Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 17-26
  • Փետրուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Փետրուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հինգշաբթի, փետրուար 1
  • Ուրբաթ, փետրուար 2
  • Շաբաթ, փետրուար 3
  • Կիրակի, փետրուար 4
  • Երկուշաբթի, փետրուար 5
  • Երեքշաբթի, փետրուար 6
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 7
  • Հինգշաբթի, փետրուար 8
  • Ուրբաթ, փետրուար 9
  • Շաբաթ, փետրուար 10
  • Կիրակի, փետրուար 11
  • Երկուշաբթի, փետրուար 12
  • Երեքշաբթի, փետրուար 13
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 14
  • Հինգշաբթի, փետրուար 15
  • Ուրբաթ, փետրուար 16
  • Շաբաթ, փետրուար 17
  • Կիրակի, փետրուար 18
  • Երկուշաբթի, փետրուար 19
  • Երեքշաբթի, փետրուար 20
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 21
  • Հինգշաբթի, փետրուար 22
  • Ուրբաթ, փետրուար 23
  • Շաբաթ, փետրուար 24
  • Կիրակի, փետրուար 25
  • Երկուշաբթի, փետրուար 26
  • Երեքշաբթի, փետրուար 27
  • Չորեքշաբթի, փետրուար 28
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 17-26

Փետրուար

Հինգշաբթի, փետրուար 1

Համբերութիւնը կատարեալ ներգործութիւն թող ունենայ (Յակ. 1։4)։

Յակոբոս ի՞նչ գործի մասին կը խօսի։ Համբերութիւնը մեզի կ’օգնէ որ «կատարեալ ու ամբողջ [ըլլանք] ու բանի մը պակասութիւն [չունենանք]» (Յակ. 1։4)։ Փորձութիւնները շատ անգամներ մէջտեղ կը հանեն մեր տկար կողմերը, մեր անձնաւորութեան այն գիծերը, որոնց վրայ պէտք է աշխատինք։ Եթէ այդ փորձութիւններուն համբերենք, մեր քրիստոնէական անձնաւորութիւնը աւելի կատարեալ կ’ըլլայ։ Օրինակ՝ կրնանք աւելի երկայնամիտ, գնահատող եւ կարեկցող դառնալ։ Քանի որ համբերութիւնը մեզ աւելի լաւ քրիստոնեաներ կը դարձնէ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն մէջ զիջումներ մի՛ ըներ, պարզապէս որպէսզի փորձութիւններէն դուրս ելլես։ Օրինակ՝ անմաքուր մտածումներու դէմ կը պայքարի՞ս։ Մի՛ յանձնուիր, հապա՝ աղօթէ ու մերժէ այսպիսի ցանկութիւններ։ Այսպիսով ինքնազսպումդ պիտի զօրացնես։ Ընտանիքիդ անհաւատ մէկ անդամը քեզի կը հակառակի՞։ Փոխանակ ճնշումին տակ տեղի տալու, միտքդ դիր որ պիտի շարունակես ամբողջ սրտով Եհովային ծառայել։ Մի՛ մոռնար. պէտք է համբերենք, որպէսզի Եհովան մեզի հաճի (Հռով. 5։3-5. Յակ. 1։12)։ դ16.04 2։15, 16

Ուրբաթ, փետրուար 2

Խոնարհութիւնով մէկզմէկ ձեր անձէն լաւ սեպեցէք (Փլպ. 2։3)։

Սովորաբար մարդիկ հպարտ կը զգան իրենց ցեղով, ազգով կամ մշակոյթով։ Բայց գիտենք որ երբ այս բաներով անտեղիօրէն հպարտանանք, Եհովային աչքով դիտած չենք ըլլար մարդկային իշխանութիւնը եւ մարդկութիւնը։ Անշուշտ, Աստուած մեզմէ չ’ակնկալեր որ մեր մշակոյթը ուրանանք. վերջ ի վերջոյ, ի՛նք մեզ իրարմէ տարբեր ըրաւ եւ մենք ասկէ հաճոյք կ’առնենք։ Բայց պէտք է յիշենք, թէ Աստուած բոլոր մարդիկը հաւասար կը նկատէ (Հռով. 10։12)։ Երբեք պէտք չէ անտեղիօրէն հպարտանանք մեր երկրով եւ կարծենք որ ատիկա միւսներէն աւելի լաւ է։ Եթէ այդպէս զգանք, չէզոք մնալը շատ դժուար կրնայ դառնալ։ Վտանգ կայ որ քրիստոնեաները այս հպարտութիւնը ունենան, ինչպէս որ առաջին դարուն՝ ոմանք զատողութիւն դրին եղբայրներուն միջեւ (Գործք 6։1)։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ, եթէ անտեղի հպարտութիւնը մեր մէջ արմատ կը կապէ։ Հաշուէ թէ ուրիշ երկրէ մը եղբայր մը կամ քոյր մը քեզի առաջարկ մը ըրաւ։ Կը մերժե՞ս ըսածը, շուտով մտածելով. ‘Հոս մենք աւելի լաւ կերպով կ’ընենք ասանկ բաներ’։ Փոխարէն, այս օրուան համարին կարեւոր խրատը պէտք է կիրարկենք։ դ16.04 4։12, 13

Շաբաթ, փետրուար 3

Պէտք է ինծի որ ուրիշ քաղաքներու ալ Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզեմ (Ղուկ. 4։44)։

Յիսուս Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզեց, եւ ան կ’ակնկալէ որ իր աշակերտներն ալ նոյնը ընեն։ Ո՞ր խումբը այս պատգամը կը քարոզէ «բոլոր ազգերուն» (Մատ. 28։19)։ Պատասխանը յստակ է. միայն Եհովայի վկաները։ Անգամ մը միսիոնար քահանայ մը Վկայի մը ըսաւ, որ ինք շատ մը երկիրներու մէջ ապրած էր եւ թէ ամէն երկրի մէջ հարցուցած էր Վկաներուն թէ ի՛նչ պատգամ կը քարոզեն։ Պատասխանը ի՞նչ եղած էր։ Քահանան ըսաւ. «Բոլորը այնքան անմիտ էին, որ նոյն պատասխանը տուին՝ ‘Թագաւորութեան բարի լուրը’»։ Սակայն այդ Վկաները ոչ թէ «անմիտ» էին, հապա՝ միութեամբ կը խօսէին, ճիշդ ինչպէս որ ճշմարիտ քրիստոնեաները պէտք է ըլլան (Ա. Կոր. 1։10)։ Եւ Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը ունի նոյն պատգամը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այս պարբերաթերթը մատչելի է 254 լեզուներով եւ իւրաքանչիւր թիւէն միջին հաշուով՝ 59 միլիոն օրինակ կը հրատարակուի, եւ այս պատճառով աշխարհի ամէնէն շատ տարածուած պարբերաթերթն է։ դ16.05 2։6

Կիրակի, փետրուար 4

Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ (Բ. Կոր. 9։7)։

Թերեւս կ’ուզես ռահվիրայ ըլլալ։ Ասոր համար կը սկսիս քայլեր առնել որ կեանքդ պարզացնես։ Սակայն նոյն ատեն թերեւս հոգ ընես, թէ աւելի քիչ նիւթական բաներ ունենալով, իսկապէս ուրախ պիտի ըլլաս կամ ոչ։ Անշուշտ, Սուրբ Գիրքը չի հրամայեր որ ռահվիրայութիւն ընենք. կրնանք որպէս հրատարակիչ շարունակել հաւատարմօրէն ծառայել։ Սակայն, Յիսուս մեզ կը վստահեցնէ, թէ անոնք որոնք Թագաւորութեան համար զոհողութիւններ կ’ընեն, շա՜տ օրհնութիւններ պիտի քաղեն (Ղուկ. 18։29, 30)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ Եհովան կը հաճի, երբ «կամաւոր զոհեր» տանք իրեն եւ մեր ամէն կարելին ընենք, որպէսզի ուրախութեամբ իրեն ծառայենք (Սաղ. 119։108)։ Այս կէտերուն վրայ խոկալով եւ անոնց մասին աղօթելով, չե՞նք կրնար Եհովային միտքը հասկնալ։ Այո՛, ասոնք մեզի կ’օգնեն որ առնենք որոշում մը, որ մեզի համար գործնական է եւ Աստուծոյ օրհնութեան պիտի արժանանայ։ դ16.05 3։13

Երկուշաբթի, փետրուար 5

Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած (Ժող. 12։1)։

Միայն պատանիները չեն որ կ’ունենան այն խնդիրները, որոնց մասին կը խօսին պատանիներուն ուղղուած մեր հրատարակութիւնները։ Շատ մը եղբայրներ եւ քոյրեր նոյն խնդիրներէն կ’անցնին։ Բոլորս պէտք կ’ունենանք որ մեր հաւատքը պաշտպանենք, մեր զգացումները զսպենք, հասակակիցներու ճնշումին դէմ դնենք եւ գէշ ընկերակցութիւններն ու ժամանցը մերժենք։ Այս նիւթերուն եւ շատ մը ուրիշ նիւթերու մասին խօսուած է՝ պատանիներուն ուղղուած հրատարակութիւններուն մէջ։ Չափահասները պէ՞տք է հպարտութեան պատճառաւ այսպիսի հրատարակութիւններ չկարդան։ Բնա՛ւ երբեք։ Ճիշդ է որ հրատարակութիւնները այնպէս մը ներկայացուած են որ պատանիներուն ուշադրութիւնը գրաւեն, բայց մէջի տեղեկութիւնները հիմնուած են Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն վրայ եւ բոլորս կրնանք ատոնցմէ օգտուիլ։ Մեր հրատարակութիւնները ոչ միայն կ’օգնեն պատանիներուն որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլեն, այլեւ՝ որ հոգեւորապէս աճին եւ Եհովային մօտենան (Ժող. 12։13)։ դ16.05 5։15, 16

Երեքշաբթի, փետրուար 6

Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ իսրայէլ. մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է։ Սիրէ՛ քու Եհովա Աստուածդ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ հոգիովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ (Բ. Օր. 6։4, 5, ՆԱ)։

«Մեր Աստուածը Եհովան մէկ Եհովա է»։ Ի՜նչ զօրաւոր խօսք մը։ Այս յիշեցումը իսրայէլացիները զօրացուց որ իրենց առջեւ եղած դժուարութիւններուն դիմանային, մինչ կը գրաւէին Աւետեաց երկիրը։ Այդ խօսքը մեզ ալ կրնայ զօրացնել, որ կարենանք մեր առջեւ եղող մեծ նեղութեան դիմանալ եւ Դրախտին մէջ խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանել։ Շարունակենք բացարձակապէս Եհովային նուիրուած մնալ։ Նաեւ, պէտք է մեր ամբողջ հոգիով Եհովան սիրենք ու իրեն ծառայենք, եւ շատ ջանք թափենք որ եղբայրներուն հետ խաղաղութիւնն ու միութիւնը պահպանենք։ Եթէ շարունակենք ասոնք ընել, Յիսուս մեզ պիտի դատէ որպէս ոչխարներ եւ իր հետեւեալ խօսքին իրականանալը պիտի տեսնենք. «Եկէք իմ Հօրս օրհնածները, աշխարհի սկիզբէն ձեզի համար պատրաստուած թագաւորութիւնը ժառանգեցէք» (Մատ. 25։34)։ դ16.06 3։2, 20

Չորեքշաբթի, փետրուար 7

Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ է (Եր. 17։9)։

Հպարտութիւնը կրնայ պատճառ ըլլալ որ սկսինք մեր ըրածները արդարացնել, եւ այսպիսով անճկուն կաւ դառնալ։ Պատահա՞ծ է որ եղբայր մը կամ քոյր մը քեզ վիրաւորած է կամ որոշ առանձնաշնորհումներ կորսնցնելով նեղացած ես։ Եթէ այո՛, ի՞նչ ըրիր։ Հպարտութիւնդ արթնցա՞ւ, թէ ոչ խելքդ–միտքդ էր որ եղբօրդ հետ խաղաղութիւնը պահպանես եւ Եհովային հաւատարիմ մնաս (Սաղ. 119։165. Եփ. 4։32)։ Անհատի մը համար դժուար կ’ըլլայ Աստուծոյ խրատը ընդունիլ, երբ դիտմամբ կրկին անգամ մեղք կը գործէ, թերեւս նոյնիսկ գաղտնի մեղքեր։ Այսպիսով՝ մեղք գործելը աւելի դիւրին կը դառնայ (Ժող. 8։11)։ Եղբայր մը, որ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութիւնը ունէր, յետագային խոստովանեցաւ. «Սկսայ օրէ օր աւելի քննադատական կեցուածք ունենալ երէցներուն հանդէպ»։ Իր սովորութիւնը իրեն հոգեւորապէս կը վնասէր։ Ի վերջոյ, իր ըրածը մէջտեղ ելաւ եւ պէտք եղած օգնութիւնը ստացաւ։ Անշուշտ, բոլորս ալ անկատար ենք։ Բայց եթէ սկսինք քննադատական ըլլալ կամ մեր ըրած սխալները արդարացնել, փոխանակ Աստուծմէ ներում եւ օգնութիւն խնդրելու, վախ կայ որ կարծր սիրտ ունենանք։ դ16.06 2։5, 6

Հինգշաբթի, փետրուար 8

Հոգ մի՛ ընէք ձեր կեանքին համար (Մատ. 6։25)։

Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ որ հոգ չընեն, քանի որ երբ մէկը անտեղիօրէն մտահոգուի, նոյնիսկ բաներու վրայ որ շատ պէտք ունի, իր միտքը կրնայ ցրուիլ, մէկ կողմ դնելով աւելի կարեւոր եղող հոգեւոր բաները։ Յիսուս այնքա՛ն հետաքրքրուած էր իր աշակերտներով, որ Լերան քարոզին մէջ՝ ասկէ զատ չորս անգամ ալ զգուշացուց զիրենք այս վտանգէն (Մատ. 6։27, 28, 31, 34)։ Ան գիտէր թէ մարդիկ օրը–օրին ի՛նչ բաներու պէտք ունէին։ Ասկէ աւելին, ան գիտէր որ իր աշակերտները շատ դժուար ժամանակներու մէջ պիտի ապրէին «վերջին օրեր»ուն (Բ. Տիմ. 3։1)։ Այսօր շատեր անգործ են, ինչպէս նաեւ սղութիւն ու աղքատութիւն կայ։ Բայց Յիսուս նաեւ գիտէր, թէ «կեանքը կերակուրէն աւելի է ու մարմինը հագուստէն»։ դ16.07 1։8, 9

Ուրբաթ, փետրուար 9

Որուն ես սպասաւոր եղայ՝ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ (Եփ. 3։7)։

Մենք Եհովայի շնորհքին արժանի չենք, քանի որ իրեն կատարելապէս չենք հնազանդիր։ Սողոմոն թագաւոր ըսաւ. «Իրաւ որ երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժող. 7։20)։ Պօղոս առաքեալ ալ ըսաւ. «Ամէնքը մեղք գործեցին եւ Աստուծոյ փառքէն պակսեցան» եւ «մեղքին վարձքը մահ է» (Հռով. 3։23. 6։23ա)։ Մենք մահուա՛ն արժանի ենք։ Սակայն Եհովան այնքա՛ն շատ կը սիրէ մեզ, որ «իր միածին Որդին» ղրկեց մեզի համար մեռնելու։ Ասիկա իր մեծագոյն շնորհքն է (Յովհ. 3։16)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ որ «Յիսուսը փառքով ու պատուով պսակուած կը տեսնենք. . . մահուան չարչարանքին համար, որպէս զի Աստուծոյ շնորհքովը ամենուն համար մահ ճաշակէ» (Եբ. 2։9)։ Իրապէս, «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք [է]՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով» (Հռով. 6։23բ)։ դ16.07 3։3, 4

Շաբաթ, փետրուար 10

Անոր օգնական մը ընեմ (Ծն. 2։18)։

Բնական է որ մարդիկ ամուսնանան։ Բայց ամուսնութիւնը ինչպէ՞ս սկսաւ եւ ի՞նչ է անոր նպատակը։ Ասիկա գիտնալը մեզի պիտի օգնէ որ ատոր ճիշդ աչքով նայինք եւ աւելի վայելենք ատոր օրհնութիւնները։ Աստուած առաջին մարդը՝ Ադամը ստեղծեց եւ իրմէ խնդրեց որ անասուններուն անուն դնէ։ Ադամ տեսաւ որ բոլոր անասունները զուգակից ունին, բայց ինք «յարմար օգնական մը» չունի։ Հետեւաբար, Աստուած Ադամին վրայ խորունկ քուն մը բերաւ, անոր կողի ոսկորներէն մէկը առաւ, անկէ կին շինեց եւ Ադամին բերաւ (Ծն. 2։20-24)։ Այսպիսով Աստուած սկիզբ տուաւ ամուսնութեան։ Դարեր ետք, Յիսուս երկրորդեց ինչ որ Եհովան «ըսաւ. ‘Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին’» (Մատ. 19։4, 5, ԱԾ)։ Այս զոյգը անդրադարձած ըլլալու էր որ իրարու կը պատկանին, քանի որ Աստուած կինը ստեղծելու համար Ադամին կողէն ոսկոր մը գործածեց։ Կարգադրութիւն մը չկար որ անոնք ամուսնալուծուէին կամ միեւնոյն ատեն մէկէ աւելի կողակից ունենային։ դ16.08 1։1, 2

Կիրակի, փետրուար 11

Յիսուս. . . գնաց անոնց քաղաքներուն մէջ քարոզելու եւ սորվեցնելու (Մատ. 11։1)։

Յիսուս յաճախ կը խօսէր անհատներու հետ, եւ ոչ թէ միայն խումբ մը մարդոց հետ։ Ան ընկերային կերպով կը խօսէր։ Օրինակ՝ Սուքար քաղաքին մօտ եղող Յակոբին ջրհորին քով, ան հետաքրքրական խօսակցութիւն մը ունեցաւ կնոջ մը հետ (Յովհ. 4։5-30)։ Ան նաեւ խօսեցաւ Մատթէոսի (կամ Ղեւիի) հետ, որ մաքսաւոր էր, եւ զինք հրաւիրեց որ իր աշակերտը ըլլայ։ Մատթէոս հրաւէրը ընդունեց եւ յետագային Յիսուսը եւ ուրիշներ հրաւիրեց որ իր տունը ճաշ ուտեն։ Հոն, Յիսուս շատ մը մարդոց հետ խօսեցաւ (Մատ. 9։9. Ղուկ. 5։27-39)։ Յիսուս նաեւ ընկերային կերպով խօսեցաւ Նաթանայէլին հետ, որ լաւ կարծիք չունէր Նազարէթէն եղող անհատներուն մասին։ Յիսուսին խօսելակերպը զինք մղեց որ իր մտածելակերպը փոխէ եւ որոշէ աւելին գիտնալ, թէ Յիսուս ի՛նչ կը սորվեցնէր,– Յիսուս որ Նազարէթէն էր (Յովհ. 1։46-51)։ Ուրեմն, լաւ կ’ըլլայ որ նոր հրատարակիչները մարզենք որ մարդոց հետ ընկերային կերպով եւ հանդարտութեամբ խօսին։ Երբ անոնք այսպէս վարուին, շատ պիտի ուրախանան տեսնելով որ մարդիկ աւելի մտիկ կ’ընեն իրենց ըսածը։ դ16.08 4։7-9

Երկուշաբթի, փետրուար 12

Կինը այրէն չզատուի. . . ու այրը իր կինը թող չձգէ (Ա. Կոր. 7։10, 11)։

Երբ ամուսնութեան մէջ լուրջ խնդիրները չլուծուին, կարգ մը զոյգեր թերեւս որոշեն բաժնուիլ կամ ամուսնալուծուիլ։ Կողակիցէն բաժնուիլը պէտք չէ թեթեւի առնուի։ Թէեւ կարգ մը զոյգեր կը կարծեն որ իրենց խնդիրները այնքա՛ն լուրջ են որ պէտք է բաժնուին, բայց բաժնուիլը յաճախ աւելի խնդիրներու դուռ կը բանայ։ Յիսուս կրկնեց ի՛նչ որ Աստուած ըսած էր ամուսնութեան մասին, եւ յետոյ աւելցուց. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատ. 19։3-6. Ծն. 2։24)։ Ասիկա նաեւ կը նշանակէ որ ո՛չ ամուսինը ոչ ալ կինը ‘պէտք է զատէ զայն որ Աստուած միաւորեց’։ Եհովան կ’ուզէ որ ամուսինն ու կինը միասին մնան մինչեւ իրենց կեանքին վերջը (Ա. Կոր. 7։39)։ Բոլորս պէտք է մեր միտքը պահենք որ Եհովային հաշիւ պիտի տանք մեր ըրածներուն համար։ Ասիկա մեզի կ’օգնէ որ շատ ջանք թափենք շուտով խնդիրները լուծելու, առաջ որ աւելի լուրջ դառնան։ դ16.08 2։10, 11

Երեքշաբթի, փետրուար 13

Չարէն մի՛ յաղթուիր (Հռով. 12։21)։

Մեր թշնամիները մեր չակնկալած ատենը կը յարձակին եւ մեր տկար եղած ատենը կը հարուածեն։ Ուրեմն պէտք է միշտ եւ որեւէ ժամանակէ աւելի արթուն ըլլանք։ «Չարէն մի՛ յաղթուիր» արտայայտութիւնը կը ցուցնէ թէ կրնանք յաղթել չարին, բայց մէկ պայմանով. պէտք է շարունակ պայքարինք։ Սակայն, եթէ պատրաստ չըլլանք կռուելու եւ յանձնուինք, Սատանան, իր չար աշխարհը եւ մեր անկատարութիւնը մեզի պիտի յաղթեն։ Բնաւ թոյլ մի՛ տար որ Սատանան քեզ վհատեցնէ եւ ձեռքերդ թուլցնէ (Ա. Պետ. 5։9)։ Որպէսզի յաղթենք, պէտք է մտքերնիս պահենք թէ ինչո՛ւ կը պայքարինք։ Պատճառը այն է, թէ կ’ուզենք Աստուծոյ հաճութիւնն ու օրհնութիւնը ստանալ։ Եբրայեցիս 11։6–ը կ’ըսէ. «Ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն»։ «Փնտռել» թարգմանուած յունարէն բային մէջ կայ շատ ջանք թափելու գաղափարը (Գործք 15։17)։ դ16.09 2։4, 5

Չորեքշաբթի, փետրուար 14

Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք (Ա. Կոր. 10։31)։

Սուրբ Գիրքը կու տայ գործնական խրատներ, որոնք մեզի կ’օգնեն որ Աստուծոյ փառք բերող որոշումներ առնենք։ Բայց միեւնոյն ատեն մեր ճաշակն ալ կ’ազդէ մեր հագուածքին։ Ճաշակը եւ դրամական պայմանները անձէ անձ կը տարբերին, բայց մեր հագուստները պէտք է միշտ ըլլան կոկիկ, մաքուր, պատշաճ, առիթին յարմար եւ շրջանակին կողմէ ընդունուած։ Միշտ դիւրին չէ պատշաճ եւ յարմար հագուստ գտնել։ Շատ մը խանութներ կը ծախեն միայն հանրածանօթ նորաձեւութիւնները։ Ասոր համար, աւելի ժամանակ կ’առնէ եւ ջանք կ’ուզէ որ գտնենք պատշաճ փէշեր ու պլուզներ, կամ շատ նեղ չեղող համազգեստներ եւ տաբատներ։ Բայց մեր եղբայրներն ու քոյրերը պիտի նկատեն եւ գնահատեն մեր տարած ջանքերը, որ աղուոր եւ յարմար հագուստներ գտնենք։ Եւ ի՛նչ զոհողութիւն ալ ընենք, մեր ունեցած գոհունակութիւնը պիտի գոցէ ատոր տեղը, գիտնալով որ մեր երկնաւոր Հօր փառք բերող հագուածք ունինք։ դ16.09 3։15, 16

Հինգշաբթի, փետրուար 15

Անիկա հիւսիսը պարապ տեղին վրայ կը տարածէ ու երկիրը ոչնչին վրայ կը կախէ (Յոբ 26։7)։

Պզտիկները զօրաւոր երեւակայութիւն ունին։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, ձեր կրցածին չափ շատ օրինակներ գործածեցէք երբ կը սորվեցնէք։ Ազդու օրինակները կրնան պզտիկին սորվեցնել, թէ ի՛նչ որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ՝ ճիշդ է։ Նկատի առ այս օրուան համարը։ Պարզապէս մի՛ ըսեր որ այս տեղեկութիւնը Աստուծոյ կողմէ է։ Ասոր տեղ, օգնէ որ իր երեւակայութիւնը գործածէ։ Ըսէ թէ Յոբի ժամանակ հեռադիտակներ կամ տիեզերանաւեր չկային։ Պզտիկիդ դերը կ’ըլլայ որ ցուցնէ, թէ այդ ժամանակ շատ դժուար էր որ մէկը հաւատար թէ երկրին տակը պարապ է։ Ան կրնայ գործածել գնդակ մը կամ քար մը, որ բացատրէ թէ ծանրութիւն ունեցող բաները պէտք է բանի մը վրայ կեցած ըլլան։ Այսպիսի օրինակ մը կրնայ պզտիկդ համոզել, որ Սուրբ Գիրքին մէջ գրուածները Եհովային կողմէ են եւ մի՛շտ ճիշդ են, հակառակ որ շատոնց գրուած են (Նէ. 9։6)։ դ16.09 5։9, 12

Ուրբաթ, փետրուար 16

Սրտիդ մէջ հաւատա՛ (Հռով. 10։9)։

Երբ հաւատք ունինք, ասիկա միայն ըսել չէ որ Աստուծոյ նպատակը գիտենք։ Մենք նաեւ զօրաւոր փափաք ունինք որ Աստուծոյ ուզածին պէս ապրինք եւ բարի լուրը տանք ուրիշներուն։ Որպէսզի նոր աշխարհին մէջ յաւիտեան ապրինք, պէտք է հաւատք ունենանք եւ զայն զօրաւոր պահենք։ Հաւատքը բոյսի պէս է։ Պէտք է շարունակ ջուր տանք բոյսին, որպէսզի առողջ մնայ եւ աճի։ Եթէ բաւարար ջուր չտանք, ատիկա պիտի թառամի եւ մեռնի։ Նմանապէս, պէտք է ջանք թափենք որ մեր հաւատքը ‘աճի’ եւ մնանք «առողջ՝ հաւատքով» (Բ. Թես. 1։3. Տիտ. 2։2, ՆԱ. Ղուկ. 22։32. Եբ. 3։12)։ դ16.10 4։4, 5

Շաբաթ, փետրուար 17

Ներքինապետը անոնց անուններ դրաւ. Դանիէլին՝ Բաղտասասար (Դան. 1։7)։

Երբ Դանիէլ եւ իր ընկերակիցները Բաբելոն աքսորուած էին, բաբելոնացիները փորձեցին զիրենք պարտադրել որ իրենց մշակոյթն ու կրօնքը ընդունին։ Ինչպէ՞ս։ Անոնք ‘քաղդէացիներու լեզուն’ սորվեցուցին եւ բաբելոնական անուններ տուին անոնց (Դան. 1։3-7)։ Դանիէլի նոր անունը կապ ունէր Բէլի հետ, որ Բաբելոնի գլխաւոր չաստուածն էր։ Այսպիսով, Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը հաւանաբար ուզեց Դանիէլին հասկցնել, թէ Բաբելոնի աստուածը աւելի զօրաւոր է Դանիէլի Աստուծմէ՝ Եհովայէն (Դան. 4։8)։ Թէեւ Դանիէլ առիթը ունէր որ թագաւորին համով ճաշերէն ուտէր, բայց ան իր սրտին մէջ «որոշեց» որ «ինքզինք չպղծէ» (Դան. 1։8)։ Ան հոգեւորապէս առողջ մնաց այդ օտար երկրին մէջ, քանի որ մայրենի լեզուով կը սերտէր սուրբ «գրքեր»ը (Դան. 9։2)։ Այսպիսով, ան Բաբելոն գալէ շուրջ 70 տարի ետք, տակաւին կը ճանչցուէր իր եբրայական անունով (Դան. 5։13)։ դ16.10 2։7, 8

Կիրակի, փետրուար 18

Ոգին ուր որ երթալու ըլլար, անոնք հոն, ոգիին գացած տեղը կ’երթային (Եզեկ. 1։20)։

1919–էն սկսեալ, Յիսուս «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը գործածէ, որպէսզի մարդոց օգնէ որ Աստուածաշունչը հասկնան եւ ատոր ուղղութիւններուն հետեւին (Մատ. 24։45-47)։ Սուրբ Գիրքին հնազանդելով՝ ժողովքը մաքուր, խաղաղ եւ միացած կը պահենք։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարցնենք. ‘Յիսուսին հաւատարիմ պիտի ըլլամ եւ հետեւի՞մ հաւատարիմ ծառային ուղղութեան’։ Սուրբ Գիրքին միջոցաւ կը գիտնանք որ երկնքին մէջ Եհովային ծառաները կազմակերպուած են։ Օրինակ՝ Եզեկիէլ տեսիլք մը տեսաւ, ուր Եհովան կառքի մը վրայ էր, որ արագ շարժելով կրնար երթալ ուր որ ան ուզէր (Եզեկ. 1։4-28)։ Մօտ ատենէն, Քրիստոս եւ սուրբ հրեշտակները պիտի կործանեն այս չար աշխարհը, եւ այլեւս ո՛չ մէկը պիտի անարգէ Եհովայի անունը կամ քննադատէ իշխելու իր կերպը։ դ16.11 3։9, 10

Երկուշաբթի, փետրուար 19

Մէկզմէկ յորդորենք ու այնչափ աւելի՝ որչափ այն օրուան մօտենալը կը տեսնէք (Եբ. 10։25)։

Յիսուսի նախկին հետեւորդներուն նման, մէկտեղ կը հաւաքուինք որ սորվինք ու իրար քաջալերենք (Ա. Կոր. 14։31)։ Նոյնիսկ Աստուծոյ փորձառու ծառաները քաջալերութեան պէտք ունին։ Նկատի առ Յեսուն։ Երբ իսրայէլացիները Աւետեաց երկիրը մտնելու վրայ էին, Եհովան Յեսուն զատեց որ զիրենք առաջնորդէ։ Եհովան Մովսէսէն խնդրեց որ զինք քաջալերէ, հակառակ որ Յեսուն շատ տարիներ ծառայած էր Իրեն։ Եհովան ըսաւ. «Յեսուին պատուէր տալով զանիկա զօրացուր ու անոր սիրտ տուր. քանզի անիկա պիտի առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի այն երկիրը, որ դուն դիտեցիր» (Բ. Օր. 3։27, 28)։ Յեսուն պէտք ունէր քաջալերուելու, քանի որ եկող օրերուն՝ ազգը շատ մը պատերազմներ պիտի ունենար եւ առնուազն մէկ անգամ պիտի պարտուէր (Յես. 7։1-9)։ Մենք ալ այսօր կրնանք երէցները եւ շրջանային տեսուչները քաջալերել, քանի որ ծանր կ’աշխատին որ Աստուծոյ ժողովուրդին հոգ տանին (Ա. Թես. 5։12, 13)։ դ16.11 1։12, 13

Երեքշաբթի, փետրուար 20

Եկո՛ւր ու քեզի ցուցնեմ այն մեծ պոռնիկին դատաստանը, որ շատ ջուրերու վրայ կը նստի (Յայտ. 17։1)։

Աստուածաշունչի Աշակերտները հասկցան թէ բաւարար չէ որ միայն իրենց ազգականներուն, մտերիմ բարեկամներուն եւ եկեղեցիի անդամներուն ըսեն, որ այլեւս սուտ կրօնքին մաս չեն կազմեր։ Անոնք ուզեցին որ ամբողջ աշխարհը գիտնայ, թէ Մեծ Բաբելոնը կրօնական պոռնիկ մըն է։ Այս պատճառով, դեկտեմբեր 1917–էն մինչեւ 1918–ի սկիզբը, քանի մը հազար Աստուածաշունչի Աշակերտները նախանձախնդրօրէն բաժնեցին 10,000,000 թերթիկ, որոնց մէջ կար՝ «Բաբելոնին իյնալը» վերնագրով նիւթ մը։ Այդ թերթիկը համարձակօրէն պատռեց քրիստոնէական աշխարհին դիմակը։ Կրնաս երեւակայել որ կղերականները որքա՜ն բարկացած էին։ Բայց Աստուածաշունչի Աշակերտները շարունակեցին այս կարեւոր գործը ընել։ Անոնք իրենց միտքը դրած էին որ «առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց» (Գործք 5։29)։ Լաւ, ասիկա ի՞նչ կը ցուցնէ։ Ասիկա կը ցուցնէ թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, փոխանակ այս քրիստոնեայ տղամարդիկն ու կիները Մեծ Բաբելոնին գերի դառնալու, կ’ազատագրուէին անկէ եւ ուրիշներուն ալ կ’օգնէին որ ազատագրուին։ դ16.11 5։2, 4

Չորեքշաբթի, փետրուար 21

Մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները՝ հոգիին բաները (Հռով. 8։5)։

Ոմանք կը կարծեն որ Պօղոս կը խօսէր քրիստոնեայ չեղողներուն եւ քրիստոնեայ եղողներուն մասին։ Բայց ան այս նամակը կը գրէր քրիստոնեաներուն՝ «սուրբ ըլլալու կանչուածներուն» (Հռով. 1։7)։ Ուրեմն, թէ՛ ‘մարմնաւորապէս քալողները’ թէ ալ ‘հոգեւորապէս քալողները’ քրիստոնեայ էին։ Պօղոս ‘մարմնով ըլլալը’ կապեց «մեղքերու կրքեր»ուն հետ, որոնք իրենց «անդամներուն մէջ կը ներգործէին» (Հռով. 7։5)։ Ան բացատրեց թէ ‘մարմնաւորապէս ապրողները’ անոնք են, որոնք կը կեդրոնանան եւ կը հետեւին իրենց մեղաւոր ցանկութիւններուն, ընելով որեւէ բան որ կ’ուզեն։ դ16.12 2։5, 7

Հինգշաբթի, փետրուար 22

Երանի՜ անոր, որուն յանցանքներուն թողութիւն եղաւ (Սաղ. 32։1)։

Ատեններ, մէկու մը անցեալի սխալները մտահոգութիւն կը պատճառեն իրեն։ Դաւիթ թագաւոր երբեմն զգաց որ իր սխալները ‘իր գլուխէն վեր բարձրացան’։ Ան խոստովանեցաւ. «Սրտիս հեծութենէն մռնչեցի» (Սաղ. 38։3, 4, 8, 18)։ Դաւիթ այդ վիճակին մէջ ի՞նչ ըրաւ։ Ան վստահեցաւ Եհովային ողորմութեան եւ ներողամտութեան (Սաղ. 32։2, 3, 5)։ Ատեններ ալ այսօրուան վրայ մտահոգուած կ’ըլլաս։ Օրինակ՝ երբ Դաւիթ 55–րդ սաղմոսը գրեց, իր կեանքին վրայ կը վախնար (Սաղ. 55։2-5)։ Բայց ան չձգեց որ մտահոգութիւնը քանդէ Եհովային հանդէպ իր վստահութիւնը։ Ան Եհովային աղաչեց որ իրեն օգնէ իր խնդիրներուն մէջ, բայց միեւնոյն ատեն գիտէր որ պէտք է անձամբ բան մը ընէ (Բ. Թագ. 15։30-34)։ Դաւիթէն դաս մը սորվէ։ Փոխանակ հոգերուդ մէջ խեղդուելու, ամէն կարելիդ ըրէ որ խնդիրը լուծես, իսկ մնացածը Եհովային վրայ ձգէ, վստահ ըլլալով որ քեզի հոգ պիտի տանի։ դ16.12 3։14, 15

Ուրբաթ, փետրուար 23

Տէրոջը դէմ մեղք գործեցի (Բ. Թագ. 12։13)։

Դաւիթ Եհովայի մարգարէին՝ Նաթանին տուած սրբագրութիւնը ընդունեց։ Ան նաեւ Եհովային աղօթեց եւ իր մեղքերը խոստովանեցաւ, ցուցնելով թէ իրապէս կ’ուզէր Եհովային հաճութիւնը դարձեալ վայելել (Սաղ. 51։1-17)։ Ան իր սխալներէն սորվեցաւ, փոխանակ ձգելու որ իր յանցանքները իր ձեռքերը–ոտքերը կապեն։ Ան նոյն սխալները նորէն չըրաւ։ Տարիներ ետք, ան հաւատարիմ մեռաւ եւ Եհովան շատ լաւ կը յիշէ անոր հաւատարմութիւնը (Եբ. 11։32-34)։ Ի՞նչ կը սորվինք Դաւիթէն։ Եթէ լուրջ մեղք մը գործենք, պէտք է անկեղծօրէն զղջանք, մեր մեղքը Եհովային խոստովանինք եւ իրմէ ներում խնդրենք (Ա. Յովհ. 1։9)։ Նաեւ պէտք է երէցներուն հետ խօսինք, քանի որ անոնք կրնան հոգեւորապէս օգնել մեզի (Յակ. 5։14-16)։ Երբ Եհովային օգնութիւնը կ’ընդունինք, կը ցուցնենք թէ վստահ ենք որ ան մեզի պիտի ներէ ինչպէս որ խոստացած է։ Ասկէ զատ, լաւ կ’ըլլայ որ մեր սխալներէն սորվինք եւ շարունակենք վստահութեամբ ծառայել Եհովային (Եբ. 12։12, 13)։ դ17.01 1։13, 14

Շաբաթ, փետրուար 24

Յաւակնոտ արարքներէն ետ պահէ քու ծառադ (Սաղ. 19։13, ՆԱ)։

Յաւակնոտ արարքը ի՞նչ է։ Ինչպէս որ Սուրբ Գիրքին մէջ գործածուած է, յաւակնոտ ըլլալ կը նշանակէ՝ հպարտութեամբ կամ առանց համբերելու բան մը ընել, որ հեղինակութիւն չունինք ընելու։ Բոլորս ատեններ համեստութեամբ չենք վարուիր, քանի որ անկատար ենք։ Բայց ինչպէս որ Սաւուղին օրինակը կը ցուցնէ, եթէ ասիկա սովորութիւն դարձնենք, Եհովան մեզմով ուրախ պիտի չըլլայ։ Սաղմոս 119։21–ը Եհովային մասին կ’ըսէ. «Դուն սաստեցիր անիծեալ ամբարտաւանները»։ Ան ինչո՞ւ կը սաստէ։ Յաւակնոտ արարքները աւելի լուրջ են քան պարզ սխալները։ Ինչո՞ւ։ Առաջին, երբ համեստօրէն չվարուինք, Եհովան անարգած կ’ըլլանք, որ մեր Գերիշխանն է։ Երկրորդ, եթէ ընենք բաներ որ հեղինակութիւն չունինք ընելու, շատ հաւանաբար խնդիրի մէջ իյնանք ուրիշներու հետ (Առ. 13։10)։ Իսկ երրորդ, երբ ուրիշներ անդրադառնան թէ անհամեստ կերպով վարուած ենք, թերեւս ամօթ զգանք կամ գետնին տակը անցնինք (Ղուկ. 14։8, 9)։ Յաւակնոտ արարքներուն վերջը լաւ չէ։ Յստակ է թէ Եհովան կ’ուզէ որ միշտ համեստ ըլլանք։ դ17.01 3։4, 5

Կիրակի, փետրուար 25

Անոնք ապականեցան. անոնց արատը իր որդիներունը չէ (Բ. Օր. 32։5, ԱԾ)։

Ադամ անկատար դառնալով՝ չէր կրնար Աստուծոյ յատկութիւնները կատարելապէս ընդօրինակել։ Ան հոյակապ ապագայ մը կորսնցուց եւ իր սերունդին փոխանցեց անկատարութիւն, մեղք եւ մահ (Հռով. 5։12)։ Ան իր սերունդը զրկեց յաւիտենական կեանքէն։ Ասկէ զատ, Ադամն ու Եւան այլեւս չէին կրնար կատարեալ զաւակներ ունենալ, ոչ ալ զաւակները կրնային կատարեալ զաւակներ ունենալ։ Ադամն ու Եւան Աստուծմէ հեռացնելէ ի վեր, Սատանան նոյնպէս փորձած է բոլոր մարդիկը մոլորեցնել (Յովհ. 8։44)։ Սակայն մարդոց հանդէպ Աստուծոյ սէրը նոյնը կը մնայ։ Թէեւ Ադամն ու Եւան ըմբոստացան, բայց Եհովան կ’ուզէ որ մարդոց փոխյարաբերութիւնը իրեն հետ լաւ ըլլայ։ Ան չ’ուզեր որ մէկը մեռնի (Բ. Պետ. 3։9)։ Ասոր համար, ըմբոստութենէն անմիջապէս ետք, Աստուած առանց իր չափանիշները կտրելու կարգադրութիւններ ըրաւ, որ մարդիկ դարձեալ իր բարեկամները դառնան (Յովհ. 3։16)։ դ17.02 1։12-14

Երկուշաբթի, փետրուար 26

Խրատին մտիկ ընողներուն քով իմաստութիւն կայ (Առ. 13։10)։

Երբ ուրիշներուն մէջ լաւ բաները տեսնենք, աւելի համեստ պիտի դառնանք։ Ասիկա մեզի պիտի օգնէ որ անոնցմէ խրատ խնդրենք եւ անոնց գաղափարները ընդունինք, փոխանակ ամէն անգամ մարդոց ուշադրութիւնը մեր վրայ հրաւիրելու կամ մեր գործելակերպը ուրիշին պարտադրելու։ Անոնց հետ պիտի ուրախանանք երբ առանձնաշնորհումներ ստանան։ Եւ Եհովան պիտի փառաբանենք, մինչ կը տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կ’օրհնէ մեր եղբայրները ամբողջ աշխարհին մէջ (Ա. Պետ. 5։9)։ Ասկէ զատ, Սուրբ Գիրքին սկզբունքները մեզի կը սորվեցնեն թէ Եհովան ինչ կը զգայ եւ կը մտածէ։ Երբ սորվինք իր աչքով նայիլ հարցերուն, պիտի կարենանք զինք հաճեցնող որոշումներ առնել։ Մինչ կը սերտենք, կ’աղօթենք եւ մեր սորվածը կը գործադրենք, մեր խիղճը պիտի զօրանայ (Ա. Տիմ. 1։5)։ Պիտի սորվինք ուրիշը մեր անձէն առաջ դնել։ Եթէ մեզի ինկածը ընենք, Եհովան կը խոստանայ մեզի օգնել համեստ ըլլալու (Ա. Պետ. 5։10)։ դ17.01 4։17, 18

Երեքշաբթի, փետրուար 27

Աղէկ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին պատիւի արժանի թող սեպուին, մանաւանդ անոնք, որ կ’աշխատին խօսքը քարոզելով ու սորվեցնելով (Ա. Տիմ. 5։17)։

Մեր եղբայրներն ու քոյրերը վստահաբար արժանի են պատիւի ու յարգանքի, մանաւանդ առաջնորդութիւն առնողները, ինչպէս՝ երէցները, շրջանային տեսուչները, Մասնաճիւղի յանձնախումբի անդամները եւ Կառավարիչ մարմինի անդամները։ Մենք այս եղբայրները կը պատուենք, չնայած թէ ո՛ր երկրէն են, ի՛նչ ուսում առած են, ի՛նչ դիրք ունին կամ որքա՛ն դրամ ունին։ Անոնք բոլորն ալ Աստուծոյ ժողովուրդին կարիքները կը հոգան, եւ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ թէ ‘որպէս պարգեւներ տրուած տղամարդիկ’ են (Եփ. 4։8, ՆԱ)։ Առաջին դարու մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը պատուէին առաջնորդութիւն առնողները, եւ մենք ալ նոյնը կ’ընենք։ Զանոնք չենք աստուածացներ, ոչ ալ անանկ մէկ կը վարուինք որ հրեշտակներ կամ գերմարդկային են։ Բայց այսպիսի եղբայրներ կը յարգենք ու կը պատուենք իրենց թափած ջանքերուն եւ խոնարհութեան համար (Բ. Կոր. 1։23. Յայտ. 19։10)։ դ17.03 1։13

Չորեքշաբթի, փետրուար 28

Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Մէկէն զատ բարի չկայ, որ է Աստուած (Մար. 10։18)։

Յիսուս որքա՜ն տարբեր էր Հերովդէս Ագրիպպաս Ա.–էն, որ Հրէաստանի առաջնորդը եղաւ։ Անգամ մը՝ յատուկ ժողովի մը ընթացքին, Հերովդէս թագաւորական հանդերձ մը հագաւ, որ աչքի կը զարնէր եւ շատ սուղ էր։ Երբ մարդիկ զինք տեսան եւ իրեն մտիկ ըրին, պոռացին. «Ատիկա Աստուծոյ ձայն է, ո՛չ թէ մարդու»։ Հերովդէս յստակօրէն ինքզինք տեսաւ. իսկոյն «Տէրոջը հրեշտակը զանիկա զարկաւ, Աստուծոյ փառք չտալուն համար եւ որդնալից ըլլալով՝ մեռաւ» (Գործք 12։21-23)։ Յայտնի է թէ Եհովան Հերովդէսը չէր զատած որ առաջնորդ ըլլար։ Անդին, Յիսուս փաստեց թէ Աստուած զատած էր զինք, եւ միշտ Եհովան կը պատուէր որպէս Իր ժողովուրդին Գերագոյն Առաջնորդը։ Եհովան մտադրած էր որ Յիսուս քանի մը տարիէն աւելի Առաջնորդ ըլլայ։ Յիսուս իր յարութենէն ետք ըսաւ. «Ամէն իշխանութիւն ինծի տրուեցաւ երկնքի ու երկրի մէջ. . . Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը» (Մատ. 28։18-20)։ դ17.02 3։20, 21

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել