Մայիս
Երեքշաբթի, մայիս 1
Ամմոնին որդիները. . . նուաճուեցան (Դատ. 11։33)։
Յեփթայէ գիտէր որ իսրայէլացիները ամմոնացիներուն ձեռքէն ազատելու համար՝ Աստուծոյ օգնութեան պէտք ունէր։ Ան Եհովային խոստացաւ որ եթէ յաղթէ, երբ պատերազմէն տուն վերադառնայ, զինք դիմաւորելու ելլող առաջին անձը որպէս «ողջակէզ պիտի մատուցան[է]» (Դատ. 11։30, 31)։ Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէր։ Յեփթայէ ըսել չէր ուզեր որ բառացիօրէն անձ մը պիտի զոհէր, քանի որ Եհովան կ’ատէ մարդ զոհելը (Բ. Օր. 18։9, 10)։ Մովսիսական օրէնքին մէջ, ողջակէզը ամբողջովին Եհովային կը նուիրուէր։ Ուստի Յեփթայէ ըսել կ’ուզէր որ այն անձը որ Եհովային պիտի նուիրէր, մինչեւ կեանքին վերջը խորանին մէջ պիտի ծառայէր։ Եհովան Յեփթայէի ըսածը ընդունեց եւ օգնեց որ յաղթէ (Դատ. 11։32)։ Երբ ան պատերազմէն վերադարձաւ, առաջին անձը որ ելաւ զինք դիմաւորելու, իր սիրելի աղջիկն էր՝ իր միածին զաւակը։ Ահա ասիկա էր փորձը։ Ան իր խօսքին տէրը պիտի ելլէ՞ր։ դ16.04 1։11-13
Չորեքշաբթի, մայիս 2
Անոնք. . . մեկնելով կարդացածնին հասկցուցին (Նէ. 8։8)։
Քանի մը տարի առաջ, ժողովքներուն մեծամասնութիւնը սերտեց Եհովայի մօտեցիր գիրքը՝ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութեան ընթացքին։ Եհովայի հանդէպ եղբայրներուն սէրը չաւելցա՞ւ, երբ Աստուծոյ յատկութիւնները սերտեցին եւ ներկաներուն սրտաբուխ պատասխանները լսեցին։ Նաեւ Աստուծոյ Խօսքը աւելի լաւ կը գիտնանք, երբ ուշի–ուշով մտիկ կ’ընենք դասախօսութիւնները, ցուցադրութիւնները եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւնները։ Ժողովները մեզի կը սորվեցնեն, որ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները գործածենք (Ա. Թես. 4։9, 10)։ Օրինակ՝ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը կու տայ ի՛նչ որ Աստուծոյ ծառաները պէտք ունին։ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւն մը քեզ մղա՞ծ է որ նպատակակէտերդ աչքէ անցընես, եղբօր մը կամ քրոջ մը ներես կամ աղօթքներուդ որակը բարելաւես։ Իսկ միջշաբաթային ժողովը մեզ ծառայութեան կը պատրաստէ։ Կը սորվինք ինչպէ՛ս բարի լուրը քարոզել եւ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի սկզբունքները ազդուօրէն ուսուցանել (Մատ. 28։19, 20)։ դ16.04 3։4, 5
Հինգշաբթի, մայիս 3
Ինչ որ առաջուընէ գրուեցաւ, գրուեցաւ որ սորվիք (Հռով. 15։4)։
Երբեք մտածա՞ծ ես որ Աստուածաշունչին մէջ ի՛նչ անձնական բախումներ գրուած են։ Նկատի առ միայն Ծննդոց գիրքին առաջին քանի մը գլուխները։ Կայէն կը մեռցնէ Աբէլը (Ծն. 4։3-8)։ Ղամէք երիտասարդ մը կը սպաննէ՝ զինք վիրաւորելուն համար (Ծն. 4։23)։ Աբրահամին հովիւները եւ Ղովտի հովիւները իրարու հետ կը վիճին (Ծն. 13։5-7)։ Հագար կ’անարգէ Սառան, իսկ Սառան ալ Աբրահամէն կը նեղուի (Ծն. 16։3-6)։ Իսմայէլին ձեռքը ամէնուն վրայ է ու ամէնուն ձեռքն ալ՝ իր վրայ (Ծն. 16։12)։ Աստուածաշունչին մէջ ինչո՞ւ գրուած է այսպիսի բախումներու մասին։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ ասիկա մեզի կ’օգնէ գիտնալու, թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ խաղաղութիւն պահպանենք, մենք որ անկատար ենք, եւ ինչպէ՛ս կրնանք ասիկա ընել։ Կ’օգտուինք երբ կը կարդանք իրական անհատներու մասին, որոնք իրական խնդիրներու դէմ պայքարեցան։ Երբ նման խնդիրներու առջեւ ըլլանք, կրնանք Սուրբ Գիրքին մէջ գրուած լաւ օրինակներուն հետեւիլ եւ գէշ օրինակներուն պէս չըլլալ։ դ16.05 1։1, 2
Ուրբաթ, մայիս 4
Առաջ պէտք է որ աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն (Մար. 13։10)։
Յիսուս եւ իր աշակերտները ի՞նչ մեթոտներ գործածեցին, որ բարի լուրը քարոզեն։ Անոնք գացին ո՛ւր որ կրնային մարդիկ գտնել, ինչպէս՝ շուկաները եւ տուները։ Քարոզչութեան գործին մէջ կար՝ տունէ տուն փնտռել արժանաւորները (Մատ. 10։11. Ղուկ. 8։1. Գործք 5։42. 20։20)։ Այս մեթոտը կազմակերպուած կերպ մըն էր ամէն տեսակ մարդոց հասնելու։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել Եհովայի վկաներուն մասին։ Անոնք միակ անձերն են որ կը քարոզեն թէ Յիսուս որպէս Թագաւոր կ’իշխէ 1914–էն ի վեր։ Անոնք Յիսուսին կը հնազանդին եւ քարոզչութիւնը առաջին տեղը կը դնեն։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Եհովայի վկաները. . . բնա՛ւ չեն մոռնար որ իրենց հիմնական պարտականութիւնն է՝ հոգեւոր պատգամ մը տալ, թէ աշխարհին վերջը մօտ է եւ փրկութիւնը անհրաժեշտ է» (Pillars of Faith—American Congregations and Their Partners)։ Եհովայի վկաները կը շարունակեն այդ պատգամը տալ, գործածելով այն մեթոտները որ Յիսուս եւ իր աշակերտները գործածեցին։ դ16.05 2։10, 12
