Ապրիլ
Կիրակի, ապրիլ 1
Ձեզ ալ՝ որ ատեն մը օտարացած էիք ու չար գործերով թշնամիներ՝ ձեր խորհուրդներովը, հիմա հաշտեցուց բուն իր մարմնովը՝ մահուամբ (Կող. 1։21, 22)։
Այնքան ատեն որ մարդիկ Յիսուսի փրկանքին չեն հաւատար, Աստուծոյ թշնամիներ կը մնան։ Ուրեմն, պատասխանատուութիւն ունինք որ անոնց ըսենք, թէ կրնա՛ն Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Ան որ Որդիին կը հաւատայ, յաւիտենական կեանքն ունի եւ ան որ Որդիին չի հնազանդիր, անիկա կեանքը պիտի չտեսնէ, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը անոր վրայ պիտի ըլլայ» (Յովհ. 3։36)։ Ուրախ ենք որ Յիսուսի զոհին միջոցաւ կրնանք Աստուծոյ հետ հաշտուիլ (Բ. Կոր. 5։18-20)։ Մենք ճշմարտութիւնը մարդոց կը սորվեցնենք ու կ’օգնենք որ Եհովային հետ մօտիկ փոխյարաբերութիւն ունենան։ Ասիկա մեր քարոզչութեան կարեւոր մէկ մասն է։ դ16.07 4։8-10
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 19։1-42
Երկուշաբթի, ապրիլ 2
Քու անունդ սուրբ ըլլայ (Մատ. 6։9)։
Յիսուսի տիպար աղօթքին առաջին խնդրանքն էր որ Աստուծոյ անունը սրբացուի։ Եւ քանի որ Եհովան սուրբ է, իր դրած սկզբունքներն ու օրէնքները սուրբ են։ Հակառակ ասոր, Եդեմի պարտէզին մէջ՝ Սատանան խորամանկօրէն մէջտեղ դրաւ այն գաղափարը, թէ Աստուած իրաւունք չունի չափանիշներ դնելու մարդոց համար։ Եհովային մասին սուտ խօսելով, Սատանան անարգեց Աստուծոյ սուրբ անունը (Ծն. 3։1-5)։ Անդին, Յիսուս իրապէս կը սիրէր Եհովային անունը եւ իր ամէն կարելին ըրաւ որ զայն սրբացնէ (Յովհ. 17։25, 26)։ Ինչպէ՞ս։ Ան իր վարքով եւ ուսուցումներով փաստեց, թէ Եհովային չափանիշները ճիշդ են, եւ թէ ի՛նչ որ մեզմէ կը խնդրէ՝ մեր օգտին համար է (Սաղ. 40։8-10)։ Յիսուս մինչեւ մահ հաւատարիմ մնալով իր երկնաւոր Հօր՝ փաստեց թէ կատարեալ մարդ մը կրնա՛յ լման հնազանդ մնալ Եհովային։ դ17.02 2։2-4
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 15–ի դէպքերը) Մատթէոս 27։62-66 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։1
Երեքշաբթի, ապրիլ 3
Գառնուկին. . . պատիւ եւ փառք (Յայտ. 5։13)։
«Գառնուկը»՝ Յիսուս Քրիստոսն է։ Ինչպէ՞ս գիտենք։ Երբ երկրի վրայ էր, ան կոչուած էր՝ «Աստուծոյ Գառը, որ աշխարհի մեղքը կը վերցնէ» (Յովհ. 1։29)։ Ասիկա վստահաբար լաւ պատճառ մըն է որ զինք պատուենք։ Ուրիշ ո՞ր թագաւորը յօժարակամ մեռած է իբրեւ փրկանք։ Ան պատուուելու արժանի է, քանի որ «թագաւորներուն Թագաւորը ու տէրերուն Տէրն» է (Ա. Տիմ. 6։14-16)։ Թերեւս կը զգաս այդ հրեշտակներուն պէս, որոնք կ’երգեն. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու» (Յայտ. 5։12)։ Սակայն Եհովան եւ Քրիստոսը պատուելը կամքի թողուած հարց մը չէ։ Մեր յաւիտենական կեանքը ասկէ կախեալ է։–ի մէջ Յիսուս նշեց. «Ան որ Որդին չի պատուեր, զանիկա ղրկող Հայրը չի պատուեր» (Սաղ. 2։11, 12. Յովհ. 5։23)։ դ17.03 1։3, 4
Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 16–ի դէպքերը) Յովհաննէս 20։2-18
Չորեքշաբթի, ապրիլ 4
Եթէ դուք զիս վերադարձնէք. . . ես ձեր զօրագլուխը պիտի ըլլա՞մ (Դատ. 11։9, ԱԾ)։
Յեփթայէ իսրայէլին պատմութիւնն ու Մովսիսական օրէնքը շատ լաւ գիտէր։ Իր ժողովուրդին հետ Եհովային վարուած կերպը Յեփթայէի սորվեցուց, թէ Եհովային աչքին ի՛նչ բան ճիշդ էր եւ ի՛նչ բան սխալ (Դատ. 11։12-27)։ Աստուածային սկզբունքները անոր մտածելակերպին եւ սրտին ազդեցին։ Ան գիտէր թէ Եհովան ոխ պահելը կը մերժէր. փոխարէն, Ան կ’ուզէր որ իր ժողովուրդը իրար սիրեն։ Օրէնքը նաեւ սորվեցուց որ անձ մը պէտք չէ ուրիշներուն պէտքերուն երես դարձնէ, նոյնիսկ եթէ զինք ‘կ’ատեն’ (Ել. 23։5. Ղեւ. 19։17, 18)։ Յովսէփին օրինակը շատ հաւանաբար օգնեց Յեփթայէի։ Ան գիտէր թէ Յովսէփ ինչպէ՛ս ողորմեցաւ իր եղբայրներուն, հակառակ անոր որ զինք «ատեցին» (Ծն. 37։4. 45։4, 5)։ Այսպիսի օրինակներու վրայ խոկալը կրնայ ըլլալ Յեփթայէի օգնեց, որ Եհովան հաճեցնող ձեւով մը վարուի։ Անկասկած իր խորթ եղբայրներուն ըրածները զինք խորապէս ցաւցուցին, բայց ան թոյլ պիտի չտար որ ատոնց պատճառաւ վազ անցնի Եհովային եւ Իր ժողովուրդին ծառայելէ (Դատ. 11։1-3)։ դ16.04 1։8, 9
Հինգշաբթի, ապրիլ 5
Միշտ. . . միաբանութեան ետեւէն էին (Գործք 2։42)։
Եհովայի ծառաները միշտ անհամբեր սպասած են որ միասին հաւաքուին։ Քրիստոնէական ժողովքը կազմուելէն անմիջապէս ետք, Յիսուսի հետեւորդները սկսան իրարու հետ ընկերակցիլ։ Շատ հաւանաբար դուն ալ իրենց պէս կ’ուզես կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլալ։ Սակայն բոլոր քրիստոնեաները իրենց առջեւ դժուարութիւններ ունին։ Ատեններ դիւրին չէ որ ժողովի երթանք, քանի որ կ’աշխատինք, շատ զբաղած կամ յոգնած կ’ըլլանք։ Ժողովներուն արժէքը գնահատելը կրնայ մեզ մղել, որ մեր ամէն կարելին ընենք որ կանոնաւորաբար ներկայ ըլլանք։ Անշուշտ, կարգ մը եղբայրներ կարողութիւն չունին կանոնաւորաբար ժողովներու ներկայ ըլլալու, կամքէ անկախ պատճառներով, ինչպէս՝ լուրջ հիւանդութիւն մը։ Երէցները կրնան այսպիսի անհատներու օգնել որ օգտուին հոգեւոր յայտագիրներէ։ Օրինակ՝ երէցները կրնան կարգադրել որ անոնք ժողովները մտիկ ընեն հեռաձայնի միջոցով կամ ձայնագրութիւններով։ դ16.04 3։3
Ուրբաթ, ապրիլ 6
Քաջասի՛րտ եղէք, ես աշխարհին յաղթեցի (Յովհ. 16։33)։
Եհովայի հաւատարիմ ծառաներուն օրինակէն կրնանք իմաստութիւն եւ զօրութիւն առնել որ դիմանանք։ Օրինակ՝ Սեդրաք, Միսաք եւ Աբեդնագով մերժեցին պաշտել այն արձանը, որ Բաբելոնի կառավարութիւնը կը ներկայացնէր (Դան. 3։16-18)։ Այս պատմութիւնը ներկայիս շատերու օգնած է որ քաջ ըլլան եւ մերժեն իրենց երկրին դրօշակը պաշտել։ Յիսուս ալ աշխարհի քաղաքական եւ ընկերային վէճերուն չմասնակցեցաւ։ Ան գիտէր թէ իր օրինակը պիտի օգնէր իր աշակերտներուն։ Ասոր համար, ան ըսաւ. «Քաջասի՛րտ եղէք»։ Ժողովքին եղբայրներն ու քոյրերն ալ կրնան քեզի օգնել։ Անոնք քեզ պիտի քաջալերեն, եթէ լուր ունենան թէ ի՛նչ դժուար պարագաներ ունիս։ Անոնցմէ խնդրէ որ քեզի համար աղօթեն։ Եթէ կ’ակնկալենք որ մեր եղբայրները մեզի օգնեն եւ մեզի համար աղօթեն, պէտք չէ՞ մենք ալ նոյնը ընենք իրենց համար (Մատ. 7։12)։ դ16.04 4։16, 18
Շաբաթ, ապրիլ 7
Ժողովուրդդ. . . յօժարակամ պիտի ըլլայ (Սաղ. 110։3)։
Եհովայի վկաները դրամ կը հաւաքե՞ն Թագաւորութեան սրահներուն մէջ կամ համաժողովներու ատեն։ Ո՛չ։ Իրենց գործը կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’օժանդակուի (Բ. Կոր. 9։7)։ Միայն 2015–ին, Եհովայի վկաները 1,93 միլիառ ժամ տրամադրեցին բարի լուրը քարոզելու եւ ամէն ամիս աւելի քան 9 միլիոն ուսումնասիրութիւն վարելու։ Հետաքրքրական է որ անոնք ոչ միայն դրամ չեն առներ իրենց կատարած գործին համար, այլեւ՝ ամենայն ուրախութեամբ իրենց ծախսերը անձնապէս կը գոցեն։ Հետազօտիչ մը Եհովայի վկաներուն գործին մասին ըսաւ. «Անոնց գլխաւոր նպատակն է՝ քարոզել եւ սորվեցնել։ . . .Անոնք կղերականներ չունին, ինչ որ իրենց ծախսերը բաւական չափով կը թեթեւցնէ»։ Լաւ, այս գործը ի՞նչ շարժառիթով կ’ընենք։ Մէկ խօսքով, այս գործը յօժարակամ կ’ընենք, քանի որ Եհովան կը սիրենք եւ մեր ընկերը կը սիրենք։ Այս կեցուածքը կը կատարէ այս օրուան համարին նշած մարգարէութիւնը։ դ16.05 2։9
Կիրակի, ապրիլ 8
Վերին իմաստութիւնը նախ՝ սուրբ է, ետքը՝ խաղաղարար, հեզ, հլու, ողորմութիւնով ու բարի պտուղներով լեցուն (Յակ. 3։17)։
Ասիկա գիտնալը մեզ կը մղէ որ մերժենք այն ժամանցները, որոնք պենզին կը թափեն անմաքուր մտածումներուն եւ հակումներուն վրայ։ Եւ եթէ յստակօրէն հասկցած ենք թէ Եհովան ի՛նչը կը սիրէ եւ ի՛նչը կ’ատէ, դիւրաւ կը զատորոշենք թէ ո՛ր գիրքերը, ֆիլմերը կամ խաղերը ընդունելի են. պէտք չենք ունենար ուրիշներուն հարցնելու, քանի որ ատոնց նկատմամբ Եհովային մտածումը յստակ է իր Խօսքին մէջ։ Շատ անգամներ երբ որոշումի առջեւ ըլլանք, զանազան ընտրութիւններ կ’ըլլան, որոնք բոլորն ալ Աստուծոյ աչքին ընդունելի են։ Բայց երբ լուրջ որոշումներու առջեւ ըլլանք, ատեններ նախընտրելի է խրատ խնդրել երէցներէն կամ ուրիշ փորձառու քրիստոնեաներէ (Տիտ. 2։3-5. Յակ. 5։13-15)։ Անշուշտ յարմար չէ որ ուրիշներէն խնդրենք մեր տեղը որոշում առնել։ Քրիստոնեաները պէտք է իրենց ըմբռնողականութիւնը մարզեն, Աստուածաշունչէն իրենց գիտցածներուն վրայ լաւ մտածեն, եւ ապա որոշում առնեն (Եբ. 5։14)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ», այսինքն՝ պատասխանատուութեան բեռը (Գաղ. 6։5)։ դ16.05 3։15, 16
Երկուշաբթի, ապրիլ 9
Առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող (Ա. Տիմ. 1։13)։
Երբ Եհովան մարդոց կը նայի, իրենց դուրսի երեւոյթին վրայ չի կեդրոնանար։ Փոխարէն, ան սիրտը կը քննէ եւ ներքին անձը կը տեսնէ (Ա. Թագ. 16։7բ)։ Ասիկա շատ յայտնի էր երբ Աստուած քրիստոնէական ժողովքը կազմեց։ Ան իրեն եւ իր Որդիին քաշեց շատ մը անհատներ, որոնք թերեւս մարդկային աչքով անարժէք կը սեպուին (Յովհ. 6։44)։ Անոնցմէ մէկն էր՝ Սօղոս անունով փարիսեցի մը։ Բայց «սիրտերը քննողը» Սօղոսին չնայեցաւ որպէս անօգուտ կաւ մը (Առ. 17։3, ԱԾ)։ Փոխարէն, Աստուած տեսաւ թէ Սօղոսը կրնար ձեւաւորուիլ եւ վերածուիլ «ընտիր աման»ի մը, որպէսզի քարոզէ «հեթանոսներուն ու թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն» (Գործք 9։15)։ Եհովան նաեւ ընտրեց ուրիշներ, որոնք կրնային վերածուիլ ‘պատիւի համար’ եղող անօթներու, մէջը ըլլալով՝ նախապէս գինով, անբարոյ եւ գող եղողներ (Հռով. 9։21. Ա. Կոր. 6։9-11)։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը սերտելով՝ իրենց հաւատքը զօրացուցին եւ թոյլ տուին որ Եհովան զիրենք ձեւաւորէ։ դ16.06 1։4
Երեքշաբթի, ապրիլ 10
Ահա ինչպէս է կաւը բրուտին ձեռքին մէջ, դուք ալ իմ ձեռքիս մէջ այնպէս էք (Եր. 18։6)։
Աստուած մեզի տուած է իր Խօսքը, ժողովքը եւ ծառայութիւնը, որպէսզի փափուկ կաւ մնանք։ Ջուրը փափուկ կը դարձնէ կաւը։ Նմանապէս, երբ օրական Սուրբ Գիրքը կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք, Եհովային ձեռքերուն մէջ դիւրաթեք պիտի ըլլանք։ Ան Իսրայէլի թագաւորներէն պահանջեց որ իր օրէնքներու գիրքը ընդօրինակեն եւ ամէն օր անկէ կարդան (Բ. Օր. 17։18, 19)։ Առաքեալները գիտէին որ Սուրբ Գրութիւնները կարդալը եւ ատոնց վրայ խոկալը շատ կարեւոր էր իրենց ծառայութեան համար։ Անոնք հարիւրաւոր անգամներ Եբրայերէն Գրութիւններէն մասեր գործածեցին իրենց գրութիւններուն մէջ, եւ երբ մարդոց կը քարոզէին, կը քաջալերէին որ Սուրբ Գրութիւնները գործածեն (Գործք 17։11)։ Ներկայիս, մենք ալ կ’ընդունինք թէ կարեւոր է որ Աստուծոյ Խօսքը ամէն օր կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք (Ա. Տիմ. 4։15)։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ Եհովային աչքին խոնարհ մնանք եւ իր ձեռքերուն մէջ դիւրաթեք ըլլանք։ դ16.06 2։10
Չորեքշաբթի, ապրիլ 11
Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք (Յովհ. 13։35)։
Վերջերս, Եհովայի ծառաները այս սէրը ցուցուցած են, նոյնիսկ երբ երկիրներ իրարու հետ պատերազմած են։ Օրինակի համար, միայն Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին, շուրջ 55 միլիոն անհատներ սպաննուեցան, բայց Եհովայի վկաները մարդ մը չմեռցուցին (Միք. 4։1, 3)։ Ասիկա իրենց օգնած է որ ‘անպարտ ըլլան ամենուն արիւնէն’ (Գործք 20։26)։ Աստուծոյ ժողովուրդը կը շարունակէ թիւով շատնալ այս գէշ աշխարհին մէջ, որ «այս աշխարհի աստուծոյն»՝ Սատանային իշխանութեան տակ է (Բ. Կոր. 4։4)։ Սատանան կ’ազդէ քաղաքական կազմակերպութիւններուն ու լրատուամիջոցներուն, եւ ասոնք կը գործածէ որպէսզի բարի լուրի քարոզչութիւնը կեցնէ, բայց յաջողութիւն չի գտներ։ Իսկ գիտնալով որ շատ քիչ ժամանակ ունի, ան զանազան կերպեր կը գործածէ որպէսզի մեզ հեռացնէ ճշմարտութենէն (Յայտ. 12։12)։ դ16.06 4։3, 4
Հինգշաբթի, ապրիլ 12
Նայեցէք դաշտի շուշաններուն (Մատ. 6։28)։
Յիսուս մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր ստեղծագործութեան հոգ կը տանի։ Ան գործածեց «դաշտի շուշաններուն» օրինակը։ Անոր միտքէն թերեւս կ’անցնէին շուշանի նմանող ծաղիկները, ինչպէս՝ թրաշուշան, յակինթ, հիրիկ եւ կակաչ, որոնք ամէն մէկը իր գեղեցկութիւնը ունի։ Ատոնցմէ ո՛չ մէկը պէտք ունի իրեն համար դերձանով հագուստ հիւսելու։ Ատոնք այնքա՛ն գեղեցիկ են, որ աչքերնիս չենք կրնար հանել իրենցմէ։ «Սողոմոն ալ իր բոլոր փառաւորութեանը մէջ անոնցմէ մէկո՛ւն պէս չհագուեցաւ»։ Մտածէ Յիսուսի յաջորդ ըսածին մասին. «Եթէ դաշտի խոտը. . . Աստուած այնպէս կը հագուեցնէ, հապա որչա՜փ աւելի ձեզ, թե՛րահաւատներ» (Մատ. 6։29, 30)։ Աստուած անկասկած մեզ ալ պիտի հագուեցնէ։ Բայց Յիսուսի աշակերտները հաւատքի պակաս ունէին (Մատ. 8։26. 14։31. 16։8. 17։19)։ Անոնց հաւատքը պէտք էր աւելի զօրաւոր ըլլար եւ աւելի վստահէին Եհովային։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել մեր մասին։ Որքա՞ն զօրաւոր հաւատք ունինք, թէ Եհովան կ’ուզէ եւ կարողութիւն ունի որ մեզի հոգ տանի։ դ16.07 1։15, 16
Ուրբաթ, ապրիլ 13
Ամէն մէկը ինչ շնորհք որ առաւ, զանիկա իրարու մատակարարեցէ՛ք Աստուծոյ զանազան շնորհներէն բարի տնտեսներու պէս (Ա. Պետ. 4։10)։
Ի՛նչ դժուարութիւն ալ ունենանք, Եհովան կրնայ մեզի օգնել որ ատոր հետ գլուխ ելլենք (Ա. Պետ. 1։6)։ Ան միշտ մեզի պիտի տայ ճի՛շդ ինչ որ պէտք ունինք, որպէսզի ամէն մէկ փորձութիւն յաղթահարենք։ Որովհետեւ Եհովան զանազան կերպերով կը ցուցնէ իր շնորհքը, զանազան օրհնութիւններ կը ստանանք։ Ատոնցմէ մէկը այն է՝ թէ Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ. բայց միայն եթէ զղջանք եւ շարունակենք մեր մեղաւոր ցանկութիւններուն դէմ պայքարիլ (Ա. Յովհ. 1։8, 9)։ Պօղոս բացատրեց թէ Եհովան ինչպէ՛ս կը ներէ մեղքերը. «[Ան] մեզ ազատեց խաւարին իշխանութենէն ու իր սիրելի Որդիին թագաւորութեանը փոխադրեց։ Որով մենք փրկութիւն ունինք իր արիւնովը, այսինքն մեղքի թողութիւն» (Կող. 1։13, 14)։ Մենք այնքան երախտապարտ ենք Եհովային, որ կ’ուզենք զինք փառաբանել։ Եւ քանի որ ան մեր մեղքերը կը ներէ, ուրիշ շատ մը հոյակապ օրհնութիւններ կրնանք վայելել։ դ16.07 3։7-9
Շաբաթ, ապրիլ 14
Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ (Ծն. 3։15)։
Հակառակ Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանայի ըրածին, Եհովան վստահ եղաւ որ մարդկութիւնը ապագային նկատմամբ յոյս ունենայ։ Ան մէկը պիտի ղրկէր Սատանան ջախջախելու եւ հնազանդ մարդոց առջեւ առիթը բանալու, որ Ադամին ու Եւային կորսնցուցածը վայելեն, այսինքն՝ երկրի վրայ յաւիտեան ապրիլ, ճիշդ ինչպէս որ Եհովան նպատակ դրած էր (Յովհ. 3։16)։ Ադամին ու Եւային ըմբոստութիւնը շատ ազդեց իրենց ամուսնութեան եւ ատկէ ետք բոլոր ամուսնութիւններուն։ Օրինակ՝ Եւան եւ բոլոր կիները որ իրմէ պիտի գային, շատ ցաւ պիտի քաշէին ծննդաբերութեան ժամանակ։ Կիները մեծ փափաք պիտի ունենային իրենց ամուսիններուն հանդէպ, բայց ամուսինները իրենց կիներուն վրայ պիտի իշխէին, նոյնիսկ ատեններ զանոնք վիրաւորելով, ինչպէս որ այսօր կը տեսնենք (Ծն. 3։16)։ Եհովան կ’ակնկալէ որ ամուսինը սիրալիր գլուխ ըլլայ, իսկ կինը՝ իր ամուսինին ենթարկուի (Եփ. 5։33)։ Երբ քրիստոնեայ կողակիցներ իրարու հետ համագործակցին, շատ մը խնդիրներէ հեռու կը մնան։ դ16.08 1։6, 7
Կիրակի, ապրիլ 15
Ի՞նչ գիտես դուն, ո՛վ կին, թերեւս քու այրդ պիտի ապրեցնես. կամ դուն ի՞նչ գիտես, ո՛վ այր, թերեւս քու կինդ պիտի ապրեցնես (Ա. Կոր. 7։16)։
Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ լաւ պատճառներ կան որ կողակիցները միասին մնան, նոյնիսկ եթէ անոնցմէ մէկը Եհովան չի պաշտեր (Ա. Կոր. 7։12-14)։ Անհաւատ կողակիցը Աստուծոյ մէկ ծառային հետ ամուսնացած ըլլալով «սրբուած է», նոյնիսկ եթէ ինք ասոր գիտակից չէ։ Իրենց պզտիկները «սուրբ են», եւ այսպիսով Աստուծոյ պաշտպանութեան տակ են։ Եհովայի վկաներու գրեթէ ամէն ժողովք իր մէջ ունի անհատ մը, որ իր կողակիցին օգնած է որ Եհովայի ծառայ դառնայ։ Պետրոս առաքեալ քրիստոնեայ կիները կը խրատէ որ իրենց ամուսինին ենթարկուին, «որպէս զի եթէ ոմանք խօսքին հնազանդ չըլլան ալ, առանց խօսքի շահուին իրենց կիներուն վարուելակերպովը՝ տեսնելով անոնց երկիւղած եւ պարկեշտ վարքը» (Ա. Պետ. 3։1-4)։ դ16.08 2։14, 15
Երկուշաբթի, ապրիլ 16
Սրտով մէկզմէկ պի՛նդ սիրեցէք (Ա. Պետ. 1։22)։
Եհովան կ’ուզէ որ իր ծառաները իրար սիրեն որպէս եղբայրներ ու քոյրեր եւ իրարու ծառայեն (Ղուկ. 22։24-27)։ Աստուծոյ Որդին ուրիշներուն ծառայելու համար ամէն ինչ տուաւ, մէջը ըլլալով իր կեանքը (Մատ. 20։28)։ Այծեմնիկ «լեցուած էր բարի գործերով ու ողորմութիւններով» (Գործք 9։36, 39)։ Հռոմի մէջ, Մարիամ «շատ աշխատեցաւ» իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար (Հռով. 16։6)։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք նորեկներուն օգնել հասկնալու, թէ շատ կարեւոր է որ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն օգնեն։ Կրնանք նորեկներուն առաջարկել որ մեզի հետ այցելեն հիւանդներուն եւ տարեցներուն։ Ծնողները կրնան իրենց պզտիկները իրենց հետ տանիլ այսպիսի այցելութիւններու, եթէ յարմար ըլլայ։ Երէցները կրնան իրենց հետ երիտասարդներ կամ նորեկներ առնել, երբ տարեցներուն ճաշ պիտի տանին կամ անոնց տունին մէջ բան մը պիտի նորոգեն։ Երբ երիտասարդները եւ նորեկները տեսնեն, թէ եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՛ս իրարու հոգ կը տանին, պիտի սորվին նոյնը ընել եւ գնահատել թէ ժողովքին մէջ բոլորը պէտք է զգան որ սիրուած են (Հռով. 12։10)։ դ16.08 4։13, 14
Երեքշաբթի, ապրիլ 17
Աղէկ հողի մէջ ցանուածը այն է որ երբ լսէ խօսքը, միտք կ’առնէ եւ պտուղ կու տայ (Մատ. 13։23)։
Ֆրանսայի մէջ պատանուհի քոյր մը ըսաւ. «Դպրոցիս մէջ կարգ մը ուսուցիչներ կը զարմանան որ տակաւին կա՛ն աշակերտներ որ ստեղծագործութեան կը հաւատան»։ Այսօր շատեր չեն հաւատար որ Աստուած ստեղծեց մեզ։ Եթէ Եհովան պաշտող պատանի ծառայ մըն ես կամ Եհովային մասին նոր կը սորվիս, թերեւս ատեններ կը մտածես թէ ինչպէ՛ս կրնաս փաստել որ ան մեր Ստեղծիչն է։ Կրնաս քայլեր առնել որ հաւատքդ զօրացնես ու զօրաւոր պահես։ Քայլերէն մէկն է՝ Աստուծոյ տուած մտածելու կարողութիւնը գործածել, որ «քեզ պիտի պահէ»։ Ատիկա քեզ պիտի պաշտպանէ փիլիսոփայութիւններէն, որոնք կրնան հաւատքդ քանդել (Առ. 2։10-12)։ Որպէսզի Եհովայի հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր ըլլայ, պէտք է զինք լաւ ճանչնանք (Ա. Տիմ. 2։4)։ Ուրեմն, երբ Սուրբ Գիրքը կամ մեր հրատարակութիւնները կը կարդաս, պարզապէս աչք մը մի՛ նետեր ատոնց վրայ։ Շատ կարեւոր է որ կենաս ու մտածես եւ հասկնաս գրուածը։ դ16.09 4։1-3
Չորեքշաբթի, ապրիլ 18
Բարիով յաղթէ՛ չարին (Հռով. 12։21)։
Նոյնիսկ եթէ դժուար մանկութիւն ունեցած ենք կամ հիմա անյոյս պայմաններ ունինք, պէտք է շարունակենք պայքարիլ եւ չյանձնուիլ։ Եւ եթէ այսպէս ընենք, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Եհովան պիտի օրհնէ մեզ (Ծն. 39։21-23)։ Միտքդ բեր ունեցած մէկ նեղութիւնդ։ Թերեւս ոմանք անարդարօրէն կամ նախապաշարումով կը վարուին հետդ, կամ կը ծաղրեն քեզ։ Կամ թերեւս մէկը քեզ կ’ամբաստանէ, քանի որ քեզի կը նախանձի։ Փոխանակ վհատելու, յիշէ թէ ի՛նչը օգնեց Յակոբին, Ռաքէլին եւ Յովսէփին որ շարունակեն ուրախութեամբ Եհովային ծառայել։ Անոնք խորապէս գնահատեցին հոգեւոր բաները, եւ Եհովան ասոր համար զանոնք զօրացուց եւ օրհնեց։ Անոնք շարունակեցին պայքարիլ եւ իրենց աղօթքներուն համաձայն գործել։ Իսկ քանի որ ներկայ վերջին օրերը վերջանալու վրայ են, կարեւոր է որ մեր առջեւ եղած յոյսը ամուր բռնենք։ Պատրա՞ստ ես շատ ջանք թափելու որ Եհովային հաճութիւնը շահիս։ դ16.09 2։8, 9
Հինգշաբթի, ապրիլ 19
Հոգիին պտուղը այս է. . . հաւատք (Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։
Որպէս ծնողք, քու զօրաւոր հաւատքդ շատ կարեւոր դեր կը խաղայ։ Պզտիկներդ ըրածիդ պիտի նային եւ ասիկա իրենց վրայ լաւ ազդեցութիւն պիտի ձգէ։ Այս պատճառով, շարունակէ հաւատքդ զօրացնել։ Թող զաւակներդ տեսնեն թէ Եհովան որքա՛ն իրական է քեզի համար։ Նկատի առ Պերմուտայէն զոյգի մը օրինակը։ Երբ անոնք բանի մը վրայ մտահոգ ըլլան, իրենց աղջիկներուն հետ կ’աղօթեն, Եհովայէն խնդրելով որ զիրենք առաջնորդէ։ Անոնք նաեւ իրենց աղջիկները կը քաջալերեն որ առանձին աղօթեն նոյն հարցին շուրջ։ «Նաեւ մեր մեծ աղջիկին կ’ըսենք. ‘Լման վստահէ Եհովային, Թագաւորութեան ծառայութեամբ զբաղած մնա եւ շատ մի՛ մտահոգուիր’։ Երբ ան արդիւնքը կը տեսնէ, կ’անդրադառնայ որ Եհովան միշտ մեզի կ’օգնէ։ Ասիկա Աստուծոյ եւ Սուրբ Գիրքին հանդէպ իր հաւատքը շա՜տ զօրացուցած է»։ Անշուշտ, ի վերջոյ պզտիկները իրե՛նք իրենց հաւատքը պէտք է զօրացնեն։ Որպէս ծնողք, դուն կը ցանես եւ կը ջրես, բայց միայն Աստուած կրնայ աճեցնել (Ա. Կոր. 3։6)։ Ասոր համար, աղօթքով սուրբ հոգին խնդրէ եւ շատ ջանք թափէ որ թանկագին զաւակներուդ սորվեցնես, վստահ ըլլալով որ Եհովան պիտի օրհնէ բոլոր ջանքերդ (Եփ. 6։4)։ դ16.09 5։16-18
Ուրբաթ, ապրիլ 20
[Այս խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր (Բ. Օր. 6։7)։
Սերժ եւ իր կինը՝ Միուրիըլ աւելի քան երեք տարի ծառայեցին օտար դաշտի մը մէջ։ Անոնք նկատեցին որ իրենց 17 տարեկան տղան հաճոյք չէր առներ ծառայութենէն կամ ժողովներէն։ Սերժ կը բացատրէ. «Երբ անդրադարձանք որ այս պարագան չէր ձգած որ մեր տղան հոգեւորապէս յառաջդիմէ, որոշեցինք մեր առաջուան ժողովքին վերադառնալ»։ Ի՞նչը կ’օգնէ ծնողներուն որ այսպիսի որոշում մը առնեն։ Առաջին, անոնք պէտք է նկատի առնեն որ բաւարար ժամանակ եւ կորով ունի՞ն որ իրենց պզտիկներուն մէջ ցանեն Եհովան սիրել եւ միեւնոյն ատեն անոնց սորվեցնեն օտար լեզու մը։ Երկրորդ, անոնք թերեւս նկատեն որ իրենց պզտիկները չեն հետաքրքրուած հոգեւոր գործունէութիւններով կամ օտար դաշտի մէջ ծառայելով։ Այսպիսի պարագաներու մէջ, ծնողները թերեւս որոշեն վերադառնալ ժողովքի մը, որ իրենց պզտիկներուն հասկցած լեզուն կը գործածէ, մինչեւ որ պզտիկները զօրաւոր փոխյարաբերութիւն զարգացնեն Եհովային հետ (Բ. Օր. 6։5-7)։ դ16.10 2։14, 15
Շաբաթ, ապրիլ 21
Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար (Եբ. 11։7)։
Անկասկած Նոյի դրացիները իրեն հարցուցին որ ինչո՛ւ այսքան հսկայ բան մը կը շինէր։ Արդեօք Նոյ բերանը գո՞ց պահեց կամ ըսա՞ւ որ իրենց գործին խառնուին։ Անշուշտ ո՛չ։ Ան մարդոց զգուշացում տուաւ, թէ Աստուած ջրհեղեղ պիտի բերէ որպէսզի չարերը կործանէ։ Ան հաւանաբար անոնց ըսաւ ճիշդ ի՛նչ որ Եհովան իրեն ըսած էր. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ. . . Ես ահա երկրի վրայ ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի»։ Ասկէ զատ, Նոյ անկասկած մարդոց բացատրեց թէ ի՛նչ պէտք է ընեն որպէսզի փրկուին, կրկնելով Աստուծոյ հրամանը. «Տապանը պիտի մտնէք»։ Այսպիսով, Նոյ «արդարութեան քարոզիչ» ալ եղաւ (Ծն. 6։13, 17, 18. Բ. Պետ. 2։5)։ դ16.10 4։7
Կիրակի, ապրիլ 22
Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ (Եր. 10։23)։
Քրիստոնեայ ծնողները Եհովային հանդէպ իրենց հաւատարմութիւնը կը ցուցնեն, իրենց պզտիկները մարզելով իր Խօսքին համաձայն։ Ծնողները պէտք է ուշադիր ըլլան որ այս աշխարհի մտածելակերպէն չազդուին (Եփ. 2։2)։ Օրինակ՝ մկրտուած հայր մը չ’ըսեր. ‘Մեր երկրին մէջ, կինե՛րը կը սորվեցնեն պզտիկներուն’։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Հայրե՛ր, ձեր որդիները. . . մեծցուցէք Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը» (Եփ. 6։4)։ Եհովան սիրող հայրերն ու մայրերը կ’ուզեն որ իրենց պզտիկները մտերիմ բարեկամութիւն ունենան Եհովային հետ, ճիշդ ինչպէս որ Սամուէլ ունէր երբ պզտիկ էր (Ա. Թագ. 3։19)։ Իմաստութի՞ւն է որ մեր ընտանիքին եւ գործին նկատմամբ կարեւոր որոշումներ առնենք, առանց որ նախ տեսնենք թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կ’ըսէ։ Անշուշտ ո՛չ։ Մենք մեր երկնաւոր Հօր օգնութեան պէտք ունինք, քանի որ մեր քալուածքը շտկելու կարող չենք։ դ16.11 3։14, 15
Երկուշաբթի, ապրիլ 23
Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝ լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր, մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես (Սաղ. 8։3, 4)։
Ստեղծագործութիւնը կը փաստէ որ Աստուած աննման Կազմակերպողն է։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Տէրը իմաստութիւնով հիմնեց երկիրը եւ հանճարով հաստատեց երկինքը» (Առ. 3։19)։ Մենք միայն «անոր ճամբաներուն ծայրերը» գիտենք եւ «անոր վրայով լսածնիս որչա՜փ քիչ է» (Յոբ 26։14)։ Բայց նոյնիսկ մեր այս քիչ գիտութիւնը յստակ կը դարձնէ, որ տիեզերքը շատ լաւ կազմակերպուած է։ Միլիոնաւոր աստղեր կարգապահ կերպով կը շարժին անջրպետին մէջ։ Իսկ մեր արեգակնային դրութեան մոլորակները այնպէ՛ս մը կը դառնան արեւուն շուրջ, որ կարծես թէ խոնարհութեամբ կը հնազանդին երթեւեկութեան օրէնքներուն։ Վստահաբար, տիեզերքին մէջ եղող այս խելք թռցնող կարգուկանոնը կ’օգնէ մեզի, որ տեսնենք թէ Եհովան՝ «երկինքը իմաստութեամբ ստեղծող»ը, արժանի է մեր փառաբանութեան, հաւատարմութեան եւ պաշտամունքին (Սաղ. 136։1, 5-9)։ դ16.11 2։3
Երեքշաբթի, ապրիլ 24
Անոնք արդարութեամբ Տէրոջը ընծայ պիտի մատուցանեն (Մաղ. 3։3)։
Մաղաքիա 3։1-3–ը կը նկարագրէ թէ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն ի՛նչ պատահեցաւ 1914–էն մինչեւ 1919–ի սկիզբը։ Եհովա Աստուած՝ «Տէրը», եւ Յիսուս Քրիստոս՝ «ուխտին հրեշտակը», եկան որպէսզի քննեն «Ղեւիին որդիները»՝ օծեալները։ Եհովան զիրենք սրբագրելէ եւ մաքրելէ ետք, անոնք պատրաստ էին որ նոր նշանակում մը ստանան։ 1919–ին, Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» նշանակեց որ հոգեւոր սնունդ տայ Աստուծոյ բոլոր ծառաներուն (Մատ. 24։45)։ Աստուծոյ ժողովուրդը վերջապէս ազատագրուեցաւ Մեծ Բաբելոնէն։ Ատկէ ի վեր, անոնք ա՛լ աւելի սորված են Աստուծոյ կամքին մասին եւ իրեն հանդէպ իրենց սէրը խորացած է։ Անոնք որքա՜ն երախտապարտ են այս օրհնութեան համար։ դ16.11 5։14
Չորեքշաբթի, ապրիլ 25
Ասով զիս փորձեցէ՛ք, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, թէ արդեօք ձեզի երկնքի պատուհանները պիտի չբանա՞մ ու ձեզի օրհնութիւն թափեմ, այնքան շատ որ բաւական տեղ չըլլայ (Մաղ. 3։10)։
Մենք կը սիրենք Եհովան, քանի որ «ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհ. 4։19)։ Որպէսզի իր սէրը ցուցնէ, ան խոստացած է օրհնել իր հաւատարիմ ծառաները։ Որքա՛ն աւելի սիրենք Եհովան, այնքան աւելի կը հաւատանք իրեն, եւ կը համոզուինք որ պիտի վարձատրէ զանոնք որ կը սիրէ (Եբ. 11։6)։ Եհովան վարձատրող է։ Մեր հաւատքը լման չ’ըլլար եթէ համոզուած չըլլանք որ ան պիտի վարձատրէ զանոնք որ լրջօրէն կը փնտռեն զինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ «հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնն [է]» (Եբ. 11։1)։ Հաւատալ կը նշանակէ թէ բնաւ կասկած չունինք, որ Աստուած պիտի օրհնէ իրեն հաւատարիմ եղողները։ Ան մեզ կը քաջալերէ որ իրեն մեր լաւագոյնը տանք, վստահ ըլլալով որ մեզ պիտի օրհնէ։ Երբ Եհովային ըսածը կ’ընենք, կը ցուցնենք թէ իրմէ շատ շնորհակալ ենք։ դ16.12 4։1-3
Հինգշաբթի, ապրիլ 26
Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է (Հռով. 8։6)։
Նոյնիսկ այն անձը, որ տարիներէ ի վեր Եհովային կը ծառայէ, կրնայ սկսիլ մարմնաւոր բաներու վրայ կեդրոնանալ։ Լաւ, Պօղոս ըսել ուզե՞ց որ բնա՛ւ պէտք չէ մտածենք ուտելիքի, գործի, ժամանցի կամ նոյնիսկ սիրաբանութեան մասին։ Անշուշտ ո՛չ։ Ասոնք կեանքին մէջ բնական բաներ են։ Նոյնիսկ Յիսուս հաճոյք կ’առնէր ուտելէ եւ ուրիշներ ալ կերցուց։ Ան գիտէր թէ ժամանցն ալ պէտք է։ Եւ Պօղոս գրեց որ սեռային յարաբերութիւնները կարեւոր տեղ ունին ամուսնութեան մէջ։ Ան ի՞նչ ըսել ուզեց «խորհուրդ» կամ մտածում բառով։ Պօղոսի գործածած յունարէն բառը կը նշանակէ՝ բոլոր մտածումները եւ ծրագիրները կեդրոնացնել բանի մը վրայ։ Ուսումնական մը բացատրեց թէ անոնք որոնք մարմնաւոր խորհուրդ ունին՝ «խորապէս հետաքրքրուած են [ու] շարունակ կը խօսին» իրենց անձնասէր ցանկութիւններուն մասին եւ կը կեդրոնանան ատոնց վրայ։ Անոնք թոյլ կու տան որ այս ցանկութիւնները իրենց կեանքին վրայ իշխեն։ դ16.12 2։5, 9, 10
Ուրբաթ, ապրիլ 27
Դուն ո՞վ ես որ ուրիշը կը դատես (Յակ. 4։12)։
Ոեւէ մէկը կրնայ անհամեստօրէն վարուիլ եթէ իր սխալ ցանկութիւնները չզսպէ։ Շատեր անհամեստ դարձան, քանի որ ուզեցին փառքի հասնիլ, ուրիշներուն նախանձեցան կամ իրենց բարկութիւնը չզսպեցին։ Ասիկա պատահեցաւ Սուրբ Գիրքին մէջ նշուած կարգ մը անձերու, ինչպէս՝ Աբիսողոմ, Ոզիա եւ Նաբուգոդոնոսոր։ Եհովան իրենց յստակօրէն հասկցուց թէ պէտք է խոնարհ ըլլան (Բ. Թագ. 15։1-6. 18։9-17. Բ. Մն. 26։16-21. Դան. 5։18-21)։ Բայց ուրիշ պատճառներ ալ կան որ մարդիկ ատեններ համեստ չեն ըլլար։ Մտածէ Աբիմելէքին եւ Պետրոսին մասին (Ծն. 20։2-7. Մատ. 26։31-35)։ Անոնք յաւակնո՞տ էին, թէ՞ բոլոր իրողութիւնները չէին գիտեր կամ առանց մտածելու շարժեցան։ Որովհետեւ սրտերը չենք կրնար կարդալ, պէտք չէ դատենք մարդոց շարժառիթները։ դ17.01 3։9, 10
Շաբաթ, ապրիլ 28
Ասիկա իր չքաւորութենէն իր բոլոր ունեցած ապրուստը ձգեց (Ղուկ. 21։4)։
Աղքատ որբեւայրիին պէս, մեր եղբայրներէն ու քոյրերէն շատեր վստահ են, որ եթէ Թագաւորութիւնը առաջին տեղը դնեն, Եհովան իրենց պէտքերը պիտի ապահովէ (Մատ. 6։33)։ Նկատի առ Մալքոմ անունով եղբայր մը։ Ան եւ իր կինը թէ՛ լաւ օրեր եւ թէ գէշ օրեր տեսան, մինչ Եհովային կը ծառայէին։ Ան ըսաւ. «Կեանքը անորոշ, դժուար եւ երբեմն աննախատեսելի է։ Բայց Եհովան կ’օրհնէ իրեն ապաւինողները»։ Լաւ, Մալքոմ ի՞նչ խրատ տուաւ։ «Աղօթէ որ Եհովայի ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ արդիւնաբեր եւ գործօն ըլլաս։ Մտածէ թէ ի՛նչ կրնաս իրագործել եւ մի՛ կեդրոնանար չկարողացած բաներուդ վրայ»։ Մինչ այս աշխարհը երթալէն աւելի չար կ’ըլլայ, կ’ակնկալենք որ ա՛լ աւելի դժուարութիւններ ունենանք (Բ. Տիմ. 3։1, 13)։ Այս պատճառով, որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ չձգենք որ այս դժուարութիւնները մեր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ընդհակառակը, պէտք է Եհովային հանդէպ մեծ վստահութիւն ունենանք եւ կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ որ կրնանք ընել։ դ17.01 1։17-19
Կիրակի, ապրիլ 29
Իմ բնակելու տունս դուն պիտի չշինես (Ա. Մն. 17։4)։
Դաւիթ տեսաւ որ Եհովան տաճար չունէր եւ ուզեց գեղեցիկ տաճար մը շինել իրեն։ Բայց Եհովային ուզածը ուրիշ բան մըն էր։ Թէեւ ան սիրալիր կերպով վստահեցուց Դաւիթը, թէ պիտի շարունակէ զինք օրհնել, բայց ըսաւ որ Սողոմոնը պիտի շինէր տաճարը։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ (Ա. Մն. 17։1-4, 8, 11, 12. 29։1)։ Ան թերեւս յուսախաբ եղաւ որ իր սրտին փափաքը պիտի չկրնար ընել։ Ան իրապէս կ’ուզէր տաճար մը շինել Եհովային։ Այսուհանդերձ, ան լման թիկունք կանգնեցաւ այս ծրագրին, որ Սողոմոնին առաջնորդութեամբ պիտի կատարուէր։ Դաւիթ գործաւորներ կազմակերպեց եւ երկաթ, պղինձ, արծաթ, ոսկի ու տախտակ հաւաքեց։ Ան հոգ չըրաւ թէ տաճարը շինելուն վարկը որո՛ւն պիտի երթար։ Եւ ի վերջոյ տաճարը ճանչցուեցաւ որպէս Սողոմոնին տաճարը։ Նաեւ, Դաւիթ քաջալերեց Սողոմոնը, ըսելով. «Որդեա՛կ իմ, Տէրը քեզի հետ ըլլայ ու յաջողութիւն գտնես եւ քու Տէր Աստուծոյդ տուն շինես» (Ա. Մն. 22։11, 14-16)։ դ17.01 5։6, 7
Երկուշաբթի, ապրիլ 30
Քու անուանդ համար փրկէ՛ մեզ ու մեր մեղքերը քաւէ՛ (Սաղ. 79։9)։
Նոյնիսկ երբ հալածանքի տակ ըլլանք, մեր լաւագոյնը կ’ընենք որ Աստուծոյ արդար սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն համաձայն ապրինք։ Այսպիսով, Եհովային անուան փառք կը բերենք (Մատ. 5։14-16)։ Մեր ապրելակերպով կը փաստենք որ Եհովային օրէնքները օգտակար են եւ թէ Սատանան ստախօս է։ Անկատար ըլլալով, երբ սխալներ ընենք՝ անկեղծօրէն կը զղջանք եւ այլեւս չենք ըներ այն բաները, որոնք Եհովային անունը կ’անարգեն։ Ըլլանք օծեալներ թէ «ուրիշ ոչխարներ», եթէ փրկանքին կը հաւատանք՝ Եհովան մեր մեղքերը կը ներէ։ Ան զինք պաշտողներուն խումբին մէջ կ’ընդունի բոլոր անոնք որոնք իրեն կը նուիրուին։ Ան օծեալ քրիստոնեաները արդար կը սեպէ որպէս իր որդիները, իսկ «ուրիշ ոչխարներ»ը արդար կը սեպէ որպէս իր բարեկամները (Յովհ. 10։16. Հռով. 5։1, 2. Յակ. 2։21-25)։ Ուրեմն, փրկանքը նոյնիսկ հիմա կարելի կը դարձնէ, որ մեր Հօր հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունենանք եւ իր անունը սրբացնենք։ դ17.02 2։5, 6