ա. Յովհ. 5։14, 15)։ դ16.05 1։6, 7
Չորեքշաբթի, յուլիս 4
Արքայութեան այս աւետարանը. . . պիտի քարոզուի (Մատ. 24։14)։
Քարոզչութիւնը մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի։ Յիսուս ըսաւ որ ատիկա պիտի շարունակուէր մինչեւ վերջին օրերը, եւ ‘յետոյ վերջը պիտի գար’։ Ուրիշ ո՞ր կրօնական խումբը շարունակած է բարի լուրը քարոզել այս վերջին օրերուն ընթացքին։ Ծառայութեան մէջ ոմանք մեզի կ’ըսեն. «Մե՛նք ենք որ սուրբ հոգին ունինք, բայց դո՛ւք էք որ գործը կը կատարէք»։ Բայց մենք կրցած ենք գործին մէջ յարատեւել, ինչ որ բաւարար փաստ չէ՞ թէ Աստուծոյ հոգին ունինք (Գործք 1։8. Ա. Պետ. 4։14)։ Ատեն–ատեն, կարգ մը կրօնական խումբեր փորձած են Եհովայի վկաներուն սովորական ըրածը ընել, բայց ընդհանրապէս ձախողած են։ Ուրիշներ որոշ ժամանակ մը կը մասնակցին միսիոնարական գործունէութիւններու, եւ յետոյ իրենց սովորական կեանքին կը վերադառնան։ Իսկ ոմանք նոյնիսկ կը փորձեն դռնէ դուռ երթալ, սակայն իրենց քարոզածը ի՞նչ է։ Այս հարցումին պատասխանը յստակ կը դարձնէ, թէ անոնք Յիսուսի ըրած գործը չեն կատարեր։ դ16.05 2։13, 16
Հինգշաբթի, յուլիս 5
Եղբայրներ, ո՛ղջ եղէք, հաստա՛տ կեցէք, մխիթարուեցէ՛ք, միաբան եղէք, խաղաղութիւն ըրէք (Բ. Կոր. 13։11)։
Պօղոս առաքեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ձեր վրայէն հանէք այն ձեր առաջուան վարմունքը ունեցող հին մարդը, որ խաբեբայ ցանկութիւններով ապականուած էր եւ ձեր մտքով ու հոգիով նորոգուիք [«շարունակէք նորոգուիլ», ՆԱ] եւ նոր մարդը ձեր վրայ հագնիք, որ Աստուծոյ պատկերին պէս արդարութիւնով ու ճշմարիտ սրբութիւնով ստեղծուած է» (Եփ. 4։22-24)։ Ասիկա կը նշանակէ թէ պէտք է շարունակենք ջանք թափել որ փոխուինք եւ մեր վրայ հագնինք «նոր մարդը» կամ՝ նոր անձնաւորութիւնը։ Ասիկա քաջալերական է, քանի որ մեզ կը վստահեցնէ թէ միշտ կրնանք մեր բնաւորութեան մէջ փոփոխութիւններ ընելով լաւ յատկութիւններ ունենալ եւ Եհովային աւելի նմանիլ, չնայած թէ քանի՛ տարի է որ իրեն կը ծառայենք։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը կրնայ շարունակ մեր կեանքը փոխել։ դ16.05 4։8, 9
Ուրբաթ, յուլիս 6
Տէրը իր սիրածը կը խրատէ (Առ. 3։12)։
Մենք հոգեւոր դրախտի մը մէջ կ’ապրինք։ Ասիկա ներկայիս Եհովային ստեղծած մթնոլորտն է, ուր մեզ կը ձեւաւորէ (Եսա. 64։8)։ Հոն մենք ապահով կը զգանք, հակառակ որ չար աշխարհի մը մէջ ենք։ Եհովան ճանչցած ենք եւ այժմ իր հայրական սէրը կը զգանք (Յակ. 4։8)։ Նոր աշխարհին մէջ, հոգեւոր դրախտին օրհնութիւններէն լիովին պիտի օգտուինք։ Նաեւ պիտի վայելենք բառացի դրախտը՝ Աստուծոյ Թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ Այդ ժամանակամիջոցին, Եհովան պիտի շարունակէ մեզ ձեւաւորել եւ կրթել այն աստիճան, որ հիմա դժուար է երեւակայել (Եսա. 11։9)։ Ասկէ զատ, ան մեր միտքն ու մարմինը կատարեալ պիտի ընէ, որպէսզի կարենանք աւելի դիւրութեամբ հասկնալ իր ցուցմունքները եւ ամբողջովին կատարել իր կամքը։ Ուրեմն, շարունակենք Եհովային թոյլ տալ որ մեզ ձեւաւորէ, եւ ցուցնենք որ գիտենք թէ մեզ կը ձեւաւորէ քանի որ մեզ կը սիրէ։ դ16.06 1։8, 9
Շաբաթ, յուլիս 7
Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ իսրայէլ. մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է (Բ. Օր. 6։4, ՆԱ)։
