Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աք18 էջ 7-17
  • Յունուար

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յունուար
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
  • Ենթավերնագիրներ
  • Երկուշաբթի, յունուար 1
  • Երեքշաբթի, յունուար 2
  • Չորեքշաբթի, յունուար 3
  • Հինգշաբթի, յունուար 4
  • Ուրբաթ, յունուար 5
  • Շաբաթ, յունուար 6
  • Կիրակի, յունուար 7
  • Երկուշաբթի, յունուար 8
  • Երեքշաբթի, յունուար 9
  • Չորեքշաբթի, յունուար 10
  • Հինգշաբթի, յունուար 11
  • Ուրբաթ, յունուար 12
  • Շաբաթ, յունուար 13
  • Կիրակի, յունուար 14
  • Երկուշաբթի, յունուար 15
  • Երեքշաբթի, յունուար 16
  • Չորեքշաբթի, յունուար 17
  • Հինգշաբթի, յունուար 18
  • Ուրբաթ, յունուար 19
  • Շաբաթ, յունուար 20
  • Կիրակի, յունուար 21
  • Երկուշաբթի, յունուար 22
  • Երեքշաբթի, յունուար 23
  • Չորեքշաբթի, յունուար 24
  • Հինգշաբթի, յունուար 25
  • Ուրբաթ, յունուար 26
  • Շաբաթ, յունուար 27
  • Կիրակի, յունուար 28
  • Երկուշաբթի, յունուար 29
  • Երեքշաբթի, յունուար 30
  • Չորեքշաբթի, յունուար 31
Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր՝ 2018
աք18 էջ 7-17

Յունուար

Երկուշաբթի, յունուար 1

Պայքարեցէք հաւատքին համար (Յդ. 3, ԱԾ)։

Պէտք չկայ այլեւս սպասելու։ Երբ երիտասարդուհին կը տեսնէ թէ իր հայրը ողջ–առողջ վերադարձաւ պատերազմէն, քէֆ ընելով կը վազէ որ զինք դիմաւորէ, քանի որ մեծ յաղթանակ տարած է։ Սակայն հայրը փոխանակ իրեն հետ երգելու եւ պարելու, իր լաթերը կը պատռէ եւ կ’ըսէ. «Ո՜հ, աղջի՛կս, դուն զիս բոլորովին նկուն ըրիր»։ Ետքը ան կ’ըսէ բան մը, որ աղջկան կեանքը բոլորովին կը փոխէ, եւ ջուրը կը նետէ անոր երազները եւ յոյսը որ բնական կեանք մը ունենայ։ Բայց աղջիկը անմիջապէս իր հայրը կը քաջալերէ, որ Եհովային տուած իր խօսքը կատարէ։ Իր խօսքերը կը ցուցնեն իր մեծ հաւատքը։ Ան վստահ է որ Եհովան ի՛նչ որ ալ խնդրէ, իր լաւագոյն շահին համար է (Դատ. 11։34-37)։ Իր հայրը կը պարծենայ իրմով, քանի որ իր յօժարակամ ըլլալը Եհովան կ’ուրախացնէ։ Յեփթայէ եւ իր աղջիկը վստահեցան հարցերը ձեռք առնելու Եհովային կերպին, նոյնիսկ երբ ասիկա ընելը իրենց համար դժուար էր։ Անոնք համոզուած էին թէ կ’արժէ որեւէ զոհողութիւն ընել Աստուծոյ հաճութիւնը ունենալու համար։ դ16.04 1։1, 2

Երեքշաբթի, յունուար 2

Յոբին համբերութիւնը լսեցիք դուք եւ վերջը՝ Տէրոջը անոր ըրածը տեսաք (Յակ. 5։11)։

Եթէ բարեկամ մը կամ ընտանիքի անդամ մը նեղացուցիչ խօսք մը ըսելով սիրտդ ցաւցուց, կամ լուրջ հիւանդութեամբ մը բռնուած ես, կամ ալ սիրելի մը կորսնցնելուն ցաւը կը զգաս, կրնաս Յոբին օրինակէն մխիթարուիլ (Յոբ 1։18, 19. 2։7, 9. 19։1-3)։ Ան չյանձնուեցաւ, հակառակ որ չէր գիտեր իր տառապանքին պատճառը։ Ինչո՞ւ։ Ամէնէն առաջ՝ քանի որ «աստուածավախ» էր (Յոբ 1։1)։ Ան ուզեց թէ՛ լաւ օրերուն եւ թէ գէշ օրերուն մէջ Եհովան հաճեցնել։ Աւելին, Եհովան Յոբին օգնեց որ խոկայ այն հոյակապ բաներուն վրայ որ սուրբ հոգիով ստեղծած էր։ Ասիկա աւելի համոզեց զինք, որ Եհովան յարմար ժամանակին իր փորձութիւններուն վերջ պիտի դնէր (Յոբ 42։1, 2)։ Եւ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։ «Տէրը գերութենէ ազատեց Յոբը. . . նաեւ Տէրը Յոբին բոլոր ստացուածքին կրկնապատիկը տուաւ»։ Ան «ծերացած ու օրերը լեցուած մեռաւ» (Յոբ 42։10, 17)։ դ16.04 2։11, 13

Չորեքշաբթի, յունուար 3

Օձերու պէս խորագէտ եղէք եւ աղաւնիներու պէս միամիտ (Մատ. 10։16)։

Խորագէտ կ’ըլլանք՝ վտանգները սկիզբէն տեսնելով, եւ միամիտ կամ անմեղ կը մնանք՝ թոյլ չտալով որ այդ վտանգներուն պատճառաւ տեղի տանք։ Երբ քաղաքական նիւթեր բացուին, պէտք է զգոյշ ըլլանք։ Օրինակ՝ երբ Թագաւորութեան պատգամը կու տաս, ո՛չ գովէ ոչ ալ քննադատէ քաղաքական որոշ խումբ մը կամ կառավարիչ մը։ Տանտէրին հետ հասարակաց գետին մը հաստատէ, կեդրոնանալով խնդրին վրայ եւ ոչ թէ որեւէ քաղաքական լուծումի վրայ։ Ետքը, Աստուածաշունչէն ցուցուր որ Աստուծոյ կառավարութիւնը լման եւ վերջնականապէս պիտի լուծէ խնդիրը։ Եթէ միասեռական ամուսնութեան կամ վիժումի պէս նիւթեր բացուին, Աստուծոյ չափանիշները պաշտպանէ եւ բացատրէ թէ ինչպէ՛ս անոնց կը հետեւինք մեր կեանքին մէջ։ Այսպիսի խօսակցութիւններու ընթացքին, վերջին ծայր չէզո՛ք մնա քաղաքական գետնի վրայ։ Մենք կողմ չենք բռներ թէ ի՛նչ օրէնքներ պէտք է ելլեն կամ փոխուին, ոչ ալ ուրիշները կը ստիպենք որ մեր կարծիքին համաձայնին։ դ16.04 4։8, 9

Հինգշաբթի, յունուար 4

Գացէ՛ք. . . աշակերտեցէք (Մատ. 28։19)։

Պէտք է աշակերտենք, մկրտենք եւ սորվեցնենք, բայց ի՞նչ է առաջին բանը որ պէտք է ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Գացէ՛ք»։ Այս պատուէրին նկատմամբ Աստուածաշունչի ուսումնական մը ըսաւ. «Ամէ՛ն հաւատացեալի պարտականութիւնն է ‘երթալ’, կտրելով թաղեր կամ ովկիանոսներ» (Մատ. 10։7. Ղուկ. 10։3)։ Յիսուս իր աշակերտներէն ի՞նչ կ’ակնկալէր։ Ան կ’ուզէր որ անոնք առանձի՞ն քարոզեն, թէ ոչ՝ որպէս խումբ կազմակերպուած ըլլան։ Այս գործը կատարելու համար պէտք էր որ կազմակերպուած խումբ մը ըլլային, քանի որ անկարելի է որ մէկ անձ քարոզէ «բոլոր ազգերուն»։ Յիսուս ճիշդ ասիկա ըսել ուզեց, երբ իր աշակերտներուն ըսաւ որ «մարդոց որսորդ» ըլլան (Մատ. 4։18-22)։ Ան հոս չէր խօսեր մէկ ձկնորսի մասին, որ թել եւ խայծ կը գործածէ, մինչ նստած կը սպասէ որ ձուկը բռնուի։ Յիսուս կը խօսէր ուռկանով ձկնորսութիւն ընելու մասին, որուն մէջ ծանր աշխատանք կայ եւ ատեններ պէտք կ’ըլլայ որ շատ մը անձեր իրարու օգնեն (Ղուկ. 5։1-11)։ դ16.05 2։3, 4

Ուրբաթ, յունուար 5

Քու բոլոր սրտովդ Տէրոջը ապաւինէ եւ քու իմաստութեանդ մի՛ վստահիր։ Քու բոլոր ճամբաներուդ մէջ զանիկա ճանչցիր ու անիկա քու շաւիղներդ պիտի ուղղէ (Առ. 3։5, 6)։

Անձնական ուսումնասիրութիւնը պէտք է շատ կարեւոր տեղ մը գրաւէ մեր կեանքին մէջ, որպէսզի աւելի ծանօթանանք Եհովայի մտածելակերպին։ Երբ Աստուծոյ Խօսքը կը կարդանք կամ կ’ուսումնասիրենք, կրնանք հարցնել. ‘Կարդացածս ի՞նչ կը յայտնէ Եհովային, իր արդար ճամբաներուն եւ իր մտածելակերպին մասին’։ Պէտք է սաղմոսերգու Դաւիթի կեցուածքը ունենանք, որ երգեց. «Ո՛վ Տէր, քու ճամբաներդ ցուցուր ինծի, քու շաւիղներդ սորվեցուր ինծի։ Քու ճշմարտութեանդ մէջ ինծի առաջնորդէ ու սորվեցուր ինծի, քանզի դո՛ւն ես իմ փրկութեանս Աստուածը։ Ես քեզի կը սպասեմ ամէն օր» (Սաղ. 25։4, 5)։ Մինչ կարդացածիդ վրայ կը խոկաս, կրնաս այսպիսի հարցումներ հարցնել. ‘Ինչպէ՞ս կրնամ այս տեղեկութիւնը ընտանիքիս մէջ կիրարկել։ Ո՞ւր կրնամ կիրարկել զայն. տո՞ւնը, գործի՞ն մէջ, դպրո՞ցը, ծառայութեա՞ն մէջ’։ Հազիւ որ որոշենք թէ տեղեկութիւնը ո՛ւր կրնանք կիրարկել, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որոշել թէ ինչպէ՛ս կիրարկենք զայն։ դ16.05 3։9, 11

Շաբաթ, յունուար 6

Տեսուչը պէտք է անպարսաւելի ըլլայ (Ա. Տիմ. 3։2, ՆԱ)։

Եհովան տեսուչին որակումներու ցանկը տալով կը ցուցնէ, որ բարձր չափանիշներ կը պահանջէ այն տղամարդոցմէ որ ժողովքին հոգ կը տանին (Ա. Տիմ. 3։2-7)։ Ան անոնցմէ կ’ակնկալէ որ լաւ օրինակ ըլլան, եւ անոնցմէ հաշիւ կ’ուզէ թէ ինչպէ՛ս կը վարուին ժողովքին հետ, որ «իր Որդիին արիւնովը գնեց» (Գործք 20։28, ՆԱ)։ Եհովան կ’ուզէ որ ապահով զգանք անոնց հոգատարութեան տակ (Եսա. 32։1, 2)։ Ուստի որակումներու այս շարքը մեզի կը յիշեցնէ, թէ Եհովան իսկապէս շատ հետաքրքրուած է մեզմով։ Իրականութեան մէջ, բոլորս կրնանք այս որակումներէն օգտուիլ, քանի որ ատոնց մեծամասնութիւնը բաներ են որ Եհովան բոլոր քրիստոնեաներէն կը խնդրէ։ Օրինակ՝ բոլորս պէտք է դրամին եւ նիւթական բաներուն հանդէպ հաւասարակշռուած տեսակէտ ունենանք եւ հիւրասէր ըլլանք (Հռով. 12։13. Ա. Տիմ. 6։9, 10)։ Մինչ երէցները կը ջանան «հօտին օրինակ ըլլալ», կրնանք իրենցմէ սորվիլ եւ ‘իրենց հաւատքին նմանիլ’ (Ա. Պետ. 5։3. Եբ. 13։7)։ դ16.05 5։8-10

Կիրակի, յունուար 7

Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ (Առ. 4։23)։

Ո՞ր յատկութիւններէն պէտք է հեռու մնանք։ Ատոնց մէջ կան՝ անպատշաճ հպարտութիւնը, դիտմամբ կրկին անգամ մեղք գործելը եւ հաւատքի պակասը։ Ասոնց պատճառաւ մեր սիրտը կրնայ անհնազանդ եւ ըմբոստ դառնալ (Դան. 5։1, 20. Եբ. 3։13, 18, 19)։ Այս էր Յուդայի Ոզիա թագաւորին պարագան (Բ. Մն. 26։3-5, 16-21)։ Ան սկիզբը «Տէրոջը առջեւ ուղղութիւն ըրաւ» եւ «Աստուած կը փնտռէր»։ Բայց «երբ ուժովցաւ, անոր սիրտը հպարտացաւ», հակառակ որ իր ուժը Աստուծմէ էր։ Ան նոյնիսկ փորձեց տաճարին մէջ խունկ ծխել, ինչ որ քահանաներուն առանձնաշնորհումն էր։ Ետքը, երբ քահանաները իրեն դէմ կեցան, ան բարկացաւ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան Եհովային ձեռքով «կոտորած»ի հանդիպեցաւ՝ եւ մինչեւ կեանքին վերջը բորոտ մնաց (Առ. 16։18)։ Եթէ հպարտութենէն զգոյշ չըլլանք, մենք ալ կրնանք սկսիլ մենք մեզ սեպել թէ ուրիշէն լաւ ենք, եւ թերեւս նոյնիսկ Աստուածաշունչին խրատը մերժենք (Հռով. 12։3. Առ. 29։1)։ դ16.06 2։3, 4

Երկուշաբթի, յունուար 8

Սիրով իրարու ներողամիտ եղէք (Եփ. 4։2)։

Ի՞նչ կը զգաս քեզմէ շատ տարբեր մշակոյթ ունեցող եղբայրներու եւ քոյրերու հանդէպ։ Թերեւս անոնց լեզուն, հագուելաձեւը, բնաւորութիւնները եւ ուտելիքները քեզի համար նորութիւն են։ Այս անհատները կ’անտեսե՞ս եւ ժամանակդ կ’անցընե՞ս միայն անոնց հետ որ քեզի պէս են։ Ի՞նչ կը զգաս շրջանիդ երէցներուն հանդէպ, որոնք քեզմէ պզտիկ են կամ տարբեր ազգերէ ու մշակոյթներէ են։ Թոյլ կու տա՞ս որ այսպիսի բաներ վրադ ազդեն եւ ժողովքին միութեան վնասեն։ Ինչպէ՞ս կրնանք այդ դժուարութիւններէն հեռու մնալ։ Նկատի առ թէ Պօղոս ի՛նչ գործնական խրատ տուաւ Եփեսոսի քրիստոնեաներուն,– Եփեսոսը որ հարուստ քաղաք մըն էր, ուր տեսակ–տեսակ մարդիկ կային (Եփ. 4։1-3)։ Պօղոս նախ նշեց յատկութիւններ, ինչպէս՝ խոնարհութիւն, հեզութիւն, երկայնմտութիւն եւ սէր։ Ասոնք կը նմանին տունի մը սիւներուն, որոնք հաստատ կը պահեն զայն։ դ16.06 3։17, 18

Երեքշաբթի, յունուար 9

Նայեցէ՛ք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ (Ղուկ. 12։15)։

Սատանան կ’ուզէ որ Աստուծոյ տեղ դրամին ծառայ ըլլանք (Մատ. 6։24)։ Անոնք որոնք խելքերնին–միտքերնին աւելի բաներ ունենալ է, անիմաստ կեանք մը պիտի վարեն, ո՛չ աւելի, քանի որ անձնասիրաբար կ’ուզեն իրենց անձը գոհացնել։ Իսկ ասկէ աւելի գէշը, անոնք թերեւս յուսախաբ ըլլան, դրամական խնդիրներու մէջ թաղուին, կամ նոյնիսկ Եհովային եւ իր Թագաւորութեան հանդէպ իրենց հաւատքը կորսնցնեն (Ա. Տիմ. 6։9, 10. Յայտ. 3։17)։ Յիսուս ըսաւ որ «ուրիշ բաներու ցանկութիւններ»ը փուշերու պէս են, որ չեն ձգեր որ սերմը աճի եւ պտուղ տայ (Մար. 4։14, 18, 19)։ Այսօր ալ ժամանակը չէ որ ա՛լ աւելի նիւթական բաներ հաւաքենք, քանի որ երթալէն աւելի կը մօտենանք Սատանայի աշխարհի վերջին։ Պէտք չէ ակնկալենք որ մեզի հետ մեր ունեցած բաներն ալ ազատին մեծ նեղութենէն, որքան ալ արժէքաւոր ըլլան (Առ. 11։4. Մատ. 24։21, 22)։ դ16.07 1։5, 6

Չորեքշաբթի, յունուար 10

Մենք ամէնքս շնորհք առինք շնորհքի տեղ (Յովհ. 1։16)։

Օր մը, այգեպան մը առտու կանուխ շուկայ գնաց, որպէսզի իր այգիին համար գործաւորներ բերէ։ Գործաւորները համաձայնեցան իր առաջարկած գումարին եւ գործի գացին։ Բայց օրուան ընթացքին այգեպանը աւելի գործաւորներու պէտք ունեցաւ ու քանի մը անգամ շուկայ գնաց։ Ան բոլորին խօսք տուաւ որ իրենց իրաւունքը պիտի տայ։ Երբ իրիկուն եղաւ, ան գործաւորները հաւաքեց, որպէսզի իրենց վարձքը տայ։ Ան ամէնուն նոյն գումարը տուաւ, չնայած թէ լման օրը աշխատած էին կամ միայն մէկ ժամ։ Բայց լման օրը աշխատած գործաւորները գանգատեցան։ Այգեպանը անոնցմէ մէկուն ըսաւ. «Չէ՞ որ դուն ինծի հետ մէկ դահեկանի համաձայնեցար. ա՛ռ քուկդ ու գնա՛. կ’ուզեմ որ այս վերջինին քեզի տուածիս չափ տամ։ Միթէ ես իշխանութիւն չունի՞մ իմ բաներուս վրայ՝ ինչ որ ուզեմ ընելու. կամ թէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարերար եմ» (Մատ. 20։1-15)։ Յիսուսի այս առակը շատ յստակօրէն կը ցուցնէ Եհովային «շնորհք»ը (Բ. Կոր. 6։1)։ դ16.07 3։1, 2

Հինգշաբթի, յունուար 11

Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ. . . Գրէ՛, վասն զի այս խօսքերը ճշմարիտ ու հաւատարիմ են (Յայտ. 21։5)։

Որեւէ ժամանակէ աւելի կարեւոր է որ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզենք, քանի որ վերջը մօտ է (Մար. 13։10)։ Երբ կը քարոզենք, մեր միտքը պէտք է պահենք որ բարի լուրը աչքառու կը դարձնէ Եհովայի շնորհքը, ինչպէս նաեւ պէտք է մեր նպատակը ըլլայ Եհովան պատուել։ Ասոր համար, կարեւոր է որ մարդոց ըսենք թէ այն բոլոր օրհնութիւնները որ նոր աշխարհին մէջ պիտի վայելենք, Եհովայի շնորհքին շնորհիւ են։ Եւ կրնանք անոնց բացատրել որ երբ Քրիստոսի Թագաւորութիւնը իշխէ, մարդիկ փրկանքին բոլոր օգուտները պիտի ստանան եւ աստիճանաբար կատարեալ դառնան։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ստեղծուածները իրենք ալ ապականութեան ծառայութենէն ազատուելով, Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնին» (Հռով. 8։21)։ Ասիկա պիտի ըլլայ միա՛յն Եհովայի շնորհքին շնորհիւ։ դ16.07 4։17-19

