Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 57-67
  • Յունիս

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունիս
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Ուրբաթ, յունիս 1
  • Շաբաթ, յունիս 2
  • Կիրակի, յունիս 3
  • Երկուշաբթի, յունիս 4
  • Երեքշաբթի, յունիս 5
  • Չորեքշաբթի, յունիս 6
  • Հինգշաբթի, յունիս 7
  • Ուրբաթ, յունիս 8
  • Շաբաթ, յունիս 9
  • Կիրակի, յունիս 10
  • Երկուշաբթի, յունիս 11
  • Երեքշաբթի, յունիս 12
  • Չորեքշաբթի, յունիս 13
  • Հինգշաբթի, յունիս 14
  • Ուրբաթ, յունիս 15
  • Շաբաթ, յունիս 16
  • Կիրակի, յունիս 17
  • Երկուշաբթի, յունիս 18
  • Երեքշաբթի, յունիս 19
  • Չորեքշաբթի, յունիս 20
  • Հինգշաբթի, յունիս 21
  • Ուրբաթ, յունիս 22
  • Շաբաթ, յունիս 23
  • Կիրակի, յունիս 24
  • Երկուշաբթի, յունիս 25
  • Երեքշաբթի, յունիս 26
  • Չորեքշաբթի, յունիս 27
  • Հինգշաբթի, յունիս 28
  • Ուրբաթ, յունիս 29
  • Շաբաթ, յունիս 30
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 57-67

Յունիս

Ուրբաթ, յունիս 1

Զանիկա ողջակէզ պիտի մատուցանեմ (Դատ. 11։31)։

Յեփթայէ ուրիշ զաւակ չունէր։ Իր աղջիկը իր միակ յոյսն էր, որ զաւակ բերելով իր անունը եւ ժառանգութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցէ Իսրայէլին մէջ (Դատ. 11։34)։ Ասով հանդերձ, Յեփթայէ հաւատարմօրէն ըսաւ. «Բերանս բացի Տէրոջը ու չեմ կրնար ետ դարձնել» (Դատ. 11։35)։ Ան սուղ գին վճարելով հաւատարիմ մնաց, եւ այսպիսով Աստուծոյ օրհնութիւնը շահեցաւ։ Դուն նոյն ընտրութիւնը կ’ընէի՞ր։ Երբ Եհովային նուիրուեցանք, ուխտ ըրինք որ ամէն գնով իր կամքը պիտի ընենք։ Գիտէինք որ այս խոստումին տէրը ըլլալու համար թերեւս ատեններ պէտք ունենանք զոհողութիւններ ընելու։ Բայց ի՞նչ կ’ընենք երբ մեզմէ խնդրուի ընել բաներ որ չենք սիրեր։ Երբ այսպիսի զոհողութիւններ ընենք եւ Եհովային ծառայելու համար մեր հանգիստը մէկ կողմ դնենք, մեր հաւատարիմ ըլլալը կը փաստենք։ Որքա՛ն ալ ցաւ պատճառող զոհողութիւններ ընենք, մեր ստացած օրհնութիւնները միշտ ատոնցմէ շատ աւելի են (Մաղ. 3։10)։ դ16.04 1։11, 14, 15

Շաբաթ, յունիս 2

Ան որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն (Յայտ. 2։7)։

Յիսուս սուրբ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ ժողովքները։ Մենք սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք, որպէսզի փորձութեան դէմ դնենք, համարձակութեամբ քարոզենք եւ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Լաւ, պէտք չէ՞ մեր ամէն կարելին ընենք, որ ժողովներուն ներկայ ըլլալով Աստուծոյ սուրբ հոգին ստանանք։ Յաճախ ժողովի ընթացքին նկատի կ’առնենք թէ մարգարէութիւնները ինչպէ՛ս կատարուած են։ Ասիկա մեզ ա՛լ աւելի կը համոզէ, թէ ի՛նչ որ Եհովան կը խոստանայ ապագային նկատմամբ՝ պիտի իրականանայ։ Անշուշտ, միայն ամպիոնէն խօսողները չեն որ կը քաջալերեն մեզ. հապա այն եղբայրներն ու քոյրերն ալ որ պատասխան կու տան եւ սրտանց կ’երգեն (Ա. Կոր. 14։26)։ Եւ երբ ժողովներէն առաջ կամ վերջ եղբայրներու եւ քոյրերու հետ կը խօսինք, ոյժ կ’առնենք եւ կապուած կը զգանք իրենց (Ա. Կոր. 16։17, 18)։ դ16.04 3։6, 7

Կիրակի, յունիս 3

Բոլոր ազգերը աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։

Յիսուս ըսաւ որ իր հետեւորդները «բովանդակ աշխարհի մէջ» պիտի քարոզէին եւ սորվեցնէին բարի լուրը (Մատ. 24։14)։ Անոնք «բոլոր ազգեր»էն մարդիկ պիտի աշակերտէին։ Ասիկա կը նշանակէ թէ բարի լուրը աշխարհի չորս կողմը պէտք է քարոզուի։ Միայն Եհովայի վկաները կատարած են Յիսուսի մարգարէութիւնը, թէ բարի լուրը ամբողջ երկրագունդին մէջ պիտի քարոզուի։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Նկատի առ հետեւեալը. Միացեալ Նահանգներուն մէջ, շուրջ 600,000 կղերական կայ, մինչ անդին շուրջ 1,200,000 Եհովայի վկայ կայ։ Աշխարհի տարածքին Հռոմէական կաթողիկէ եկեղեցին շուրջ 400,000 քահանայ ունի, մինչ անդին շուրջ 8,000,000 Վկաներ բարի լուրը կը քարոզեն 240 երկիրներու մէջ։ Ի՜նչ հոյակապ գործ մը կը տարուի, եւ ասիկա Եհովային փառք ու պատիւ կը բերէ (Սաղ. 34։1. 51։15)։ դ16.05 2։13, 14

Երկուշաբթի, յունիս 4

Բարկասիրտ մարդը կռիւ կը հանէ եւ ցասկոտ մարդը շատ յանցանքներ կը գործէ (Առ. 29։22)։

Ներկայիս շատեր կը կարծեն թէ իրաւունք ունին անձնապէս որոշելու ճիշդն ու սխալը։ Անոնք հպարտ եւ ինքնասէր են, մրցակցական ոգի ունին եւ հոգերնին չէ թէ իրենց որոշումները ուրիշներուն կը վնասեն կամ ոչ (Ծն. 3։1-5)։ Այս անձնասէր ընթացքին պատճառաւ վէճերը կը շատնան։ Միւս կողմէ, Յիսուս մարդոց սորվեցուց որ խաղաղութիւն ընեն, նոյնիսկ եթէ ասիկա իրե՛նց հաշւոյն պիտի ըլլայ։ Լերան քարոզին մէջ, ան հոյակապ խրատներ տուաւ իր աշակերտներուն, թէ ինչպէ՛ս թոյլ չտան որ անհամաձայնութիւններ կամ բախումներ ըլլան։ Օրինակ՝ ան ըսաւ որ հեզ եւ խաղաղարար ըլլան, բարկութիւնը մէկ կողմ դնեն, հարցերը շուտով լուծեն եւ իրենց թշնամիները սիրեն (Մատ. 5։5, 9, 22, 25, 44)։ դ16.05 1։4, 5

Երեքշաբթի, յունիս 5

Կամեցողութիւն կայ քովս, բայց բարին ի գործ դնելը չեմ կրնար (Հռով. 7։18)։

Մեզմէ շատեր մկրտուելէ առաջ պէտք էր մեծ փոփոխութիւններ ընէին, որպէսզի կարենային ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ ապրինք։ Մկրտուելէ ետք, անդրադարձանք որ պէտք է շարունակենք փոփոխութիւններ ընել,– աւելի պզտիկ փոփոխութիւններ,– որպէսզի կարենանք աւելի նմանիլ Աստուծոյ եւ Քրիստոսի (Եփ. 5։1, 2. Ա. Պետ. 2։21)։ Օրինակ՝ թերեւս նկատած ենք որ շատ կը գանգատինք, մարդոց հանդէպ վախ ունինք, կը բամբասենք կամ ուրիշ տկարութիւն մը ունինք։ Կրնայ ըլլալ որ այս կէտերուն վրայ աշխատիլը մեր ակնկալածէն աւելի դժուար եղած է։ Բայց չմոռնանք թէ դե՛ռ անկատար ենք (Կող. 3։9, 10)։ Ուրեմն, տրամաբանական չէ ակնկալել որ մկրտուելէ ետք, կամ նոյնիսկ ատկէ տարիներ ետք, այլեւս սխալ պիտի չգործենք, գէշ ցանկութիւններ կամ զգացումներ պիտի չունենանք կամ մեր անձնաւորութեան մէջ տկարութիւն մը պիտի չգտնուի։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը տկարութիւններ տարինե՜ր կը տեւեն (Յակ. 3։2)։ դ16.05 4։3-5

Չորեքշաբթի, յունիս 6

Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի (Եբ. 12։6)։

Կրնայ ըլլալ որ լսած ես մէկը կ’ըսէ. «Ծնողքէս առած կրթութեանս արժէքը չգիտցայ, մինչեւ որ պզտիկ ունեցայ»։ Թերեւս երբ աւելի փորձառութիւն կ’ունենանք, կը սկսինք կրթութիւնը արժեւորել եւ Եհովային աչքով նայիլ ատոր, այսինքն՝ որպէս սիրոյ արտայայտութիւն մը (Եբ. 12։5, 11)։ Իսկապէս, քանի որ Եհովան մեզ կը սիրէ, մեզ համբերութեամբ կը ձեւաւորէ։ Ան կ’ուզէ որ իմաստուն եւ ուրախ ըլլանք, ու մեր կարգին զինք սիրենք (Առ. 23։15)։ Ան հաճոյք չ’առներ երբ չարչարուինք, ոչ ալ կ’ուզէ որ մեռնինք որպէս չզղջացող մեղաւորներ (Եփ. 2։2, 3)։ Թերեւս Եհովան ճանչնալէ առաջ շատ մը գէշ յատկութիւններ ունէինք, նոյնիսկ գազաններուն ունեցած յատկութիւններէն։ Բայց քանի որ Եհովան մեզ ձեւաւորեց, սկսանք աւելի նմանիլ ոչխարներու (Եսա. 11։6-8. Կող. 3։9, 10)։ դ16.06 1։7, 8

Հինգշաբթի, յունիս 7

Ով որ իր անձը այս տղուն պէս խոնարհեցնէ, անիկա է մեծ երկնքի թագաւորութեանը մէջ (Մատ. 18։4)։

Պզտիկներուն մեծամասնութիւնը հեզ կ’ըլլայ եւ կը սիրէ սորվիլ (Մատ. 18։1-3)։ Ասոր համար, իմաստուն ծնողները ճշմարտութիւնը կը ցանեն իրենց պզտիկներուն մտքին եւ սրտին մէջ, եւ անոնց կ’օգնեն որ զայն սիրեն (Բ. Տիմ. 3։14, 15)։ Անշուշտ ասիկա յաջողապէս ընելու համար ծնողները նա՛խ պէտք է իրենց սրտին մէջ ցանեն ճշմարտութիւնը, եւ զայն կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ։ Երբ անոնք ասիկա ընեն, ճշմարտութիւնը զաւակներուն մէկ ականջէն մտնելով միւսէն պիտի չելլէ։ Ասկէ զատ, զաւակները պիտի հասկնան թէ ծնողքը զիրենք կը կրթէ, քանի որ զիրենք կը սիրէ ինչպէս որ Եհովան կը սիրէ։ Երբ խոնարհ ըլլանք եւ միշտ Եհովային հնազանդինք, իր աչքին շատ թանկագին պիտի ըլլանք, ինչպէս որ Դանիէլ էր (Դան. 10։11, 19)։ Ասկէ աւելի, ան պիտի շարունակէ մեզ ձեւաւորել իր Խօսքին, սուրբ հոգիին եւ կազմակերպութեան միջոցաւ։ դ16.06 2։14, 17