Այդ բառերը Մովսէսի վերջին խօսքերէն էին, որ իսրայէլ ազգին ըսաւ։ Ք.Ա. 1473–ին, ազգը Մովաբի երկիրն էր եւ պատրաստ էր, որ Յորդանան գետը կտրելով գրաւէր Աւետեաց երկիրը (Բ. Օր. 6։1)։ Մովսէս 40 տարի առաջնորդած էր ժողովուրդը եւ կ’ուզէր որ անոնք քաջ ըլլային գալիք դժուարութիւններուն դիմաց։ Անոնք պէտք էր որ Եհովային՝ իրենց Աստուծոյն, վստահէին եւ հաւատարիմ ըլլային։ Յստակ է որ Մովսէսի խօսքերը շատ պիտի ազդէին ժողովուրդին վրայ։ Տասը պատուիրանները եւ Եհովային կողմէ ուրիշ կանոններ նշելէ ետք, Մովսէս Բ. Օրինաց 6։4, 5–ի զօրաւոր խօսքերը ըսաւ։ Իսրայէլացիները չէի՞ն գիտեր, թէ իրենց Աստուածը՝ Եհովան «մէկ Եհովա» է։ Անշո՛ւշտ գիտէին։ Հաւատարիմ իսրայէլացիները միայն մէկ Աստուած գիտէին եւ կը պաշտէին,– իրենց նախահայրերուն՝ Աբրահամին, Իսահակին եւ Յակոբին Աստուածը։ դ16.06 3։2, 3
Կիրակի, յուլիս 8
Այն օրուան եւ այն ժամուն համար մարդ չի գիտեր, ոչ ալ երկնքի հրեշտակները, հապա միայն իմ Հայրս (Մատ. 24։36)։
Յիսուս այդ խօսքերը ըսաւ, երբ երկրի վրայ էր։ Ան հիմա այլեւս գիտէ թէ Արմագեդոնը ե՛րբ է, քանի որ ի՛նքն է որ այս պատերազմը պիտի առաջնորդէ (Յայտ. 19։11-16)։ Բայց մենք դեռ չենք գիտեր. ուստի շատ կարեւոր է որ արթուն մնանք։ Եհովան որոշած է թէ մեծ նեղութիւնը ճիշդ ե՛րբ պիտի սկսի, եւ այժմ օրերը կը հաշուէ։ Այդ օրը «ետ պիտի չմնայ», այսինքն՝ պիտի չուշանայ (Ամբ. 2։1-3)։ Արդարեւ, Եհովային տուած մարգարէութիւնները միշտ ճի՛շդ ժամանակին կատարուած են։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ ան իր ժողովուրդը պիտի ազատէ մեծ նեղութեան ընթացքին եւ անոնց յաւիտենական կեանք պիտի տայ նոր աշխարհին մէջ, ճի՛շդ ինչպէս որ խոստացած է։ Արդ, եթէ կ’ուզենք նոր աշխարհին մէջ ըլլալ, պէտք է արթուն մնանք։ դ16.07 2։4-6
Երկուշաբթի, յուլիս 9
Պետրոս ըսաւ անոր. «Թէպէտ ամէնքն ալ գայթակղին, բայց ո՛չ ես» (Մար. 14։29)։
Պետրոս նշեց որ բնա՛ւ երեսի վրայ պիտի չձգէ Յիսուսը, նոյնիսկ եթէ բոլորը ձգէին (Մար. 14։27-31, 50)։ Բայց երբ Յիսուս ձերբակալուեցաւ, բոլոր առաքեալները,– մէջը ըլլալով Պետրոս,– առանձին ձգեցին Յիսուսը։ Պետրոս նոյնիսկ երեք անգամ ըսաւ որ Յիսուսը չէր ճանչնար (Մար. 14։53, 54, 66-72)։ Սակայն ան շատ գէշ զգաց եւ Եհովան իրեն ներեց ու շարունակեց գործածել։ Եթէ այդ ժամանակ աշակերտ մը ըլլայիր եւ գիտնայիր Պետրոսին ըրածները, պիտի շարունակէի՞ր Եհովային վստահիլ։ Իսկ այսօր, կը հասկնա՞ս որ Եհովան ողորմած է, եւ թերեւս ժամանակ կու տայ սխալող անհատին որ զղջայ։ Եթէ լուրջ մեղք գործող անհատը մերժէ Եհովային ողորմութիւնը եւ չզղջայ, համոզուած պիտի ըլլա՞ս որ Եհովան յարմար ժամանակին արդարութեամբ պիտի դատէ մեղանչողը, եւ թերեւս նոյնիսկ ժողովքէն վերցնէ զինք։ դ16.06 4։8, 9
Երեքշաբթի, յուլիս 10
Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ու մեր Հայրը՝ Աստուած. . . ձեր սրտերը մխիթարեն եւ ձեզ հաստատեն (Բ. Թես. 2։15, 16)։
Երբոր զգացական նեղութեան մէջ ըլլանք, Եհովան մեզ կը մխիթարէ։ Ասիկա մեծ օրհնութիւն մըն է (Սաղ. 51։17)։ Երբ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաները հալածանքի տակ էին, Պօղոս իրենց գրեց այս օրուան համարին խօսքերը։ Որքա՜ն կը մխիթարէ գիտնալը որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ կը հոգայ։ Անկատար ու մեղաւոր ըլլալով, մենք առանց իր օգնութեան յոյս չունինք (Սաղ. 49։7, 8)։ Յիսուս ըսաւ. «Զիս ղրկողին կամքը այս է, որ այն ամէնը որ կը տեսնեն Որդին եւ կը հաւատան անոր, յաւիտենական կեանք ունենան» (Յովհ. 6։40)։ Ուստի, Եհովայի շնորհքին շնորհիւ՝ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունինք։ Պօղոս նշեց. «Աստուած իր շնորհքը յայտնեց՝ որպէսզի բոլոր մարդիկ փրկուին» (Տիտ. 2։11, ՆԹ)։ դ16.07 3։14, 15
Չորեքշաբթի, յուլիս 11
Ձեզմէ ոեւէ մէկը իր երիտասարդութեան կնոջ հետ անհաւատարմութեամբ թող չվարուի (Մաղ. 2։15)։
Այսօր, Եհովայի ժողովուրդին մէջ ընդունուած չէ որ մէկը իր կողակիցին դաւաճանէ։ Բայց սեպէ թէ մկրտուած եւ ամուսնացած մարդ մը կամ կին մը ուրիշին կողակիցին հետ շնութիւն գործեց, եւ ամուսնալուծուեցաւ որպէսզի անոր հետ ամուսնանայ։ Եթէ ան զղջացած չէ, կը վտարուի որպէսզի ժողովքը հոգեւորապէս մաքուր մնայ (Ա. Կոր. 5։11-13)։ Եւ որպէսզի ան ետ ժողովքին մէջ ընդունուի, պէտք է ‘ապաշխարութեան արժանաւոր պտուղ բերէ’, այսինքն՝ փաստէ թէ իրապէս զղջացած է (Ղուկ. 3։8. Բ. Կոր. 2։5-10)։ Չէ պահանջուած որ պէտք է մասնայատուկ ժամանակ մը անցնի առաջ որ ան ժողովքին մէջ վերահաստատուի։ Բայց այս պարագային, թերեւս մէկ տարի կամ աւելի ժամանակ առնէ, որ մեղք գործողը փաստէ թէ իրապէս զղջացած է։ Նոյնիսկ եթէ անհատը վերահաստատուի, ան դեռ «Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ» թէ անկեղծօրէն զղջացած է կամ ոչ (Հռով. 14։10-12)։ դ16.08 1։12, 13
Հինգշաբթի, յուլիս 12
Եթէ մէկը տեսուչ ըլլալու կը ձգտի, աղէկ գործի կը ցանկայ (Ա. Տիմ. 3։1, ՆԱ)։
Այս համարին բնագրին մէջ յունարէն բայը կը նշանակէ՝ բան մը բռնելու համար ձեռքդ երկարել, թերեւս սովորականէն աւելի։ Պօղոս առաքեալ այս բառը գործածելով շեշտեց, թէ մէկը պէտք է ջանք թափէ որ հոգեւորապէս յառաջդիմէ։ Երեւակայէ թէ եղբայր մը կ’ուզէ օգնական ծառայ ըլլալ։ Ան կ’անդրադառնայ որ պէտք է հոգեւոր յատկութիւններ զարգացնէ իր մէջ։ Ետքը, մինչ որպէս օգնական ծառայ կը ծառայէ, ան կը շարունակէ ծանր աշխատիլ որպէսզի որակեալ ըլլայ տեսուչ ըլլալու։ Նմանապէս, կարգ մը եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կը մտցնեն, քանի որ կ’ուզեն ծառայել որպէս ռահվիրայ, բեթէլական կամ որպէսզի օգնեն Թագաւորութեան սրահներ շինելու։ դ16.08 3։3, 4
Ուրբաթ, յուլիս 13
Անոնք՝ քու մեծ ուժովդ ու զօրաւոր ձեռքովդ ազատուած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են (Նէ. 1։10)։
Երեւակայէ թէ Նէեմիա ի՛նչ զգաց, երբ Երուսաղէմ հասաւ եւ տեսաւ որ քաղաքը պաշտպանութիւն չունէր եւ հրեաները վհատած էին։ Թշնամիները կը վախցնէին հրեաները եւ այս պատճառով անոնք կեցած էին Երուսաղէմի պարիսպները շինելէ։ Նէեմիա վհատելով իր ձեռքերը թուլցո՞ւց։ Ո՛չ։ Մովսէսի, Ասայի եւ ուրիշներու պէս, Նէեմիա սովորութիւն ունէր որ աղօթքով Եհովային վստահի (Ել. 17։8-13. Բ. Մն. 14։8-13)։ Այս պարագային ալ ան Եհովայէն օգնութիւն խնդրեց եւ Եհովան պատասխանեց։ Աստուած ‘իր մեծ ուժով ու զօրաւոր ձեռքով’ ուժովցուց հրեաներուն ձեռքը (Նէ. 2։17-20. 6։9)։ Կը հաւատա՞ս որ Եհովան այսօր ալ ‘իր մեծ ուժով ու զօրաւոր ձեռքով’ կ’ուժովցնէ իր ծառաները։ դ16.09 1։9
Շաբաթ, յուլիս 14
Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք (Ա. Կոր. 10։31)։
Հոլանտական լրագիր մը նկարագրեց թէ կրօնական առաջնորդները ի՛նչ հագած էին ժողովի մը ընթացքին. «Կը տեսնես շատ մը անպաշտօն հագուստներ, մանաւանդ երբ տաք է։ Իսկ Եհովայի վկաներու համաժողովը այդպէս չէ»։ Իսկապէս, շատ անգամներ մարդիկ կը գովեն Եհովայի վկաները, քանի որ «վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին [կը] զարդարեն. . . ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած [անձերուն]» (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Պօղոս կը խօսէր կիներուն մասին, բայց նոյն չափանիշը կը կիրարկուի տղամարդոց։ Որպէս Եհովայի վկայ, մեր քով կարեւորութիւն ունին հագուստի լաւ չափանիշները։ Մեր պաշտած Աստուծոյն քով ալ ատոնք կարեւորութիւն ունին (Ծն. 3։21)։ Սուրբ Գիրքին մէջ յստակ է թէ տիեզերքին Ստեղծիչը՝ Եհովան դրած է չափանիշներ, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզէ որ իր ծառաները հագուին։ Ուրեմն, ի՛նչ որ կ’որոշենք հագուիլ, պէտք է ընդունելի ըլլայ Գերիշխան Տէր Եհովային քով։ դ16.09 3։1, 2
Կիրակի, յուլիս 15
Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան (Բ. Պետ. 1։21)։
Ոմանք կը սիրեն Սուրբ Գիրքին մարգարէութիւնները սերտել։ Ուրիշներ թերեւս կը սիրեն Սուրբ Գիրքին պատմութիւնները բաղդատել պատմաբաններուն, գիտնականներուն կամ հնագէտներուն ըսածին հետ։ Օրինակ՝ նկատի առ Ծննդոց 3։15–ի մարգարէութիւնը։ Ատիկա առաջինն է այն մարգարէութիւններուն, որոնք մեզի կ’օգնեն հասկնալու թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ինչպէ՛ս պիտի փաստէ, որ Աստուծոյ իշխելու կերպը լաւագոյնն է, եւ ինչպէ՛ս վերջ պիտի դնէ տառապանքին։ Ինչպէ՞ս կրնաս Ծննդոց 3։15–ը սերտել։ Կրնաս ցանկ մը պատրաստել այն համարներուն, որոնք մանրամասնութիւններ կու տան թէ այս մարգարէութիւնը ինչպէ՛ս պիտի կատարուէր։ Ետքը, կը նայիս թէ այդ համարներուն ամէն մէկը ե՛րբ գրուած է, եւ զանոնք կը շարես ժամանակի կարգով։ Պիտի նկատես թէ հակառակ որ Սուրբ Գիրքը գրողները ապրեցան տարբեր ժամանակներ, բայց անոնց ամէն մէկուն գրածը աւելի յստակացուց մարգարէութիւնը։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ որ փաստես թէ սուրբ հոգին առաջնորդեց զիրենք։ դ16.09 4։8
Երկուշաբթի, յուլիս 16
Ո՞վ է ան որ քեզ տարբեր կ’ընէ ուրիշներէն (Ա. Կոր. 4։7)։
Պետրոս առաքեալ որոշ ժամանակ մը նախապաշարուած էր հրեայ չեղողներուն հանդէպ։ Բայց ան երթալէն սորվեցաւ իր սրտէն հանել այս գէշ զգացումները (Գործք 10։28, 34, 35. Գաղ. 2։11-14)։ Նմանապէս, եթէ նախապաշարումին կամ ազգային հպարտութեան հետքը զգանք մեր մէջ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ զայն ջնջենք (Ա. Պետ. 1։22)։ Ասոր մէջ ի՞նչը մեզի կ’օգնէ։ Պէտք է յիշենք թէ անկատար ենք, չնայած թէ ո՛ր երկրէն ենք, եւ թէ ո՛չ մէկս արժանի է փրկուելու (Հռով. 3։9, 10, 21-24)։ Ուրեմն, ինչո՞ւ կարծենք որ ուրիշէն աւելի լաւ ենք։ Պէտք է Պօղոս առաքեալին պէս զգանք, որ օծեալ քրիստոնեաներուն ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա. . . Աստուծոյ ընտանիքը» (Եփ. 2։19)։ Բոլորս պէտք է շատ ջանք թափենք որ նախապաշարումները մէկ կողմ դնենք, որպէսզի կարենանք նոր անձնաւորութիւնը ունենալ (Կող. 3։10, 11)։ դ16.10 1։9
Երեքշաբթի, յուլիս 17
Ցորեկ ու գիշեր անոր օրէնքին վրայ կը մտածէ (Սաղ. 1։2)։
Եհովան Սուրբ Գիրքը տուած է մեզի, որպէսզի մեր հաւատքը զօրաւոր պահենք։ Ուրախ եւ յաջող ըլլալու համար, լաւ կ’ըլլայ որ օրական կարդանք Սուրբ Գիրքը (Սաղ. 1։1-3. Գործք 17։11)։ Եհովան նաեւ ‘ատենին կերակուր’ կու տայ մեզի՝ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին միջոցաւ (Մատ. 24։45)։ Պէտք է Եհովայի անցեալի ծառաներուն պէս շարունակենք խոկալ իր խոստումներուն վրայ եւ իրեն հնազանդինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ հաւատարիմ մնանք եւ անհամբեր սպասենք այն ժամանակուան, երբ իր Թագաւորութիւնը պիտի իշխէ ամբողջ աշխարհին վրայ (Եբ. 11։1)։ Աղօթքն ալ օգնեց Եհովայի անցեալի ծառաներուն որ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն։ Երբ անոնք կը տեսնէին Աստուծոյ պատասխանը իրենց աղօթքներուն, իրենց հաւատքը կը զօրանար (Նէ. 1։4, 11. Սաղ. 34։4, 15, 17. Դան. 9։19-21)։ դ16.10 3։7, 8
Չորեքշաբթի, յուլիս 18
Եթէ ունենամ ամէն հաւատքը մինչեւ լեռները տեղափոխելու ու սէր չունենամ, ոչինչ եմ (Ա. Կոր. 13։2)։
Յիսուս ըսաւ որ Աստուած սիրելը ամէնէն ‘մեծ պատուիրանքն է օրէնքին մէջ’ (Մատ. 22։35-40)։ Որովհետեւ հաւատքն ու սէրը շատ կարեւոր են, Աստուածաշունչի գրողները յաճախ նոյն նախադասութեան մէջ նշեցին երկուքը։ Պօղոս իր եղբայրները քաջալերեց որ ‘հաւատքի ու սիրոյ զրահը իրենց վրայ հագնին’ (Ա. Թես. 5։8)։ Իսկ Յովհաննէս գրեց. «Ասիկա է անոր պատուիրանքը, որ իր Որդիին Յիսուս Քրիստոսին անուանը հաւատանք ու մէկզմէկ սիրենք» (Ա. Յովհ. 3։23)։ Բայց Պօղոս նաեւ ըսաւ. «Հիմա կը մնայ՝ հաւատք, յոյս, սէր։ Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կոր. 13։13)։ Ապագային պէտք պիտի չունենանք որ Աստուծոյ խոստումներուն հաւատանք, քանի որ ատոնք իրականացած պիտի ըլլան. պիտի ապրինք այն հոյակապ կեանքը որ Սուրբ Գիրքին մէջ նկարագրուած է։ Բայց միշտ պէտք պիտի ունենանք որ մեր սէրը աւելցնենք Աստուծոյ եւ մարդոց հանդէպ։ դ16.10 4։15-17
Հինգշաբթի, յուլիս 19
Եկեղեցիները հաւատքի մէջ կը հաստատուէին (Գործք 16։5)։
Առաջին դարուն, կարգ մը եղբայրներ ժողովքներուն այցելեցին, որպէսզի «Երուսաղէմ եղած առաքեալներէն ու երէցներէն ապսպրուած հրամանները» փոխանցեն, այսինքն՝ կառավարիչ մարմինին ըսածները (Գործք 16։4)։ Ժողովքները այդ ցուցմունքներուն հետեւելով՝ «հաւատքի մէջ կը հաստատուէին եւ օրէ օր անոնց թիւը կ’աւելնար»։ Ներկայիս, ի՞նչ պէտք է ընենք, երբ Աստուծոյ կազմակերպութենէն ուղղութիւն ստանանք։ Աստուածաշունչը բոլորէս կը խնդրէ որ հնազանդ եւ ենթարկուող ըլլանք (Բ. Օր. 30։16. Եբ. 13։7, 17)։ Ով որ Եհովային հաւատարիմ է՝ չ’ըմբոստանար եւ ցուցմունքին մասին չի գանգատիր, որպէսզի չխանգարէ ժողովքին մէջ եղած սէրը, խաղաղութիւնը եւ միութիւնը։ Անշուշտ, ո՛չ մէկ հաւատարիմ քրիստոնեայ կ’ուզէ որ Դիոտրեփէսի պէս յարգանքի պակաս ցոյց տայ (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Եղբայրներս ու քոյրերս կը քաջալերե՞մ որ Եհովային հաւատարիմ ըլլան։ Շուտով կը հետեւի՞մ Աստուծոյ կազմակերպութեան տուած ուղղութեան’։ դ16.11 2։10, 11
Ուրբաթ, յուլիս 20
Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ (Եր. 29։7)։
Այն հրեաները որ Եհովայի ցուցմունքներուն հետեւեցան, Բաբելոնի մէջ գրեթէ սովորական կեանք մը ապրեցան։ Բաբելոնացիները թոյլ տուին որ հրեաները որոշ չափով անձամբ հոգ տանին իրենց հարցերուն եւ ազատօրէն երթան–գան երկրին մէջ։ Այդ ժամանակ, Բաբելոնը առեւտուրի կեդրոն էր, եւ հին փաստաթուղթեր կը ցուցնեն թէ հոն շատ մը հրեաներ սորվեցան վաճառականութիւն ընել, իսկ ուրիշներ վարպետ արհեստաւորներ դարձան։ Նոյնիսկ կարգ մը հրեաներ հարստացան։ Բաբելոնի գերութիւնը չէր նմաներ Եգիպտոսի ստրկութեան, որ պատահած էր հարիւրաւոր տարիներ առաջ (Ել. 2։23-25)։ Բայց հրեաները օրին մէկը պիտի կարենայի՞ն Աստուած պաշտել լիովին ընդունելի կերպով։ Այդ ժամանակ, ասիկա անկարելի կը թուէր, քանի որ Բաբելոնը բնա՛ւ չէր արձակեր իր գերիները։ Բայց Աստուած խոստացած էր որ իր ժողովուրդը ազատ պիտի արձակուէր, եւ ի վերջոյ ասիկա իրականացաւ։ Աստուծոյ խոստումները մի՛շտ կը կատարուին (Եսա. 55։11)։ դ16.11 4։3, 5
Շաբաթ, յուլիս 21
Մենք մեղքին մեռանք (Հռով. 6։2)։
Առաջին դարուն, Աստուած փրկանքին միջոցաւ ներեց Պօղոսի եւ ուրիշներու մեղքերը։ Ան սուրբ հոգիով օծեց զիրենք որպէսզի իր որդիները ըլլան։ Եթէ հաւատարիմ մնային, երկնքին մէջ պիտի ապրէին եւ Քրիստոսին հետ թագաւորէին։ Բայց անոնք ինչպէ՞ս ‘մեղքին մեռած էին’, երբ տակաւին ողջ էին։ Պօղոս գործածեց Յիսուսի օրինակը, որպէսզի ցուցնէ թէ իրենց ապրելակերպը լման փոխուած էր։ Ան ըսաւ որ Յիսուս իր մահէն ետք յարութիւն առաւ որպէս անմահ հոգի։ Այս պատճառով, «ա՛լ մահը անոր վրայ իշխանութիւն [չունէր]»։ Նմանապէս, կարծես թէ քրիստոնեաներն ալ մեռած էին։ Անոնց կեանքը լման փոխուած էր, քանի որ այլեւս չէին ձգեր որ իրենց մեղաւոր ցանկութիւնները իրենց վրայ իշխեն։ Անոնք իրենց լաւագոյնը կ’ընէին որ Աստուծոյ ուզած կերպով ապրին։ Անոնք ‘կը սեպէին իրենց անձերը մեղքի մեռած, բայց Աստուծոյ կենդանի՝ մեր Տէրոջը Քրիստոս Յիսուսին ձեռքով’ (Հռով. 6։9, 11)։ դ16.12 1։9, 10
Կիրակի, յուլիս 22
Հոգեւոր խորհուրդը կեանք ու խաղաղութիւն է (Հռով. 8։6)։
Հոգիին համաձայն մտածելը չի նշանակեր, թէ անհատը կապ չունի այս աշխարհին հետ։ Ան պէտք չունի միայն Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին մասին մտածելու ու խօսելու։ Քրիստոնեաները բնական կեանք մը կ’ապրին։ Նկատի առ առաջին քրիստոնեաները։ Անոնք կերան ու խմեցին, ամուսնացան ու ընտանիք կազմեցին եւ աշխատեցան (Մար. 6։3. Ա. Թես. 2։9)։ Բայց Պօղոս եւ ուրիշ քրիստոնեաներ չձգեցին որ այս բնական գործունէութիւնները դառնան իրենց կեանքին ամէնէն կարեւոր բաները։ Օրինակ՝ գիտենք որ Պօղոսին գործը վրանագործութիւն էր, բայց գործը իր կեանքին ամէնէն կարեւոր բանը չէր։ Ան կեդրոնացած էր հոգեւոր բաներու վրայ՝ քարոզչութեան եւ աշակերտելուն վրայ (Գործք 18։2-4. 20։20, 21, 34, 35)։ Եւ ան Հռոմի եղբայրները քաջալերեց որ ասոնց վրայ կեդրոնանան։ Այդ եղբայրները պէտք էր իրեն նմանէին։ Մենք ալ պէտք է զինք ընդօրինակենք (Հռով. 15։15, 16)։ դ16.12 2։5, 15, 16
Երկուշաբթի, յուլիս 23
Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ (Առ. 19։17)։
Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան կը գնահատէ ի՛նչ որ կ’ընենք որ իրեն ծառայենք։ Ան կը հասկնայ մեր զգացումները երբ մենք մեր անձէն վստահ չըլլանք կամ կասկած ունենանք մեր կարողութիւններուն վրայ։ Ան մեզի հետ կը զգայ երբ դրամական հոգերու մէջ թաղուած ըլլանք կամ ալ մեր առողջապահական կամ զգացական խնդիրներուն պատճառաւ չկրնանք առաջուան պէս ծառայել իրեն։ Եւ կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Եհովան կ’արժեւորէ ամէն բան որ իր ծառաները կ’ընեն, որպէսզի իրեն հաւատարիմ մնան (Եբ. 6։10, 11)։ Նաեւ միտքդ պահէ թէ Եհովան «աղօթքի լսող»ն է, եւ վստահաբար մտիկ պիտի ընէ մեզի երբ իրեն աղօթենք (Սաղ. 65։2)։ «Գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» առանց խնայելու պիտի օգնէ մեզի զգացականօրէն եւ հոգեւորապէս, թերեւս ատեններ գործածելով մեր եղբայրներն ու քոյրերը (Բ. Կոր. 1։3)։ Եհովան կ’ազդուի երբ ուրիշներուն կարեկցինք (Մատ. 6։3, 4)։ Եւ ան կը խոստանայ մեր ըրած լաւութիւնը վարձատրել։ դ16.12 4։13, 14
Երեքշաբթի, յուլիս 24
Ուր որ Տէրոջը Հոգին կայ, հոն ազատութիւն կայ (Բ. Կոր. 3։17)։
Երբ Յիսուս երկրի վրայ էր, որոշեց Սատանային փորձութիւնները մերժել (Մատ. 4։10)։ Իսկ իր մահուան նախորդող գիշերը, Յիսուս իր Հօր ըսաւ որ կ’ուզէ Իր կամքը կատարել։ Ան ըսաւ. «Հա՛յր, եթէ կ’ուզես, այս գաւաթը ինձմէ անցուր. բայց ոչ թէ իմ կամքս՝ հապա քուկդ թող ըլլայ» (Ղուկ. 22։42)։ Լաւ, մենք իրապէս կրնա՞նք Յիսուսին նմանիլ եւ մեր ազատ կամքը գործածել Եհովային փառք բերելու եւ իր կամքը կատարելու։ Այո՛, կրնանք Յիսուսին նմանիլ քանի որ մենք ալ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած ենք (Ծն. 1։26)։ Բայց մենք Եհովային պէս բացարձակ ազատութիւն չունինք։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ Եհովան սահման դրած է մեր ազատութեան, եւ մեզմէ կ’ակնկալէ որ զայն ընդունինք։ Օրինակ, ընտանիքին մէջ՝ կինը պէտք է իր ամուսինին ենթարկուի, իսկ զաւակները՝ իրենց ծնողքին (Եփ. 5։22. 6։1)։ դ17.01 2։4, 5
Չորեքշաբթի, յուլիս 25
Այս կ’ըսեմ ձեր մէջ եղող ամէն մէկուն, որ արժան եղածը մտածելէն աւելի բան չմտածէ (Հռով. 12։3)։
Հետաքրքրական ժամանակի մը մէջ կ’ապրինք։ Եհովայի կազմակերպութեան երկրային մասը շատ մը կերպերով կ’աճի։ Ասիկա կը նշանակէ թէ փոփոխութիւնները պիտի շարունակուին։ Երբ փոփոխութիւնները անձնապէս մեզի ազդեն, լաւ կ’ըլլայ որ հեզ ըլլանք եւ Եհովային շահերը փնտռենք ու ոչ թէ մեր շահերը։ Ասիկա կը ձգէ որ միացած մնանք։ Պօղոս Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց. «Ինչպէս մէկ մարմնի մէջ շատ անդամներ ունինք ու այն բոլոր անդամները միեւնոյն գործը չունին, նոյնպէս մենք՝ շատուորներս՝ մէ՛կ մարմին ենք Քրիստոսով» (Հռով. 12։4, 5)։ Ուրեմն, ինչ ալ ըլլան մեր պարագաները, թող որ բոլորս ջանք թափենք որ Եհովայի հոյակապ Թագաւորութեան շահերը յառաջ տանինք։ Ո՛վ մեծեր, երիտասարդները մարզեցէք որ ձեր ըրած գործը ընեն։ Ո՛վ երիտասարդներ, տրուած պատասխանատուութիւնը ընդունեցէք, համեստ եղէք եւ մեծերը յարգեցէք։ Եւ ո՛վ կիներ, Ակիւղասի կնոջ՝ Պրիսկիղային նմանեցէք, որ իր ամուսինին հաւատարմաբար թիկունք կանգնեցաւ, երբ իրենց պարագաները փոխուեցան (Գործք 18։2)։ դ17.01 5։15, 16
Հինգշաբթի, յուլիս 26
Ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ (Դատ. 6։15)։
Գեդէօն բառին բուն իմաստով համեստ էր։ Ան Եհովային վստահելով ընդունեց իր նշանակումը։ Ետքը, ան լաւ մը հասկցաւ որ Եհովան ճիշդ ինչ կ’ուզէ իրմէ որ ընէ, եւ աղօթքով խնդրեց որ զինք առաջնորդէ (Դատ. 6։36-40)։ Գեդէօն համարձակ եւ քաջ էր, բայց միեւնոյն ատեն՝ իմաստուն եւ զգոյշ (Դատ. 6։11, 27)։ Ան իր նշանակումը չօգտագործեց որ ժողովուրդին վրայ իշխանութիւն ունենայ։ Ընդհակառակը, հազիւ որ իր նշանակումը վերջացաւ, իր տունը վերադարձաւ (Դատ. 8։22, 23, 29)։ Համեստ ըլլալ չի նշանակեր թէ բնա՛ւ պէտք չէ ուզենք կամ ընդունինք յաւելեալ առանձնաշնորհումներ ունենալ։ Սուրբ Գիրքը բոլորս կը քաջալերէ որ յառաջդիմենք (Ա. Տիմ. 4։13-15)։ Բայց յառաջդիմելու համար պայմա՞ն է որ մեր նշանակումը փոխուի։ Ո՛չ։ Կրնանք որեւէ նշանակումի մէջ հոգեւորապէս յառաջդիմել Եհովային օրհնութիւնով։ Կրնանք շարունակել Աստուծոյ մեզի տուած կարողութիւնները զարգացնել եւ լաւ բաներ ընել։ դ17.01 3։15, 16
Ուրբաթ, յուլիս 27
Աստուած իր միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէս զի անոր միջոցով ապրինք (Ա. Յովհ. 4։9)։
Եհովան փրկանքին համար սուղ գին վճարեց (Ա. Պետ. 1։19)։ Իր քով այնքա՛ն մեծ արժէք ունինք, որ թոյլ տուաւ որ իր միածին Որդին մեզի համար մեռնի։ Ձեւով մը, Յիսուս մեր բուն մարդկային հօր՝ Ադամին տեղը կ’առնէ (Ա. Կոր. 15։45)։ Ան մեզի առիթ տուաւ որ ի վերջոյ թէ՛ յաւիտենական կեանք ունենաք եւ թէ Աստուծոյ ընտանիքին միանանք։ Իրապէս, փրկանքին միջոցաւ մարդիկ կատարեալ պիտի ըլլան եւ Եհովան կրնայ զիրենք դարձեալ ընդունիլ իր ընտանիքին մէջ, առանց իր դրած օրէնքները կտրելու։ Երեւակայէ թէ որքան հոյակապ պիտի ըլլայ երբ բոլոր հաւատարիմ մարդիկը կատարեալ ըլլան։ Եհովայի ընտանիքին երկնային ու երկրային մասերը լման միացած պիտի ըլլան։ Բոլորս բառին բուն իմաստով Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլանք (Հռով. 8։21)։ Մենք շնորհակալ ենք փրկանքին համար, եւ ասիկա մեզ կը մղէ որ ուրիշներուն խօսինք այս արժէքաւոր նուէրին մասին։ դ17.02 1։17, 19
Շաբաթ, յուլիս 28
Ո՞վ է այն հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան (Մատ. 24։45)։
Դիտարան–ի 15 յուլիս 2013 թիւը բացատրեց, թէ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան»՝ օծեալ եղբայրներու պզտիկ խումբ մըն է, որ կը կազմէ Կառավարիչ մարմինը։ Կառավարիչ մարմինը որպէս խումբ կարեւոր որոշումներ կ’առնէ, երբ իր անդամները ամէն շաբաթ կը հաւաքուին։ Ասիկա կը ձգէ որ հաղորդակցութիւն եւ միութիւն ըլլայ իրենց միջեւ (Առ. 20։18)։ Ամէն տարի, Կառավարիչ մարմինի անդամներէն մէկը կ’ըլլայ այդ ժողովներուն ատենապետը, քանի որ մէկը միւսէն աւելի կարեւոր չէ (Ա. Պետ. 5։1)։ Կառավարիչ մարմինի վեց յանձնախումբերուն մէջ ալ ամէն տարի Կառավարիչ մարմինի տարբեր անդամ մը կ’ըլլայ ատենապետը։ Կառավարիչ մարմինին իւրաքանչիւր անդամը առաջնորդի մը պէս չի վարուիր միւսներուն հետ։ Բոլորն ալ «ծառաներուն» կը պատկանին, հոգեւոր սնունդ կը ստանան եւ հաւատարիմ ծառային ուղղութեան կը հետեւին։ Կառավարիչ մարմինը չ’ըսեր թէ սուրբ հոգին կը խօսի իրենց հետ, ոչ ալ կ’ըսէ թէ իրենք չեն սխալիր։ Ուրեմն, անոնք կրնան սխալիլ Սուրբ Գիրքը բացատրելու մէջ կամ կազմակերպչական հարցերու մէջ։ դ17.02 4։10-12
Կիրակի, յուլիս 29
[Աստուած] իր Որդիին չխնայեց, հապա մեր ամենուն համար մատնեց զանիկա (Հռով. 8։32)։
Որպէսզի ցուցնենք թէ շնորհակալ ենք փրկանքին համար, Եհովային կը նուիրուինք եւ կը մկրտուինք։ Մեր մկրտութիւնը կը յայտնէ թէ «մենք Տէրոջն ենք» (Հռով. 14։8)։ Եհովան կ’ուզէ որ բոլոր զինք պաշտողները սէր ունենան, ճիշդ ինչպէս որ ինք ի՛նչ որ կ’ընէ՝ սէրէ մղուած կ’ընէ (Ա. Յովհ. 4։8-11)։ Մարդիկը սիրելով կը ցուցնենք թէ կ’ուզենք «[մեր] երկնաւոր Հօրը որդիներ»ը ըլլալ (Մատ. 5։43-48)։ Ամէնէն մեծ պատուիրանն է՝ Եհովան սիրել, իսկ ետքը կու գայ ուրիշները սիրել (Մատ. 22։37-40)։ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզելով կը ցուցնենք թէ մարդիկը կը սիրենք։ Եթէ հնազանդինք Եհովայի պատուէրին որ մարդիկը սիրենք, մանաւանդ մեր եղբայրները, իրեն հանդէպ մեր սէրը «կատարեալ պիտի ըլլայ» (Ա. Յովհ. 4։12, 20)։ դ17.02 2։13, 14
Երկուշաբթի, յուլիս 30
Եթէ Եհովա Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք, իսկ եթէ Բահաղ Աստուած է՝ անոր ետեւէն գացէք (Գ. Թագ. 18։21)։
Թերեւս մտածես որ ասիկա պարզ ընտրութիւն մըն էր, քանի որ Եհովային ծառայելը միշտ լաւագոյնն է։ Խելքը գլուխը անձ մը չ’ուզեր ծառայել չապրող աստուծոյ մը։ Բայց իսրայէլացիները ‘երկու մտքի վրայ կը կաղային’, եւ չէին կրնար որոշում մը առնել։ Եղիան իմաստուն գտնուելով զիրենք քաջալերեց որ ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան պաշտեն։ Ինչո՞ւ այդ իսրայէլացիներուն համար դժուար էր որ իմաստուն որոշում մը առնէին։ Առաջին, անոնք Եհովային հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցուցած էին եւ չէին ուզեր իրեն մտիկ ընել։ Անոնք Եհովային չէին վստահեր եւ ժամանակ չէին տրամադրեր որ իր մասին կամ իր իմաստութեան մասին սորվին։ Եթէ ժամանակ տրամադրէին, իրենց սորվածը պիտի օգնէր որ իմաստուն որոշումներ առնէին (Սաղ. 25։12)։ Երկրորդ, անոնք ձգած էին որ ուրիշ ազգերէ մարդիկ ազդեն իրենց մտածելակերպին։ Այսպիսով, իսրայէլացիները սկսան այդ օտարներուն հետեւիլ եւ անոնց սուտ չաստուածները պաշտել։ Տարիներ առաջ, Եհովան զիրենք ասկէ զգուշացուցած էր (Ել. 23։2)։ դ17.03 2։6, 7
Երեքշաբթի, յուլիս 31
[Եզեկիա] Մովսէսին շինած պղնձէ օձը կտոր կտոր ըրաւ (Դ. Թագ. 18։4)։
Ինչպէ՞ս կրնանք Եզեկիային նմանիլ։ Թերեւս կայ բան մը որ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութեան ժխտականօրէն կ’ազդէ, կամ իրեն ծառայելու մեր ժամանակէն կը գողնայ։ Օրինակ, այսօր շատեր պաշտելու աստիճան արժէք կու տան որոշ անձերու, ինչպէս՝ հռչակաւորներ եւ ուրիշներ որոնց չեն ճանչնար։ Անոնք շատ ժամանակ կ’անցընեն անոնց մասին կարդալով եւ անոնց նկարները դիտելով։ Անոնք շատ անգամներ ընկերային ցանցեր կամ ուրիշ բաներ կը գործածեն, որպէսզի մարդոց հետ հաղորդակցին համացանցին վրայ։ Անշուշտ, թերեւս բոլորս ատոնց միջոցաւ մեր ընտանիքին կամ մտերիմ բարեկամներուն հետ կը հաղորդակցինք։ Բայց կրնայ ըլլալ որ շատ ժամանակ կորսնցնենք ընկերային ցանցերու վրայ։ Թերեւս նոյնիսկ սկսինք ուռիլ եւ հպարտանալ, երբ բազմաթիւ մարդիկ սիրեն համացանցին մէջ մեր գրածները կամ դրած նկարները։ Կամ թերեւս նոյնիսկ նեղուինք երբ մարդիկ այլեւս չհետեւին մեր դրածներուն։ Կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Ուշադիր կ’ըլլա՞մ որ մարդիկը աստուծոյ տեղ չդնեմ կամ շատ ժամանակ չտրամադրեմ բաներու որ իրականութեան մէջ կարեւոր չեն’ (Եփ. 5։15, 16)։ դ17.03 3։14, 17