Շաբաթ, մայիս 5
Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես (Առ. 2։5)։
Երբ մեր որոշումները կը հիմնենք Եհովայի մտածելակերպին վրայ, իրեն աւելի կը մօտենանք եւ իր հաճութիւնն ու օրհնութիւնը կը վայելենք (Յակ. 4։8)։ Ասիկա իր կարգին, մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր հաւատքը կը զօրացնէ։ Ուրեմն, թող որ Աստուածաշունչի օրէնքներն ու սկզբունքները մեզ առաջնորդեն, քանի որ Եհովայի մտածելակերպը կը յայտնեն։ Անշուշտ, Եհովայի մասին միշտ նոր բաներ պիտի սորվինք (Յոբ 26։14)։ Բայց նոյնիսկ հի՛մա, եթէ շատ ջանք թափենք, կրնանք խոհեմ որոշումներ առնելու հարկ եղած իմաստութիւնն ու գիտութիւնը ձեռք ձգել (Առ. 2։1-5)։ Անկատար մարդոց գաղափարներն ու ծրագիրները կը փոխուին, բայց «Տէրոջը խորհուրդը յաւիտեան կը մնայ ու անոր սրտին դիտաւորութիւնները՝ ազգէ մինչեւ ազգ» (Սաղ. 33։11)։ Յստակ է որ երբ Եհովային մտածելակերպը ունենանք եւ իրեն հաճելի եղող բաները ընենք, պիտի կարենանք լաւագոյն որոշումները առնել։ դ16.05 3։17
Կիրակի, մայիս 6
Տէրը սրտին կը նայի (Ա. Թագ. 16։7)։
Որովհետեւ կը հաւատանք որ Եհովան կրնա՛յ սրտերը կարդալ եւ իրեն քաշել այն անհատները որ ինք կը զատէ, պէտք չէ ուրիշները դատենք, թէ՛ թաղամասին մէջ եւ թէ ժողովքին մէջ (Յովհ. 6։44)։ Երբ ընդունինք որ Եհովան մեր Բրուտն է, եղբայրներուն եւ քոյրերուն հանդէպ մեր կեցուածքը պիտի փոխուի (Եսա. 64։8)։ Աստուծոյ աչքով կը նայի՞ս իրենց, եւ կը տեսնե՞ս թէ տակաւի՛ն կը ձեւաւորուին իր ձեռքերուն մէջ։ Աստուած կրնայ տեսնել մէկու մը ներքին անձը, եւ թէ ինչպիսի՛ անձ մը կրնայ դառնալ Իր կարող ձեռքերուն մէջ։ Ուրեմն, Եհովան մարդոց դրական կերպով կը նայի եւ չի կեդրոնանար ժամանակաւոր անկատարութիւններու վրայ (Սաղ. 130։3)։ Մենք ալ կրնանք իրեն պէս դրական աչքով նայիլ իր ծառաներուն։ Նոյնիսկ կրնանք մեր Բրուտին հետ աշխատիլ, որպէսզի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնենք որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն (Ա. Թես. 5։14, 15)։ Երէցները, որ «պարգեւներ» են, պէտք է լաւ օրինակ ըլլան ասոր մէջ (Եփ. 4։8, 11-13)։ դ16.06 1։4-6
Երկուշաբթի, մայիս 7
Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ (Ա. Կոր. 10։12)։
Բարի լուրը ուրիշներուն քարոզելը մեզի կ’օգնէ, որ մեր մէջ զարգացնենք խոնարհութիւն եւ Աստուծոյ հոգիին պտուղը (Գաղ. 5։22, 23)։ Ասկէ զատ, Քրիստոսը ընդօրինակելով կը զարդարենք մեր տուած պատգամը, եւ այսպիսով ոմանք թերեւս մեզի հանդէպ իրենց կեցուածքը փոխեն։ Օրինակ՝ Աւստրալիոյ մէջ երկու Վկաներ յարգանքով մտիկ ըրին տանտիրուհիի մը, հակառակ որ անիկա բնա՛ւ ազնուութեամբ չէր խօսեր իրենց հետ։ Բայց ետքը, ան զղջաց իր ըրածին համար եւ մասնաճիւղին նամակ գրեց։ Ան ըսաւ. «Կ’ուզեմ այդ երկու համբերող եւ խոնարհ անհատներուն ներողութիւն ըսել, քանի որ իրենց հետ հպարտութեամբ եւ ինքզինքս տեսնելով խօսեցայ։ Իմ կողմէս անմտութիւն էր որ այդ կերպով վռնտէի անհատներ, որոնք Աստուծոյ Խօսքը կը քարոզէին»։ Տանտիրուհին ասիկա կը գրէ՞ր, եթէ ջղայնութեան հոտը առնէր հրատարակիչներուն վրայէն։ Հաւանաբար ո՛չ։ Իսկապէս ալ մեր ծառայութիւնը որքա՜ն օգտակար է թէ՛ մեզի եւ թէ ուրիշներուն։ դ16.06 2։12, 13
Երեքշաբթի, մայիս 8
Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս (Մատ. 22։39)։
Բոլորս անկատար ծնած ենք (Հռով. 5։12, 19)։ Ուստի, թերեւս ատեններ ժողովքին մէջ ոմանք ըսեն կամ ընեն բան մը որ մեզ կը վիրաւորէ։ Այսպիսի պարագաներու, յայտնի կ’ըլլայ թէ Աստուած եւ իր ժողովուրդը կը սիրենք կամ ոչ։ Ուստի ի՞նչ պիտի ընես։ Օրինակ՝ Հեղի քահանայապետը երկու որդի ունէր, որոնք Եհովային օրէնքներուն չէին հնազանդեր։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Հեղիին որդիները չար մարդիկ ըլլալով՝ Տէրը չէին ճանչնար» (Ա. Թագ. 2։12)։ Անոնք շատ լուրջ մեղքեր գործեցին, բայց Հեղին աչք գոցեց փոխանակ զանոնք կրթելու։ Ժամանակ մը ետք, Աստուած պատժեց Հեղին եւ իր որդիները, եւ ետքը անոր սերունդը արգիլեց որ քահանայապետ ըլլան (Ա. Թագ. 3։10-14)։ Եթէ Հեղիի օրերուն ապրած ըլլայիր, կը գայթակղէի՞ր երբ նկատէիր թէ ան չտեսնելու կը զարնէր իր որդիներուն մեղքերը։ Հաւատքդ կը տկարանա՞ր այն աստիճան որ այլեւս չուզէիր Եհովային ծառայել։ դ16.06 4։5, 6
Չորեքշաբթի, մայիս 9
Այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին (Մատ. 6։33)։
Յիսուս մէկ համար առաջ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ կրնանք այս վստահութիւնը ունենալ, ըսելով. «Ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են», այսինքն՝ կեանքի անհրաժեշտութիւնները։ Եհովան մեզմէ առաջ գիտէ թէ ինչի՛ պէտք ունինք (Փլպ. 4։19)։ Ան գիտէ թէ մեր ո՛ր հագուստը պիտի հիննայ։ Ան նաեւ գիտէ թէ ի՛նչ ուտելիքի պէտք պիտի ունենանք եւ ո՛ր տունը յարմար է մեր ընտանիքին։ Եհովան անպայման պիտի տայ մեզի ի՛նչ որ իսկապէս պէտք ունինք։ Արդարեւ, եթէ Եհովային խնդրածը ընենք, Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնելով, ան մեր բոլոր պէտքերը պիտի տայ մեզի, եւ նոյնիսկ շատ աւելի։ Գիտենք թէ Եհովային հետ լաւ փոխյարաբերութիւնը մեզ իսկապէս կ’ուրախացնէ, եւ ճիշդ ասիկա է որ մեզի կ’օգնէ գոհ ըլլալու՝ ուտելիք, հագուստ եւ պատսպարան ունենալով (Ա. Տիմ. 6։6-8)։ դ16.07 1։17, 18
Հինգշաբթի, մայիս 10
Մեր թշնամի եղած ատենը Աստուծոյ հետ հաշտուեցանք իր Որդիին մահովը (Հռով. 5։10)։
Այս հաշտութիւնը կը ձգէ որ Եհովային հետ խաղաղութեան մէջ ըլլանք։ Պօղոս այս առանձնաշնորհումը կապեց Եհովայի շնորհքին հետ, ըսելով. «Մենք [օծեալները] հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով որով ընդունեցինք հաւատքով, այս շնորհքին մօտենալը, որուն մէջ կեցեր ենք» (Հռով. 5։1, 2)։ Ասիկա ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մըն է։ Միւս կողմէ, Դանիէլ մարգարէն գրեց թէ վերջին օրերուն մէջ «իմաստունները», այսինքն՝ օծեալ մնացորդը, ‘շատերը արդարութեան պիտի առաջնորդեն’ (Դան. 12։3)։ Ինչպէ՞ս։ Օծեալները բարի լուրը կը քարոզեն եւ միլիոնաւոր «ուրիշ ոչխարներ»ու կը սորվեցնեն Եհովայի օրէնքները ու կ’օգնեն որ իր աչքին արդար դառնան (Յովհ. 10։16)։ Բայց այս բոլորը կարելի դարձած են Եհովայի շնորհքին շնորհիւ (Հռով. 3։23, 24)։ դ16.07 3։10, 11
Ուրբաթ, մայիս 11
Իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին (Ծն. 6։2)։
Այս հրեշտակներն ու կիները որդիներ ունեցան, որոնք վայրագ հսկաներ էին։ Ասկէ զատ, «մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնա[ր]» (Ծն. 6։1-5)։ Եհովան ըսաւ որ Ջրհեղեղ պիտի բերէ, չարերը մէջտեղէն վերցնելու համար։ Նոյ՝ «արդարութեան քարոզիչը», այդ մարդոց լուր տուաւ Ջրհեղեղին մասին, բայց անոնք այնքան զբաղած էին առօրեայ բաներով, մէջը ըլլալով ամուսնութիւնը, որ իր ըսածը լուրջի չառին (Բ. Պետ. 2։5)։ Յիսուս Նոյի ժամանակը բաղդատեց մեր ժամանակին հետ (Մատ. 24։37-39)։ Այսօր, մարդոց մեծամասնութիւնը Թագաւորութեան բարի լուրին ականջ չի տար։ Մենք այս պատգամը կը քարոզենք առաջ որ ներկայ չար աշխարհը կործանի։ Լաւ, Ջրհեղեղի ժամանակէն ի՞նչ դաս կը սորվինք. պէտք չէ ձգենք որ նոյնիսկ ընտանեկան հարցերը, ինչպէս՝ ամուսնութիւնը եւ պզտիկ մեծցնելը, այնքան կարեւոր ըլլան մեզի համար, որ մոռնանք թէ Եհովային օրը մօտ է։ դ16.08 1։8, 9
Շաբաթ, մայիս 12
Ժամանակը կարճցած է. ալ անոնք որ կին ունին՝ այնպէս ըլլան որպէս թէ չունին. . . եւ անոնք որ աշխարհիկ գործով կը զբաղին՝ որպէս թէ միայն անով չեն զբաղիր (Ա. Կոր. 7։29-31)։
Մենք «վերջին օրեր»ուն մէջ ըլլալով, կ’ապրինք «չար ժամանակներ»ու մէջ (Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Ուստի պէտք ունինք որ հոգեւորապէս զօրաւոր մնանք։ Այս օրուան համարին մէջ Պօղոս ըսել չէր ուզեր որ ամուսնացողները իրենց ամուսնական պարտականութիւնները պէտք է անտեսեն։ Բայց քանի որ մնացած ժամանակը կարճցած է, անոնք պէտք է հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնեն (Մատ. 6։33)։ Ներկայ շատ դժուար ժամանակին մէջ, մեր շուրջը կը տեսնենք թէ բազմաթիւ ամուսնութիւններ կը քանդուին։ Հակառակ ասոր, կրնա՛նք մեր ամուսնութիւնը ուրախ եւ յաջող դարձնել։ Այն զոյգերը որ Եհովայի ժողովուրդին մօտիկ կը մնան, Սուրբ Գիրքին խրատները կը գործադրեն եւ սուրբ հոգիին առաջնորդութիւնը կ’ընդունին, կը պատուեն «զայն որ Աստուած միաւորեց» (Մար. 10։9)։ դ16.08 2։17, 18
Կիրակի, մայիս 13
Աստուծոյ հօտը. . . արածեցէք (Ա. Պետ. 5։2)։
Ժողովքին մէջ շատ պէտք կայ հովիւներու, եւ անոնք որոնք ապագային հովիւ պիտի ըլլան՝ շատ մարզումի պէտք ունին։ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ. «Որդեա՛կս, զօրացի՛ր այն շնորհքովը որ Յիսուս Քրիստոսով է։ Եւ այն բաները որոնք ինձմէ լսեցիր շատ վկաներով՝ հաւատարիմ մարդոց յանձնէ, որպէս զի անոնք ալ կարող ըլլան ուրիշներուն սորվեցնել» (Բ. Տիմ. 2։1, 2)։ Տիմոթէոս շատ բաներ սորվեցաւ Պօղոս առաքեալէն, որ տարիքով մեծ էր։ Օրինակ՝ ան սորվեցաւ ինչպէ՛ս իր ծառայութիւնը աւելի լաւ դարձնել եւ ինչպէ՛ս ժողովքին մէջ ուրիշներու օգնել (Բ. Տիմ. 3։10-12)։ Պօղոս Տիմոթէոսի հետ շատ ժամանակ անցուց, քանի որ ուզեց վստահ ըլլալ որ ան լաւ մարզուած է (Գործք 16։1-5)։ Երէցները կրնան Պօղոսի օրինակին հետեւիլ, որակեալ օգնական ծառաները իրենց հետ տանելով հովուական այցելութիւններու, եթէ յարմար է։ Այսպիսով, օգնական ծառաները երէցներէն պիտի սորվին ինչպէ՛ս ուրիշներուն սորվեցնել, ինչպէ՛ս համբերող ու սիրալիր ըլլալ, եւ ինչպէ՛ս Եհովային վստահիլ մինչ իր հօտին հոգ կը տանին։ դ16.08 4։16, 17
Երկուշաբթի, մայիս 14
Ձեռքերդ թող չթուլնան (Սոփ. 3։16)։
«Ձեռքերը թուլնալ» արտայայտութիւնը ատեններ գործածուած է նկարագրելու համար անհատ մը որ վհատած, յուսահատած կամ անյոյս է (Բ. Մն. 15։7. Եբ. 12։12)։ Սովորական է որ այս պարագային մէջ եղող անհատը յանձնուի։ Ցաւօք սրտի, Սատանայի այս չար աշխարհին մէջ կեանքը ճնշումներով լեցուն է, ինչ որ կրնայ մտահոգութիւն պատճառել եւ ձգել որ անհատը բեռնաւորուած զգայ։ Ասիկա կը նմանի նաւուն կապուած խարիսխին, որ չի ձգեր որ նաւը առաջ երթայ (Առ. 12։25)։ Ի՞նչ բան կրնայ պատճառել որ այդպէս զգաս։ Օրինակ՝ թերեւս կը փորձես գլուխ ելլել սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւին հետ, լուրջ հիւանդութիւն մը ունիս, ընտանիքիդ պէտքերուն հոգ տանելու համար պատէ պատ կը զարնուիս, կամ հակառակութեան առջեւ ես։ Ասոնք կրնան զգացական ճնշում պատճառել եւ ժամանակի ընթացքին ուժդ տանիլ։ Նոյնիսկ թերեւս ուրախութիւնդ կորսնցնես։ Բայց կրնա՛ս վստահ ըլլալ որ Աստուած պատրաստ է օգնութեան ձեռք երկարելու քեզի (Եսա. 41։10, 13)։ դ16.09 1։2, 4
Երեքշաբթի, մայիս 15
Քու պատուիրանքներուդ ճամբուն մէջ պիտի վազեմ (Սաղ. 119։32)։
Ոմանք անկատարութեան պատճառով սխալ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարին։ Ուրիշներ կը պայքարին որ դրական աչքով նային ծառայութեան, եւ ոմանք կը պայքարին քանի որ առողջապահական խնդիրներ ունին կամ միայնակ կը զգան։ Իսկ ուրիշներու համար պայքար է ներել մէկու մը, որ իրենց հանդէպ սխալած է։ Չնայած թէ քանի տարի է որ Եհովան կը պաշտենք, բոլո՛րս պէտք է պայքարինք այն բաներուն դէմ, որոնք կը դժուարացնեն ծառայել Եհովային, որ կը վարձատրէ հաւատարիմները։ Եթէ այսպէս կը զգաս, աղօթքով Եհովայէն սուրբ հոգին խնդրէ։ Աղօթքը եւ սուրբ հոգին կրնան քեզի զօրութիւն տալ որ ճիշդը ընես, եւ այդպիսով Աստուծոյ օրհնութիւնը շահիս։ Աղօթքներուդ համաձայն գործէ, փորձէ ամէն օր Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ ժամանակ տրամադրէ անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքին (Սաղ. 119։32)։ դ16.09 2։10, 11
Չորեքշաբթի, մայիս 16
Հաւատքը. . . չերեւցած բաներուն ապացոյցն է (Եբ. 11։1)։
Երբեք մէկը քեզի ըսա՞ծ է թէ բարեշրջութեան կը հաւատայ, քանի որ գիտութեան վրայ հիմնուած է, մինչ Ստեղծիչի հաւատալը հաւատքի վրայ հիմնուած է։ Շատեր այսպէս կը մտածեն։ Բայց լաւ է որ հետեւեալը մտքերնիս պահենք. Աստուծոյ հաւատալը եւ բարեշրջութեան հաւատալը՝ երկուքն ալ հաւատք կը պահանջեն։ Ինչպէ՞ս։ Ճիշդ է որ ո՛չ մէկս տեսած ենք Աստուած կամ դիտած ենք թէ ինչպէ՛ս բան մը կը ստեղծուի (Յովհ. 1։18)։ Բայց նոյնն է պարագան բարեշրջութեան հաւատացողներուն։ Անոնք ալ կը հաւատան բանի մը որ չեն տեսներ։ Չկայ գիտնական մը կամ ոեւէ մէկը որ տեսած է ինչպէ՛ս կեանքի տեսակ մը կը բարեշրջուի ուրիշ տեսակի մը։ Օրինակ՝ ո՛չ մէկը տեսած է որ սողուն մը կը բարեշրջուի ստնաւորի (Յոբ 38։1, 4)։ Ուրեմն, բոլորս պէտք է փաստերը նկատի առնենք եւ մեր մտածելու կարողութիւնը գործածենք, որ տրամաբանական արդիւնքի մը հասնինք։ Պօղոս առաքեալ ստեղծագործութեան մասին գրեց. «[Աստուծոյ] անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի անարդարանալի ըլլան» (Հռով. 1։20, ԱԾ)։ դ16.09 4։4
Հինգշաբթի, մայիս 17
Մի՛ մոռնաք օտարներու հանդէպ ազնուութիւնը (Եբ. 13։2, ՆԱ, ստորանիշ)։
Եհովան սիրալիրօրէն հոգ տարաւ Իսրայէլի մէջ բնակող օտարներուն։ Օրինակ՝ անոնք կրնային գետին ինկած կամ հնձողներուն չհնձած բաները հաւաքել (Ղեւ. 19։9, 10)։ Փոխանակ իսրայէլացիներուն հրամայելու որ օտարները յարգեն, Եհովան իրենց խիղճը արթնցուց (Ել. 23։9)։ Անոնք գիտէին թէ ի՛նչ ըսել է օտար ըլլալ։ Նոյնիսկ առաջ որ անոնք ստրուկ դառնան Եգիպտոսի մէջ, եգիպտացիները չէին սիրեր զիրենք, քանի որ իրենցմէ տարբեր էին (Ծն. 43։32. 46։34. Ել. 1։11-14)։ Իսրայէլացիները նեղ օրեր ունեցած էին որպէս օտարներ, եւ Եհովան կ’ուզէր որ անոնք ասիկա յիշէին եւ ազնիւ ըլլային (Ղեւ. 19։33, 34)։ Ներկայիս, Եհովան նոյնչափ հետաքրքրուած է այն օտարներով որ մեր ժողովներուն կու գան (Բ. Օր. 10։17-19. Մաղ. 3։5, 6)։ Պահ մը մտածէ թէ անոնք ի՛նչ դժուարութիւններ կրնան ունենալ։ Օրինակ, թերեւս անոնք նոր լեզուն շատ լաւ չեն հասկնար կամ մարդիկ անարդարօրէն կը վարուին իրենց հետ։ Ջանք թափենք որ իրենց օգնենք եւ ազնիւ ըլլանք իրենց հանդէպ (Ա. Պետ. 3։8)։ դ16.10 1։3-5
Ուրբաթ, մայիս 18
Ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է (Յակ. 2։26)։
Յակոբոս աշակերտ հաւատքի մասին խօսելով՝ գրեց. «Դուն քու հաւատքդ ցուցուր ինծի առանց գործերու ու ես քեզի ցուցնեմ իմ հաւատքս իմ գործերովս» (Յակ. 2։18)։ Ան բացատրեց թէ հաւատքը միայն հաւատալ չէ, հապա գործեր ալ պարփակուած են։ Դեւերը կը հաւատան որ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց անոնք իսկական հաւատք չունին։ Փոխարէն, անոնք շատ զօրաւոր կերպով դէմ կը դնեն Աստուծոյ (Յակ. 2։19, 20)։ Անդին, ան որ հաւատք ունի, լաւ բաներ ընելով Աստուած կը հաճեցնէ, ճիշդ ինչպէս որ Աբրահամ ըրաւ։ Յակոբոս գրեց. «Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին Իսահակը սեղանին վրայ հանեց զոհ ընելու։ Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը անոր գործերուն հետ մէկտեղ գործեց ու այն գործերով հաւատքը կատարեալ եղաւ» (Յակ. 2։21-23)։ Ետքը, Յակոբոս շեշտեց թէ հաւատքը առանց գործերու անօգուտ է, ըսելով այս օրուան համարին խօսքը։ դ16.10 4։8
Շաբաթ, մայիս 19
Մարդուն մտքին մէջ յաւիտենականութիւնը ճանչնալու փափաքը դրաւ (Ժող. 3։11)։
Գիտնականները տիեզերքին եւ մեր երկրագունդին մասին իրենց սորվածներէն շատ մը բաներ գործածած են, որպէսզի մեր կեանքը աւելի լաւ դարձնեն։ Բայց անոնք չեն կրցած շատ մը հարցումներու պատասխանել։ Օրինակ՝ աստղագէտները չեն կրնար մեզի բացատրել թէ տիեզերքը ճիշդ ինչպէս գոյութիւն ունեցաւ կամ ինչու մարդիկը, անասունները եւ բոյսերը Երկի՛ր մոլորակի վրայ են։ Եւ մարդոց մեծամասնութիւնը չի կրնար բացատրել թէ ինչո՛ւ մարդ արարածը զօրաւոր փափաք ունի որ յաւիտեան ապրի։ Ինչո՞ւ այսքան շատ չպատասխանուած հարցումներ կան, որոնք կարեւոր են։ Պատճառներէն մէկն է թէ բազմաթիւ գիտնականներ եւ ուրիշներ կ’ըսեն, թէ Աստուած չկայ եւ կը քաջալերեն բարեշրջութիւնը։ Բայց Աստուած պատասխանները կու տայ մեզի իր գրքին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ։ Եհովան դրաւ բնութեան օրէնքները։ Ատոնք վստահելի են ու չեն փոխուիր։ Ելեկտրագէտներուն, կապարագործներուն, մեքենագէտներուն, օդաչուներուն, վիրաբուժներուն եւ ուրիշներու գործը կախեալ է այս օրէնքներէն։ դ16.11 2։4, 5
Կիրակի, մայիս 20
Անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք (Գործք 17։28)։
Շատ պատճառներ ունինք որ շնորհակալ ըլլանք Եհովայէն։ Նախ եւ առաջ, «անով կ’ապրինք եւ կը շարժինք ու կանք»։ Ան նաեւ մեզի տուած է շատ արժէքաւոր նուէր մը՝ Աստուածաշունչը։ Թեսաղոնիկէի քրիստոնեաներուն պէս, ուրախութեամբ կ’ընդունինք այս նուէրը, քանի որ Աստուծոյ կողմէ պատգամ մըն է (Ա. Թես. 2։13)։ Աստուածաշունչը մեզի օգնած է որ Եհովային մօտենանք, եւ ան ալ մեզի մօտեցած է (Յակ. 4։8)։ Մեր երկնաւոր Հայրը մեզի տուած է այն հոյակապ առանձնաշնորհումը որ իր կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլանք։ Որքա՜ն կը գնահատենք այսպիսի օրհնութիւններ եւ կը զգանք սաղմոսերգուին պէս, որ ըսաւ. «Շնորհակա՛լ եղէք Տէրոջմէն, որովհետեւ բարի է. որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը [«հաւատարիմ սէրը», ՆԱ] յաւիտենական է» (Սաղ. 136։1, ԱԾ)։ 136–րդ սաղմոսին մէջ 26 անգամ կը գտնենք «անոր հաւատարիմ սէրը յաւիտենական է» արտայայտութիւնը։ Եթէ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան հաւատարիմ ենք, մեզի յաւիտենական կեանք պիտի տայ եւ յաւիտեան մեզի հանդէպ հաւատարիմ պիտի գտնուի։ դ16.11 3։18, 19
Երկուշաբթի, մայիս 21
Ինչպէս մարդէ մը մեղքը աշխարհ մտաւ եւ այն մեղքէն՝ մահը, այնպէս բոլոր մարդոց վրայ տարածուեցաւ մահը, քանզի ամէնքն ալ մեղանչեցին (Հռով. 5։12)։
Այս համարը շատ անգամներ գործածուած է Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին մէջ։ Երբ այս գրքին 3, 5 եւ 6–րդ գլուխները կը սերտես պզտիկներուդ կամ ուրիշներու հետ, շատ հաւանաբար կարդաս Հռովմայեցիս 5։12–ը, որպէսզի անոնց օգնես որ հասկնան թէ երկիրը ինչո՛ւ դրախտ չէ հիմա, ինչո՛ւ պէտք ունինք փրկանքին եւ ինչո՛ւ կը մեռնինք։ Բայց այս համարը նաեւ կ’օգնէ որ Եհովային հետ փոխյարաբերութիւնդ աւելի արժեւորես, աւելի ջանաս զինք ուրախացնել եւ իր խոստացած բաներուն յոյսով ապրիս։ Ցաւօք սրտի, բոլորս մեղաւոր ենք եւ ամէն օր սխալներ կ’ընենք։ Բայց Եհովան ողորմած է ու գիտէ թէ անկատար ենք եւ կ’ուզէ մեզի ներել (Սաղ. 103։13, 14)։ Յիսուս մեզի ըսաւ որ Աստուծմէ խնդրենք որ մեր մեղքերը ներէ (Ղուկ. 11։2-4)։ Երբ Եհովան մեր գործած մեղքերը կը ներէ, պէտք չունինք շարունակ ատոնց մասին մտածելու։ Բայց կ’օգտուինք երբ նկատի առնենք թէ ան ինչպէ՛ս կրնայ ներել մեզի։ դ16.12 1։1-3
Երեքշաբթի, մայիս 22
Մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն (Հռով. 8։5)։
Հռոմի քրիստոնեաները պէտք էր իրենց անձը քննէին եւ տեսնէին թէ ինչի՛ վրայ կը կեդրոնանային։ Արդեօք ‘մարմնի՞ն բաները կը մտածէին’։ Այսօր մենք ալ պէտք է քննենք թէ մեզի համար ի՛նչն է ամէնէն կարեւորը։ Ամէնէն շատ ինչո՞վ կը հետաքրքրուինք եւ ինչի՞ մասին միշտ կը խօսինք։ Ի՞նչ բանի ետեւէ ենք։ Ոմանք թերեւս անդրադառնան որ միշտ կը մտածեն տարբեր–տարբեր գինիներ համտեսելու մասին, իրենց տունը զարդարելու մասին, հագուստի նորոյթին հետեւելու մասին, դրամ աշխատցնելու մասին կամ արձակուրդը ծրագրելու մասին։ Ասոնք սխալ բաներ չեն. ասոնք կեանքին մէջ բնական բաներ կրնան ըլլալ։ Օրինակ՝ Յիսուս անգամ մը գինի ապահովեց հարսանիքի մը ընթացքին, իսկ Պօղոս Տիմոթէոսին ըսաւ որ «քիչ մըն ալ գինի» խմէ իր առողջութեան համար (Ա. Տիմ. 5։23. Յովհ. 2։3-11)։ Բայց Յիսուս եւ Պօղոս շարունակ կը խօսէի՞ն գինիի մասին եւ կը կեդրոնանայի՞ն ատոր վրայ։ Ո՛չ։ Ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Կեանքին մէջ մեր ամէնէն մեծ հետաքրքրութիւնը ի՞նչ է։ դ16.12 2։5, 10, 11
Չորեքշաբթի, մայիս 23
Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ (Եբ. 13։5)։
Եհովային այս խոստումը մեզի կ’օգնէ որ Մատթէոս 6։33–ի մէջ Յիսուսի ըսածին վստահինք։ Անգամ մը, Պետրոս առաքեալ հարցուց Յիսուսին. «Ահա մենք ամէն բան թողուցինք եւ քու ետեւէդ եկանք. ուստի մեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ» (Մատ. 19։27)։ Փոխանակ Պետրոսը յանդիմանելու, Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ որ պիտի վարձատրուէին իրենց ըրած զոհողութիւններուն համար։ Հաւատարիմ առաքեալները եւ ուրիշներ Յիսուսի հետ պիտի թագաւորեն երկնքին մէջ։ Բայց նոյնիսկ հիմա վարձատրութիւններ կան։ Յիսուս ըսաւ. «Ով որ թողուց տուներ կամ եղբայրներ կամ քոյրեր կամ հայր կամ մայր կամ կին կամ որդիներ կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ» (Մատ. 19։29)։ Այսօր, Յիսուսի բոլոր հետեւորդները կրնան ժողովքներուն մէջ գտնել հայրեր, մայրեր, եղբայրներ, քոյրեր եւ զաւակներ։ Ասիկա վստահաբար շատ աւելի արժէքաւոր է քան որեւէ զոհողութիւն որ ըրած ենք Աստուծոյ Թագաւորութեան համար։ դ16.12 4։4, 5
Հինգշաբթի, մայիս 24
Հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն է (Եբ. 11։1)։
Քրիստոնեաները ի՜նչ գեղեցիկ յոյս մը ունին։ Եհովան խոստացած է որ իր անունը սրբացնէ եւ իր կամքը կատարէ երկինքը եւ երկրի վրայ (Մատ. 6։9, 10)։ Ան նաեւ խոստացած է որ յաւիտենական կեանք տայ մեզի, կա՛մ երկինքը կամ ալ երկրի վրայ (Յովհ. 10։16. Բ. Պետ. 3։13)։ Անհամբեր կը սպասենք որ ասոնք իրականանան։ Մինչ այդ, ուրախութեամբ կը դիտենք Աստուծոյ ժողովուրդին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ հաւատքը մեր յուսացած բաներուն «հաստատութիւն»ն է։ Ասիկա ըսել է թէ ա՛ն որ հաւատք ունի, վերջին ծայր վստահ է որ Եհովային խոստացած բաները պիտի իրականանան։ Անդին, այսօր շատ մը մարդիկ կը յուսան բաներ, բայց չեն կրնար վստահ ըլլալ որ ատոնք պիտի իրականանան։ Օրինակ՝ միլիոնաւոր մարդիկ կը յուսան որ վիճակահանութիւնը շահին, բայց անոնք բնա՛ւ չեն կրնար վստահ ըլլալ որ պիտի շահին։ դ16.10 3։1, 2
Ուրբաթ, մայիս 25
Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք (Ա. Պետ. 4։10)։
Եհովան ազնուօրէն տուած է մեզի պարգեւներ, ձիրքեր կամ կարողութիւններ։ Կրնանք զանոնք գործածել որ Իրեն փառք բերենք եւ ուրիշներուն օգտակար դառնանք (Հռով. 12։4-8)։ Եհովան մեզի տուած է դեր մը, որ իրեն հետ կը բերէ պատիւ, վստահութիւն եւ պատասխանատուութիւն։ Բայց ժամանակի ընթացքին, Եհովայի ծառայութեան մէջ մեր դերը կրնայ փոխուիլ։ Նկատի առ Յիսուսը։ Սկիզբը, ան Եհովային հետ առանձին էր (Առ. 8։22)։ Ետքը, ան Եհովային օգնեց որ հրեշտակները, տիեզերքը եւ մարդ արարածը մէջտեղ բերեն (Կող. 1։16)։ Յետագային, Յիսուս երկիր ղրկուեցաւ։ Սկիզբը ան մանուկ էր, իսկ ետքը չափահաս դարձաւ (Փլպ. 2։7)։ Իր մահուընէն ետք, ան յարութիւն առնելով երկինք վերադարձաւ, իսկ 1914–ին եղաւ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը (Եբ. 2։9)։ Ասկէ զատ, Հազարամեայ իշխանութենէն ետք, ան իր Թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Եհովային, որպէսզի «Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ բոլորին համար» (Ա. Կոր. 15։28, ՆԱ)։ դ17.01 3։11, 12
Շաբաթ, մայիս 26
Ձեզի ընտրեցէք այսօր թէ ո՞վ պիտի պաշտէք (Յես. 24։15)։
Երբ կին մը որոշում մը պիտի կայացնէր, իր բարեկամին ըսաւ. «Աւելի դիւրին է որ ինծի ըսես ի՛նչ ընեմ։ Մի՛ ձգեր որ խելքս աշխատցնեմ»։ Կինը նախընտրեց որ մէկը իրեն ըսէ թէ ի՛նչ պէտք է ընէ, քան թէ իր ազատ կամքը գործածէ, ինչ որ Ստեղծիչին կողմէ պարգեւ մըն է։ Ի՞նչ կրնաս ըսել քու մասիդ։ Կը սիրես անձա՞մբ որոշումներդ առնել, թէ՞ ուրիշները քու տեղդ որոշումներ առնեն։ Ինչպէ՞ս կը նկատես ազատ կամքը։ Մարդիկ տարբեր կարծիքներ ունին ազատ կամքին մասին։ Կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն որ ազատ կամք ըսուած բան մը չկայ, քանի որ Աստուած արդէն որոշած է մեր բոլոր ընելիքները։ Ուրիշներ կ’ըսեն որ իսկական ազատ կամք կ’ունենանք միայն եթէ բացարձակ ազատութիւն ունենանք։ Բայց որպէսզի այս նիւթը լաւ հասկնանք, պէտք է Սուրբ Գիրքին ըսածին նայինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա կը սորվեցնէ թէ Եհովան ազատ կամքով ստեղծեց մեզ, այսինքն՝ իմաստուն որոշումներ առնելու կարողութեամբ եւ ազատութեամբ։ դ17.01 2։1, 2
Կիրակի, մայիս 27
Իմ որդիս Սողոմոն փափուկ տղայ մըն է. . . ուստի պէտք է անոր համար պատրաստութիւն տեսնեմ (Ա. Մն. 22։5)։
Աստուծոյ տաճարը պէտք էր «անուանի ու փառաւոր» ըլլար։ Դաւիթ թերեւս մտածեց թէ Սողոմոն պատրաստ չէ այսպիսի կարեւոր ծրագիր մը առաջնորդելու, քանի որ պատանի ու անփորձ է։ Բայց Դաւիթ գիտէր թէ Եհովան Սողոմոնին պիտի օգնէր որ այս յատուկ գործը կատարէր։ Այսպիսով, Դաւիթ իր ամէն կարելին ըրաւ որ այս հսկայ գործին համար պատրաստութիւններ տեսնէ։ Նմանապէս այսօր, տարիքով աւելի մեծ եղբայրները պէտք չէ յուսահատին, երբ պէտք ըլլայ որ իրենց նշանակումները յանձնեն ուրիշներուն։ Բոլորս գիտենք թէ Եհովային գործը առաջին տեղը կու գայ, եւ որպէսզի ատիկա կատարուի, պէտք է երիտասարդները մարզուին որ պատասխանատուութիւն շալկեն։ Տարեցները պէտք է շատ ուրախ ըլլան երբ տեսնեն, թէ իրենց մարզած անհատները կը շալկեն այն պատասխանատուութիւնները որ առաջ իրենք ունէին։ դ17.01 5։8, 9
Երկուշաբթի, մայիս 28
Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ (Ծն. 3։15)։
Որպէս Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը, Յիսուս Սատանան պիտի ոչնչացնէ եւ անոր պատճառած բոլոր խնդիրները մէջտեղէն պիտի վերցնէ։ Ան իր աշակերտներուն օգնեց որ ըմբռնեն, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որքա՜ն կարեւոր է։ Ինչպէ՞ս։ Իր մկրտութենէն անմիջապէս ետք, ան սկսաւ «Աստուծոյ թագաւորութեան» բարի լուրը քարոզել (Ղուկ. 4։44)։ Ան նաեւ իր աշակերտներուն ըսաւ որ իրեն համար վկաներ ըլլան «մինչեւ երկրին ծայրերը» (Գործք 1։6-8)։ Այսօր, մարդիկ Թագաւորութեան քարոզչութեան գործին միջոցաւ առիթ ունին, որ փրկանքին մասին սորվին եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակներ ըլլան։ Երբ օծեալներուն օգնենք աշխարհի տարածքին բարի լուրը քարոզելու, կը ցուցնենք թէ Թագաւորութեան հաւատարիմ հպատակներ ենք (Մատ. 24։14. 25։40)։ դ17.02 2։7, 8
Երեքշաբթի, մայիս 29
[Քրիստոս] մէկ քանին տուաւ առաքեալներ ըլլալու (Եփ. 4։11)։
Թէեւ կառավարիչ մարմինը ժողովքին մէջ հեղինակութիւն ունէր, բայց անոր անդամները ըմբռնած էին որ Յիսո՛ւսն էր իրենց Առաջնորդը։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ Քրիստոս ժողովքին «գլուխ»ը՝ կամ Առաջնորդն էր (Եփ. 4։15)։ Եւ փոխանակ երեւելի առաքեալի մը անունը կրելու, «աշակերտները աստուածային առաջնորդութեամբ քրիստոնեայ անուանուեցան» (Գործք 11։26, ՆԱ)։ Պօղոս գիտէր թէ կարեւոր էր հետեւիլ այն սուրբգրային ուսուցումներուն, որ առաքեալները եւ առաջնորդութիւն առնող անհատները կը սորվեցնէին։ Ասով հանդերձ, ան աւելցուց. «Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու [ներառեալ՝ կառավարիչ մարմինին իւրաքանչիւր անդամին] գլուխը Քրիստոսն է. . . եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած» (Ա. Կոր. 11։2, 3)։ Յստակ էր որ Եհովան նշանակած էր իր Որդին՝ Քրիստոս Յիսուսը որ ժողովքը առաջնորդէ։ դ17.02 4։7
Չորեքշաբթի, մայիս 30
Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին (Ա. Տիմ. 5։17)։
Ուրիշները պատուելը մեզի կ’օգնէ որ անձնասէր չըլլանք, եւ չուռինք երբ մէկը մասնաւոր ուշադրութիւն հրաւիրէ մեր վրայ։ Ատիկա նաեւ կ’օգնէ որ միացած մնանք Եհովայի կազմակերպութեան հետ, որ չափէ դուրս չի պատուեր մարդիկը, ըլլան հաւատացեալներ թէ անհաւատներ։ Ասկէ զատ, ատիկա մեզի կ’օգնէ որ չգայթակղինք երբ մեր պատուած անհատը մեզ յուսախաբ ընէ։ Ուրիշը պատուելուն ամէնէն կարեւոր օգուտն է՝ Աստուած հաճեցնել։ Ան կ’ուզէ՛ որ ուրիշը պատուենք, եւ այսպէս իրեն հաւատարիմ կը մնանք։ Այսպիսով, Եհովան կրնայ պատասխան տալ Սատանային, որ ըսած է թէ ո՛չ մէկը հաւատարիմ կրնայ մնալ (Առ. 27։11)։ Աշխարհին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը չի գիտեր թէ պատուելուն պատշաճ կերպը ի՛նչ է, բայց մենք իրապէս երախտապարտ ենք որ գիտենք Եհովային կերպով պատուել։ դ17.03 1։13, 20, 21
Հինգշաբթի, մայիս 31
Յովսափատ. . . Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ (Բ. Մն. 20։32)։
Յովսափատ իր հօրը Ասային պէս քաջալերեց ժողովուրդը, որ շարունակեն Եհովան պաշտել։ Ան մարդիկ ղրկեց Յուդայի քաղաքները, որպէսզի «Տէրոջը օրէնքի գիրք»էն սորվեցնեն ժողովուրդին (Բ. Մն. 17։7-10)։ Ան նոյնիսկ գնաց Իսրայէլի հիւսիսային թագաւորութեան շրջանները՝ Եփրեմի լեռները, որպէսզի «զանոնք իրենց հայրերուն Տէր Աստուծոյն դարձ[նէ]» (Բ. Մն. 19։4)։ Ներկայիս, Եհովան կ’ուզէ որ աշխարհի չորս կողմը մարդիկ իր մասին սորվին, եւ բոլորս կրնանք այս գործին մասնակցիլ։ Նպատակակէտ դրա՞ծ ես որ ամէն ամիս այս գործին մասնակցիս։ Կ’ուզե՞ս Սուրբ Գիրքը սորվեցնել ուրիշներուն, որպէսզի անոնք ալ սկսին Եհովան պաշտել։ Ասոր մասին կ’աղօթե՞ս։ Եթէ ջանք թափես, Եհովան քեզի պիտի օգնէ որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիս։ Պատրա՞ստ ես մէկու մը հետ ուսումնասիրելու, նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ ազատ ժամերէդ զոհես։ Եւ ճիշդ ինչպէս որ Յովսափատ Եփրեմի շրջանները գնաց, որպէսզի մարդոց օգնէ որ դարձեալ սկսին Եհովան պաշտել, մենք ալ կրնանք ջանալ օգնել անգործունեայ դարձողներուն։ դ17.03 3։10, 11