Ուրբաթ, յունիս 8

Յեսսէի որդին Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ (Գործք 13։22)։

Դաւիթ շատ աղուոր յատկութիւններ ունէր, եւ ասոր համար Եհովան զինք շատ կը սիրէր (Ա. Թագ. 13։13, 14)։ Բայց ետքը, մինչ Ուրիան կը պատերազմէր, Դաւիթ սեռային անբարոյութիւն գործեց անոր կնոջ՝ Բերսաբէէի հետ, եւ ան յղացաւ։ Դաւիթ հրամայեց որ Ուրիան իրեն գայ եւ փորձեց զինք համոզել որ տուն երթայ, յուսալով որ կնոջ հետ սեռային յարաբերութիւն ունենայ եւ այսպիսով կարծուի թէ մանուկին հայրը Ուրիան է։ Բայց Ուրիան չուզեց տուն երթալ. ուստի Դաւիթ կարգադրեց որ ան պատերազմին մէջ մեռնի։ Այս մեղքերը սուղի պայթեցան Դաւիթին, եւ իր ընտանիքին գլուխը ցաւի գնաց (Բ. Թագ. 12։9-12)։ Սակայն Եհովան ողորմեցաւ եւ ներեց, գիտնալով որ Դաւիթ ընդհանրապէս հաւատարիմ էր (Գ. Թագ. 9։4)։ Եթէ Դաւիթի ժամանակ ապրած ըլլայիր, անոր ըրածներուն նկատմամբ ի՞նչ պիտի զգայիր։ Այլեւս Եհովային չէի՞ր ծառայեր։ դ16.06 4։7

Շաբաթ, յունիս 9

Զգո՛յշ կեցէք, արթո՛ւն մնացէք. . . չէք գիտեր ատենը ե՞րբ է (Մար. 13։33)։

Մենք Յիսուսի զգուշացումը լուրջի կ’առնենք։ Գիտենք թէ «վերջին ժամանակ»ին մէջ կ’ապրինք եւ ուր է–ուր չէ «մեծ նեղութիւն»ը պիտի սկսի (Դան. 12։4. Մատ. 24։21)։ Ճիշդ ինչպէս որ Յիսուս մարգարէացաւ, աշխարհի չորս կողմը կը քարոզենք բարի լուրը։ Նաեւ կը տեսնենք անբարոյութիւն, պատերազմներ, հիւանդութիւններ, երկրաշարժներ, անօթութիւն ու կրօնական շփոթութիւն։ Եւ բնա՛ւ չէ եղած այսքա՛ն ոճիր ու վայրագութիւն (Մատ. 24։7, 11, 12, 14. Ղուկ. 21։11)։ Իսկապէս, չորս աչքով կը սպասենք որ Յիսուս գայ եւ իր Հօր նպատակը իրագործէ (Մար. 13։26, 27)։ Սակայն, ինչ ջանք ալ թափենք, չենք կրնար գիտնալ թէ մեծ նեղութիւնը ճիշդ ո՛ր տարին պիտի սկսի. ուր մնաց օրն ու ժամը գիտնանք։ դ16.07 2։2-4

Կիրակի, յունիս 10

Համարձակութիւնով մօտենանք շնորհաց աթոռին (Եբ. 4։16)։

Եհովայի շնորհքին շնորհիւ կրնանք որեւէ ատեն Յիսուսին միջոցաւ իրեն աղօթել։ Ասիկա իրապէս մեծ պատիւ մըն է։ Պօղոս ըսաւ. «Համարձակութիւն ու մօտենալու արտօնութիւն ունինք վստահութեամբ՝ իրեն հաւատալով» (Եփ. 3։12)։ Ան մեզ քաջալերեց որ Եհովային աղօթենք երբոր պէտք ունենանք, «որպէս զի ողորմութիւն ընդունինք ու շնորհք գտնենք պէտք եղած ատեն մեզի օգնելու» (Եբ. 4։16բ)։ Նաեւ, երբոր փորձութիւն կամ դժուարութիւն ունենանք, կրնանք Եհովայէն օգնութիւն խնդրել։ Ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ, հակառակ որ արժանի չենք։ Ան յաճախ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը գործածէ մեզի օգնելու, «այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. ‘Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ’» (Եբ. 13։6)։ դ16.07 3։12, 13

Երկուշաբթի, յունիս 11

Սառա կը հնազանդէր Աբրահամի՝ տէր կոչելով զայն։ Դուք անոր զաւակներն էք (Ա. Պետ. 3։6, ԱԾ)։

Նոյ եւ իր երեք զաւակները՝ իւրաքանչիւրը միայն մէկ կին ունէր։ Բայց Ջրհեղեղէն ետք շատ մը մարդիկ մէկէ աւելի կին առին։ Բազմաթիւ մշակոյթներու մէջ, սեռային անբարոյութիւնը կեանքին մէկ մասը դարձաւ, եւ նոյնիսկ կրօնական սովորութիւններու մէջ մտաւ։ Երբ Աբրամ (Աբրահամ) եւ իր կինը Սարա (Սառա) Քանան փոխադրուեցան, տեսան թէ իրենց չորս կողմի մարդիկը անբարոյ էին եւ ամուսնութիւնը չէին յարգեր։ Այս պատճառով Եհովան Սոդոմն ու Գոմորը կործանեց։ Աբրահամ շատ տարբեր էր այդ անբարոյ մարդոցմէ։ Ան ընտանիքի լաւ գլուխ մըն էր, իսկ Սառան իրեն ենթարկուելով լաւ օրինակ մը ձգեց (Ա. Պետ. 3։3-5)։ Աբրահամ վստահ եղաւ որ իր որդին՝ Իսահակը, ամուսնանայ մէկու մը հետ, որ Եհովան կը պաշտէր։ Իսկ Իսահակ նոյնը ըրաւ իր զաւակին՝ Յակոբին համար, որուն որդիները իսրայէլի 12 ցեղերուն նախահայրերը եղան։ դ16.08 1։10

Երեքշաբթի, յունիս 12

Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ (Եսա. 60։22)։

Այս վերջին օրերուն մէջ այս մարգարէութիւնը կը կատարուի։ 2015 ծառայութեան տարուան ընթացքին, 8,220,105 հրատարակիչներ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեցին աշխարհի չորս կողմը։ Համարին երկրորդ մասը պէտք է անձնապէս ազդէ բոլորիս, քանի որ մեր երկնաւոր Հայրը կ’ըսէ. «Ես՝ Տէրս պիտի փութացնեմ ասիկա՝ իր ժամանակին» (ԱԾ)։ Մենք կը զգանք թէ աշակերտելու գործը երթալէն կ’արագանայ, ճիշդ ինչպէս որ ինքնաշարժի մը մէջ նստողները ատոր արագանալը կը զգան։ Ուրեմն, ժամանակի ընթացքին ա՛լ աւելի ընելիք պիտի ունենանք։ Լաւ, հիմա մեր ամէն կարելին կ’ընե՞նք որ բարի լուրը քարոզենք եւ սորվեցնենք։ Բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր արդէն կը ծառայեն որպէս կանոնաւոր կամ օժանդակ ռահվիրայ։ Եւ որքա՜ն ուրախ ենք որ շատեր կը փոխադրուին ուրիշ տեղեր որպէսզի քարոզեն, իսկ ուրիշներ ծանր կ’աշխատին որպէսզի Թագաւորութեան սրահներ շինեն։ Ըլլանք եղբայրներ կամ քոյրեր, յստակ է որ շա՜տ ընելիք ունինք Տէրոջը գործին մէջ (Ա. Կոր. 15։58)։ դ16.08 3։1, 2

Չորեքշաբթի, յունիս 13

Միթէ Տէրոջը ձեռքը կարող չէ՞ փրկել (Եսա. 59։1)։

Երբ իսրայէլացիները տակաւին նոր ազատագրուած էին Եգիպտոսէն, ամաղեկացիները յարձակեցան իրենց վրայ։ Մովսէս քաջ Յեսուին ըսաւ որ իսրայէլացիները առաջնորդէ դէպի ռազմադաշտ։ Մինչ այդ, Մովսէս Ահարոնը եւ Ովրը առնելով ելաւ բլուրի մը վրայ, ուր կրնային ռազմադաշտը տեսնել։ Մովսէս դրաւ ծրագիր մը որ իսրայէլացիներուն օգնեց պատերազմը շահելու։ Ան ճշմարիտ Աստուծոյ գաւազանը առնելով իր ձեռքերը բարձրացուց ու վեր պահեց։ Այնքան ատեն որ Մովսէս այդպէս կը մնար, Եհովան իսրայէլացիներուն զօրութիւն կու տար, որ յաջողապէս ամաղեկացիներուն դէմ պատերազմին։ Բայց երբ Մովսէսին ձեռքերը ծանրացան եւ թուլցան, ամաղեկացիները սկսան յաղթել։ Ահարոն եւ Ովր շուտով «քար մը առին եւ անոր տակ դրին, ու ինք անոր վրայ նստաւ. իսկ Ահարոն եւ Ովր, մէկը՝ մէկ կողմէն ու միւսը՝ միւս կողմէն, անոր ձեռքերը վեր բռնեցին, եւ մինչեւ արեւին մայր մտնելը՝ անոր ձեռքերը հաստատուն մնացին»։ Աստուծոյ հզօր ձեռքին շնորհիւ, իսրայէլացիները յաղթեցին (Ել. 17։8-13)։ դ16.09 1։5-7

Հինգշաբթի, յունիս 14

Երբ բարին ընելը կամենամ, չարը իմ քովս կ’ըլլայ (Հռով. 7։21)։

Պօղոս լման վստահ էր որ եթէ աղօթքով Եհովային վստահի եւ Յիսուսի զոհին հաւատայ, այս ներքին պայքարին մէջ կրնայ յաղթել։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Կրնա՞նք յաղթել մեր տկարութիւններուն։ Այո՛, եթէ Պօղոսին նմանինք, լման վստահինք Եհովային ու ոչ թէ մեր ուժին, եւ հաւատանք փրկանքին։ Ատեններ, Աստուած թոյլ կու տայ որ ցուցնենք թէ որքա՛ն մտահոգ ենք որոշ հարցի մը շուրջ։ Օրինակ՝ եթէ մենք (կամ մեր ընտանիքին մէկ անդամը) լուրջ հիւանդութիւն մը ունենանք կամ անարդարութեան զոհ երթանք, ի՞նչ պիտի ընենք։ Եթէ լման կը վստահինք Եհովային, աղօթքով պիտի աղաչենք որ մեզի պէտք եղած ուժը տայ որ իրեն հաւատարիմ մնանք, մեր ուրախութիւնը չկորսնցնենք եւ իրեն հետ մեր փոխյարաբերութիւնը զօրաւոր պահենք (Փլպ. 4։13)։ Ըլլայ անցեալին թէ ներկայիս, շատերու փորձառութիւնը կը ցուցնէ, թէ աղօթքը կրնայ մեզ զօրացնել եւ պէտք եղած քաջութիւնը տալ որ շարունակենք տոկալ։ դ16.09 2։14, 15

Ուրբաթ, յունիս 15

Հելլենացիներու կողմէ տրտունջ մը եղաւ Եբրայեցիներուն դէմ (Գործք 6։1)։

Յունարէն խօսող հրեաները գանգատեցան, որ անարդարութիւն կ’ըլլար իրենց որբեւայրիներուն հանդէպ։ Առաքեալները այս խնդիրը լուծելու համար եօթը հոգի ընտրեցին, որպէսզի անոնք երթան ու վստահ ըլլան որ մէկը պիտի չանտեսուի։ Առաքեալները զատեցին յունական անուն ունեցող տղամարդիկ, թերեւս որպէսզի որբեւայրիները աւելի հանգիստ զգան (Գործք 6։2-6)։ Բոլորս մեր մշակոյթէն շատ կ’ազդուինք, ասոր գիտակից ըլլանք կամ ոչ (Հռով. 12։2)։ Նաեւ, շատ հաւանաբար կը նկատենք որ մեր դրացիները, գործակիցները կամ դասընկերները գէշ բաներ կ’ըսեն այն մարդոց մասին որ տարբեր տեղէ, ազգէ կամ գոյնէ են։ Այսպիսի գաղափարներէ որքա՞ն ազդուած ենք։ Եւ ի՞նչ կ’ընենք երբ մէկը խնդայ մեր ազգութեան կամ մեր մշակոյթին վրայ։ դ16.10 1։7, 8

Շաբաթ, յունիս 16

Ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները (Հռով. 1։20, ՆԹ)։

Չի բաւեր որ միայն նայինք բնութեան. պէտք է նաեւ խորապէս մտածենք ատոր մասին, որպէսզի տեսնենք թէ ամէն բան հոյակապ կերպով շինուած է։ ‘Հաւատքով կ’իմանանք’ թէ Ստեղծիչ մը կայ, հակառակ որ չենք տեսներ զինք։ Կ’անդրադառնանք թէ ան գեղեցիկ անձնաւորութիւն եւ մեծ իմաստութիւն ունի (Եբ. 11։3, 27)։ Կրնանք իր ստեղծած բաներուն մասին աւելի գիտնալ, կարդալով գիտնականներուն փաստածները։ Այդ տեղեկութիւններուն մէկ մասը կը գտնուի՝ Ստեղծագործութեան սքանչելիքները Աստուծոյ փառքը կը յայտնեն տեսաերիզին մէջ, հետեւեալ երկու գրքոյկներուն մէջ՝ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ եւ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել, եւ հետեւեալ գիրքին մէջ՝ Հոգատար Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞ (բոլորը՝ անգլերէն)։ Զարթի՛ր պարբերաթերթին մէջ ատենը անգամ մը կը դրուին հարցազրոյցներ՝ գիտնականներու եւ ուրիշներու հետ, որոնք կը բացատրեն թէ ինչո՛ւ այլեւս Աստուծոյ կը հաւատան։ Եւ «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» կոչուած յօդուածաշարքը կը նշէ մանրամասնութիւններ կենդանիներու եւ բնութեան մէջ ուրիշ բաներու մասին, եւ կ’ըսէ թէ գիտնականները ինչպէ՛ս փորձած են ատոնց գործած կերպը ընդօրինակել։ դ16.09 4։4, 5

Կիրակի, յունիս 17

Ասոնք բոլորն ալ ընդունեցին բարի վկայութիւն մը իրենց հաւատքին համար (Եբ. 11։39, ԱԾ)։

Եբրայեցիս 11–րդ գլուխին մէջ նշուած հաւատարիմները զօրաւոր հաւատք ունէին որ Եհովան յարութիւն պիտի տայ իրենց։ Անշուշտ, անոնք չէին ակնկալեր որ երկնքի մէջ ապրելու համար յարութիւն առնեն, քանի որ Յիսուս տակաւին այդ դուռը չէր բացած (Գաղ. 3։16)։ Փոխարէն անոնք կը յուսային երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ գեղեցիկ դրախտի մը մէջ (Սաղ. 37։11. Եսա. 26։19. Ով. 13։14)։ Եբրայեցիս 11։13–ը Եհովայի այս հաւատարիմ ծառաներուն մասին կ’ըսէ. «Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին»։ Անոնք անհամբեր սպասեցին նոր աշխարհին եւ երեւակայեցին որ հոն կ’ապրին։ Աբրահամ անոնցմէ մէկն էր։ Յիսուս ըսաւ որ Աբրահամ «ցանկացաւ» այդ ժամանակը տեսնել (Յովհ. 8։56)։ Սառան, Իսահակը, Յակոբը եւ շատ մը ուրիշներ ալ իրենց յոյսը դրին ապագայ Թագաւորութեան վրայ, «որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է» (Եբ. 11։8-11)։ դ16.10 3։4, 5

Երկուշաբթի, յունիս 18

Ամէն ատեն աղօթք ըրէք (Եփ. 6։18)։

Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ մեզի օգնեց որ ճշմարտութիւնը հասկնանք եւ հաւատք ունենանք իրեն եւ իր Որդիին հանդէպ (Ղուկ. 10։21)։ Ինչպէ՞ս կը ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք Եհովային ասոր համար։ Պէտք է միշտ շնորհակալութիւն յայտնենք իրեն որ մեզ իրեն քաշած է իր Որդիին միջոցաւ, որ «մեր հաւատքին առաջնորդն ու կատարող»ն է (Եբ. 12։2)։ Նաեւ պէտք է շարունակենք մեր հաւատքը զօրացնել, միշտ աղօթելով եւ Աստուծոյ Խօսքը սերտելով (Ա. Պետ. 2։2)։ Պէտք է շարունակենք մեր գործերով ցուցնել, թէ զօրաւոր հաւատք ունինք Եհովայի խոստումներուն հանդէպ։ Օրինակ՝ կը շարունակենք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզել մարդոց եւ իրենց օգնել որ Յիսուսի աշակերտը դառնան։ Նաեւ կը շարունակենք «բարիք ըն[ել] ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն» (Գաղ. 6։10)։ Ասկէ զատ, շատ ջանք կը թափենք որ ‘հին մարդը իր գործերովը մեր վրայէն հանենք’ (Կող. 3։5, 8-10)։ դ16.10 4։11, 12

Երեքշաբթի, յունիս 19

Երկինքը իմաստութեամբ ստեղծեց (Սաղ. 136։5)։

Եհովան իրապէս հոյակապ կերպով կազմակերպեց տիեզերքը։ Ուրեմն վստահաբար ան կ’ուզէ որ զինք պաշտողներն ալ լաւ կազմակերպուած ըլլան։ Ճիշդ ասոր համար ան Սուրբ Գիրքը տուած է մեզի, որպէսզի մեզ առաջնորդէ։ Կրնանք ուրախ եւ գոհ ըլլալ միայն եթէ հետեւինք իր կազմակերպութեան ուղղութեան եւ իր չափանիշներուն։ Իսրայէլացիները Մովսիսական օրէնքին կը հետեւէին եւ շատ լաւ կազմակերպուած էին։ Օրինակ՝ կային կիներ որոնք կազմակերպուած կերպով կը ծառայէին վկայութեան խորանին մուտքին մօտ (Ել. 38։8)։ Յետագային, Դաւիթ թագաւորը ղեւտացիներն ու քահանաները կազմակերպեց որ մասնայատուկ գործեր ընեն (Ա. Մն. 23։1-6. 24։1-3)։ Առաջին դարու ժողովքներն ալ լաւ կազմակերպուած էին։ Կար կառավարիչ մարմին մը, այսինքն՝ խումբ մը տղամարդիկ որ ուղղութիւններ կու տար ժողովքներուն։ Սկիզբը, այս խումբին մէջ կային միայն առաքեալները (Գործք 6։1-6)։ Նամակներու միջոցաւ խրատներ եւ ցուցմունքներ ալ տրուեցան ժողովքներուն (Ա. Տիմ. 3։1-13. Տիտ. 1։5-9)։ դ16.11 2։3, 6, 8, 9

Չորեքշաբթի, յունիս 20

Գերութեան համար որոշուածները գերութեան թող ելլեն (Եր. 15։2)։

Ք.Ա. 607–ին, Նաբուգոդոնոսոր Բ. թագաւորը եւ իր բաբելոնական հսկայ բանակը յարձակեցան Երուսաղէմին վրայ։ Սուրբ Գիրքը պատահած կոտորածին մասին կ’ըսէ. «[Նաբուգոդոնոսոր] անոնց երիտասարդները անոնց սրբարանին մէջ սրով մեռցուց ու երիտասարդին ու կոյսին, ծերին ու ալեւորին չխնայեց. . . Եւ Աստուծոյ տունը այրեցին ու Երուսաղէմի պարիսպը փլցուցին ու անոր բոլոր պալատները կրակով այրեցին ու բոլոր գեղեցիկ բաները աւերեցին» (Բ. Մն. 36։17, 19)։ Հրեաները պէտք չէր զարմանային Երուսաղէմի կործանումին վրայ, քանի որ Աստուծոյ մարգարէները տարիներ շարունակ իրենց զգուշացում տուած էին, ըսելով որ եթէ շարունակէին Աստուծոյ չհնազանդիլ, բաբելոնացիներուն ձեռքը պիտի իյնային։ Շատ մը հրեաներ սուրով պիտի սպաննուէին, իսկ անոնք որ պիտի ազատէին՝ շատ հաւանաբար Բաբելոնին մէջ գերի պիտի ըլլային մինչեւ իրենց կեանքին վերջը։ դ16.11 4։1, 2

Հինգշաբթի, յունիս 21

Մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ (Հռով. 5։12)։

Քանի որ Ադամ մեղք գործեց, մեղքն ու մահը ազդած են բոլոր անկատար մարդոց։ Ասոր համար Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ «մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց»։ Բայց Աստուած իր ‘շնորհքի առատութիւնով’ կարգադրեց միջոց մը որ ամբողջ մարդկութիւնը փրկէ, այսինքն՝ «Յիսուս Քրիստոսի՝ մէկ մարդուն» ձեռքով (Հռով. 5։12, 15, 17)։ «Մէկուն [Յիսուսին] հնազանդութիւնովը շատեր արդար պիտի ըլլան»։ Անոնք նաեւ կրնան ձեռք ձգել «յաւիտենական կեանքը մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին» միջոցաւ (Հռով. 5։19, 21)։ Պահ մը մտածէ. Եհովան ստիպուած չէր իր Որդին որպէս փրկանք տալ։ Բայց Ան շատ ազնիւ գտնուելով մեզի ապահովեց միջոց մը որ մեղքէն ու մահէն ազատինք։ Ասկէ զատ, անկատար եւ մեղաւոր ըլլալով՝ մեզմէ ո՛չ մէկը արժանի է Աստուծոյ եւ Յիսուսին ըրածին։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք անոնցմէ որ մեզի առիթը տուած են որ ներուինք ու յաւիտեան ապրինք։ Ասոր համար, թող որ մեր ապրած կերպով ցուցնենք թէ երախտապարտ ենք։ դ16.12 1։1, 6, 7

Ուրբաթ, յունիս 22

Մարմնաւոր խորհուրդը Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. վասն զի Աստուծոյ օրէնքին չի հնազանդիր (Հռով. 8։7)։

Ինքնաքննութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է։ Պօղոս գրեց. «Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է» (Հռով. 8։6)։ Ասիկա լուրջ բան մըն է եւ կրնայ նշանակել, որ եթէ մարմինին համաձայն ապրինք, կրնանք հիմա հոգեւորապէս մեռնիլ, իսկ ապագային՝ ֆիզիքապէս։ Բայց անձ մը կրնա՛յ փոխուիլ։ Յիշէ Կորնթոսի մէջ այն անբարոյ մարդը, որ մարմնին ետեւէ գնաց եւ վտարուեցաւ։ Ան կրնար փոխուիլ եւ փոխուեցաւ։ Ան այլեւս չգնաց իր անբարոյ ցանկութիւններուն ետեւէն եւ սկսաւ նորէն Եհովային ծառայել մաքուր կերպով (Բ. Կոր. 2։6-8)։ Այդ մարդը վերջին ծայր մարմնաւորապէս կ’ապրէր։ Եթէ ան կրցաւ փոխուիլ, ուրեմն ներկայիս այն քրիստոնեան որ սկսած է իր ցանկութիւններուն հետեւիլ՝ ինքն ալ կրնայ փոխուիլ։ Պօղոսին զգուշացումը կրնայ մեզ մղել որ պէտք եղած փոփոխութիւնները ընենք։ դ16.12 2։5, 12, 13

Շաբաթ, յունիս 23

Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ (Սաղ. 55։22)։

Կը մխիթարուինք երբ գիտնանք որ Եհովան մեզի հոգ պիտի տանի, երբ մեր հոգը իր վրայ ձգենք։ Կրնանք լման վստահ ըլլալ որ Աստուած «կարող է գերազանցօրէն աւելի ընել՝ քան ամէն ինչ որ մենք կը խնդրենք կամ կ’ըմբռնենք» (Եփ. 3։20, ԱԾ)։ Պահ մը երեւակայէ. Եհովան մեզի պիտի օգնէ ո՛չ թէ շատ կամ առատապէս, այլ՝ գերազանցօրէն։ Որպէսզի վարձատրուինք, պէտք է ամբողջովին հաւատանք Եհովային եւ հնազանդինք իր տուած ուղղութիւններուն։ Մովսէս իսրայէլ ազգին ըսաւ. «Տէրը անշուշտ քեզ պիտի օրհնէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ, որպէս զի անոր տիրես։ Միայն՝ եթէ քու Տէր Աստուծոյդ խօսքին ամէն կերպով հնազանդիս ու այս բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կը պատուիրեմ՝ զգուշութեամբ գործադրես, քու Տէր Աստուածդ ալ քեզի ըսածին պէս քեզ պիտի օրհնէ» (Բ. Օր. 15։4-6)։ Իսկապէս վստա՞հ ես որ Եհովան քեզ պիտի օրհնէ, եթէ շարունակես իրեն հաւատարմօրէն ծառայել։ Վստահ ըլլալու լաւ պատճառ ունիս։ դ16.12 4։8, 9

Կիրակի, յունիս 24

Տէր Աստուածդ. . . քեզ ընտրեց, որպէս զի դուն անոր սեփական ժողովուրդ ըլլաս (Բ. Օր. 7։6)։

Եհովան այս ընտրութիւնը ընելու պատճառ մը ունէր։ Ան ուզեց իր բարեկամին՝ Աբրահամին տուած իր խօսքը յարգել (Ծն. 22։15-18)։ Ասկէ զատ, Եհովան սիրալիրօրէն եւ արդարութեամբ կը գործածէ իր ազատութիւնը։ Ասիկա յայտնի կ’ըլլայ երբ նկատի կ’առնենք, թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը կրթէր իսրայէլացիները երբ անհնազանդ ըլլային իրեն։ Երբ անոնք սրտանց զղջային, Եհովան յօժար կամքով կ’արտայայտէր իր սէրն ու ողորմութիւնը անոնց հանդէպ։ Ան ըսաւ. «Անոնց անհաւատութիւնը պիտի բժշկեմ, զանոնք յօժարութեամբ պիտի սիրեմ» (Ով. 14։4)։ Եհովան իր ազատութիւնը ուրիշներուն օգտին համար գործածեց եւ այսպիսով լաւ օրինակ մը ձգեց մեզի։ Ան ազատ կամքով ստեղծեց հրեշտակներն ու մարդիկը։ Յիսուս իր առաջին ստեղծագործութիւնն էր եւ ազատ կամք ունէր (Կող. 1։15)։ Ան ինչպէ՞ս գործածած է իր ազատութիւնը։ Նոյնիսկ առաջ որ երկիր գայ, Յիսուս ընտրեց Եհովային հաւատարիմ մնալ եւ Սատանայի ըմբոստութեան չմասնակցիլ։ դ17.01 2։3, 4

Երկուշաբթի, յունիս 25

Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք (Եբ. 6։10)։

Երբեմն մեր պատասխանատուութիւնները կը փոխուին մեր պայմաններուն համեմատ։ Ատոնք թերեւս կը շատնան կամ կը պակսին։ Ըլլանք երիտասարդ թէ տարիքով մեծ, առողջութեամբ լաւ թէ վատ, Եհովան գիտէ թէ ամէն մէկս ինչպէ՛ս կրնայ լաւագոյն կերպով ծառայել իրեն։ Ան մեր կարողութենէն աւելի բա՛ն մը չի խնդրեր մեզմէ, եւ շատ կը գնահատէ մեր ըրածները։ Յիսուս իր բոլոր նշանակումներուն մէջ ուրախ էր, եւ մենք ալ կրնանք ուրախ ըլլալ մեր նշանակումներուն մէջ (Առ. 8։30, 31)։ Համեստ անձը ժողովքին մէջ իր ունեցած նշանակումներէն եւ պատասխանատուութիւններէն գոհ կ’ըլլայ։ Անոր խելքը–միտքը չ’ըլլար թէ ապագային ի՛նչ առանձնաշնորհումներ պիտի առնէ, կամ թէ ուրիշներ ինչ կ’իրագործեն։ Ասոր տեղ, ան իր ամէն ջանքը կ’ընէ որ հաճոյքով կատարէ իր ունեցած դերը, քանի որ համոզուած է որ ատիկա Եհովային կողմէ է։ Միեւնոյն ատեն, ան անկեղծօրէն կը յարգէ ուրիշները եւ ուրախութեամբ կ’օգնէ անոնց։ Ան գիտէ թէ Եհովան իրենց ալ տուած է դեր մը (Հռով. 12։10)։ դ17.01 3։13, 14

Երեքշաբթի, յունիս 26

Ինչպէս որդի մը՝ հօրը, այնպէս ինծի հետ աւետարանին ծառայեց (Փլպ. 2։22)։

Ատեններ, երիտասարդներուն կը տրուի այն պատասխանատուութիւնը, որ տարիքով աւելի մեծերուն եւ փորձառու եղբայրներուն գործին վրայ վերահսկեն։ Լաւ կ’ըլլայ որ անոնք այդ մեծերուն իմաստութենէն եւ փորձառութենէն օգտուին առաջ որ որոշումներ առնեն։ Տիմոթէոս շատ աւելի պզտիկ էր քան Պօղոս առաքեալը, եւ անոնք տարիներով միասին ծառայեցին։ Պօղոս կորնթացիներուն ըսաւ. «Ձեզի ղրկեցի Տիմոթէոսը, որ իմ սիրելի որդիս է ու Տէրոջմով հաւատարիմ. որ ձեր միտքը պիտի ձգէ Քրիստոսով իմ բռնած ճամբաներս» (Ա. Կոր. 4։17)։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Պօղոս եւ Տիմոթէոս շատ լաւ կը համագործակցէին իրարու հետ։ Պօղոս ժամանակ տրամադրած էր որ Տիմոթէոսին սորվեցնէ իր «բռնած ճամբաներ»ը։ Իսկ Տիմոթէոս լաւ սորված էր Պօղոսէն եւ անոր սէրը շահած էր։ Պօղոս վստահ էր որ Տիմոթէոս կրնա՛ր կորնթացիներուն հոգեւոր պէտքերուն հոգ տանիլ։ Ինչ լաւ կ’ըլլայ որ երէցները Պօղոսին նմանին, մինչ ուրիշները կը մարզեն որ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ դ17.01 5։13, 14

Չորեքշաբթի, յունիս 27

Մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ՛ մեղաւորներուն (Գործք 24։15)։

Եհովան կ’ուզէ որ մարդիկ ապրին։ Երբ ան մեռնողներուն կեանք տայ, անոնց Հայրը կը դառնայ (Սաղ. 36։9)։ Ուրեմն, որքա՜ն տեղին է որ Յիսուս մեզի սորվեցուց որ այսպէս աղօթենք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես» (Մատ. 6։9)։ Եհովան Յիսուսին կարեւոր դեր մը տուած է մեռելները յարուցանելու մէջ (Յովհ. 6։40, 44)։ Յիսուս ըսաւ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը» (Յովհ. 11։25)։ Միայն քանի մը անհատներ չեն որ Եհովայի առատաձեռնութենէն պիտի օգտուին։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, անիկա է իմ եղբայրս եւ քոյրս ու մայրս» (Մար. 3։35)։ Եհովային կամքն է որ բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն «մեծ բազմութիւն մը» զինք պաշտէ։ Անոնք փրկանքին կը հաւատան եւ Աստուծոյ կամքը կ’ընեն։ Անոնք զինք կը փառաբանեն, ըսելով. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է, որ աթոռին վրայ կը նստի ու Գառնուկին» (Յայտ. 7։9, 10)։ դ17.02 2։10, 11

Հինգշաբթի, յունիս 28

Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները (Եբ. 13։7)։

Ճշմարտութիւնը տարբեր լեզու խօսող անհատներու հասցնելու համար, 1884–ին՝ «Սիօնի Դիտարանի եւ թերթիկի ընկերութիւն»ը օրինականօրէն կազմուեցաւ, եւ նախագահը Չարլզ Թէյզ Ռասըլն էր։ Ան բծախնդրութեամբ կը սերտէր Սուրբ Գիրքը, եւ չէր վախնար ուրիշներուն ըսելու թէ որոշ եկեղեցական ուսուցումներ, ինչպէս՝ Երրորդութիւնը եւ հոգիին անմահութիւնը, սխալ են։ Ան ըմբռնեց թէ Քրիստոս անտեսանելի կերպով պիտի վերադառնար, եւ թէ «ազգերուն ժամանակները» պիտի վերջանային 1914–ին (Ղուկ. 21։24)։ Եղբայր Ռասըլ իր ժամանակը, կորովը եւ դրամը տրամադրեց որ այս ճշմարտութիւնները սորվեցնէ ուրիշներուն։ Յստակ է թէ Եհովան եւ Յիսուս կը գործածէին եղբայր Ռասըլը այդ կարեւոր ժամանակին։ Եղբայր Ռասըլ մարդոց յատուկ ուշադրութիւնը գրաւելու ետեւէ չէր։ 1896–ին ան գրեց. «Մեզի կամ մեր գրութիւններուն համար փառք ու պատիւ չենք փնտռեր։ Ո՛չ ալ կ’ուզենք Վերապատուելի կամ Ռաբբի կոչուիլ։ Ո՛չ ալ կը փափաքինք որ մէկը մեր անունը կրէ»։ Ան ետքը ըսաւ. «Ասիկա մարդ արարածի գործ չէ. Աստուծո՛յ գործն է»։ դ17.02 4։8, 9

Ուրբաթ, յունիս 29

Խելացի մարդուն իմաստութիւնը իր ճամբան հասկնալն է (Առ. 14։8)։

Բոլորս մեր կեանքին ընթացքին ընտրութիւններու եւ որոշումներու առջեւ կ’ըլլանք։ Կարգ մը որոշումներ շատ լուրջ կ’ըլլան, իսկ ուրիշներ՝ ոչ։ Սակայն, մեր առած որոշումներէն շատեր կրնան մեր կեանքին շա՜տ ազդել։ Երբ լաւ որոշումներ առնենք, աւելի քիչ խնդիրներ եւ աւելի խաղաղ կեանք մը կ’ունենանք։ Բայց երբ լաւ որոշումներ չառնենք, հաւանաբար մեր կեանքը խնդիրներով եւ յուսախաբութիւններով լեցուն ըլլայ։ Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք։ Վստահաբար պէտք է Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենանք եւ վստահ ըլլանք, որ ան թէ՛ կ’ուզէ մեզի օգնել իմաստուն ըլլալու եւ թէ ասոր կարողութիւնը ունի։ Նաեւ պէտք է իր Խօսքին հանդէպ հաւատք ունենանք եւ իր խրատներուն վստահինք (Յակ. 1։5-8)։ Որքան աւելի մօտենանք իրեն եւ իր Խօսքը սիրենք, այնքան աւելի վստահ պիտի ըլլանք որ գիտէ թէ մեզի համար լաւագոյնը ինչ է։ Այսպիսով, սովորութիւն պիտի ունենանք որ Աստուծոյ Խօսքին դիմենք առաջ որ որոշումներ առնենք։ դ17.03 2։2, 3

Շաբաթ, յունիս 30

Մեր աչքերը քեզի կ’ուղղենք (Բ. Մն. 20։12)։

Յովսափատ իր հօրը Ասային պէս Եհովային վստահեցաւ, երբ մեծ բանակ մը եկաւ Յուդային դէմ կռուելու (Բ. Մն. 20։2-4)։ Անշուշտ Յովսափատ վախցաւ, բայց ան «Տէրը փնտռելու ետեւէ եղաւ»։ Ան աղօթքով խոստովանեցաւ որ իր ժողովուրդը «այս մեծ բազմութեանը դէմ դնելու զօրութիւն չուն[ի]», եւ թէ ինք եւ իր ժողովուրդը չէին գիտեր ինչ ընել։ Ան լման վստահեցաւ Եհովային, ըսելով այս օրուան համարին խօսքը։ Ատեններ մենք ալ Յովսափատին պէս չենք գիտնար թէ ինչ ընենք, եւ նոյնիսկ կը վախնանք (Բ. Կոր. 4։8, 9)։ Բայց միտքդ պահէ թէ Յովսափատ ի՛նչ ըրաւ։ Ան բոլոր ժողովուրդին առջեւ աղօթեց եւ Եհովային ըսաւ որ որքա՜ն տկար կը զգային (Բ. Մն. 20։5)։ Ընտանիքի գլուխը կրնայ Յովսափատին պէս Եհովայէն խնդրել որ օգնէ իրեն եւ իր ընտանիքին, որ առջեւնին եղած խնդրին հետ գլուխ ելլեն եւ գիտնան ի՛նչ ընել։ Մի՛ ամչնար ընտանիքիդ առջեւ այսպիսի աղօթքներ ընելու։ Այսպիսով, անոնք պիտի անդրադառնան որ որքա՜ն կը վստահիս Եհովային։ Աստուած Յովսափատին օգնեց, եւ քեզի ալ պիտի օգնէ։ դ17.03 3։12, 13

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել