Ինչպէ՛ս այս գրքոյկը գործածել
Յաջորդ էջերուն մէջ, իւրաքանչիւր օրուան համար պիտի գտնես համար մը եւ անոր մեկնաբանութիւնները։ Թէեւ համարը եւ մեկնաբանութիւնները որեւէ ատեն կրնան կարդացուիլ, սակայն շատեր նպաստաւոր գտած են՝ զանոնք առաւօտուն նկատի առնել։ Այսպէս, անոնք ամբողջ օրուան ընթացքին կրնան նշուած կէտերուն շուրջ խոկալ։ Համարը ընտանեօք քննարկելը շատ օգտակար է։ Աշխարհի տարածքին Բեթէլի ընտանիքը ասիկա կ’ընէ նախաճաշի ժամանակ։
Մեկնաբանութիւնները առնուած են Դիտարան–ի (դ) թիւերէն,– ապրիլ 2016–էն մարտ 2017։ Դիտարան–ի թուականին յաջորդող թուանշանները կ’ակնարկեն ուսումնասիրութեան յօդուածին (1, 2, 3, 4 կամ 5)։ Անոր կը յաջորդեն այն պարբերութիւնները, որոնք համարին տեղեկութիւնները կը բովանդակեն (տե՛ս վարի օրինակը)։ Նիւթին շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է գտնել յօդուածին մէջ։ Իսկ գիտնալու համար թէ իւրաքանչիւր յօդուած ո՛ւր կը սկսի, տե՛ս Դիտարան–ի երկրորդ էջը։