Ուրբաթ, յունուար 12

Այրը թող իր կնոջ պարտքը վճարէ, նոյնպէս կինն ալ՝ իր էրկան (Ա. Կոր. 7։3)։

Թէեւ Սուրբ Գիրքը մասնայատուկ կանոններ չի դներ, թէ ամուսինն ու կինը ի՛նչ տեսակի սիրոյ արտայայտութիւններ կրնան ընել սեռային յարաբերութեան ատեն, բայց ատոր մէջ գրուած է այսպիսի գուրգուրանքի մասին (Երգ 1։2. 2։6)։ Քրիստոնեայ կողակիցները պէտք է իրարու հետ քնքշութեամբ վարուին։ Երբ Աստուծոյ եւ մեր ընկերին հանդէպ զօրաւոր սէր ունինք, չենք ձգեր որ որեւէ բան կամ անձ վտանգի տակ դնէ մեր ամուսնութիւնը։ Ոմանք պոռնկագրութեան մոլի ըլլալով իրենց ամուսնութիւնը տկարացուցած են կամ նոյնիսկ քանդած են։ Բացարձակապէս պէտք չէ թոյլ տանք որ պոռնկագրութիւնը կամ այլ տեսակի որեւէ անպատշաճ սեռային հետաքրքրութիւն մեզ հրապուրէ։ Նոյնիսկ պէտք չէ ընենք բան մը, որ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ թէ անլուրջ սիրախօսութիւն կ’ընենք մեր կողակիցը չեղող անհատի մը հետ։ Ասիկա սիրալիր չէ։ Երբ յիշենք թէ Աստուած գիտէ մեր բոլոր մտածումներն ու գործերը, աւելի զօրաւոր փափաք պիտի ունենանք որ զինք հաճեցնենք եւ մեր կողակիցին հաւատարիմ մնանք (Մատ. 5։27, 28. Եբ. 4։13)։ դ16.08 2։7-9

Շաբաթ, յունուար 13

Մենք ալ, այն օրէն երբ լսեցինք, չենք դադարիր ձեզի համար աղօթելէ ու խնդրանք մատուցանելէ, որպէս զի կատարեալ ըլլաք անոր կամքին գիտութիւնովը (Կող. 1։9)։

Ճշգրիտ գիտութիւն առնելով, կողոսացի քրիստոնեաները պիտի հասկնային, թէ ինչպէ՛ս կրնան ‘Տէրոջը արժանի կերպով քալել եւ ամէն բանի մէջ զինք հաճեցնել’։ Ասիկա նաեւ իրենց պիտի օգնէր որ Եհովային ուզած «բարի գործեր»ը ընէին, մանաւանդ բարի լուրը քարոզել (Կող. 1։10)։ Ուրեմն, եթէ մէկու մը հետ կը սերտենք, պէտք է իրեն օգնենք որ հասկնայ, թէ Սուրբ Գիրքը կանոնաւորաբար կարդալն ու սերտելը իրեն կ’օգնէ Եհովային ծառայելու։ Ասկէ զատ, պէտք է մե՛նք ատոր արժէքը ըմբռնած ըլլանք. պէտք է անձնապէս Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդանք եւ ատոր վրայ խոկանք։ Կրնաս դուն քեզի հարցնել. ‘Երբ տանտէրերը Սուրբ Գիրքին հակառակ կարծիք մը տան կամ դժուար հարցում մը հարցնեն, կարո՞ղ եմ Սուրբ Գիրքին հիման վրայ անոնց պատասխանել’։ Երբ ուրիշներուն պատմենք թէ Սուրբ Գիրքը սերտելով ինչպէ՛ս անձնապէս օգտուած ենք, անոնք կրնան քաջալերուիլ որ աւելի խոր կերպով սերտեն զայն, որպէսզի նման օգուտներ քաղեն։ դ16.08 4։3, 4

Կիրակի, յունուար 14

Մեր պատերազմը. . . երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ է (Եփ. 6։12)։

Շատ կարեւոր է որ ջանք թափենք որ չազդուինք այս աշխարհի ուսուցումներէն, փիլիսոփայութիւններէն եւ վնասակար սովորութիւններէն, ինչպէս՝ անբարոյութիւնը, ծխելը եւ չափազանց խմելն ու թմրեցուցիչ գործածելը։ Նաեւ պէտք է միշտ պայքարինք վհատութեան եւ մեր տկարութիւններուն դէմ (Բ. Կոր. 10։3-6. Կող. 3։5-9)։ Իրապէս կարելի՞ է որ այսպիսի զօրաւոր թշնամիներու յաղթենք։ Այո՛, բայց պայքարելով։ Պօղոս ինքզինք նմանցուց կռփամարտիկի, երբ ըսաւ. «Կը մրցիմ կռփամարտիկի մը պէս, որ օդը չի ծեծեր» (Ա. Կոր. 9։26, ՆԹ)։ Ճիշդ ինչպէս որ կռփամարտիկ մը կը կռուի իր հակառակորդին դէմ, մենք ալ պէտք է կռուինք մեր թշնամիներուն դէմ։ Եհովան Սուրբ Գիրքին, մեր հրատարակութիւններուն, ժողովներուն եւ համաժողովներուն միջոցաւ մեզ կը մարզէ եւ կ’օգնէ որ կռուինք։ Իսկ դուն քու կարգիդ, կը գործադրե՞ս ինչ որ կը սորվիս։ դ16.09 2։2, 3

Երկուշաբթի, յունուար 15

Քրիստոս չհաճեցուց ինքզինք (Հռով. 15։3, ԱԾ)։

Յիսուսին պէս, մեզի համար ալ պէտք է աւելի կարեւոր ըլլայ Աստուծոյ կամքը կատարելը եւ ուրիշներուն օգնելը, քան՝ անձնական յարմարութիւնները։ Այս պատճառով, պիտի չուզենք ունենալ այնպիսի հագուածք մը որ արգելք կ’ըլլայ որ մարդիկ մեր պատգամը մտիկ ընեն (Հռով. 15։2)։ Ծնողները պատասխանատուութիւն ունին, որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Սուրբ Գիրքի սկզբունքներուն հետեւիլ։ Անոնք պէտք է վստահ ըլլան որ իրենք եւ իրենց զաւակները կը ջանան Աստուած ուրախացնել՝ իրենց պատշաճ հագուածքով եւ յարդարանքով (Առ. 22։6. 27։11)։ Ծնողները լաւ օրինակ ըլլալով եւ սիրալիր ու գործնական ցուցմունքներ տալով՝ կրնան իրենց զաւակներուն սորվեցնել մեր սուրբ Աստուածը յարգել։ Ի՜նչ լաւ կ’ըլլայ, երբ ծնողներ իրենց պզտիկներուն սորվեցնեն, թէ ո՛ւր եւ ինչպէ՛ս կրնան գտնել յարմար հագուստներ։ Անոնք պէտք չէ պարզապէս իրենց սիրածը գնեն, հապա՝ Եհովա Աստուծոյ փառք բերող հագուստներ պէտք է զատեն։ դ16.09 3։13, 14

Երեքշաբթի, յունուար 16

Աշակերտը իր վարդապետէն մեծ չէ, իսկ ամէն կատարելապէս վարժուածը իր վարդապետին պէս կրնայ ըլլալ (Ղուկ. 6։40)։

Յիսուս մարդոց սրտին կը հասնէր, քանի որ կը սիրէր Եհովան, Իր Խօսքը եւ մարդիկը (Ղուկ. 24։32. Յովհ. 7։46)։ Այսպիսի սէր պիտի օգնէ ծնողներուն, որ իրենց պզտիկներուն սրտին հասնին (Բ. Օր. 6։5-8. Ղուկ. 6։45)։ Ուրեմն ո՛վ ծնողներ, Սուրբ Գիրքը եւ մեր հրատարակութիւնները լաւ սերտեցէք։ Ստեղծագործութեամբ հետաքրքրուեցէք եւ ատոր մասին յօդուածներ կարդացէք (Մատ. 6։26, 28)։ Այսպիսով, ձեր գիտութիւնը պիտի աւելնայ, Եհովան աւելի պիտի գնահատէք եւ աւելի պիտի կարենաք ձեր պզտիկներուն սորվեցնել։ Երբ սիրտդ Եհովային գիտութիւնով լեցուած ըլլայ, պիտի ուզես ատոր մասին խօսիլ ընտանիքիդ հետ։ Բայց ասիկա մի՛ ըներ միայն երբ ժողովներու նիւթերը կը պատրաստէք կամ ընտանեկան պաշտամունք կ’ընէք։ Ասիկա ո՛րեւէ ժամանակ ըրէ։ Ասկէ զատ, պզտիկներդ մի՛ ստիպեր որ այսպիսի բաներու մասին խօսին, հապա ամէնօրեայ խօսակցութիւններու մէջ անցուր այսպիսի նիւթեր։ դ16.09 5։6, 7

Չորեքշաբթի, յունուար 17

Անոնց տղաքը Եբրայերէն խօսիլը աղէկ չէին գիտեր (Նէ. 13։24)։

Մեր հոգեւոր առողջութիւնը վտանգի մէջ կ’ըլլայ, երբ Աստուծոյ Խօսքը օտար լեզուով չենք հասկնար։ Ք.Ա. հինգերորդ դարուն, Նէեմիան մտահոգուեցաւ երբ տեսաւ որ Երուսաղէմի մէջ կարգ մը պզտիկներ չէին կրնար եբրայերէն խօսիլ։ Եհովային եւ Իր ժողովուրդին հետ ունեցած իրենց փոխյարաբերութիւնը տկարացած էր, քանի որ չէին հասկնար Աստուծոյ Խօսքը (Նէ. 8։2, 8)։ Օտար դաշտի մէջ ծառայող կարգ մը ծնողներ անդրադարձած են, որ իրենց պզտիկները ճշմարտութեան մէջ պաղած են։ Ինչո՞ւ։ Երբ օտար լեզուով կարդանք, մեր կարդացածը մեր սրտին այնքան չ’ազդեր, որքան կ’ազդէ երբ կարդանք մեր լեզուով։ Ասկէ զատ, երբ չկրնանք օտար լեզուն լաւ խօսիլ, մտային եւ հոգեւոր գետնի վրայ շատ կը յոգնինք։ Ուրեմն, պէտք է ուշադիր ըլլանք որ հոգեւորապէս առողջ մնանք, մինչ զօրաւոր կը պահենք մեր փափաքը որ օտար դաշտի մէջ Եհովային ծառայենք (Մատ. 4։4)։ դ16.10 2։4-6

Հինգշաբթի, յունուար 18

Հաւատքը. . . չերեւցած բաներուն ապացոյցն է (Եբ. 11։1)։

Հաւատքը արժէքաւոր յատկութիւն մըն է եւ ամէն մարդ չունի զայն (Բ. Թես. 3։2)։ Բայց Եհովան հաւատք կու տայ բոլոր զինք պաշտողներուն (Հռով. 12։3. Գաղ. 5։22, 23, ՆԱ)։ Որքա՜ն շնորհակալ ենք Եհովայէն ասոր համար։ Եհովան իր սիրելի Որդին տուաւ որպէսզի ո՛վ որ անոր հաւատայ, իր մեղքերը ներուին։ Այսպիսով կարելի կը դառնայ որ մարդիկ Եհովայի բարեկամը ըլլան եւ յաւիտեան ապրին (Յովհ. 6։44, 66. Հռով. 6։23)։ Եհովան որքա՜ն ազնիւ է մեզի հետ։ Ան տեսաւ որ մենք կարողութիւնը ունինք որ լաւ բաներ ընենք, հակառակ որ մեղաւոր ենք եւ մեռնելու արժանի ենք (Սաղ. 103։10)։ Ան մեզի օգնեց որ բարի լուրը ճանչնանք։ Այսպիսով սկսանք Յիսուսին հաւատալ եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալ (Ա. Յովհ. 4։9, 10)։ դ16.10 4։1, 2

Ուրբաթ, յունուար 19

[Պօղոս] շատ խօսքերով զանոնք յորդորեց (Գործք 20։2)։

Իր նամակներուն մէջ, Պօղոս գովեց իր եղբայրները։ Ան անոնցմէ ոմանց հետ տարիներով ճամբորդած էր եւ գիտէր անոնց սխալները, բայց ան լաւ բաներ խօսեցաւ անոնց մասին։ Օրինակ՝ Պօղոս Տիմոթէոսին մասին ըսաւ որ ‘իր սիրելի որդին է ու Տէրոջմով հաւատարիմ’, եւ թէ ան ուրիշներուն պէտքերուն հոգ պիտի տանէր (Ա. Կոր. 4։17. Փլպ. 2։19, 20)։ Պօղոս Կորնթոսի ժողովքին գովեց Տիտոսը որպէս «իմ ընկերս եւ ձեր մէջ իմ գործակիցս» (Բ. Կոր. 8։23)։ Տիմոթէոսը եւ Տիտոսը որքա՜ն քաջալերուած ըլլալու էին, երբ լսեցին որ Պօղոս իրենց մասին ի՛նչ կը մտածէր։ Պօղոս եւ Բառնաբաս իրենց եղբայրները քաջալերելու համար իրենց կեանքը վտանգի տակ դրին ու դարձեալ գացին այն տեղերը, ուր վայրագ յարձակումի ենթարկուած էին։ Օրինակ՝ թէեւ անոնք խիստ հակառակութեան հանդիպած էին Լիւստրայի մէջ, բայց հոն վերադարձան, որպէսզի նորեկները քաջալերեն որ հաւատարիմ մնան (Գործք 14։18-21)։ Ետքը, Եփեսոսի մէջ, Պօղոսի դէմ ելաւ զայրացած ամբոխ մը, բայց ան բաւարար երկար մնաց որ իր եղբայրները քաջալերէ (Գործք 20։1)։ դ16.11 1։10, 11

Շաբաթ, յունուար 20

Մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած եղէք (Ա. Կոր. 1։10)։

Եհովան իր կազմակերպութեան երկրային մասին մէջ եղողները կ’առաջնորդէ եւ կը սորվեցնէ։ Ինչպէ՞ս։ Ան Քրիստոսը նշանակած է որպէս «եկեղեցիին գլուխը», իսկ Քրիստոս իր կարգին նշանակած է «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան», որպէսզի այս գործը կատարէ (Եփ. 5։23. Մատ. 24։45-47)։ Ճիշդ առաջին դարու կառավարիչ մարմինին պէս, այս ծառան իրապէս կը գնահատէ Սուրբ Գիրքը, քանի որ ատիկա Աստուծոյ Խօսքն է (Ա. Թես. 2։13)։ Սուրբ Գիրքը մեզմէ կը խնդրէ որ կանոնաւորաբար ներկայ ըլլանք ժողովներուն (Եբ. 10։24, 25)։ Ատիկա բոլորս կը քաջալերէ որ նոյն աստուածաշնչական ուսուցումներուն հաւատանք։ Ատիկա նաեւ մեզի կ’ըսէ որ Թագաւորութիւնը մեր կեանքին մէջ առաջին տեղը դնենք (Մատ. 6։33)։ Սուրբ Գիրքը նաեւ կը շեշտէ թէ մենք պարտականութիւն ունինք որ քարոզենք տունէ տուն, հանրային տեղեր եւ անպաշտօն կերպով (Մատ. 28։19, 20. Գործք 5։42. 17։17. 20։20)։ Աստուածաշունչը երէցներուն ուղղութիւն կու տայ որ կազմակերպութիւնը մաքուր պահեն (Ա. Կոր. 5։1-5, 13. Ա. Տիմ. 5։19-21)։ Ատիկա նաեւ կ’ըսէ որ բոլորս պէտք է ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս մաքուր մնանք (Բ. Կոր. 7։1)։ դ16.11 3։7, 8

Կիրակի, յունուար 21

Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս (Յայտ. 18։4)։

Համաշխարհային Ա. պատերազմէն տասնեակ տարիներ առաջ, Չարլզ Թէյզ Ռասըլ եւ իր ընկերակիցները անդրադարձան որ քրիստոնէական աշխարհը Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը չէր սորվեցներ։ Ասոր համար, անոնք մտքերնին դրին որ գործ պիտի չունենան սուտ կրօնքին հետ։ Նոյնիսկ 1879–ին, Սիօնի դիտարանը ըսաւ որ իւրաքանչիւր եկեղեցի որ կ’ըսէ թէ Քրիստոսին հաւատարիմ հարս է՝ բայց իրականութեան մէջ կառավարութիւններուն թիկունք կը կանգնի, իսկապէս մաս կը կազմէ Մեծ Բաբելոնին, որ Սուրբ Գիրքին կողմէ կը կոչուի պոռնիկ (Յայտ. 17։1, 2)։ Աստուածավախ տղամարդիկ եւ կիներ գիտէին թէ ի՛նչ պէտք է ընեն։ Անոնք չէին կրնար ակնկալել որ Աստուած զիրենք օրհնէ, եթէ շարունակէին սուտ կրօնքին թիկունք կանգնիլ։ Այս պատճառով, շատ մը Աստուածաշունչի Աշակերտներ իրենց եկեղեցիներուն նամակ գրեցին, ըսելով որ եկեղեցիէն կը քաշուին։ դ16.11 5։2, 3

Երկուշաբթի, յունուար 22

Հոգեւոր եղողները [կը մտածեն] հոգիին բաները (Հռով. 8։5)։

Հաւանաբար Հռովմայեցիս 8։15-17–ն կարդացած ես Յիսուսի մահուան Յիշատակատօնին առթիւ։ Այս համարները կը բացատրեն, թէ օծեալ քրիստոնեաները ինչպէ՛ս կը գիտնան թէ երկնային յոյսը ունին. սուրբ հոգին վկայութիւն կու տայ անոնց հոգիին հետ։ Այս գլուխը գլխաւորաբար գրուած էր օծեալներուն համար։ Անոնք «հոգին» կը ստանան որպէս անհատներ, որոնք ‘կը սպասեն որդեգրութեան, այսինքն իրենց մարմնին ազատութեան’ (Հռով. 8։23)։ Անոնք ապագային Աստուծոյ որդիները պիտի ըլլան երկնքի մէջ։ Եհովան անոնց մեղքերը ներած է փրկանքին հիման վրայ եւ զիրենք արդար սեպած է, որպէսզի կարենան իր որդիները ըլլալ (Հռով. 3։23-26. 4։25. 8։30)։ Բայց Հռովմայեցիս 8–րդ գլուխը նաեւ կը հետաքրքրէ երկրային յոյս ունեցողները, քանի որ Աստուած զիրենք ալ ձեւով մը արդար կը նկատէ։ Անոնք կրնան օգտուիլ անոր բովանդակած խրատէն, որ արդարներուն համար գրուած է։ դ16.12 2։1-3

Երեքշաբթի, յունուար 23

Հոգ մի՛ ընէք (Մատ. 6։34)։

Յիսուս ի՞նչ ըսել ուզեց։ Չի կրնար ըլլալ որ ան ըսել ուզեց թէ Եհովային ծառան բնա՛ւ պիտի չմտահոգուի։ Ան աշակերտներուն կ’օգնէր որ հասկնան, թէ խնդիրները չեն լուծուիր անտեղի կամ չափազանց մտահոգուելով։ Իւրաքանչիւր օր ունի իր դժուարութիւնները։ Ուրեմն, քրիստոնեաները պէտք չէ անցեալի կամ ապագայի հոգերը աւելցնեն այսօրուան հոգերուն։ Երբեմն քրիստոնեան անտեղիօրէն կը մտահոգուի, քանի որ կը մտածէ թէ ապագային ինչպիսի խնդիրներ կրնայ ունենալ։ Բայց պէտք չունիս մտահոգուելու բաներու վրայ, որոնց մասին ոչինչ գիտես։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ անգամներ՝ մեր կարծածին չափ գէշ բաներ չեն պատահիր։ Ասկէ զատ, չկայ պարագայ մը որ Աստուծոյ կարողութենէն վեր է։ Կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուած պիտի օրհնէ իր հաւատարիմ ծառաները եւ անոնց պիտի օգնէ որ գլուխ ելլեն անցեալի, այսօրուան եւ ապագայի նկատմամբ իրենց մտահոգութիւններուն հետ։ դ16.12 3։13, 16

Չորեքշաբթի, յունուար 24

Իմաստութիւնը խոնարհներուն հետ է (Առ. 11։2)։

Երբ Եհովան Սաւուղը զատեց որ թագաւոր ըլլայ, ան համեստ էր (Ա. Թագ. 9։1, 2, 21. 10։20-24)։ Բայց թագաւոր ըլլալէ ետք ան յաւակնոտ դարձաւ։ Անգամ մը, հազարաւոր փղշտացիներ եկան իսրայէլացիներուն դէմ պատերազմելու։ Սամուէլ մարգարէն Սաւուղին ըսած էր, որ պիտի գայ եւ Եհովային զոհ մատուցանէ։ Բայց առաջ որ Սամուէլ գայ, իսրայէլացիները իրենց վախէն սկսան Սաւուղը երեսի վրայ ձգել։ Սաւուղ անհամբեր դարձաւ եւ հաւանաբար մտածեց. ‘Պէտք է շուտով բան մը ընեմ’։ Ան անձամբ մատուցանեց զոհը, բայց հեղինակութիւն չունէր ասիկա ընելու։ Եհովան գոհ չմնաց իրմէ (Ա. Թագ. 13։5-9)։ Երբ Սամուէլ Գաղգաղա հասաւ, զինք յանդիմանեց։ Բայց Սաւուղ չէր կարծեր որ սխալ բան մը ըրած էր։ Ան փորձեց իր ըրածը արդարացնել եւ նոյնիսկ ուրիշին վրայ նետեց յանցանքը (Ա. Թագ. 13։10-14)։ Ատկէ ի վեր, Սաւուղ այսպիսի ուրիշ սխալներ ալ ըրաւ։ Այսպիսով, Եհովան զինք մերժեց որպէս թագաւոր (Ա. Թագ. 15։22, 23)։ Սաւուղին կեանքը լաւ սկսաւ բայց շատ գէշ վերջացաւ (Ա. Թագ. 31։1-6)։ դ17.01 3։1, 2

Հինգշաբթի, յունուար 25

Դաւիթը գտայ իմ սրտիս համեմատ մարդ (Գործք 13։22)։

Դաւիթ թագաւոր հաւատարիմ էր. հակառակ ասոր, ան սեռային յարաբերութիւն ունեցաւ Բերսաբէէի հետ, եւ ասիկա լուրջ մեղք մըն էր (Բ. Թագ. 11։1-21)։ Դաւիթ իր ըրածը չէր կրնար փոխել։ Եւ ան չէր կրնար փախչիլ իր սխալներուն հետեւանքներէն։ Ան նոյնիսկ կարգ մը հետեւանքներ պիտի քաշէր իր ամբողջ կեանքին ընթացքին (Բ. Թագ. 12։10-12, 14)։ Այս պատճառով, ան հաւատքի պէտք ունէր։ Ան պէտք էր վստահութիւն ունենար որ իրապէս զղջացած ըլլալով, Եհովան իրեն պիտի ներէր եւ օգնէր որ իր ըրածներուն հետեւանքներուն դիմանար։ Քանի որ անկատար ենք, բոլորս մեղք կը գործենք։ Կարգ մը մեղքեր ուրիշներէ աւելի լուրջ են, եւ ատեններ չենք կրնար մեր սխալները փոխել ու կը ստիպուինք հետեւանքները կրել (Գաղ. 6։7, 8)։ Բայց կը վստահինք Աստուծոյ խոստումին թէ եթէ զղջանք, ան մեզի պիտի օգնէ դժուար ժամանակներուն մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ դժուարութիւնները մեր պատճառաւ ըլլան (Եսա. 1։18, 19. Գործք 3։19)։ դ17.01 1։10-12

Ուրբաթ, յունուար 26

Մարդ չի կրնար գտնել այն գործը, որ արեւուն տակ կ’ըլլայ. վասն զի մարդ կ’աշխատի փնտռելու, բայց չի գտներ ու թէեւ իմաստունն ալ «Գիտեմ» ըսէ՝ գտնելու կարող չըլլար (Ժող. 8։17)։

Համեստ ըլլալը մեզի կ’օգնէ որ լաւ որոշումներ առնենք, նոյնիսկ եթէ լման չենք գիտեր թէ արդիւնքը ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Օրինակ, թերեւս կը մտածենք լիաժամ ծառայութեան սկսելու մասին։ Լաւ, ի՞նչ պիտի պատահի եթէ հիւանդանանք։ Ի՞նչ պիտի ընենք եթէ մեր ծնողքը հիւանդանայ ու մեր օգնութեան պէտք ունենայ։ Իսկ երբ ծերանանք, մեր անձին ինչպէ՞ս հոգ պիտի տանինք։ Որչա՛փ ալ աղօթենք կամ պրպտում ընենք, չենք կրնար այսպիսի հարցումներու լման պատասխանը գտնել։ Բայց եթէ Եհովային կը վստահինք, մեր սահմանափակումները պիտի ըմբռնենք եւ ընդունինք։ Պրպտում ընելէ, ուրիշներէն խրատ ուզելէ եւ աղօթքով առաջնորդութիւն խնդրելէ ետք, պէտք է Եհովայի հոգիին ուղղութեան հետեւինք (Ժող. 11։4-6)։ Եհովան կրնայ մեր որոշումները օրհնել, կամ ալ մեզի օգնել որ մեր ծրագիրները փոխենք (Առ. 16։3, 9)։ դ17.01 4։14

Շաբաթ, յունուար 27

Բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր (Ծն. 2։17)։

Ադամն ու Եւան որոշումի մը առջեւ էին. Եհովայի՞ն հնազանդին, թէ՞ օձին մտիկ ընեն։ Անոնք որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ (Ծն. 3։6-13)։ Աստուծոյ դէմ ըմբոստանալով, անոնք իրենց կատարելութիւնը կորսնցուցին։ Ասկէ զատ, անոնք Աստուծոյ թշնամի դարձան, քանի որ ան կ’ատէ անիրաւութիւնը։ Անոր աչքերը այնքա՛ն մաքուր են որ չեն կրնար չարութիւնը տեսնել (Ամբ. 1։13)։ Եթէ ան աչք գոցէր անոնց գործած մեղքին, թէ՛ երկնքի մէջ եւ թէ երկրի վրայ ապրող էակներուն խաղաղութիւնն ու միութիւնը վտանգի տակ պիտի ըլլար։ Ամէնէն կարեւորը, թէ՛ հրեշտակները եւ թէ մարդիկը պիտի կասկածէին որ Աստուած վստահելի է։ Բայց Եհովան իր չափանիշներուն հաւատարիմ է եւ բնա՛ւ չի կտրեր զանոնք (Սաղ. 119։142)։ Ադամին ու Եւային ըմբոստութեան հետեւանքը եղաւ, որ անոնք մահացան եւ հող դարձան, ուրկէ առնուած էին (Ծն. 3։19)։ դ17.02 1։8, 10, 11

Կիրակի, յունուար 28

Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ (Մատ. 4։4)։

Իր ծառայութեան սկիզբէն մինչեւ վերջ, Յիսուս թոյլ տուաւ որ Սուրբ Գրութիւնները ուղղեն զինք։ Նոյնիսկ երբ մեռնելու վրայ էր, ան Մեսիային մասին մարգարէութիւններ մէջբերեց (Մատ. 27։46. Ղուկ. 23։46)։ Բայց իր օրուան կրօնական առաջնորդները շատ տարբեր էին իրմէ։ Անոնք Աստուծոյ Խօսքը կ’անտեսէին, երբ իրենց աւանդութիւններուն համաձայն չըլլար։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքէն մէջբերելով անոնց մասին ըսաւ. «Այս ժողովուրդը միայն շրթունքներովը զիս կը պատուէ, բայց իրենց սիրտը հեռացած, զատուած է ինձմէ. ու պարապ տեղը զիս կը պաշտեն՝ մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն սորվեցնելով» (Մատ. 15։7-9)։ Յիսուս նաեւ Աստուծոյ Խօսքը գործածեց երբ ուրիշներուն կը սորվեցնէր։ Երբ կրօնական առաջնորդները կը փորձէին վէճեր բանալ իրեն հետ, ան իր իմաստութիւնը կամ փորձառութիւնը չէր գործածեր պատասխանելու համար։ Փոխարէն, ան Սուրբ Գրութիւններէն կը սորվեցնէր մարդոց (Մատ. 22։33-40)։ դ17.02 3։18, 19

Երկուշաբթի, յունուար 29

Ամէնքը պատուեցէ՛ք. . . թագաւորը յարգեցէ՛ք (Ա. Պետ. 2։17)։

Որպէս Եհովայի վկաներ, մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ կառավարական պաշտօնեաները պատուենք, նոյնիսկ երկրին սովորութիւններուն համաձայն։ Անոնց հետ կը համագործակցինք մինչ իրենց պարտականութիւնները կ’ընեն։ Բայց եթէ անոնք մեզմէ խնդրեն բան մը որ պիտի ձգէ որ Եհովային անհնազանդ գտնուինք, իրենց ուզածը չենք ըներ։ Այսպիսի պարագաներու, Եհովան կը պատուենք փոխանակ զիրենք պատուելու (Ա. Պետ. 2։13-16)։ Կրնանք Եհովայի անցեալի ծառաներէն սորվիլ կառավարութիւնները եւ իրենց պաշտօնեաները յարգել։ Օրինակ, երբ հռոմայեցիները ուզեցին գիտնալ թէ քանի հոգի կայ երկրին մէջ, Յովսէփն ու Մարիամը Բեթլեհէմ գացին որպէսզի արձանագրուին, հակառակ որ Մարիամ ուր է–ուր չէ պիտի ծննդաբերէր (Ղուկ. 2։1-5)։ Յետագային, երբ Պօղոսին մասին սուտեր խօսուեցան, ան յարգանքով ինքզինք պաշտպանեց եւ պատշաճ կերպով պատուեց Հերովդէս Ագրիպպաս թագաւորը եւ Փեստոսը, որ Հրէաստանի հռոմայեցի կառավարիչն էր (Գործք 25։1-12. 26։1-3)։ դ17.03 1։9, 10

Երեքշաբթի, յունուար 30

Այս բոլոր բաները. . . մեզի խրատ ըլլալու համար գրուեցան (Ա. Կոր. 10։11)։

Երբ իսրայէլացիները քանանացիներուն մեղաւոր ճամբաներուն հետեւեցան, անոնք Աստուծոյ հաճութիւնը եւ պաշտպանութիւնը կորսնցուցին (Դատ. 2։1-3, 11-15. Սաղ. 106։40-43)։ Այդ դժուար տարիներուն ընթացքին, աստուածավախ ընտանիքներուն համար որքա՜ն դժուար ըլլալու էր հաւատարիմ մնալ Եհովային։ Սակայն Աստուածաշունչը կը ցուցնէ թէ հաւատարիմ մարդիկ կայի՛ն, ինչպէս՝ Յեփթայէ, Եղկանա, Աննա եւ Սամուէլ, որոնք իրենց միտքը դրած էին Աստուած ուրախացնել (Ա. Թագ. 1։20-28. 2։26)։ Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ քանանացիներուն պէս կը մտածեն ու կը գործեն։ Անոնց կեանքը սեռային յարաբերութեան, բռնութեան եւ դրամին շուրջ կը դառնայ։ Եհովան մեզի յստակ զգուշացումներ կու տայ։ Ան կ’ուզէ մեզ պաշտպանել, ճիշդ ինչպէս որ ուզեց իսրայէլացիները պաշտպանել գէշ ազդեցութիւններէն։ Անոնց սխալներէն պիտի սորվի՞նք (Ա. Կոր. 10։6-10)։ Պէտք է մեր ամէն կարելին ընենք, որպէսզի աշխարհի մտածելակերպէն հեռու մնանք (Հռով. 12։2)։ Այս ուղղութեամբ ջանք թափա՞ծ ենք։ դ16.04 1։4-6

Չորեքշաբթի, յունուար 31

Հանճարեղ մարդը խոհեմութիւն կը ստանայ (Առ. 1։5)։

Եհովան լաւագոյն խրատները տուած է Սուրբ Գիրքին մէջ։ Ուրեմն, երբ կարեւոր որոշումներու առջեւ ըլլանք, լաւ կ’ըլլայ որ պրպտում ընենք եւ աղօթքով Եհովային առաջնորդութիւնը խնդրենք։ Ան կրնայ մեզի տալ պէտք եղած յատկութիւնները, որպէսզի իր կամքին համաձայն եղող որոշումներ առնենք։ Սովորութիւն դարձուր որ դուն քեզի հարցնես. ‘Այս որոշումը պիտի փաստէ՞ որ Եհովան կը սիրեմ։ Ատիկա ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն պիտի տա՞յ ընտանիքիս։ Եւ ատիկա պիտի ցուցնէ՞ թէ համբերող եւ ազնիւ եմ’։ Եհովան մեզ չի ստիպեր որ զինք սիրենք եւ իրեն ծառայենք։ Ան մեզի ազատ կամք տուած է եւ կը յարգէ մեր իրաւունքն ու պատասխանատուութիւնը, որ որոշենք թէ իրեն պիտի ծառայե՛նք կամ ոչ (Յես. 24։15. Ժող. 5։4)։ Բայց ան կ’ակնկալէ որ ընե՛նք ինչ որ որոշած ենք Սուրբ Գիրքին հիման վրայ։ Երբ հաւատք ունենանք Եհովային ուղղութիւններուն հանդէպ եւ գործադրենք այն սկզբունքները որ մեզի տուած է, պիտի կարենանք իմաստուն որոշումներ առնել եւ հաստատ մնալ մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ (Յակ. 1։5-8. 4։8)։ դ17.03 2։17, 18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել