Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 26-36
  • Մարտ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարտ
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, մարտ 1
  • Ուրբաթ, մարտ 2
  • Շաբաթ, մարտ 3
  • Կիրակի, մարտ 4
  • Երկուշաբթի, մարտ 5
  • Երեքշաբթի, մարտ 6
  • Չորեքշաբթի, մարտ 7
  • Հինգշաբթի, մարտ 8
  • Ուրբաթ, մարտ 9
  • Շաբաթ, մարտ 10
  • Կիրակի, մարտ 11
  • Երկուշաբթի, մարտ 12
  • Երեքշաբթի, մարտ 13
  • Չորեքշաբթի, մարտ 14
  • Հինգշաբթի, մարտ 15
  • Ուրբաթ, մարտ 16
  • Շաբաթ, մարտ 17
  • Կիրակի, մարտ 18
  • Երկուշաբթի, մարտ 19
  • Երեքշաբթի, մարտ 20
  • Չորեքշաբթի, մարտ 21
  • Հինգշաբթի, մարտ 22
  • Ուրբաթ, մարտ 23
  • Շաբաթ, մարտ 24
  • Կիրակի, մարտ 25
  • Երկուշաբթի, մարտ 26
  • Երեքշաբթի, մարտ 27
  • Չորեքշաբթի, մարտ 28
  • Հինգշաբթի, մարտ 29
  • Ուրբաթ, մարտ 30
  • Յիշատակատօնին թուականը
    Արեւամուտէն ետք
    Շաբաթ, մարտ 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 26-36

Մարտ

Հինգշաբթի, մարտ 1

Յեփթայէն վռնտեցին (Դատ. 11։2)։

Նախանձին ու ատելութեան պատճառաւ, Յեփթայէի խորթ եղբայրները իրեն հետ անարդարութեամբ վարուեցան եւ զինք ստիպեցին որ երկրէն հեռանայ, եւ այսպիսով զինք զրկեցին այն ժառանգութենէն, որ որպէս անդրանիկ իր իրաւունքն էր (Դատ. 11։1-3)։ Այսուհանդերձ, երբ ազգին ծերերը իրեն աղաչեցին որ իրենց օգնէ, ան օգնութեան վազեց (Դատ. 11։4-11)։ Իրեն համար աւելի կարեւոր էր Եհովայի անուան համար կռուիլը, քան՝ իր ունեցած անձնական բախումները։ Ան միտքը դրած էր Եհովային հաւատարիմ մնալ, եւ ասոր համար թէ՛ ինք եւ թէ ուրիշներ Եհովային օրհնութիւնը վայելեցին (Եբ. 11։32, 33)։ Յեփթայէի օրինակէն պիտի սորվի՞նք։ Թերեւս կարգ մը եղբայրներ յուսախաբ ըրած են մեզ կամ լաւ կերպով չեն վարուած մեզի հետ։ Պէտք չէ թոյլ տանք որ այսպիսի դժուարութիւններու պատճառաւ ժողովներու չերթանք կամ Եհովային չծառայենք։ Թող որ Յեփթայէի օրինակին հետեւինք եւ Եհովային հնազանդինք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ, որ դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլենք եւ ուրիշներուն լաւ օրինակ ըլլանք (Հռով. 12։20, 21. Կող. 3։13)։ դ16.04 1։7, 9, 10

Ուրբաթ, մարտ 2

Չենք ձանձրանար (Բ. Կոր. 4։1)։

Պէտք է համբերենք մինչեւ վերջը, եւ ոչ թէ միայն ժամանակ մը։ Բացատրելու համար, երեւակայէ նաւ մը որ կը սկսի ընկղմիլ։ Ազատելու համար, ճամբորդները պէտք է դէպի ծովեզերք լողան։ Այն անձը, որ ծովեզերք չհասնելէն միայն քանի մը մեթր առաջ կը յանձնուի, եւ այն անձը, որ անկէ շա՜տ առաջ կը յանձնուի, նոյն բանին պիտի հանդիպին. պիտի խեղդուին։ Նմանապէս, մենք միտքերնիս դրած ենք, թէ մինչեւ որ նոր աշխարհը հասնինք՝ պիտի համբերենք։ Մեր կեանքը համբերելէն ու տոկալէն կախեալ է։ Պօղոս առաքեալին կեցուածքը ունենանք, որ ըսաւ՝ «չենք ձանձրանար» եւ «չենք վհատիր» (Բ. Կոր. 4։16)։ Մենք Պօղոսին պէս շատ վստահ ենք, որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մինչեւ վերջը համբերենք։ Ան գրեց. «Այս ամէն բաներուն մէջ ա՛լ աւելի յաղթող կ’ըլլանք անո՛վ, որ մեզ սիրեց։ Վասն զի ես հաստատ գիտեմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալու բաները, ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը եւ ո՛չ ուրիշ արարած կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՝ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմով է» (Հռով. 8։37-39)։ դ16.04 2։17, 18

Շաբաթ, մարտ 3

Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ. . . եւ անոր պիտի տրուի (Յակ. 1։5)։

Եհովայէն խնդրէ որ քեզի իմաստութիւն տայ, որպէսզի գիտնաս թէ ո՛ր պարագաներուն մէջ դժուար կ’ըլլայ որ չէզոք մնաս, եւ ինչպէ՛ս անոնց հետ գլուխ ելլել։ Եթէ բանտարկուիս կամ ուրիշ կերպով մը պատժուիս, քանի որ Եհովային հաւատարիմ ես, աղօթէ որ զօրութիւնը ունենաս հաւատքիդ մասին համարձակութեամբ խօսելու եւ ունենալիք հալածանքներուդ դիմանալու (Գործք 4։27-31)։ Եհովան կրնայ քեզ զօրացնել իր Խօսքին միջոցաւ։ Խոկա՛ այն համարներուն վրայ, որոնք քեզի պիտի օգնեն որ չէզոք մնաս փորձութեան մէջ։ Հի՛մա գոց սորվէ այդ համարները, որպէսզի եթէ յետագային Սուրբ Գիրք չունենաս, ատոնք քեզ զօրացնեն։ Աստուածաշունչը նաեւ կրնայ յոյսդ զօրացնել՝ Թագաւորութեան ապագայ օրհնութիւններուն նկատմամբ։ Կարեւոր է որ այս յոյսը ունենանք, որպէսզի հալածանքին դիմանանք (Հռով. 8։25)։ Զատէ համարներ որ կը խօսին այն օրհնութիւններուն մասին, որ շատ կ’ուզես ստանալ, եւ երեւակայէ թէ Դրախտին մէջ այդ օրհնութիւնները կը վայելես։ դ16.04 4։14, 15

Կիրակի, մարտ 4

Ձրի առեր էք, ձրի տուէք (Մատ. 10։8)։

Քրիստոնէական աշխարհի կղերները չեն քարոզեր Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, իսկ երբ խօսին ատոր մասին՝ շատեր կ’ըսեն թէ ատիկա քրիստոնեային սրտի վիճակը կամ զգացումն է (Ղուկ. 17։21)։ Անոնք մարդոց չեն օգներ որ հասկնան, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկնային կառավարութիւն մըն է՝ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, թէ ատիկա մարդոց բոլոր խնդիրներուն միակ լուծումն է, եւ թէ մօտ ատենէն մէջտեղէն պիտի վերցնէ բոլոր չարութիւնները (Յայտ. 19։11-21)։ Փոխարէն, անոնք կը նախընտրեն Յիսուսը յիշել Սուրբ Ծնունդին եւ Զատիկին առթիւ։ Անոնք ո՛չ մէկ գաղափար ունին, թէ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ որպէս աշխարհին նոր Կառավարիչը։ Եւ անոնք նաեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ շարժառիթով պէտք է քարոզեն։ Շարժառիթը պէտք չէ ըլլայ դրամ շահիլ կամ գեղեցիկ շէնքեր շինել, եւ Աստուծոյ Խօսքը պէտք չէ ‘վաճառքի հանել’ (Բ. Կոր. 2։17, ՆԹ)։ Նաեւ, քարոզողները պէտք չէ նիւթական շահ փնտռեն (Գործք 20։33-35)։ դ16.05 2։7, 8

Երկուշաբթի, մարտ 5

Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ (Ա. Կոր. 10։24)։

Ենթադրենք որ հագուելու որոշ ոճ մը կը սիրես, բայց ատիկա հաւանաբար ժողովքի կարգ մը անդամներուն քով հարցման նշան է։ Սակայն Աստուածաշունչին մէջ ո՛չ մէկ օրէնք կ’արգիլէ այդ ոճը։ Այս հարցին շուրջ Եհովային մտածումը ի՞նչ է։ Պօղոս առաքեալ այս խրատը տուաւ. «Կիները վայելուչ հագուստով, ամօթխածութեամբ եւ պարկեշտութեամբ ինքզինքնին զարդարեն, ո՛չ թէ հիւսուածքներով կամ ոսկիով կամ մարգարիտներով կամ մեծածախս հանդերձներով, հապա բարի գործերով՝ ինչպէս կը վայլէ աստուածպաշտութիւնը յանձն առած կիներուն» (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Սկզբունքով, այս խրատը նոյնքան կը կիրարկուի քրիստոնեայ տղամարդոց։ Եհովայի նուիրուած ծառաներ ըլլալով, մեր խելքը–միտքը չեն մեր անձնական նախընտրութիւնները. մեզի համար կարեւոր է նաեւ թէ մեր հագուելաձեւը եւ արդուզարդը ինչպէ՛ս կ’ազդեն ուրիշներուն։ Եւ քանի որ համեստ եւ սիրալիր ենք, հաւատակիցներուն կարծիքը հաշուի կ’առնենք, որպէսզի նեղութիւն չպատճառենք իրենց (Ա. Կոր. 10։23. Փլպ. 3։17)։ դ16.05 3։14

Երեքշաբթի, մարտ 6

Ո՛վ Տէր, դուն մեր Հայրն ես։ Մենք կաւ ենք ու դուն մեր Բրուտն ես։ Ամէնքս քու ձեռքիդ գործն ենք (Եսա. 64։8)։

Երբ Ադամ իր Ստեղծողին դէմ ըմբոստացաւ, ան դադրեցաւ Աստուծոյ որդի ըլլալէ։ Բայց անոր սերունդէն շատեր ընդունեցին, որ Եհովան իրենց վրայ իշխէ (Եբ. 12։1)։ Անոնք խոնարհութեամբ իրենց Ստեղծողին հնազանդելով ցոյց տուին, թէ կ’ուզէին որ ի՛նք ըլլայ իրենց Հայրը եւ Բրուտը, եւ ոչ թէ Սատանան (Յովհ. 8։44)։ Իրենց հաւատարմութիւնը մեզի կը յիշեցնէ այս օրուան համարին խօսքերը։ Ներկայիս Եհովայի ճշմարիտ երկրպագուներն ալ մեծ ջանք կը թափեն, որ խոնարհ ու հնազանդ ըլլան։ Իրենց համար պատիւ է Եհովան կոչել իրենց Հայրը, եւ կ’ուզեն որ ան իրենց Բրուտը ըլլայ։ Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ փափուկ կաւ ըլլալ, եւ ան քեզ ձեւաւորէ ու վերածէ արժէքաւոր անօթի մը կամ ամանի մը։ Նմանապէս, բոլոր եղբայրներդ եւ քոյրերդ կը տեսնե՞ս որպէս անօթներ, որոնք տակաւի՛ն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ կը ձեւաւորուին։ դ16.06 1։2, 3

Չորեքշաբթի, մարտ 7

Փորձեցէք ձեր անձերը թէ հաւատքին մէ՞ջն էք (Բ. Կոր. 13։5)։

Մինչ նոր աշխարհին կը մօտենանք, մեր հաւատքը կը փորձուի։ Ուստի լաւ կ’ըլլայ որ մեր հաւատքին որակը քննենք։ Օրինակ՝ կրնանք նայիլ թէ ի՛նչ կը մտածենք Մատթէոս 6։33–ի Յիսուսի խօսքին մասին։ Դուն քեզի հարցուր. ‘Նպատակակէտերս եւ որոշումներս կը փաստե՞ն թէ իսկապէս կը հաւատամ Յիսուսի ըսածին։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ժողովի չերթամ կամ ծառայութեան չելլեմ, որպէսզի աւելի դրամ շահիմ։ Ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ գործս աւելի ժամանակ եւ կորով պահանջէ ինձմէ։ Թոյլ պիտի տա՞մ որ աշխարհը կաղապարէ զիս եւ թերեւս նոյնիսկ ճշմարտութենէն դուրս նետէ’։ Եթէ միշտ չընենք ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ չար ընկերակցութիւններու, վտարումի կամ ժամանցի մասին, մեր սիրտը կրնայ կարծրանալ։ Ի՞նչ պէտք է ընես, եթէ ասիկա սկսի քեզի պատահիլ։ Առանց ուշացումի հաւատքդ քննէ։ Անձիդ հետ անկեղծ եղիր, եւ կանոնաւորաբար Աստուծոյ Խօսքը գործածէ մտածելակերպդ ճշդելու համար։ դ16.06 2։8, 9

Հինգշաբթի, մարտ 8

Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ (Եսա. 60։22)։

Աշխարհին մէջ կայ կազմակերպութիւն մը որ կազմուած է անհատներէ, որոնք Եհովան կը սիրեն եւ կ’ուզեն իրեն ծառայել։ Անոնք Եհովայի վկաներն են։ Թէեւ անոնք անկատար են եւ սխալներ կ’ընեն, բայց Եհովան իր սուրբ հոգիին միջոցաւ կ’առաջնորդէ զիրենք։ 1914–ին, Եհովայի ծառաները թիւով քիչ էին, բայց ան շարունակեց օրհնել իրենց քարոզչութիւնը։ Յաջորդ տարիներուն ընթացքին, միլիոնաւորներ սորվեցան Սուրբ Գիրքի ճշմարտութիւնները եւ Եհովայի վկայ եղան։ Եհովան մարգարէացած էր թէ իր ծառաները պիտի շատնային, ըսելով այս օրուան համարին խօսքերը եւ աւելցնելով. «Ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ Այժմ յստակօրէն կը տեսնենք, թէ այս մարգարէութիւնը կատարուած է։ Ներկայիս բազմաթիւ երկիրներ կան, որոնց ամէն մէկուն բնակչութիւնը աւելի քիչ է, քան՝ Աստուծոյ ժողովուրդին թիւը։ դ16.06 4։1, 2

Ուրբաթ, մարտ 9

Չէ՞ որ դուք [երկնքի թռչուններէն] լաւ էք (Մատ. 6։26)։

Յիսուսի միտքէն իսկ չէր անցներ այն գաղափարը, որ իր երկնաւոր Հայրը թռչուններուն ուտելիք տայ, բայց մարդոց պէտքերուն հոգ չտանի (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Եհովան ուտելիքը բռնելով մեր բերանը չի դներ, բայց կ’օրհնէ մեր ջանքերը երբ անձամբ կ’աճեցնենք մեր ուտելիքը, կամ դրամ կը շահինք որ մեր օրական պէտքերը գնենք։ Իսկ երբ բաւարար դրամ կամ ուտելիք չունենանք, ան կրնայ ուրիշները մղել որ պէտք եղածը տան մեզի։ Ան նաեւ ապրելու տեղ կու տայ թռչուններուն։ Հակառակ որ Յիսուս այս կէտը չնշեց, բայց Եհովան թռչուններուն տուած է պէտք եղած կարողութիւնները եւ նիւթերը որպէսզի բոյն շինեն։ Ան նմանապէս կրնայ մեզի օգնել, որ մեր ընտանիքին համար ապրելու յարմար տեղ մը գտնենք։ Երբ Յիսուս այս օրուան համարին խօսքերը ըսաւ, անկասկած իր միտքին մէջ կար այն գաղափարը, թէ ինք մօտ ատենէն իր կեանքը պիտի տար բոլոր մարդոց համար (համեմատէ՛ Ղուկաս 12։6, 7)։ Ան չմեռաւ թռչուններուն համար, հապա մեզի՛ համար մեռաւ որ կարենանք յաւիտեան ապրիլ (Մատ. 20։28)։ դ16.07 1։11-13

Շաբաթ, մարտ 10

Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին (Հռով. 6։14, ՆԹ)։

«Մէկ մարդու մեղքովը մահը թագաւորեց», կ’ըսէ Սուրբ Գիրքը։ Ուստի, Ադամին սերունդը ըլլալով՝ մենք անկատար ենք, մեղք կը գործենք ու կը մեռնինք (Հռով. 5։12, 14, 17)։ Բայց կրնանք այլեւս մեղքին իշխանութեան տակ չըլլալ։ Ինչպէ՞ս։ Երբ հաւատանք Յիսուսի փրկանքին, Եհովայի շնորհքէն կ’օգտուինք (Հռով. 5։20, 21)։ Հակառակ որ տակաւին մեղաւոր ենք, պէտք չէ ձգենք որ մեղքը մեր վրայ իշխէ. երբ սխալ մը ընենք, Եհովայէն ներում խնդրենք։ Պօղոս բացատրեց թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովայի շնորհքէն օգտուիլ. «Աստուծոյ փրկարար շնորհքը. . . մեզ կը խրատէ՝ որպէս զի ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները ուրանանք եւ զգաստութիւնով ու արդարութիւնով եւ բարեպաշտութիւնով ապրինք այս աշխարհի մէջ» (Տիտ. 2։11, 12)։ դ16.07 3։5, 6

Կիրակի, մարտ 11

Աստուած. . . կինը Ադամին բերաւ (Ծն. 2։22)։

Առաջին ամուսնութեան վնաս հասաւ, երբ Ադամն ու Եւան Եհովային չհնազանդեցան։ «Այն առաջուան օձը»՝ Բանսարկու Սատանան, Եւան խաբեց ըսելով որ եթէ «բարին ու չարը գիտնալու ծառ»ին պտուղէն ուտէ, յատուկ գիտութիւն մը պիտի ունենայ, եւ թէ այդ գիտութիւնը իրեն պիտի օգնէ որ որոշէ ինչը բարի է եւ ինչը չար։ Եւան այս հարցին շուրջ Ադամին կարծիքը չառաւ, եւ այսպիսով չյարգեց իր ամուսինը որպէս ընտանիքին գլուխը։ Անդին, Ադամ առաւ Եւային տուած պտուղը ու կերաւ, փոխանակ Աստուծոյ հնազանդելու (Յայտ. 12։9. Ծն. 2։9, 16, 17. 3։1-6)։ Երբ Աստուած Ադամէն ու Եւայէն հաշիւ ուզեց, Ադամ իր կինը յանցաւոր հանեց, իսկ Եւան օձը յանցաւոր հանեց (Ծն. 3։12, 13)։ Անոնք տկար պատճառաբանութիւններ տուին թէ ինչո՛ւ չհնազանդեցան, եւ Եհովան դատեց այս ըմբոստները։ Իրենց օրինակը մեզ կը զգուշացնէ, թէ ամուսիններն ու կիները պէտք է իրենց ըրածներուն պատասխանատուութիւնը շալկեն եւ Եհովային հնազանդին, որպէսզի իրենց ամուսնութիւնը յաջողի։ դ16.08 1։1, 4, 5

Երկուշաբթի, մարտ 12

Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ (Մատ. 19։6)։

Կարգ մը զոյգեր ինչո՞ւ լուրջ խնդիրներ կ’ունենան։ Ոմանց համար իրենց ամուսնութիւնը իրենց յուսացածին պէս չ’ելլեր, եւ այս պատճառով յուսախաբ կը զգան կամ նոյնիսկ կը բարկանան։ Յաճախ խնդիրներ կը ծագին, քանի որ իւրաքանչիւրը տարբեր կերպով մեծցած է եւ զգացական գետնի վրայ մէկը միւսէն կը տարբերի։ Նաեւ անհամաձայնութիւններ կ’ըլլան դրամի եւ պզտիկ մեծցնելու շուրջ, ինչպէս նաեւ զոյգին ընտանիքներուն նկատմամբ։ Սակայն, ի՜նչ լաւ բան է որ քրիստոնեայ զոյգերուն մեծամասնութիւնը իրենց խնդիրներուն լուծումներ կը գտնեն, քանի որ Աստուծոյ թոյլ կու տան որ զիրենք առաջնորդէ։ Անոնք որոնք իրենց կողակիցին հետ լուրջ խնդիրներ ունին, երէցներէն օգնութիւն պէտք է խնդրեն։ Այս փորձառու եղբայրները կրնան զոյգերուն օգնել որ Աստուծոյ խրատները գործադրեն։ Զոյգերը նաեւ պէտք է Աստուծմէ սուրբ հոգին խնդրեն, որպէսզի իրենց օգնէ որ Սուրբ Գիրքին սկզբունքները կիրարկեն եւ քրիստոնէական յատկութիւններ ցուցնեն (Գաղ. 5։22, 23)։ դ16.08 2։11-13

Երեքշաբթի, մարտ 13

Ասկէ ետեւ մարդոց որսորդ պիտի ըլլաս (Ղուկ. 5։10)։

Յիսուս շատ զբաղած էր, բայց երբ մարդիկ բարի լուրով հետաքրքրուէին, ան ժամանակ կը տրամադրէր որ անոնց շատ մը բաներ սորվեցնէր։ Օրինակ՝ օր մը խումբ մը մարդիկ հաւաքուեցան ծովեզերքը, որպէսզի Յիսուսին մտիկ ընեն։ Ան Պետրոսէն խնդրեց որ նաւով զինք քիչ մը ծովուն մէջ տանի, եւ հոնկէ սորվեցուց մարդոց։ Ատկէ ետք, ան հրաշքով մը ձգեց որ Պետրոս շատ ձուկ որսայ, եւ յետոյ անոր ըսաւ այս օրուան համարին խօսքերը։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Պետրոս եւ իր ընկերակիցները «ամէն բան թողուցին ու [Յիսուսին] ետեւէն գացին» (Ղուկ. 5։1-11)։ Նիկոդէմոս՝ որ Սենետրիոնին մէկ անդամն էր, կ’ուզէր աւելին սորվիլ Յիսուսէն, բայց կը վախնար թէ մարդիկ ի՛նչ պիտի ըսէին եթէ ամէնուն առջեւ խօսէր իրեն հետ։ Այս պատճառով, ան իրիկունով այցելեց Յիսուսին։ Յիսուս դիւրաթեք էր եւ ժամանակ տրամադրեց որ իրեն կարեւոր ճշմարտութիւններ սորվեցնէ (Յովհ. 3։1, 2)։ Արդարեւ Աստուծոյ Որդին ժամանակ տրամադրեց, որ մարդոց հաւատքը զօրացնէ։ Մենք ալ պէտք չէ՞ հետաքրքրուող անհատներուն այցելենք եւ անոնց հետ Սուրբ Գիրքը սերտենք։ դ16.08 4։10, 11

Չորեքշաբթի, մարտ 14

Համեստութեամբ քու Աստուծոյդ հետ քալէ (Միք. 6։8, ՆԱ)։

Համեստութեամբ կ’ընդունինք որ որքա՜ն տարբեր ենք Եհովայէն, որ անարատ եւ սուրբ է, եւ թէ իր չափանիշները լաւագոյն ուղղութիւնը կու տան մեզի։ Եթէ կ’ուզենք համեստ ու խոնարհ ըլլալ, իր չափանիշներուն պէտք է հետեւինք։ Համեստութիւնը նաեւ մեզ կը մղէ որ ուրիշին զգացումները եւ կարծիքը յարգենք։ Մեր հագուածքը շատ յստակօրէն պէտք է ցուցնէ թէ Եհովայի ծառայ ենք։ Եհովան բարձր չափանիշներ ունի եւ մենք ուրախութեամբ անոնց կը հետեւինք։ Գովելի են այն եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք իրենց երեւոյթով եւ լաւ վարքով՝ անկեղծ մարդիկը կը քաշեն Սուրբ Գիրքի պատգամին եւ փառք կը բերեն Եհովային ու իր սիրտը կ’ուրախացնեն։ դ16.09 3։18-20

Հինգշաբթի, մարտ 15

Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր (Ծն. 32։28)։

Յակոբ շատ վճռական պայքարող մըն էր եւ փաստեց որ վազ պիտի չանցնի մինչեւ որ օրհնութիւն ստանայ (Ծն. 32։24-26)։ Եւ քանի որ ան յարատեւեց, Եհովան զինք օրհնեց եւ իրեն տուաւ Իսրայէլ անունը, որ կը նշանակէ՝ «Աստուծոյ հետ մարտնչող կամ յարատեւող»։ Ան շահեցաւ Եհովային հաճութիւնն ու օրհնութիւնը։ Մենք ալ կ’ուզենք ասոնք շահիլ։ Յակոբին սիրելի կինը Ռաքէլ անհամբեր կը սպասէր որ տեսնէր, թէ Եհովան ինչպէ՛ս իր խոստումին տէրը պիտի ելլէր՝ Յակոբին սերունդը օրհնելով։ Բայց Ռաքէլ չէր կրնար պզտիկ ունենալ։ Ասիկա իր օրերուն շատ մեծ ցաւ մըն էր կիներուն համար։ Ռաքէլ ինչպէ՞ս շարունակեց պայքարիլ, հակառակ որ նեղացուցիչ պարագայ մը ունէր, որ իր ձեռքը չէր։ Ան իր յոյսը բնաւ չկտրեց եւ ա՛լ աւելի աղօթեց։ Եհովան լսեց Ռաքէլին սրտանց աղօթքները եւ ի վերջոյ զինք օրհնեց զաւակներով (Ծն. 30։8, 20-24)։ դ16.09 2։6, 7

Ուրբաթ, մարտ 16

Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ (Եբ. 4։12)։

Շատ կարեւոր է որ պզտիկներդ տեսնեն Սուրբ Գիրքին սկզբունքներուն արժէքը (Սաղ. 1։1-3)։ Ասիկա կրնաս շատ մը կերպերով ընել։ Օրինակ՝ կրնաս պզտիկէդ խնդրել որ երեւակայէ, թէ հեռու կղզիի մը մէջ պիտի բնակի եւ պէտք է զատէ անձեր, որոնք իրեն հետ հոն պիտի ապրին։ Կրնաս հարցնել. «Ինչպիսի՞ մարդիկ կ’առնես հետդ, եթէ կ’ուզես որ բոլորը իրարու հետ համաձայն ըլլան»։ Ետքը կրնաս կարդալ Գաղատացիս 5։19-23–ը, որպէսզի ցուցնես թէ Եհովան ինչպիսի՛ մարդիկ կ’ուզէ նոր աշխարհին մէջ։ Այս կերպով, կրնաս երկու կարեւոր դասեր սորվեցնել պզտիկիդ։ Առաջին՝ Աստուծոյ չափանիշները կը ձգեն որ իրարու հետ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն վայելենք։ Երկրորդ՝ Եհովան մեզ հիմակուընէ կը պատրաստէ նոր աշխարհի կեանքին (Եսա. 54։13. Յովհ. 17։3)։ Նաեւ կրնաս մեր հրատարակութիւններէն փորձառութիւն մը պատմել անոր։ Օրինակ՝ կրնաս գործածել Դիտարան–ի «Աստուածաշունչը կեանքեր կը փոխէ» յօդուածաշարքէն փորձառութիւն մը։ դ16.09 5։13, 14

Շաբաթ, մարտ 17

Ժամանակը ծախու առէք (Եփ. 5։16)։

Թէեւ կրնայ ըլլալ որ շատ զբաղած ենք, բայց բոլորս պէտք է ժամանակ տրամադրենք անձնական ուսումնասիրութեան եւ ընտանեկան պաշտամունքին (Եփ. 5։15)։ Սակայն մեր նպատակը պէտք չէ ըլլայ շատ էջեր կարդալ կամ պարզապէս պատասխաններ պատրաստել ժողովներուն համար։ Պէտք է ջանանք թոյլ տալ որ Աստուծոյ Խօսքը հասնի մեր սրտին եւ զօրացնէ մեր հաւատքը։ Երբ կը սերտենք, չի բաւեր միայն ուրիշներուն պէտքերուն մասին մտածելը, հապա պէտք է մե՛ր հոգեւոր պէտքերուն մասին ալ մտածենք (Փլպ. 1։9, 10)։ Եւ երբ կը պատրաստենք ծառայութեան կամ ժողովներուն նիւթերը կամ ալ դասախօսութիւն մը, ասիկա ըսել չէ որ մեր կարդացածը անպայման կիրարկեցինք մեզի։ Օրինակ՝ ճիշդ է որ խոհարար մը իր պատրաստած ճաշերը կը համտեսէ առաջ որ զանոնք հրամցնէ, բայց ան չի կրնար այդ պատառներով շարունակել ապրիլ։ Եթէ ան կ’ուզէ առողջ մնալ, պէտք է սննդարար ճաշեր պատրաստէ իրեն համար։ Նմանապէս, եթէ կ’ուզենք հոգեւորապէս առողջ մնալ, պէտք է կանոնաւորաբար Սուրբ Գիրքը սերտենք եւ այսպիսով մեր անձնական պէտքերը գոհացնենք։ դ16.10 2։10, 11

Կիրակի, մարտ 18

Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան (Եբ. 11։3)։

Եբրայեցիս 11։1–ին մէջ (ՆԱ) Սուրբ Գիրքը կը բացատրէ թէ հաւատքը ի՛նչ է։ Հաւատքը կը կեդրոնանայ երկու բաներու վրայ, որոնք անտեսանելի են. 1) «յուսացուած բաներ»ը, որոնց մէջ կան ապագային նկատմամբ Աստուծոյ խոստումները, ինչպէս՝ չարութեան վերջը եւ գալիք նոր աշխարհը։ 2) «Անտեսանելի իրողութիւնները», ինչպէս՝ Եհովա Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսին եւ հրեշտակներուն գոյութիւնը, նաեւ երկնային Թագաւորութեան գործունէութիւնները։ Ինչպէ՞ս կրնանք ցուցնել թէ իրապէս կը հաւատանք Աստուծոյ խոստումներուն եւ միւս անտեսանելի բաներուն։ Թէ՛ խօսքով ու թէ գործով, քանի որ մեր հաւատքը առանց ատոնց պակաս կը մնայ։ դ16.10 4։6

Երկուշաբթի, մարտ 19

Ամէն օր մէկզմէկ յորդորեցէ՛ք (Եբ. 3։13)։

Եհովան եւ Յիսուսը շատ կ’արժեւորեն ամէն ի՛նչ որ կ’ընենք իրենց համար, նոյնիսկ եթէ մեր ուզածին չափ չենք կրնար ընել կամ տալ (Ղուկ. 21։1-4. Բ. Կոր. 8։12)։ Օրինակ՝ սիրելի տարեցները շատ ջանք կը թափեն որ կանոնաւորաբար ժողովի գան եւ ծառայութեան ելլեն։ Պէտք չէ՞ զիրենք գովենք եւ քաջալերենք։ Այո, առիթները օգտագործէ որ ուրիշները քաջալերես։ Եթէ տեսնենք բան մը որ գովասանքի արժանի է, ինչո՞ւ չգովենք։ Նկատի առ թէ ինչ պատահեցաւ երբ Պօղոս եւ Բառնաբաս Պիսիդիայի Անտիոքն էին։ Ժողովարանին պետերը իրենց ըսին. «Մարդի՛կ եղբայրներ, եթէ դուք ժողովուրդին խօսելու յորդորական խօսք մը ունիք՝ խօսեցէք»։ Այսպիսով, Պօղոս աղուոր դասախօսութիւն մը տուաւ (Գործք 13։13-16, 42-44)։ Եթէ կրնաս քաջալերական խօսք մը ըսել, ինչո՞ւ չէ, ըսէ։ Շատ հաւանաբար, եթէ սովորութիւն ընենք որ ուրիշները քաջալերենք, պիտի տեսնենք թէ անոնք ալ իրենց կարգին մեզ պիտի քաջալերեն (Ղուկ. 6։38)։ դ16.11 1։3, 15, 16

Երեքշաբթի, մարտ 20

Տէրոջը աչքերը ամէն տեղ չարերն ու բարիները կը դիտեն (Առ. 15։3)։

Ի՜նչ առանձնաշնորհում է Եհովային կազմակերպութեան մէկ մասը ըլլալ եւ գիտնալ թէ ան ինչ կը պահանջէ մեզմէ։ Անշուշտ, ասիկա հետը կը բերէ այն պատասխանատուութիւնը որ ճիշդը ընենք եւ Աստուծոյ հնազանդինք։ Եւ հակառակ որ շատեր կը սիրեն գէշ բաներ ընել, պէտք է «չարութիւնը ատե[նք]» Եհովային պէս (Սաղ. 97։10)։ Պէտք է բնա՛ւ չնմանինք անոնց որոնք «չարին բարի կ’ըսեն ու բարիին՝ չար» (Եսա. 5։20)։ Որովհետեւ կ’ուզենք Եհովան ուրախացնել, ջանք կը թափենք որ ֆիզիքապէս, բարոյապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք (Ա. Կոր. 6։9-11)։ Ինչ որ Եհովան Սուրբ Գիրքին մէջ կ’ըսէ՝ մեր օգտին համար է։ Մենք զինք կը սիրենք եւ կ’ուզենք իրեն հաւատարիմ ըլլալ։ Ասոր համար, իր ըսածներուն կը հնազանդինք տունին մէջ, ժողովքին մէջ, գործին մէջ, դպրոցը կամ ո՛ւր որ ըլլանք։ դ16.11 3։13

Չորեքշաբթի, մարտ 21

Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն թող հնազանդի (Հռով. 13։1)։

Աստուածաշունչի Աշակերտները անկեղծ էին։ Բայց 1914–ի եւ 1919–ի միջեւ, անոնք լման չէին հասկցած թէ ճիշդ ինչ ըսել է կառավարութիւններուն հնազանդիլ։ Այս պատճառով, ատեններ անոնք որպէս խումբ չէզոք չմնացին պատերազմին ժամանակ։ Օրինակ՝ երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը խնդրեց որ 30 մայիս 1918–ին ժողովուրդը աղօթէ խաղաղութեան համար, Դիտարան–ը Աստուածաշունչի Աշակերտները քաջալերեց որ իրենք ալ մասնակցին։ Կարգ մը եղբայրներ դրամական օգնութիւն տուին պատերազմին համար, եւ ոմանք նոյնիսկ զինուոր ըլլալով ճակատ գացին։ Բայց սխալ է ըսենք որ Աստուածաշունչի Աշակերտները Մեծ Բաբելոնի գերի եղան քանի որ սրբագրումի պէտք ունէին։ Ընդհակառակը, անոնք հասկցած էին որ պէտք է զատուին սուտ կրօնքի համաշխարհային կայսրութենէն, եւ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին արդէն գրեթէ բոլորովին անջատուած էին անկէ (Ղուկ. 12։47, 48)։ դ16.11 5։9

Հինգշաբթի, մարտ 22

Մարմնաւորապէս չենք քալեր, հապա՝ հոգեւորապէս (Հռով. 8։4)։

Պօղոս ինչո՞ւ օծեալ քրիստոնեաները զգուշացուց ‘մարմնաւորապէս ապրելէն’։ Եւ ինչո՞ւ ներկայիս բոլոր քրիստոնեաները պէտք ունին այս զգուշացումին։ Քանի որ ոեւէ հաւատարիմ քրիստոնեայ կրնայ սկսիլ իր ցանկութիւններուն վրայ կեդրոնանալ։ Օրինակ՝ Պօղոս գրեց որ Հռոմի մէջ կարգ մը եղբայրներ «իրենց որովայնին» կամ ախորժակին ծառայ էին։ Ան թերեւս ըսել ուզեց որ անոնց կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր բանն էր՝ սեռային յարաբերութիւնը, ուտելիքը, խմելիքը կամ ուրիշ հաճոյքներ (Հռով. 16։17, 18. Փլպ. 3։18, 19. Յդ. 4, 8, 12)։ Նաեւ յիշէ որ ատեն մը Կորնթոսի մէջ եղբայր մը անբարոյ կեանք կ’ապրէր իր «խորթ մօր» հետ (Ա. Կոր. 5։1)։ Յստակ է որ այդ քրիստոնեաները զգուշացումի պէտք ունէին որ ‘մարմնաւորապէս չապրին’ (Հռով. 8։5, 6)։ Այդ զգուշացումը այսօր ալ կը կիրարկուի։ դ16.12 2։5, 8, 9

Ուրբաթ, մարտ 23

Մարդուն սրտին մէջ եղող վիշտը զանիկա կը ճնշէ, բայց աղէկ խօսքը կ’ուրախացնէ զանիկա (Առ. 12։25)։

Մտահոգութիւնը թեթեւցնելու մէկ կերպն է՝ զգացումներդ պատմել մէկու մը, որուն կը վստահիս։ Կողակիցդ, մտերիմ բարեկամ մը կամ երէց մը թերեւս կրնայ քեզի օգնել, որ պարագադ աւելի լաւ հասկնաս ու ատոր հետ գլուխ ելլես։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Առանց խորհուրդի՝ դիտաւորութիւնները կը ցրուին, բայց խորհրդատուներու շատութիւնովը կը հաստատուին» (Առ. 15։22)։ Ժողովներն ալ կը թեթեւցնեն մտահոգութիւնները։ Ամէն շաբաթ ժողովներուն մէջ ժամանակ կ’անցընես եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ, որոնք քեզմով հետաքրքրուած են եւ կ’ուզեն քեզ քաջալերել (Եբ. 10։24, 25)։ Այսպիսի փոխադարձ ‘մխիթարութիւն’ մը քեզ պիտի զօրացնէ եւ օգնէ որ որեւէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլես (Հռով. 1։12)։ դ16.12 3։17, 18

Շաբաթ, մարտ 24

[Աննա] Տէրոջը առջեւ աղօթք ըրաւ (Ա. Թագ. 1։10)։

Երբ առողջապահական խնդիրներ ունենանք կամ ուրիշ դժուարութիւններ որ չենք կրնար փոխել, մեր հոգը պէտք է Եհովային վրայ ձգենք, վստահ ըլլալով որ մեզ կը հոգայ (Ա. Պետ. 5։6, 7)։ Նաեւ պէտք է մեր կարելին ընենք որ օգտուինք ժողովներէն եւ ուրիշ հոգեւոր յայտագիրներէ (Եբ. 10։24, 25)։ Լաւ, ի՞նչ կրնանք ըսել այն ծնողներուն մասին, որոնց զաւակը այլեւս Եհովան չի պաշտեր։ Սամուէլ մարգարէն չէր կրնար իր չափահաս որդիները ստիպել որ Աստուծոյ հաւատարիմ մնան (Ա. Թագ. 8։1-3)։ Ան պէտք էր որ հարցը Եհովային յանձնէր։ Բայց Սամուէլ կրնա՛ր անձամբ հաւատարիմ մնալ եւ իր երկնաւոր Հայրը՝ Եհովան ուրախացնել (Առ. 27։11)։ Այսօր ալ շատ մը ծնողներ նոյն վիճակին մէջն են։ Անոնք վստահ են որ Եհովան միշտ պատրաստ է զղջացող մեղաւորները ընդունելու (Ղուկ. 15։20)։ Միեւնոյն ատեն, այս ծնողները ջանք կը թափեն որ Եհովային հաւատարիմ մնան, յուսալով որ իրենց զաւակը իրենց օրինակէն ազդուելով վերադառնայ Եհովային։ դ17.01 1։15, 16

Կիրակի, մարտ 25

Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։

Խոնարհ անձը ընդհանրապէս համեստ ալ կ’ըլլայ։ Ան գիտէ թէ ի՛նչ կրնայ ընել ու ի՛նչ չի կրնար ընել, իր սխալները կ’ընդունի եւ ուրիշներուն գաղափարները նկատի կ’առնէ։ Եհովան շատ ուրախ կը մնայ խոնարհ անձէն։ Սուրբ Գիրքը կը ցուցնէ թէ համեստ անձը ինքզինք կը ճանչնայ, եւ գիտէ թէ կան բաներ որ չի կրնար ընել։ Ասիկա կ’ազդէ ուրիշներուն հետ իր վարուելու կերպին։ Բայց կրնանք առանց զգալու սկսիլ անհամեստօրէն մտածել կամ վարուիլ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կրնայ պատահիլ։ Թերեւս սկսինք չափէ դուրս կարեւորութիւն տալ մեր անձին կամ մեր առանձնաշնորհումներուն (Հռով. 12։16)։ Կամ, թերեւս սկսինք չափազանց ուշադրութիւն հրաւիրել մեր վրայ (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Կրնայ ըլլալ որ սկսինք մեր գաղափարները պնդել, պարզապէս քանի որ որոշ դիրք մը ունինք, որոշ մարդիկ կը ճանչնանք կամ որոշ մտածելակերպ ունինք (Ա. Կոր. 4։6)։ դ17.01 3։6-8

Երկուշաբթի, մարտ 26

Երիտասարդներուն զարդը անոնց ոյժն է եւ ծերերուն փառքը ճերմակ մազն է (Առ. 20։29)։

Այսօր, քարոզչութեան գործը կը շարունակէ աւելնալ, եւ Եհովայի կազմակերպութիւնը կը գործածէ արդի արհեստագիտութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասցնէ բարի լուրը։ Բայց ատեններ տարեցներուն համար դժուար կ’ըլլայ այս նոր կերպերը սորվիլ (Ղուկ. 5։39)։ Նաեւ, երիտասարդները աւելի ոյժ ու կորով կ’ունենան քան տարիքով մեծերը։ Ասոր համար, սիրալիր եւ գործնական է որ տարիքով աւելի մեծերը մարզեն ուրիշները, որ աւելի պատասխանատուութիւններ շալկեն (Սաղ. 71։18)։ Բայց հեղինակութիւն ունեցողներուն համար միշտ դիւրին չ’ըլլար ուրիշներուն գործ յանձնել։ Ոմանք կը վախնան որ ուրիշներ իրենց ձեռքէն առնեն իրենց սիրած նշանակումը, կամ ալ համոզուած են որ իրենցմէ աւելի երիտասարդները իրենց պէս լաւ չեն կրնար ընել գործերը։ Ոմանք կ’ըսեն թէ ժամանակ չունին ուրիշ մը մարզելու։ Իսկ երիտասարդները պէտք է համբերող ըլլան, երբ աւելի պատասխանատուութիւն չստանան։ դ17.01 5։3, 4

Երեքշաբթի, մարտ 27

Մէկուն արդարութիւնովը բոլոր մարդոց կեանքի արդարութեան շնորհք եղաւ (Հռով. 5։18)։

Յիսուս Ադամին պէս կատարեալ մարդ մը եղաւ (Յովհ. 1։14)։ Բայց ան հետեւեցա՛ւ այն չափանիշներուն, որ Եհովան կատարեալ մարդէ մը կ’ակնկալէր։ Նոյնիսկ ամէնէն դժուար փորձութիւններուն ժամանակ, բնա՛ւ մեղք չգործեց, ոչ ալ Աստուծոյ օրէնքները կտրեց։ Որպէս կատարեալ անձ մեռնելով, ան կրնար բոլոր մարդիկը փրկել մեղքէն ու մահէն։ Ան կատարեալ էր եւ լման հաւատարիմ ու հնազանդ էր Աստուծոյ, ճիշդ ինչպէս որ Ադամ պէտք էր որ ըլլար (Ա. Տիմ. 2։6)։ Յիսուս մեզի համար մեռաւ եւ այսպիսով՝ բոլոր տղամարդոց, կիներուն եւ երեխաներուն առիթ տուաւ որ յաւիտեան ապրին (Մատ. 20։28)։ Փրկանքը այն բանալին է, որուն միջոցաւ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը պիտի կատարուի (Բ. Կոր. 1։19, 20)։ դ17.02 1։15, 16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 9–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։12-19. Մարկոս 11։1-11

Չորեքշաբթի, մարտ 28

Իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց (Եբ. 12։2, ԱԾ)։

Հաշուէ թէ երկար փապուղիի մը կէսին կանգ առած ես։ Ամէն տեղ մութ է. բայց վստահ ես, որ եթէ մինչեւ վերջ երթաս, լոյսը նորէն պիտի տեսնես։ Նմանապէս, ատեններ մեր խնդիրները անտանելի կը դառնան։ Նոյնիսկ Յիսուս թերեւս այդպէս զգաց. ան անարգուեցաւ, ‘մեղաւորներ իրեն դէմ հակառակ խօսեցան’ եւ փայտի մը վրայ ցաւ քաշելով մեռաւ։ Ասիկա վստահաբար իրեն համար ամէնէն մութ ժամանակն էր (Եբ. 12։3)։ Բայց ան այդ բոլորին դիմացաւ։ Ան վարձատրութիւններուն վրայ կեդրոնացաւ, եւ ամէնէն կարեւորը՝ թէ ինչ դեր պիտի խաղայ Աստուծոյ անունը սրբացնելուն մէջ եւ Աստուծոյ իշխելու իրաւունքին թիկունք կանգնելուն մէջ։ Ան գիտէր թէ փորձութիւնները ժամանակաւոր էին, բայց երկնքի մէջ իր ստանալիք վարձատրութիւնը յաւիտենական պիտի ըլլար։ Ներկայիս, թերեւս ունեցած փորձութիւններդ ցաւ կը պատճառեն քեզի, կամ նոյնիսկ անտանելի կը դառնան։ Բայց յիշէ որ փորձութիւններդ ժամանակաւոր են եւ դուն դէպի յաւիտենական կեանք տանող ճամբուն վրայ ես։ դ16.04 2։10

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 10–ի դէպքերը) Յովհաննէս 12։20-50

Հինգշաբթի, մարտ 29

[Յիսուսով] փրկութիւն ունինք մենք իր արեանը միջոցով, մեղքի թողութիւն (Եփ. 1։7)։

Այսօր շատեր յանցաւոր չեն զգար երբ մեղք գործեն, եւ ասոր համար չեն հասկնար որ մարդիկ ինչո՛ւ փրկանքին պէտք ունին։ Անոնք չեն գիտեր թէ մեղքը ի՛նչ է, ինչպէ՛ս մեզի կ’ազդէ եւ ի՛նչ պէտք է ընենք, որպէսզի այլեւս ատոր գերի չըլլանք։ Անկեղծ անհատներուն միտքը կը հանգչի, երբ գիտնան թէ Եհովան իր Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մեզ ազատէ մեղքէն եւ մահէն։ Ան ասիկա ըրաւ իր շնորհքին շնորհիւ եւ քանի որ մարդկութիւնը շատ կը սիրէ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ Եհովան ամէնէն շատ փաստեց թէ մեզ կը սիրէ եւ որքա՜ն մեծ է իր շնորհքը, երբ Յիսուսը զոհեց մեզի համար։ Որքա՜ն կը հանգչինք գիտնալով որ եթէ Յիսուսի զոհին հաւատանք, մեր մեղքերը պիտի ներուին եւ մաքուր խիղճ պիտի ունենանք (Եբ. 9։14)։ Ասիկա իրապէս բարի լուր մըն է. պէտք է մարդոց խօսինք ատոր մասին։ դ16.07 4։6, 7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 11–ի դէպքերը) Ղուկաս 21։1-36

Ուրբաթ, մարտ 30

[Քրիստոս] մեզի համար յաւիտենական փրկութիւն ապահովեց (Եբ. 9։12, ՆԹ)։

Եհովան մեզ կը վստահեցնէ թէ մեր մեղքերը կրնա՛ն ‘ջնջուիլ’, քանի որ փրկանքին կը հաւատանք։ Ան կրնայ մեր մեղքերը լման ներել (Գործք 3։19-21)։ Ան փրկանքին միջոցաւ օծեալները կ’որդեգրէ որպէս իր որդիները (Հռով. 8։15-17)։ Իսկ գալով «ուրիշ ոչխարներ»ուն, ան զանոնք կը հրաւիրէ որ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլան երկրի վրայ։ Երբ անոնք կատարեալ դառնան եւ վերջին փորձին մէջ հաւատարիմ մնան, Եհովան զանոնք ալ պիտի որդեգրէ որպէս իր որդիները (Հռով. 8։20, 21. Յայտ. 20։7-9)։ Ան միշտ պիտի սիրէ իր բոլոր որդիները, իսկ փրկանքին օգուտները յաւիտեան պիտի մնան։ Այս նուէրը բնա՛ւ պիտի չկորսնցնէ իր արժէքը, եւ ո՛չ մէկը կրնայ մեզ զրկել անկէ։ դ17.02 2։15, 16

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 12–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։1-5, 14-16. Ղուկաս 22։1-6

Յիշատակատօնին թուականը
Արեւամուտէն ետք
Շաբաթ, մարտ 31

Եթէ մէկը մեղք գործելու ըլլայ, Հօրը քով բարեխօս ունինք Յիսուս Քրիստոս (Ա. Յովհ. 2։1)։

Երբ Եհովան մեզ քաշեց իր բարեկամը ըլլալու, գիտէր թէ ի՛նչ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունէինք, քանի որ հասկցած էր մեր բնաւորութիւնը եւ ամէն ի՛նչ որ մեր սրտին մէջ էր։ Հակառակ ասոր, Եհովան ուզեց որ իր բարեկամը ըլլանք։ Սէրէ մղուած, ան թանկագին նուէր մը տուաւ մեզի,– իր սիրելի Որդին մեզի համար զոհուեցաւ (Յովհ. 3։16)։ Երբ սխալ մը ընենք, կրնանք Եհովայէն ներում խնդրել, եւ այս փրկանքին հիման վրայ ան մեզի պիտի ներէ եւ իր բարեկամը պիտի մնանք, հակառակ որ անկատար ենք (Ա. Տիմ. 1։15)։ դ16.05 4։6, 7

Յիշատակատօնին համար՝ Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. (Ցերեկուան ընթացքին՝ նիսան 13–ի դէպքերը) Մատթէոս 26։17-19. Մարկոս 14։12-16. Ղուկաս 22։7-13 (Արեւամուտէն ետք՝ նիսան 14–ի դէպքերը) Յովհաննէս 13։1-5. 14։1-3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել